Home » August 31st, 2010Entries posted on “August, 2010”

Ասորիներու Ցեղասպանութեան Նոր Յուշարձանը Կը Պղծուիի Սիտնիի Մէջ

Ասորիներու Ցեղասպանութեան Նոր Յուշարձանը Կը Պղծուիի Սիտնիի Մէջ

Սիտնի քաղաքին մէջ անծանօթ անձեր յարձակում գործած են վերջերս տեղադրուած ասորիներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին դէմ։ Սակայն, յուշարձանին վրայ զետեղուած գրութիւնն ու պատկերը ցոյց կու տան, թէ ատիկա թուրքերուն գործն է։
Թրքական «Ռատիքալ»« օրաթերթը կը հաղորդէ, որ յուշակոթողին վրայ գծած են Թուրքիոյ դրօշակը եւ գրած «ասորի շուներ»։

August 31st, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Իրաք Գերիշխան Եւ Անկախ Է»

«Իրաք Գերիշխան Եւ Անկախ Է»

Իրաքի ընթացաւարտ վարչապետ Նուրի Մալիքի յայտնեց, որ Երեքշաբթի, Օգոստոս 31ին, ամերիկեան ուժերու մարտական առաքելութեան աւարտով վերականգնած է Իրաքի գերիշխանութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Իրաք, հակառակ քաղաքական անել կացութեան եւ բռնարարքներու շարունակութեան, վերագտած է իր անկախութիւնը:

August 31st, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ապպաս Ուաշինկթընէն Աւելի Աշխուժ Միջնորդական æանքեր Կ՛ակնկալէ

Ապպաս Ուաշինկթընէն Աւելի Աշխուժ Միջնորդական æանքեր Կ՛ակնկալէ

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Երեքշաբթի, Օգոստոս 31ին յայտնեց, որ այս շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ վերսկսկող պաղեստինեւիսրայէլեան ուղղակի բանակցութիւններուն մէջ Ամերիկեան աւելի աշխուժ միջնորդութիւն մը պիտի ուզէ։

August 31st, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայաստան Կը Պատրաստուի Մեծ Շուքով Նշելու Ֆ. Նանսենի 150ամեակը

Հայաստան Կը Պատրաստուի Մեծ Շուքով Նշելու Ֆ. Նանսենի 150ամեակը

Օգոստոս 31ին տեղի ունեցած է նորվեկիացի մեծ մարդասէր, Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր, հայ ժողովուրդի բարեկամ Ֆրիտեօֆ Նանսենի 150ամեակի յոբելինական յանձնաժողովին առաջին նիստը, զոր վարած է յանձնաժողովի նախագահ, Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեան:

August 31st, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Նախագահին Յայտարարած Եկամուտները

Հայաստանի Նախագահին Յայտարարած Եկամուտները

2008ի մամուլին մէջ տեղ գտած հրապարակումներուն համաձայն, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարագիրի՝ եկամուտներու ու անոնց գոյացման աղբիւրներու բաժինին մէջ նշուած է, որ 2006ին ան աշխատած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ եւ ստացած՝ 3.6 միլիոն դրամ, իսկ այլ եկամուտներ չէ ունեցած:

August 31st, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի æրելեկտրակայանները Աւելի Շատ Ուժանիւթ Արտադրած Են Քան Հիւլէակայանը

Հայաստանի æրելեկտրակայանները Աւելի Շատ Ուժանիւթ Արտադրած Են Քան Հիւլէակայանը

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, հիւլէակայանի աշխատանքներուն վերսկսումէն ետք (1995), առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի ելեկտրակայաններուն (ՀԵԿ) արտադրած ուժանիւթին ծաւալը գերազանցած է հիւլէակայանի արտադրանքը: 2010ի առաջին կիսամեակին, Հայաստանի մէջ արտադրուած է 3.7 միլիառ քիլօուաթ/ժամ ելեկտրականութիւն, որուն 1658ը՝ ՀԵԿէն, իսկ 1607ն՝ հիւլէակայանէն:

August 31st, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

USC-ի Գիտաժողովը Շեշտը Պիտի Դնէ ՀՕՄի Մարդասիրական Աշխատանքին Վրայ

USC-ի Գիտաժողովը Շեշտը  Պիտի Դնէ ՀՕՄի Մարդասիրական Աշխատանքին Վրայ

Հարաւային Քալիֆորնիոյ համաալսարանին (USC) մէջ, Շաբաթ, Սեպտեմբեր 18ին առաւօտեան ժամը 8:30էն սկսեալ մինչեւ կ.ե. ժամը 4:30, ՀՕՄի հարիւրամեայ մարդասիրական աշխատանքներուն նուիրուած գիտաժողով մը տեղի պիտի ունենայ, մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու տարածքէն Լոս Անճելըս ժամանած մտաւորականներու եւ «Ֆաքս» կայանի լրագրողներէն Անիթա Վոկըլի ու դատաւոր Հուրի Սենտըրսընի:

August 31st, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀՄԸՄ «Արարատ»էն Քեփենեքեանը Երեւանի «Հատիս»ին Մաս Կը Կազմէ

ՀՄԸՄ «Արարատ»էն Քեփենեքեանը Երեւանի «Հատիս»ին Մաս Կը Կազմէ

ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ մասնաճիւղի 12 տարիներու պասքեթպոլի մարզիկ Քրիսթին Քեփենեքեան վերջերս Երեւանի «Հատիս» խումբին հետ գոյացուցած է համաձայնութիւն մը, որուն ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 8ին, «Արարատ»ի կեդրոնին մէջ (3347 N. San Fernando Road, Los Angeles):
Ան Հայաստան պիտի մեկնի Սեպտեմբեր 7ին, մասնակցելու համար խումբին Սեպտեմբեր 10ին սկսելիք փորձերուն:

August 31st, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Առաջնորդը Այցելեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան Կեդրոն

Առաջնորդը Այցելեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան Կեդրոն

Վերջերս Ազգ. առաջնորդարան այցելեցին Լոս Անճելըսի իրանահայ միութեան կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնք յայտնեցին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, թէ միութեան նորակերտ կեդրոնին շինարարական աշխատանքները կը մօտենան իրենց աւարտին, ու հրաւիրեցին, որ առաջնորդ սրբազանն ու Ազգ. վարչութեան անդամներ այցելեն նոր շէնքը։

August 31st, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Աղթամար Գացողները

Աղթամար Գացողները

Թուրքիոյ եւ գրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները հոգեպարար ժամեր պիտի ապրին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող պատմական Սուրբ Խաչ վանքին մէջ թէ շուրջը՝ Սեպտեմբեր 19ին հայերէնով աղօթք ու սուրբ պատարագ ունկնդրելով:

August 31st, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Անուանակոչութիւն «Մարի Գապայեան» Նախակրթարանին

Անուանակոչութիւն «Մարի Գապայեան» Նախակրթարանին

Ուրբաթ, Օգոստոս 27ը իբրեւ յիշատակելի թուական արձանագրուեցաւ Արեւմտեան թեմի ու ազգային վարժարաններու տարեգրութեան մէջ, որովհետեւ այդ օրը տեղի ունեցաւ Ազգ. Մարի Գապայեան նախակրթարանի պաշտօնական բացումն ու անուանակոչութեան հանդիսութիւնը։

August 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ատրպեճանական Բանակը Դարձեալ Սադրիչ Գործողութեան Կը Ձեռնարկէ

Ատրպեճանական Բանակը Դարձեալ Սադրիչ Գործողութեան Կը Ձեռնարկէ

Օգոստոսի 31ի լուսաբացին, շուրջ ժամը 06:30ին, ղարաբաղա-ատրպեճանական զօրքերու շփման գօտիի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ (Վերին Չայլու գիւղի շրջանին մէջ) գտնուող հայկական դիրքերէն մէկուն դէմ սադրիչ գործողութեան մը ձեռնարկուած է հակառակորդին կողմէ:
Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը

August 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի՝ Հայաստանը Պէտք Է Ճանչնայ ԼՂՀ Անկախութիւնը

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի՝ Հայաստանը Պէտք Է Ճանչնայ ԼՂՀ Անկախութիւնը

Օգոստոս 31ին, լրագրողներու հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, թէ ժամանակն է, որ Հայաստանը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութիւնը եւ անոր հետ կնքէ ռազմաքաղաքական դաշինք:

August 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Թուրք Դեսպանին՝ Փրոթոքոլի Օրակարգը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

Ըստ Թուրք Դեսպանին՝ Փրոթոքոլի Օրակարգը Տակաւին Սեղանի Վրայ Է

Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան, թրքական «Հապերլար» կայանի մէկ հաղորդումին համաձայն, յայտնած է, թէ Հայաստանի հետ ստորագրուած արձանագրութիւնները տակաւին սեղանի վրայ են եւ թէ Թուրքիան քայլերու կը ձեռնարկէ, որպէսզի Հայաստանի ղեկավարութեան վստահութիւնը շահի:

August 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պաքու Նախիջեւանի Մէջ Թրքական Խարիսխ Հաստատելու Ծրագիր Չունի

Պաքու Նախիջեւանի Մէջ Թրքական Խարիսխ Հաստատելու Ծրագիր Չունի

Հակառակ սահմանադրական արգելքներու վերացման, Ատրպէյճան այս հանգրուանին ծրագիր չունի իր տարածքին մէջ օտար պետութեան մը ռազմակայան տեղակայելու, ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով:

August 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ցեղասպանութեան Եւ Տինքի Մասին՝ Գերմանական Վաւերագրական Ժապաւէն

Ցեղասպանութեան Եւ Տինքի Մասին՝ Գերմանական Վաւերագրական Ժապաւէն

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գերմանական «Այնզեքսթրա» պատկերասփիւռի կայանը Հայկական Ցեղասպանութեան եւ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին պատմող վաւերագրական նոր շարժապատկեր մը սփռած է։

August 31st, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ԼՂՀի Հռչակման Իրաւաքաղաքական Նախադրեալները

ԼՂՀի Հռչակման  Իրաւաքաղաքական Նախադրեալները

Լեռնային Ղարաբաղը (ԼՂ) (պատմական Արցախ նահանգի մի մասը), լինելով պատմական Հայաստանի անբաժանելի մաս, խորհրդային կարգերի հաստատումից յետոյ 1921թ. ՌԿ(բ)Կ Կովբիւրոյի (կովկասեան Բիւրոյի-Խմբ.) Յուլիսի 5ի ապօրինի որոշումով բռնակցուեց Խորհրդային Ադրբեջանին (Ադր. ԽՍՀ): Այնուհետեւ, 1923թ. Յուլիսի 7ին Ադրբեջանի Կենտգործկոմն (կեդրոնական գործադիր կոմիտէ-Խմբ.) ընդունեց հռչակագիր «Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կազմաւորման մասին»:

August 31st, 2010

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Իսրայէլ Թուրքիայէն Ներում Խնդրա՞ծ Է

Իսրայէլ Թուրքիայէն Ներում Խնդրա՞ծ Է

Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք դիւանագէտ մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է, թէ Պրիւքսելի մէջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ Իսրայէլի ճարտարարուեստի նախարար Պենիամին Պեն Էլիազարի միջեւ գաղտնի հանդիպումի մը ընթացքին, Թել Աւիւ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին վրայ յարձակումին համար Թուրքիայէն ներում հայցող նամակ մը յանձնած է։ Թուրք դիւանագէտը յայտնած է, որ Տաւութօղլու եւ Պեն Էլիազար նամակը միասին խմբագրած են։

August 30th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Անգարա Կ՛ուզէ Հէյպելիի Յունական Վանքը Բանալ, Սակայն…

Անգարա Կ՛ուզէ Հէյպելիի Յունական Վանքը Բանալ, Սակայն…

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը փափաքի Հէյպելիի յունական դպրեվանքը վերաբանալ, սակայն աւելցուցած է, թէ ներկայիս օրինական արգելքներու պատճառներով գրեթէ անկարելի է նման բան։

August 30th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայ Մը Կը Վիրաւորուի Անթալիոյ Մէջ

Հայ Մը Կը Վիրաւորուի Անթալիոյ Մէջ

Թուրքիոյ զբօսաշրջային Անթալիա շրջանին մէջ տեղի ունեցած պայթումի մը հետեւանքով վիրաւորուած են երկու հոգի: Ըստ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, պայթումը տեղի ունեցած է Անթալիոյ Ալանիա շրջանի Շեքերհանէ թաղամասի ոսկերչական արհեստանոցներէն մէկուն մէջ։

August 30th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սերժ Սարգսեան Կարեւոր Չի Համարեր Ատրպէյճանի ՄԱԿի Նախաձեռնութիւնը

Սերժ Սարգսեան Կարեւոր Չի Համարեր Ատրպէյճանի ՄԱԿի Նախաձեռնութիւնը

«Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ յայտարարած է, որ Ղարաբաղի հարցով Ատրպէյճանի ներկայացուցած բանաձեւը ՄԱԿի գլխաւոր մարմինին կողմէ ընդունուելու պարագային՝ «Չի կարող էական ազդեցութիւն ունենալ Արցախի եւ

August 30th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Տիգրանակերտի Պեղումները Յայտնաբերած Են Հայ-Իրլանտական Մշակոյթի Նմանութիւններ

Տիգրանակերտի Պեղումները Յայտնաբերած Են Հայ-Իրլանտական Մշակոյթի Նմանութիւններ

Օգոստոս 30ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին, Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Համլէթ Պետրոսեան յայտնած է, թէ Տիգրանակերտի տարածքին իրականացած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են Իրլանտական յայտնի «բարձր խաչեր»ու նախօրինակներ:

August 30th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Հայաստանի Մէջ Առաջին Դասարանցիներուն Թիւը Կը Սարսափեցնէ Կրթութեան Նախարարը

Հայաստանի Մէջ Առաջին Դասարանցիներուն Թիւը Կը Սարսափեցնէ Կրթութեան Նախարարը

Այս տարի Հայաստանի դպրոցներուն առաջին դասարանի աշակերտներուն ընդհանուր թիւը կը հասնի 37,039ի, որ ըստ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի, սարսափելի թիւ է:
«Վերջին 20 տարուան ընթացքում մեր վիճակագրութիւնը վկայում է

August 30th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ- Նորակառոյց Կեդրոնը Դռները Կը Բանայ

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆ- Նորակառոյց Կեդրոնը Դռները Կը Բանայ

1976 թիւին, Սեպտեմբեր ամսուան մէջ Կիրակի օր մը, 36 հոգիներէ բաղկացած խումբ մը հայրենասէր եւ շինարար երիտասարդ պոլսահայեր, հանդիպում մը ունեցան East Los Angeles-ի

August 30th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Ներկայացուցիչները Արամ Ա. Հայրապետին Մօտ

Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին Ներկայացուցիչները Արամ Ա. Հայրապետին Մօտ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25ին, Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքը, ուր հանդիպում ունեցան Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ: Վեհափառին եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչներուն միջե

August 30th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Ս. Խուդաւերդի Նշանակուած է Միլանի Մէջ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարի Խորհրդական

Ս. Խուդաւերդի Նշանակուած է  Միլանի Մէջ Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարի Խորհրդական

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Օգոստոս 26ին ընդունած է Միլանի հայ համայնքի գործօն անդամ Սարօ Խուդաւերդին ու անոր կինը՝ Սիրան Պորանեան:

August 30th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Գահիրէի ՀԲԸՄը Կը Յանձնէ «Արեւ» Օրաթերթի Հաւաքածոյի Թուայնացուած Տարբերակը Երեւանի Գրադարանին

Գահիրէի ՀԲԸՄը Կը Յանձնէ «Արեւ» Օրաթերթի Հաւաքածոյի Թուայնացուած Տարբերակը Երեւանի Գրադարանին

Եգիպտոսի ՀԲԸՄի Շրջանակային յանձնաժողովի ատենապետ Պերճ Թէրզեան Երեւանի մէջ, անցեալ Յուլիս 7ին յանձնած է «Արեւ» օրաթերթի հաւաքածոյի թուայնացուած տարբերակ մը Երեւանի Ազգային Գրադարանին:

August 30th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Նոր Սկիզբ

Նոր Սկիզբ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը գումարեց իր հերթական շրջանային ժողովը, կատարեց իր անցեալ երկամեայի գործունէութեան գնահատականը եւ մշակեց յառաջիկայ երկու տարիներու իր աշխատանքային ծրագիրը, որուն գործադրութիւնը վստահեցաւ իր նոր ընտրած Կեդրոնական կոմիտէի կազմին:

August 30th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

ՀՅ Դաշնակցութեան 120ամեակին Առիթով Նամականիշներ Կը Հրապարակուին

ՀՅ Դաշնակցութեան 120ամեակին Առիթով Նամականիշներ Կը Հրապարակուին

Այս տարի լրանում է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրման 120ամեակը: Ուրախութեամբ յայտնում ենք, որ այդ առիթով ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբը հրատարակել է չորս տեսակի յիշատակի նամականիշներ, որոնք հաստատուած են երկրի նամակատան հաստատութեան՝ US Post Office-ի կողմից

August 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

«Թուլացած Հասարակութիւնը Չի Կարող Հզօր Բանակ Ունենալ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Թուլացած Հասարակութիւնը Չի Կարող Հզօր Բանակ Ունենալ»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

Սեպտեմբեր 2ին, Երեւանի «Դինամօ» մարզասրահին մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենայ ժողովրդային հանդիպում-տօնախմբութիւն՝ նուիրուած Արցախի անկախութեան օրուան:

August 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Հանդիպի ՀՅԴի Հետ

Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախարարը Կը Հանդիպի ՀՅԴի Հետ

«Արմէնիա».- Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոսին, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը հանդիպեցաւ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Էքթոր Թիմերմանի հետ։ Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան,

August 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Իրանի Փոխնախագահը «Ցեղասպանութիւն» Բառը Չէ Գործածած

Իրանի Փոխնախագահը «Ցեղասպանութիւն» Բառը Չէ Գործածած

Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղայի, Կիրակի, Օգոստոս 29ին անձամբ բացատրութիւն տուած է այն տեղեկութեան մասին, թէ՝ ան յայտարարած էր որ 1915ին Օսմանեան կայսրութիւնը ցեղասպանութիւն կատարած է հայերու դէմ։
Այս նիւթին գծով կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Իրանի փոխնախագահը հերքած է Հայկական Ցեղասպանութեան առնչութեամբ որոշ լրատուամիջոցներու տարածած եւ իրեն վերագրուած խօսքերը՝ պահանջելով սրբագրել «սխալ» տեղեկութիւնը։

August 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Տինքի Ընտանիքը Արդարութիւն Կ՛ուզէ, Ոչ Թէ՝ «Համաձայնութիւն»

Տինքի Ընտանիքը Արդարութիւն Կ՛ուզէ, Ոչ Թէ՝ «Համաձայնութիւն»

Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Քեզպան Հաթեմի կը յայտնէ, թէ Տինքի ընտանիքը կը պահանջէ արդարութեան հաստատումը եւ հետաքրքրուած չէ կառավարութեան հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու կամ «բարեկամական» լուծում մը գտնելու՝ Տինքը յանցաւոր գտած թրքական ատեանի վճիռին հարցով:

August 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Մետվետեւ Պիտի Այցելէ Պաքու Ղարաբաղի Անկախութեան Օրը

Մետվետեւ Պիտի Այցելէ Պաքու Ղարաբաղի Անկախութեան Օրը

Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, Սեպտեմբեր 2-3ի միջեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Պաքու: Յատկանշական է, որ Ռուսիոյ նախագահին այցը Պաքու տեղի կ՛ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան տարեդարձին օրը՝ Սեպտեմբեր 2ին:

August 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍԵՐԺ ԹԱՆՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՍԵՐԺ ԹԱՆՔԵԱՆԻ ՀԵՏ

Աթէնքի արուարձաններէն Մալաքասայի Terra Vibe համերգներու սրահէն ներս, Երեքշաբթի 17 Օգոստոսին ելոյթ ունեցաւ հայազգի ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեանը, որ հմայեց հայ եւ յոյն իր երկրպագուները: Նոյն օրը Սերժ Թանքեան հարցազրոյց մը շնորհեց «Ազատ Օր»ին: Հարցազրոյցը վարեց Լոռի Պարազեան:

August 30th, 2010

| Posted in Հարցազրոյց | Read More »

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Զօրավար Անդրանիկի Մահուան 83րդ Ամեակի Առիթով

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Զօրավար Անդրանիկի Մահուան 83րդ Ամեակի Առիթով

Զօրավար Անդրանիկի սխրագործութիւններուն ու հերոսական կեանքին մասին, արդարօրէն բաւարար մելան հոսած է ու շատ մը գիրքեր գրուած են, պանծացնելով մեր ազգային հերոսին կեանքն ու գործունէութիւնը: Այսօր զօրավար Անդրանիկի հերոսական դրուագներուն ու վրիժառու բազուկներուն մասին չէ որ պիտի անդրադառնանք, այլ մահուան վայրին, իր մականունին ու այժմու նոր դրութեան մասին:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Կը Քննուին Որդեգրման Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ Կը Քննուին Որդեգրման Վերաբերող Հարցեր

Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան քաղաքացիական կացութեան որոշումներու արձանագրութեան գործակալութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական վարչութեան նախաձեռնութեամբ Հինգշաբթի օր, արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կայացաւ աշխատանքային քննարկում՝ նուիրուած օտարերկրացիներու կողմէ Հայաստանէն երեխաներ որդեգրելու հարցերուն:

August 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բացառիկ Հնարաւորութիւն՝ Հայաստանի Գիտնականներուն Համար

Բացառիկ Հնարաւորութիւն՝  Հայաստանի Գիտնականներուն Համար

Գիտութեան եւ առաջատար արհեստագիտութեան ազգային հիմնադրամի (ԳԱՏԱՀ) ջանքերով ստորագրուած է եռակողմ «Մտադրութիւններու յուշագիր»՝ ԳԱՏԱՀի, «ԱՐԵՆԱ» (Armenian Research-Education Networking Association) հիմնադրամի եւ «Elsevier BV» հրատարակչական ընկերութեան միջեւ, որ, միաւորելով 13 գիտական հանրայայտ հրատարակչութիւններ, կը հանդիսանայ գիտական եւ առողջապահական տեղեկատուութեան ամէնէն յայտնի աղբիւրը՝ համաաշխարհային չափանիշերով (www.elsevier.com):

August 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պուլկարիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Կ՛ազատուի Իր Պաշտօնէն

Պուլկարիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Կ՛ազատուի Իր Պաշտօնէն

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Պուլկարիոյ մէջ դեսպան Սերգէյ Մանասարեան, նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագրով ազատուած է իր պաշտօնէն:
Դեսպան Մանասարեան նախագահի այլ հրամանագրով նշանակուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ:

August 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Դասախօսութիւններու Շարք՝ Հայ Եւ Թուրք Լրագրողներու Համար

Դասախօսութիւններու Շարք՝ Հայ Եւ Թուրք Լրագրողներու Համար

«Եւրասիա համագործակցութիւն» հիմնադրամը՝ Պոլսոյ «Կլոպալ Քաղաքական Միտումներ» կեդրոնի հետ միասին եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան յատկացուցած միջոցներով, կազմակերպած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արդի մշակութային

August 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ֆրեզնոյի Մէջ Մեծ Շուքով Պիտի Նշուի Մուսա Լերան Հերոսամարտին Ու Այնճարի Հիմնադրութեան Ամեակները

Ֆրեզնոյի Մէջ Մեծ Շուքով Պիտի Նշուի Մուսա Լերան  Հերոսամարտին Ու Այնճարի  Հիմնադրութեան Ամեակները

Սիրելի մուսալեռցի հայրենակիցներ,
Անցեալ տարի, «Ասպարէզ» թերթի Օգոստոսի վերջին օրերու թիւերէն մէկուն մէջ ներկայացուցինք Ալեքսանդրէթ Սանճաքի 30-40 հազար հայ եւ արաբ քրիստոնեաներուն 1939ի գաղթը, դէպի Լիբանան եւ Սուրիա, որոնց մէջ էին նաեւ Մուսա լերան վեց գիւղերու բնակչութիւնը, որ վերջնականապէս կայք կը հաստատէ ասպնջական Լիբանանի Պէքաա դաշտին մէջ, պատմական Խալքիս կոչուած աւերակներուն մօտ եւ գրութեան վերջաւորութեան ալ, տուած էինք մուսալեռցիներու թուական պատկերը:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հանդիպում Փասատինայի Նոր Ոստիկանապետին Հետ

Հանդիպում Փասատինայի Նոր Ոստիկանապետին Հետ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 18ին, Փասատինայի Հայ Կեդրոնին մէջ, աւելի քան 100 հոգիի ներկայութեամբ, հանդիպուիմ մը տեղի ունեցաւ քաղաքի նոր ոստիկանապետ Ֆիլիփ Սանչեզի հետ:
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած սոյն հաւաքը քաղաքին հայութեան համար առիթ մը եղաւ ծանօթանալու նոր ոստիկանապետին:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀՕՄի Երկրորդ Նաւապտոյտը Ճամբայ Կ՛ելլէ

ՀՕՄի Երկրորդ Նաւապտոյտը Ճամբայ Կ՛ելլէ

Հայ Օգնութեան Միութեան երկրորդ նաւապտոյտը Ամսթերտամ քաղաքէն ճամբայ ելաւ Օգոստոս 22, 2010ին։ 357 ճամբորդներ կը մասնակցին նաւապտոյտին, որ պիտի այցելէ Գերմանիա, Շուէտ, Ֆինլանտա, Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքը, Դանիա եւ Էսթոնիա։

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Գրական Երեկոյ

Գրական Երեկոյ

Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յաջորդ գրական հանդիպումը պիտի կայանայ Կլենտէյլի Հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard St, Glendale CA 91205), Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 5էն 8ը:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կլենտէյլի Հայ Դատը Պիտի Պատուէ Լերի Զարեանը Եւ Ուրիշներ

Կլենտէյլի Հայ Դատը Պիտի Պատուէ Լերի Զարեանը Եւ Ուրիշներ

Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ճաշկրոյթին ընթացքին, «Ղեկավարման մրցանակը» պիտի շնորհուի նախկին քաղաքապետ Լերի Զարեանին, իսկ «Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի բարեկամ» մրցանակը պիտի շնորհուի «Favorite Place» ճաշարանին սեփականատէր Ալիսա Ասմարեանին:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կարին Յովհաննէսեանի «Family of Shadows» Հատորը Լոյս Պիտի Տեսնէ Սեպտեմբեր 21ին

Կարին Յովհաննէսեանի «Family of Shadows» Հատորը  Լոյս Պիտի Տեսնէ Սեպտեմբեր 21ին

«HarperCollins» հրատարակչատունը կը տեղեկացնէ, թէ Կարին Յովհաննէսեանի հեղինակած յուշագրութիւնը՝ «Family of Shadows: A Century of Murder, Memory, and the Armenian American Dream» լոյս պիտի տեսնէ Սեպտեմբեր 21ին:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Շամլեան» Ազգային Վարժարանը Օժտւում Է Նոր Համակարգիչներով

«Շամլեան» Ազգային Վարժարանը Օժտւում Է Նոր Համակարգիչներով

«Շամլեան» Ազգային վարժարանը հետամուտ լինելով արհեստագիտական բարձրակարգ հնարաւորութիւններով դպրոցն օժտելու իր յանձնառութեանը, ուրախութեամբ տեղեկացնում է, որ շուտով վարժարանում հաստատուելու են համակարգչային երկու աշխատակենտրոններ՝

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«How We Live»ը Պիտի Ներկայացուի «Ապրիլ» Գրատան Մէջ

«How We Live»ը Պիտի Ներկայացուի «Ապրիլ» Գրատան Մէջ

Լուսանկարիչ Սարա Անճարկոլեանի «How We Live»ը հատորը Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ պիտի ներկայացուի «Ապրիլ» գրատան մէջ, որու ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ Նարինէ Միրզայեան եւ պիտի ցուցադրուի հատորին մասին Քարլօ Ղարաբեկեանի պատրաստած վաւերագրական շարժապատկերը:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Վլադիմիր Աթանեանի Նուիրուած Յոբելինական Հանդէս

Վլադիմիր Աթանեանի Նուիրուած Յոբելինական Հանդէս

Անուանի գեղանկարիչ Վլադիմիր Աթանեանի ծննդեան 70ամեակի եւ՝ ստեղծագործական 50ամեակի առիթներով, Կիրակի, Սեպտեմբեր 26ին, երեկոյեան ժամի 7:30ին,

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Առաջնորդը Ընդունեց Քուէյթի Հայկական Վարժարանի 50 Ամեակի Յանձնախումբին Ներկայացուցիչները

Առաջնորդը Ընդունեց Քուէյթի Հայկական Վարժարանի 50 Ամեակի Յանձնախումբին Ներկայացուցիչները

Քուէյթի Հայկական վարժարանը այս տարի կը բոլորէ իր կեանքի առաջին կէս դարը։ Ոսկեայ յոբելեանին առիթով, Քուէյթի մէջ թէ այլուր, նախատեսուած են տօնախմբութիւններ ու հանդիսութիւններ։ Վարժարանի նախկին սաներէն ու բարեկամներէն մեր ափերը բնակութիւն հաստատած հայորդիներ կազմած են 50ամեակի յանձնախումբ մը, որպէսզի իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն՝

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Համազգայինի «Շահան Շահնուր» Մասնաճիւղը Կը Պատուէ Յարութիւն Գաբրիէլեանի Յիշատակը

Համազգայինի «Շահան Շահնուր» Մասնաճիւղը  Կը Պատուէ Յարութիւն Գաբրիէլեանի Յիշատակը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի եւ համագործակցաբար հանգուցեալ Յարութիւն Գաբրիէլեանի ընտանիքին, մտերմիկ շրջապատով մը, Փետրուար 21, 2010ին նշուեցաւ մահուան տասնամեակը Համազգայնական ըկերոջ մը, որ իր կեանքին մինչեւ վերջին պահը, նուիրած էր հայ բեմին։

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հանդիպում Ռոք Երաժշտութեան Մեկնաբան Սերժ Թանքեանի Հետ

Հանդիպում Ռոք Երաժշտութեան Մեկնաբան Սերժ Թանքեանի Հետ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 17ի երեկոյեան, ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան մեծ եւ միջակ տարիքի պատանիները առաջնորդուեցան բանակավայրին մօտ գտնուող Terra Vibe համերգներու յատկացուած վայրը, հանդիպում մը ունենալու ռոք երաժշտութեան մեկնաբան հայազգի Սերժ Թանքեանի հետ, նոյն օր կազմակերպուող իր համերգէն առաջ:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Հայ Նկարիչներուն Կտաւները՝ Մոսկուայի Փուշկինի Անուան Թանգարանին Մէջ

Հայ  Նկարիչներուն Կտաւները՝ Մոսկուայի Փուշկինի Անուան Թանգարանին  Մէջ

Մոսկուայի Փուշկինի անուան թանգարանին մէջ, Սեպտեմբեր 13ին պիտի ցուցադրուին հայ եւ ռուս աշխարհահռչակ նկարիչներու մօտ 120 կտաւներ:

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Բացարձակ Արժէք՝ Եդուարդ Պոյաճեանի Հարթաքանդակի Բացում

Բացարձակ Արժէք՝ Եդուարդ Պոյաճեանի Հարթաքանդակի Բացում

Մինչեւ իր կեանքին վերջին պահերը ինքզինք ամբողջովին հայ գրականութեան եւ ստեղծագործութեան աշխարհին նուիրած, ապագայ սերունդներուն համար ներշնչման ուրոյն աղբիւր հանդիսացող արձակագիր, բանաստեղծ, հրապարակագիր, քննադատ Եդուարդ Պոյաճեան՝

August 27th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Ոստիկաններու Յանցագործութիւնը Քննող Դատերու Մէջ՝ Շրջադարձ

Ոստիկաններու Յանցագործութիւնը Քննող  Դատերու Մէջ՝ Շրջադարձ

Հասարակութեան մէջ լայն աղմուկ հանած երկու դատեր, որոնց մէջ ոստիկաններ, կասկածի տակ կ՛առնուին եւ կը մեղադրուին իրենց իրաւասութիւններէն շատ անդին անցնելով ոճիր գործած ըլլալու յանցանքով, շրջադարձ արձանագրած կը թուին ըլլալ:

August 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նշանաւոր Բեմանկարիչ Գրիշա Սահակեան Ոչ Եւս Է

Նշանաւոր Բեմանկարիչ Գրիշա Սահակեան Ոչ Եւս Է

63 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ նշանաւոր բեմանկարիչ, Հայաստանի մշակոյթի գործիչ, մանկավարժ, Հայաստանի նկարիչներու եւ թատերական գործիչներու միութեան անդամ Գրիշա Սահակեանը:

August 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մեր Մեծագոյն Ուսուցիչները

Մեր Մեծագոյն Ուսուցիչները

Իրենց ուսուցիչներուն մասին միշտ յարգանքով կ՛արտայայտուին մարդիկ: Նոյնիսկ երբ ունեցած ըլլան այնպիսի ուսուցիչներ, որոնք համեստ կարողութիւն ունենալով չեն կրցած մեծ ուսում ջամբել իրենց, դարձեալ, երբ անոնց մասին խօսին, քաղցր յուշերով կը յիշեն զանոնք, միշտ նկատի ունենալով ժամանակի պայմանները եւ ուսման անցեալի մակարդակը:

August 27th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Ամերիկա՝ «Ահաբեկչութիւն Արտածող» Երկիր

Ամերիկա՝ «Ահաբեկչութիւն Արտածող» Երկիր

Ըստ «Ուիքիլիքզ» համացանցային կայքին հրապարակած «Սի.Այ.Էյ.»ի գաղտնի վերլուծականի մը, Միացեալ Նահանգները «ահաբեկչութիւն արտածող» երկիր եղած է։

August 27th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիա Այցելող Իսրայէլացիներուն Թիւը 90 Տոկոսվ Նուազած Է

Թուրքիա Այցելող Իսրայէլացիներուն Թիւը 90 Տոկոսվ Նուազած Է

Իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ, որոնք ամէն տարի Թուրքիոյ հանգստավայրերու եւ ծովափներու վրայ կ՛անցընէին իրենց ամառնային հանգիստը, այս տարի կը խուսափին Թուրքիա այցելելէ։
Յունիս 2010ի տուեալներուն համաձայն, Թուրքիա այցելած են միայն 2600 իսրայէլացիներ, մինչդեռ անցեալ տարի այդ թիւը 27 հազարի կը հասնէր։

August 27th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ըստ Թուրք Դեսպանին, Թուրքիա Եւ Ռուսիա Ռազմավարական Գործակցութեան Ճամբու Վրայ Են

Ըստ Թուրք Դեսպանին, Թուրքիա Եւ Ռուսիա Ռազմավարական Գործակցութեան Ճամբու Վրայ Են

Ռուսիոյ մօտ Թուրքիոյ նոր նշանակուած դեսպան Այտըն Սեզկին Մոսկուայի մէջ հաւատարմագրուած թրքական լրատուական գործակալութեանց ներկայացուցիչներուն հետ Ուրբաթ, Օգոստոս 27ին ունեցած հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա եւ Ռուսիա «յառաջ կ՛ընթանան ռազմավարական համագործակցութեան ուղղութեամբ»:

August 27th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հոգեբանի Կարիք Ունի՞ք

Հոգեբանի Կարիք Ունի՞ք

Շատեր կը մերժեն հոգեբանի մը այցելելու գաղափարը եւ կը նախընտրեն անձամբ լուծել իրենց հարցերը. անշուշտ խօսքը կը վերաբերի հոգեբանական լուրջ հարցերու։

August 27th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

«ԼՐԱԳԻՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ 4ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ԴՈԿՏ. ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ԼՐԱԳԻՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹԱԿԱՆ 4ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ԴՈԿՏ. ՌՈՒԲԻՆԱ ՓԻՐՈՒՄԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ռուբինա Փիրումեան. Կալիֆոռնիայի համալսարանի գիտաշխատող, ցեղասպանագէտ. Հայաստանի կրթական 4րդ խորհրդաժողովին մասնակցում է որպէս Արեւմտեան Ամերիկայի ազգային դպրոցների խնամակալ մամնի ներկայացուցիչ:

August 27th, 2010

| Posted in Հարցազրոյց, Յօդուածներ | Read More »

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com

August 27th, 2010

| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »

Յայտարարութիւն՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 46րդ Շրջանային Ժողովի

Յայտարարութիւն՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի 46րդ Շրջանային Ժողովի

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի 46րդ Շրջանային Ժողովը գումարուեցաւ 19-–22 Օգոստոս 2010ին, Մոնթեպելլոյի Հայ Կեդրոնին մէջ։

August 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀՕՄը Կը Մասնակցի ՄԱԿի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու 63րդ Խորհրդաժողովին

ՀՕՄը Կը Մասնակցի ՄԱԿի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու 63րդ Խորհրդաժողովին

Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչներ՝ Սուզի Սարաֆեան, Լուսի Բամբալեան, եւ Գարոլին Քըվըրեան պիտի միանան աւելի քան 2000 համաշխարհային ընկերային հասարակութեան ջատագով գործիչներու՝ ՄԱԿի Հանրային Տեղեկութեանց բաժնմունքի Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու տարեկան 63րդ խորհրդաժողովին,

August 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Սերժ Թանքեան Համպուրկի Համերգին Ընթացքին Կատարած Է Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հայերէն Իր Երգը

Սերժ Թանքեան Համպուրկի Համերգին Ընթացքին Կատարած Է Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հայերէն Իր Երգը

Յայտնի «ռոք» երգիչ, System of a Down խումբի մեներգող Սերժ Թանքեան, Օգոստոս 24ին համերգ տուած է Համպուրկի «Մեծ Ազատութիւն» անունը կրող համերգասրահին մէջ: Սոյն համերգասրահը կը գտնուի այն թաղամասի տարածքին, ուր իրենց արուեստի ասպարէզը սկսած են «Տը Պիթըլզ» աշխարհահռչակ խումբի լիվըրփուլցի երիտասարդները: Այստեղ նաեւ ելոյթներ ունեցած են 1960ականներու սկիզբին «ռոք»ը հիմնադրած ուրիշ աստղեր:

August 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայ Դատը Պիտի Պատուէ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը

Հայ Դատը Պիտի Պատուէ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 24ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, որոշած է փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին յանձնել կազմակերպութեան Ամբողջ կեանքի մը իրագործումներու մրցանակը (Lifetime Achievment Award):
Այս մրցանակը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին բարձրագոյն մրցանակներէն մէկն է, երկարամեայ դասախօսին ու մտաւորականին կը յանձնուի՝ հայոց պատմութիւն, մշակոյթ ու հայութեան ներկայ իրավիճակին մասին անոր դասաւանդումներուն, ուսումնասիրութեանց, գրութիւններուն եւ աշխարհի տարածքին անոր տուած դասախօսութիւններուն համար:

August 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մերժէ Մասնակցիլ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Բացման Հանդիսութեան

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մերժէ Մասնակցիլ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Բացման Հանդիսութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ ուրացման ու ժխտումի հետեւողական քաղաքականութեան եւ հայ կեանքէն ներս շփոթ ստեղծելու եւ միջազգային համայնքին՝ իբրեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան ներկայանալու Թուրքիոյ փորձերուն դէմ յստակ կեցուածք մը որդեգրելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մերժէ՛ մասնակցիլ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պաշտօնական բացման հանդիսութեան:

August 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Թուրքիա Կը Փորձէ Իրանի Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը Յստակացնել

Թուրքիա Կը Փորձէ Իրանի Նկատմամբ Իր Քաղաքականութիւնը Յստակացնել

Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա ամերիկեան վարչակազմի օժանդակութիւնը խնդրած է, մեղմացնելու համար Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ հանդէպ անհասկացողութիւնը։ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու

August 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պելկրատ Քոսովոյի Հարցով Ատրպէյճանի Աջակցութիւնը Կ՛ակնկալէ

Պելկրատ Քոսովոյի Հարցով Ատրպէյճանի Աջակցութիւնը Կ՛ակնկալէ

Սերպիոյ «Տանաշ» թերթը կը գրէ, թէ Սերպիա կ՛ակնկալէ, որ շարք մը երկիրներ՝ յատկապէս իսլամական, Սեպտեմբեր 9ին կայանալիք ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ընթացքին պաշտպանեն Քոսովոյի մասին բանաձեւին նկատմամաբ Սերպիոյ դիրքը, նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճան նոյնիմաստ բանաձեւ մը ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան հարցով:

August 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Սպառնալիք՝ Թուրքիոյ Սպայակոյտին ԴԷմ Դատ Բացողներուն Հասցէին

Սպառնալիք՝ Թուրքիոյ Սպայակոյտին ԴԷմ Դատ Բացողներուն Հասցէին

Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ բախումներու ընթացքին սպաննուած թուրք զինուորներու հինգ ընտանիքներ յայտարարած են, թէ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի դէմ դատ բանալէ ետք, անյայտ անձերու կողմէ սպառնալիքներ ստացած են։

August 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայաստանի Մէջ Կ՛իրականանան Հայ-Ամերիկեան Ռազմական Փորձեր

Հայաստանի Մէջ Կ՛իրականանան  Հայ-Ամերիկեան Ռազմական Փորձեր

Oգոստոս 24ին, Երեւանի մէջ սկսած են հայ-ամերիկեան ռազմաբժշկական փորձերը, որ ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ նպատակ ունին բացայայտել եւ կիրառել ԱՄՆ կողմէ ՀՀ զինուած ուժերուն տրամադրուած «expedition» բժշկական արագ արձագանգման դաշտային հիւանդանոցային համակարգը:

August 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

2010ի Առաջին Եօթ Ամիսներուն Հայաստանի Մէջ Ծնած է 24,792 Երեխայ

2010ի Առաջին Եօթ Ամիսներուն Հայաստանի Մէջ Ծնած է 24,792 Երեխայ

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան մօր եւ մանկան բաժiնի մանկաբարձ Լիլեա Գարիւնովա յայտնած է, թէ ընթացիկ տարուան առաջին եօթ ամիսներուն ծնած է 24,792 երեխայ, որոնց 11,742ը՝ Երեւանի մէջ: Ըստ անոր՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ հանրապետութեան մէջ ծնունդներուն թիւը աճած է 1049ով:

August 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Դիլիջանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Բանակումը

Դիլիջանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Բանակումը

Օգոստոս 18-22ի միջեւ, Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան ամենամեայ համահայաստանեան բանակումը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի բոլոր մարզերէն եւ Երեւանէն երկու հարիւր երիտասարդ

August 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Առաջնորդը Այցելեց Արշիլ Կորքիի Գործերուն Ցուցադրասրահը

Առաջնորդը Այցելեց Արշիլ Կորքիի Գործերուն Ցուցադրասրահը

Նախօրօք ճշդուած ժամադրութեամբ մը, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, Օգոստոս 19ի յետմիջօրէին այցելեց Լոս Անճելըսի Արդի արուեստներու թանգարանը, ուր տեղի կ՛ունենայ աշխարահահռչակ գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի (Ոստանիկ Ատոյեան) գործերու ցուցահանդէսը

August 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Ֆերահեան»ի Ուսուցիչները Կը Մասնակցին Ցեղասպանութեան Աշխատանիստին

«Ֆերահեան»ի Ուսուցիչները  Կը Մասնակցին Ցեղասպանութեան Աշխատանիստին

Հանրային վարժարաններու ոչ շահութաբեր «Facing History and Ourselves» կազմակերպութիւնը յաճախ կը կազմակերպէ յատուկ աշխատանքային դասընթացքներ, նպատակ ունենալով տարբեր ծագումով աշակերտներու փոխանցել գիտելիքներ, զիրար աւելի լաւ հասկնալու եւ հանդուրժելու համար, որպէսզի անոնք ապագային ըլլան աւելի գիտակից անհատներ եւ քաղաքացիներ։

August 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հանդիպումներ Ուաշինկթըն Նահանգի Քոնկրեսականներուն Հետ

Հանդիպումներ Ուաշինկթըն Նահանգի Քոնկրեսականներուն Հետ

Արեւմտեան Անմերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացւցիչները, ընկերակցութեամբ Ուաշինկթըն նահանգի Հայ Դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչներուն, անցեալ շաբթուան ընթացքին շարք մը հանդիպումներ ունեցած են նահանգին քոնկրեսականներուն հետ, անոնց փոխանցելով ամերիկհայութիւնը մտահոգող հարցերն ու ամերիկահայութեան ակնկալիքները:

August 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Ճանաչիր Քո Հայրենիքը»

«Ճանաչիր Քո Հայրենիքը»

Շաբաթ, Օգոստոս 14ին, «Հայաստան» մանկապարտէզը կազմակերպած էր հանդիսութիւն մը՝ «Ճանաչիր Քո Հայրենիքը» խորագրով:

August 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արցախի Նախագահ Բագօ Սահակեանի Հանդիպումները Լիբանանի Մէջ

Արցախի Նախագահ Բագօ Սահակեանի  Հանդիպումները Լիբանանի Մէջ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 23ի կէսօրին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ճաշի հիւրն էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան։ Ճաշին ներկայ էին Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան,

August 26th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

«ԱՌԱՒՕՏ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ, ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐ, ԳԵՆԵՐԱԼ-ԼԷՅՏԵՆԱՆՏ ԱՐԹՈՒՐ ԱՂԱԲԵԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ԱՌԱՒՕՏ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐ, ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԿԻՆ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐ,  ԳԵՆԵՐԱԼ-ԼԷՅՏԵՆԱՆՏ ԱՐԹՈՒՐ ԱՂԱԲԵԿԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայաստանում ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտի երկարաձգումը իշխանութեան գործիչներն արդարացնում են ԼՂում ռազմական գործողութիւնների հնարաւոր վերսկսման դէպքում անվտանգութեան ապահովման խնդիրներով:

August 26th, 2010

| Posted in Հարցազրոյց | Read More »

Ազերի Բողոք

Ազերի Բողոք

Հայաստան-Ռուսիա ռազմական համագործակցութեան պայմանագիրի երկարաձգման համաձայնութիւնը հասկնալիօրէն պիտի մտահոգէր Ատրպէյճանի իշխանական շրջանակները:

August 26th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Ուաշինկթըն Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Հարցը Կը Համարէ Ռազմակայանի Ժամկէտի Երկարաձգումը

Ուաշինկթըն Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Հարցը Կը Համարէ Ռազմակայանի Ժամկէտի Երկարաձգումը

Միացեալ Նահանգներ քանի մը օրուան ուշացումով անդրադարձած է Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի ժամկէտի երկարաձգման շուրջ Հայաստան-Ռուսիա համաձայնագիրի ստորագրութեան։ Արդարեւ, Միացեալ Նահանգներու

August 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Իրանի Փոխնախագահը Կը Խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին

Իրանի Փոխնախագահը Կը Խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին

Պարսկական «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի փոխնախագահ եւ Իրանի մշակոյթի ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան նախագահ Համիտ Պաղայի, «Իրան. Յաղթանակի կամուրջ» համաժողովի ընթացքին յայտարարած է,

August 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ատրպէյճան Դարձեալ Կը Փորձէ ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովին Բանաձեւ Ներկայացնել

Ատրպէյճան Դարձեալ Կը Փորձէ ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովին Բանաձեւ Ներկայացնել

«Ազատութիւն» կայանի թղթակից Ռուզաննա Ստեփանեան կը հաղոդրէ, որ Սեպտեմբեր 9ին, Ատրպէյճան ՄԱԿի Գլխաւոր Ժողովի 64րդ նստաշրջանի օրակարգի հարց պիտի դարձնէ «գրաւեալ տարածքներու վրայ մարդու իրաւունքներու ոլորտէն ներս միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ միջազգային չափորոշիչներու պահպանումը» վերնագրով բանաձեւի նախագիծը:

August 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Տինքի Փաստաբանին Համաձայն, «Բարեկամական Լուծման» Ժամանակը Անցած Է

Տինքի Փաստաբանին Համաձայն, «Բարեկամական Լուծման» Ժամանակը Անցած Է

Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցի դատավարութեան փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին, անդրադառնալով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանի կողմէ Թուրքիոյ դատապարտումին, ըսաւ, որ «բարեկամական լուծում» առաջարկին ժամանակը անցած է եւ այս կէտէն ետք անընդունելի պիտի ըլլայ, կառավարութեան կողմէ նման առաջարկ մը:

August 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Տաւութօղլուի, Սահմանը Նոյնիսկ Ժամանակաւորապէս Պիտի Չբացուի

Ըստ Տաւութօղլուի, Սահմանը Նոյնիսկ Ժամանակաւորապէս Պիտի Չբացուի

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Գոնիա նահանգի Տողանհիսարի շրջան կատարած այցելութեան ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստանի հետ սահմանը նոյնիսկ ժամանակաւորապէս պիտի չբացուի:

August 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Եւրոպական Դատարանին Մէջ Ատրպէյճանի Դէմ Հայցը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ

Եւրոպական Դատարանին Մէջ Ատրպէյճանի Դէմ Հայցը Կրնայ Լուրջ Հետեւանքներ Ունենալ

Վերջին տարիներուն ամերիկահայերը շարք մը հայցեր ներկայացուցին Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն մէջ ընդդէմ՝ ապահովագրական ընկերութիւններու, դրամատուներու եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան՝ փոխհատուցում պահանջելով 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով առաջացած կորուստներու դիմաց:

August 26th, 2010

| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »

Կիւլ Կը Խոստանայ Տարբեր Միջոցներով Պայքարրիլ «Ահաբեկչութեան» ԴԷմ

Կիւլ Կը Խոստանայ Տարբեր Միջոցներով Պայքարրիլ «Ահաբեկչութեան» ԴԷմ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Չորեքշաբթի, Օգոսստոս 25ին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան կարելի է դէմ դնել Թուրքիոյ բոլոր ներուժը օգտագործելով եւ ոչ թէ միայն զէնքերով։ Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ կը պնդեն, թէ Անգարա Քիւրտիստանի

August 25th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Իրաքի Ապահովական Ուժերու Վրայ Յարձակումներ 50 Զոհ Կը Խլեն

Իրաքի Ապահովական Ուժերու Վրայ Յարձակումներ 50 Զոհ Կը Խլեն

Պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Իրաքի ապահովական ուժերու դէմ Չորեքշաբթի, Օգոստոս 25ին տեղի ունեցած յարձակումներու շարք մը առնուազն 50 զոհ պատճառած է։ Զոհերէն 27ը ոստիկաններ են:

August 25th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պայթում Իրան-Թուրքիա Կազատարին Վրայ

Պայթում  Իրան-Թուրքիա Կազատարին Վրայ

Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանէն Թուրքիա բնական կազի մատակարարում ապահովող կազատարին վրայ Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին պայթում մը տեղի ունեցած է։

August 25th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Արցախի Պետութիւնը Երեք Տարիով Կը Յետաձգէ Հողը Մշակողներէն Պարտքերու Հաւաքագրումը

Արցախի Պետութիւնը Երեք Տարիով  Կը Յետաձգէ Հողը Մշակողներէն Պարտքերու Հաւաքագրումը

ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Օգոստոս 24ին, խորհրդակցութեան հրաւիրած է շրջաններու վարչակազմերուն ղեկավարները, որոնց հետ քննարկուած են վերջերս ԼՂՀ անվտանգութեան խորհուրդի նիստին արծարծուած՝ աշնանացանի կազմակերպման եւ հող օգտագործողներու պարտաւորութիւններուն հարցերը: Խորհրդակցութեան ընթացքին յայտարարուած է, որ պետութեան հանդէպ հող օգտագործողներուն պարտաւորութիւնները կը յետաձգուին 3 տարիով՝ հաւասարաչափ վճարման սկզբունքով:

August 25th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստան Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած է

Հայաստան Այցելող Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած է

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներով, 2010ի առաջին կիսամեակին Հայաստան ժամանած է աւելի քան 230 հազար զբօսաշրջիկ, անցեալ ամբողջ տարուան 207 հազարին դիմաց: Մասնագէտները, սակայն, ոլորտին մէջ բազմաթիւ խնդիրներ կը տեսնեն: a

August 25th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Մէջ Պիտի Կայանայ Նուիրատու Կազմակերպութիւններու Միջազգային Համաժողով

Հայաստանի Մէջ Պիտի Կայանայ Նուիրատու Կազմակերպութիւններու Միջազգային Համաժողով

Հայաստանի մէջ 2011ի գարնան պիտի կայանայ նուիրատու կազմակերպութիւններու միջազգային համաժողով մը, որուն նպատակն է միջոցներ հայթայթել փախստական ընտանիքներու բնակարանային ապահովման ծրագիրը շարունակելու համար: Ըստ ՀՀ տարածքային կառավարման նախարարութեան Արտագաղթի պետական ծառայութեան աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Յակոբեանի՝ տակաւին չլուծուած կը մնայ 1216 փախստական ընտանիքներու բնակարանային հարցը։ Անոնց 316ը կը բնակին մարզերու մէջ, իսկ մնացեալը՝ Երեւանի:

August 25th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կարինէ Խոդիկեան. «Ես 180 Տարուայ Կռիւ Ունեմ Թուրքերի Հետ եւ Չեմ Գնալու Սուրբ Խա»չ

Կարինէ Խոդիկեան. «Ես 180 Տարուայ Կռիւ Ունեմ Թուրքերի Հետ եւ Չեմ Գնալու Սուրբ Խա»չ

Օգոստոս 25ին կայացած ասուլիսի մը ընթացքին՝ թատերագիր եւ հրապարակախօս Կարինէ Խոդիկեան յայտնած է, թէ ան չի պատրաստուիր մասնակցելու Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մատուցուելիք պատարագին։ Ան ըսած է, թէ ինք 180 տարուան կռիւ ունի թուրքերուն հետ, քանի որ իր նախնիները գաղթած են Կարինէն:

August 25th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Առաջնորդը Ընդունեց Իրանահայ Միութեան Ներկայացուցիչները

Առաջնորդը Ընդունեց Իրանահայ Միութեան Ներկայացուցիչները

Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները Ազգ. առաջնորդարան այցելեցին Երեքշաբթի, Օգոստոս 17ի երեկոյեան, ծանօթացման հանդիպում մը ունենալու համար առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր վարչութեան ատենապետուհին՝

August 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայաստանի Արեւտրաարդիւնաբերական Պալատի Եւ «Մաշտոց» Քոլէճի Միջեւ Ստորագրուած է Յուշագիր Մը

Հայաստանի Արեւտրաարդիւնաբերական Պալատի Եւ «Մաշտոց» Քոլէճի Միջեւ Ստորագրուած է Յուշագիր Մը

ՀՀ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի (ՀՀ ԱԱՊ) նախագահ Մարտին Սարգսեանի, եւ Կլենտէյլ քաղաքի «Մաշտոց» քոլէճի տնօրէն Կարպիս Տէր Եղեայեանի միջեւ, Օգոստոս 24ին, ստորագրուած է համագործակցութեան մասին յուշագիր մը:

August 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հոգեհանգիստ Սմբատ Արք. Լափաճեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով

Հոգեհանգիստ Սմբատ Արք. Լափաճեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, Օգոստոս 29ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի լուսահոգի Սմբատ արք. Լափաճեանի յիշատակին, վախճանման քառասունքին առիթով։

August 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քոնկրեսական Ռոյս Կը Խոստանայ Նեցուկ Կանգնիլ Հայութեան

Քոնկրեսական Ռոյս Կը Խոստանայ Նեցուկ Կանգնիլ Հայութեան

Օրենճ Քաունթիի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արմէն Կարապետեան վերջերս հանդիպում մը ունեցած է քոնկրեսական Էտ Ռոյսի հետ, քննելու համար ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:

August 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայկական Ճարտարապետութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Հայկական Ճարտարապետութեան Նուիրուած Ձեռնարկ

Հայաստանի ճարտարապետներու միութեան Ամերիկայի մասնաճիւղը կազմակերպած է հրապարակային դասախօսութիւն մը՝ «Հայ-բիւզանդական եւ հայ-իտալական ճարտարապետական առնչութիւններ» նիւթով: Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Օգոստոս 27ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ:

August 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նաւակատիքը Ս. Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ

Նաւակատիքը Ս. Ղեւոնդեանց Եկեղեցւոյ

Շաբաթ, Օգոստոս 14ին տեղի ունեցաւ Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց նորաշէն Մայր եկեղեցւոյ Նաւակատիքը կամ հանդիսաւոր բացումը, բարերարներու, կնքահայրերու եւ բազմահարիւր հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Ներկայ էր նաեւ Պըրպենքի քաղաքապետուհին՝ Անյա Ռէյնքէն, ինչպէս նաեւ՝ Լոս Անճելըս գաւառի վերակացու՝ Մայքըլ Անթոնովիչը:

August 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »