Home » September 30th, 2010Entries posted on “September, 2010”

Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Ճերի Պրաունին

Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Ճերի Պրաունին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգի կառավարիչի պաշտօնին համար տեղի ունեցող ընտրապայքարին ընթացքին որոշած է նեցուկ կանգնիլ Ճերի Պրաունին, միաժամանակ կոչ ընելով նահանգի բոլոր ամերիկահայերուն, որ իրենց քուէն տան Պրաունին:

September 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Վիրաւորանք

Վիրաւորանք

Թուրք «Գորշ գայլեր»ը կ՛ուզեն վիրաւորել մեր ազգային արժանապատուութիւնը՝ անարգելով մեր հաւատքն ու մեր սրբազան վայրերը:

September 30th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Պահչելիի Կուսակցութիւնը Անիի Մէջ Նամազ Կատարելու Արտօնութիւն Կը Ստանայ

Պահչելիի Կուսակցութիւնը Անիի Մէջ Նամազ Կատարելու Արտօնութիւն Կը Ստանայ

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30ին որոշած է արտօնութիւն տալ Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիին եւ անոր կուսակցութեան նահանգային 40 կառոյցներու ղեկավարներուն, որ Հոկտեմբերի 1ին, Անիի Մայր տաճարին մէջ (վերածուած մզկիթի) ուրբաթօրեայ նամազ կատարեն:

September 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Աղթամարի Սուրբ Խաչում «Հայր Մերը» Արգելուած Է

Աղթամարի Սուրբ Խաչում  «Հայր Մերը» Արգելուած Է

Սեպտեմբերի 26-28ը՝ սփիւռքահայ փոքր խմբի առաջարկով նրանց ուղեկցում էի դէպի Անի, Բայազետ, Վան, Բիթլիս, Մուշ եւ Կարս: Սեպտեմբերի 26ին, Կիրակի օրը՝ ընդամէնը մէկ շաբաթ անց Սեպտեմբերի 19ի պատարագից, հայերին թոյլ չտուեցին Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցու ներսում

September 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Արցախի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է ԱՄՆ

Արցախի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Աշխատանքային Այցով Մեկնած Է ԱՄՆ

Ըստ ԼՂՀ Ազգային ժողովի (ԱԺ) մամլոյ ծառայութեան տուեալներուն, Արցախի խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը Սեպտեմբեր 26ին աշխատանքային այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր իբրեւ առաջին կանգառ ընտրած է Նիւ Եորքը։ Այստեղ, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանին եւ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի փոխնախագահ Սերգէյ Ղազարեանին միացած է նաեւ ԱՄՆի մօտ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը:

September 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահին

Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց խորհրդարանի նախագահին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւօ Կիտանեան:

September 30th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Օպաման Հիմա Արդէն Կրնայ Պրայզան Փոխարինել Մէկ Այլ Թեկնածուով

Օպաման Հիմա Արդէն Կրնայ  Պրայզան Փոխարինել Մէկ Այլ Թեկնածուով

Անսպասելի դէպք մը պատահեցաւ Մեթիու Պրայզային՝ Պաքու մեկնելու ճանապարհին: Սպիտակ տան եւ պետական քարտուղարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ հաւաստիացում ստանալով, որ ինք պիտի ըլլայ ԱՄՆ յաջորդ դեսպանը Ատրպէյճանի մէջ, Պրայզա Ուաշինկթընի իր տունը վարձու տուած է ու ճամպրուկները կապած՝ օդին մէջ արդէն զգալով քարիւղի ու կազի հոտը:

September 30th, 2010

| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »

Պակասաւոր Նախաքայլ

Պակասաւոր Նախաքայլ

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ թուրքերուն կոչ կ՛ընէ բռնագրաւեալ Կիպրոսին մէջ

September 30th, 2010

| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »

Քալիֆորնիոյ Նահանգապետի Պաշտօնին Թեկնածուներու Առաջին Բանավէճը

Քալիֆորնիոյ Նահանգապետի Պաշտօնին Թեկնածուներու Առաջին Բանավէճը

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ի երեկոյեան կայացած Քալիֆորնիոյ նահանգապետի պաշտօնին գլխաւոր երկու թեկնածուներուն միջեւ բանավէճը բացայայտեց թեկնածուներուն միջեւ յստակ տարբերութիւնները:

September 29th, 2010

| Posted in Uncategorized | Read More »

Քիւրտիստանի Բանուորական Միութիւնը Զինադադարը Պիտի Երկարաձգէ՞

Քիւրտիստանի Բանուորական Միութիւնը Զինադադարը Պիտի Երկարաձգէ՞

Կը թուի, թէ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հետ կատարուած անուղղակի շփումները նպաստաւոր արդիւնք տալու վրայ են։ Կառավարութիւնը, Միացեալ Նահանգներու ու հիւսիսային Իրաքի քրտաբնակ շրջաններու նախագահ Մասուտ Պարզանիի միջնորդութեամբ, կը ջանայ ապահովել քրտական կուսակցութեան կողմէ հռչակուած զինադադարին երկարաձգումը։

September 29th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ըստ Նուարդ Մանասեանի՝ Լեզուի Օրէնքին Մէջ Կառավարութեան Զիջումները Ձեւական Են

Ըստ Նուարդ Մանասեանի՝ Լեզուի Օրէնքին Մէջ Կառավարութեան Զիջումները Ձեւական Են

«Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցների վերաբացմանը» նախաձեռնող խումբի անդամ Արմէն Յովհաննիսեան Սեպտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին յայտարարած է, թէ Սեպտեմբեր 27ին իրականացած խորհրդարանական լսումներէն պարզ դարձած է, որ կառավարութիւնը, հանդիպելով «Լեզուի մասին» եւ «Հանրակրթութեան մասին» օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններու փաթեթին հանդէպ հասարակութեան ընդվզման՝ որոշած է ձեւական զիջումներ կատարել։

September 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Խարբերդի Որբանոցին Համար Կառուցուած Է Նոր Մասնաշէնք

Խարբերդի Որբանոցին Համար Կառուցուած Է Նոր Մասնաշէնք

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Սեպտեմբեր 29ին մասնակցած է Խարբերդի մանկատան (որբանոց) նոր մասնաշէնքի բացումին, որ կառուցուած է մանկատան չափահաս սաներուն խնդիրները լուծելու նպատակով:

September 29th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Աղթամարի Ս. Խաչը՝ Առանց Խաչի

Աղթամարի Ս. Խաչը՝ Առանց Խաչի

Կիրակի, 19 Սեպտ. 2010ին, երբ համայն հայ ժողովուրդը իր աչքերը սեւեռած դէպի Ախթամար կղզի, անձկութեամբ կը հետեւէր Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ճակատագիրին, Քրեսենթա հովիտի Հայց. Առաք. Ս. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր նոյն օրը կազմակերպելու համահայկական տարողութիւն ունեցող եւ օրուան ամենահրատապ հարցը հանդիսացող՝

September 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հրապարակի Վրայ Է Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Նուիրուած Տեսապնակը

Հրապարակի Վրայ Է Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին Նուիրուած Տեսապնակը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական բաժանմունքը կը հաղորդէ, թէ Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի ուխտի օրուան տեսապնակը (DVD) հրապարակի վրայ է:

September 29th, 2010

| Posted in Գաղութներ | Read More »

Իտալիոյ Մօտ Հայաստանի Դեսպան Ռուբէն Կարապետեան Այցելեց Նափոլի Քաղաքը

Իտալիոյ Մօտ Հայաստանի Դեսպան Ռուբէն Կարապետեան Այցելեց Նափոլի Քաղաքը

Սեպտեմբեր 10-11ին, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան այցելեց Նափոլի, ուր հանդիպում ունեցաւ Նափոլիի նահանգապետ, Իտալիոյ խորհրդարանի անդամ Լուիճի Չեզարոյի հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Նափոլիի հետ Հայաստանի համագործակցութեան խորացման, նաեւ մարզային եւ քաղաքային մակարդակներով Նափոլիի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրատնտեսական ու մշակութային կապերու հաստատման վերաբերող հարցեր:

September 29th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

«Համազգային»ի ԷՋ

«Համազգային»ի ԷՋ

Ռիթա Սապունճեան-Տեմիրճեանի յիշատակը անմահացնելու եւ մշտավառ պահելու նպատակով, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը, Տեմիրճեան ընտանիքի համագործակցութեամբ, կեանքի է կոչել գրական մի հիմնադրամ, որի նպատակն է՝ խրախուսել եւ նիւթապէս օժանդակել արեւմտահայ գրականութեան արդի նուիրեալներին:

September 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Տասը Բանաձեւ՝ Աշտարակէն

Տասը Բանաձեւ՝ Աշտարակէն

Աշտարակի մէջ ՀՅԴի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած հաւաքին (տես կողքի լրատուութիւնը) որդեգրուած են տասը բանաձեւեր. ստորեւ՝ այդ բանաձեւերը.

September 29th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Պիտի Մեծարէ Մինա Ու Յակոբ Շիրվանեաններին

Հայ Կրթական Հիմնարկութիւնը Պիտի Մեծարէ Մինա Ու Յակոբ Շիրվանեաններին

Հայ կրթական հիմնարկութիւնը մեծարելու է Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններին, իր «Բովանդակ կեանքի ընթացքի ծառայութեան պարգեւ»ով (Lifetime Service Award), ՀԿՀի 60ամեակի տօնակատարութեան հանդէսին, Նոյեմբեր 6, 2010ին:

September 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ՀՅԴն Աշտարակի Հանրահաւաքով Կը Մեկնարկէ Նոր Իշխանութեան Ձեւաւորման Ի Խնդիր Պայքարը

ՀՅԴն Աշտարակի Հանրահաւաքով Կը Մեկնարկէ Նոր Իշխանութեան Ձեւաւորման Ի Խնդիր Պայքարը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Սեպտեմբեր 29ին Արագածոտնի մարզի կեդրոն Աշտարակ քաղաքին մէջ իրականացուց հանրահաւաք մը, որ ուղղուած էր յատկապէս հասարակական անարդարութիւններու եւ քաղաքացիի շահերու անտեսման դէմ։ Հանրահաւաքին կը մասնակցէին այնպիսի անձինք, որոնք դուրս դրուած էին իրենց աշխատանքէն՝ կուսակցական պատկանելիութեան պատճառով։

September 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Տաւութօղլու Ուրացման Արշաւը Կը Հասցնէ Հարվըրտ Համալսարան

Տաւութօղլու Ուրացման Արշաւը Կը Հասցնէ Հարվըրտ Համալսարան

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու «Հարվըրտ» համալսարանի Ճան Քենետիի անուան կառավարման դպրոցին մէջ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ի երեկոյեան ունեցած իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան եւ յատկապէս՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

September 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Փոխվարչապետ Մըրին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Փոխվարչապետ Մըրին

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ կեդրոնական կոմիտէի անդամ Մարտիկ Պօղոսեան, այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըրի հետ։

September 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

«Հատիս»ը Գրաւեց 2րդ Հորիզոնականը

«Հատիս»ը Գրաւեց 2րդ Հորիզոնականը

Երեւանի «Հատիս» պասքեթպոլի կանանց խումբը Սեպտեմբեր 29ին աւարտած է Գուրսքի բաժակի մրցաշարքին ելոյթները: Մրցաշարքի 3րդ խաղին, Հայաստանի ախոյեան «Հատիս»ը մրցած է Ուքրանիոյ հզօրագոյն ակումբին՝ «Տիմ-Սկուֆ»ի հետ: Հայկական խումբը 73:53 արդիւնքով յաղթած է Ուքրանիոյ ախոյեանին, եւ 4 խումբերու պայքարին ընթացքին ապահոված է 2րդ հորիզոնականը:

September 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

«Եզօ Ջան, Ախպէր Ջան» Երգող Հայու Քրտնաջան Աշխատանքին Եւ Շահագործող Ցեցերու Դէմ Պայքարին Գաղափարական Պորտակապը

«Եզօ Ջան, Ախպէր Ջան» Երգող Հայու Քրտնաջան Աշխատանքին Եւ Շահագործող Ցեցերու Դէմ Պայքարին Գաղափարական Պորտակապը

Լուսը բացուեց, բարին բացուեց,
Հօ, եզօ ջան, հորովել, հօ, եզօ ջան,
Քաշիր, քաշիր, ուսիդ մատաղ,
Հորի լորի, լորօ,
լորի լորի հորովել, հօ,
Վար-վար արա, ակօս արա,
եզօ ջան, ախպէր ջան,
Ցորենն ինծի, դարմանը՝ քեզ,
եզօ ջան, ախպէր ջան…

September 29th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »

Վիհը Կը Խորանայ

Վիհը Կը Խորանայ

Միացեալ Նահանգներու վիճակագրութեան գրասենակին կողմէ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին հրապարակուած տուեալներուն համաձայն, ամերիկացի հարուստներուն եւ աղքատներուն միջեւ վիհը շարունակած է խորանալ:

September 29th, 2010

| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »

Սուրիան Խօսքերէն Ետք Գործեր Կ՛ակնկալէ Իսրայէլէն

Սուրիան Խօսքերէն Ետք Գործեր Կ՛ակնկալէ Իսրայէլէն

Էյ.Փի.».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, թէ Սուրիա Իսրայէլէն խօսքերու կարիք չունի, այլ կ՛ակնկալէ շօշափելի քայլեր

September 28th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Էրտողանի Հնարքը

Էրտողանի Հնարքը

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան քանի մը օրէ ի վեր կը խօսի մայրենի լեզուով կրթութեան հարցին մասին ու դիտել կու տայ, որ թէեւ մայրենի լեզուի «ուսուցումը» արտօնուած է, բայց մայրենի լեզուով «կրթութիւն» պէտք չէ ըլլայ այս երկրին մէջ

September 28th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

113

113

Վերջին քանի մը օրերուն Հարաւային Քալիֆորնիան «հարուածող» տաքութեան ալիքը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին մեղմանալու սկսաւ, շրջանին մէջ ջերմաստիճանի շարք մը մրցանիշներ հաստատելէ ետք:

September 28th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հակառակ Դատարանի Որոշումին՝ ՀՅԴ Չի Յետաձգեր Նախապէս Որոշուած Հաւաքը

Հակառակ Դատարանի Որոշումին՝ ՀՅԴ Չի Յետաձգեր Նախապէս Որոշուած Հաւաքը

ՀՀ վարչական դատարանը Սեպտեմբեր 28ին մերժած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին (ԳՄ) դիմումը, ըստ որուն, ՀՅԴ ԳՄ բողոք ներկայացուցած էր Սեպտեմբեր 24ին Աշտարակի քաղաքապետին տուած որոշումին դէմ։

September 28th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երիտասարդներու Ջանքերով Կը Բարեկարգուին Արցախի Վանքերուն Տարածքները

Երիտասարդներու Ջանքերով Կը Բարեկարգուին Արցախի Վանքերուն Տարածքները

Ըստ ԼՂՀ մշակոյթի նախարարութեան երիտասարդական հարցերու բաժնի պետ Տիգրան Աթանէսեանի, նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Հոգեւոր անվտանգութիւն» քարոզչական ծրագիրին ծիրէն ներս կը բարեկարգուին Արցախին մէջ գտնուող վանքերուն տարածքները

September 28th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պոսթընի Քերմէսը Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Պոսթընի Քերմէսը Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Պոսթընի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի 35ամեակին առթիւ, Սեպտեմբեր 11-12, 2010ին մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ քերմէս մը: Արդարեւ, երկու օրուան ընթացքին, աւելի քան չորս հազար այցելողներ ժամանեցին կեդրոնին պատկանող կառատան շրջափակէն ներս կազմակերպուած քերմէսի վայրը:

September 28th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ասորիներու Զաքքա Պատրիարքի Ներկայացուցիչը՝ Վեհափառին Մօտ

Ասորիներու Զաքքա Պատրիարքի Ներկայացուցիչը՝ Վեհափառին Մօտ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20ի գիշերը, Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Զաքքա Ա. Իուաս պատրիարքին ներկայացուցիչ մետրոպոլիտ Ժորժ Սալիպան: Աւելի քան մէկ ժամ տեւող հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ եպս. Ալեմէզեանը:

September 28th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

12 Կիներ Պիտի Մեծարուին Հայ Կին Գործարարներու Նուիրուած Ձեռնարկին

12 Կիներ Պիտի Մեծարուին Հայ Կին Գործարարներու Նուիրուած Ձեռնարկին

Հայ ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակի Մեծն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը, ամերիկահայ կին գործարարներուն նուիրուած տարեկան իր չորրորդ ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի պատուէ 12 հայ կիներ:

September 28th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նամակ՝ «Հորիզոն»ին

Նամակ՝ «Հորիզոն»ին

Ապրի՛ք, շատ ապրի՛ք, որովհետեւ միշտ պատրաստ էք օրը օրին մեր ժողովուրդը հաղորդ պահելու հայութիւնը յուզող նորութիւններուն։

September 28th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նկար Լուր

Նկար Լուր

ՀՕՄի Հոլիվուտի Մայր մասնաճիւղի անդամական առաջին ժողովի մասին անդրադարձանք անցեալ Երեքշաբթի՝ Փոքրիկ Հայաստանի էջով: Ահա եւ այդ մտրեմիկ ժողովէն քանի մը դրուագները՝ նկարներով:

September 28th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նաթալի Սարգիսեանի Անուան Հիմնադրամին Ի Նպաստ

Նաթալի Սարգիսեանի Անուան Հիմնադրամին Ի Նպաստ

Ամերիկահայ ցանց կազմակերպութիւնը (The Armenian American Network) կազմակերպած է Նաթալի Սարգիսեանի անուան հիմնադրամին ի նպաստ ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 14ին, երկոյեան ժամը 6էն 10, Հոլիվուտի «La Vida Restaurant & Lounge» ճաշարանին մէջ:

September 28th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սերգէյ Մաթոսեան՝ Աբխազիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահ

Սերգէյ Մաթոսեան՝ Աբխազիոյ Խորհրդարանի Փոխնախագահ

24 պատգամաւորներէն 22ին կողմէ ստացուած ձայներով, Սերգէյ Մաթոսեան ընտրուած է Աբխազիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ։

September 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ոստումի Կարիքը

Ոստումի Կարիքը

Կան շատեր, որոնք երբ կը խօսին հայերէն թերթի մասին, կ՛արտայայտուին ծայրայեղ յոռետեսութեամբ, մարգարէի հագուստ կը հագնին եւ կը նախատեսեն հայկական տառերով թերթերուն մօտալուտ վախճանը Արեւմտեան այս ափերուն:

September 28th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Բակօ Սահակեան. «ԼՂ Անկախութիւնն Ու Անվտանգութիւնը Չեն Կարող Զիջում Հանդիսանալ»

Բակօ Սահակեան. «ԼՂ Անկախութիւնն Ու Անվտանգութիւնը Չեն Կարող Զիջում Հանդիսանալ»

Սեպտեմբեր 28ին ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան հարցազրոյց մը տուած է ուքրանական «Սեքոթնիա.ուա» թերթին, որուն ընթացքին երկրին ղեկավարը յայտնած է, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի փոխզիջումներու հիման վրայ:

September 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի՝ Բանակը Քաղաքական Գործընթացի Մասնակից Պէտք Չէ Դարձնել

Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի՝ Բանակը Քաղաքական Գործընթացի Մասնակից Պէտք Չէ Դարձնել

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան Սեպտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, անդրադարձած է նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի բանակին մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն։

September 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Է. Նալբանդեանի՝ Ատրպէյճանը Կը Շարունակէ Իր Սադրիչ Կեցուածքը

Ըստ Է. Նալբանդեանի՝ Ատրպէյճանը Կը Շարունակէ Իր Սադրիչ Կեցուածքը

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուեալներուն, Սեպտեմբեր 27ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկած է Պոսթընի մէջ, «Թաֆթս» համալսարանի Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցին մէջ:

September 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Անիի Եկեղեցիին Մէջ Նամազ Ընելու Հարցով Զգուշացում՝ Թուրք Նախարարէն

Անիի Եկեղեցիին Մէջ Նամազ Ընելու Հարցով Զգուշացում՝ Թուրք Նախարարէն

Հաւանաբար Աղթամարի արարողութեան դէմ հակազդեցութիւն մըն է այն որոշումը, ըստ որուն, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի, կուսակցական նահանգային 40 նախագահներու ընկերակցութեամբ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 1ին Կարս պիտի երթայ ու ապա Անիի աւերակներուն մէջ նամազի աղօթք պիտի ընէ։ Այս կերպով, Պահչելի առաջին քայլը առած պիտի ըլլայ ընտրարշաւի գետնին վրայ։

September 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

«Միջազգային Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի Մասին Հարցազրոյց Ռաքէլ Տինքի Հետ

«Միջազգային Հրանդ Տինք Հիմնարկ»ի Մասին Հարցազրոյց Ռաքէլ Տինքի Հետ

Սեպտեմբեր 15ին Հրանդ Տինք պիտի դառնար 56 տարեկան…

September 28th, 2010

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Իսլամիզմը Նոր Սպառնալիք Է Ադրբեջանին

Իսլամիզմը Նոր Սպառնալիք Է Ադրբեջանին

Վերջին տարիներին Ադրբեջանում, չնայած այդ երեւոյթների դէմ իշխանութիւնների ակտիւ պայքարին, զօրանում է իսլամական արմատականութիւնը՝ ինչպէս շիա, այնպէս էլ վահաբական ուղղութեան։ Տեսանելի ապագայում դա կարող է էապէս մեծացնել հասարակական-քաղաքական անկայունութիւնը ինչպէս այդ պետութիւնում, այնպէս էլ ամբողջ կովկասեան տարածաշրջանում։

September 27th, 2010

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Իսրայէլ Որոշեց Ապօրինի Բնակեցման Վայրերու Կառուցումը Շարունակել

Իսրայէլ Որոշեց Ապօրինի Բնակեցման Վայրերու Կառուցումը Շարունակել

Իսրայէլեան բնակեցման ապօրինի աշխատանքներու տասը ամսուան սառեցման ժամկէտի աւարտէն ժամեր ետք, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 27ին հաղորդեց, որ գրաւեալ Արեւմտեան ափի տարբեր շրջաններու մէջ աշխատանքները վերսկսած են կամ սկսելու վրայ են։

September 27th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայ Եւ Թուրք Գեղեցկուհիները՝ Ի Նպաստ Խաղաղութեան

Հայ Եւ Թուրք Գեղեցկուհիները՝ Ի Նպաստ Խաղաղութեան

Սեպտեմբեր 27ին, «Նիուզ» լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ Պոտում քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք գեղեցկութեան մրցոյթէն առաջ, 20 տարբեր երկիրներէ ժամանած գեղեցկուհիներ այցելած են Իզմիրի Մարիամ Աստուածածինի սրբավայրը եւ միասին աղօթած են խաղաղութեան համար:

September 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Գարեգին Բ. Ազերի Զինուորի Դիակը Վերադարձնելու Հարցով Կը Միջնորդէ

Գարեգին Բ. Ազերի Զինուորի Դիակը Վերադարձնելու Հարցով Կը Միջնորդէ

Սեպտեմբերի սկիզբը Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Կիրիլ Առաջին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ներկայացուցած է Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր վարչութեան նախագահ Շէյխ ուլ իսլամ Փաշազատէի խնդրանքը՝ միջնորդելու ՀՀ իշխանութիւններուն մօտ՝ Ատրպէյճանին վերադարձնելու Յուլիս 19ին ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Չայլու գիւղի դիրքերուն վրայ յարձակած ատրպեճանական խումբի անդամ Մ. Իպրահիմովի դին:

September 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բարի Գալուստ Ախոյեաններուն

Բարի Գալուստ Ախոյեաններուն

Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան երթալով, երէկ՝ բազմահազար մարզասէրներ ջերմօրէն դիմաւորեցին Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքէն ախոյանութեան մետալներով վերադարձած Հայաստանի ծանրամարտի տղամարդկանց եւ կանանց ազգային հաւաքականները:

September 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Վիգ Դարչինեան Վստահ է, Որ Կը Յաղթէ Մոնտիէլին

Վիգ Դարչինեան Վստահ է, Որ Կը Յաղթէ Մոնտիէլին

WBA/WBC վարկածներով գերթեթեւ քաշային կարգին մէջ աշխարհի ախոյեան Վիգ Դարչինեան կոշտ պատասխան մը տուած է թեթեւագոյն քաշային կարգի մէջ WBC/WBO ախոյեան Ֆերնանտօ Մոնտիէլին, որ վերջերս յայտարարած էր, թէ Դարչինեան կը վախնայ հանդիպիլէ իր հետ:

September 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Իրականացաւ Իրանահայ Միութեան Տարիների Փայփայած Իղձը

Իրականացաւ Իրանահայ Միութեան Տարիների Փայփայած Իղձը

Հայրենիքից հեռու, Ամերիկայի այս խառնաշփոթ կեանքում, իրանահայերը, հայապահպանման ոգով տոգորուած, կառչած իրենց արմատներին ու հայեացքը միշտ դէպի հայրենիք ուղղած՝ 1956 թուակնին հիմնադրեցին Իրանահայ միութիւնը: Նպատակը ազգային գիտակցութեան, մշակութային կեանքի զարգացման եւ վերելքի ձգտումն էր:

September 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նախագահ Ուիլսընի Ժառանգութեան Նուիրուած Կեդրոն

Նախագահ Ուիլսընի Ժառանգութեան Նուիրուած Կեդրոն

Միացեալ Նահանգներու 28րդ նախագահ Ուոտրօ Ուիլսընի ընտանիքին շարավիղներէն հանդիսցող Տանըլտ Ուիլսըն Պուշի ջանքերով, նախագահի Ուիլսընի ձգած ժառանգութեան նուիրուած միջազգային կազմակերպութիւն մը հաստատուած է, որուն, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսը յատուկ յուշագիր մը պիտի յանձնէ:

September 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Տեսակցութիւն՝ Արուեստագէտ Վաչէ Առաքելեանի Հետ

Տեսակցութիւն՝ Արուեստագէտ Վաչէ Առաքելեանի Հետ

Գեղեցիկ աւանդութեան եւ սովորութեան համաձայն, Հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է հայ մշակոյթին: Ասկէ մեկնած, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. առաջնորդարանի Առաքելութեան տարածման յանձնախումբին,

September 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նէա Զմիռնի Եւ Սիսիան Քաղաքներու Եղբայրացման 10ամեակի Նշում

Նէա Զմիռնի Եւ Սիսիան Քաղաքներու Եղբայրացման 10ամեակի Նշում

ՀՅԴ Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22ի երեկոյեան, Ֆիքսի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի բակէն ներս տեղի ունեցաւ Նէա Զմիռնի եւ Սիսիան քաղաքներու եղբայրացման 10ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը՝ երկու քաղաքներու տեղական ղեկավարման բարձրագոյն ներկայացուցչութեանց եւ հայրենի «Ամբերդ» պարախումբի մասնակցութեամբ:

September 27th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

ԱՍՔ ՈՒ ԶՐՈՅՑ

ԱՍՔ ՈՒ ԶՐՈՅՑ

Ես գիտէի, որ կրակի պէս ես, որ չպիտի դիպչել, որ կ՛այրես… Բայց ցանկութիւնս շատ էր, եւ սէրս մեծ էր… Ու դիպայ… Տեսնո՞ւմ ես ինչ գեղեցի՜կ եմ այրւում…

September 27th, 2010

| Posted in Ասք ու Զրոյց, Սիւնակներ | Read More »

ՄԱԿէն՝ Քոնկրես

ՄԱԿէն՝ Քոնկրես

Մինչ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչները ոգի ի բռին կ՛աշխատին ի նպաստ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 252 բանաձեւի հաստատման, Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այս անգամ տհաճ անակնկալ մը չպարգեւեց բոլորիս եւ ՄԱԿի բարձր ամպիոնէն առնուազն հպանցիկ կերպով անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին:

September 27th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Էդուարդ Նալբանդեան ՄԱԿի Ամպիոնէն Քննադատած Է Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան

Էդուարդ Նալբանդեան ՄԱԿի Ամպիոնէն Քննադատած Է Ատրպէյճանն Ու Թուրքիան

Սեպտեմբեր 25ին, ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ միջազգային այդ բարձր ամպիոնէն անդրադարձած է հայկական Ցեղասպանութեան հարցին:

September 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Պան Քի Մուն Կը Սատարէ Հայ-Ազերի Սահմանագիծէն Դիպուկահարներու Հեռացումը

Պան Քի Մուն Կը Սատարէ Հայ-Ազերի Սահմանագիծէն Դիպուկահարներու Հեռացումը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան՝ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի Ընդհ. ժողովի 65րդ նստաշրջանին ծիրէն ներս, հանդիպած է ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

September 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Իսլամական Երկիրներու Կազմակերպութիւնը Հակահայ Յայտարարութիւն Մը Կը Հրապարակէ

Իսլամական Երկիրներու Կազմակերպութիւնը Հակահայ Յայտարարութիւն Մը Կը Հրապարակէ

Ատրպեճանական «1news.az» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսլամական երկիրներու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարութեանց ղեկավարներու ամենամեայ հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, կազմակերպութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հակահայ յայտարարութիւն մը հրապարակած է:

September 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

«Լեզուի Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւն Պիտի Չըլլայ

«Լեզուի Մասին» Օրէնքին Մէջ Փոփոխութիւն Պիտի Չըլլայ

Սեպտեմբեր 27ին ԱԺ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակր-թութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի հրաւիրած խորհրդարանական լսումներու ընթացքին քննարկուած է ՀՀ կառավարութեան հեղինակած եւ առաջին ընթերցումով Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած «Հանրակրթութեան մասին» եւ «Լեզուի մասին» ՀՀ օրէնքներուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնսդրական նախաձեռնութիւններուն փաթեթը:

September 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Էջմիածինը Կը Դատապարտէ Քուրանը Այրելու Դէպքերը

Էջմիածինը Կը Դատապարտէ Քուրանը Այրելու Դէպքերը

Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդը՝ Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, կը դատապարտէ Քուրանը այրելու դէպքերը եւ այդ մասին կատարուած յայտարարութիւնները:

September 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Տօնավաճառը

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Տօնավաճառը

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 53րդ տարեկան պազար-տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10էն մինչեւ Կիրակի Սեպտեմբեր 12 երկարաձգուող շաբաթավերջին, «Խաչատուրեան» համալիրին մէջ: Տօնավաճառը անցաւ բացառիկ յաջողութեամբ. պատրաստուած հայկական ու միջին արեւելեան համադամ ճաշերը, անուշեղէններն ու խմորեղէնը մեծապէս գնահատուեցան հայ եւ օտար այցելուներու կողմէ:

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կը Նկարահանուի «Դաշտադէմի Ամրոցը» Շարժապատկերը

Կը Նկարահանուի «Դաշտադէմի Ամրոցը» Շարժապատկերը

Երիտասարդ նկարիչ Աննա Յարութիւնեանի հեղինակութեամբ «Total Art»ը պիտի նկարահանէ «Դաշտադէմի Ամրոցը» շարժապատկերը, որ Կամսարականներու օրով կառուցուած Ներքին Թալինի Քաղենիի հազարամեայ ամրոցին մասին է:

September 24th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Շուրջ Չորս Հազար Գիրք՝ Ազգային Գրադարանի Ելեկտրոնային Բաժինին Մէջ

Շուրջ Չորս Հազար Գիրք՝ Ազգային Գրադարանի Ելեկտրոնային Բաժինին Մէջ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի փոխտնօրէն Ռաֆիկ Ղազարեանի համաձայն, գրադարանի ելեկտրոնային բաժինին մէջ կայ շուրջ 4 հազար գիրք:

September 24th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պատմութեան Թանգարանը 2010ին Համալրուած Է 1019 Ցուցանմուշով

Պատմութեան Թանգարանը 2010ին Համալրուած Է 1019 Ցուցանմուշով

Ըստ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անելկա Գրիգորեանի, թանգարանը այս տարի համալրուած է 1019 նոր ցուցանմուշով: Անոր հաւաստումով, տարուէ տարի կ՛աճի տրամադրուող նմուշներուն թիւը. անոնք յատկապէս հնագիտական պեղումներու արդիւնքով յայտնաբերուած նմուշներ են. կան նաեւ նուիրատուութիւններ եւ թանգարանին կողմէ գնուած իրեր։

September 24th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Հայ Ըլլար, Չէ՞ր Ըլլար…»ը՝ Թատերական Հաճելի Նուաճում

«Հայ Ըլլար, Չէ՞ր Ըլլար…»ը՝ Թատերական Հաճելի Նուաճում

Թատրոնը բազմարուեստ կալուած է. բեմական իրագործում մը կը կարօտի մեծ ճիգի եւ հետեւողական, անընդմէջ աշխատանքի. իսկ երբ խօսքը վերաբերի հայկական թատերական գործի մը իրագործման, դժուարութիւնները կը բազմապատկուին, որովհետեւ չունինք արհեստավարժ թատրոն. գործի մը սիրողական ուժերով մարմնաւորումը, որքան ալ շնորհալիներու համախմբումով ըլլայ անիկա… Պատմութեան մնացեալ բաժինը ծանօթ է։

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Շամլեան»ի Շրջանաւարտին Նուէրը

«Շամլեան»ի Շրջանաւարտին Նուէրը

«Շամլեան» Ազգ. վարժարանի 36ամեայ կրթադաստիարակչական առաքելութիւնը արժեւորւում է նաեւ նրանով, որ վարժարանի շրջանաւարտ աշակերտները ո՛չ միայն անքակտելի են պահում իրենց կապը վարժարանին հետ, այլ նաեւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալուց յետոյ, յաճախ՝ իբրեւ ուսուցիչ, իսկ շատ յաճախ՝ իբրեւ կամաւոր հայորդի, վերադառնում են վարժարան իրենց ծառայութեան լուման նուիրաբերելու վարժարանին, որն իրենց իսկ բնութագրմամբ, համարուել եւ շարունակում է համարուել իրենց հոգեհարազատ երկրորդ տունը:

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ա. Եւ Մ. Յովսէփեան Վարժարանի Վերամուտը

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ա. Եւ Մ. Յովսէփեան Վարժարանի Վերամուտը

Փասատինայի մէջ 27 տարիներէ ի վեր գործող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանը, որ անցեալ տարի «WASC»ի կողմէ արժանացաւ երեք տարուան վարկաւորման

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանօ Մոնթեպելլոյի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանօ Մոնթեպելլոյի Հայ Կեդրոնին Մէջ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10ին, Սան Կապրիէլ Հովիտի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնէն ներս հիւրընկալեց Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու Տան անդամ՝ Քոնկրեսական Կրէյս Նափոլիթանոն՝ շնորհակալութիւն յայտնելու համար անոր ցուցաբերած բարեկամութեան եւ ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հետեւողական զօրակցութեան: Ընդունելութեան ներկայ էին գաղութի անդամները, շրջանի գործարարները, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Դիլիջան» Սենեկային Երժշտական Համերգաշարի 6րդ Տարեշրջանը

«Դիլիջան» Սենեկային Երժշտական Համերգաշարի 6րդ Տարեշրջանը

Սեպտեմբեր 2010ի վերջին Կիրակին, յետմիջօրէի ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի «Զիփփըր» հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Դիլիջան» երաժշտական համոյթի Զ. տարեշրջանին )2010-2011( բացումը՝ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան հովանիին ներքեւ։

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կլենտէյլի Հայ Դատի Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Կլենտէյլի Հայ Դատի Ձեռնարկը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին, Կլենտէյլի «Ռենեսանս» ճաշարանին մէջ կայացած Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթը յաջողութեամբ պսակուեցաւ. անոր ընթացքին շարք մը մրցանակներ յանձնուեցան:

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀՀ Անկախութեան 19րդ Ամեակին Նուիրուած Միջոցառում՝ Լոս Անջելըսում

ՀՀ Անկախութեան 19րդ Ամեակին Նուիրուած Միջոցառում՝ Լոս Անջելըսում

Ինչպէս հայրենիքում, այնպէս էլ հայրենքից դուրս, մեծ շուքով նշուեց ՀՀ Անկախութեան 19րդ տարեդարձը:

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 95ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ «Արեւ» Ճամբարին Մէջ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 95ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ «Արեւ» Ճամբարին Մէջ

Կիրակի, 12 Սեպտեմբերին, «Արեւ» ճամբարին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 95ամեակը՝ կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ «Մուսա Լեռ» հայրենակցական միութեան:

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Անդամները Հանդիպեցան Խորհրդարանի Անդամ Անտրիու Սաքսթընի Հետ

Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Անդամները Հանդիպեցան Խորհրդարանի Անդամ Անտրիու Սաքսթընի Հետ

Սեպտեմբեր 7ին, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան, Վահէ Ակոբեան եւ Արթիւր Թաշճեան, Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Պահպանողական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Անտիրու Սաքսթընի հրաւէրով, ներկայ գտնուեցան յատուկ հանդիսութեան մը, որ տեղի ունեցաւ North Vancouver Museum and Archives-ի մէջ։

September 24th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

«Գոհար»ի Ելոյթներուն Նախապատրաստական Աշխատանքները՝ Ընթացքի Մէջ

«Գոհար»ի Ելոյթներուն Նախապատրաստական Աշխատանքները՝ Ընթացքի Մէջ

«Ազդակ» կը տեղեկացնէ, որ անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի զանազան տեսարժան վայրերը կատարուած շրջապտոյտէ մը ետք, Կիրակի, Սեպտեմբեր 19ին, «Գոհար» երգի ու պարի համոյթը իր 160է աւելի երաժիշտներով, երգիչներով եւ պարախումբի 15 անդամներով մուտք գործեց Զուք Միքայէլի հռոմէական ամփիթատրոնի սրահ։ Հեռաձայնային կարճ հաղորդակցութիւն մը ունենալով

September 24th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Անխաչ Եկեղեցի Եւ Մուսուլման Հայեր. Հայկական Ինքնութեան Որոնումներում

Անխաչ Եկեղեցի Եւ Մուսուլման Հայեր.  Հայկական Ինքնութեան Որոնումներում

Հայաստանեան ԶԼՄների (զանգուածային լրատուական միջոցներու-Խմբ.) մի խումբ ներկայացուցիչներ, «Հրանտ Դինք» հիմնադրամի հրաւէրով, Սեպտեմբերի 13-19ը Թուրքիայում էին՝ Անկարայում,

September 24th, 2010

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Անգարայի Եւ Քրտամէտ Կուսակցութեան Միջեւ Երկխօսութիւնը Սկսաւ

Անգարայի Եւ Քրտամէտ Կուսակցութեան Միջեւ Երկխօսութիւնը Սկսաւ

Թուրքիոյ կառավարութեան եւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան միջեւ քրտական հարցի լուծման համար, երկխօսութեան գործընթացը սկսաւ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի խորհրդարանի գրասենեակին մէջ։ Այս բանակցութիւնները ծրագրուած էին ամիսներ առաջ, սակայն շարք մը ահաբեկչական գործողութիւններ ձգձգած էին զանոնք:

September 24th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Մենաշնորհեա՞լ

Մենաշնորհեա՞լ

Հոգեբաններու համաձայն, կան երեխաներ, որոնք շփացած կը ծնին, այսինքն՝ իրենք զիրենք մենաշնորհեալ կը զգան ծինային պատճառներով, իսկ կան ուրիշներ, որոնք շփացած կը դառնան՝ իրենց ծնողքին կամ շրջապատին անպատասխանատու շռայլութիւններուն հետեւանքով:

September 24th, 2010

| Posted in Լուսարձակ | Read More »

Մարդկային Կեանքի «Խաչ»երը

Մարդկային Կեանքի «Խաչ»երը

Խաչի տօները քրիստոնէական եկեղեցին կը կատարէ, փառաւորելու համար մեր Տիրոջ ու Փրկչին զոհագործումը մարդոց փրկութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ պատուելու համար այն Խաչափայտը, որուն վրայ բեւեռուելով Քրիստոս, սրբագործեց զայն եւ դարձուց հաւատքի զօրեղ նշան

September 24th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Գերճնշուածութիւնը Ձեր Դէմքէն Հեռացուցէք

Գերճնշուածութիւնը Ձեր Դէմքէն Հեռացուցէք

Մտահոգ է՞ք։ Արդէն շատ ցայտուն է ձեր դէմքին վրայ գերճնշուածութեան նշանները ու այլեւս չէք կրնար ծածկել։ Ահաւասիկ 5 էական նշաններ գերճնշուածութեան դէպի դէմք ներթափանցելուն եւ համապատասխան ձեւերը՝ դիմադրելու եւ վանելու համար գերճնշուածութեան հետքերը ձեր դէմքէն։

September 24th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Գիր Ու Գիծ

Գիր Ու Գիծ

Մասիս

September 24th, 2010

| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »

Թերթին Անվայել

Թերթին Անվայել

«Ուաշինկթըն Փոսթ»ի (Տես կողքի լրատուութիւնը) տարօրինակ զօրակցութիւնը՝ դիւանագէտ Պրայզայի վարկաբեկուած թեկնածութեան, կը քննադատուի իրաւաբան, «Մեսրոպեան» վարժարանի տնօրէն Սեդօ Պոյաճեանի կողմէ:

September 24th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

ՀՕՄի 100ամեայ Ծառայութեան Քննարկումը «Եու.Էս.Սի.»ի Գիտաժողովին

ՀՕՄի 100ամեայ Ծառայութեան Քննարկումը «Եու.Էս.Սի.»ի Գիտաժողովին

Ամերիկայի տարածքէն մասնագէտներ, «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեան եւ Ֆրեզնոյէն նահանգային դատաւոր Հուրի Սանտըրսըն քննարկեցին հայ կնոջական ամէնէն հին բարեսիրական կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքները, Սեպտեմբեր 18ին, «Եու.Էս.Սի.» համալսարանի (University of Southern California) «Թաուն էնտ Կաուն» սրահէն ներս, աննախընթաց գիտաժողովին ընթացքին:

September 24th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ռուս Պաշտօնատարը Կը Բացայայտէ Ղարաբաղը Բանակցութիւններէն Դուրս Բերելու Պատճառը

Ռուս Պաշտօնատարը Կը Բացայայտէ Ղարաբաղը Բանակցութիւններէն Դուրս Բերելու Պատճառը

Ատրպեճանական լրատու գործակալութիւնը (Էյ.Փի.Էյ.) հարցազրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Անվտանգութեան համաձայնագիրի պետութիւններու (ԱՊՀ) չորրորդ բաժանմունքի տնօրէն Անտրէյ Քելինի հետ, երբ վերջինս հանգամանօրէն անդրադարձած է ղարաբաղեան բանակցութիւններու հետ կապուած զարգացումներուն:

September 24th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Կ՛ընդդիմանայ Պրայզայի Նշանակման Կասեցումին

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Կ՛ընդդիմանայ Պրայզայի Նշանակման Կասեցումին

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 24ին լոյս տեսած խմբագրականով մը, ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթը խստօրէն քննադատած է Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը Մեթիու Պրայզան նշանակելու փորձին դէմ ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըրի եւ Ռապըրթ Մենենտեզի դրած արգելքը՝ զայն ամերիկեան շահերուն դէմ առնուած եւ Կովկասի մէջ պատերազմը աւելի հաւանական դարձնող քայլ մը նկատելով:

September 24th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀԵԴի Ընդհանուր Ժողովը Շեշտը Դրաւ Համայնքային Ծառայութեան Վրայ

ՀԵԴի Ընդհանուր Ժողովը Շեշտը Դրաւ Համայնքային Ծառայութեան Վրայ

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀԵԴի 14 ուխտերէն մօտաւորապէս 60 պատգամաւորներ մասնակցեցան Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 17էն Կիրակի, Սեպտեմբեր 19 երկարած Ընդհանուր ժողովի նիստերուն, որոնց ընթացքին քննուեցաւ անցեալ տարեշրջանի գործունէութիւնը եւ մշակուեցան յառաջիկայ տարեշրջանին ծրագիրները:

September 24th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայ Դատի Յանձնախումբը Պիտի Մեծարէ Չարլի Կալեանը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Պիտի Մեծարէ Չարլի Կալեանը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Հոկտեմբեր 24ին կայանալիք յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Ժառանգութիւն» մրցանակը պիտի շնորհուի համայնքային գործիչ եւ բարերար Չարլի Կալեանին, ամերիկահայ համայնքին անոր մատուցած երկարամեայ սպասարկութեանց համար:

September 24th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ալիեւ Հայաստանը Ցեղային Մաքրագործումով Կ՛ամբաստանէ

Ալիեւ Հայաստանը Ցեղային Մաքրագործումով Կ՛ամբաստանէ

Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 65րդ նստաշրջանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին յայտարարած է, թէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը մեծ սպառնալիք կը ներկայացնէ միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան։

September 24th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԽՕՍՔ- ՀՅԴ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»Ի ԽՄԲԱԳԻՐ ՄՈՒՇԵՂ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»Ը

ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ԽՕՍՔ- ՀՅԴ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»Ի ԽՄԲԱԳԻՐ ՄՈՒՇԵՂ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆԻ «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ»Ը

«Այո, ճառեր քիչ են ասւում արդէն, որովհետեւ կարծես թէ այլեւս ասելու բան չկայ:

September 24th, 2010

| Posted in Յօդուածներ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Լարուած Մեքենան

Լարուած Մեքենան

Սեպտեմբեր 30ը ժամկէտ է: Մինչ այդ, պէտք է հնարաւոր ըլլայ ապահովել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամներու մեծամասնութեան դրական քուէն՝ թիւ 252 բանաձեւին համար: Սեպտեմբեր 30էն ետք, քոնկրեսականները կը մեկնին արձակուրդի ու ամբողջութեամբ կը կլանուին իրենց ընտրարշաւի աշխատանքներուն մէջ:

September 23rd, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Աղթամարի Սուրբ Խաչին Կրնայ Յաջորդել Կարսի Ս. Առաքելոցը

Աղթամարի Սուրբ Խաչին Կրնայ Յաջորդել Կարսի Ս. Առաքելոցը

Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայոց հինաւուրց մայրաքաղաք Կարսի Սուրբ Առաքելոց եկեղեցին եւս կրնայ արժանանալ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «բախտ»ին:

September 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Թուրքիոյ Կառավարութեան Դէմ Կը Կանգնի Դաւանափոխ Հայերու Խնդիրը

Թուրքիոյ Կառավարութեան Դէմ Կը Կանգնի Դաւանափոխ Հայերու Խնդիրը

Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ (Արեւմտեան Հայաստան) բնակող դաւանափոխ հայերը սկսած են խօսելու իրենց ծագման մասին եւ ներկայացնելու փաստաթուղթեր, որոնք կը վկայեն իրենց քրիստոնեայ ըլլալը: Այս մասին կը գրէ «Yenicaggazetesi» թրքական թերթը: «Թուրքիայում նաեւ մեծ պահանջարկ ունի «Դաւանափոխ հայեր» գիրքը», կը յայտնէ «ՓանԱրմինիըն»ը:

September 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայաստանի Մէջ Կը Կայանան ՀՕՄի 100ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայաստանի Մէջ Կը Կայանան ՀՕՄի 100ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 100ամեակին առիթով, Վետիի ՀՕՄի գրասենեակին կողմէ 2010ի Հոկտեմբերին, Խոր Վիրապի մէջ կը կազմակերպուի յիշատակի եւ մատաղի արարողութիւն: Ըստ Վետիի ՀՕՄի գրասենեակի ատենապետուհի Հռիփսիմէ Յարութիւնեանին, վերոյիշեալ արարողութիւնը կը կատարուի վերագնահատելու համար ՀՕՄուհիներուն կատարած բարեգործութիւնները՝ 1915ին Թուրքիոյ մէջ իրականացած Եղեռնէն ազատած հայերուն նկատմամբ:

September 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Քոսովօ Կը Խնդրէ Հայաստանէն Ճանչնալ Իր Անկախութիւնը

Քոսովօ Կը Խնդրէ Հայաստանէն Ճանչնալ Իր Անկախութիւնը

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի Քոսովոյի ծառայութիւնը հաղորդած է, որ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿի ժողովներուն մասնակցելու նպատակով այդտեղ գտնուող Հայաստանի եւ Քոսովոյի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում ունեցած են: Քոսովոյի նախարար Իսկենտէր Հուսէյնի խնդրած է նախարար Էդուարդ Նալբանդեանէն, որ Հայաստանը ճանչնայ Քոսովոյի անկախութիւնը:

September 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Կը Հանդիպին Մինսկի Խումբին

Նալբանդեան Եւ Մամետեարով  Կը Հանդիպին Մինսկի Խումբին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան ու Էլմար Մամետեարով, երէկ հանդիպած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ:

September 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ալիեւ Արցախի Հարցը Քննած Է Մորնինկսթարի Հետ

Ալիեւ Արցախի Հարցը Քննած Է Մորնինկսթարի Հետ

Ատրպէյճանի պետական «Ազերթաք» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Միացեալ Նահանգներ այցելող Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22ին հանդիպում մը ունեցած է Եւրասիոյ ուժանիւթի հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հետ։ Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն։

September 23rd, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ո՞վ Յաղթեց Աղթամարի Քարոզչական Պատերազմին. Հայե՞րը, Թէ Թուրքերը

Ո՞վ Յաղթեց Աղթամարի Քարոզչական Պատերազմին. Հայե՞րը, Թէ Թուրքերը

Թուրքիոյ կառավարութեան սպասելիքները չարդարացան. ան չյաջողեցաւ աշխարհի չորս կողմէն ակնկալուող հազարաւոր ուխտաւորներու բազմութիւն ապահովել Սեպտեմբեր 19ին, Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ գրեթէ մէկ դար ետք մատուցուած առաջին պատարագին: Միայն քանի մը հարիւր հայեր մասնակցեցան այդ արարողութեան, առաւելաբար՝ Պոլիսէն:

September 23rd, 2010

| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »

Քիւրտ Անջատողականները Թուրքիոյ Հետ Ռազմական Կապերը Խզելու Կոչ Կ՛ընեն Իսրայէլի

Քիւրտ Անջատողականները Թուրքիոյ Հետ Ռազմական Կապերը Խզելու Կոչ Կ՛ընեն Իսրայէլի

Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22ին կոչ ըրաւ Իսրայէլի, որ Թուրքիոյ հետ իր ռազմական յարաբերութիւնները խզէ, որովհետեւ Անգարա «հասարակաց թշնամի» մըն է: Յայտնենք, թէ վերջերս յաճախ կը հաղորդուի, թէ Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութիւնը՝ «Մոսատ»ը, Իրաքի մէջ քիւրտ զինեալներ կը մարզէ։

September 23rd, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պրազիլ Կը Քաննադատէ Իրանի Դէմ Ինքնագլուխ Քայլերը

Պրազիլ Կը Քաննադատէ Իրանի Դէմ Ինքնագլուխ Քայլերը

Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Սելսօ Ամորիմ յայտնեց, որ Պրազիլ, Ռուսիա, Հնդկաստան եւ Չինաստան կ՛ուզեն, որ ՄԱԿը դատապարտէ այն երկիրները, որոնք միակողմանի պատժամիջորներ կը հաստատեն՝ ակնարկելով յատկապէս Իրանի դէմ պարտադրուող ինքնագլուխ պատժամիջոցներուն:

September 23rd, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Անգարա-Օչալան Բանակցութիւններ

Անգարա-Օչալան Բանակցութիւններ

Թրքական լրատուամիջոցներ Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 23ին հաղորդեցին, որ թրքական կառավարութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուալլահ Օչալանի հետ «համապարփակ պաշտօնական բանակցութիւններ» կը վարէ, եւ որ այդ բանակցութիւնները Անգարայի մէջ քաղաքական քննարկումներու ամենակարեւոր նիւթը դարձած է։ Նախապէս նման բանակցութիւնները կը կատարուէին թրքական բանակի մասնայատուկ ուժերու կամ տարբեր ստորաբաժանումներու ղեկավարներու հովանիին տակ, սակայն այս անգամ՝ ոչ զինուորականներու խմբակի մը կողմէ։

September 23rd, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ամերիկա-Իրան Գաղտնի Հանդիպո՞ւմ

Ամերիկա-Իրան Գաղտնի Հանդիպո՞ւմ

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի քննարկումներու նախօրէին, ՄԱԿի Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն միջեւ գաղտնի հանդիպում մը։ Ըստ օրաթերթին, երկու երկիրները մտադիր են մշտական, ոչ պաշտօնական դիւանագիտական ուղղիղ կապեր հաստատել։

September 23rd, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Մարիամ Սուխուդեան Դատի Կ՛ուզէ Տալ Իրեն Հանդէպ Անօրինութիւն Գործած Ոստիկանները

Մարիամ Սուխուդեան Դատի Կ՛ուզէ Տալ Իրեն Հանդէպ Անօրինութիւն Գործած Ոստիկանները

Երիտասարդ «աքթիւիսթ» Մարիամ Սուխուդեան յայտարարած է, որ իր դէմը յարուցուած քրէական գործով իրեն հանդէպ կատարուած են անօրինական գործողութիւններ, որոնց առնչութեամբ կը պահանջէ քրէական գործ յարուցել։ Անոր յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

September 23rd, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »