Home » January 31st, 2011Entries posted on “January, 2011”
«Շամլեան» ազգային վարժարանը մշտապէս աշխատել է իր հնարաւորութիւնների սահմաններում սատար հանդիսանալ գաղութիս այն կազմակերպութիւններին, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն են ունենում հայապահպանման եւ նոր սերնդին հայեցի դաստիրակութիւն տալու նուիրական գործում: Այդ կազմակերպութիւններից է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՄԸՄը՝ իր 17 մասնաճիւղերով:
January 31st, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան յաջորդ գրական հանդիպումը պիտի կայանայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 East Harvard St, Glendale CA 91205), Հինգշաբթի, Փետրուար 3ին, երեկոյեան ժամը 5էն 8: Տեղի պիտի ունենան հեղինակային ընթերցումներ եւ գրական ազատ քննարկումներ:
January 31st, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու միութեան Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Փետրուար 11-13ի շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ 12րդ ձմեռնային հաւաքը, որուն հասոյթէն մաս մը պիտի տրամադրուի Երեւանի մէջ գործող ՀԲԸՄի մանկական կեդրոններուն: Հաւաքը ի մի պիտի բերէ հարիւրաւոր հայ արհեստավարժներ:
January 31st, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
1988ին, Ատրպէյճանի Սումգայիթ քաղաքին մէջ հայերու դէմ տեղացիներուն կազմակերպած ջարդերուն տարելիցը նշելու նպատակով, Կիրակի, Փետրուար 27ին, բողոքի երկու ցոյցեր տեղի պիտի ունենան:
January 31st, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Շամլեան» ազգային վարժարանի աշակերտութեան եւ անձնակազմին ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով, անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 29ին, վարժարանի պաշտօնէութեան համար շտապ օգնութեան զանազան միջոցառումներու նուիրուած դասընթացք մը կազմակերպուած էր, առաջնորդութեամբ՝ «Քոտ 3» համալսարանի վարիչ Ճոզէֆ Գրիգորեանին: Անձնակազմը նաեւ ծանօթացաւ հրշէջ եւ ելեկտրածին գործիքներու գործածութեան:
January 31st, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Յունուար 31ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, անդրադառնալով ԵԽԽՎի մէջ ԼՂ հարցով ենթայանձնաժողովի վերականգնման՝ յայտնեց, որ անոր պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ քաղաքական մեծամասնութեան վրայ:
January 31st, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Լիբանան ունեցաւ իր նոր վարչապետը, որուն նշանակման կարելիութիւնները իր թեկնածութիւնը առաջադրած պահուն իսկ յստակ էին եւ մեծ։
January 31st, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Ինչպէս կ՛ըսէինք մեր յօդուածին առաջին մասով )տես «Ասպարէզ» 17 Դեկտ. 2010), «Դիլիջան» Սենեկային համոյթի իւրաքանչիւր համերգ գեղարուեստական իր բարձր որակի կողքին, կը յայտնաբերէ ուսանելի մեծ թիւով տարրեր մինչ կը ներկայացուին մեր առաջ ցարդ անծանօթ երկեր հայ եւ ոչ-հայ գերարդի երգահաններու կողմէ։
January 31st, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
- Կնիկ, Արեւմտեան Ամերիկայի Քալիֆորնիա նահանգէն քանի մը ժամուան ընթացքին, մենք խեռով-բարով հասանք պատմական Հայաստան։ Մենք հասանք Մուշ, Սասուն՝ քաջերու երկիր։
- Կնի՛կ, այս սրբազան հողերուն վրայ, այս մեծղի ժայրերու արանքին սոսկալի մարտեր տեղի ունեցան։ Այս սարերը վկայ, Անտոքն ու Ծովասարը վկայ՝ հայ ազգին, հայ հողին պաշտպանութեան համար մեծ քաջեր ինկան մարտի դաշտին վրայ։
January 31st, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ Հայաստանի խորհրդարանը երկպալատ դարձնելու եւ վերին պալատին մէջ սփիւռքահայեր ներառելու մասին նախագահ Սարգսեանի ծրագիրին հրապարակումը, վստահաբար, ոգեւորութեամբ պիտի ընդունուի սփիւռքահայութեան կողմէ:
January 31st, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Կիրակի, 30 Յունուարին, պաշտօնական աշխատանքային այցով Լոս Անճելըս գտնուող Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, իրեն ի պատիւ «Արբատ» ճաշարանին մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մտադիր է երկրի սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու առաջարկութիւն մը մշակել՝ հնարաւոր դարձնելու համար խորհրդարանը երկպալատ վերածելը:
January 31st, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Երկու հարիւրէ աւել հայորդիներ մասնակցեցան Փոքրիկ Հայաստանի մէջ Կիրակի, Յունուար 30ին կայացած կանանց բռնութեան դէմ քայլարշաւին, որ կազմակերպուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Մարդկային իրաւունքներու միացեալ յանձնախումբին կողմէ:
January 31st, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, անցնող շաբաթավերջին նախագահին կից գործող Պետական հարցաքննիչ խորհուրդին հրահանգած է հետապնդել «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցը։
January 31st, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Շուէտի կառավարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շուէտի համարկումի նախարար, Ազատական-ժողովրդավար կուսակցութեան անդամ Էրիք Ուլենհակ, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի սինակոկին մէջ, հերթական ողջակիզումի զոհերուն յիշատակման առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յիշեցուցած է Հիթլերի խօսքերը եւ օգտագործած է «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութիւնը։
January 31st, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Կացութիւնը դարձեալ փոթորկալից է Արաբական աշխարհին մէջ: Լիբանանի կառավարական տագնապէն սկսեալ մինչեւ Թունուզի պարզած թէժ ներքին իրավիճակը, անդորրութիւնը խանգարող պայթուցիկ իրավիճակներ կը նկատուին: Միւս կողմէ, Լիբանանի կառավարական տագնապի դռնէն արաբական ներքին հարցերու թղթածրարէն ներս Թուրքիոյ մուտքը, իր կարգին, զգուշաւոր կացութիւն մը ստեղծած է Արաբական աշխարհի երկու հիմնական «գեր»ուժերու՝ Եգիպտոսի ու մանաւանդ Սէուտական Արաբիոյ մօտ: Այս վերջինը, ըստ քաղաքական ու մասնագիտական աղբիւրներու, արդէն իսկ Իրանի դէմ Արաբ առաջին կորիզային ուժը դառնալու հաւանականութիւնները սրած է:
January 31st, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ՀԲԸՄին, Հայ Դատի յանձնախումբին, Ս. Յովհաննէս եւ Ս. Անդրէաս Հայց. առաքելական եկեղեցիներուն, Սվետանա Փասքալեւայի քաղաքական ելոյթը տեղի ունեցաւ Յունուար 22ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ, ներկայութեամբ Յովէլ քհնյ. Օհանեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու ու 200է աւելի հայորդիներու, որոնք եկած էին լսելու Հայ Դատի անխոնջ բարեկամներէն՝ Փասքալեւայի հայրենասիրական խօսքերը, ու դիտելու Ղարաբաղեան ազատագրական պայքարին նուիրուած 2 ժապաւէնները:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս-անճելըսաբնակ երիտասարդ դերասանուհի Մարիամ Վարդանեան շուտով պիտի յայտնուի Միացեալ Նահանգներու մեծ պաստառներուն վրայ, «Սինտպետ՝ Տը Ֆիֆթ Վուայեճ» ժապաւէնին մէջ իր ստանձնած գլխաւոր դերով:
January 28th, 2011
| Posted in Մշակոյթ, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԼՂՀ կառավարութեան լրատուութեան բաժինի տեղեկութիւններով, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ արժանթինահայ յայտնի գործարար Էտուարտօ Էռնեկեան Յունուար 27ին ստորագրած են համաձայնագիր մը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան տարածքին «Մէկական համակարգիչ իւրաքանչիւր երեխայի» (OLPC: One Laptop Per Child) ծրագիրը իրականացնելու ուղղութեամբ:
January 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Գրասնոտար» ֆութպոլի ակումբը պայմանաւորուած է դանիական «Ռանտերս» ակումբին հետ, Հայաստանի հաւաքականի յարձակող Եուրա Մովսիսեանը իր շարքերուն մէջ առնելու ուղղութեամբ: Ֆութպոլիստը շուտով պիտի կնքէ անհատական պայմանագիրը։
Նշենք, որ Մովսիսեան այժմ կը գտնուի Գերմանիա եւ կ՛ենթարկուի բժշկական հետազօտութեան, որմէ ետք՝ Փետրուար 2ին, պիտի միանայ նշեալ ակումբին:
January 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Այտա Սերոբեանը արցախեան պատերազմին սկսած է մասնակցելու 1992ի գարնան, Մարտակերտի շրջանի Հաթերք գիւղի պարտիզանական ջոկատի կազմին մէջ:
1992ի Փետրուարին, Այտան հեռատեսիլով լսած է, թէ Արցախի մէջ կարիքը կայ բուժքոյրերու. յաջորդ առաւօտն իսկ, աշխատանքի երթալու փոխարէն, ան դիմած է առողջապահութեան նախարարութիւն ու խնդրած, որ զինք գործուղեն Արցախ:
January 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Կիրակի, 16 Յունուար 2011ի յետմիջօրէին, ՀՕՄի ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի կեդրոնը ուրախ եռուզեռի մէջ էր. կարմիր գորգ, կանաչ ծառեր, շքեղութեամբ զարդարուած սրահ եւ կարեւորը՝ զուարթ մթնոլորտ:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Երեքշաբթի, Յունուար 18ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց ՀՅԴ «Զաւարեան» կոմիտէի (Լա Քրեսենթա) անդամները՝ գլխաւորութեամբ կազմի ներկայացուցիչ Արիք Գէորգեանի: Յարգելի հիւրերը Ազգ. առաջնորդարան եկած էին ծանօթացումի եւ Ամանորի ու Ս. Ծնունդի առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանցելու առաջնորդին։
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Գրասնոտար» ֆութպոլի ակումբը պայմանաւորուած է դանիական «Ռանտերս» ակումբին հետ, Հայաստանի հաւաքականի յարձակող Եուրա Մովսիսեանը իր շարքերուն մէջ առնելու ուղղութեամբ: Ֆութպոլիստը շուտով պիտի կնքէ անհատական պայմանագիրը։
Նշենք, որ Մովսիսեան այժմ կը գտնուի Գերմանիա եւ կ՛ենթարկուի բժշկական հետազօտութեան, որմէ ետք՝ Փետրուար 2ին, պիտի միանայ նշեալ ակումբին:
January 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հայաստանի երկու քաղաքացիներ՝ 25ամեայ Նորայր Դաւթեան եւ 26ամեայ Արմէն Սիմոնեան, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ քաղաքացի 23ամեայ Օլեգ Իվանով, բրիտանական ոստիկանութեան կողմէ մեղադրուած են խմբակային բռնաբարութեամբ: Ռուսիոյ այլ քաղաքացի մը՝ 22ամեայ Գրիգորի Մելնիկով, կը մեղադրուի բռնաբարութեան փորձի յանցանքով:
January 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Որոշ տնտեսագէտներ կ՛ահազանգեն, որ 2013էն սկսեալ, Հայաստան կրնայ յայտնուիլ նիւթական փլուզման առջեւ՝ չկարենալով վճարել պետական արտաքին պարտքը: Կան նոյնիսկ յոռետեսական գնահատականներ, ըստ որոնց, Հայաստանի մէջ լրջագոյն խնդիր կրնայ դառնալ աշխատավարձերու վճարումը:
January 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յունուար 28ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) համակարգող Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ Փետրուար 18ին, 2008ի նախագահական ընտրութիւններու երեք ամեակը լրանալու նախօրէին, ՀԱԿը հանրահաւաք պիտի կազմակերպէ Ազատութեան հրապարակին վրայ։
January 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յունուար 27ին, Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեան խորհրդակցութիւն մը ունեցած է ՀՀ Զինուորական դատախազ Գէորգ Կոստանեանի հետ: Նախագահը յանձնարարած է խիստ հետեւողական մօտեցում ցուցաբերել բոլոր այն գործերու քննութեան նկատմամբ, որոնք յարուցուած են զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպերուն հետեւանքով:
January 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղին 2010ի վերջին ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 25ին, «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, 46 անդամներու ներկայութեամբ: Ճաշի հովանաւորն էր բժիշկ Ռաֆֆի Պալեանը:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը, Յունուար 13ին այցելեց Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանը. ներկայ էին եկեղեցւոյն Տիկնանց միութեան ատենապետուհի Ճօէն Մէյմարեան եւ անդամներ:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայ իրաւաբաններու միութեան կողմէ կազմակերպուած Շաբաթ, Յունուար 15ի հաւաքը, որուն մաս կը կազմէր գիտաժողով մը ու ճաշկերոյթ մը, տեղի ունեցաւ Լաս Վեկասի վերջերս վերանորոգուած «Թրոփիքանա» պանդոկին մէջ, որուն նոր սեփականատէրն է Ալեք Եմէնիճեանը:
«Գիտաժողովին ընթացքին ելոյթ ունեցողներուն մակարդակը առնուազն հաւասար էր իրաւական համայնքի կազմակերպած ձեռնարկներու մասնակիցներուն մակարդակին», վստահեցուց Հայ իրաւաբաններու միութեան ատենապետ Էտվին Մինասեան:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Փետրուար 17ին տեղի պիտի ունենայ հայկական Սփիւռքին եւ 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն նուիրուած քննարկում մը, որուն պիտի մասնակցին դոկտ. Ճոզէֆ Քէշիշեան ու դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
* Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը յատուկ աշխատանքային ծրագիրներ պատրաստած է եկեղեցիէն ներս այն երիտասարդ կամաւորներուն համար, որոնք կը փափաքին եկեղեցւոյ ծառայել։ Մանրամասնութիւններու համար կապ պահել եկեղեցւոյ քարտուղարութեան հետ 818-243-8400:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 72րդ տարեդարձին նուիրուած ընթրիքն ու ճոխ յայտագիրը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունուար 23ին, կազմակերպութեամբ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան: Օրուան հնդիսավարն էր փրոֆ. Օշին Քէշիշեան:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կողմէ, Յունուար 19ին կազմակերպուած էր Հրանդ Տինքի յիշատակին ոգեկոչման հաւաք մը, որուն ընթացքին ցուցադրուեցաւ Իւմիտ Քըվանչի կողմէ Հրանդ Տինքի մասին պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէնը:
January 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
2010ի Դեկտեմբերի երկրորդ կէսէն ի վեր, Թունուզի մէջ տեղի կ՛ունենան այնպիսի զարգացումներ, որոնց մասին առ նուազն կարելի է ըսել, թէ բացած են ներկայ դարաշրջանի «տրամաբանութեան» հակառակ գիծ մը, աւելին, սկսած են որոշ արձագանգներ գտնել մօտակայ արաբական երկիրներու մէջ եւ նախատեսել կու տան արձագանգի օղակներու ընդարձակում։
January 28th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Վերջին ժամանակներս նորից հրատապ է դարձել ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում պատերազմի եւ խաղաղութեան թեման, ինչը հաստատւում է տուեալ կենսայոյզ թեմայով քաղաքական գործիչների, փորձագէտների եւ քաղաքագէտների մեկնաբանութիւնների առատութեամբ:
January 28th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Ուրբաթ, Յունուար 28ին նշուեցաւ «Չելենճըր» անջրպետանաւի արկածին 25ամեակը. այս առթիւ Հանրային ձայնասփիւռի կայանին կողմէ կատարուած լրատուութեանց մէջ յատկանշական էր արկածին զոհ գացած 7 անջրպետագնացներէն մէկուն՝ Ռան ՄըքՆիրի եղբօր վկայութիւնը: Ռան միայն երկրորդ սեւամորթն էր, որ անջրպետ մեկնած էր: Ան մահացած էր իր երկրորդ փորձին ընթացքին:
January 28th, 2011
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի նախարարութիւնը Ուրբաթ, Յունուար 28ին հաղորդեց, թէ երկրին տնտեսութիւնը 3.2 տոկոսով աճած է 2010ի վերջին եռամսեակին, յատկապէս սպառողներու ցուցաբերած աշխուժութեան շնորհիւ: 2010ի երրորդ եռամսեակին աճը եղած է 6 տոկոս:
January 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Աշխարհի բնակչութիւնն ընդհանուր առմամբ գնալով ծերանում է՝ իր հետ բերելով աննախադէպ հետեւանքներ: Տնտեսական առումով սա նախ եւ առաջ նշանակում է, որ աւելի շատ մարդիկ աւելի երկար տարիներ ստիպուած պիտի լինեն աշխատել՝ իրենց գոյութիւնը պահպանելու նկատառումով:
January 28th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Ամբողջ աշխարհի մէջ, նոյնիսկ հարուստ երկիրներու պարագային, չլուծուող հարցերէն մէկն է աղքատութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ չկայ երկիր, յատկապէս ներկայ տնտեսական տագնապի ժամանակներուն, ուր մուրացկաններ չգտնուին: Այդ մարդոց կարելի է հանդիպիլ ամէնուրեք՝ փողոցներուն մէջ, մայթերուն վրայ, հսկայ շուկաներու մուտքին թէ խճողումով կղպուած մայրուղիներու վրայ կանգնած ինքնաշարժներու ապակիներով կազմուած արահետներուն մէջ: Անոնցմէ «պատուաւորներ»ը առհասարակ ծախու ապրանք ունին մատուցելիք անցորդին՝ ծամօն, սիրուած շուկայիկ երգիչներու ձայնասկաւառակներ,
January 28th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Որկորը, կերակրափողը (esophagus ), մկանային, բարակ, պարապ եւ երկար խողովակ մըն է, որ ունի 12-13 սմ. երկարութիւն: Ան կ՛երկարի ենթաըմբանէն (hypopharynx) մինչեւ ստոծանի եւ ստամոքսի սկզբնաւորութիւնը: Որկորը կը փոխադրէ ծամուած սննդանիւթերը եւ բերնին մէջ զետեղուած հեղուկները դէպի ստամոքս: Այս փոխադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ ակամայ որկորի մկաններու գալարակծկումներով (peristaltic movements): Որկորը կը յատկանշուի յստակ երկու կծկումներով (constricrors)՝ առաջինը կը գտնուի անոր սկզբնաւորութեան եւ կը կոչուի վերին կծկում, իսկ երկրորդը կը գտնուի անոր վերջաւորութեան եւ կը կոչուի վարի կծկում: Որկորը կազմուած է բարակ մկաններէ եւ անոր ներքին մակերեսը ծածկուած է յատուկ խլնաթաղանթով մը:
January 28th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
10 տարի աւելի փոքր երեւելու փափաք կ՛ունենաք 40, 50 կամ 60 տարիքին…
Կրնաք համաձայնիլ հետս, թէ բոլորս ալ տարիքի յառաջացումով դէմքի ու մազերու փոփոխութիւն կը կրենք։ Այս բացարձակ իրականութիւն է։ Ուրեմն մեր մազերուն սանտրուածքը ու կտրուածքն ալ պէտք է փոփոխութեան ենթարկել ճիշդ ձեւով։
January 28th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Երէկ Հայկական բանակին օրն էր, պանծալիօրէն յաղթանակած բանակի օր, եւ կարելի չէ չնկատել նոյն օրը Եւրոպայէն մեզի հասած քաղաքական պարտութեան հեգնանքը:
January 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, երէկ, բանակի օրուան առիթով կազմակերպուած յատուկ հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ յայտարարեց, որ հայկական զինեալ ուժերը պատրաստ են կատարելու հանրապետութեան նախագահի հրահանգը՝ ատրպեճանական կողմի նախայարձակման պարագային «կործանարար եւ վերջին» հարուածը հասցնելու թշնամիին:
January 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ամերիկայի հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջերս Ուաշինկթըն այցելած են Աբօ Սաղտճեան ու անոր դուստրը՝ Նայիրին, մասնակցելու համար Հայ Դատի «Քեփիթըն կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրի կեդրոնի շէնքը Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անունով մկրտելու արարողութեան, որ կատարուեցաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայր Սարգիս Աքթաւուքեանի կողմէ:
January 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Լինսի» հիմնարկութիւնը տարիներէ ի վեր միշտ նեցուկ կանգնած է հայ դպրոցներուն՝ նիւթական օժանդակութիւն կատարելով։
January 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Յունուար 28ին, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Բիւրոյի նիստին, ըստ վեհաժողովի մասնակից՝ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ, «Ժառանգութիւն» խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Զարուհի Փոստանջեանի, որոշում կայացած է վերստեղծել Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովը:
January 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի օրակարգին վրայ այս տարի եւս դրուեցաւ Ապրիլ 24, 2011ը Քալիֆորնիոյ մէջ իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման թուական նշելու բանաձեւը՝ խորհրդարանականներ Էնթընի Փորթանթինոյի, Խաչօ Աշաճեանի ու նահանգային ծերակուտական Ճօ Սիմիթեանի նախաձեռնութեամբ:
January 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ելոյթը բանակի օրուան առիթով.
2011 թուականը յոբելեանական տարի է հայ ժողովրդի համար. հանդիսաւորութեամբ նշելու ենք մեր նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն իրադարձութեան՝ հայոց նոր պետականութեան՝ Հայաստանի Երրորդ Հանրապետութեան հռչակման 20ամեակը: Անչափ խորհրդանշական է, որ այս տարուայ առաջին համապետական միջոցառումը տեղի է ունենում այսօր՝ Հայոց ազգային բանակի կազմաւորման 19րդ տարեդարձի օրը:
January 28th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
January 28th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »
Վախը զգացական աշխարհի վիճակներէն մէկն է, եւ ինչպէս ամէն կացութիւն կամ վիճակ, վա՛խը եւս կÿունենայ իր հետեւանքները: Վախին հետեւանքները, ա՛յլ կացութիւններ են բնականաբար, որոնք իրենց թողած ազդեցութեամբ կրնան վնաս պատճառել մանաւանդ վախի մէջ եղող անձին:
January 28th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի տիրացած եգիպտացի քաղաքագէտ Մուհամմատ Պարատէյ Հինգշաբթի, Յունուար 27ին Եգիպտոս վերադարձաւ՝ մասնակցելու համար նախագահ Հոսնի Մուպարաքը իշխանութենէն հեռացնելու ձգտող ցոյցերուն, մինչ ոստիկանութիւնը շարունակեց ընդհարումներ ունենալ ցուցարարներու հետ։
January 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Լիբանանի վարչապետ նշանակուած Նեժիպ Միքաթի Հինգշաբթի, Յունուար 27ին խորհրդարանին մէջ խորհրդակցութիւններու սկսաւ երկրի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս:
January 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թուրք լրագրող Չենկիզ Քափմազի վերջերս լոյս ընծայած «Իմրալիի մէջ Օչալանի օրերը» գիրքին մէջ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ կը ներկայացուին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի հարցաքննութիւններէն։
January 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Համազգայինի ուսանողական մշակութային հաւաքը (Ֆորումը) ծնունդ առաւ 1994ին, Համազգայինի Բ. ընդհանուր ժողովին կողմէ, Ծաղկաձորի մէջ, Հայաստան: Հիմնական նպատակը հայ համալսարանական ուսանողներու կամրջումն էր:
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լաս Վեկասի ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղին Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտները իրենց տարեկան նուէրներու 6րդ հաւաքէն գոյացած նուէրները այս տարի նուիրեցին Քլարք գաւառի կարօտեալ երեխաներուն:
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան անդամական ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ, Կիրակի, Յունուար 9ին, Երիցական եկեղեցւոյ փոքր սրահին մէջ, 18 հայրենակիցներու ներկայութեամբ, որովհետեւ բանաւոր բացականերու թիւը բաւական մեծ էր: Ժողովէն առաջ, վարչութիւնը կէսօրուան ճաշով ներկաները հիւրասիրեց, ապա ատենապետուհի Սալբի Ատըմ բացուած յայտարարեց անդամական ժողովը եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի օրուան դիւանը ընտրեն: Միաձայնութեամբ, ժողովի նախագահ ընտրուեցաւ Սարգիս Փանոսեան, իսկ ատենադպիր՝ Մարտիկ Չանչանեան:
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը (ADAA), գործակցութեամբ Լոս Անճելըսի թատերական կեդրոնին (LATC), կազմակերպած են Սիլվա Սեմերճեանի «Ուրիշի որդին» գործին բեմականացուած ընթեցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Թատերագիրներու տարեկան փառատօնի ծիրէն ներս, Կիրակի, Յունուար 30ին, երեկոյեան ժամը 6-8, Լոս Անճելըսի թատերական կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը (514 S. Spring Street, Los Angeles, CA, 90013):
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը (ADAA), գործակցութեամբ Լոս Անճելըսի թատերական կեդրոնին (LATC), կազմակերպած են Սիլվա Սեմերճեանի «Ուրիշի որդին» գործին բեմականացուած ընթեցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Թատերագիրներու տարեկան փառատօնի ծիրէն ներս, Կիրակի, Յունուար 30ին, երեկոյեան ժամը 6-8, Լոս Անճելըսի թատերական կեդրոնին մէջ, որ կը գտնուի Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը (514 S. Spring Street, Los Angeles, CA, 90013):
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հայկական թատերական արուեստներու միութիւնը (ADAA) կը տեղեկացնէ, թէ կազմակերպութեան կողմէ տնօրինուող թատերագրութեան «Փօլ» մրցանքին թատերական գործեր յանձնելու ժամկէտը Փետրուար 15ն է: 10,000 տոլարնոց մրցանքին համար պիտի ընդունուին հայութեան առնչուող եւ անգլերէնով գրուած կամ անգլերէնի թարգմանուած գործեր: Ոչ հայեր եւս կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել:
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Տասնութամսեայ ծրագրաւորումէ եւ նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, անցեալ տարուան երրորդ եռամսեակին ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու ցանցը աւարտեց Հայաստանի Խաչիկ գիւղին մէջ այգիի մը կառուցումը՝ համագործակցելով առաջին անգամ տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու՝ Պուենոս Այրեսի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Մարսէյի, Ֆիլատելֆիայի, Թորոնթոյի, Ֆրանքֆուրթի, մէջ գործող Երիտասարդ արհեստավարժներու մասնաճիւղերուն հետ:
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան ընդհանուր վարիչ մարմինի «Վարիչին լսարանը» ծրագիրի 4րդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ Յունուար 16ին, Լաւալի Հայ կեդրոնէն ներս, մասնակցութեամբ Գանատայի բոլոր մասնաճիւղերու վարիչներուն եւ վարիչ օգնականներուն:
Օրուան օրակարգերը յատկապէս կեդրոնացան դաստիարակչական ծրագիրներու փոխանցման վրայ:
Ընդհանուր վարիչ մարմինը արդէն իսկ որդեգրած էր կրտսեր պատանիներու համար ծրագիր մը, իսկ այս տարեշրջանին պատրաստեց եւ որդեգրեց երէցներու ուղղուած յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը՝ ներառելով նաեւ խաղերու տարբեր տեսակներ:
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Կիրակի, Յունուար 23ին տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան 4րդ տարելիցին առթիւ յիշատակի երեկոյ մը՝ կազմակերպուած «Հրանդ Տինքի բարեկամներ» շրջանակին կողմէ: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ չէզոք գօտիին մէջ գտնուող գերմանական «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ: Ներկայ գտնուեցան թուրք, յոյն եւ հայ կիպրացիներ, նաեւ տասնեակ մը մամուլի ներկայացուցիչներ:
January 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Քանի մը օր առաջ, Վուտլընտ Հիլզ շրջանին մէջ անծանօթ զինեալի մը յելուզակութիւնը տակն ու վրայ ըրաւ շրջանը։ Դպրոցի մը առջեւ, ան կրակ բացած էր ոստիկան պահակի մը վրայ եւ խոյս տուած։ Բարեբախտաբար պահակը փամփշտարգել վահան մը հագած էր ու փրկուեցաւ մահէ։
January 27th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
1915 թուին Հայաստան երկրի եւ Օսմանեան պետութեան հայաբնակ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը մարդկային պատմութեան ամենադաժան երեւոյթներէն մէկն էր: Մեծ Եղեռն կոչեցինք պատահածները:
January 27th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Թոմաս Համմարպերկի Հայաստան այցելութեան առթիւ «Իրաւունք» թերթի աշխատակից Ռուսլան Թաթոյեանը հարցազրոյց մը կատարած է Ազգային Ժողովի ՀՅԴ պատգամաւորական խմբակի անդամ Լիլիթ Գալստեանին հետ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
January 27th, 2011
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Ասուպը լուռ սահեցաւ գիտութեան երկնակամարէն ու… գնաց։
Հայ ժողովուրդը, Հայաստան թէ Սփիւռք, արեւելքէն արեւմուտք, խոր սուգի մատնուած էր, Շաբաթ 30 Դեկտեմբեր 2010ին, Քալիֆորնիոյ հազուադէպ մթագնող երկինքը, այդ օր ինք ալ կու լար՝ ի տես գիտութեան երկնակամարը լուսաւորող երբեմնի լուսատու փայլուն աստղերէն մէկուն լուռ մթագնելուն։
January 27th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Ամերիկայի մէջ Յունիսի Կիրակիներէն մէկը նշանակուած է իբրեւ Հայրերու օր:
Հայաստանի մէջ, այդ տօնին նմանութիւնը ունի Յունուար 28ը, որ Բանակի օր ըլլալով՝ անուղղակիօրէն նաեւ տղամարդոց օրն է: Հայաստանի մէջ դիւրին է ատիկա արդարացնել՝ պարզապէս վկայակոչելով այն փաստը, որ պարտադիր զինուորութեան օրէնքին հիման վրայ, Հայաստանի քաղաքացի իւրաքանչիւր տղամարդ բանակին ծառայելու պատիւն ու պարտաւորութիւնը ունի:
January 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Ռուսական «Էխօ Մոսկուի» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Հայաստանի նախագահը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին անդրադառնալով՝ կրկին շեշտած է, որ այդ գործընթացին վերադառնալ «հնարաւոր է միայն այն դէպքում, եթէ թուրքերն առանց որեւէ նախապայմանների վաւերացնեն [2009 թուականի Հոկտեմբերի 10ին Ցիւրիխում ստորագրուած հայ-թուրքական] արձանագրութիւնները»:
January 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Եւրոպական Խորհուրդի Վեհաժողովի անդամ 29 պատգամաւորներ Յունուար 27ին հանդէս եկած են գրաւոր հռչակագիրով՝ «Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովրդավարական պետութեան կառուցում» խորագիրով:
January 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Քոնկրեսի ընդդիմութենէն խուսափելու համար, Քոնկրեսի արձակուրդին Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին վրայ Մեթիու Պրայզան նշանակած նախագահ Պարաք Օպամա կ՛ուզէ երկարաձգել անոր պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանը, կը հաղորդէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
January 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Չորեքշաբթի, Յունուար 26ին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ Հրանդ Տինքի սպանութեան ու ոչ իսլամ քաղաքացիներու իրաւանց առնչութեամբ։
January 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«Հայկական Ժամանակ» թերթը, վկայակոչելով Ֆրանսայի մէջ ԼՂՀ մշտական ներկայացուցչութեան փոխանցած մէկ հաղորդագրութիւնը՝ կը տեղեկացնէ, թէ 2011 Յունուար 26ին, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ ֆրանսացի պատգամաւորներ կազմակերպած են «Յանուն Ղարաբաղի խաղաղութեան» վերտառութեամբ ստորագրահաւաքի ամփոփման նուիրուած մամլոյ ասուլիս:
January 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Երբ ԱՄՆ 9րդ շրջանի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանը երեք դատաւորներու կազմով կայացուց որոշում մը, ըստ որուն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդները կրնան փոխհատուցում պահանջել Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործած ապահովագրական ընկերութիւններէն, գերմանական ընկերութիւնները միջնորդութիւն ներկայացուցին այդ նոյն դատարանին՝ լրիւ կազմով վերաքննութիւն իրականացնելու համար:
January 27th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
«Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ լոյս տեսած երկարաշունչ յօդուածով մը, Ճէյմզ Թրաուպ անդրադարձած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ վերջին տասնամեակին արձանագրուած փոփոխութիւններուն՝ կեդրոնանալով յատկապէս Տաւութօղլուի դերակատարութեան վրայ:
January 27th, 2011
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
«Էյ.Էն.Էֆ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը Թուրքիոյ դէմ դարձեալ վճիռ մը արձակած է, այս անգամ բանտային չարչարանքներու հարցով:
Որոշման մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները խախտած են Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտի բռնութեան եւ վատ վերաբերմունքի անթոյլատրելիութեան մասին 3րդ յօդուածը, որուն համար 25 հազար եուրոյի վնասուց հատուցում պէտք է վճարեն անչափահաս տարիքին ոստիկանութեան կողմէ խոշտանգումներու ենթարկուած այն քաղաքացիին, որ Թուրքիոյ դէմ դատ բացած էր:
January 26th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդը (ծերակոյտ) Չորեքշաբթի, Յունուար 26ին վաւերացուց Միացեալ Նահանգներու հետ հիւլէական զէնքերու կրճատման նոր «Սթարթ» համաձայնութիւնը, որ Մոսկուայի հետ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները վերասահմանելու՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ջանքերուն առանցքը կը կազմէ։
Նոր համաձայնութիւնը իւրաքանչիւր երկիրի հիւլէական հրթիռները՝ 2200էն 1550ի կը հասցնէ, ինչպէս նաեւ կը վերահաստատէ Դեկտեմբեր 2009ին վերջ գտած դիտարկումին համակարգը։
Ռուսիոյ խորհրդարանը Երեքշաբթի [...]
January 26th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը, վկայակոչելով «Ուիքիլիքս» կայքէջը՝ կը գրէ, թէ Թուրքիան 2002ին թոյլատրած է Միացեալ Նահանգներուն օգտագործել Ինճիրլիքի զօրակայանը՝ ահաբեկչութեամբ ամբաստանուած անձեր Կուանթանամոյի բանտ տեղափոխելու համար: Յունիս 8, 2006 թուակիր հեռագիրին հեղինակն է Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոս Ուիլսընը։ Նամակին մէջ կ՛ըսուի, որ «Թուրքիոյ ռազմական օդուժը թոյլատրած էր օգտագործել Ինճիրլիքի ռազմակայանը, սակայն 2006ին արտօնութիւնը չեղեալ յայտարարուած է»։ Թուրքիոյ իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ երբեք չեն մասնակցած գաղտնի տեղափոխումներուն:
January 26th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան թրքական «Պիւկիւն» օրաթերթի յօդուածագիր Ատեմ Եաւուզ Արսլանի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, թէ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան բացայայտման համար, Թուրքիոյ կառավարութիւնը կատարած է այն ամէնը, ինչ իրմէ պահանջուած էր։
January 26th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Դաշնամուրի եւրոպական մրցոյթի մշակութային փոխանակումներու ծիրէն ներս, Յունուար 26-30 օրերուն Հայաստան կը գտնուի դաշնամուրի եւրոպական մրցոյթի նախագահ եւ Եւրոմիութեան դաշնամուրի եւրոպական ծրագիրի համակարգող Է. Ռոպերի ղեկավարած պատուիրակութիւնը:
January 26th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երէկ, Երեւանի քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց դարձեալ հաւաքուած էին մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերէ եկած առեւտրականներ, որոնք կը բողոքէին քաղաքապետին՝ փողոցային առեւտուրը վերցնելու որոշումին դէմ: Ոստիկանները անգամ մը եւս ցուցարարներուն թոյլ չտուին մօտենալ քաղաքապետարանի շէնքին:
January 26th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Այս տարի, արդէն չորրորդ անգամը լինելով, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան եւ «Մոզայիկ» յանձնախմբի նախաձեռնութեամբ տեղի է ունենալու «Մոզայիկ»ի չորրորդ համերգը, որին երկար է սպասել մեր արուեստասէր հասարակութիւնը:
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) քաղաքական խորհուրդի Յունուար 26ի նիստը վարած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:
January 26th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէն իրականացուող «Արի տուն» ծրագիրի առաջին փուլը պիտի սկսի Յունիսին: Նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանի հետ զրոյցի մը ընթացքին պարզուեցաւ, որ 2011ի ընթացքին պիտի իրականանայ տասը փուլ, որոնց ընթացքին կը նախատեսուի հիւրընկալել 800 անձ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Ա. Մխիթարեան նաեւ նշեց, իսկ եթէ պահանջուի, անոնք պատրաստ են հիւրընկալելու նախատեսուածէն աւելի երեխաներ:
January 26th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Չորեքշաբթի, Յունուար 12ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր եղբայրակցութեան պատուիրակութեան, որ առաջնորդարան եկած էր Ամանորի ու Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով շնորհաւորանք ու բարեմաղթութիւն ներկայացնելու առաջնորդին։ Սրբազան հօր կողքին ներկայ էր նաեւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրահանգով, Կիրակի, Յունուար 16ին, հոգեհանգստեան մասնաւոր պաշտօն կատարուեցաւ թեմի եկեղեցիներուն մէջ, Յունուար 8ին Արիզոնայի Թուսան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ահարկու դէպքին հետեւանքով զոհուածներու հոգիներուն համար: Սքացտէյլի Ս. Աբգար եկեղեցւոյ մէջ յատուկ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ զոհերու հոգիներուն համար:
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Դեկտեմբեր 19ին, ՀՕՄի Ֆրեզնոյի «Սոֆիա» մասնաճիւղին կազմակերպած Ս. Ծննդեան տօնակատարութեան ընթացքին, յատուկ մեծարանքի արժանացան տէր եւ տիկին Մանաս եւ Քրուզ Սաղտճեանները, որոնք երկար տարիներով նեցուկ կանգնած են ՀՕՄի գործունէութեան:
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, գրեթէ 275 ՀՕՄուհիներ ներկայ էին Յունուար 2ին կայացած ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան տարեկան ընդունելութեան, որուն ընթացքին վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնաճիւղերուն եւ անոնց անդամներուն, որոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ հարիւրամեայ սոյն կազմակերպութեան աշխատանքներուն:
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 13 Յունուարին, ընդառաջելով Ղպտի ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Սրապիոն եպիսկոպոսի հրաւէրին՝ ներկայ եղաւ համայնքի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Աթանասիոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին, որ ձօնուած էր Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ոճրային խափանարարութեան զոհերու յիշատակին։
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի ընկերային սպասարկութեանց գրասենեակը, հայկական Ս. Ծնունդէն երկու օր առաջ՝ Յունուար 4ին, մօտաւորապէս 75 կարիքաւոր երեխաներու նուէրներ յանձնեց, շրջանային վարչութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին: Երեխաները արտասանութիւններով եւ երգերով ճոխացուցին մթնոլորտը:
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Յայտնի պատմասաց Ալիծ Աղպապեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Հրէական աշխարհի դէտ» կազմակերպութեան հիմնադիր Ճենիս Քամենիր Ռեզնիքի ի պատիւ կազմակերպուած «Համաշխարհային ոգի» փառատօնին, որ տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 1ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ, «Սայնայ» տաճառին մէջ (10400 Wilshire Blvd., Los Angeles, 90024):
January 26th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Անցեալ Կիրակի երեկոյ, Կլենտէյլի հանրային վարժարանի սրահը հանդիսավայրը եղաւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած պարի փառատօնին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս պարախումբեր: Այս մասին աւելի մանրամասն թղթակցութեան սպասելով՝ կը ներկայացնենք այս մէկ դրուագը այդ երեկոյէն:
January 26th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Երեքշաբթի, Յունուար 25ի երեկոյեան իր արտասանած «Միութեան վիճակը» տարեկան ճառին ընթացքին, Նոյեմբերի ընտրութիւններուն հետեւանքով քաղաքականապէս տկարացած Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շեշտեց Ներկայացուցիչներու տան մէջ մեծամասնութիւն ապահոված հանրապետականներուն եւ դեմոկրատներուն միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ազդարարելով, թէ ճակատագրական այս օրերուն երկիրը առաջ կրնայ երթալ միայն, երբ միասնաբար աշխատանք կը տար
January 26th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Հիւսիսային Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքին ու քանի մը այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած խռովութիւններէն մէկ օր ետք, Չորեքշաբթի, Յունուար 26ին, համեմատական խաղաղութիւն տիրեց Լիբանանի տարածքին, մինչ իշխանութենէն հեռանալ պատրաստուող քաղաքական ուժերուն՝ «Մարտ 14»ի ուժերուն, ներկայացուցիչները կը յայտարարէին, թէ Պէյրութի քաղաքամէջը օրական նստացոյցեր պէտք է կատարուին՝ դէմ դնելու համար, ըստ իրենց, երկիրը իր ամբողջական հակակշիռին տակ առնելու «Հըզպալլա»ի ջանքերուն:
January 26th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«Ազատութիւն» կայանի Ստեփանակերտի թղթակից Լուսինէ Մուսայէլեանը կը յայտնէ, որ 20 տարուան դադարէ ետք՝ առաջին օդանաւը Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանին մէջ վայրէջք պիտի կատարէ յառաջիկայ Մայիսին:
January 26th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Ըստ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հաղորդակցութեան ղեկավար Աշոտ Աստաբացեանին, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները Յունուար 25ին հանդիպած են Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձանց հետ:
January 26th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ ամէնէն հրատապ հարցը դիմագրաւումն է գաղափարախօսական եւ քաղաքական այն չարաշահումներուն, որոնք աջէն թէ ձախէն կը կատարուին այսպէս կոչուած «պետական մտածողութեան» անունով։
January 26th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ, Վաչէ արք. Յովսէփեանի եւ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ ու Հարաւային Քալիֆորնիոյ առաջնորդական փոխանորդ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեանի մասնակցութեամբ եւ ի ներկայութեան 350 հիւրերու, Էջմիածինի փոքրիկներու հիմնադրամի տարեկան վեցերորդ ճաշկերոյթ-խրախճանքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունուար 15ի երեկոյեան, Հոլիվուտի Ս. Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ կից գտնուող »Տաղլեան« մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ:
January 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Իր 102ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ամերիկեան ինքնաշարժներու «Ճի.Էմ.» ընկերութիւնը, 2010ին Չինաստանի մէջ աւելի մեծ թիւով ինքնաշարժներ ծախած է, քան Միացեալ Նահանգներու տարածքին:
January 25th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Փերուի իշխանութիւնները պաշտօնապէս ընդունած են Պաղեստինը, իբրեւ անկախ պետութիւն։ Անցեալ տարուան Դեկտեմբերէն ի վեր, Պաղեստինի անկախ պետութիւնը ճանչցած են Էքուատորը, Պոլիվիան, Չիլին, Պրազիլը եւ Արժանթինը։ Պաղեստինը ճանչցած էին արդէն Քուպան, Նիքարակուան, Քոսթա Ռիքան եւ Վենեզուելլան.
January 25th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »