Home » December 30th, 2010Entries posted on “December, 2010”
Չենք կրնար անտեսել այն փաստը, որ տարին կը փակենք Ուաշինկթընի մէջ արձանագրուած երկու շռնդալից ձախողութիւններով:
Արդարեւ, Հայկական Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւը քուէարկութեան չդրուեցաւ, իսկ երկու օր առաջ, նախագահ Օպաման Ատրպէյճանի մօտ դեսպան նշանակեց ամերիկահայութեան համար ամէնէն անցանկալի «դիւանագէտ»ներէն մէկը՝ Մեթիու Պրայզան:
December 30th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Դեկտեմբեր 16ին, աշխարհահռչակ «Մեթրոփոլիթըն» արուեստի թանգարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի երեխաներ հիմնադրամի տարեկան եօթներորդ ձեռնարկին ընթացքին, որուն ներկայ էր մօտաւորապէս 300 հոգի, նուիրատուները կրցած են գոյացնել 1.5 միլիոն տոլար գումար մը, որ պիտի տրամադրուի Հայաստանի գիւղական շրջաններ բնակող երեխաներուն կրթական ու ապրուստի մակարդակը բարելաւելու նպատակին:
December 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Օպամա Պրայզան Կը Նշանակէ Ամերիկայի Դեսպան՝ Ատրպէյճանի Մօտ
December 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Դեկտեմբեր 30ին ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան կողմէ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարին հասցէագրուած նամակով մը տրամադրուած են տեղեկութիւններ՝ Նոյեմբեր 1էն Դեկտեմբեր 30 երկարող ժամանակահատուածին ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման դէպքերուն մասին:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ըստ «Թրենտ» գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն, 2011ին Ատրպէյճան մտադիր է սաստկացնել ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման համար միջազգային եւ տարածաշրջանային պատասխանատու կազմակերպութիւններուն վրայ գործադրուող ճնշումները:
December 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Լոս Անճելըսի արհեստավարժ պասքեթպոլի «Լէյքըրզ» խումբի աստղերէն Քոպի Պրայընթ այս շաբաթ սկսած է «Թուրքիոյ օդային գիծերու» («Թըրքիշ Էրլայնզ») ծանուցումներուն մէջ դեր ստանձնելու ու համաշխարհային գետնի վրայ ընկերութեան քարոզչութիւնը ընելու: Պրայընթ, որուն դէմ վերջերս պայքար բացած էր ամերիկահայութիւնը, կարեւորութիւն չընծայեց Ցեղասպանութիւն ուրացող երկիրի մը բանբերը չըլլալու ամերիկահայութեան թելադրութեան. ան արդէն իսկ պատրաստած է գովազդի տեսաերիզ մը, որուն մէջ կը յայտարարէ, թէ ընկերութիւնը «77 տարիէ ի վեր արտակարգ ծառայութիւն կը մատուցանէ օդային ճամբորդութեան մարզին մէջ», եւ թէ այս հաստատութիւնը թռիչքներու ընթացքին շատ համեղ ճաշեր կը հրամցնէ իր ուղեւորներուն։
December 30th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ինչպիսին էր անցնող տարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներքին՝ ինչպէս քաղաքական, այնպէս էլ սոցիալ–տնտեսական կեանքի տեսակէտից, ինչո՞վ էր յիշարժան:
December 30th, 2010
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 30th, 2010
| Posted in Գիր ու Գիծ | Read More »
Աւարտին է մօտենում 2010 թուականը՝ տարի, որը հարուստ էր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային իրադարձութիւններով: Մեր հանրապետութեան տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտներում արձանագրուեց կայուն աճ: Կառուցուեցին նոր բնակելի շէնքեր, արդիւնաբերական օբյեկտներ, մշակութային եւ կրթական օջախներ: Էլ աւելի է բարձրացել մեր երկրի պաշտպանունակութեան մակարդակը, ամրապնդուել են Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք կապերը: Սպորտի եւ մշակոյթի մեր ներկայացուցիչները փայլուն յաղթանակներ գրանցեցին միջազգային ասպարէզում:
December 30th, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Նոր տարուայ զգացողութիւն չունեմ, բայց իրաւունք չունեմ սպասելիքներ չունենալ, որովհետեւ սպասելիքները մարդկային են, եւ անկախ տարիքից, անկախ քաղաքական պատասխանատուութիւնից եւ անկախ պաշտօնից, մարդը միշտ հաւատում է հեքիաթին, երազանքին, լաւ հեռանկարին:
December 30th, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Սիրելի հայրենակիցներ,
Աւարտւում է 2010 թուականը: Այն բնութագրուեց աշխարհը ցնցած ֆինանսատնտեսական ճգնաժամի հետեւանքների յաղթահարմանն ուղղուած ծանր ու լարուած աշխատանքով: Չնայած ներքին ու արտաքին անբարենպաստ պայմաններին՝ մենք կարողացանք աճ արձանագրել տնտեսութեան մէջ, ամբողջութեամբ կատարեցինք պետութեան սոցիալական պարտաւորութիւնները, նոր թափ հաղորդեցինք ենթակառուցուածքների զարգացմանն ուղղուած աշխատանքներին:
December 30th, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ՀՀ կառավարութեան որոշումով, Դեկտեմբեր 30ին հաստատուեցաւ «Պետական աջակցութիւն առանց ծնողական խնամքի մնացած երեխաների թուին պատկանող անձանց» ծրագիրը: Նիստին ընթացքին, Հայաստանի աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Արթուր Գրիգորեան նշեց, որ ծրագիրին ընդունումը պայմանաւորուած է մանկատուներու շրջանաւարտներուն եւ առանց ծնողական խնամքի մնացած երեխաներուն պետական պիւտճէով նախատեսուած միջոցներու հաշիւին տրամադրուող բնակարաններու եւ անոնց կահաւորման համար գոյքի ձեռքբերման անհրաժեշտութեամբ: Նախարարին խօսքով, նշեալ ծրագիրով կ՛ապահովուի շահառուներուն բնակարաններու յանձնման միասնական գործընթաց:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) մամլոյ ծառայութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, անցնող տարուան ընթացքին ՊԵԿ համակարգին մէջ յատուկ քննութիւն իրականացուցած է 471 հարկային ծառայող, որոնցմէ 70ը չէ համապատասխանած իր պաշտօնին:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Կրթական համակարգում կոռուպցիոն երեւոյթների դէմ պայքարի 2011-2012ի համալիր գործողութիւնների ծրագիր»ի ծիրէն ներս, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Կ. Յարութիւնեան, Դեկտեմբեր 29ին հանդիպած է Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) ուսանողական խորհուրդի անդամներուն հետ: Նախարարին տեղակալը, ողջունելով նման երեւոյթներու դէմ պայքարին մէջ ուսանողներու աշխոյժ մասնակցութիւնը՝ նշած է, որ ծրագիրի յաջողութեան գրաւականը բոլոր կողմերուն հետեւողական եւ համատեղ աշխատանքն է:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 29ին, Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպած է բնապահպանական հիմնարկներու ներկայացուցիչներուն հետ: Քաղաքապետը կարեւոր համարած է մայրաքաղաքի բնապահպանական հայեցակարգի յստակեցումը՝ հիմք ընդունելով արդէն իրականացած եւ մշակուած ծրագիրները:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի կառավարութեան եւ «Հայփոսթ» ընկերութեան Դեկտեմբեր 29ին կնքած պայմանագիրին հիման վրայ, այսուհետեւ կենսաթոշակները կը վճարուին «Հայփոսթ»ի բաժանմունքներուն մէջ։ Ստորագրուած պայմանագիրին հետեւանքով, սակայն, աշխատանքէ զրկուեցաւ կենսաթոշակային հիմնադրամի 300 աշխատակից։ Դեկտեմբեր 30ին, նշեալ աշխատողներէն քանի մը տասնեակը, կառավարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 28-30ի միջեւ, աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Իրանի բարձրագոյն կրթութեան, գիտութեան եւ գիտարուեստներու նախարարութեան պատուիրակութիւնը, որուն հետ կը քննարկուի Իրանի մէջ հայկական որոշ համալսարաններու վկայականներուն ճանաչման հարցը:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մաշտոց պողոտայի եւ Կորիւն փողոցի երկու շէնքերուն միջեւ գտնուող սեփական տուներու հրկիզումէն ետք անօթեւան մնացած բնակիչներուն, Դեկտեմբեր 28ին, յատկացուած է դրամական աջակցութիւն մը՝ Երեւանի քաղաքապետին յանձնարարութեամբ: Հրդեհէն ետք վրաններու տակ ապրող 5 ընտանիքներուն, 4 ամիս վարձակալութեամբ ապրելու համար յատկացուած է ամսական 150,000ական դրամ: Յիշեցնենք, որ Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան Դեկտեմբեր 24ին այցելած էր Նոյեմբեր 24ի հրդեհին հետեւանքով տուժած ընտանիքներուն: Կարէն Կարապետեան խոստացած էր աջակցիլ անոնց: Նշեալ ընտանիքները 4 ամիս պիտի ապրին վարձակալութեամբ, ապա անոնց խնդիրին հիմնական լուծում պիտի տրուի քաղաքապետարանին կողմէ:
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոր տարուան նախօրէին Եռաբլուր պանթէոն այցելած է Հայաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Գորիկ Յակոբեան
December 30th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10ի երեկոյեան, կազմակեպութեամբ Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնին, ծանօթացման եւ գնահատանքի երեկոյ մը տեղի ունեցաւ շրջանի քաղաքներու պաշտօնատարներուն հետ:
December 30th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քրեսենթա Հովիտի Քաղաքպետական խորհուրդի Դեկտեմբեր 2010ի ամսական ժողովը արտասովոր երեւոյթ մը կը պարզէր: Անիկա գումարուեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16ի երեկոյեան ժամը 7ին, Քրեսենթայի քաղաքապետարանի սրահէն ներս:
December 30th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ներկայ եղանակին երրորդ անգամ ըլլալով, «Դիլիջան» երաժշտական ընկերակցութիւնը Կիրակի, Դեկտեմբեր 19ին գեղեցիկ ձայնի՝ գործիքային ու մարդկային ձայնի, նոր վայելք մը ընծայեց երաժշտասէրներուն, որոնք արհամարհելով մթնոլորտային աննպաստ պայմանները՝ տեղատարափ անձրեւն ու ցուրտը՝ «Զիփըր» սրահ դիմած էին հոգեպէս ջերմանալու համար. (ի դէպ, մթնոլորտային պայմանները միայն պատրուակ են նման վայելքներէ ինքնազրկումի համար, որովհետեւ պատրուակներ մի՛շտ ալ կարելի է գտնել…)
December 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Դարերով պարտութիւններ տեսած, զօրք ու զէնքով տկար, հողատարածքով նահանջող հայ ազգի, միաժամանակ մշակութային յարատեւ գրոհներ ու նուաճումներ ունեցող հայ ազգի չորս զաւակները՝ Ոսկան, Զարեհ, Մչօ եւ Տիգրան գեղանկարիչները, իրենց հերթական ցուցահանդէսն ունեցան 2010ի Հոկտեմբերի 15-17ը։ Սարոյանական մեծութիւն եւ Արշիլ-կորքիական ամրութիւն ունեցող ազգի չորս անկոտրում որդիներ, որոնք այս Խաղաղ կոչուող ովկիանոսի ափին իրենց ժամանակաւոր կացարաններն են գտել, եւ որոնց հոգիներն այս Խաղաղն աւելի է ալեկոծել։
December 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, նախաձեռնութեամբ «Քեսապցիներ՝ Քեսապի համար» կայքէջին եւ «Եաւուրեան» սթիւտիոյին, վերջերս «Սահակեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քեսապ» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէնի ներկայացումը, որուն մէջ ներկայացուած էր քեսապցիներուն կեանքը, աւանդութիւնը եւ սովորութիւնները։
December 30th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահը դարձեալ ողողուած էր երեխաներով, որոնք այս անգամ եկած էին ոչ թէ մրցանքի մասնակցելու, այլ «Ազդակ»ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»ի «Անսխալ գրենք» մրցանքին պտուղը քաղելու: Արդարեւ, Նոյեմբեր 28ին կայացած մրցումին արդիւնքները ելած էին, եւ հայկական 19 վարժարաններէն մասնակցած աւելի քան 350 աշակերտներէն մրցանակ ապահոված էին 47 աշակերտներ, որոնցմէ եօթն՝ անսխալ արդիւնքով:
December 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Նախքան Ամանորը, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկները ընդունեցին իրենց բարերարներուն այցելութիւնը, որ դարձեալ Նոր Տարուան խրախճանական մթնոլորտի մէջ հաւաքոյթ մըն էր, Կաղանդ պապային, Ձիւնէ մարդուն, շարժուն տօնածառին ու այլ կերպարներու ճոխ ներկայութեամբ:
December 30th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը արդարացիօրէն զայրացած է Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ Ներկայացուցիչներու տան Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը քուէարկութեան դնելու մերժումէն:
December 30th, 2010
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
2010թ. բաւականին բուռն ընթացք ունեցաւ, իսկ ի՞նչ է պատրաստել 2011թ. մեզ համար: Կարելի է ակնկալել, որ յաջորդ տարին մի շարք լաւ եւ վատ փոփոխութիւններ կը բերի իր հետ: Ներկայումս զարգացող երկրների, մասնաւորապէս՝ Չինաստանի արդիւնաբերութիւնը հսկայական ծաւալի խմելու ջուր է օգտագործում: Միեւնոյն ժամանակ գլոբալ տաքացման պատճառով հալչում եւ ովկիանոսի աղի ջրին են խառնւում սառցալեռները՝ խմելու ջրի հնարաւոր աղբիւրը:
December 30th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Բարեկամներէս մէկը թարգմանելով այս օտար լեզուով բառը, զոր տարիներ առաջ ծեր մարդէն լսած էի, ըսաւ, թէ անիկա հայերէնով՝ հտպիտ բառին համազօր է: Որոշ բառերու փոխաբերական իմաստով գործածութիւնը, սակայն, նոր երանգ կ՛աւելցնէ անոնց բուն իմաստին: Այդ փոխաբերական իմաստն ալ, իր կարգին, բառին կու տայ դրական կամ ժխտական թեքում:
December 30th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Սովորաբար նոր տարուան հետ միասին կը մշակուին նոր ծրագիրներ ու գաղափարներ: Կարգ մը գաղտնիքներ պէտք է որդեգրել եւ որոշ քաղաքականութիւն վարել այդ ծրագիրները յաջողցնելու համար:
December 30th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Քարվաճառի սառնացուրտ բարձունքներէն մինչեւ դաշտային Արցախի մատոյցները, մինչեւ Նախիջեւանի ու Հայաստանի հիւսիս-արեւելքը, հայրենիքի սահմանները պաշտպանող արի տղաքն են՝ հայոց բանակի զինուորները, որոնք մեզ կը պարգեւեն միտքի հանգստութիւն, ապահովութիւն, խաղաղութիւն:
December 29th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա, օգտուելով օրէնքի այն յօդուածէն, որ Սպիտակ Տան ղեկավարին իրաւունք կու տայ Քոնկրեսի արձակուրդի ժամանակ առկախ մնացած նշանակումներ կատարել, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ մօտ դեսպանի իր թեկնածուներու պաշտօնը հաստատած է:
December 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հայ ժողովուրդին յղած է իր Ամանորեայ ուղերձը, ուր կ՛ըսէ.
«Շարունակելով հաւատարիմ մնալ իր կոչմանը՝ մեր զինուած ուժերը 2010 թուականին պատուով են կատարել իրենց գլխաւոր խնդիրը՝ մեր պետութեան պաշտպանութեան ապահովումը: Հետեւողականօրէն շարունակուել են զօրքերի մարտական պատրաստութեան բարձրացման, անձնակազմի ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ամրապնդմանն ուղղուած աշխատանքները:
December 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼՂՀ Ազգային ժողովի Դաշնակցական անդամները Դեկտեմբեր 29ին հրաւիրած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկացուցած են, թէ Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր ամիսներուն այցելած են աւելի քան 5 տասնեակ բնակավայրեր, ծանօթացած բնակչութիւնը յուզող հարցերուն, առաջարկներուն, ինչպէս նաեւ զեկուցած են ԱԺի մէջ իրենց գործունէութեան մասին եւ պարզաբանումներ փոխանցած մինչ այդ ընդունուած օրէնքներուն վերաբերեալ։
December 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ռուսիոյ խորհրդարանի (Տումա) ԱՊՀի եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին, հարցազրոյցի մը ընթացքին Հարաւային Կովկասի ամէնէն տագնապալի հարցը նկատած է ղարաբաղեան հակամարտութիւնը։
December 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ատրպէյճանի «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին հաղորդեց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պատասխանած է մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ Լեռնային Ղարաբաղ այցելած Եւրոպական Խորհրդարանի անդամ Թոմաշ Փորեպայի դէմ Պաքուի կողմէ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչին յանձնուած բողոքագիրին:
December 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան Նոր տարուայ նախօրեակին «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ներկայացուցած է 2011ի իր երեք գլխաւոր փափաքները։
December 29th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Եթէ մենք ունենք ազգային իմաստութիւն, հոգու արիութիւն եւ առողջ բնազդներ, անկարելի է աչքներս փակենք մեր էս ծանր հիւանդութեան առաջ եւ չզգանք, որ մեր հոգին շատ է դառնացած, մեր ներքին մարդը շատ է փչացած. եւ դրա դէմ կռուելու, առողջանալու առաջին պայմանը էն է, որ մենք ե՛ւ մեր սրտերում, ե՛ւ աշխարհքի առաջ անկեղծ խոստովանենք ու ճանաչենք մեր դժբախտութիւնը։ Ապա էդ փրկարար գիտակցութեանը կը հետեւեն ինքնակատարելագործութեան բարձր ցանկութիւնն ու ազնիւ գործը։ Ուրիշ ճանապարհ չկայ, ներսից է լինելու հաստատ փրկութիւնը, որովհետեւ ներսից ենք փչացած»։
Յովհաննէս Թումանեան
December 29th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Թուրք-ամերիկացի գործարարներու միութեան նախագահ Ուղուր Թերզիօղլու վստահութիւն յայտնած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը յառաջիկայ տարի եւս օրակարգի չի կրնար բերուիլ։ Թերզիօղլուի կարծիքով, Ամերիկա Թուրքիոյ հետ իր առեւտրական կապերը 2011ին եւս պիտի չուզէ վտանգել այդ բանաձեւին պատճառաւ։
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Վրաստանի տնտեսութեան նախարար Վերա Քոպելիա յայտարարած է, թէ յառաջիկային գլխաւոր ներդրումները Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն կ՛ակնկալուին:
«Այդ երկիրները մեր առեւտրական առաջին գործընկերներն են», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ ներդրումներ ընելու հարցին մէջ շահագրգռութիւն կը ցուցաբերէ նաեւ Իսրայէլը։
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Իսրայէլ ապրող թուրք աշխատաւորներ Երեքշաբթի օր, Թել Աւիւի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյց մը կատարած են՝ պահանջելով իրենց աշխատանքի արտօնագիրները երկարաձգել։ Աշխատաւորներէն մէկը օրաթերթին յայտնած է. «Մեր գործի արտօնագիրներու երկարաձգման կարիքը ունինք։ Եթէ վտարուինք, անոնք (թրքական կառավարութիւնը) մեզի նոր աշխատատեղեր պէտք է գտնեն։ Մենք քաղաքականութեան զոհ կ՛երթանք»։
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Իսրայէլի փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներն ու անոր դաշնակիցները Իրանի հիւլէական ծրագիրը կանխարգիլելու համար երեք տարուան ժամանակամիջոց մը ունին։ Ան նշեց, թէ Իրանը իր կառավարութեան մեծագոյն մտահոգութիւնն է եւ յոյս յայտնեց, որ Թեհրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ առնուող քայլերը կը յաջողին զսպել իրանեան փորձերը:
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Այս տարուան քոնկրեսական ընտրութեանց ընթացքին ծախսուած է մօտաւորապէս 4 միլիառ տոլար (500 ընտրապայքարներ), ինչ որ նոր մրցանիշ մըն է նախագահական ընտրութեանց չզուգադիպող ընտրական տարուան մը համար:
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Նապուքօ» կազատարի ծրագիրի Թուրքիոյ ընդհանուր տնօրէն Էրտալ Թուզունօղլու յայտնեց, որ կը ծրագրուի բնական կազի խողովակաշարերու ծրագիրը մինչեւ 2015 ամբողջացնել։
Մարտինի մէջ ծրագիրին շուրջ զեկուցումի մը ընթացքին, Թուզունօղլու յայտնեց, որ ծրագիրը ութ տարիէ ի վեր կը շարունակուի եւ անոր աշխատանքներուն կը հետեւին Գերմանիան, Աւստրիան, Հունգարիան, Ռումանիան, Պուլկարիան եւ Թուրքիան։
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիա մերժած է Ասթրախանի նաւահանգիստը իրանեան ընկերութեան մը վաճառելու առաջարկը։
Օտարերկրեայ ներդրումներու խորհուրդը մերժած է «Ալֆա Փորթ»ը գնելու մասին իրանեան «Խազար Սի Շիփինկ Լանյզ» ընկերութեան առաջարկը։
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Այս տարուան Յունուարէն Յունիս երկարող ժամանակամիջոցին, «Կուկըլ» համացանցային կայքը, պետական մարմիններուն տեղեկութիւններ փոխանցած է կայքը այցելած 4287 քաղաքացիներու մասին:
- Զարգացող երկիրներուն մէջ, չքաւորութեան համեմատութիւնը 40 տոկոսով նուազած է 1990էն ի վեր, սակայն եթէ Չինաստանի տուեալները նկատի չառնուին, համեմատութիւնը նուազած է միայն 18 տոկոսով:
- Ըստ Սեպտեմբերին կատարուած մէկ ուսումնասիրութեան, Ամերիկայի սեւամորթներուն 63 տոկոսը համոզուած է, որ իր ապրուստին մակարդակը կը բարելաւուի, սակայն այդ համեմատութիւնը միայն 40 տոկոս է սպիտակամորթներուն մօտ:
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 29ին մասնակցած է 2010ի արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) ռազմական խորհուրդի նիստին:
Իր ելոյթին ընթացքին նախագահը անդրադարձած է բանակաշինութեան գործընթացին, նշած ձեռքբերումներն ու զինուած ուժերուն մէջ առկայ հիմնախնդիրները, ապա յստակ յանձնարարականներ տուած՝ պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի բարձրագոյն սպայական անձնակազմին:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ըստ «1news.az»ի, Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ պայթած ականի մը հետեւանքով, զոհուած է ատրպէյճանցի զինուորական ծառայող մը եւ այլ մէկը՝ վիրաւորուած։
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Զատիկ» որբանոցի տնօրէն Աշոտ Մնացականեան եւ «Փրկութիւն» հաշմանդամ երեխաներու ու երիտասարդներու կեդրոնի տնօրէն Արփինէ Աբրահամեան, Դեկտեմբեր 27ին ունեցած իրենց ասուլիսին ընթացքին, 2010 տարին գնահատած են նպաստաւոր:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Միացեալ Նահանգներէն դոկտ. Ժագ Հաճինեանի նախաձեռնութեամբ, Ուինսքանսըն նահանգի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ ՀԲԸՄի բարեկամներուն մասնակցութեամբ, վերջերս կազմակերպուած է նուիրահաւաք մը՝ օգնելու համար Գիւմրիի Ֆ. Նանսենի անուան մանկատան երեխաներուն:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
2011ի Կապանի համայնքային ամավարկը, որ աւագանիին կողմէ ընդունուած է միաձայնութեամբ, կը կազմէ 887 միլիոն 238 հազար դրամ: Անիկա 2010ի համեմատ աւելի է 5.3 տոկոսով:
Ըստ քաղաքապետարանի մամլոյ քարտուղար Յասմիկ Թովմասեանի, յաջորդ տարի Կապանի մէջ պիտի իրականացուին այլ ծրագիրներ եւս։ Արդարեւ, Լեհաստանի դեսպանատան կողմէ տրամադրուելիք 16 հազար եուրոյով պիտի նորոգուի քաղաքի թիւ 1 մանկապարտէզը: Բացի ատկէ, «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային քոմպինաթ» ընկերութեան աջակցութեամբ, գործելու պիտի վերսկսի Կապանի «Վազգէն Սարգսեան» մանկական զբօսայգիի «Սատանայի անիւ» կոչուող կառուսելը:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Կապանի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ եւ «Տինօ Կոլտ Մայնինկ Քամփընի» ընկերութեան 3.4 միլիոն դրամ նիւթական աջակցութեամբ, Կապանի բժշկական կեդրոնի վիրաբուժական բաժինը տարեվերջին ունեցաւ թթուածինի կեդրոնացած մատակարարման համակարգ:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ըստ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնի դասախօս, ազգագրագէտ Ռաֆայէլ Նահապետեանի, բազմաթիւ ուսանողներ հետաքրքրուած են ազգագրութեամբ:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 28ի երեկոյեան, Հայաստանի նախագահի նստավայրին առջեւ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն կը մասնակցէին «Մենք դէմ ենք օտարալեզու դպրոցների վերաբացմանը» ու «Սարդարապատ» շարժումներու անդամները, նաեւ Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորները եւ Հայաստանի մէջ օտարալեզու դպրոցներու բացման դէմ եղող այլ անձինք:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
- Աղջիկս, մի քիչ չե՞ս օգնի:
- Մայրիկ ջան, կը ներէք իհարկէ, բայց կ’ուզէի իմանալ՝ տուն, ընտանիք ունէք (գումարը տալուց յետոյ բնականաբար):
- Դու քաղմասից (քաղաքապետարանի ոստիկանութիւն-Խմբ.) չես, չէ՞, բալես:
- Վա՜յ: Բայց քաղմասն անհանգստացնու՞մ է ձեզ:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ, Դեկտեմբեր 28ին ներկայացուեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի Հայ Դատը» գրքոյկը: Ըստ ժամանակագրութեան, գրքոյկը կը ներկայացնէ Յովհաննէս Թումանեանի քաղաքական գործունէութեան կարեւորագոյն դրուագները՝ 1880ականներէն մինչեւ 1922:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Կիրակի կէսօրին, 5 Դեկտեմբեր 2010ին, քուէյթահայերը երկրորդ անգամ ըլլալով հաւաքուած էին «Bellaj» շքեղ սրահին մէջ, մասնակից դառնալու համար Ամերիկայի գործադիր մարմինին կողմէ կազմակերպուած Քուէյթի Ազգային վարժարանի 50ամեակի «Christmas Lunch» հաւաքոյթին, որ Քուէյթի Ազգային վարժարանին 50ամեակին նուիրուած երկրորդ ձեռնարկն էր:
December 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Տօնական օրերուն առթիւ եւ գործակցութեամբ «Հայ գիր» ընկերութեան, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը յղացած էր գեղեցիկ գաղափարը կազմակերպելու արցախեան գորգերու ցուցահանդէս վաճառք մը, Կիրակի 12 Դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ, ուր ներկաներուն առիթ ընծայուեցաւ ոչ միայն դիտելու ու վայելելու ազգային արժէք ներկայացնող գորգերու նմոյշներ, այլ նաեւ գնելու եւ անձնապէս ընդմիշտ իրենց տրամադրութեան տակ ունենալու զանոնք։
December 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Կեդրոնական վարժարանի Սանուց յանձնախումբը Կիրակի, Դեկտեմբեր 12ին, առաջին անգամ ըլլալով Պոլսահայ միութեան սեփական նորակառոյց շէնքի «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» գեղեցիկ սրահին մէջ տօնեց։ Երեկոյեան ժամը 6ին սրահը լեցուն էր Կեդրոնականցիներով եւ համակիրներով։ Օրուան հանդիսավարն էր կեդրոնականցի Յակոբ Ծերունեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա «բարի ախորժակ» ըսելով՝ ընթրիքին բացումը կատարեց։
December 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Իրանի ՀՄ «Սիփան» միութեան Արուեստից բաժանմունքի «Նոր Դար» ասմունքի խումբին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 24ի երեկոյեան ՀՄ «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը՝ Տիգրան Մեծ թագաւորի 2150ամեակի եւ «Նոր Դար» ասմունքի խումբի 10ամեակի առթիւ, որ նուիրուած էր Տիգրան Մեծէն մինչեւ Արցախի ազատամարտիկներու սխրագործութիւններուն:
December 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութեան, ձերբակալուած եւ բանտարկուած լրագրող Էռնեսթ Վարդանեան Դեկտեմբեր 17ին, ներումի խնդրանքով դիմած է Մերձտնեսթրի նախագահ Իկոր Սմիրնովի:
December 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քրիստոնէական եկեղեցւոյ Նախավկայ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցական յատուկ արարողութիւն՝ նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:
December 29th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Դեկտեմբերի 4ին, Համազգայինի Սան Ֆերնանդօ Վալիի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի հիւրընկալութեամբ, «Տիգրանեան» սրահում տեղի ունեցաւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած հերթական միջ-վարչական հանդիպումը՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի գրասենեակի պատասխանատու Լիլիթ Գալստեանի, ինչպէս նաեւ շրջանային վարչութեան, Համազգայինի մասնաճիւղերի վարչութիւնների եւ միաւորների վարիչ կազմերի:
December 29th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ.- Տարեվերջը դրդում է հայեացք նետել անցած հետագծին՝ արժեւորել եւ հասկանալ, թէ ո՞ւր ենք հասել եւ ու՞ր ենք գնում: Ցաւօք, 2010թ. բացասական սպասումների տարի էր եւ այն չէր կարող չուղեկցուել ներհասարակական ճգնաժամով: Երբ վերլուծում ես ԱԺ ներկայացուած օրինագծերը, 2011թ. բիւջէն, յստակ է դառնում կառավարութեան սոցիալ-տնտեսական փիլիսոփայութիւնը, նրա քաղաքական արժէքների եւ սկզբունքների ողջ համախումբը:
December 29th, 2010
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Դեկտեմբեր 29ին, Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպած է մայրաքաղաքի համատիրութիւններու նախագահներուն, «Համատիրութիւններու մասին օրէնքի» համահեղինակներուն եւ ոլորտի խնդիրներով հետաքրքրուող հասարակական կազմակերպութիւներու ներկայացուցիչներուն հետ:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
2009ի ամրան, Ղարաբաղի Նոր Շահումեան շրջանի կեդրոն Քարվաճառի մէջ դրուեցաւ բազմաբնակարան շէնքի մը հիմքը: 18 բնակարանանոց՝ 2 եւ 3 սենեականոց բնակարաններով շէնքը կը կառուցուի պետական միջոցներով: Ըստ քաղաքաշինութեան նախկին նախարար Անահիտ Վարդանեանի, Քարվաճառի մէջ բնակարանաշինութեան գործին մէջ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը կը ցուցաբերէ փոքր շրջանային մօտեցում, որ կ՛ենթադրէ եւս քանի մը շէնքերու կառուցում:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
1988ի աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով իր բնակարանը կորսնցուցած 40 ընտանիք, Դեկտեմբեր 29ին, Ստեփանաւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին, ստացաւ իր նոր բնակարաններուն բանալիները:
December 29th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Մինչ Թուրքիա կը սպասէ, որ Իսրայէլ ներողութիւն խնդրէ «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ գործուած յարձակումին համար, Իսրայէլէն կը բարձրանան կարծր եւ կրքոտ ձայներ, որոնք բոլորովին կը սրեն երկու երկիրներու միջեւ առկայ հակամարտութիւնը։ Այս անգամ այդ ձայնը եկաւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանէն, որ «ամբարտաւանութենէն ալ աւելի» նկատեց ներողութիւն խնդրելու Թուրքիոյ պահանջքը։ Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ անտարակոյս ներողութիւն պիտի չխնդրէ։ Նախարարը նաեւ ստախօս որակեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն ու արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն, եւ աւելցուց. «Թուրքիոյ կառավարութիւնն է, որ պէտք է ահաբեկչութեան սատարելուն համար ներում հայցէ»։
December 28th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետի տեղակալ զօր. Ասլան Կիւների գլխաւորութեամբ թրքական զինուորական պատուիրակութիւն մը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, եւ անոր հետ քննեց սուրիական եւ թրքական բանակներուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Թուրքիոյ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխաններուն կողմէ յառաջ քշուած երկլեզու դրութեան բանավէճը սկսած է դառնալու փոխադարձ սպառնալիքներու ու ծանր վերագրումներու բեմահարթակ։ Բանավէճը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին հասաւ սուր համեմատութեան
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, «Մենք ենք այս քաղաքի տէրը» նախաձեռնութեան անդամները լրագրողներուն բաժնած են կանաչ տարածքներու «մահուան վկայականներ», ուր յիշուած են Երեւանի բոլոր այն ծառերը, որոնք քանի մը ամսուան ընթացքին ոչնչացուած են տարբեր պատճառներով:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 28ին այցելած է Ասկերան շրջանի Խնածախ գիւղը եւ մասնակցած Հայրենական Մեծ պատերազմին եւ Արցախեան ազատամարտին զոհուածներու յիշատակին կառուցուած յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Անդրադառնալով Գերասիմ Ալաւերդեանի պաշտօնազրկման փաստին՝ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան (ՕԵԿ) մամլոյ խօսնակ Սուսաննա Աբրահամեան նշած է, որ գիւղատնտեսութեան նոր նախարարին անունը ՕԵԿը պիտի յայտարարէ Յունուար 10էն ետք: Սակայն, ըստ մամլոյ խօսնակին, այդ պաշտօնին համար թեկնածուներու մեծ ցուցակ մը ունին արդէն:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ըստ ՀՀ ելեւմուտքի նախարարութեան հրապարակած տեղեկութիւններուն, 2010ի 11 ամսուան ընթացքին, արտաքին պարտքերը փակելու համար Հայաստանի պետական պիւտճէէն տրամադրուած է շուրջ 7.9 միլիառ դրամ
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Դեկտեմբեր 29ին կը լրանայ հայ մեծանուն դերասան Մհեր Մկրտչեանի մահուան 17րդ տարելիցը: Այդ առիթով, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Դեկտեմբեր 28ին այցելած է Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն եւ ծաղկեպսակ դրած հայ շարժապատկերի եւ թատրոնի նշանաւոր արուեստագէտի շիրմին, ապա ներկայ գտնուած է գերեզմանին վրայ տեղադրուած դերասանի պրոնզէ կիսանդրիի բացման:
Նշենք, որ կիսանդրիի բացման ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, դերասանին բարեկամներն ու ընկերները:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հոգեւոր երաժշտութեան Գ. փառատօնի ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ «Սոլիտեր»ի, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 25ին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Սենթ Էլի» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Տօնական հնչիւններ» յայտագիրով համերգ մը՝ կատարողութեամբ Համազգայինի «Կարկա»չ պատանեկան երգչախումբին։
December 28th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Կիրակի, Դեկտեմբեր 26ին, Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր լրատու գործակալութիւնները արձագանգ հանդիսացան այն լուրին, թէ Հայոց Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ, նորոգութեան ենթարկուած Ծերանոցի տանիքէն անծանօթ պատճառով մը հրդեհ ծագեցաւ։ Հրդեհը պատահեցաւ առաւօտեան շուրջ ժամը 02:30ին։ Երբ բոցերը տեսնուեցան, պատասխանատուները իսկոյն պարպեցին Ծերանոցի պատսպարեալները ու աւելի ապահով վայր մը փոխադրեցին զանոնք։ Հրշէջ կառքերը շուտով հասան ու անմիջապէս հսկողութեան տակ առին հրդեհը, որ շատ չէր տարածուած։ Վիրաւոր չկայ, սակայն նիւթական կորուստ արձանագրուած է:
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Ֆարինեշ» օրաթերթը իր Դեկտեմբեր 19ի բացառիկ տեղեկագիրին մէջ հրապարակած է Երիտասարդ ունակութիւններու բարգաւաճման ուսումնական հաստատութեան միջոցով կազմակերպուած Իրանի Գիտական «օլիմպիադա»ի նախապատրաստական քննութիւններուն ընդունուած գերազանցիկ աշակերտներու անուանացանկը, որմէ հայ աշակերտները եւս անմասն չեն մնացած եւ գրաւած են արժանի տեղեր:
December 28th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Արաքս» երգչախումբը, որ կը պատկանի Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, 5 մենակատարներով հանդէս եկաւ «Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Երգերու» 4րդ փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին, ղպտի նախկին պատրիարքարանի Ս. Մարկոս եկեղեցւոյ մէջ:
Փառատօնը տեղի ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ պատ-րիարք Շնուտա Գ. պապի հովանաւորութեամբ եւ Գահիրէի կեդրոնի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ Ռաֆայէլ եպիսկոպոսի կազմակերպութեամբ:
December 28th, 2010
| Posted in Միջազգային | Read More »
Աշխարհի ճատրակի երկրորդ ուժեղագոյն հայազգի վարպետ Սերկէյ Մովսիսեան, որ 1994էն ի վեր հանդէս կու գար նախ Չեխիոյ, եւ ապա Սլովաքիոյ անունով, այսուհետեւ, միջազգային մրցաշարքերու մէջ պիտի ներկայացնէ Հայաստանը՝ մաս կազմելով Հայաստանի ազգային խումբին։ Արդէն իսկ պաշտօնապէս ձեւակերպուած է Մովսիսեանի տեղափոխութեան հարցը։
Մովսիսեան Լեւոն Արոնեանէն ետք աշխարհի երկրորդ ուժեղագոյն հայ վարպետն է, որ ներկայիս 2721 կէտով աշխարհի մէջ 24րդ դիրքը կը գրաւէ:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակցութիւնը հրապարակած է 2011ի պետական պիւտճէի եւ կառավարութեան վարած հասարակական-տնտեսական քաղաքականութեան մասին տեսակէտ արտայայտող գրքոյկ մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է, թէ 2011ի պետական պիւտճէն նախաձեռնողական չէ, չ՛ապահովեր ազգաբնակչութեան առաջնահերթ
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 28ին, նախագահական նստավայրէն ներս ընդունելութեան հրաւիրած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչները:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երեւանի քաղաքապետ Կարէն Կարապետեանի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան համատեղ ջանքերով, Երեւանի մէջ աւելի քան 300 կարիքաւոր կամ ազատամարտիկներու ընտանիքներ, իբրեւ ամանորեայ նուէր՝ ստացան կազէ ժամանակակից վառարաններ:
December 28th, 2010
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«ԱԶԴԱԿ».- 29 Նոյեմբերի երեկոյեան Անթիլիասի մայրավանքի «Կիւլպէնկեան» սրահը ժամադրավայրն էր բազմավաստակ մտաւորական, գրագէտ, գրականագէտ, հրապարակագիր, խմբագիր, կրթական մշակ եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանը արժեւորողներուն, սիրողներուն, երախտապարտ աշակերտներուն ու ուսանողներուն։ Պօղոս Սնապեանի մեծարանքի օրն էր եւ այդ պահը ու մթնոլորտը բաժնելու եկած էին բոլորը։ Այս առիթով արտասանուած խօսքերը վեր առին Պ. Սնապեան մարդը, վաստակաշատը, գրականութեան մէջ մեծ դրոշմ ձգած մտաւորականը։
December 28th, 2010
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Այս ամսուան (Նոյեմբեր-Խմբ.) ՀՅԴ Արխիւի լրատուն կը վերաբերի կուսակցական դատական վճիռի մը, որ ունի նաեւ պատմական բնոյթ, նկատի ունենալով որ կ՛առնչուի Փետրուարեան ապստամբութեան ու անոր կապուած կարգ մը իրադարձութիւններու:
Արդարեւ, Աւետիս Օհանջանեան, որ մօտէն առնչուած էր վերոնշեալ դէպքերուն, կուսակցական դատ բացած էր Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետ եւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի նախագահ Սիմոն Վրացեանի դէմ, զայն մեղադրելով նիւթական զեղծարարութեամբ եւ քաղաքական սխալ քայլեր առնելու յանցանքներով:
December 28th, 2010
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Սփիւռքի պատմութեան ընթացքում հոգեւոր կառոյցները միշտ էլ սերտօրէն կապուած են եղել մշակութային եւ կրթական կեանքին: ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանը բացառութիւն չէր: Դեկտեմբերի իննին վարժարանի սաները իրենց ամանորեայ ծրագրի ցուցադրումը կատարեցին առաջնորդարանում՝ կիսելով իրենց ուրախ եւ հաճելի տպաւորութիւնները միւս հայկական վարժարաններում սովորող իրենց հասակակից աշակերտների հետ: Մշակութային միջոցառումների մէջ միշտ էլ առաջատար համարուող
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Դեկտեմբերի տասնեօթին, Արշակ Տիգրանեան վարժարանում տեղի ունեցաւ Քրիստոնեայ Հայաստան վերնագիրը կրող աշխատանքների ցուցահանդէսը:
Եօթներորդ դասարանի աշակերտները՝ ուսուցչուհի Ալվարդ Ուզունեանի ղեկավարութեամբ, պատրաստել էին թեմային բնորոշ աշխատանքներ՝ պատմական գիտելիքներին խառնելով իրենց երեւակայական աշխարհը: Բոլոր աշխատանքների մէջ աշակերտները հաւատարիմ էին մնացել պատմութեանը:
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Էջմիածինի փոքրիկներու հիմնադրամի տարեկան վեցերորդ ճաշկերոյթը՝ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Յունուար 15ին, Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տաղլեան» սրահին մէջ:
Ընկերային ժամ եւ լռելեայն աճուրդը պիտի սկսին երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ ճաշկերոյթը՝ 8ին. ժամը 9էն սկսեալ, Արմէնճիկ իր նուագախումբով պիտի խանդավառէ ներկաները: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել առաջնորդարան՝ (818) 558-7474 թիւով:
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Տիկին Սիրվարդ Առաքելեան, «Ասպարէզ»ի «Մկրտիչ Արարատեան» գրադարանին նուիրած է արժէքաւոր քանի մը գիրքեր՝ հարստացնելով մեր հաւաքածոն:
Ստացուած գիրքերու շարքին յատկապէս կը գնահատենք Կարօ Գէորգեանի «Ամէնուն Տարեգիրքը» բովանդակալից աշխատասիրութեան հինգ հատորները՝ 1962, 1963, 1964, 1965, 1966 տարիները ներառնող:
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ամէն տարի հայրս եւ ես եղեւնին շուկայէն կը բերենք եւ կը դնենք մեր հիւրասենեակին մէջ: Մայրս կլոր սփռոցը կը դնէ ծառին տակը: Ես զարդարանքները եւ գոյնզգոյն լոյսերը կը կախեմ եղեւնիին վրայ: Հայրս կը շարէ գոյնզգոյն գնդակները սեղաններուն վրայ: Կարմիր մոմերը կը գտնեն իրենց տեղը մսուրին քով: Մայրս շատ գեղեցիկ հրեշտակ մը երիզով փաթթուած կը դնէ տան մուտքին: Երբ իրիկուն եղաւ, երկնքի աստղերը փայլեցան մեր տան վրայ:
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըսի ոստիկանութիւնը անցեալ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 23ին հաղորդեց, թէ 13ամեայ Լեւոն Քարայելեանը Դեկտեմբեր 22ի երեկոյեան անհետացած է:
Հաղորդուած էր, որ անոր ծնողքը վերջին անգամ զայն տեսած է Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 6ին, երբ ան քալելով ճամբայ ելած է դէպի մօտակայքը ապրող բարեկամի մը տունը, «North Schrader» պողոտային վրայ:
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըս գաւառի Մարդկային յարաբերութեանց յանձնաժողովի նորագոյն տուեալներուն համաձայն, որոնք հրապարակուած են Դեկտեմբեր 22ին, գաւառէն ներս հակահայ յարձակումներուն թիւը կրկնապատկուած է:
December 28th, 2010
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Անշուշտ նիւթական հարստութեան մասին չէ խօսքը: «Ասպարէզ»ը հարստանալու, նիւթական շահ ապահովելու խնդիր չունի: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան թերթը իր ապահոված նիւթական միջոցները պէտք է վերադարձնէ ընթերցողին, համայնքին: Այդ է իրմէ պահանջուածը:
December 28th, 2010
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Լոս Անճելըսի Հայ քոյրերու վարժարանի ընտանիքը՝ սրտի անհուն գոհունակութեամբ կը յայտարարէ, որ «Լինսի» հիմնարկը այս տարի եւս օգնութեան ձեռք երկարած է Հայ քոյրերու վարժարանին եւ 200,000 տոլար նուիրատուութեամբ մը աշխուժացուցած անոր ընթացքը։
December 28th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Դեկտեմբեր 28ին կայացած հանդիպման մը ընթացքին ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան, ամփոփելով տարին՝ յայտարարած է, թէ ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակը հակառակորդին կողմէ ոչ թէ սադրանքներու կը սպասէ, այլ պատերազմի: Նախարարին հաւաստումով, ՊԲ ամէն օր ու ժամ կը պատրաստուի պատերազմի, եւ անոր նուիրուած էր 2010ի բանակին կարգախօսը:
December 28th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ռուսական «Սետմիցա» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ երեք ամիս առաջ Իրանի Համատան քաղաքին մէջ Աւետարան քարոզելու յանցանքով ձերբակալուած են Իրանի քրիստոնեայ համայնքէն ինը անձեր, որոնց դէմ առայժմ որեւէ մեղադրանք չէ ներկայացուած: Անոնք կը շարունակեն բանտարկուած մնալ։
December 28th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ատրպէյճանի «Էյ. Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան հետ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով անդրադարձած է Միջին Արեւելքի խաղաղութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին ու Իսրայէլի հետ Ատրպէյճանի յարաբերութեանց առնչուող հարցերուն:
December 28th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու թրքական «Քոն Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Մայրաքաղաքի օրակարգը» յայտագիրի ընթացքին յայտարարած է, որ եթէ կեանքի կոչուին Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, ապա հայկական Սփիւռքին ազդեցութիւնը զգալի չափով պիտի նուազի։
December 28th, 2010
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Տեղի ունեցաւ այն, ինչ պիտի տեղի ունենար: Չնայած ամերիկահայ լոբբիստական կազմակերպութիւնների եւ ընդհանրապէս ամերիկահայերի բացառիկ լաւ աշխատանքին, ԱՄՆի Ներկայացուցիչների պալատը չանդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին: Իհարկէ չմերժեց, բայց նաեւ չընդունեց: Կարծում եմ սխալ է ամերիկահայ համայնքից ակնկալել գրեթէ անհնարինը:
December 28th, 2010
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Կաղանդի ցանկութիւններու ցուցակ չէ, որ կը ներկայացնենք, այլ՝ ազգային ընդհանրական ծրագիրներու արձանագրութիւնը, ծրագիրներ, որոնց իրականացման համար մենք ալ, մեր համայնքով, մեր կառոյցներով, միութիւններով ու կազմակերպութիւններով, պիտի աշխատինք, պայքարինք, քրտնինք ու տագնապինք:
December 28th, 2010
| Posted in 2010 Նոր Տարուան Յաւելուած, Բացառիկ | Read More »