Home » February 28th, 2011Entries posted on “February, 2011”
Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի հակառակորդ ուժերը Երկուշաբթի, Փետրուար 28ին, երկրի 3րդ մեծագոյն քաղաքին՝ Միսրաթայի մէջ, Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերու գրոհը ետ մղելու ընթացքին ուղղաթիռ մը զգետնելով՝ ձերբակալեցին անոր անձնակազմի 5 անդամները, մինչ արեւմտեան պետութեանց արտաքին գործոց նախարարները կը քննէին Քազաֆին իշխանութենէ հեռացնելու կարելիութիւնները։
February 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱՍՔԱԹ, Օման, «Ճազիրա».- Օմանի մէջ գործի առիթներ եւ քաղաքական բարեփոխումներ պահանջող ցուցարարներ Երկուշաբթի, Փետրուար 28ին փակեցին երկրին հիւսիսը գտնուող ու ճարտարարուեստի կեդրոն հանդիսացող Սոհար քաղաքը առաջնորդող ճամբաները, մինչ աւազակներ մթերքի վաճառատուն մը կողոպտեցին։ Խաղաղ ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Մասքաթի, կառավարութեան շէնքերու եւ այլ կեդրոններու առջեւ։ Օմանի սուլթան Քապուսը Կիրակի օր [...]
February 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Փետրուար 28ին, օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիրը, այնուհետեւ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին նշած, թէ «Սումգայիթի ոճրագործութիւնն այն յանցագործութիւններից է, որը վաղեմութեան ժամկէտ չունի, եւ վաղ թէ ուշ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պէտք է կանգնեն այդ նոյն դատի ու դատաստանի առաջ, որովհետեւ ոճրագործութիւնից անմիջապէս յետոյ, աշխարհաքաղաքական իրավիճակը կարծես թէ նրանց թոյլ տուեց խուսափել պատասխանատուութիւնից:
February 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան իշխանութիւնները պարտաւոր են ընկերային եւ իրաւական յատուկ կարգավիճակ տալ Սումգայիթի եւ Ատրպէյճանի միւս քաղաքներուն մէջ ջարդեր ապրած հայերուն: Այս մասին Փետրուար 28ին, սումգայիթեան ոճրագործութիւններու յիշատակի օրուան նուիրուած երթին ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց Ժառանգութիւն կուսակցութեան պատգամաւոր Լարիսա Ալաւերդեանը:
February 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Փետրուար 28ին, լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին, Սումգայիթեան ողբերգութեան օրերէն մինչեւ այսօր այդ խնդիրի մանրամասնութիւններուն, դէպքերուն ականատես ու հետեւող Հրայր Ուլուբաբեան յայտնեց, թէ Սումգայիթեան ջարդերու արժանի փոխհատուցումը իրականացնելու համար, անհրաժեշտ է նոր յանձնախումբ մը ստեղծել:
February 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երէկ, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին, «Ժառանգութիւն» խմբակցութիւնը ամբողջ կազմով լքեց խորհրդարանի դահլիճը, երբ նիստը վարող փոխնախագահ Սամուէլ Նիկոյեանը անջատեց նոյն խմբակցութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի խօսափողը՝ խափանելով անոր ելոյթը:
Նիստին սկիզբը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, թէ Ազգային ժողովի օրակարգը պէտք է արտայայտէ ժողովուրդին պահանջները
February 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Անցեալ տարի Օրենճ Քաունթի գաւառի գերագոյն ատեանի դատաւոր ընտրուած Անդրէ Մանսուրեանը, Յունուար 7ին տուած է իր երդումը՝ ստանձնելով իր նոր պաշտօնը:
Երդման արարողութեան ընթացքին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին իր ընտրապայքարին, յատկապէս՝ իր ծնողքին:
37ամեայ դատաւորը նաեւ կոչ ըրաւ հայ երիտասարդներուն, որ ուսման կարեւորութիւն տան ու գիտելիքներով զինուած՝ օգտակար դառնան մարդկութեան:
Յայտնենք, թէ Անդրէ 207 հազար քուէ ապահոված էր:
February 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Մարտ 1ին, անգլերէնով լոյս պիտի տեսնէ «Ագահ Ճնճղուկը» (The Greedy Sparrow: An Armenian Tale) մանկական հատորը, որ հայկական ժողովրդային պատմութեան մը հիման վրայ գրուած է Լուսինէ Գասպարեանի կողմէ:
32 էջնոց լաթակազմ հատորէն օրինակ մը ապահովելու համար ($17.99), դիմել (800) 821-9881 x 325 թիւին, կամ jkelly@marshallcavendish.com հասցէին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել հեղինակին կայքը՝ www.lucinekasbarian.com:
February 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ծերունազարդ, բայց գրիչով ու հոգիով մի՛շտ երիտասարդ բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեան, իր նորագոյն հատորով՝ «Լիլոյշ-ա-տոչոր»ով, գրական գեղարուեստի գեղեցիկ երեկոյի մը առիթը ստեղծեց Կիրակի, 20 Փետրուարի երեկոյեան, Փասատինայի «Պէշկէօթիւրեան» սրահին մէջ։ Թէքէեան Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ բանաստեղծութիւններու այս հատորին ներկայացման ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին, ներկաները հաղորդակից դարձան ոչ միայն այս հատորի, այլ նաեւ բանաստեղծին գրական վաստակի մթնոլորտին՝ ընդհանրապէս։
February 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Փետրուար 9ին, ՌԱԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ ՍԴՀԿի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի վարիչ մարմինին հետ, ՌԱԿի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ, քննելու համար գաղութային եւ համահայկական անմիջական հարցեր: Քոյր կուսակցութիւնները որոշում կայացուցին միատեղ գործակցութեան՝ գաղութի եւ հայրենիքի քաղաքական եւ հասարակական ոլորտներէ ներս:
February 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Տոլորէս Զօհրապ Լիպման» հիմնադրամը որոշած է նիւթապէս նեցուկ կանգնիլ հետեւեալ նիւթերով հրատարակչութեանց.
- Վարդապետական աւարտաճառեր հայագիտական նիւթերու մասին.
- Հայ պատմաբաններու հայոց հին պատմութեան երկեր.
- 19րդ դարու եւ աւելի վաղ շրջանի հայ գրականութեան երկեր:
Ներկայացուող աշխատասիրութիւնները կրնան ըլլալ հայերէն կամ անգլերէն: Եթէ գործը հայերէնով է, ապա անոր պէտք է ընկերանայ անգլերէն որակաւոր թարգմանութիւնը:
Դիմումները ներկայացնել Ապրիլ 15էն ու Նոյեմբեր 15էն առաջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ դիմումնագիրներ ստանալու համար, դիմել հետեւեալ հասցէին՝
Liebmann Fund-Publications
c/o Mr. M. Haigentz
1518 11th Street
Fort Lee, NJ 07024
February 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Վարդանանց հերոսամարտի ֆիլմին հեղինակը՝ Հրաչ Ռաճըր Գուբելեան, օսքարակիր արուեստագէտ մըն է։ Երբ 2001-2003 թուականներուն, Նիւ Զելանտայի մէջ ան «Լորտ աֆ տը Ռինկզ» շարքին վրայ կ՛աշխատէր, գիշեր մը կ՛ունենայ իր տեսակին մէջ յատուկ տեսիլք մը, ուր իր մանկութեան հերոսը՝ Վարդան Մամիկոնեան, խոշտանգուած վիճակի մէջ իրեն երեւնալով՝ կը խնդրէ, որ Վարդանանց հերոսամարտը՝
February 28th, 2011
| Posted in Գրողի Անկիւն, Սիւնակներ | Read More »
Հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան սփիւռքեան ճակատին մասին անդրադարձած ենք անցեալին: Քաղաքական ու քարոզչական գործունէութեան անօրինակ աշխուժացման փաստերը՝ ատրպեճանական սփիւռքին կողմէ՝ վերջերս ակներեւ դարձած են:
February 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ Ուրբաթ, Փետրուար 25ին բողոքի ցոյց մը կատարեցին Լոս Անճելըսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ, դատապարտելով Սումգայիթի մէջ հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերը, սպանդին 23րդ տարելիցին առթիւ: Ցուցարարները նաեւ դատապարտեցին Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ պատերազմի շարունակական սպառնալիքները՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին:
February 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Փետրուար 25ին, Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար (ԱԳՆ) Գէորգի Պետրոսեան այցելած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատունը: Դեսպանատան աշխատակիցներուն հետ հանդիպումէ ետք տեղի ունեցած է առանձնազրոյց մը ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի հետ:
February 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Երկուշաբթի, Փետրուար 28ին, Պոլսոյ անչափահասներու 14րդ ատեանին մէջ սկսաւ Հրանդ Տինքը սպաննած Էօկիւն Սամասթի դատավարութեան նոր հանգրուանը:
Սամասթ մինչեւ անցեալ Հոկտեմբեր 25 կը դատուէր սովորական ատեանի մը մէջ, սակայն օրէնքներու փոփոխութեան հետեւանքով, անոր դատավարութիւնը փոխադրուեցաւ անչափահասնելու ատեան, որովհետեւ ան ոճիրին ընթացքին (Յունուար 2007ին) 18 տարիքը չէր բոլորած:
Տինքի ընտանիքի փաստաբանները մտահոգ են այս փոփոխութեամբ, որ կրնայ աւելի եւս ձգձգել արդէն իսկ հարկաւորէն աւելի երկարած դատավարութեան ընթացքը:
Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն Ֆեթհիյէ Չեթին Երկուշաբթի օր յայտնեց, թէ այսուհետեւ Տինքի ընտանիքին անդամները ներկայ պիտի չըլլան դատավարութեան բոլոր նիստերուն, որովհետեւ դատավարութեան ընթացքը «շատ հեռու է արդարադատութեան պահանջներէն»:
Երկուշաբթի օրուան նիստին ընացքին, Սամասթի դէմ ամբաստանագիրը դարձեալ կարդացուեցաւ, ապա ան յայտարարեց, թէ չորս տարի առաջ կատարուած նման ընթերցումէ մը ետք իր կատարած յայտարարութեան վրայ աւելցնելիք չունի:
Միւս կողմէ, Ուրբաթ օր «Էրկենեքոն» ահաբեկչական խմբակի դատավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին, ամբաստանեալներու միջեւ հեռաձայնային զրոյցի մը ունկնդրութենէն անգամ մը եւս մէջտեղ եկած է այն պնդումը, թէ ոճիրին ընթացքին Սամասթի մօտ կանգնած էին երկու ուրիշներ, որոնց ինքնութեան շուրջ անորոշութիւն կը տիրէ:
Յայտնենք, թէ Սամասթ կրնայ 25էն 40 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
February 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ատրպեճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պէյրըլ Երկուշաբթի, Փետրուար 28ին հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կրիկորի Քարասինի հետ, քննելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան նորագոյն իրադարձութիւնները:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն, կողմերը քննած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները եւ միջազգային շարք մը այլ իրադարձութիւններ:
February 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթի համացանցային կայքին մէջ հրատարակուած է ցուցակ մը այն երկիրներուն, որոնց մէջ կրնան ըմբոստութիւններ տեղի ունենալ։ Ցուցակին առաջին դիրքը կը գրաւէ Քամերունը (94.5 կէտով), երկրորդը՝ Փաքիստանը (90.8): 8րդ դիրքի վրայ է Մարոքը (78.7), 9րդ դիրքի վրայ՝ Յորդանանը (78.6), իսկ 10րդ՝ Ատրպէյճանը (78.6)։
Երեսունէն ցած վարկանիշ ունեցող, այսինքն՝ ապստամբութեան նուազագոյն հաւանականութիւն ունեցող երկիրներն են՝ Աւստրալիան, Ֆինլանտան, Շուէտը, Աւստրիան, Գանատան, Դանիան, Գերմանիան եւ Զուիցերիան։
February 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Միջազգային քաղաքական կացութիւնը եւ իր հիմնական դերակատարներու ուժի կշիռը եւ անոնց միջեւ յարաբերութեան զարգացումը կ՛ապրին ուժական հոլովոյթ մը:
20րդ դարու երկրորդ կիսուն հաստատուած երկբեւեռ աշխարհը, որոշ ժամանակ մը, 20րդ դարու վերջերուն եւ 21րդ դարու սկիզբներուն, փոխարինուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միահեծան հակակշիռներով բնորոշուող աշխարհակարգով մը, ուր Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցները թէ հակառակորդները հաւասարապէս կը թուէին կորսնցուցած ըլլալ անոր նախաձեռնող ուժին դիմաց հակակշիռ բանեցնելու ամէն հնարաւորութիւն:
February 28th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Վանէն թուրք գործարար Արսլան Պայրամի հիմնած «Վան Ուէյ» օդանաւային ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, մօտիկ ապագային Վանէն Երեւան ուղղակի թռիչքներ պիտի սկսին, երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական, զբօսաշրջային եւ մշակութային կապերը սերտացնելու նպատակով:
Պայրամ կը յայտնէ, թէ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու բացումը եւ խաղաղութեան հաստատումը, բնականաբար, աւելիով պիտի զարգացնէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը: Ան կ՛ըսէ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ Վան մօտիկ է Հայաստանի, երկու երկիրներուն միջեւ փակ մնացած սահմանին հետեւանքով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արեւելեան քաղաքներուն միջեւ առեւտուրը ներկայիս կ՛իրականացուի Վրաստանի միջոցաւ:
Յայտնենք, թէ Պայրամ նաեւ Վանի մէջ պանդոկի մը ու զբօսաշրջային ընկերութեան մը սեփականատէրն է:
February 25th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Գարեգին Նժդեհի ծննդեան 125 ամեակին առիթով, Երեւանի Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին մէջ, Փետրուար 25ին տեղի ունեցաւ Սերգէյ Մաճկալեանի՝ «Զրոյց Նժդեհի հետ» գիրքին շնորհահանդէսը:
February 25th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
- Ըստ armsport.am-ին, Փետրուար 25ին կայացաւ Հայաստանի ծանրամարտի կանանց առաջնութիւնը, որ աւարտեցաւ նոյն օրն իսկ:
69 քլկ. կշիռքի կարգի մէջ ախոյեանի կոչումը նուաճեց Նազիկ Աւդալեանը՝ 2009ի աշխարհի ախոյեանը, որ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք վերադարձած է ասպարէզ: Աւդալեանի ելոյթը անակնկալ էր, քանի որ նախապէս նշուած էր, թէ ան վնասուածք ունի եւ պիտի չկարենայ մասնակցիլ մրցոյթին։
February 25th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երեւանի «Թեքէեան» կեդրոնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սօս Սարգսեանի «Կան»չ գրքի շնորհանդէսը, որու ընթացքին Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան մեծ դերասանին յանձնեց միութեան անդամութեան վկայականը:
February 25th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ըստ PCNews.am-ին, Wikipedia առցանց հանրագիտարանին մէջ, հայերէն յօդուածներուն թիւը հասած է 12991ի: Այնտեղ արձանագրուած է 10,221 օգտագործող Հայաստանէն:
Ատրպէյճաներէն յօդուածներուն թիւը նոյն հանրագիտարանին մէջ աւելի է քան 54 հազարը, իսկ աշխոյժ օգտագործողներուն թիւը 339 է: Յիշեցնենք, որ անցեալ տարուան ընթացքին Wikipedia-ի հայկական յօդուածները գրոհի կ՛ենթարկուէին ատրպեճանական 26 անդամ ունեցող խումբի մը կողմէ, որ կ՛օգտուէր կայքին «open source» սկզբունքէն:
February 25th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Վերջին երկու ամիսներու ընթացքին, Քալիֆորնիոյ տարածքին եւ Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած հագուստեղէններու եւ տնային պիտոյքներու հաւաքին ամբողջացումէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի անդամներ զանոնք տուփերու մէջ դասաւորելով՝ հասցուցած են «Փարոս» մարդասիրական հիմնարկի Լոնկ Պիչի կեդրոնը, ուրկէ աւելի քան 100 տուփեր, իւրաքանչիւրը՝ մօտաւորապէս 50 փաունտ կշռող, պիտի առաքուին Հայաստան, Արցախ եւ æաւախք, բաժնուելու համար գիւղական շրջաններու կարօտեալ բնակիչներուն:
ՀԵԴի կեդրոնական վարչութեան անդամ Փաթիլ Ասլանեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ համայնքին, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ այս արշաւին ու յատուկ շնորհակալութիւն «Փարոս» հիմնարկին, որ ստանձնած է առաքման պատասխանատուութիւնը:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ Ազուզա քաղաքի բնակիչներուն, որ Մարտ 8ին կայանալիք քաղաքապետական ընտրութեանց ընթացքին իրենց քուէն տան հայազգի թեկնածու Փօլ Նաքքաշեանին՝ զայն այդ պաշտօնին լաւագոյն թեկնածուն համարելով:
Իրաւագիտութեան վկայականը ստանալէ ետք, Փօլ Նաքքաշեան եղած է Ազուզայի քաղաքամէջի գործարարներու միութեան նախագահ եւ Ազուզայի առեւտուրի գրասենեակի փոխնախագահ: Ան նաեւ հիմնադիրն է քաղաքի Մարդկային յարաբերութեան յանձնաժողովին եւ կազմակերպած է քաղաքային շարք մը ձեռնարկներ:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Երկուշաբթի, Փետրուար 7ին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին համայնքային ղեկավարներուն եւ գործիչներուն ծանօթացուց Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի եւ վարժարաններու խորհուրդի ընտրութեանց մասնակցող այն թեկնածուները, որոնց նեցուկ կանգնիլ որոշած է յանձնախումբը:
Մօտաւորապէս 40 հոգի ներկայ էին ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ հիւրընկալութեամբ Աբօ եւ Նորա Թաշճեաններու:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Համազգային մշակութային միութեան կազմակերպած «Դոն Ժուան Աւիա»ի կատակերգութեան առաջին ներկայացումը տեղի է ունեցել 2009ի Նոյեմբերին: Բեմում հանդիպեցին թատերահարթակի երկու աստղեր՝ Հայաստանում եւ հայկական Սփիւռքում հանդիսատեսին լաւ ծանօթ դերասան Հրանդ Թոխատեանը եւ Ֆրանսիայի քաղաքացի ու հայկական Սփիւռքի աստղ Նարեկ Դուրեանը, ով հանդիսանում է նաեւ տուեալ ներկայացման բեմադրիչը:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Փետրուար 21ին, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար (ԿԳՆ) Արմէն Աշոտեան, կրթութեան, գիտութեան եւ մանկավարժութեան ոլորտին մէջ գրականագէտ ու բանասէր դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի ունեցած մեծ աւանդին եւ բազմամեայ ազգանուէր գործունէութեան համար, պարգեւատրած է զայն Հայաստանի ԿԳՆ բարձրագոյն պարգեւով՝ «Ոսկէ յուշամետալ»ով:
Ըստ նախարարութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն, Ռ. Փիրումեան նաեւ ԱՄՆի Արեւելեան ափի Հայկական դպրոցներու խնամակալ մարմինի [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻԱ, «Արմէնփրէս».- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ (UCLA), յայտնի գիտնական, փրոֆ. Սիոպան Նեշ-Մարշալ վերջերս յատուկ դասախօսութիւն ներկայացուցած է՝ «Սուտերը, նամակները եւ Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով: Անոր աջակցած են համալսարանի Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսումնասիրութեան ու «Հայկական յիշողութեան» կեդրոնները: Ըստ Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսումնասիրութեան կեդրոնին, բաւական մեծ աղմուկ ստեղծած դասախօսութեան ներկայ եղած է աւելի քան 100 [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Յունուար 30ին, հիւրընկալութեամբ Ասպետ եւ Այդա Պօղարեաններու, կազմակերպութեամբ Վարուժան ու Ժագլին Պետիկեաններու, Լա Քրեսենթայի մէջ տեղի ունեցաւ Երկիր եւ մշակոյթ կազմակերպութեան աշխատանքներուն ծանօթացման հաւաք մը:
Կազմակերպութեան Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղի վարչականներէն Հայկ եւ Հիլտա Մանճիկաններ, նաեւ Նազարէթ Գէւոնեան ու Սերժ Մինասեանց տեղեկութիւններ փոխանցեցին ներկաներուն, նշելով, որ հիւրընկալներուն երկու զաւակները մասնակցած էին անցեալ տարուան ծրագիրներուն, հայրենիքի հետ իրենց [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 2010ին, Միացեալ հայկական ֆոնտը Հայաստանին հայթայթած է 31 միլիոն տոլար արժողութեամբ մարդասիրական նպաստ՝ մեծաւ մասամբ դեղորայք եւ բժշկական պիտոյքներ, ըստ կազմակերպութեան ելեւմտական վերջին քննարկման։
Քննարկումը ցոյց կու տայ նաեւ, որ Միացեալ հայկական ֆոնտը իր եկամուտին նուազ քան 1 տոկոսը տրամադրած է վարչական ծախսերու՝ մնացեալ 99 տոկոսը յատկացնելով Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի օժանդակութեան։
Ըստ ամենավերջին՝ Սեպտեմբեր 30, [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Միջին Արեւելքի Ուղղափառ եկեղեցիներու՝ Ղպտի ուղղափառ, Ասորի ուղղափառ եւ Հայց. առաքելական եկեղեցիներու, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու առաջնորդները Հինգշաբթի, Փետրուար 17ին ունեցան իրենց հերթական հանդիպումը՝ օրակարգի վրայ ունենալով միացեալ ծրագիրներ ու գործակցութեան նախագիծեր։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ղպտիներու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Նորթրիճ, հիւրընկալութեամբ առաջնորդ Սրապիոն եպիսկոպոսին։ Նախքան ժողովական աշխատանքներու սկսիլը, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Սրապիոն եպիսկոպոս, Ասորի ուղղափառ [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, Փետրուար 17ին, տեղի ունեցաւ հայկական Սփիւռքին եւ 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն նուիրուած քննարկում մը, որուն ներկայ էր աւելի քան 100 հոգի:
ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի «Աղաճանեան» սրահին մէջ կայացած ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան դոկտ. Ճոզէֆ Քէշիշեան ու դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեան, որոնք քննեցին Հայաստանի վերանկախացումին ու պետական կառոյցներու գոյացման գործընթացին մէջ Հայաստան-Սփիւռք կապերուն կարեւորութիւնը:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, Շաբաթ, Փետրուար 19ն տօնն էր Ս. Սարգիս զօրավարին, իր Մարտիրոս որդւոյն եւ տասնչորս զինուորներուն, որոնք իրենց հաւատքի վկայութիւնը տուին եւ նահատակուեցան՝ յանուն Յիսուսի եւ քրիստոնէական անբասիր հաւատքի:
Այս տօնը նաեւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը ըլլալով, Կիրակի, Փետրուար 20ին, հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց եւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Մուշեղ [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կազմակերպութեամբ Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան ու «In His Shoes Mission»ին, Կիրակի, Մարտ 6ին, կ.ե. ժամը 1-5, Տարֆուրի ցեղասպանութեան նուիրուած հաւաք մը տեղի պիտի ունենայ Կրիֆիթ փարքի մէջ, «Քրիսթըլ սփրինկզ» շրջանը, լուսարձակի տակ առնելով մերօրեայ այս տագնապը:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինով ելոյթներ պիտի ունենան Գոռ Մխիթարեան ու Մելինէ Քիւրտեան:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի շրջանային վարչութեան կազմակերպած եւ æաւախքի կարիքներուն հասնելու նպատակով դրամահաւաքի աւանդական նաւապտոյտին ընթացքին պիտի մեծարուին տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները, որոնք երկար տարիներով նեցուկ կանգնած են ՀՕՄի նախաձեռնութիւններուն:
Տարեկան նաւապտոյտ-ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 6ին, «Crystal/Eternity» նաւուն վրայ: Տոմսերու սակը 150 տոլար է:
Տեղեր ապահովելու կամ յաւելեալ տեղեկութեան համար, դիմել ՀՕՄի գրասենեակ՝ [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Հայկական յիշատակումի կեդրոնին ու UCLA-ի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի բարեկամներ կազմակերպութեան, Երեքշաբթի, Փետրուար 15ին տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ: Օրուան բանախօսն էր փրոֆ. Սիոպան Նեշ Մարշըլ, որուն ներկայացուցած նիւթին խորագիրն էր՝ «Սուտեր, նամակներ եւ ցեղասպանութիւն»:
«Մենհեթընվիլ» համալսարանին մէջ իմաստասիրութեան դասախօս փրոֆ. Սիոպան Նեշ Մարշըլ իր [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Փետրուար 5ին, Քրեսենթա հովիտի հայ համայնքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը մասնակցութիւն բերած է Հիւսիսային Լոս Անճելըսի քորէացի ամերիկացիներու դաշնակցութեան նախագահի երդման արարողութեան, որուն ներկայ էին նաեւ Քրեսենթա հովիտէն, Լա Քանատայէն, Կլենտէյլէն ու Լոս Անճելըս գաւառէն, ինչպէս նաեւ Քորէայի հիւպատոսարանէն պաշտօնատարներ:
Հայկական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀԵԴ «Զաւարեան» կոմիտէէն անդամներ: Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արիկ Գէորգեան իր ելոյթին ընթացքին [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հարվըրտի հայկական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ պատրաստ է օժանդակութեան ձեռք երկարելու Հայաստան կամ Սփիւռք բնակչութիւն հաստատած հայ ուսանողներու, որոնք կը փափաքին ուսանիլ «Հարվըրտ» համալսարանին մէջ: Ընկերակցութիւնը պատրաստ է ուսանողներուն յարմար կրթանպաստներ գտնելու եւ նոյնիսկ փոխադրական կամ բնակութեան կարգաւորման նպաստելու, համալսարան ընդունուելէ ետք:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Harvard.Armenians@gmail.com հասցէին:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Փետրուար 12ին, «Շամլեան» վարժարան այցելած է Կլենտէյլի ոստիկան Մեթ Պոլթըն, որ աշակերտներուն ծանօթացուցած է երթեւեկութեան կանոնները, միաժամանակ շեշտելով փողոցէն անցնելու ընթացքին միշտ ուշադիր ըլլալու կարեւորութիւնը:
Ոստիկանը նաեւ կոչ ըրած է աշակերտներուն, որ իրենց ծնողներուն յիշեցնեն ինքնաշարժը ուշադրութեամբ վարելու կարեւորութիւնը, յատկապէս դպրոցական շրջաններու մէջ:
February 25th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հազարաւոր ցուցարարներ Ուրբաթ, Փետրուար 25ին փորձեցին հաւաք մը կատարել Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի դէմ, սակայն անոր հաւատարիմ ուժերը եւ ափրիկեան զանազան երկիրներէ բերուած վարձկանները ցուցարարներուն վրայ կրակ բանալով՝ կասեցուցին Կանաչ հրապարակ հաւաքուելու անոնց փորձը: Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը հրասայլերով եւ անցարգելներով փակեցին ճամբաները եւ մզկիթներուն շուրջ ապահովական գօտիներ ստեղծեցին՝ կանխարգիլելու համար ցոյցերը։ Ապահովական միջոցարումները արգելք չկրցան ըլլալ, որ հազարաւոր ցուցարարներ Թրիփոլիի կարգ մը թաղամասերու մէջ, Քազաֆիի տապալումը պահանջող ցոյցեր կատարեն։ Ապահովական ուժերու հետ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր։ Աւելի ուշ, Կանաչ հրապարակին վրայ անակնկալօրէն յայտնուած Քազաֆի, իր համակիրներուն առջեւ կարճատեւ ելոյթ մը ունենալով՝ խոստացաւ ճզմել ապստամբութիւնը՝ զինելով իր բոլոր համակիրները: Քազաֆիի որդիներէն Սէյֆուլ Իսլամ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ իր ընտանիքը «պիտի ապրի եւ մեռնի Լիպիոյ մէջ»։ Արեւելեան Լիպիան ամբողջութեամբ իրենց հակակշիռին տակ առած ըմբոստները իրենց դիրքերը կը զօրացնեն. անոնք նաեւ գրաւած են օդուժի զօրանոց մը:
Մինչ այդ, Զուիցերիա սառեցուց Քազաֆիի դրամատնային հաշիւները, իսկ Լիպիոյ կառավարութիւնը որոշեց երկրի իւրաքանչիւր ընտանիքին 500 լիպիական տինար (շուրջ 400 տոլար) նուիրել։ Կառավարութիւնը նաեւ որոշեց կառավարական որոշ մարզերու աշխատաւորներուն ամսականները բարձրացնել 150 առ հարիւրով։ Ըստ ՄԱԿին, Լիպիոյ սննդեղէնի պաշարները սպառումի եզրին կը գտնուին։
Նաեւ, Սէուտական Արաբիա յայտարարեց, թէ պատրաստ է յաւելեալ քարիւղ արտածելու՝ զսպելու համար Լիպիոյ արտածումներու կասեցման հետեւանքով ստեղծուած տագնապը:
February 25th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Փետրուար 25ի կանուխ ժամերուն, Ուիսքանսընի նահանգային խորհրդարանին հանրապետական մեծամասնութիւնը վաւերացուց նահանգային աշխատաւորական միութեանց իրաւունքները սահմանափակող բանաձեւը, որուն դէմ տասնեակ հազարաւորներու ցոյցեր տեղի կ՛ունենան նահանգին մէջ: Բանաձեւին ընդդիմացողները շեշտեցին, թէ բանաձեւը օրէնքի պիտի չվերածուի, մինչեւ զայն կարելի ըլլայ վաւերացնել նահանգային Ծերակոյտին կողմէ, որուն դեմոկրատ անդամները նահանգէն դուրս մեկնած են՝ բողոքելու համար յետադիմական այս բանաձեւին դէմ: Նահանգային իշխանութիւնները Հինգշաբթի օր ոստիկաններ ղրկած էին 14 դեմոկրատ ծերակուտականներու բնակարանները, զանոնք ժողովի «հրաւիրելու» նպատակով, սակայն ոչ մէկը կրցած են գտնել:
February 25th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հազարաւոր իրաքցիներ Ուրբաթ, Փետրուար 25ին, երկրի տարածքին առնուազն 17 ցոյցեր կատարեցին՝ բողոքելով զեղծարարութեանց եւ հիմնական սպասարկութեանց բացակայութեան դէմ։
Առնուազն 15 զոհ եւ հարիւրէ աւելի վիրաւորներ արձանագրուեցան ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներուն հետեւանքով: Պաղտատի մէջ, հազարաւորներ խուժեցին դէպի «Կանաչ գօտի» առաջնորդող Հանրապետութիւն կամուրջը. ցոյցը ընդհանուր առմամբ խաղաղ էր: Պասրայի մէջ, շրջանի կառավարիչը հրաժարեցաւ ժողովրդային ցոյցի ճնշումին տակ: Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Քերքուքի, Ֆալուճայի ու Մոսուլի մէջ:
Այլ ցոյցեր ալ տեղի ունեցան Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ, ուր տասը հազար ցուցարարներ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան ջնջումը պահանջեցին։
Թունուզի մէջ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ ժամանակաւոր կառավարութեան հրաժարականը պահանջեցին։ Եմէնի տարբեր քաղաքներու մէջ եւս տասնեակ հազարաւորներու ցոյցեր տեղի ունեցան, եւ հակառակ ցուցարարներու վրայ չկրակելու նախագահի հրահանգին, Ուրբաթ օր երիտասարդ ցուցարար մը սպաննուեցաւ Ատենի մէջ, երբ ոստիկաններ կրակ բացին ցուցարարներու վրայ:
Եգիպտոսի մէջ, միլիոնաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակը՝ Հուսնի Մուպարաքի կողմէ նշանակուած նախարարներու հեռացումը պահանջելով, իսկ իշխող զինուորականները խոստացան «հակայեղափոխութեան» դէմ կանգնիլ՝ յայտնելով, որ «անցեալի վերադարձ չկայ»։
Ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Պահրէյնի մէջ։
February 25th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Քայիտա»ի թիւ երկու դէմքը՝ Այման Զաուահիրի, Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին հրապարակուած պատգամի մը մէջ կոչ ըրաւ Արեւմուտքի թիրախներուն դէմ նոր յարձակումներ իրականացնելու, միաժամանակ Եգիպտոսի ղպտի եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը ամբաստանեց միջկրօնական
February 25th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ընկերային իւրաքանչիւր կառոյց՝ երկիր, ժողովուրդ, քաղաք, գիւղ, հիմնարկ, հաստատութիւն ու ընտանիք, ներքին անկախութեան կարիք ունի, իր կեանքը արժանապատիւ կերպով ապրելու համար: Նոյնն է նաեւ մարդ անհատի պարագային: Մարդն ալ ունի իր ներքին՝ հոգեկան կառուցուածքը, որ իր կարգին ունի իր ներքին ծալքերն ու մակարդակները: Մարդ էակին այդ ներքին «աստիճանաւորում»ը եւս անհրաժեշտ կարիքը ունի որոշ ինքնավարութեան, ինքնանկախութեան կամ ազատութեան:
February 25th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Թւում էր, թէ աշխարհում մոլեգնող դժգոհութիւնների ալիքը կը խնայի Միացեալ Նահանգների բնակիչներին, բայց այսպէս մտածողները չարաչար սխալուեցին: Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ Վիսքոնսինում բողոքի ցոյցի էին դուրս եկել իրենց իրաւունքները պաշտպանելու նպատակով:
February 25th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Հայաստանեաց առաքելական եկեղեցւոյ համաձայն, անցած շաբաթը Ս. Սարգիս Զօրավարին տօնն էր։ Սուրբ Սարգիսը նաեւ, ըստ աւանդութեան եւ մինչեւ հիմա, Հայաստանի մէջ ընդունուած է իբրեւ երիտասարդներու, սիրոյ ու սիրահարներու սուրբը։ Երիտասարդներ կը սիրահարին, իրենց սիրոյ ու նուիրումին համաձայն խոստումներ կու տան։ Սուրբ Սարգիսէն խնդրանքներ կը կատարեն, ուխտ կը կատարեն՝ երբեմն ըմբռնելով ու հասկնալով, երբեմն ալ առանց հասկնալու։ Անոնք կը յայտնաբերեն սիրոյ այնպիսի գաղտնիքներ, որոնք կարելի է համարել անկեղծ ու յաւերժական։
February 25th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Անցեալ Ուրբաթ, 18 Փետրուարին, Նորթ Վալիի մէջ հազիւ մէկ ու կէս տարի առաջ ճամբայ ելած ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան շուրջ հաւաքուած երկու հարիւրի հասնող համակիրներ, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ երկու հարիւր հազար տոլար հանգանակելով՝ շօշափելի հիմքեր ստեղծեցին, այդ նոր կազմաւորուած շրջանը Հայ կեդրոնով մը օժտելու համար: (Այս ձեռնարկէն յաւելեալ նկարներ կը հրատարակենք էջ-14-15ի վրայ):
Փետրուարեան ապստամբութեան [...]
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«Լինսի» հիմնարկութեան լուծարման լուրը, երբ հրապարակուեցաւ, մեր համայնքի կրթական օճախներու, հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու բոլոր պատասխանատուները լուրջ մարտահրաւէրի մը առջեւ գտան իրենք զիրենք:
February 25th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Փետրուար 25ի երեկոյեան աւարտեցաւ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներ Տմիթրի Մետվետեւի եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ Արմէն Արզումանեան տեղեկացուց, թէ հայկական կողմը գոհ է երկու նախագահներուն բանակցութիւններէն: «Մենք բաւարարուած ենք հանդիպման արդիւնքներով: Նախագահ Սարգսեանի փեթերսպուրկեան բանակցութիւնների ընթացքում ձեռք է բերուել պայմանաւորուածութիւն՝ Հայաստան մատակարարուող կազի սակագնի վերաբերեալ:
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Հանրային կապի յանձնախմբի համադրութեամբ, Շաբաթ, Փետրուարի 19ին տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար՝ Հայ Օգնութեան Միութեան կենտրոնատեղիի ժողովասրահում:
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին, Ուաշինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին առնչուող հարցումներու։
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ռամիզ Մեհտիեւի եւ իշխանութեան պահուստային թեւը համարուող Փաշաեւներու միջեւ ծագած է հակամարտութիւն մը, որ ըստ «Ազատլիք»ի հասած տեղեկութիւններուն, կապուած է Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ՝ Փաշաեւներու ցուցաբերած դիրքորոշման հետ, որ կը տարբերի Ռ. Մեհտիեւի դիրքորոշումէն:
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Թուրքիոյ Պետութիւնը Պատրիարքարանի Բռնագրաւուած Կալուածներէն Հազիւ Հինգ Առ Հարիւրը Վերադարձուցած Է
February 25th, 2011
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
February 25th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Պատկերաւոր Լուրեր, Սիւնակներ | Read More »
«Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Գտնի Համագործակցութեան Այլ Մոդել», Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
February 25th, 2011
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին, Ուաշինկթընի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրին առնչուող հարցումներու։
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Քրաուլի վստահեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները կը շարունակեն աշխատանք տանիլ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով՝ միաժամանակ փորձելով արագացնել բանակցութեանց գործընթացը:
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ եւ Հանրային կապի յանձնախմբի համդրութեամբ, Շաբաթ, Փետրուարի 19ին տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար` Հայ օգնութեան միութեան կենտրոնատեղիի ժողովասրահում:
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Անցեալ Ուրբաթ, 18 Փետրուարին, Նորթ Վալիի մէջ հազիւ մէկ ու կէս տարի առաջ ճամբայ ելած ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան շուրջ հաւաքուած երկու հարիւրի հասնող համակիրներ, Կլենտէյլի «Ֆինիսիա» ճաշարանին մէջ երկու հարիւր հազար տոլար հանգանակելով՝ շօշափելի հիմքեր ստեղծեցին այդ նոր կազմաւորուած շրջանը Հայ կեդրոնով մը օժտելու համար:
February 25th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին, Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ անցեալ շաբթուան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով անգործութեան ապահովագրութենէ նպաստ ստանալու դիմում կատարողներուն թիւը նուազած է 22,000ով՝ իջնելով 391,000ի: Աւելի յատկանշական է այն տուեալը, թէ այս թիւին չորս շաբաթեայ միջինը, որ աւելի կայուն տուեալ մը կը նկատուի, իջած է 402,000ի, ինչ որ Յուլիս 2008էն ի վեր ամենացած մակարդակն է:
February 24th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ բոլոր կուսակցութիւններու խմբակցութիւններուն, Երեքշաբթի, Փետրուար 22ին բաժնուեցած է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հայկական արմատներուն մասին պատմող գիրք մը։ «Միլլիյէթ»ի համաձայն, «Տերսիմցի Տիկին Եմուշի Քեմալ» խորագրեալ գիրքը բաժնուած է զայն տպագրած հրատարակչատան կողմէ։ Քըլըճտարօղլու վրդովմունք յայտնած է այս կապակցութեամբ՝ մեղադրելով
February 24th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի հաւատարիմ ուժերը Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին հակայարձակումի մը դիմեցին առնուազն երկու քաղաքներու վրայ, որոնք ըմբոստներու հակակշիռին տակ կը գտնուին, եւ տասնեակներով զոհեր պատճառեցին: Ընդդիմութիւնը արդէն իսկ գրաւած է արեւելեան Լիպիոյ գլխաւոր կեդրոնները, ներառեալ՝ շրջանային մայրաքաղաք Պենկազին, եւ ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, արեւմտեան Լիպիոյ կարեւոր քաղաքներէն Միսրաթա եւ Զուարա ամբողջութեամբ կը գտնուին ընդդիմութեան հակակշիռին տակ:
February 24th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, թէ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ պատասխանած է Միջին Արեւելքը կլանած իրադարձութեանց մասին հարցումներու՝ ըսելով, թէ իրավիճակը շատ ծանր է, ու ծայրայեղականները իշխանութեան գլուխ կրնան անցնիլ։ Ան ընդգծած է, որ այս դէպքերը «ուղղակի ազդեցութիւն» պիտի ունենան Ռուսիոյ վրայ։ «Խօսքը տասնամեակներու հեռանկարի մասին է», աւելցուցած է ան:
February 24th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ հաղորդագրութեամբ մը ապահովական ուժերուն հրամայեց պաշտպանել իր 32ամեայ իշխանութեան վերջ տալ փորձող ցուցարարները։ Ուաշինկթընի մէջ Եմէնի մամլոյ կցորդին կողմէ Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին տարածուած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ, թէ կառավարութիւնը «պիտի շարունակէ պաշտպանել խաղաղ հաւաքներ կատարելու եւ ազատ խօսքի իրաւունքները»:
February 24th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Տեղական ինքնակառավարման (SF) լրագրողի ակումբը Փետրուար 23ին յայտարարեց «Տի Գրիչ 2010» լրագրողական մրցանակակիրներուն անունները: «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ հրապարակած իր գրութիւններուն համար, Մարգարիտ Եսայեանի շնորհուեցաւ «Տի Ռեբորթաժ 2010», «Երկիր Մետիա» ընկերութեան՝ «Տի համայնապատկեր», լրագրող Ազգանոյշ Բարումեանին՝ «Տի ֆիլմաշար 2010», «Հ2» ընկերութեան լրագրող Քրիստինէ Կարսլեանին՝ «Տի մեկնաբան 2010», իսկ Թագուհի Թովմասեանին՝ «Արդիւնաւէտ արձագանգ» անուանակարգերու մրցանակները:
February 24th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Տիգրան Արզաքանցեան դատի կանչած է «Երկիր» օրաթերթը: Ան կը պահանջէ հերքել օրաթերթի Յունուար 13ի թիւին մէջ «131 դէմք ու դիմակ» խորագիրով իր մասին տպագրուած յօդուածը:
Պատգամաւորը նաեւ կը պահանջէ 3.8 միլիոն դրամի փոխհատուցում. 3 միլիոն դրամը՝ վիրաւորանքի եւ զրպարտութեան միջոցով հասցուած վնասին, 500 հազարը՝ փաստաբանական, իսկ 68 հազարը՝ դատական ծախսերու համար:
February 24th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Հայկ Դեմոյեանի տեղեկութիւններով, Փետրուար 24ին, ատրպեճանական մամուլին մէջ «ba-ku.am» կայքի ստեղծման առիթով արդէն իսկ հրապարակուած են բաւական սուր քննադատութիւններ:
February 24th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Սումգայիթի ջարդերը Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նախօրօք ծրագրուած էին: Այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս բարձրաձայնեցին ջարդերուն ականատեսները:
Ռոման Թովմասեան, որ 1988ի սումգայիթեան ջարդերուն ժամանակ ընդամէնը հինգ տարեկան էր, յիշեց, թէ ինչպէ՛ս սպաննուած են իր ընտանիքին տղամարդիկը:
February 24th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Փետրուար 22ին, Նիւ Եորքի մէջ իր աշխատանքին սկսած ՄԱԿի Կանանց կարգավիճակի յանձնաժողովի (ԿԿՅ) 55րդ նստաշրջանին կը նախագահէ ՄԱԿի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան:
Այս խորհրդաժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
February 24th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Cosmopolitan»ի ներկայացուցիչները յայտարարած են, թէ գալիք ամիս լոյս պիտի տեսնէ կանանց նուիրուած հանրայայտ այս ամսագիրին հայերէն տարբերակը, որ պիտի թողարկուի 5000 օրինակով։
Ամսագիրի հայերէն տարբերակի գլխաւոր էջին պիտի զետեղուի Քիմ Քարտաշեանի լուսանկարը։
Hearst Magazines International-ի գործադիր տնօրէն Տունքան Էտուըրտզ համոզուած է, որ «հայ կանայք պիտի հաւնին Cosmo-ն»:
February 24th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յունուարի 23ի երեկոյեան, «Գլենդէյլ Հայսքուլ»ի դահլիճը ողողուած էր արուեստասէր հասարակութեամբ, որ եկել էր դիտելու Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ առաջին անգամ իրականացուող բացառիկ մի ձեռնարկ՝ «Համազգայինի Պարախմբերի Փառատօն»ը:
Շրջանային վարչութեան կեանքի կոչած կազմակերպիչ յանձնախմբի ջանքերով իրականացած երեկոյին իրենց ելոյթներով մասնակցում էին Համազգայինի «Անի» պարախումբը, Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի», Օրենճ Քաունթիի «Սիամանթօ» մասնաճիւղի «Երազ» եւ Փասադինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի «Լոռի» պարախմբերը: Ձեռնարկը վայելում էր Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի բարձր հովանաւորութիւնը:
February 24th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կիրակի, Փետրուար 13ին, Հայց. առաքելական եկեղեցին յատուկ արարողութիւններով ու աւանդական խարոյկի հրավառումով նշեց Յիսուսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը։ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ եւս կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի յատուկ արարողութիւն, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ մանուկներու սուրբ խորանի ընծայման արարողութիւն։ Նաեւ հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը՝ եկեղեցւոյ չորս անկիւններէն օրհնելով աշխարհի չորս անկիւնները, Հայոց հայրապետութիւնն ու հանրապետութիւնը, քրիստոնեայ ղեկավարութիւնները, երկրի անդաստաններն ու բերքերը, պտղաբերութիւնը, վանքերը, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց մէջ բնակող բոլոր մարդիկը։ Համաձայն տարիներու աւանդութեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեանց եւ ուղղեց օրուան պատգամը։ Ներկայ էին հոգեւորականաց դասու անդամներ, ժողովականութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան ու սկաուտական խորհուրդի անդամներ, սկաուտներ, արենոյշներ ու եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան անդամներ։
February 24th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ուրբաթ, Փետրուար 4ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հայ արհեստավարժներու միութեան 2011ի վարչութեան ներկայացումը՝ խումբ մը արհեստավարժներու, հիւրերու եւ պաշտօնատարներու ներկայութեամբ: Ձեռնարկին ընթացքին, նոր վարչութեան ատենապետ Շահան Մինասեան ներկայացուց յառաջիկայ տարուան ծրագիրը, միաժամանակ դրուատելով նախորդ ատենապետ Ստեփան Պաղպուտարեանի գլխաւորած՝ 2010ի վարչութեան աշխատանքը:
February 24th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Փետրուար 12ին, Ս. Անդրէաս Հայց. եկեղեցւոյ «Ամիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տարեկան ընդունելութիւնը, որուն նախագահեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան: Ձեռնարկի ընթացքին յատուկ պատիւի արժանացան Զ. Վիքթըր եւ Մերիըն Վ. Փափարիկեան բարեսիրական հիմնարկութիւնն ու Փափարիկեան ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Ատոմ Մութաֆեան եւ Հիլտա Չերեկճեան: Սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց վերոյիշեալ բարեսիրական հիմնարկութեան եւ պատիւի արժանացողներուն, որոնք օգտակար ծառայութիւն կը մատուցանեն:
February 24th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Փետրուար 18-20ին, Ուոթըրթաունի (Մեսեչուսեց) Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի «Շիրակեան» շրջանը կատարեց իր 114րդ շրջանային ժողովը:
Օրակարգի վրայ էին յատկապէս վերջին երկու տարիներու ընթացքին շրջանը յուզող հարցեր: Քննարկուեցան ներքին կազմակերպական, Հայ Դատի, ազգային, քարոզչական եւ տնտեսական բնագաւառներէ ներս զանազան հարցեր, ապա կատարուեցան եւ բանաձեւուեցան շինիչ առաջարկներ: Ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:
February 24th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանն այսօր ընդունել է «Ֆորչիւն Օյլ» ընկերութեան պատուիրակութեանը ընկերութեան գործադիր փոխնախագահ Դանիէլ Չիւի գլխաւորութեամբ: Հանդիպմանը ներկայ է եղել նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնում ՉԺՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Չանգ Չուն»: Սա հատուած է կառավարութեան Փետրուարի 23ի տարածած հաղորդագրութիւնից:
February 24th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
«Մահկանացու ծնեալ, զանմահ զիւրն յիշատակ եթող»
Քաջերը մահ չունին։ Բոլորը կը վախնան քաջէն, անգամ մահը կը սոսկայ անկէ եւ զինք կը գտնէ դարանակալ։
Նմանօրինակ քաջերէն մէկը եղաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Իշխան՝ պրն. Վիգէն Շաղզոյեանը։
February 24th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Ըստ անկրկնելի Պարոյր Սեւակի պատկերաւոր բնութագրման՝
«Մարդ կայ՝ ելել է շալակն աշխարհի, Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում»:
Կասկածէ դուրս է, որ հաւաքուած ենք հոս յարգանքի մեր տուրքը մատուցանելու մարդու մը, որ «աշխարհն էր շալակած տանում»: Այդ մարդը ինքզինք կը կոչէր Նուպար Մխսի Գէորգեան: Երբ մտերմիկ զրոյցի մը ընթացքին հարց տուի իրեն, թէ ինչո՞ւ սա հնաբոյր «մխսի»ն կը գործածէր, երբ Գէորգեանը ինքնին հնչեղ էր, հայաբոյր եւ արդիական: Իր պատասխանը եղաւ. «Գէորգեանը արդի մարդն է՝ իր ներկայի պատկերացումով, մինչ «մխսի»ն, ամբողջ հերոսական անցեալի մը, ազգագրական աւանդութեան մը, ծննդավայրի եւ տոհմագրութեան խորհրդանիշն է ինծի համար: Պատուոյ տիտղո՛ս մը: Առանց ատոր, ես զիս պարպուած կը զգամ տոհմիկ անցեալէս»:
February 24th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Ամերիկայի տարածքին շարժում մը սկսած է խմորուելու՝ ետ դարձնելու համար ժամանակի անիւները ու քայլ առ քայլ, աստիճան առ աստիճան ոչնչացնելու համար այն, որ ահագին զոհողութիւններու, պայքարի ու աշխատանքի շնորհիւ ապահովուած է՝ աշխատաւորական արհեստակցական միութեանց գոյութիւնը:
Ահազանգող առաջին իրադարձութեան թատերաբեմը Ուիսքանսըն նահանգն է, որուն կառավարիչին
February 24th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան ընդունելութիւններու սրահին մէջ, Փետրուար 22ին տեղի ունեցած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան անդամ, նոյն տան Հայանպաստ խումբի հիմնադիր համանախագահ Ֆրենք Փալոնի գործունէութեան 15 ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին անոր յանձնուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շնորհուած Պատուոյ շքանշանը:
February 24th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵԱՀԿի նախագահ՝ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Օտրոնիոս Ազուպալիս Հինգշաբթի, Փետրուար 24ին մտահոգութիւն յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ աճող լարուածութիւնը կրնայ կացութիւնը վատթարացնել շրջանին մէջ:
Ան աւելցուց, թէ այս եզրակացութեան հասած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն հետ իր հանդիպումէն ետք, եւ մտահոգիոչ համարեց այն իրողութիւնը, որ երկու կողմերը իրարմէ բաժնող սահմանին վրայ աւելի յաճախակի դարձած բախումներ տեղի կ՛ունենան ու զոհեր կ՛արձանագրուին
February 24th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԱՄՆ Ծերակոյտի Հայաստանի աջակցութեան խումբը, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանատան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարին (ԱՀՀ) հետ համագործակցաբար, Փետրուար 28ին պիտի ոգեկոչէ Սումգայիթի (1988) եւ Պաքուի (1990) ջարդերուն ընթացքին զոհուածներուն յիշատակը:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ ԱՄՆ Ծերակոյտի Cannon House-ին մէջ:
February 24th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Հայաստանի մէջ արաբական աշխարհի բողոքի ալիքին կրկնութիւնը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան անհաւանական չի համարեր:
«Բոլոր նրանք, ովքեր իրենք իրենց քնեցնելու եւ հանգստացնելու փորձեր են անում՝ ասելով, թէ Հայաստանում սոցիալական ապստամբութիւն հնարաւոր չէ, Հայաստանում ժողովուրդն այնքան բարձր մակարդակի վրայ է, որ միայն քաղաքական ուղղութիւնների է հետեւում եւ այլն,
February 24th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵԽԽՎի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի նախաձեռնութեամբ վերականգնած՝ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ենթայանձնաժողովին նախագահը՝ 37ամեայ պատգամաւոր Խորտի Քսուգլա ի Գոսթան, Փետրուար 24ին, «ՓանԱրմինիըն»ի տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ձգձգուած հակամարտութեան հարցով, ինք՝ իբրեւ միջնորդ, պիտի ցուցաբերէ անաչառ եւ մասնագիտական մօտեցում, քանի որ ան չի ներկայացներ շահագրգիռ կողմերէն մէկը: Ըստ անոր, ԵԽԽՎի մէջ հաւանաբար կան խորհրդարանի շատ այլ անդամներ, որոնք
February 24th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Փետրուար 16ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հանրային դիւանագիտութեան կեդրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թանը՝ «Հանրային դիւանագիտութիւն. թրքական փորձը» թեմայով:
February 24th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազաֆիի հաւատարիմ զինեալ ուժեր մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ Չորեքշաբթի, Փետրուար 23ին, անգամ մը եւս բռնի ուժի դիմեցին՝ կասեցնելու համար հակակառավարական ցոյց մը, սակայն Քազաֆիի վարչակազմին շուրջ օղակը շարունակեց աւելի սեղմուիլ, երբ այլ քաղաքներ սկսան ընդդիմութեան հակակշիռին տակ իյնալ, ու երկրի արեւելեան մասը վերահսկող ըմբոստութիւնը մայրաքաղաքին մօտեցաւ։
February 23rd, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Չորեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէ, Խոջալուի «ցեղասպանութեան» կապակցութեամբ ուղերձով մը դիմած է միջազգային հանրութեան, պնդելով, որ Հայաստանի զինուորական ուժերուն կողմէ կատարուած այս «ցեղասպանութիւնը» պէտք է դատապարտուի: Ան միաժամանակ յոյս կը յայտնէ, որ իր ուղերձը «կը բարձրացնէ մարդոց մօտ պատասխանատուութեան զգացումը»:
February 23rd, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Չորեքշաբթի, Փետրուար 23ին, Ուիսքանսընի նահանգապետ Սքաթ Ուոքըր նեղ կացութեան մատնուեցաւ, երբ Նիւ Եորքէն մէկը, ինքզինք իբրեւ իր աջակիցներէն՝ միլիառատէր Տէյվիտ Քոչը ներկայացնելով՝ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին բացայայտած է, թէ նահանգապետը կը փորձէ նահանգի աշխատաւորական միութիւնները անդամալուծել: Հանրապետական նահանգապետին՝ նահանգային խորհրդարան ներկայացուցած մէկ բանաձեւը բողոքի ցոյցեր պատճառած է նահանգին մէջ, իսկ խորհրդարանի դեմոկրատ անդամները այդ բանաձեւը ձախողեցնելու համար, զանազան միջոցառումներու կը դիմեն:
February 23rd, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Առնուազն հարիւր քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումէն ետք, Պահրէյնի սիւննի կառավարութեան հակառակորդները Չորեքշաբթի, Փետրուար 23ին, քայլարշաւ մը կատարեցին դէպի մայրաքաղաք Մանամայի կեդրոնական հրապարակը։ Ազատ արձակուած քաղաքական բանտարկեալներու շարքին էին 25 շիի գործիչներ, որոնք 2010էն ի վեր կը դատուէին պետութեան դէմ դաւ լարելու յանցանքին համար։ Անոնց ազատ արձակումը շիի ընդդիմութեան գլխաւոր պահանջներէն մէկն էր։ Պահրէյնի իշխանութիւնները յայտնեցին, որ 308 քաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակուած են, սակայն Պահրէյնի մարդկային իրաւանց կեդրոնի պատասխանատու մը յայտնեց, թէ անոնցմէ միայն 100ը քաղաքական բանտարկեալներ են, իսկ 300 ուրիշներ բանտարկուած կը մնան։
February 23rd, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Փետրուար 25ին Թուրքիա պիտի այցելէ, միայն հինգ ժամուան համար։ Ըստ «Վաթան»ի, բարձրաստիճան թուրք դիւանագէտ մը ըսած է. «Մենք կ՛ուզէինք, որ Սարքոզի աւելի երկար հիւրընկալուէր Թուրքիոյ մէջ, սակայն ան մերժեց»։ Սարքոզիի այցելութեան ընթացքին, այլ հարցերու կողքին, պիտի քննուի նաեւ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սարքոզի դէմ է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին:
- Եմէնի խորհրդարանի 7 անդամներ Չորեքշաբթի օր հրաժարեցան իրենց պաշտօնէն, իբրեւ բողոք՝ ցուցարարներուն դէմ կիրարկուող բռնարարքներուն։ Մինչ հազարաւոր ցուցարարներ անգամ մը եւս հաւաքուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակը, Եմէնի մէջ ցոյցերու ընթացքին սպաննուածներուն թիւը 13ի հասաւ Չորեքշաբթի օր, երբ անցեալ շաբաթ վիրաւորուած 19ամեայ երիտասարդ մը մահացաւ:
February 23rd, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Փետրուար 23ին հանդիպած է երկրի փրկարար ծառայութեան ղեկավար անձնակազմին հետ եւ քննարկած՝ այդ գերատեսչութեան գործունէութեան արդիւնքներն ու ընթացիկ տարուան ընելիքները:
Հանդիպման ընթացքին զեկոյցներ ներկայացուցած են փրկարար ծառայութեան տնօրէն Արթուր Յարութիւնեանն ու կառոյցի պատասխանատու աշխատողները:
February 23rd, 2011
| Posted in Արցախ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանին մէջ պիտի ընտրուի նոր տնօրէն մը. սոյն պաշտօնին միակ թեկնածուն է վերջերս ժամանակաւորապէս համալսարանին ղեկավարութիւնը ստանձնած Ռուբէն Միրզախանեանը:
February 23rd, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունած է չինական Fortune Oil ընկերութեան պատուիրակութիւնը՝ գործադիր փոխնախագահ Տանիէլ Չիւի գլխաւորութեամբ: Չինական ընկերութեան ներկայացուցիչները վարչապետին հաղորդած են, որ կը պատրաստուին Հայաստանի մէջ երկու փուլով շուրջ 500 միլիոն տոլարի ներդրում կատարել:
February 23rd, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Փետրուար 23ին ընդունած է ՄԱԿի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) եւ Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչները ու անոնց հետ քննարկած երեխաներու պաշտպանութեան դաշտին վրայ իրականացուող բարեփոխումները:
Կողմերը մասնաւորապէս անդրադարձած են Հայաստանի մէջ երեխաներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս տիրող իրավիճակին, գերակայութիւններուն եւ առանցքային գործօններուն:
February 23rd, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յայտնի դերասանուհի, հեղինակ ու բեմադրիչ Մերի Ափիկի «Beneath The Vail» թատերական ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 11ին, երեկոյեան ժամը 8ին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Ափիկ քանի մը դերեր կը խաղայ այս գործին մէջ, իսկ գլխաւոր հերոսը լրագրողուհի է, որ կ՛ուսումնասիրէ Միջին Արեւելքի կանանց հարցերը:
February 23rd, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հարաւային Քալիֆորնիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւի միութեան (RTNA) տարեկան մրցանակաբաշխութեան արարողութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Յունուար 22ին, լրագրող Փիթըր Մսըրլեան ստացած է կազմակերպութեան կողմէ շնորհուող 5 «Ոսկեայ խօսափող» մրցանակներ: Միութեան 61ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով էր, որ լրագրող մը հինգ մրցանակներ կը ստանայ մէկ տարուան ընթացքին կատարած իր աշխատանքին համար: Ան նախորդ տարիներուն նոյն միութենէն երեք մրցանակ ստացած էր:
February 23rd, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան նոր աւանդութիւն հաստատած է՝ ամսական դրոյթով այցելութիւն շնորհելով հայ դպրոցներուն. իւրաքանչիւր այցելութիւն պիտի ունենայ իր յատուկ նիւթը: Փետրուար 7էն 10ի միջեւ, սրբազան հայրը այցելեց յաջորդաբար Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը, Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանը, Փասատինայի Ալֆրետ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան վարժարանը եւ Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանը:
February 23rd, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Արեւմտեան թեմին մէջ, տարիներու աւանդութիւն է խունկ ու աղօթքով յիշատակել Հայ Օգնութեան Միութեան ննջեցեալները։ Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, եւ ընդառաջելով ՀՕՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանային վարչութեան խնդրանքին՝ յառաջիկայ Կիրակի, Փետրուար 27ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի ՀՕՄի ննջեցեալ ծառայողներու հոգիներուն համար։
Ազգ. առաջնորդարանի դիւանը կոչ կ՛ընէ ժողովուրդին, որ աղօթքով միանայ նուիրեալ հայուհիներու յիշատակի այս արարողութեան։
February 23rd, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան գրական յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ (222 East Harvard St, Glendale CA 91205), Հինգշաբթի, Մարտ 3ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ: Ընթացքին տեղի պիտի ունենայ արձակագիր Ռ. Կորիւնի նորահրատարակուած «Արեւավառ Իմ Երկիր» հատորին շնորհահանդէսը: Բանաստեղծ Գրիշ Դաւթեան պիտի ներկայացնէ հատորին գրական արժեւորումը, իսկ ողջոյնի խօսքեր պիտի արտասանեն գրողներ æանիբեկ æանիբեկեան, Ներսէս Տէր Մեսրոպեան, Հենրիկ Անասեան, Գարուշ Հարեանց, Խորէն Արամունի եւ Յովսէփ Նալբանդեան: Երեկոյին նախագահն է գրող Պօղոս Գուբելեան:
February 23rd, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »