Home » November 30th, 2010Entries posted on “November, 2010”
Պոլսոյ Մեծ Կղզիի Յունաց որբանոցի սեփականատիրութիւնը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29ին պաշտօնապէս վերադարձուեցաւ Յունաց պատրիարքարանին։ Պատրիարքարանի փաստաբան Ճեմ Մուրատ Սոֆուօղլու, սեփականաթուղթը Պարթելոմէոս պատրիարքին յանձնելէ ետք յայտարարեց, թէ այս կերպով յաղթանակեց արդարութիւնը: Փաստաբանը դիտել տուաւ, որ ասիկա տօնական դէպք պէտք չէ նկատել, այլ պարզապէս՝ իրաւունքի մը վերադարձը։
November 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութեանց ղեկավար Քեթրին Էշթընի բանբերը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30ին յայտնեց, որ «Ե3+3»ի (Եւրոպական Միութեան անդամ 3 երկիրներ՝ Անգլիա, Ֆրանսա ու Գերմանիա, եւ Ռուսիա, Չինաստան, Միացեալ Նահանգներ) եւ Թեհրանի միջեւ Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին Դեկտեմբեր 6-7ին, Ժընեւի մէջ, աւելի քան մէկ տարուան դադարէ մը ետք։
November 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ իր հանդիպումէն ետք, միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիա եւ Եգիպտոս ռազմավարական գործակցութեան խորհուրդ մը կազմելու համաձայնութիւն գոյացուցած են
November 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ տեղի ունեցած հանդիպումէ մը ետք, Յունաստանի վարչապետ Եորկօ Փափանտրէու յայտարարեց, թէ թուրք-յունական յարաբերութիւնները պիտի չբնականոնանան այնքան ատեն, որ Կիպրոսի տագնապը անլոյծ կը մնայ: Նշելով, որ Կիպրոսը կը հանդիսանայ Յունաստանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր նիւթը՝ վարչապետը թրքական կողմին կոչ ըրաւ՝ «աւելի կառուցողական ոգիով մասնակցելու կղզիին վերամիաւորման հարցով Նիկոսիոյ հետ ընթացող բանակցութիւններուն»:
November 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Ուիքիլիքս»ի բացայայտումները կը շարունակեն լուսարձակի տակ մնալ՝ լոյս սփռելով Իրանի նկատմամբ արաբական երկիրներու մտավախութիւններուն կամ Թուրքիա-Իսրայէլ տարակարծութիւնները շրջանցելու նպատակով քուլիսներու ետին ամերիկացի դիւանագէտներուն տարած ջանքերուն վրայ: Այս վերջին հարցով, ամերիկացի դիւանագէտ մը 2009ին գրած է, թէ աստիճանաբար աւելի հաւատալի կը դառնայ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի նկատմամբ իսրայէլացիներուն այն համոզումը, թէ՝ ան «պարզապէս կ՛ատէ Իսրայէլը»:
«Ուիքիլիքս»ի [...]
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Թուրքիոյ կողմէ Վրաստանին յատկացուող ռազմական օգնութիւնը աւելի քան 55 միլիոն տոլար է, ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյեմբեր 29ին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մերի Եովանովիչի եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի միջեւ հանդիպման ժամանակ, դեսպանը յայտարարած է, թէ հակառակ անոր, որ ՀՀ Սփիւռքի եւ ԱՄՆ կառավարութեան միջեւ շարք մը խնդիրներու վերաբերեալ տարբեր դիրքորոշումներ կան, այնուամենայնիւ երկու կողմերն ալ շահագրգռուած են Հայաստանը տեսնելու իբրեւ զարգացող, ապահով եւ ժողովրդավարական երկիր:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Վիւասել»ի աջակցութեամբ, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գրադարանը վերջին մէկ տարուան ընթացքին համալրուած է աղբիւրագիտական յատուկ նշանակութիւն ունեցող գրականութեամբ: Շարքին մէջ առանձնայատուկ է ամերիկացի միսիոներ Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն» աշխատանքը (1920), որ Հաճընի կոտորածներուն վերաբերող եզակի սկզբնաղբիւր է:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Հայկական Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիր, քաղբանտարկեալ Նիկոլ Փաշինեանի անվտանգութիւնը ապահովելու եւ զայն ազատ արձակելու մասին յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած են նաեւ Հայաստանի ստեղծագործական միութիւններու նախագահները:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 1ին, Երեւանի մէջ կը նշուի Պէյրութ հրատարակուող «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսին 40ամեակը: Հանդիսութեան ծիրէն ներս տեղի կ՛ունենայ նաեւ հրատարակութեան 30րդ հատորին շնորհահանդէսը:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանի կողմէ, մարզերու եւ համայնքներու դատախազներուն յանձնարարուած է անյապաղ փոխել ընտրուած խափանման միջոց-կալանաւորումը, դադրեցնել հետախուզումը եւ քրէական հետապնդումը այն զորակոչիկ մեղադրեալներուն հանդէպ, որոնք զօրակոչի ընթացքին կամովին կը ներկայանան ոստիկանութիւն կամ զինուորական բաժին, եւ ցանկութիւն կը յայտնեն ծառայելու Զինեալ ուժերուն մէջ:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյեմբեր 30ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Գեղագիտական վիրաբուժութեան ընկերակցութեան նախագահ Արմէն Յովհաննիսեան եւ «Նաիրի» բժշկական կեդրոնի՝ քիթ, կոկորդ, ականջ հիւանդութիւններու ծառայութեան ղեկավար Գնէլ Անանեան յայտնած են, թէ գեղագիտական վիրահատութիւններու շարքին, Հայաստանի մէջ ամենատարածուածը քիթի վիրահատութիւնն է:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյեմբեր 29ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի մէջ գործող զբօսաշրջական գործակալութիւններուն դժգոհութիւնը փոխանցեց «Աւարայր թուր» զբօսաշրջային ընկերութեան նախագահ Արկադի Սահակեանը, բացատրելով, որ «Արմաւիա»ն եւ «Զուարթնոց»ը իրենց անհասկնալի գնային քաղաքականութեամբ լրջօրէն կը խոչընդոտեն դէպի Հայաստան զբօսաշրջիկներու այցելութիւնները:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 4ին, Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին կը տօնէ հայոց առաջին լուսաւորիչներ՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդողիմէոս առաքեալներուն յիշատակը: Տօնին առիթով Դեկտեմբեր 3ի երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ Սուրբ Էջմիածնոյ Մայր տաճար պիտի բերուին Մայր աթոռի գանձատան մէջ պահուող նշեալ առաքեալներուն մասունքները, իսկ յաջորդ առաւօտ պիտի մատուցուի սուրբ պատարագ:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տեղեկութիւններով, 2010 Յունուար-Հոկտեմբեր ամիսներուն, Հայաստանի մէջ արտադրուած է 9.6 միլիոն լիթր քոնեաք, որ 35.2 տոկոսով աւելի է 2009ի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն:
November 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայ Օգնութեան Միութեան առաքելութեան մաս կը կազմեն մարդասիրական եւ ազգասիրական զանազան ծրագիրներ մշակելու պատրաստակամութիւնը։ Այսպիսով, ան կը փորձէ լաւագոյնս եւ պատշաճը փոխանցել տեղւոյն գաղութի զաւակներուն՝ զանոնք հաղորդակից դարձնելու ազգային ու տեղական տօներուն ու աւանդոյթներուն։
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կազմակերպութեամբ Մերի Տէր Բարսեղեան իրաւաբանական գրասենեակին եւ «Document Preparation Solutions» ընկերութեան, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 10, տեղի կ՛ունենայ արուեստի գործերու ցուցադրութիւն մը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի անկար երեխաներու արտադպրոցական ծրագիրներ մշակող «Guardian Angels of Trust» ծրագիրին Կլենտէյլի մասնաճիւղին, որուն երեխաներուն մեծ մասը հայ է:
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Աւելի քան երկու տասնամեակ, Լոս Անջելըսի քաղաքապետարանում որպէս ճարտարագէտ աշխատելու ընթացքում, Յարութիւն Սուրմէնեանը մասնակցել է քաղաքի վարչական, հասարակական, արտադրական եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ շէնքերի եւ կառոյցների նախագծմանն ու շինարարական աշխատանքների ղեկավարմանը։
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22ին, Հոլիվուտի մէջ գնտուող Թէքէեան մշակութային միութեան Արշակ Տիգրանեան վարժարանի բարձրագոյն դասարաններու ուսանողներ ժամանեցին առաջնորդարան, եւ երիտասարդաց վարիչ՝
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Համազգայինի «Արշիլ Կորքի» կերպարուեստի ուսումնարանի աշակերտական 24րդ ցուցահանդէսը Շաբաթ, Նոյեմբեր 6ի երեկոյեան, «Ա. Մանուկեան» կեդրոնի «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս համախմբած էր արուեստասէր անձնաւորութիւններու կողքին՝ մեծ ու փոքր երեխաներ եւ ծնողներ, որոնք եկած էին դիտելու եւ գնահատելու մանուկներու եւ պարման-պարմանուհիներու ձիրքերը յայտնաբերող գծանկարները, որոնք երաշխիքը կը կազմէին միութիւն-ուսուցիչ-աշակերտ երրեակ համերաշխ գործընթացին։
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեան, Նոյեմբեր 18ին ընդունած է Հունգարիոյ խորհրդարանի Ազգային եւ ցեղական փոքրամասնութիւններու ատեանի հայ ինքնավարութեան նախագահ, Հունգարիոյ հայկական «Սփիւռք» միութեան նախագահ Ադամ Սարգսեանը:
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Նոյեմբեր 13-14ին, Գերմանիոյ Կէօփինկէն քաղաքի Սուրբ Խաչ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն-օծում:
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Նոյեմբեր 18-20, Սոֆիայի մէջ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (վարիչ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու) մասնակցեցաւ «Ալֆա» դասընթացքի կազմակերպած Ուղղափառ եկեղեցիներու Աստուածաշունչի սերտողութեան նուիրուած համագումարին։
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Նոյեմբեր 5-7 2010 Հեսընի հայ համայնքի եւ «Գարուն» ամսաթերթի կազմակերպութեամբ, Հանաուի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ գերմանահայ գծագրիչ Ռուբինա Տէր Բարսեղեանի «Հայոց Այբուբեն»ին նուիրուած գեղանկարներու ցուցահանդէսը:
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
2010ի Նոյեմբերի 14ին, երեկոյեան ժամը 5ից սկսեալ, St. Nicholas եկեղեցու դահլիճում տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախմբի հիմնադրման 10ամեակին նուիրուած նոյն պարախմբի տարեկան համերգը՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով պարախմբի սաների, նրանց ծնողների եւ Սան Ֆերնանդօ հովիտի արուեստասէր հասարակութեան մօտ:
November 30th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Արաբական երկիրները Իսրայէլը կը նկատեն իրենց ուխտեալ թշնամին. ամէն գնով զայն ծունկի բերելու, պաղեստինեան գրաւեալ հողերը ազատագրելու յայտարարութիւններ կատարուած են ու կը կատարուին արաբ նախագահներու, իշխաններու ու թագաւորներու կողմէ, գրեթէ ամէն օր, ամէն առիթով:
November 30th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռուսիոյ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի նպատակն է՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան «Կարգաւորման հիմնական սկզբունքներ» անունով առաջին ամբողջական փաստաթուղթը մշակել։
November 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանին առջեւ խօսք մը արտասանելով՝ այլ հարցերու կողքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի առջեւ ծառացած մեծագոյն խնդիրը այդ հակամարտութիւնն է։
November 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«Ամերիկայի Ձայն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուաշինկթընի մէջ յայտարարած է. «Եթէ նախապէս 20րդ դարու սկիզբի իրադարձութիւնները հերքուած են, ապա այժմ մենք չենք հերքեր, որ Թուրքիոյ մէջ հայերուն հետ աղէտալի իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են»։
November 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ըստ «Novostink.ru» կայքին փոխանցած տեղեկութիւններուն, «Ուիքիլիքս»ի հրապարակած գաղտնի փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ ներկայացուած է 2008ի Օգոստոսին, ռուս-վրացական պատերազմին ընթացքին Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը:
November 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 1ին, Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ կը կայանայ ԵԱՀԿի անդամ պետութիւններու վեհաժողովը, որմէ բեկումնային զարգացումներ կ՛ակնկալուին հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Ղարաբաղի հարցին մէջ:
November 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՀՅԴ պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը նամակով դիմել էր ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին: Համադրենք, թէ ինչ պատասխաններ է տուել այդ նամակում արծարծուած խնդիրներին քաղաքաշինութեան նախարարը:
November 30th, 2010
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՀՌԱԿի լրատուական ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան գործադիր փոխատենապետ, ՀՌԱԿի ատենապետ Յարութիւն Առաքելեանի Միացեալ Նահանգներ կատարած երկշաբաթեայ այցելութեան ընթացքին, ելոյթներ ունեցած է Լոս Անճելըսէն սփռուող հայկական 7 պատկերասփիւռի կայաններէ:
November 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ, Զուիցերիոյ նախագահ Տորիս Լէոթարտի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման պէտք է նայիլ Կովկասի մէջ սառեցուած հակամարտութիւններու կարգաւորման տեսանկիւնէն, որովհետեւ սառեցուած խնդիրները կրնան որեւէ վայրկեան պայթիլ։ Ընդգծելով, որ ոչ ոք պիտի անտեսէ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը եւ «ատրպեճանական գրաւուած տարածքներու» հարցը՝ Կիւլ ըսած է. «Չեմ ուզեր խնդիրները իրարու շաղկապել, սակայն հարկ է ամբողջ պատկերը տեսնել»։
November 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Մինչ ամերիկեան եւ հարաւային քորէական ուժերը անցնող շաբաթավերջին սկսած չորսօրեայ լայնածաւալ ռազմափորձը կը շարունակէին, Չինաստան քորէական թերակղզիին վրայ յառաջացած տագնապի լուծման համար արտակարգ ժողով մը առաջարկեց։ Հարաւային Քորէան եւ Ճափոնը յայտնեցին, որ պիտի սերտեն չինական առաջարկը։ Պէյժինկի առաջարկը կը յաջորդէ պատասխանատու յաւելեալ դերակատարութիւն ստանձնելու եւ իր դաշնակից Փիոնկեանկը զսպելու համար Չինաստանի վրայ գործադրուած միջազգային ճնշումներուն։ Միւս կողմէ, Հիւսիսային Քորէայի իշխանութիւնները ազդարարեցին, թէ ռազմափորձեր կատարելու որոշումը պատերազմի հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ։
November 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Ուիքիլիքս»ի կողմէ Կիրակի, Նոյեմբեր 28ին հրապարակուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գաղտնի փաստաթուղթերուն մէջ կան աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ կառավարութեան անդամներուն տրուած ածականներ եւ կարծիքներ։
November 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյեմբեր 26ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան աշխատակազմի պաշտօնեաներէն Վռամ Գիւլզադեան մեղադրեց գիւղատնտեսութեան նախարար Գերասիմ Ալավերդեանը, նախարարութեան մէջ տեղ գտած չարաշահումներու բացայայտումը խոչընդոտելուն համար:
November 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին, Հայաստան կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 29ին այցելած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը՝ Ծիծեռնակաբերդ:
November 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյեմբեր 29ին, Կոտայքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Մակեան հրապարակեց այս տարուան Ապրիլ 13ին, ոստիկանութեան Չարենցաւանի բաժինին մէջ կասկածելի հանգամանքներու տակ սպաննուած Վահան Խալաֆեանի գործով կալանաւորուած ոստիկաններուն դատավճիռը:
November 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Super Six Boxing World Classic մրցաշարի ծիրէն ներս կայացած WBC վարկածով աշխարհի ախոյեանի մենամարտին, երկրորդ միջին ծանրութեան կարգին մէջ Քարլ Ֆրոչի ու միջին ծանրութեան կարգին մէջ նախկին աշխարհի ախոյեան, Գերմանիան ներկայացնող հայ բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամի մենամարտը աւարտած է Քարլ Ֆրոչի (120-108 եւ երկու անգամ 120-109 հաշիւով) յաղթանակով:
November 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, տեղի պիտի ունենայ զրոյց-ընթրիք մը Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Լաուրա Ֆրիտմընի հետ:
November 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յաջորդ գրական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 E. Harvard St, Glendale, CA 91205), Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամի 5էն 8ը: Ձեռնարկը գնահատանքի երեկոյ մըն է՝ նուիրուած Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի:
November 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կիրակի, Նոյեմբեր 14ին, առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան, Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ֆրեզնոյի Ս. Պօղոս Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Նախքան «Հայր Մեր»ը, հայր սուրբը կարդաց Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետին կոնդակը՝ ուղղուած Պառլօ սրկ. Տէր Մկրտիչեանին, որ կաթողիկոսին կողմէ արժանացած էր «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանին:
November 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25ին լիբանանահայութիւնը իր ոճով համա-խումբ, «դիմաւորեց» Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ յիշեցնելով լիբանանցիներուն եւ համայն արաբներուն, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան չէ փոխուած, այնքան ատեն որ կ՛ուրանայ իր անցեալը եւ չի յարգեր հայերուն, լիբանանցիներուն եւ այլ հաւաքականութիւններուն նահատակները։
November 29th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՀՕՄի 100ամեակի Հայաստանի մէջ կայացած հանդիսութիւններէն ետք, Հոկտեմբեր 16ին դադար առնելէ ետք, Հոկտեմբեր 17ին աւելի քան 150 ՀՕՄականներ, երեք խումբերով մեկնեցան Արցախ։ Առաջին խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ստեփանակերտ, մինչ մնացեալ երկու խումբերը ԼՂՀ մայրաքաղաք հասան զանազան տեսարժան վայրեր այցելելէ ետք։
November 29th, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Երեւան հրատարակուող «168 ժամ» թերթի աշխատակից Մարինէ Մարտիրոսեան «Հայաստանի մէջ գիտութիւնը յետընթաց է ապրում» վերնագրով հարցազրոյց մը կատարած է «ԱՐՓԱ» ընկերակցութեան նախագահ, գիտնական, դասախօս, դոկտ. Յակոբ Փանոսեանի հետ:
November 29th, 2010
| Posted in Հարցազրոյց, Յօդուածներ | Read More »
Աշխարհի պետութիւններու գաղտնիքները բացայայտելը իր առաքելութեան վերածած «Ուիքիլիքս» անունով յայտնի խումբը անցեալ Կիրակի, զգայացունց տեղեկութիւններու նոր հրապարակումով, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի բնութագրումով՝ «դիւանագիտական ցունամի» մը յառաջացուց միջազգային քաղաքական շրջանակներու մէջ:
November 29th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«Կարտիըն» անգլիական թերթը, վկայակոչելով «Ուիքիլիքս»ի կայքը, հրապարակած է բաւական կտրուկ նամակ մը, որ 24 Դեկտեմբեր 2008ին ուղարկուած է Հայաստանի ղեկավարութեան, եւ ուր ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը կը սպառնայ պատժամիջոցներ կիրառել, եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը չդադրեցնէ զէնքի առաքումները Իրան՝ իր տարածքով: «Նիուզ» հայկական լրատու գործակալութեան թարգմանութեամբ, կը ներկայացնենք սոյն նամակին բնագիրը.
November 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«Ուիքիլիքս»ի կողմէ Կիրակի, Նոյեմբեր 28ին հրապարակուած Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան 250 հազար գաղտնի փաստաթուղթերուն մէջ կան նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն առնչութեամբ իրականացուած բանակցութիւններու որոշ մանրամասնութիւններ։
November 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 25ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տարեկան 13րդ թելեթոնը, որուն իբրեւ արդիւնք խոստացուեցաւ 20,862,733 տոլարի նուիրատուութիւն, որ կը գերազանցէ նախորդ տարուան արդիւնքը՝ 15,875,043 տոլարը:
November 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիրակի, Նոյեմբեր 28ին, Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ԵԱՀԿի ընդհանուր քարտուղար Մարք Պերեն տէ Պրիշամպօ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ են երկու կողմերու կառուցողական մօտեցումը եւ ոգին, որպէսզի կարելի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ հասնիլ խաղաղութեան, եւ ատիկա Մինսկի խմբակի եւ ԵԱՀԿի նախագահին խնդիրն է։
November 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Լիմասոլի (Կիպրոս) մէջ ընթացող Եւրոպայի ծանրամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու առաջնութեան ներկայացած աշխարհի արծաթէ մրցանակակիր Հռիփսիմէ Խուրշուդեանը (+75 քլկ.) դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան՝ 250 քլկ. արդիւնքով:
November 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Ռատիքալ»ի մէջ, Մինէ Թուտուքի ու Թարըք Ըշըքի ստորագրութեամբ հրատարակուած երկարաշունչ թղթակցութեան մը մէջ դիտել տրուեցաւ, որ օրէ օր կը բարձրանայ թիւը այն գաղտնի հայերուն, որոնք մինչեւ այսօր թուրքի ու մահմետականի նման ապրած ըլլալով հանդերձ, հիմա կը սկսին վերադառնալ իրենց հայկական ինքնութեան։
November 29th, 2010
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հինգշաբթի, 25 Նոյեմբերին, լիբանանահայութիւնը իր ոճով «դիմաւորեց» Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը` յիշեցնելով լիբանանցիներուն եւ համայն արաբներուն, որ Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան չէ փոխուած, այնքան ատեն որ կ՛ուրանայ իր անցեալը եւ չի յարգեր հայերուն, լիբանանցիներուն եւ այլ հաւաքականութիւններուն նահատակները:
November 26th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Գլխաւոր Լուրեր, Սփիւռք | Read More »
Հայաստանի եօթը հասարակական կազմակերպութիւններ («Կանանց իրաւունքների կենտրոն», «Հասարակութիւն առանց բռնութեան», «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն», «Թուֆենկեան» հիմնադրամի «Կանանց աջակցութեան կենտրոն»
November 24th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյամբեր 24ին ազատ արձակուեցաւ քաղաքական բանտարկեալ, Մարտ 1ի գործով բանտարկութեան դատապարտուած «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան անդամ Մուշեղ Սաղաթելեանը:
November 24th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյեմբեր 24ին, ՀՀ կառավարութեան շէնքի 3րդ յարկի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Մինաս Աւետիսեանի «Հանդիպում» եւ «Խաչքարի մօտ» որմնանկարներուն վերաբացման
November 24th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ի պաշտպանութիւն «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նիկոլ Փաշինեանի, աւելի քան հարիւր մտաւորականներ Նոյեմբեր 24ին իրականացուցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին ներկայացուցին իրենց ստորագրութիւնը կրող յայտարարութիւն մը։
November 24th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Քանի մը տարի առաջ, ոչ հայ բարեկամուհի մը ինծի հարցուց, թէ ես ուրկէ՞ եմ. ըսի՝ «հայ եմ». «Ուրեմն Հայաստանէն ե՞ս», դարձեալ հարցուց ան. «Ո՛չ, Լիբանանէն», պատասխանեցի. «Ուրեմն Լիբանանցի ես», ըսաւ ան՝ շուարած…»
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, Հայաստանի ընկերային կացութեան նուիրուած դասախօսական ու լուսանկարչական ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Նոյեմբեր 13ին, առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի նախագահութեամբ, Կլենտէյլի «Verdugo Hills Country Club»ին մէջ տեղի ունեցաւ Լա Քանիատայի եւ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ 6րդ ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Նոյեմբեր 12, 2010ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Քարուսել» ճաշարանին մէջ հաւաքուած էին ՀՅԴ Նորթ Վալիի «Արշաւիր Շիրակեան»
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայ կնոջ առաքելութեան արժեւորման իմաստով, յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 16ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարկին տակ, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, մասնակցութեամբ հայկական միութեանց ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով հանդիսականներու։
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀԲԸՄ «Երուանդ Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկի «Ազգանուիրում» ծրագիրի՝ այս տարեշրջանի մասնակիցներու պարգեւատրման եւ նոր թեկնածուներու ներկայացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի համալիրէն ներս։ Կիրակի, Հոկտեմբեր 24ին, «Ազգանուիրում»ի երեսուն պարման-պարմանուհիներ, իրենց խորհրդատուներու ընկերակցութեամբ, ներկայ գտնուեցան Ս. պատարագի, Սրբոց Ղեւոնդեանց եկեղեցիէն ներս, ուր առաջնորդ սրբազան հօր յատուկ ուշադրութեան արժանացան։
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Սոյն տարուան Հոկտեմբեր 8-11 երկարող օրերուն, Հայաստանի Արա եւ Հատիս լեռներու լանջերուն գտնուող Նոր Հաճըն քաղաքին մէջ, մեծաշուք եւ բացառիկ նախաձեռնութիւններով տեղի ունեցան շատ կարեւոր յիշատակներու նշումներ եւ բացումներ՝ Հաճընի եւ Նոր Հաճընի պատմութեան եւ ներկային հետ կապուած իրադարձութիւններու:
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
աւելի քան 150 հոգիներու ներկայութեամբ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պետրոս Ալահայտոյեանի «Բալուի (Եւ տարածաշրջանի) երաժշտական, ազգագրական հաւաքածոյ» գիրքին շնորհահանդէս-ներկայացումը:
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Ուաշինկթընի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչը,
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 19ին, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի, Արցախի Հայց. եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի, «Հայաստան»
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ֆերահեան Ազգային վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմնի նախաձեռնած ուսուցիչներու մասնագիտական վերապատրաստութեան միօրեայ սեմինարը։
November 24th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Աշխարհի տարբեր կրօններ, քրիստոնէութենէն առաջ գոյութիւն ունեցող, թէ՝ քրիստոնէութենէն ետք ի յայտ եկած, զանազան առիթներով աղքատները, զրկեալներն ու նուազ բախտաւոր մարդիկը յիշելու մասին կը դաստիարակեն իրենց հետեւորդները: Իրենց տուած այդ կրթութեամբ, անոնք ամէնքն ալ կը հաստատեն, թէ հաւատքը ոչինչ կ՛արժէ՝ առանց գործերու: Ուրիշ խօսքով, պէտք է հաւատքը գործքով արտայայտել, եւ գործեր՝ որոնք բարեգործութիւն համարուին պաշտուած Աստուծոյ մօտ:
November 24th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Հաւանաբար չես պատկերացներ, թէ ամէնօրեայ սովորութիւններովդ կրնաս շատ դիւրին ու պարզ ձեւերով, երեխային ուղեղին աշխատանքը զարգացնել:
November 24th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Սրտաբեկ եւ դառնանուշ անցեալէն ու ներկայէն վերակոչուած յիշատակներով է, որ մեր հայկական մշակոյթին նուիրուած ամսուան մէջ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2010ի կէսօրին, ցուրտ հողին յանձնուեցաւ անշունչ եւ հոգնաբեկ մարմինը հայ գրքի ու մշակոյթի մարդակերտ առաքեալին՝ Յարութ Երէցեանին:
November 24th, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Մեր իրականութեան մէջ Ժողովրդականօրէն մշտապէս արտայայտուած բաղձանքը ակադեմական եզրերով ու ակադեմական միջավայրի մէջ վերաձեւակերպելու առիթ մըն էր կարծես անցեալ Շաբաթ, 20 Նոյեմբերին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովը:
November 24th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Բեղուն շաբաթավերջ մը բոլորեց ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքը՝ իր անդամներով, քոյր միութիւններով եւ համակիրներով: Այս ձեռնարկները, իրենց մակարդակով եւ արդիւնքով փաստեցին թէ 120 տարի առաջ յանուն սուրբ գործին կոչ ուղղած ՀՅ Դաշնակցութիւնը տակաւին միաւորելու եւ միացնելու գաղափարով ու վճռակամութեամբ կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն սկսած երթը:
November 24th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 23ին Լոս Անճելըսի քաղաքապետի նստավայրին մէջ հանդիպած է քաղաքապետ Անթոնիօ Վիլարայկոսայի, որուն հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող շաք մը հարցեր:
November 24th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թ. Էրտողան Նոյեմբեր 24ին ժամանած է Լիբանան, ուր զինք դիմաւորած է երկրի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ:
November 24th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ատրպէյճանի խորհրդարանի անդամ եւ Ատրպէյճանի երիտասարդական կազմակերպութիւններու ազգային խորհուրդի ատենապետ Ֆուատ Մուրատով կը յայտնէ, թէ Նոյեմբեր 26-28ին, Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ կայանալիք ատրպեճանական սփիւռքի երիտասարդական առաջին համագումարին գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ քաղաքականապէս աշխուժացնել յատկապէս Եւրոպայի մէջ ապրող ատրպէյճանցիները:
November 24th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հայ Դատի Իրաւատիրութեան Պիտի Յանգի՞ն Ուիլսընի Իրաւարար Վճռին «Գիտական Ուսումնասիրութիւնն Ու Վերլուծութիւնը»
November 24th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
November 24th, 2010
| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »
Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի շարունակէ դուրս գալ ճգնաժամէն, սակայն տնտեսական աճը ակնկալուածէն աւելի դանդաղ պիտի ըլլայ, ըստ գործարարական տնտեսագէտներու միութեան մէկ ուսումնասիրութեան:
November 23rd, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թեքսաս հաստատուած Ռազմագիտական նախատեսութիւն («Սթրաթֆոր») անունով վերլուծական կեդրոնի հիմնադիր Ճորճ Ֆրիտմըն, Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է թրքական
November 23rd, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Իսրայէլի բանակի սպայակոյտի պետ Կապի Աշքենազի, հանգստեան կոչուելէ առաջ այցելած է Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում ունեցած է իր ամերիկացի գործընկերոջ՝ ծովակալ Մայքըլ Մալընի, ու այլ հրամանատարներու եւ պաշտօնատարներու հետ:
Թրքական լրատուամիջոցներու համաձայն, Մալընի հետ հանդիպման ընթացքին, Աշքենազի յայտարարած է, թէ վերջին 60 տարիներուն Միջին Արեւելքի մէջ Միացեալ Նահանգներու ազդեցիկ դիրքը սկսած է տկարանալու, ու տարածաշրջանի օրակարգը արդէն իսկ սկսած է ձեւաւորուելու Թուրքիոյ ու Իրանի կողմէ։
November 23rd, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հայաստանի եւրոպական բարեկամներ կազմակերպութեան պատուէրով, «Populus» ընկերութիւնը Հայաստանի տարածքին իրականացուցած է հարցուպատասխան եւ պարզած, որ հայաստանցիներուն 75 տոկոսը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումին, որ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւնները սառեցնելու, քանի որ Թուրքիան չվաւերացուց արձանագրութիւնները:
November 23rd, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոյեմբեր 23ին, ՄԱԿի հայաստանեան գրասենեակին մէջ, ՄԱԿի Զարգացման ծրագիրի մշտական ներկայացուցիչի տեղակալ Տիրք Պոպերկին ներկայացուց «Ազգերու իրական հարստութիւնը. մարդկային զարգացման ուղիներ» վերնագիրով 2010ի Մարդկային զարգացման զեկոյցի՝ մարդկային զարգացման համաթիւը (ՄԶՀ), ըստ որուն, 169 երկիրներու շարքին Հայաստանը կը գրաւէ 76րդ տեղը:
November 23rd, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մեկնաբանելով Նոյեմբեր 19ին տեղի ունեցած միջադէպը՝ Ղարաբաղի ԶՈւ շփման գիծին վրայ, որուն հետեւանքով հրազինային կրակոցներէ զոհուած են ժամկէտային չորս զինուորական ծառայողներ, Նոյեմբեր 23ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ղարաբաղեան պատերազմի հերոս, հրամանատար Արկադի Տէր Թադեւոսեան
November 23rd, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Արշակ Տիգրանեան վարժարանի Ծնողաուսուցչական կազմը կազմակերպեց շրջանաւարտների հետ հանդիպում Ուրբաթ, Նոյեմբերի 5ին, Տաղլեան Մշակութային կենտրոնի իւրայատուկ ընդունելութեան սրահում: Կազմակերպուած միջոցառումը բացումն էր դպրոցի եռեսունամեայ տարեդարձին նուիրուած միջոցառումների շարքի:
November 23rd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայ ժողովուրդի մշակոյթն ու աւանդոյթը, կը ծաղկի ու կը վերանորոգուի ամէն տարի, իր տօնախմբութիւններով ու յիշատակութիւններով Հայ եկեղեցւոյ բեմերէն, ինչպէս նաեւ հայկական վարժարաններու աշակերտական գեղարուեստական ծրագիրներով։
November 23rd, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Այս տարի, Thanksgiving Day-ը կամ Գոհաբանութեան օրը եւ կամ ինչու չէ նաե՛ւ տօնը կը զուգադիպի Նոյեմբեր 25ին:
November 23rd, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Երկուշաբթի օր, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Վուտրօ Վիլսընի հայ-թրքական սահմանի վերաբերեալ Իրաւարար վճիռի 90ամեակին նուիրուած գիտաժողով: Յատկանշական է, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղերձով մը անդրադարձած է այս վճիռին ու նոյնպէս յատկանշական է
November 23rd, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 22ին այցելեց Մոնթեպելլօ, ուր հադիպում մը ունեցաւ քաղաքային խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քաղաքապետ Ուիլեըմ Մալինարիի գլխաւորութեամբ:
November 23rd, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ուղերձով մը դիմած է Երեւանի պետական համալսարանի մէջ կայացող «Վուտրօ Վիլսընի Իրաւական վճռի 90րդ տարեդարձ»ին նուիրուած գիտաժողովի մասնակիցներուն: Սոյն ուղերձին մէջ, նախագահ Սարգսեան Վիլսընի վճիռը կը բնութագրէ իբրեւ հայ ժողովուրդի «կորուսեալ հայրենիքի իղձ»ին «կենարար եւ իրաւական ուժ» տուող քայլ:
November 23rd, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Նոյեմբեր 18-21ի միջեւ, Ֆրանսայի մէջ իրականացաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աւանդական համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը: Դրամահաւաքը, որուն այս տարի կը մասնակցէին Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Հոլանտայի եւ Յունաստանի տեղական մարմինները, հանգանակեց շուրջ 1 միլիոն 300 հազար եուրօ: Նուիրատուութիւնները պիտի ուղղուին Արցախի Տող, Հարթաշէն, Ուխտաձոր, Ակնաղբիւր եւ Սարգսաշէն գիւղերուն մէջ ջրային համակարգի կառուցման ու վերականգնման աշխատանքին: Նաեւ պիտի շարունակուին Տաւուշի մարզին համար սկսած ներդրումները:
November 23rd, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման ծիրէն ներս Նոյեմբեր 22ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու աշխատանքային հանդիպումը, Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ ՀՅԴ պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանին լաւատեսութիւն չի ներշնչեր:
November 23rd, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 22ին, Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպած է ամերիկահայ բարերարներ Իսահակ Վարդանեանի եւ Գէորգ Ոսկանեանի հետ, ու անոնց հետ քննարկած՝ Արցախի մէջ շինարարութեան ոլորտի տարբեր ծրագիրներու իրականացման հեռանկարները:
November 23rd, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեան բարելաւման նպատակով երեւանի մէջ ներկայացուած շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու՝ ԵԱՀԿի, Եւրոխորհրդի, Եւրոմիութեան, ԱՄՆի Միջազգային զարգացման գործակալութեան ներկայացուցչութիւններու կազմակերպութեամբ անցեալ Երկուշաբթի, 23 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ համաժողով մը, որուն մասնակցեցան նաեւ ընդդիմադիր ուժերէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութեան» անդամներ: ՀԱԿը, որ նաեւ հրաւիրուած էր այս համաժողովին, նախընտրեց բացակայիլ:
November 23rd, 2010
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22ին, ատրպեճանական լրատուական գործակալութիւններ հաղորդեցին, թէ Ատրպէյճանի բանակի N զօրամասի զինուոր մը անձնասպանութեան դիմած է: Ժամկէտային զինծառայող Փարվիզ Կէօզալովի անձնասպանութեան պատճառներուն մասին տեղեկատուութիւն չէ փոխանցուած:
November 22nd, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու, հակազդելու համար վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն դիտողութեան, թէ ընդդիմադիրները Սվազէն անդին չեն կրնար անցնիլ, անցնող շաբաթավերջին Տիարպեքիր այցելեց եւ, խօսքը ուղղելով զինքը դիմաւորող ժողովուրդին՝ ըսաւ. »Ահաւասիկ հոս ենք. մեր մեծ հայրերը միասին կռուեցան ազգային ազատագրումի պատերազմին ընթացքին, իսկ մենք, աւելի ժողովրդավար երկրի մը մէջ՝ եղբայրաբար պիտի ապրինք«։
November 22nd, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նոյեմբերի 25ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայէպ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան դէմ բողոքի միացեալ ցոյց մը կազմակերպուած է հայկական ազգային երեք կուսակցութիւններու կողմէ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Սոցիալ
November 22nd, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նոյեմբեր 22ին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ իր ռուս ու ազերի պաշտօնակիցներ՝ Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամետեարովի, աշխատանքային հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկումներ ընթացան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման առնչուող օրակարգային հարցերու շուրջ:
November 22nd, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նոյեմբեր 20ին, Մինսկի մէջ կայացած միջազգային մանկական »Եւրոտեսիլ 2010« երգի մրցոյթին յաղթանակը տարաւ ծնունդով ղարաբաղցի 12ամեայ Վլադիմիր Արզումանեանը՝ իր »Մամա« երգով։ 14 երկիրներ ներկայացնող 10-15 տարեկան պատանիներու »Feel the magic« կարգախօսը կրող մրցոյթին արդիւնքները որոշուեցան հեռատեսիլի միջոցով մրցոյթին հետեւողներուն եւ դատակազմի անդամներու քուէարկութեան հիման վրայ։
November 22nd, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »