Home » May 27th, 2010Entries posted on “May, 2010”
Շաբաթ, 8 Մայիս 2010ի յետմիջօրէին, բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն, պատուոյ նախագահութեամբ Ճորճ Ժամկոչեանի:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Պարը հայկական մշակութային ինքնութեան բաղադրիչներից է:
May 27th, 2010
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան (ՉԺՀ) արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է մեկնաբանութիւն մը՝ ԼՂՀ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին: Չինաստանը պաշտօնապէս ոչ միայն խուսափած է գնահատականներ տալէ արցախցիներու ընտրական իրաւունքի իւրացման մասին, այլեւ վերահաստատած է իր դիրքորոշումը ԼՂ հիմնահարցին առնչութեամբ՝ պնդելով, որ խնդիրը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:
May 27th, 2010
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ, Մայիս 25ին հրաւիրուած աշխատանքային խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են քաղաքային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն վերաբերող շարք մը խնդիրներ:
May 27th, 2010
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Սիւնիքի մէջ իւրանիոմի պաշարներու շահագործումը կասեցնելու նպատակով, «Ազատամարտ» կոմիտէի նախագահ Խորէն Յարութիւնեան յայտնած է, թէ ինք, Կապանի շարք մը բնապահպանական հասարակական կազմակերպութիւններու եւ փորձագէտներու հետ միասին, պատրաստ է պայքարելու մինչեւ վերջ
May 27th, 2010
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Էմնըսթի Ինթըրնաշիընըլ» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան հրապարակած 2010ի զեկոյցի Հայաստանին վերաբերող բաժինով ըսուած է, թէ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար մեղաւորները, ինչպէս առաջ, պատասխանատուութեան չեն ենթարկուած: Խօսքի ազատութիւնը սահմանափակուած է:
May 27th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մայիս 5ին հողին յանձնուած է Հայկական Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի հիմնադիր Ռիչըրտ Քլոյեանը: Թաղման արարողութեան ընթացքին անոր իրագործումներուն մասին խօսեցաւ Ծովածոցի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռոքսան Մաքասճեան, իսկ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագրի վարիչ Ռաֆֆի Մոմճեան կարդացած ցեղասպանակագէտներու եւ հայագէտներու կողմէ յղուած ցաւակցական գիրերը:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ յստակացած են երկտարեկան թատերագրութեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» երկրորդ մրցանակի աւարտականին հասած երեք թատերագիրներուն անունները: Մրցանակակիրը, որուն անունը յայտնի պիտի դառնայ յառաջիկայ աշնան, պիտի ստանայ 10,000 տոլարի մրցանակ մը:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Քաղաքական գործունէութեան յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ամերիկահելենական խորհուրդը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան թեկնածու Մարսի Ուինոկրատի ընտրապայքարին, իր ձայնը միացնելով բազմաթիւ կազմակերպութեանց եւ քաղաքական գործիչներու:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
2009ի Նոյեմբերէն ի վեր, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը աշխատանք տարած է՝ քաղաքի հայ համայնքին մօտ 2010ի Միացեալ Նահանգներու մարդահամարին նկատմամբ հետաքրքրութիւն սերմանելու, միաժամանակ շեշտելով մարդահամարին մասնակցելու եւ հարցաթղթիկին վրայ հայ ըլլալու իրողութիւնը մատնանշելու կարեւորութիւնը:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Չորեքշաբթի, Մարտ 19ի կէսօրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան վերջերս ընտրուած վարչութեան անդամներուն։
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Փասատինայի տարեցներու միութեան Մայրերու օրուան նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Մայիս 6ին, Ֆութհիլ փողոցի վրայ գտնուող Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ 35 անդամներու:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Մայիս 15ին, Հարաւային ծովածոցի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ներկայացուցիչներու տան թեկնածու Մարսի Ուինոկրատի ընտրապայքարին ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, ուր կամաւորներ ինքնաշարժներ լուացին եւ ապա այցելեցին 160 բնակարաններ՝ թեկնածուին ի նպաստ քարոզչական աշխատանք տանելով, համայնքին ծանօթանցելով անոր նպատակները, իրագործումները ու շարք մը կարեւոր հարցերու նկատմամբ անոր որդեգրած դիրքորոշումը:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Taste of the World («Աշխարհի համը») խորագիրով մշակութային փառատօնը մեկնարկեց Հայաստանի ու հայկական մշակոյթին նուիրուած միջոցառումների շարքով:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Մայիս 15ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Փասատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարահանդէս՝ նուիրուած «Նոր Օր» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան 88րդ տարեդարձին:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 92րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Մայիս 30ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. պատարագի, տեղի պիտի ունենան Հանրապետական մաղթանք եւ հայկական եռագոյն դրօշի օրհնութիւն։
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղին «Պենքրոֆթ» գրադարանը վերջերս նուէր ստացած է Ուիլեըմ Սարոյեանի հարիւրաւոր գիրքերու, գծագրութեանց, նամակներու եւ այլ առարկաներու հոյակապ հաւաքածոն, զոր հաւաքուած էր Սարոյեանի զարմիկին՝ Ժագլին Ղազարեանի կողմէ:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
2010թ. Մայիս 2ին, նշուեց բանաստեղծ Վահրամ Հաճեանի ծննդեան 75ամեակը: Միջոցառումը հովանաւորել էր Հայաստանի հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոսը, եւ այն կազմակերպել էր Քալիֆորնիայի հայ գրողների միութիւնը:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Շամլեան» ազգային վարժարանի աւարտական՝ 8րդ դասարանի աշակերտների համար գեղեցիկ աւանդութիւն է դարձել, որ ամէն տարի, նախքան դպրոցն աւարտելը, այցելեն դպրոցին մերձակայ Հոնոլուլու պողոտայի վրայ գտնուող Ազգային առաջնորդարան, ուր «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ձեռամբ ստանում են Ս. հաղորդութիւն, եւ հոգեպարար պահեր են ունենում Ազգային առաջնորդարանի շրջափակում:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Յունիս 10ին, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ անջրպետի մէջ գտնուող «սեւ փոս»երու նուիրուած դասախօսական երեկոյ մը՝ առաջնորդութեամբ դոկտ. Վարուժան Կորճեանի:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Մայիս 15ին, Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Վանքուվըրի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած էին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի եւ Հայ կեդրոն՝ հանդիպում ունենալու ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քէնիի եւ անոր անձնակազմին հետ։
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարեց իր 52րդ ժողովը Նիւ Եորքի մէջ, Մայիս 13էն 15ին, նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի եւ հովանաւորութեամբ շրջանի երկու եկեղեցիներուն՝ Սուրբ Սարգիսի եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Չորեքշաբթի, Մայիս 19ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ բացուած Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան Դ. համագումարը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Իրանի Իսլամական հանրապետութեան միջեւ, Հինգշաբթի, Մայիս 20ի երեկոյեան եզրափակեց իր նիստերը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Մայիս 21ին եւ 22ին, Նիւ Եորքի եւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀԵԴն, իրենց ուժերը միացնելով Կիպրոսի իրաւանաց պաշտպան «Cyprus Action Network» կազմակերպութեան
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Օնթարիօ նահանգի Մարքըմ քաղաքի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը Մայիս 28, 2010ը հռչակած են Հայ ազգային օր, եւ որոշած են Ուրբաթ, Մայիս 28ին, քաղաքին «Էնթընի Ռոմըն Մարքըմ» քաղաքացիական կեդրոնին մէջ բարձրացնել Հայաստանի հանրապետութեան եռագոյն դրօշակը։
May 27th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըսի ժամով Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 10ին, Հայաստանի Հանրային հեռատեսիլը (Հ1) սփռեց երկու վաւերագրական հաղորդումներ, որոնք կը վերաբերէին մեր ազգային արժէքներուն:
Առաջինը, թէ որո՞նք յղացան եւ ինչպէ՞ս իրագործեցին Արամ Մանուկեանի գերեզմանին խաչքար կանգնեցնելու գաղափարը:
May 27th, 2010
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան էջերուն դժուար է գտնել 28 Մայիս 1918ի տարողութեամբ՝ ազգային–քաղաքական արժէքով եւ պատմական–գաղափարական նշանակութեամբ երկրորդ թուական մը, որ միաժամանակ թէ՛ խորհրդանշէ «հրաշափառ յարութիւն»ն
May 27th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ Թուրքիոյ զինուորական ուժերուն կողմէ աւանդութեան վերածուած գարնանային յարձակումները դարձեալ սկսած են, հակառակ քրտական հարցով Թուրքիոյ կառավարութեան խոստացած նոր քաղաքականութեան:
May 27th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Այս տարուան «Արմինիըն Տրամաթիք Արթս Ալայընս»ի (Armenian Dramatic Arts Alliance-ADAA) տարեկան 3րդ Պոսթընի Հայկական շարժապատկերի փառատօնին
May 27th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Բ.- Գլխաւոր օրինակներուն երկրորդը կարելի է քաղել ուսման ու կրթութեան բնագաւառէն
May 27th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Մեզմէ շատեր կը գանգատին այրուածքային ցաւէ մը, որ կեդրոնացած կ՛ըլլայ կուրծքի ստորին բաժնի կեդրոնը։ Այս բնականաբար կը պատահի երբեմն որոշ կերակուրներ ուտելէ ետք. երբ ան դառնայ մնայուն, արդար է, որ մտահոգուինք եւ դիմենք բժշկական խնամքի։
May 27th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Մայիս ամիսը յատկանշական է հայ ժողովուրդին համար՝ անկախութիւններու եւ յաղթանակներու իմաստով, իսկ համաշխարհային իմաստով՝ Մայրերու Տօնին առթիւ:
May 27th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
May 27th, 2010
| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »
«Լրագիր» լրատու գործակալութիւնը, երէկ, իր կայքէջին վրայ տեղ տուած է անստորագիր գրութեան մը, ուր հետաքրքրական խորհրդածութիւններ կատարուած են:
May 27th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 22-23ին, Նեւատա նահանգի Լաս Վեկաս քաղաքի հայ համայնքը ապրեցաւ յուզումնախառն ու պատմական օրեր՝ վկայ դառնալով սեփական կալուածի վրայ մշակութային կեդրոնի բացման արարողութեան եւ մօտիկ ապագային կառուցուելիք Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծրագրային աշխատանքին, նաեւ վայելելով «Համազգային»ի «Անի» պարախումբին ելոյթը։
May 27th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Մայիս 27ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնած է, թէ ներկայիս Ատրպէյճանը աւելի կը կոշտացնէ իր դիրքորոշումը՝ Ղարաբաղի հարցին մէջ ղեկավարուելով «ամէն ինչ կամ ոչին»չ սկզբունքով:
May 27th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Մայիս 27ին, ներկայութեամբ համակիրներու եւ հիւրերու, բացումը կատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին:
May 27th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թիֆլիսի հայկական խմբաւորումը համակարգող Առնոլտ Ստեփանեան Մայիս 27ին յայտնած է, թէ խմբաւորումը ոչինչ կրցած է ընել, որպէսզի հայերը ընդգրկուին Թիֆլիսի մէջ նոր ձեւաւորուող Քաղաքային խորհրդարանի կազմին մէջ:
May 27th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Սովորական, պատահական կամ ձեւական միասնականութեան մասին չէ խօսքը:
Անկարելի պայմաններու տակ յաղթանակ ապահովելու անհրաժեշտ, ուժական միասնութիւնն է, զոր կարելի է բնութագրել իբրեւ սարդարապատեան:
May 27th, 2010
| Posted in Խմբագրական | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, »Անատոլու«.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պուրաք Էօզիւկերկի Հինգշաբթի, Մայիս 27ին, ակնարկելով Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի
May 27th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթը իր Մայիս 22-28 թիւին մէջ անդրադարձած է սփիւռքներու փոխուող դերակատարութեանց, հասնելով այն եզրակացութեան, որ համացանցին ստեղծած կապուելու դիւրութիւնները նոր աշխուժութիւն մը բերած են ձուլուելու վտանգ դիմագրաւող շարք մը սփիւռքներու մէջ:
May 26th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Թուրքիա վերջերս որոշած է Ռուսիոյ, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Լիբանանի հետ այցագրերու դրութիւնը ջնջել՝ մտահոգութիւն յառաջացնելով Պրիւքսելի մէջ:
May 26th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը Յունիսի վերջերուն Իրանի դէմ կրնայ որդեգրել տնտեսական շարք մը պատժամիջոցներ, որոնք «պիտի ամբողջացնեն եւ ընդարձակեն» ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին սերտած պատժամիջոցները։
May 26th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիոյ ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարար Նիհաթ Էրկիւն յայտնեց, որ Անգարա պատրաստ է հարկաւոր օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի արաբական գործարարներու եւ թրքական ընկերութիւններու միջեւ յարաբերութիւններ հաստատուին ու զարգանան, նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ արաբական ներդրումներուն դիմաց «դուռը լայնօրէն բաց է»։
May 26th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նազիկ Արմէնակեան՝ «Արմինիանաու»ի ֆոթոթղթակիցը, նոյն գործակալութեան կայքէջին մէջ կը գրէ.
May 26th, 2010
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մայիս 26ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Հասարակական ապահովութեան պետական ծառայութեան պետ Վազգէն Խաչիկեան յայտնած է, թէ Հայաստանի կառավարութեան որոշումին համաձայն, այս տարուան Նոյեմբերին կենսաթոշակները պիտի վճարուին 2500 դրամի (վեց տոլար) յաւելումով
May 26th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մայիս 25ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Պոսթընի Ս. Ստեփանոսի ազգային վարժարանի խումբ մը ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, որոնց հետ զրոյցի ընթացքին կարեւոր համարած է երիտասարդ հայրենակիցներուն Արցախ այցելութիւնները
May 26th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մայիս 22ին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան եւ ՀՀ ռազմական արդիւնաբերական ոլորտի ձեռնարկութիւններու ղեկավար կազմի համատեղ խորհրդակցութիւնը։
May 26th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգ. վարչութիւնը կը գուժեն Գառնիկ քհնյ. Տէրտէրեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, Մայիս 24ի գիշերը։
Քահանայ հայրը տասնամեակներու ծառայութիւն ունեցած է Ատրպատականի Հայոց թեմին մէջ։ Հանգստեան կոչուելէ ետք, վերջին տարիներուն, ան հաստատուած էր Լոս Անճելըս։
May 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կրեկ Գրիգորեան վերջերս երրորդ անգամ ըլլալով Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ ընտրուեցաւ 2010-2010 դպրոցական տարեշրջանին համար:
May 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Մայիսի 18ին, Լոս Անճելըսում Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարանը մեծարման երեկոյ էր կազմակերպել վենեզուելլացի աշխարհահռչակ երաժիշտ Փետրօ Էուստաչէի պատուոյն:
May 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ապրիլ ամիս մը եւս ապրեցաւ հայ ժողովուրդը եւ անգամ մը եւս յիշեց տխուր անցեալը՝ մղկտաց հին ցաւերով, սակայն խայտաց անոր սիրտը, ի տես հազարաւոր երիտասարդներու՝ իր նոր սերունդներուն, որոնք ի սփիւռս աշխարհի վերանորոգեցին իրենց հայ ապրելու ուխտը, հայութիւնը պահելու կամքը։
May 26th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնէն Մինաս Լուռեան կը տեղեկացնէ, թէ յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Երկուշաբթի, Մայիս 24ին իր հոգին աւանդած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ եւ տասնամեակներու դպրապետ Վրթանէս վրդ. Ուլուհոճեան:
May 26th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Աթէնքի «Պենաքի» թանգարանին մէջ կը շարունակէ գործել պոլսահայ հանրածանօթ լուսանկարիչ Արա Կիւլերի գործերուն ցուցահանդէսը:
May 26th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Օգոստոս 17ին, Աթէնքի Թերավայպ Փարք (Terravibe park) ամառնային համերգներու վայրէն ներս, երաժիշտ Սերժ Թանքեան ելոյթ պիտի ունենայ՝ ներկայացնելով իր վերջին՝ «Elect the dead» գործը:
«Սիսթըմ աֆ է Տաուն» ռոք երաժշտական խումբի երգիչին ելոյթը կը սպասուէր Յունաստանի մէջ հայ թէ յոյն իր բազմահարիւր համակիրներուն կողմէ:
May 26th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Մայիս ամիսը Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ յատկանշական ամիս մըն է. Մայիսին է, որ պատմական շարք մը իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են ինչպէս անկախացում, ազատագրում, հանրապետութեան վերատիրանալ… որոնց ընդհանրական իմաստը յաղթանակն է:
May 26th, 2010
| Posted in Մշակոյթ, Յօդուածներ | Read More »
Կարեւոր ու անկիւնադարձային քայլ առաւ Արեւմտեան թեմի երեսփոխանական վերջին ժողովը, երբ Ազգային վարչութեան կազմի անդամ ընտրեց կին մը՝ յանձինս Ռիմա Պօղոսեանի: Նորընտիր Ազգային վարչութիւնը այդ քայլը քիչ մը եւս յառաջ տարաւ՝ ընտրելով կին մը, դարձեալ յանձինս Ռիմա Պօղոսեանի, իբրեւ դիւանի ատենապետ:
May 26th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմէն ստացած ենք հաղորդագրութիւն մը, ուր կը յայտնուի, որ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 38րդ նստաշրջանին (14 եւ 15 Մայիսին) ընտրուած Կրօնական ժողովի
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ վերջերս առնուած կարգ մը քայլեր կը փաստեն, թէ որոշ շրջանակներու մէջ խօսքի ազատութեան ոլորտէն ներս յառաջացում արձանագրուած է։ Այս մասին փաստ մըն է փաստաբան Մետենի Այհանի դատավարութենէն ետք արձակուած վճիռը։
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ անցնող շաբաթավերջին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած օտար դէտերուն Ատրպէյճան մուտքը արգիլուած է Պաքուի իշխանութեանց կողմէ, Չորեքշաբթի, Մայիս 26ին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Անտրես ֆոկ Ռասմուսեն յայտնած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ ՆԱԹՕ դեր չի խաղար, այլ, ըստ անոր, այդ աշխատանքով կը զբաղի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը:
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Սպիտակ տունը Երեքշաբթի, Մայիս 25ին հաստատեց անցեալ շաբաթ բացայայտուած այն տեղեկութիւնը, թէ իր հակահայ եւ ատրպեճանամէտ դիրքորոշումներով ծանօթ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Սպիտակ տունը Երեքշաբթի, Մայիս 25ին հաստատեց անցեալ շաբաթ բացայայտուած այն տեղեկութիւնը, թէ իր հակահայ եւ ատրպեճանամէտ դիրքորոշումներով ծանօթ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի նախկին համանախագահ Մեթիու Պրայզա նշանակուած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան: Անոր նշանակումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ: Պրայզա ներկայիս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ է։
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ վերջերս առնուած կարգ մը քայլեր կը փաստեն, թէ որոշ շրջանակներու մէջ խօսքի ազատութեան ոլորտէն ներս յառաջացում արձանագրուած է։ Այս մասին փաստ մըն է փաստաբան Մետենի Այհանի դատավարութենէն ետք արձակուած վճիռը։
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ Ասթանայի մէջ, Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարբայեւի հետ իր համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան։
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Իրանի մէջ ուսանող ատրպէյճանցի ուսանողներ Չորեքշաբթի, Մայիս 26ին կոչ ըրած են Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատին, որ կապերը խզէ «յարձակողապաշտ եւ տասնեակ հազարաւոր իսլամներ սպաննած, իսլամական յուշակոթողներ քանդած ու Ատրպէյճանի հողերը բռնագրաւած» Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ:
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մէջ անցնող շաբաթավերջին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն հետեւած օտար դէտերուն Ատրպէյճան մուտքը արգիլուած է Պաքուի իշխանութեանց կողմէ, Չորեքշաբթի, Մայիս 26ին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
May 26th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Եւրոպայի տնտեսական ճգնաժամին շուրջ ստեղծուած մտավախութիւնները, եուրոյի արժեզրկումը, միջդրամատնային վարկերու տոկոսին աճը եւ սպանական դրամատուներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները
May 25th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ռուսական լրատուական միջոցներ կը հաղորդեն, թէ Երեքշաբթի, Մայիս 25ին, Անթալիոյ մէջ զբօսաշրջային փոխադրակառքի արկածի մը հետեւանքով մահացած են 16 ռուս զբօսաշրջիկներ, իսկ 25 ուրիշներ՝ վիրաւորուած:
May 25th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Երկուշաբթի, Մայիս 24ին այցելեց Սպիտակ տուն, ուր ան ընդունուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ։
May 25th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Մայիս 25ին տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին, ճարտարապետական խումբի ղեկավար, ճարտարապետ Լեւոն Վարդանեան յայտնած է, թէ նշեալ օրը յստակացած է նախկին «Երիտասարդական պալատ»ի փոխարէն՝ հիւրանոցային նոր համալիր կառուցելու նպատակով յայտարարուած միջազգային մրցոյթին յաղթողը, որ ճափոնական «Արայ արքիթեքս» ընկերութիւնն է
May 25th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մայիս 25ին, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան ժամանակակից արուեստի եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան պետի տեղակալ Կարօ Վարդանեան յայտնած է, թէ կազամկերպման ընթացքի մէջ է հայ գրող, թարգմանիչ, բանասէր Խաչիկ Դաշտենցի 100ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւններու շարքը
May 25th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 38րդ նստաշրջանը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Մայիս 14-15ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ հիւրընկալութեամբ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Ազգ. երեսփոխանական ժողովի անդամներուն
May 25th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարարութեան հրաւէրով, աշուղական երգերու յայտնի մեկնաբան, իր կարգին բազմաթիւ երգերու հեղինակ Լեւոն Գաթրճեան Մայիս 30ին կը մեկնի Արցախ, ուր ան ելոյթներ պիտի ունենայ հանրապետութեան տարբեր շրջաններու մէջ:
May 25th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Համաձայն Իրաքի հայոց թեմի կանոնագիրին, որ ճշդուած եւ վաւերացուած է պետութեան կողմէ, իրաքահայ համայնքի վարչական գործերը կը վարէ եօթը անձերէ բաղկացած վարչութիւն մը, որ կ՛ընտրուի ուղղակի ժողովուրդին կողմէ՝ չորս տարուան համար։
May 25th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Մայիս 17-20, Ժընեւի Միջ-եկեղեցական կեդրոնատեղիին մէջ, Նարեկ եպս. Ալեէմէզեան (Վարիչ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու) մասնակցեցաւ երեք միջ-եկեղեցական կարեւոր ժողովներու։
May 25th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 70ամեակի զոյգ առիթներով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն մասին հանրութիւնը իրազեկ դարձնելու նպատակով, Ուրբաթ, Մայիս 21ի երեկոյեան, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։
May 25th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
1970ին, ՀՕՄի մեծ ընտանիքը, աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ արժանավայել կերպով տօնեց իր հիմնադրութեան 60ամեակը:
May 25th, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Վերջին քանի մը օրերուն, մեր՝ հայկական դիւանագիտական-քաղաքական բերդէն ներս քանի մը կոլեր արձանագրուեցան։
May 25th, 2010
| Posted in Օրը Օրին | Read More »
ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Մայիս 25ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է վերջին օրերու քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններէն՝ Եւրոխորհրդարանի 2216 բանաձեւին։
May 25th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անցեալ Կիրակի օրուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն տեղւոյն վրայ հետեւող Սլովաքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանթիշեք Միլոշկօ երէկ, Երեւանի «Հայելի» ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ նոյնսիկ Եւրոպայի մէջ Արցախի նման արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ չեն կատարուիր:
May 25th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ըստ «Interfax» գործակալութեան, Մայիս 24ին ՄԱԿի ներկայացուցիչ, բռնի տեղահանուածներու եւ փախստականներու հարցերով գլխաւոր քարտուղարի օգնական Վալթեր Կալին, Պաքուի մէջ յայտարարած է,
May 25th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, երէկ, Պելճիքա կատարած իր աշխատանքային այցի առաջին օրը, հանդիպած է ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի հետ՝ քննարկելով Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան առնչուող եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
May 25th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հայաստանի Զինուած ուժերու (ԶՈւ) զինանոցին մէջ կան 15 անօդաչու ռազմական օդանաւեր, որոնց կառավարումը կ՛իրականացուի 5 շարժական կայաններէ:
May 25th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Վերջին շրջանում հասարակութեան բուռն քննարկման առարկայ է դարձել «լեզուի մասին» օրէնքում կառավարութեան կողմից առաջարկուող փոփոխութիւնները:
May 25th, 2010
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Անցեալ տարի Նիւ Ճըրզիի մէջ ձերբակալուեցաւ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող րաբբի Լեւի Իցհաք Ռոզընպաումը, մարդկային օրկաններու առեւտուրով եւ ապօրինի միջոցներով գոյացուած գումարներ մաքրագործելու յանցաքով: Անոր հետ ձերբակալուեցան 44 ուրիշներ, ներառեալ՝ Նիւ Ճըրզիի նահանգային խորհրդարանի երկու անդամներ եւ քանի մը այլ րաբբիներ:
May 25th, 2010
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Ուրբաթ, Մայիս 21ին, թրքական «Ռատիքալ» թերթին մէջ Օսման Պեքլէյենի ստորագրութեամբ կը կարդանք, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատերուն նշանաւոր քանդակները վաւերագրական աղբիւր դարձած են տեսակը սպառած անասուններու ուսումնասիրութեան համար։
May 24th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Շաբաթ, Մայիս 22ին, «Պոյինկ 737-800» տիպի օդանաւ մը վայրէջքի ընթացքին ջախջախուեցաւ հարաւային Հնդկաստանի մէջ, պատճառելով 158 զոհ, մինչ ութ ճամբորդներ փրկուեցան։
Օդանաւին «սեւ տուփ»երը արդէն իսկ գտնուած են օդանաւին բեկորներուն մէջ։
May 24th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Շաբաթ եւ Կիրակի, Մայիս 22-23ին, Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կայացած ընդհանուր ժողովը հարուստ էր քաշքշուքներով ու ներկուսակցական լուռ պայքարներով։
May 24th, 2010
| Posted in Լուրեր, Միջազգային | Read More »
Մայիս 24ին կայացած Ազգային ժողովի նիստին, Գեղարքունիքի մարզպետ Նուէր Պօղոսեան յայտարարած է, թէ Սեւանայ լիճի ջուրին մակարդակը կը բարձրանայ՝ դժուարացնելով շարք մը աշխատանքներու իրականացումը:
May 24th, 2010
| Posted in Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Տեղեկատուական գիտարուեստներու հայ-հնդկական կեդրոնի ծիրէն ներս՝ IT հայաստանեան մասնագէտները 6 ամիսով վերապատրաստութեան պիտի մեկնին Հնդկաստան
May 24th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ջանքերով եւ Ֆրանսայի Օ-տը-Սենի նահանգային խորհուրդի նիւթական աջակցութեամբ, վերակառուցուած է Խաշթառակ-Լուսահովիտ-Դիտաւան ջրագիծը, որ երկարած է 500 մեթրով՝ լուծելով երեք համայնքներու աւելի քան 600 հեքթար հողերու ոռոգման խնդիրը:
May 24th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի ընկերութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Եւրոխորհրդարանի ընդունած բանաձեւը շարունակութիւնն է այն նոյն գործընթացին, զոր կ՛իրականացնէ Ատրպէյճանը՝ փորձելով Մինսկի գործընթացին զուգահեռ այլ գործընթացներ իրականացնելու միջոցով կանխել իրեն համար ոչ ձեռնտու զարգացումները:
May 24th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանը եւս յիշեց Ապրիլեան նահատակները։ Ապրիլ ամսուան մէջ դպրոցիս մէջ հայերէնի դասապահերուն եւ մատրան մէջ խօսուեցաւ Մեծ Եղեռնի մասին։
May 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կլենտէյլէն Ճան Շիրաճեան տիրացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային մարմիններուն 2009-2010 տարեշրջանի ուսողութեան եւ գիտութեան մարզի լաւագոյն ուսուցիչի մրցանակին:
May 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքին ու Հայ ուսանողական միութեան պաշտօնաթերթին՝ «Հայ Շարժում»ին մէջ, Էվլին Տեմիրճեան կը գրէ, թէ վերջերս ուշադրութիւն սկսած է գրաւել Լոս Անճելըսի մէջ կազմուած նոր երաժշտական խումբ մը՝ «Armenian Space Station»ը
May 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԴՀԿ Հայ ամերիկեան խորհուրդը որոշած է Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհուրդարանի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութեանց թեկնածու Մայք Կաթոյի ի նպաստ դիրքորոշուիլ, Յունիս 8ին կայանալիք ընտրութեանց սեմին:
May 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կլենտէյլի Հայ Դատ յանձնախումբը կազմակերպած է Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուդի նորընտիր անդամ Փօլ Գրիգորեանի հետ ընթրիք-զրոյց մը, որու ընթացքին Գրիգորեան պիտի խօսի տեղականէն մինչեւ դաշնակցային մակարդակի հանրային սպասարկութեան մարզին մէջ պաշտօնավարելու կարելիութեանց մասին:
May 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըսի Մխիթարեան վարժարանը եւ Մխիթարեան միաբանութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Լինսի» հիմնարկութեան, 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանին վարժարանին յատկացուցած 135 հազար տոլարի կրթաթոշակի նուիրատուութեան համար:
May 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Չորեքշաբթի, Մայիս 19ի երեկոյեան, Մոնոյի «Սեն Ժոզեֆ» եկեղեցւոյ սրահը Հայոց Ցեղասպանութենէն ամէն տեսակի «վերապրող»ներու՝ անհատներու, իրերու, լուսանկարներու, ձեռագործներու հետ ժամադրութեան վայր էր: Հայկական պղնձեայ անօթներ, ձեռագիրներ, սափորներ,
May 24th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »