Home » October 29th, 2010Entries posted on “October, 2010”

«ԱՌԱՒՕՏ»Ի ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ԱՆՆԱ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ԱՌԱՒՕՏ»Ի ԱՇԽԱՏԱԿԻՑ ԱՆՆԱ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆԻ ՀԵՏ

Դուք Հոկտեմբերի 23ին ներկայ էիք կոնսերվատորիայի դիմացի այգում Թեղուտի պաշտպանութեան խմբի կազմակերպած համերգ-հանրահաւաքին, որն անցկացնելու համար Երեւանի քաղաքապետարանն առաջարկել էր այլ վայր: Միջոցառման ընթացքում կոնսերվատորիայի դիմաց գտնուող սրճարանից, չնայած նախնական պայմանաւորուածութեանը, հրաժարուեցին հոսանք տրամադրել՝ պատճառաբանելով ստացուած հեռախօսազանգը: Ո՞րն է նման խոչընդոտների պատճառը. արդեօք իշխանութիւնն այնքան թո՞յլ է, որ վախենում է անգամ բնապահպանական նման փոքրիկ հաւաքներից:

October 29th, 2010

| Posted in Հարցազրոյց, Յօդուածներ | Read More »

Նրանք Պիտի Շարունակեն

Նրանք Պիտի Շարունակեն

Մեր հարցազրոյցի դրդապատճառն էր «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրի մտահոգութիւնը պրոֆեսօր Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի հանգստեան կոչուելու կապակցութեամբ. արդեօ՞ք այդ բացը պիտի լրացուի հայ նոր սերնդով, որ հետաքրքրուած է հայկական ցեղասպանութեան հարցերով, եւ պիտի կարողանա՞յ շարունակել մեծ գիտնականի տարած աշխատանքները:

October 29th, 2010

| Posted in Հարցազրոյց, Յօդուածներ | Read More »

Արթուր Ճաւատեան Գերմանական Վարկային Նոր Ծրագիրներ Կը Փնտռէ

Արթուր Ճաւատեան Գերմանական Վարկային Նոր Ծրագիրներ Կը Փնտռէ

Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ճաւատեան, Նոյեմբեր 1-2 օրերուն պիտի այցելէ Ֆրանքֆուրթ՝ մասնակցելու համար գերմանա-հայկական հիմնադրամի դիտորդ խորհուրդին հերթական նիստին:

October 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կրթական Ոլորտէն Ներս Համագործակցութիւն՝ Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ

Կրթական Ոլորտէն Ներս Համագործակցութիւն՝ Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ

Հոկտեմբեր 25-26ին, Հայաստանի վարչապետին Իրան կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Հայաստանի եւ Իրանի կառավարութիւններուն միջեւ ստորագրուած է կրթութեան, գիտութեան եւ գիտարուեստներու բնագաւառներուն մէջ համագործակցութեան մասին 2010-2013 տարիներուն համար գործնական ծրագիր՝ ի դէմս Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ Իրանի գիտութեան, հետազօտութիւններու եւ գիտարուեստներու նախարար Քամրան Տանեշջուի:

October 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայ-Գանատական Յարաբերութիւնները Գոհացուցիչ Կը Նկատուին

Հայ-Գանատական Յարաբերութիւնները Գոհացուցիչ Կը Նկատուին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հոկտեմբեր 29ին ընդունած է Մոնթրէալի քաղաքապետ Ժերալ Թրեմպլէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ու անոնց հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած, թէ գնահատելի է հայ-գանատական յարաբերութիւններուն մէջ ձեւաւորուած մակարդակը։

October 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Մէջ Կը Ներդրուի Ոսկիի Կորզման Նորագոյն Միջոցները

Հայաստանի Մէջ Կը Ներդրուի Ոսկիի Կորզման Նորագոյն Միջոցները

«Ճէոփրոմայնինկ Կոլտ» ընկերութիւնը, որ մաս կը կազմէ «Ճէոփրոմայնինկ» խումբին եւ Հայաստանի մէջ կը շահագործէ Սոթքի ոսկիի հանքավայրն ու Արարատի ոսկիի վերամշակման գործարանը, կը նախատեսէ կիրառել ոսկիի կորզման եւ վերամշակման նորագոյն գիտարուեստներ:

October 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ Արցախի Ներգրաւումը Բանակցային Գործընթացին Մէջ

Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորը Անհրաժեշտ Կը Գտնէ Արցախի Ներգրաւումը Բանակցային Գործընթացին Մէջ

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ Տամիէն Ապատ եւ Միշել Ռեւազի, Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան փորձագէտ Նիքոլաս Զիլպերկլայտի ու Հայ Դատի Եւրոպական կոմիտէի ղեկավար Հիլտա Չոպոյեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներու ուղեկցութեամբ, Հոկտեմբեր 29ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:

October 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի 40ամեակի Տօնակատարութիւն

Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի 40ամեակի Տօնակատարութիւն

Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Ռոստոմ» ուխտին, Սան Ֆրանսիսքոյի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40ամեակի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ Հոկտեմբեր 16ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 300է աւելի ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու:

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արուեստագէտ Նշան Տէր Գալուստեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը

Արուեստագէտ Նշան Տէր Գալուստեանի Նկարներու Ցուցահանդէսը

Արուեստագէտ Նշան Տէր Գալուստեանի նկարներուն ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը եւ պիտի շարունակուի մինչեւ ամսուան վերջը, Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի սրահին մէջ:

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնադրամի Քայլարշաւը՝ Նոյեմբեր 13ին

Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնադրամի Քայլարշաւը՝ Նոյեմբեր 13ին

Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին, Կլենտէյլի մէջ տեղի պիտի ունենայ մարդասիրական այս կազմակերպութեան տարեկան հինգերորդ քայլարշաւը, որ կը կրէ «Կեանքի արշաւ» խորագիրը:

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սրբոց Նահատակաց Գապայեան Եւ Ֆերահեան Վարժարաններու Վերամուտի Խրախճանքին Պատուուեցան Բարերարներ Տոքթ. Վաչէ Եւ Շուշիկ Գապայեանները

Սրբոց Նահատակաց Գապայեան Եւ Ֆերահեան Վարժարաններու  Վերամուտի Խրախճանքին Պատուուեցան Բարերարներ  Տոքթ. Վաչէ Եւ Շուշիկ Գապայեանները

Երրորդ տարին ըլլալով, վերամուտին, դպրոցի Ուսումնական Մարմնի կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ գիշերային բացօթեայ խրախճանք մը, որուն ընթացքին ծնողներ, ուսուցիչներ, տնօրէնութեան անձնակազմի ներկայացուցիչներ եւ դպրոցի բարեկամներ, ի մի գալով միասնաբար կÿանցընեն յաճելի ժամանակ մը, իսկ ձեռնարկի եկամուտը կը յատկացուի դպրոցի սաներու կրթաթոշակի ծախսերուն:

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Լոյս» Հանրագիտակի Ներկայացում

«Լոյս» Հանրագիտակի Ներկայացում

Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան հերթական գրական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard St, Glendale CA 91205), Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 5էն 8:

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Հայաստան» Հիմնադրամի Դրամահաւաքի Երգահանդէսը՝ Նոյեմբեր 21ին

«Հայաստան» Հիմնադրամի Դրամահաւաքի Երգահանդէսը՝ Նոյեմբեր 21ին

Գոհաբանութեան օրուան զուգադիպող «Հայաստան» հիմնադրամի աւանդական դարձած դրամահաւաքի թելեթոնի նախօրեակին, Կիրակի, Նոյեմբեր 21ին, Փասատինայի

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Վանաձոր Վարժարաններուն Ի Նպաստ Քայլարշաւ Փասատինայի Մէջ

Վանաձոր Վարժարաններուն Ի Նպաստ Քայլարշաւ Փասատինայի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Փասատինա քաղաքի Քոյր քաղաքներու յանձնախումբի Վանաձոր ենթայանձնախումբին ու համագործակցութեամբ Փասատինայի պետական երկրորդական վարժարանի Քրիստոնէական ակումբին, Կիրակի, Նոյեմբեր 14ին տեղի պիտի ունենայ դրամահաւաքի տարեկան երկրորդ քայլարշաւը՝ նպաստելու համար Փասատինայի քոյր քաղաքներէն մէկը հանդիսացող Վանաձորի դպրոցներուն եւ անոնց աշակերտներուն:

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հանդիպում՝ Բանաստեղծ Կարէն Ղարսլեանի Հետ

Հանդիպում՝ Բանաստեղծ Կարէն Ղարսլեանի Հետ

«Ապրիլ» գրատան մէջ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 8ին, տեղի պիտի ունենայ Կարէն Ղարսլեանի «Գրողի Ծոցը՝ Երեսուն ու ութ տձեւ հայրէն» նոր հրատարակուած գիրքի ներկայացումը: Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ 2001-2010 տարիներուն գրուած հայրէններ:
Գիրքը պիտի ներկայացնէ Միրնա Տուզճեանը, որ համեմատական գրականութեան դոկտորի թեկնածու է UCLA-ի մէջ:

October 29th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ուաշինկթըն Եւ Փարիզ Կ՛ողջունեն Աստրախանի Յայտարարութիւնը

Ուաշինկթըն Եւ Փարիզ Կ՛ողջունեն Աստրախանի Յայտարարութիւնը

«Ամերիկայի ձայն» ձայնասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ֆիլիփ Քրաուլի, Հոկտեմբեր 28ին, Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու՝ Սարգսեանի, Մետվետեւի եւ Ալիեւի, համատեղ վերջին յայտարարութեան։

October 29th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Տնտեսութիւնը Երկու Տոկոսով Աճած Է

Տնտեսութիւնը Երկու Տոկոսով Աճած Է

Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29ին հաղորդեց, թէ այս տարուան Յուլիս-Սեպետեմբեր եռամսեակին, տնտեսութիւնը 2 տոկոսով աճած է, ինչ որ տնտեսագէտներու ակնկալած աճին կը համապատասխանէր:

October 29th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Իրան՝ Բանակցելու Պատրաստ

Իրան՝ Բանակցելու Պատրաստ

Իրանի իշխանութիւնները Եւրոպական Միութեան Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29ին տեղեկացուցած են, որ պատրաստակամ են Նոյեմբեր 10էն ետք իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութեանց վերսկսելու:

October 29th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայ Լրագրողները Կը Դադրեցնեն Թեհրանի Ցուցահանդէսին իրենց Մասնակցութիւնը

Հայ Լրագրողները Կը Դադրեցնեն Թեհրանի Ցուցահանդէսին իրենց Մասնակցութիւնը

Իրանի մէջ ընթացող մամուլի եւ տեղեկատուական գործակալութիւններու 17րդ միջազգային ցուցահանէս-փառատօնին ներկայացուցիչները՝ Հայաստանը ներկայացնող լրագրողներէն խնդրած են շարունակել իրենց մասնակցութիւնը, սակայն, մերժուած են, քանի որ իրանական կողմը չէ կատարած իր խոստումը եւ Հայաստանի տաղաւարի վահանակին չէ փակցուցած

October 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«DigiTec Expo 2010» Միջազգային Ցուցահանդէսը Կը Բացուի Երեւանի Մէջ

«DigiTec Expo 2010» Միջազգային Ցուցահանդէսը  Կը Բացուի Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հոկտեմբեր 29ին կատարեց «DigiTec Expo 2010» 6րդ ամէնամեայ միջազգային ցուցահանդէսին բացումը։
«DigiTec»ին կը մասնակցին 68 միջազգային ու տեղական ընկերութիւններ։ Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Հոկտեմբեր 31։

October 29th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Որո՞ւ, Ի՞նչ, Եւ Ինչքա՞ն Պարտք Ունիս

Որո՞ւ, Ի՞նչ, Եւ Ինչքա՞ն Պարտք Ունիս

Պարտական ըլլալու վախէն սոսկացող մարդոց միշտ կարելի է հանդիպիլ մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ: Պարտքը սակայն, պէտք չէ իմանալ միայն նիւթական իր իմաստովը, այլ նաեւ բարոյական օրէնքներու մէջ թերացումէն յառաջացող «պարտք»երու տեսակն ալ պէտք է միշտ նկատի ունենալ:

October 29th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Վերին Շրթունքի Եւ Քիմքի Ընդոծին Ճեղք

Վերին Շրթունքի Եւ Քիմքի Ընդոծին Ճեղք

Վերին շրթունքի ճեղքը (cleft lip) եւ քիմքի ճեղքը (cleft palate) ընդոծին (congenital) արատներ են: Այս արատներու մասին խօսելէ առաջ պէտք է խօսիլ քիմքի եւ շրթունքի կազմաւորէան մասին:
Քիմքը (palate) կը կազմէ բերանի վերին կամարակաձեւ առաստաղը: Ան կը բաժնէ բերանը քիթէն եւ քիթի խոռոչներէն (nasal sinuses):

October 29th, 2010

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

ԱՐՈՒԵՍՏ- Զրոյց Շարժապատկերի Բեմադրիչ Արա Սիւտճեանի Հետ

ԱՐՈՒԵՍՏ- Զրոյց Շարժապատկերի Բեմադրիչ Արա Սիւտճեանի Հետ

Արա Սիւտճեան աշխատած է Հոլիվուտի շարժապատկերի զանազան ժապաւէններու պատրաստութեամբ իբրեւ օգնական՝ արտադրութեան եւ արուեստի բաժանմունքներէն ներս, ապա բեմադրած է «միւզիք վիտէօ»ներ եւ ծանուցումներ քաղաքիս կարգ մը յայտնի ընկերութիւններու պատուէրով:

October 29th, 2010

| Posted in Մշակոյթ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Որպէսզի Չմսխենք

Որպէսզի Չմսխենք

Անցեալ շաբթուան ամէնէն զգայացունց իրադարձութիւնը՝ մեր ազգային նախապատուութիւններու տեսակէտէն, պէտք է ըլլար Աստրախանի եռակողմ հանդիպումը ու անոր նշանակութեան ճշգրիտ գնահատումը՝ Արցախի ապագայի կապակցութեամբ:

October 29th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

ՀՅԴն ՀՀ Ազգային Ժողովին Ներկայացուցած Է ՀՀ-ԼՂՀ Ռազմավարական Խումբ Ստեղծելու Մասին Օրինագիծը

ՀՅԴն ՀՀ Ազգային Ժողովին Ներկայացուցած Է ՀՀ-ԼՂՀ Ռազմավարական Խումբ Ստեղծելու Մասին Օրինագիծը

Հոկտեմբեր 29ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտարարած է, թէ ՀՅ Դաշնակցութիւնը խորհրդարանին ներկայացուցած է նոր յայտարարութիւն-օրինագիծ մը, որով կ՛առաջարկէ ստեղծել Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ ռազմավարական խումբ մը:

October 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սպիտակ Տունը Սարգսեան-Պայտըն Հեռախօսազրոյցին Կ՛անդրադառնայ

Սպիտակ Տունը Սարգսեան-Պայտըն Հեռախօսազրոյցին Կ՛անդրադառնայ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու երեւանի դեսպանատունը երէկ հրապարակած է Սպիտակ Տան կողմէ տրամադրուած հաղորդագրութիւն մը, ուր «պարզաբանում» կը տրուի ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտընին կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանին վերագրուած միջամտութեան՝ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին չաջակցելու կապակցութեամբ:

October 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ըստ Պաքուի՝ Հայաստան Պէտք Է Իր Դիրքը Վերատեսութեան Ենթարկէ

Ըստ Պաքուի՝ Հայաստան Պէտք Է Իր Դիրքը Վերատեսութեան Ենթարկէ

Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերու խորհրդական Նովրուզ Մամատով, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 29ին յայտարարեց, թէ նախքան Ասթանայի մէջ Դեկտեմբեր 1էն 2 կայանալիք ԵԱՀԿի գերաստիճանը, Հայաստան պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու գծով իր որդեգրած դիրքորոշումը:

October 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Վ. Յովհաննիսեան Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորներուն ԼՂՀ Այցը Մեծ Քայլ Կը Նկատէ

Վ. Յովհաննիսեան Եւրոխորհրդարանի Պատգամաւորներուն ԼՂՀ Այցը Մեծ Քայլ Կը Նկատէ

Ողջունելով Հայ Դատի եւրոպական բիւրոյի նախաձեռնութիւնը՝ եւրոպացի խորհրդարանականներուն Արցախ ուղեկցելուն գծով՝ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան Հոկտեմբեր 29ին, ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ կայացած ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն այցը ԼՂՀ կ՛ընդգրկուի վերջինիս միջազգային ճանաչման ուղղուած աշխատանքներու ծիրէն ներս։

October 29th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ընտրութենէ Ընտրութիւն

Ընտրութենէ Ընտրութիւն

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տեղական, քաղաքային, նահանգային ու դաշնակցային մակարդակներու ընտրութիւններուն ամերիկահայ ընտրազանգուածի մասնակցութիւնը աւելցնելու մարտահրաւէրը, անշուշտ, միայն մէկ երեսն է հայկական քուէի գործօնը քաղաքականապէս դերակատար դարձնելու ազգային մեր մտահոգութեան: Իւրաքանչիւր ամերիկահայու կողմէ քուէարկելու պաշտօնական ձեւակերպման ապահովումը կը նկատենք հայկական համայնքի քաղաքական ազդեցութիւնը մեծցնելու կոչուած քայլ:

October 29th, 2010

| Posted in Խմբագրական | Read More »

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com

October 29th, 2010

| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ, Սփիւռք | Read More »

Հիւլէական Ռումբերու Տարածումը՝ Ահաբեկչութենէն Աւելի Մտահոգիչ

Հիւլէական Ռումբերու Տարածումը՝ Ահաբեկչութենէն Աւելի Մտահոգիչ

Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 28ին ունեցած հրապարակային իր առաջին ելոյթին ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկիչները անգամ մը եւս կրնան Արեւմուտքը հարուածել եւ մեծաթիւ զոհեր պատճառել, սակայն պետութիւններու կողմէ հիւլէական ռումբերու տարածումը աւելի լուրջ վտանգ մըն է։

October 28th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պոլսոյ Առեւտրական Պալատի Նախագահը Կը Ձերբակալուի

Պոլսոյ Առեւտրական Պալատի Նախագահը Կը Ձերբակալուի

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին, 11 ժամ տեւած հարցաքննութենէ ետք ձերբակալուած է Պոլսոյ առեւտրական պալատի նախագահ Մուրատ Եալչընտաշը։ Անոր հետ ձերբակալուած են 11 ուրիշներ, որոնց շարքին է նաեւ Թուրքիոյ վճռաբեկ դատարանի նախկին բարձրաստիճան անդամ Մուսթաֆա Օսքայը:
Անոնք կը մեղադրուին «յանցախումբ ստեղծելու ու դատական մարմինները կաշառելու» յանցանքներով։

October 28th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քուշներ Կը Դատապարտէ «Քայիտա»ի Սպառնալիքը

Քուշներ Կը Դատապարտէ  «Քայիտա»ի Սպառնալիքը

Արաբական «Էլ Ճազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27ին հեռարձակած էր Ուսամա Պըն Լատենի վերջին ձայնագրութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսուի, թէ անցեալ ամիս Նիճերի մէջ Ֆրանսայի հինգ քաղաքացիներու առեւանգումը կատարուած է ի պատասխան իսլամներու նկատմամբ Ֆրանսայի անարդար վերաբերմունքին։
Պըն Լատեն նաեւ Ֆրանսայի կոչ կ՛ընէ դուրս բերել զօրքերը Աֆղանիստանէն։ Ըստ անոր, Ֆրանսան «բռնագրաւելով մեր երկիրները եւ սպաննելով մեր կիներն ու երեխաները՝ չի կրնար ապրիլ խաղաղ եւ ապահով պայմաններու մէջ»։

October 28th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Նադիա Մելքոնեան-Գրիգորեանի Յուշերեկոն

Նադիա Մելքոնեան-Գրիգորեանի Յուշերեկոն

Նադիա Մելքոնեան-Գրիգորեանը կրտսեր զաւակն է Դոկտ. Հայկ եւ Ռութ Մելքոնեանների, հայրը մասնագիտութեամբ բժիշկ, 1918թ. Հայաստանի հանրապետութեան դժուարին օրերին իր ուսերին էր վերցրել նորանկախ հանրապետութեան առողջապահութեան հոգսերը: Նոյն շրջանին եղել է Ալեքսանդրապոլի քաղաքապետ։

October 28th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ի Պանծացումն Մի Խոնարհ Հերոսի Յիշատակի

Ի Պանծացումն Մի Խոնարհ Հերոսի Յիշատակի

Նատիա Մելքոնեան – Գրիգորեան,
Իմ հեռաւոր, իմ արգասաւոր, իմ տառապած քոյրս։
Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը մեզ բաժանեց իրարից, բայց մենք մնացինք միշտ հոգով կապուած, հաղորդակից։

October 28th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Աստրախանէն Ասթանա

Աստրախանէն Ասթանա

Աստրախանի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման պաշտօնական գնահատականները թէ՛ Պաքուէն եւ թէ Երեւանէն դրական երանգներով կը տրուին: Այս պարզ իրողութենէն, մեզի նման մահկանացուներ կրնան հետեւցնել, որ այդ հանդիպումէն շատ բան պէտք չէ ակնկալել, եւ որ տակաւին շատ հեռու ենք որեւէ հիմնական անկիւնադարձ մը տեսնելէ՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ:

October 28th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Ըստ Է. Նալբանդեանի՝ Աստրախանի Հանդիպումը Օգտակար Էր Եւ Կարեւոր

Ըստ Է. Նալբանդեանի՝ Աստրախանի Հանդիպումը Օգտակար Էր Եւ Կարեւոր

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութեան տեղեկութիւններուն, ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան մեկնաբանած է Աստրախանի մէջ, Հոկտեմբեր 27ին կայացած եռակողմ հանդիպումը՝ յայտնելով. «Այսօր Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Աստրախանում քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման մանրամասները: Առաջինը՝ վերահաստատեցին Մայնտորֆում 2008թ. Նոյեմբեր 2ին ընդունուած հռչակագրի դրոյթները: Երկրորդը՝ ընդգծեցին, որ քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհներով հիմնախնդրի կարգաւորման համար անհրաժեշտ է լրացուցիչ քայլեր ձեռնարկել ռազմական ոլորտում՝ փոխվստահութեան եւ հրադադարի ռեժիմի ամրապնդման ուղղութեամբ:

October 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ղարաբաղի Անկախութեան Ճանաչման Օրինագիծի Քուէարկումը՝ Յետաձգուած

Ղարաբաղի Անկախութեան Ճանաչման Օրինագիծի Քուէարկումը՝ Յետաձգուած

Հայաստանի խորհրդարանը Հոկտեմբեր 28ին, միաձայն՝ 77 «կողմ» ձայներով որոշում կայացուցած է յետաձգելու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին օրինագիծը, փաստաթուղթի հեղինակ՝ Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջարկով:

October 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ Պայտըն Ճիշդ Չէ Վարուած

Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ Պայտըն Ճիշդ Չէ Վարուած

Ի պատասխան այն տարաձայնութեան, թէ Հոկտեմբեր 27ին youtube.com-ի վրայ տեղադրուած տեսանիւթին մէջ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճօ Պայտընի հետ խօսող երիտասարդը դաշնակցական է՝ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, թէ ինք չի ճանչնար այդ երիտասարդը եւ որեւէ տեղեկութիւն չունի անոր մասին։

October 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Եւրոպացի Պատգամաւորներու Խումբ Մը Կ՛այցելէ Արցախ

Եւրոպացի Պատգամաւորներու Խումբ Մը Կ՛այցելէ Արցախ

Հոկտեմբեր 28ին ճանաչողական կարճատեւ այցով ԼՂ մեկնած են Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներ Տանիեն Ապատը (Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Միշել Ռեւազը (Եւրոպական կանաչներու միութիւն)՝ Եւրոպական Ժողովրդական կուսակցութեան փորձագէտ Նիքոլաս Զիլպերկլայտի եւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատու Հիլտա Չոպոյեանի ուղեկցութեամբ: Պատուիրակութեան ուղեկցած են նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վահան Յովհաննիսեան եւ Արա Բաբլոյեան:

October 28th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Շրջափակողը Շրջափակուա՞ծ

Շրջափակողը Շրջափակուա՞ծ

Կեղծիքի ճամբով քաղաքական կամ տնտեսական շահ ապահովելու թուրքերու ձիրքը արդէն իսկ առասպելական մակարդակներու կը հասնի: Թուրքերը նաեւ վարպետ են պատմական իրականութիւնները շրջելով՝ իրենք զիրենք զոհ ներկայացնելու խաղին մէջ, երբ իրենց շահերուն կը յարմարի դահիճի դիրքէն հեռանալը:

October 28th, 2010

| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »

Դիրքորոշուելու ժամանակն է. Որո՞ւ Կողմ Քուէարկել Եւ Որո՞ւ՝ Դէմ

Դիրքորոշուելու ժամանակն է. Որո՞ւ Կողմ Քուէարկել Եւ Որո՞ւ՝ Դէմ

Միացեալ Նահանգներու Նոյեմբեր 2ի Քոնկրեսի ընտրութիւնները, հաւանաբար հսկայական ալեկոծումներ պիտի յառաջացնեն Ամերիկայի քաղաքական դաշտին վրայ: Քարոզչական ծանուցումներն ու քաղաքական մեկնաբանութիւնները ողողած են եթերը եւ մարդիկ անհամբերութեամբ կը հետեւին հարցախոյզներուն, իմանալու համար թէ իրենց նախընտրած թեկնածուն կամ կուսակցութիւնը պիտի յաղթէ՝ թէ դուրս պիտի մնայ:

October 28th, 2010

| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ՝ Իսրայէլի Կառավարութեան

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ՝ Իսրայէլի Կառավարութեան

Իսրայէլեան «Թապլեթ» օրաթերթը կը գրէ, թէ ժամանակը հասած է, որ Իսրայէլ փոխէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ իր քաղաքականութիւնը:

October 27th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Հզօր Թուրքիա»ն Պիտի Փորձէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպիլ

«Հզօր Թուրքիա»ն Պիտի Փորձէ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Հանդիպիլ

Թրքական «Պէյազկազեթէ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ «Հզօր Թուրքիա» կուսակցութեան ղեկավար Թունա Պեքլիեւիչ յայտարարած է, թէ ինքն ու իր կուսակցութեան անդամները կը պատրաստուին Հոկտեմբեր 28ին Հայաստան այցելելու։ «Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպենք մամլոյ ասուլիս մը եւ մեր առաջարկները պիտի ներկայացնենք հայ հանրութեան։ Հանդիպում պիտի խնդրենք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանէն, եւ անկէ պիտի խնդրենք

October 27th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Էրեբունի» Թանգարանը 1968ի Վիճակին Վերադարձնելու Համար Անհրաժեշտ Է 400 Միլիոն Դրամ

«Էրեբունի» Թանգարանը 1968ի Վիճակին Վերադարձնելու Համար Անհրաժեշտ Է 400 Միլիոն Դրամ

Հայաստանի կառավարութեան 2010 Օգոստոս 19ի որոշումին համաձայն, քաղաքապետարանի կառավարմանը յանձնուած «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանին մէջ ներկայիս կ՛ընթանան վերականգնողական աշխատանքներ: Հոկտեմբեր 27ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, այդ մասին յայտնած է նոյն թանգարանի տնօրէն Գագիկ Գիւրջեանը:

October 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ըստ Հայաստանի Վարչապետին՝ Հայաստանէն Արտագաղթը Դանդաղած Է

Ըստ Հայաստանի Վարչապետին՝ Հայաստանէն Արտագաղթը Դանդաղած Է

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Հոկտեմբեր 27ին խորհրդարանին մէջ իր ելոյթին ընթացքին հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանէն արտագաղթի թափը վերջերս դանդաղած է։

October 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայ-Իրանական Սահմանին Վրայ Պիտի Ստեղծուի Միասնական Մաքսային Դարպաս

Հայ-Իրանական Սահմանին Վրայ Պիտի Ստեղծուի Միասնական Մաքսային Դարպաս

Սիւնիքի մարզին մէջ հաւանական է ստեղծել արդիւնաբերական գօտի մը, ուր ձեւաւորուած ձեռնարկութիւնները պիտի ունենան մէկ ընդհանուր նպատակ՝ բացայայտել այն ներուժը, զոր ունի Հայաստանը գիւղատնտեսութեան, թեթեւ արդիւնաբերութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ:

October 27th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պելճիքայի «Արաքս» Մշակութային Կենդրոնի Նախագահը Կը Նկարագրէ Տեղւոյն Համայնքի Վիճակը

Պելճիքայի «Արաքս» Մշակութային Կենդրոնի Նախագահը Կը Նկարագրէ Տեղւոյն Համայնքի Վիճակը

Պելճիքայի «Արաքս» մշակութային կենդրոնի նախագահ Հերմինէ Ազարեան, խօսելով հայ համայնքի իրական թիւի մասին, նշած է, որ Պելճիքայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը երկիրին մէջ գտնուող հայերու թիւի մասին պաշտօնական տուեալներ չէ տրամադրած եւ ներկայացուցած միայն Վալոնիոյ շրջանին մէջ բնակող հայերու թիւը՝ շուջ 2000:

October 27th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Քրէական Հեղինակութիւն՝ Էդուարդ Կակոսեան Սպանուած Է Սոչիի Մէջ

Քրէական Հեղինակութիւն՝ Էդուարդ Կակոսեան Սպանուած Է Սոչիի Մէջ

Քրէական հեղինակութիւն՝ Էդուարդ Կակոսեան սպանուած Է Սոչիի մէջ՝ գնդացիրներու փամփուչտներով:

October 27th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

«Համազգային»ի Էջ

«Համազգային»ի Էջ

Հոկտեմբեր 2, 2010ին Համազգայինի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը մասնակցեցաւ Irvine Global Village Festival-ին, որ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի մասնակցութեամբ քաղաքի զանազան ազգային խմբաւորումներու։

October 27th, 2010

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Սան Կապրիյէլ Հովիտի Հայ Դատին Հանդիպումը Քոնկրեսական Պաքայի Հետ

Սան Կապրիյէլ Հովիտի Հայ Դատին Հանդիպումը Քոնկրեսական Պաքայի Հետ

Սան Կապրիյէլ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Ճօ Պաքայի հետ, որ կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ 43րդ ընտրատարածքը:

October 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կլենտէյլի Առաջին Առողջապահական Փառատօնը՝ Նոյեմբեր 6ին

Կլենտէյլի Առաջին Առողջապահական Փառատօնը՝ Նոյեմբեր 6ին

Քալիֆորնիոյ ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութիւնը (AAMSC) կը տեղեկացնէ, թէ Կլենտէյլի առողջապահական տարեկան առաջին փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 6ին, «Փըսիֆիք» համայնքային կեդրոնին մէջ (501 S. Pacific Ave.), առաւօտեան ժամը 10էն կ.ե. ժամը 3: Փառատօնին ձրիաբար կրնան մասնակցիլ քաղաքին բոլոր բնակիչները:

October 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Բանաստեղծ Նշան Շահէնին Նուիրուած Յուշերեկոյ

Բանաստեղծ Նշան Շահէնին Նուիրուած Յուշերեկոյ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30ին, երեկոյեան ժամը 6:30ին տեղի պիտի ունենայ մեծարանքի յուշերեկոյ մը՝ նուիրուած բանաստեղծ Նշան Շահէնին, Կլենտէյլ հանրային գրադարանի դահլիճին մէջ (222 East Harvard St., Glendale, CA 91205):

October 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Լոյս Տեսած Է Մարք Մուսթեանի «Ժանտարմը» Վէպը

Լոյս Տեսած Է Մարք Մուսթեանի «Ժանտարմը» Վէպը

«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը կը հաղորդէ, թէ լոյս տեսած է ամերիկահայ գրող եւ իրաւաբան Մարք Մուսթեանի «Ժանտարմը» վէպը, որ կը պատմէ «Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին»։

October 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Հոյ Լարի»ն Երկու Ելոյթներ Պիտի Ունենայ Նոյեմբեր 14ին

«Հոյ Լարի»ն Երկու Ելոյթներ Պիտի Ունենայ Նոյեմբեր 14ին

Մանուկներու հայկական երգերու «Հոյ Լարի» խումբը Կիրակի, Նոյեմբեր 14ին, երկու ելոյթներ պիտի ունենայ Նորթ Հոլիվուտի «El Portal» թատերասրահին մէջ, կ.ա. ժամը 11ին ու կ.ե. ժամը 3:30ին:

October 27th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Անակնկալի Բերելով

Անակնկալի Բերելով

Քաղաքական մարդը միշտ պատրաստ պէտք է ըլլայ անակնկալներ դիմագրաւելու: Այդ անակնկալները կրնան ըլլալ յանկարծակի հանդիպումներու ընթացքին տրուած հարցումներու տեսքով, որոնք, գիտութեան այսօրուան նուաճումներէն ծնած սարքերով կրնան արձանագրուիլ, եւ նոյնիսկ՝ նկարահանուիլ:

October 27th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Մետվետեւ Կ՛ակնկալէ Բեկում Մտցնել Ղարաբաղեան Բանակցութիւններուն Մէջ

Մետվետեւ Կ՛ակնկալէ Բեկում Մտցնել Ղարաբաղեան Բանակցութիւններուն Մէջ

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ ռուսական Աստրախան քաղաքին մէջ աւարտած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ՝ երէկ տեղի ունեցած ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ծիրէն ներս եռակողմ հանդիպումը՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն միջեւ:

October 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Իրան Պատրաստ Է Ղարաբաղի Հարցի Կարգաւորման Նպաստելու

Իրան Պատրաստ Է Ղարաբաղի Հարցի  Կարգաւորման Նպաստելու

Իրանի պետական «Իրնա» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցող լրատուամիջոցներու միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մանուշահր Մոթթաքի յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Իրանի յարաբերութիւնները կը գտնուին շատ բարձր մակարդակի վրայ, եւ աւելցուցած է, թէ Իրան իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է օժանդակելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման։

October 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Իրանի Խորհրդարանը 200,000 Տոլար Կը Յատկացնէ Հայկական Դպրոցներուն

Իրանի Խորհրդարանը 200,000 Տոլար Կը Յատկացնէ Հայկական Դպրոցներուն

«Իրանի Իսլամական խորհրդարանում իրանահայութեան պատգամաւորների պահանջով՝ ուսումնադաստիարակչութեան նախարարութեան կողմից երկու միլիարդ ռիալ (երկու հարիւր հազար տոլար-Խմբ.) յատկացուեց հայոց դպրոցներին», կը գրէ մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթը:

October 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Խմբակցութիւնները ԼՂՀ Ճանաչման Մասին Օրինագիծին Շուրջ Չեն Համաձայնած

Խմբակցութիւնները ԼՂՀ Ճանաչման Մասին Օրինագիծին Շուրջ Չեն Համաձայնած

Հոկտեմբեր 27ին, Հայաստանի Ազգային ժողովի քաղաքական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ճանաչման մասին Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցած օրինագիծը քուէարկութեան դնելու հարցը:

October 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Լեւոն Արոնեան Կը Գլխաւորէ ՖԻԴԷի Վարկանիշներուն Ցուցակը

Լեւոն Արոնեան Կը Գլխաւորէ ՖԻԴԷի Վարկանիշներուն Ցուցակը

«Ա.» դասի միջազգային կարգի ճատրակի մրցավար Արմէն Նիկողոսեան, Հոկտեմբեր 27ին յայտնած է, թէ Լեւոն Արոնեան եւ ճատրակի աշխարհի ախոյեան Վիշի Անանտ, Նոյեմբեր 1ին պիտի գլխաւորեն ՖԻԴԷի վարկանիշներուն ցուցակը:

October 27th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիոյ «Հակահայ Շովինիզմ»ը Սոսկ Պետական Քաղաքականութիւն Չէ, Աւելի՛ն Է Եւ Շատ Խոր Արմատներ Ունի

Թուրքիոյ «Հակահայ Շովինիզմ»ը Սոսկ Պետական Քաղաքականութիւն Չէ, Աւելի՛ն Է Եւ Շատ Խոր Արմատներ Ունի

«Հայերը, յոյները եւ կաթոլիկները աղօթք պէտք է ընեն Աստուծոյ, որ Սուլթանը Կ. Պոլիս մնայ, որովհետեւ եթէ նա Ասիա անցնի, այսինքն՝ եթէ Եւրոպական Թուրքիան բոլորովին կորսնցնէ, այն ժամանակ անոր ատելութիւնը պիտի ծանրանայ Ասիոյ քրիստոնեաներուն վրայ»…

October 27th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »

Նուաստացման Արմատները

Նուաստացման Արմատները

«Թարաֆ» թերթի խմբագիր Ահմետ Ալթան յօդուած մը գրած է «Սպառնալիք» խորագիրով, ուր թուրք ժողովուրդին ու պետութեան կը վերագրէր բռնարարքներ եւ ոճիրները սիրելու տրամադրութիւն մը։

October 27th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

13.3 Միլիոն Եուրոյի Վնասուց Հատուցման Վճիռ Թուրքիոյ Դէմ

13.3 Միլիոն Եուրոյի Վնասուց Հատուցման Վճիռ Թուրքիոյ Դէմ

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հրապարակեց թրքական իշխանութիւններուն դէմ կիպրացի յոյներու ներկայացուցած հայցերու առնչութեամբ իր վճիռը։ Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, վկայակոչելով ատեանին կայքէջը՝ կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները երեք ամսուան ընթացքին կիպրացի յոյներուն պէտք է վճարեն 13 միլիոն 315

October 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիոյ Պետական Նախարարը Կ՛ափսոսայ

Թուրքիոյ Պետական Նախարարը Կ՛ափսոսայ

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով գլխաւոր բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ «սեւ ու մութ օրերը անցեալի մէջ մնացած են», որովհետեւ Թուրքիան արդէն փոխուած է։

October 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

200 Միլիոն Տոլարի Զեղծարարութիւն

200 Միլիոն Տոլարի Զեղծարարութիւն

Մինչ ամերիկեան թերթեր կը շարունակեն լայն սիւնակներ յատկացնել այսպէս կոչուած՝ «Հայկական մաֆիա»ի հետ կապուած լուրերուն, Ֆլորիտայի մէջ անցեալ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21ին բացայայտուած զեղծարարութեան նոր դէպք մը կրկին ցնցեց երկիրը։ Արդարեւ, բացայայտուած է, թէ «Ամերիքըն Թերափեթիք» ընկերութիւնը հոգեբուժական երկու հիւանդանոցներու հետ գործակցելով՝ մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար արժողութեամբ գումար գողցած են «Մետիքէր»էն: Կը նշուի, որ չորս ձերբակալեալները նաեւ լոպիական աշխոյժ գործունէութիւն կը տանէին, ու կապեր ունէին քոնկրեսականներու եւ քաղաքական այլ գործիչներու հետ։

October 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ընդդիմադիրներու Հալածանքը Կը Սաստկանայ Եգիպտոսի Մէջ

Ընդդիմադիրներու Հալածանքը  Կը Սաստկանայ Եգիպտոսի Մէջ

Եգիպտոսի մէջ յառաջիկայ ամիս կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու նախօրեակին, լրատուամիջոցներն ու ընդդիմադիր «Իսլամ եղբայրներ» շարժումը ճնշելու արշաւը սաստկացած է: Վերջերս եգիպտական իշխանութիւնները յաւելեալ պատկերասփիւռի կայաններ փակած են եւ տասնեակներով ընդդիմադիրներ ձերբակալուած են։ Այս ամսուան սկիզբը,

October 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Սպան Զոհուած Է Վարժանքի Ընթացքին

Սպան Զոհուած Է Վարժանքի Ընթացքին

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժինի աշխատակից Մուշեղ Աղեկեան հաստատած է Նուբարաշէնի զօրամասին մէջ վարժութիւններու ընթացքին բարձրութենէն ցատկած ու զոհուած սպային իրողութիւնը։

October 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Համացանցէն Օգտուողներուն Թիւը Աւելցած Է 2 Անգամով

Համացանցէն Օգտուողներուն Թիւը Աւելցած Է 2 Անգամով

Հոկտեմբեր 26ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին Հայաստանի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի անդամ Սամուէլ Արաբաջեան յայտնած է, թէ Հայաստանի մէջ Յունուար 1էն Հոկտեմբեր 1 երկարող ժամանակահատուածին համացանցէն օգտուողներուն թիւը աւելցած է աւելի քան 2 անգամով: Արաբաջեանի խօսքով, Յունուար 1ի դրութեամբ, Հայաստանի մէջ համացանց օգտագործողներուն թիւը կը կազմէր շուրջ 120-125 հազար, իսկ Հոկտեմբեր 1ին՝ անիկա կը գերազանցէր 160 հազարը:

October 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստան-Իրան Առեւտուրի Ծաւալը Կ՛ակնկալուի Հասցնել Մէկ Միլիառի

Հայաստան-Իրան Առեւտուրի Ծաւալը Կ՛ակնկալուի Հասցնել Մէկ Միլիառի

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի Իրան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Մոհամմատռեզա Ռահիմիի հետ Հոկտեմբեր 25ին կայացած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են տնտեսութեան ոլորտէն ներս համագործակցութիւնը ալ աւելի խորացնելու վերաբերեալ հարցեր:

October 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պոլիս Գաղթած Հայաստանցի Երեխաները Կը Սպասեն, Որ Էրտողան Կատարէ Իր Խոստումը

Պոլիս Գաղթած Հայաստանցի Երեխաները Կը Սպասեն, Որ Էրտողան Կատարէ Իր Խոստումը

Հայաստանի անկախացումէն ետք Պոլիս գաղթած հայաստանցիներու երեխաներուն յստակ թիւը յայտնի չէ, սակայն միայն բողոքական հայկական եկեղեցւոյ նկուղին մէջ Հրանդ Տինքի կողմէ ստեղծուած դպրոցին մէջ կրթութիւն ստացող երեխաներու թիւը կը հասնի 70ի:

October 26th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պէյրութի Մէջ Արամ Արքուն Զեկուցեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափի Հայ Մամուլին Մասին

Պէյրութի Մէջ Արամ Արքուն Զեկուցեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Ափի Հայ Մամուլին Մասին

Նախաձեռնութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21ի երեկոյեան դասախօսական հանդիպում մը կայացաւ համալսարանի սրահին մէջ։ Համալսարանի պատասխանատուներէն Անդրանիկ Տագէսեան, իր բացման խօսքով յայտնեց,

October 26th, 2010

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Մանուէլ Սարիբէկեանի Մահուան Վկայականը Յանձնուած Է Կարմիր Խաչին

Մանուէլ Սարիբէկեանի Մահուան Վկայականը Յանձնուած Է Կարմիր Խաչին

Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Աշոտ Աստաբացեանի, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին յանձնած են Ատրպէյճանի մէջ մահացած Մանուէլ Սարիբէկեանի մահուան վկայականը, որ, ըստ ընդունուած կարգի, կը փոխանցուի Մանուէլ Սարիբէկեանի հարազատներուն:

October 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Բարգաւաճ»ը Կոչ Կ՛ընէ Համախմբուելու Ատրպեճանական Քարոզչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ

«Բարգաւաճ»ը Կոչ Կ՛ընէ Համախմբուելու Ատրպեճանական Քարոզչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ

Հոկտեմբեր 26ին, Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) անդամ Սամուէլ Բալասանեան, Ազգային ժողովի ամպիոնէն յայտարարած է, թէ ատրպեճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ սկիզբ առած է նոր փուլ մը։

October 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Խորհրդանիշները Կը Նեղացնեն Ատրպէյճանցիներն Ու Թուրքերը

Արցախի Խորհրդանիշները Կը Նեղացնեն Ատրպէյճանցիներն Ու Թուրքերը

Թեհրանի մէջ բացուած է լրատուական գործակալութիւններու եւ մամլոյ միջազգային 17րդ ցուցահանդէսը, որուն կը մասնակցին աշխարհի 55 երկիրներու զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին՝ Հայաստանի զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները։
Ցուցահանդէսի բացումէն ետք ատրպէյճանցիները մեծ աղմուկ բարձրացուցած են, որովհետեւ հայկական տաղաւարին մէջ փակցուած էր Արցախի խորհրդանիշը համարուող՝ «Մենք ենք մեր սարերը» արձանին նկարը, ինչպէս նաեւ Արցախի քարտէսին եւ դրօշակին նկարները։

October 26th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ Սրբապատկերներու Օծում

Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Եպիսկոպոսական Պատարագ Եւ Սրբապատկերներու Օծում

Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար տօնական օր մը եղաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 17, 2010ը։ Հակառակ կլիմայի աննպաստ պայմաններուն, եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։

October 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Աշակերտներու Համար Տեղեկատուական Հաւաք

Հայ Աշակերտներու Համար Տեղեկատուական Հաւաք

Ամերիկահայ ուսուցիչներու միութիւնը (AAEA) Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին կազմակերպած է հայկական կամ պետական երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն յատուկ տեղեկատուական օգտաշատ հաւաք մը, որուն ընթացքին աշակերտները մօտէն պիտի ծանօթանան համալսարան ու կրթանպաստներու դիմելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի դիմումնագիրին կցուող շարադրութեան կապակցութեամբ:

October 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Արշակ Տիգրանեան»ի Շրջանաւարտներու Նուիրուած Երեկոյ

«Արշակ Տիգրանեան»ի Շրջանաւարտներու Նուիրուած Երեկոյ

Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանը իր հիմնադրութեան 30 ամեակի կապակցութեամբ շարք մը ձեռնարկներ կազմակերպած է:

October 26th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ընծայուած Առիթ

Ընծայուած Առիթ

Հայ լրագրողներու վերջին համաժողովէն արդէն անցած է տասը օր, եւ այս քիչ մը ուշացած ակնարկը չի յաւակնիր արժեւորում մը ներկայացնել այդ նշանակալի իրադարձութեան:

October 26th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Պելոռուս Կ՛արդիականացնէ Ատրպէյճանի Հրթիռարձակները

Պելոռուս Կ՛արդիականացնէ Ատրպէյճանի Հրթիռարձակները

Պելոռուսի «Թեթրայետր» ընկերութիւնը արդէն իսկ ամբողջացուցած է Ատրպէյճանի ռազմական ուժերուն պատկանող «S-125 Pechora» տիպի ցամաքէն օդ հրթիռարձակներու արդիականացումը: Միւս կողմէ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա յայտարարած է, որ Ռուսիայէն, Հայաստանէն, Պելոռուսէն, Ղազախստանէն, Ղրղզստանէն, Տաճիկիստանէն եւ Իւզպեքիստանէն կազմուած կազմակերպութեան ստորաբաժանումները պէտք է զինուին ամենարդիական սպառազինութեամբ:

October 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Միջազգային | Read More »

Ռուստամեան Կը Ներկայացնէ ՀՅԴի Կեցուածքը՝ Արցախի Ճանաչման Ու Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Հանդէպ

Ռուստամեան Կը Ներկայացնէ ՀՅԴի Կեցուածքը՝ Արցախի Ճանաչման Ու Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Հանդէպ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հանգամանօրէն ներկայացուցած է Դաշնակցութեան կեցուածքը՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ Ղարաբաղի ճանաչման օրինագիծին վերաբերեալ, ինչպէս եւ լայնօրէն անդրադարձած է Հայաստանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն ու անոնց կապակցութեամբ՝ ՀՅԴի սպասումներուն:

October 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաստան | Read More »

Թուրքիա Կը Խոստանայ Պաշտպանել Նախիջեւանը

Թուրքիա Կը Խոստանայ Պաշտպանել Նախիջեւանը

Թուրքիոյ արտաքին առեւտուրի հարցերով պետական նախարար Զաֆեր Չակլայեան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26ին հանդիպում մը ունեցած է Նախիջեւանի խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպովի հետ, ապա յայտարարած է, թէ Թուրքիա յոյժ կարեւոր կը նկատէ Նախիջեւանը, եւ այդ պատճառով ալ պիտի պաշտանէ զայն:

October 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հրանդ Տինքը Սպաննողը Անչափահասներու Ատեանի Մէջ Դատելու Վճիռը Կը Քննադատուի

Հրանդ Տինքը Սպաննողը Անչափահասներու Ատեանի Մէջ Դատելու Վճիռը Կը Քննադատուի

Պոլսոյ 14րդ եղեռնադատ ատեանը Հրանդ Տինքը սպաննելու յանցանքով դատուող Օկիւն Սամասթին թղթածրարը պիտի փոխանցէ Պոլսոյ անչափահասներու դատարան՝ ընդունելով, որ դատավարութիւնը պէտք չէ շարունակուի եղեռնադատ ատեանին մէջ:

October 26th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Աղթամարէն՝ Նիս

Աղթամարէն՝ Նիս

Կրկին մտածումս կ՛երթայ Սոկրատի, որ կ’ըսէր, թէ հարցումները աւելի կարեւոր են, քան՝ անոնց տրուած պատասխանները:

October 26th, 2010

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Զէնքի Վաճառքներով Ուրախանա՞նք Թէ Տխրինք

Զէնքի Վաճառքներով Ուրախանա՞նք Թէ Տխրինք

Նախագահ Օպամա խորհրդարան յղած է Սէուտական Արաբիոյ 60 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք ծախելու ծրագիր մը. շուրջ երկու տասնամեակներու վրայ երկարող ծրագիրին հիմամբ, սէուտցիներուն պիտի վաճառուին արդիական օդանաւեր, ուղղաթիռներ, փոխնորդ կտորներ ու հսկայական զինամթերք։

October 26th, 2010

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Ֆրանսայի Գործադուլը Օրական 562 Միլիոն Տոլար Վնաս Կը Պատճառէ

Ֆրանսայի Գործադուլը Օրական 562 Միլիոն Տոլար Վնաս Կը Պատճառէ

Ֆրանսայի ելեւմուտքի նախարար Քրիսթին Լակարտ յայտարարեց, որ Ֆրանսայի մէջ հանգստեան կոչուելու տարիքը 60էն 62ի բարձրացնելու որոշումին դէմ զանգուածային գործադուլը ազգային տնտեսութեան օրական շուրջ 562 միլիոն տոլարի վնաս կը պատճառէ։

October 25th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Քայիտա»ի Գործունէութիւնը Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Մէջ

«Քայիտա»ի Գործունէութիւնը Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Մէջ

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է հինգ կասկածելիներ, «Քայիտա»ին դրամ փոխանցելու յանցանքով: Անոնց ղեկավարը կը նկատուի «Սեպտեմբեր 9» համալսարանի թուաբանութեան կաճառի ուսանող մը, որ դրամները փոխանցած է Ատրպէյճանի եւ Իրանի միջոցով։

October 25th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Կարսի Մէջ Հանրաքուէ՝ Հայ-Թրքական Սահմանը Բանալու Համար

Կարսի Մէջ Հանրաքուէ՝ Հայ-Թրքական Սահմանը Բանալու Համար

«Ճիհան» գործակալութիւնը կը հաղորդէ թէ «Հզօր Թուրքիա» կուսակցութիւնը կը պատրաստուի հանրաքուէ մը կազմակերպելու Կարսի մէջ, հայ-թրքական սահմանը բանալու հարցի առնչութեամբ։ Կուսակցութեան առաջնորդ Թունա Պեքլեւիչ յայտնեց

October 25th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պաքու Կը Բարդացնէ Թուրքիոյ Հետ Այցագրային Դրութիւնը

Պաքու Կը Բարդացնէ Թուրքիոյ Հետ Այցագրային Դրութիւնը

Թրքական «Ինթերհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ մինչ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ այցագրային դրութիւնը ջնջելու ուղղութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան, Պաքու որոշած է ջնջել Թուրքիոյ հետ այցագրային պարզեցուած համակարգը։

October 25th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Ֆրանքոֆոնիա»ի 13րդ Գագաթնաժողովը Անդրադարձած Է Արցախեան Հիմնախնդիրին

«Ֆրանքոֆոնիա»ի 13րդ Գագաթնաժողովը Անդրադարձած Է Արցախեան Հիմնախնդիրին

Հոկտեմբեր 23-24ին, զուիցերիական Մոնտրօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսախօս երկիրներու «Ֆրանքոֆոնիա» կազմակերպութեան 13րդ գագաթնաժողովը, որ կայացած է կազմակերպութեան 40ամեակին ծիրէն ներս: Ժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի գլխաւորութեամբ:

October 25th, 2010

| Posted in Միջազգային | Read More »

Խաչքարներու Պուրակ

Խաչքարներու Պուրակ

Գիւմրիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ կից հաստատուած է «Խաչքարներու պուրակ», ուր տեղադրուած են æուղայի մէջ բնաջնջուած խաչքարներէն 20ին կրկնօրինակները, որոնք ստեղծուած են քաղաքի քանդակագործներուն կողմէ՝ իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն ատրպեճանցիներուն կողմէ æուղայի մէջ կատարուած մշակութային եղեռնին։

October 25th, 2010

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Տեղեկատուական Աշխատանիստ «Շամլեան»ի Ծնողներուն Համար

Տեղեկատուական Աշխատանիստ «Շամլեան»ի Ծնողներուն Համար

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13ի երեկոյեան, «Շամլեան» ազգային վարժարանի ծնողներին ներկայացուեց տեղեկատուական ու դաստիարակչական աշխատանիստ՝ իրաւաբան Մարի Տէր Բարսեղեանի եւ իր գործընկերոջ՝ Արիկ Գէորգեանի կողմից:

October 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Կինը՝ Ընտանեկան Սրբութեան Եւ Հայրենասիրութեան Խորհրդանիշ

Հայ Կինը՝ Ընտանեկան Սրբութեան Եւ Հայրենասիրութեան Խորհրդանիշ

Հայ Կնոջ տարուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաք. Ս. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած՝ «Անձնականը եւ ազգայինը Հայ Կնոջ վաստակին մէջ է» դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 17ին, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի եւ յետ աւանդական

October 25th, 2010

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ԵՐՐՈՐԴ ԲՈՒՌ ՀՈՂ

ԵՐՐՈՐԴ ԲՈՒՌ ՀՈՂ

Մարդու եւ հողի կապակցութիւնը, փոխադարձ սէրը արիւնակցական, հայրենիքով է, ու արարչի հուր շունչն ունի իր մէջ, որ հողը առաւ, շունչ փչեց մէջը, ու մարդ արարեց. հողն այնուհետ դարձաւ հայրենիք ու հող հայրենի, դարձաւ սրբազան…

October 25th, 2010

| Posted in Ասք ու Զրոյց, Սիւնակներ | Read More »

«Ուիքիլիքս»ի Բացայայտումներուն Ստեղծած Փոթորիկը՝ Մինչեւ Ո՞ւր

«Ուիքիլիքս»ի Բացայայտումներուն Ստեղծած Փոթորիկը՝ Մինչեւ Ո՞ւր

Համացանցային «Ուիքիլիքս» կայքէջին հիմնադիրը՝ բրիտանացի Ճիւլիըն Ասանժ անունով «խենթ» մը Լոնտոնէն արձակուած ուրական մը պայթեցուց 23 Հոկտեմբերին, փոթորիկի մատնելով Ուաշինկթընը, Լոնտոնն ու Պաղտատը։ Ան հրապարակեց ամերիկեան գաղտնի տեղեկագիրներ

October 25th, 2010

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Ըստ Վ. Յովհաննիսեանի՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները Հայաստանի Վարկը Չեն Բարձրացներ

Ըստ Վ. Յովհաննիսեանի՝ Հայ-Թրքական Յարաբերութիւնները Հայաստանի Վարկը Չեն Բարձրացներ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան հանդիպում մը ունեցած է լեհական «Կազեթա Վիպոռչա» թերթի խմբագիր, Եւրոպական դեմոկրատական շարժման ներկայացուցիչ

October 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ըստ Հայաստանի Ներկայացուցիչին՝ Ատրպէյճանի Քաղաքականութիւնը Սպառնալիք է Շրջանի Կայունութեան

Ըստ Հայաստանի Ներկայացուցիչին՝ Ատրպէյճանի Քաղաքականութիւնը Սպառնալիք է Շրջանի Կայունութեան

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, Նիւ Եորքի մէջ ընթացող ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի «Տարածաշրջանային զինաթափումն ու ապահովութիւնը» խորագիրով քննարկումներուն,

October 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Անիի Յուշակոթողները Փրկելու Կոչ՝ Ժառանգութեան Համաշխարհային Հիմնադրամէն

Անիի Յուշակոթողները Փրկելու Կոչ՝ Ժառանգութեան Համաշխարհային Հիմնադրամէն

Քալիֆորնիա հաստատուած Ժառանգութեան համաշխարհային հիմնադրամը հրապարակած է աշխարհի տարածքին ոչնչացման շեմին գտնուող 12 յուշակոթողներու ցանկը, որուն մէջ ներառուած է նաեւ Անի քաղաքը։

October 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Աղօթք՝ 1980էն Ի Վեր Փակ Մնացող Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Աղօթք՝ 1980էն Ի Վեր Փակ Մնացող Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցիէն ետք, Տիգրանակերտի մայր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, երկու տարի առաջ սկսած է Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորոգութիւնը։ Այս եկեղեցին, որ կառուցուած է 1367ին եւ կը նկատուի Միջին Արեւելքի ամենամեծ եկեղեցին, 1980էն ի վեր փակ կը մնար։

October 25th, 2010

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Կենացդ՝ Ճեմարան

Կենացդ՝ Ճեմարան

Չեմ կարծեր, մնաց մէկը, որ տեղեակ չեղաւ, թէ ես Հալէպ գացի: Պատճառը շատ յստակ է: Ես էի այս լուրը տարաձայնողը:

October 25th, 2010

| Posted in Կիզակէտ | Read More »