Home » April 30th, 2011Entries posted on “April, 2011”
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան մարզական խորհուրդը, գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, ամէն տարի Նոյեմբերէն մինչեւ յաջորդ տարուան Մարտ ամիսներուն, Քալիֆորնիոյ հայ աշակերտներուն համար կը կազմակերպէ մրցումներ (ՔԱՀԱՄ)՝ պասքեթպոլի, ոտնագնդակի (սաքըր), փինկ-փոնկի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլեթի եւ այլ մարզաձեւերու մէջ:
Անկասկած, որ այս մէկը իբրեւ գլխաւոր նպատակ կը հետապնդէ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան մէջ արմատացնել մրցակցութեան ոգին: Միաժամանակ, այս [...]
April 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Իսկապէս երաժշտական վայելքի բացառիկ երեկոյ մըն էր, Աւագ Շաբթուան նախօրեակին կայացած գեղարուեստական ձեռնարկը՝ հոգեւոր ու աշխարհիկ, հայերէն ու անգլերէն գործերու ճոխ յայտագիրով մը՝ ղեկավարութեամբ Հայ աւետարանական Գողգոթա եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, երաժշտագէտ, խմբավար եւ յօրինող, վեր. Ներսէս Պալապանեանի: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Ապրիլ 16ին, նշեալ եկեղեցւոյ մէջ, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, ներկայութեամբ աւելի քան 200 [...]
April 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
2011 տարեշրջանին, Ապրիլ 24ը ու Ս. Յարութեան տօնը իրարու զուգադիպելով՝ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի հանդիսութիւնները տեղի ունեցան Ս. Զատիկը կանխող՝ Շաբաթ եւ Երկուշաբթի (Մեռելոց) օրերուն ընթացքին:
ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ ԵՒ ԵՌԱԳՈՅՆ
ԴՐՕՇԱԿԻ ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» ուխտին, Շաբաթ, Ապրիլ 23ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը՝ մասնակցութեամբ ուխտի ընկեր-ընկերուհիներու, ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի սկաուտներու, շրջանիս ՀՅԴի ընկերներու, Ֆրեզնոյի համալսարանի հայկական [...]
April 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին մասնակցած «Շամլեան»էն 11 աշակերտներէն հինգը, Ապրիլ 16էն ընտրուած են մասնակցելու Քալիֆորնիոյ նահանգային գիտական մրցանքին, ինչ որ յատկանշական իրագործում մըն է, նկատի ունենալով, որ նահանգին 32 գաւառներէն հազարաւոր աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մրցանքին:
Նահանգային 60րդ գիտական մրցանքը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 2-3ին եւ անոր մասնակցելու իրաւունք ստացած «Շամլեան»ի աշակերտներն են՝ [...]
April 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն | Read More »
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Կազմակերպութեամբ Արարատ տան «Էսքիճեան» թանգարանին, Կիրակի, Մայիս 1ին, նոյն թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում մը լրագրող Արա Խաչիկ Մանուկեանի հետ, որ տեղեկութիւններ պիտի փոխանցէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող «Մեր յոյսը» բարեսիրական կազմակերպութեան մասին, որ կանանց եւ երեխաներու օժանդակութիւններ կը տրամադրէ:
Մանուկեան նաեւ մարդկային իրաւանց պաշտպան գործիչ մը ու Շահան Նաթալի ընտանիքի հիմնարկին [...]
April 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Հայաստանի Գեղարքունեաց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան պիտի այցելէ Արեւմտեան թեմ: Հիւր հոգեւորականը Կիրակի, Մայիս 1ին պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ: Պատարագի ընթացքին, առաջնորդը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով պիտի պարգեւատրէ թեմէն ներս երկարամեայ ծառայութիւն մատուցող տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանը: [...]
April 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՀՄԸՄ Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած կրտսերներու (10-15 տարեկան) 17րդ միջմասնաճիւղային պասքեթպոլի խաղերը տեղի ունեցան Շաբաթ եւ Կիրակի, Ապրիլ 2-3ին, քաղաքային համալսարանի դաշտերուն վրայ, մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի, Սան Ֆրանսիսքոյի եւ շրջանի 40 խումբերու եւ աւելի քան 450 մարզիկ-մարզկուհիներու:
Մարզիկներուն կ՛ընկերանային շրջանային վարչութեան մարզական յանձնախումբի եղբայրներ՝ դասաւորելու համար խաղերը, նաեւ շրջաններու պատասխանատուներ, ծնողներ եւ բարեկամներ, որոնք [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան վարչութիւնը, գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր Պահոց օրերուն հայրենակիցները մէկտեղել սեղաններու շուրջ, պահ մը ապրելու համար անցեալի զատկական յիշատակներով, միաժամանակ վայելելու Մուսա Լերան ժողովուրդին աւանդական ճաշերը՝ «խըտրը ապեր», «քամանը գըլէուր», «ձիթը բիկէյղ»ն ու «պանրը հէուց»ը, ինչպէս նաեւ «կարմեր հաւկութու կըրվանէյլ»:
Հաւկթամարտ-հաւաքաճաշը (փաթ-լաք) տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 15ի երեկոյեան, ժամը 6ին, Հայ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը կանխող Աւագ Շաբաթը իր լրումին կը հասնի Աստուածորդւոյն թաղման ու Ս. Յարութեան տօնի նուիրուած արարողութիւններով, որոնց շարքին է Շաբաթ երեկոյ տեղի ունեցող Ճրագալոյցի արարողութիւնը եւ Ս. պատարագը, որուն աւարտին, հաւատացեալները կը ստանան յարութեան աւետիսը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, Ապրիլ 22ի երեկոյեան, Թաղման կարգի արարողութեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ներկայութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Ապրիլ 2ին դրամահաւաքի ընթրիք մը տեղի ունեցած է Խորէն եւ Քեթի Քասարճեաններու բնակարանին մէջ, ի նպաստ Սան Տիէկոյի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիին, որուն համար նոր հողատարածք մը գնուած էր 2008ին:
Ընթրիքին ընթացքին կարելի եղած է 60,000 տոլար եւս հաւաքել՝ ցարդ հաւաքուած գումարը հասցնելով 360,000 տոլարի:
Ընթրիքին հանդիսավարն էր Սոլանա քաղաքի փոխքաղաքապետ Ճօ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայաստանի ծառատունկ ծրագիրի (Armenia Tree Project) գործադիր վարիչ Տեֆ Մասսարճեան ու անոր տեղակալը՝ Ճէյսըն Սոհիկեան, Մարտ ամսուան ընթացքին Հարաւային Քալիֆորնիա այցելած են, ծրագիրը ծանօթացնելու եւ դրամահաւաք կատարելու նպատակով:
Մարտ 13ին, Տէյվիտ եւ Մարկրիթ Մկրուպլեաններու տան մէջ տեղի ունեցած է հիւրասիրութիւն մը, որուն մասնակցած են 40 համակիրներ, որոնց տեղեկութիւններ փոխանցուած է 1994էն ի վեր գործող սոյն կազմակերպութեան [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, Ապրիլ 19ին, Պըրպենքի քաղաքապետութեան կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցը նշող հռչակագիրի ընթերցման արարողութենէն ետք, անկէ օրինակ մը յանձնուած է Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ժագլին Խոտապախշին: Բանաձեւը կարդացած է Պըրպենքի քաղաքապետ Անիա Ռէյնքէն:
Նիստի ընթացքին ելոյթ ունեցած են Հայ Դատի յանձնախումբէն Կայծակ Շահպազեան, Ժագլին Խոտապախշ ու [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ,– «Արեւմտահայ գրականութիւնն իմ կեանքն է», ըսած է արեւմտահայ գրող Յակոբ Օշականը (Յակոբ Քիւֆէճեան), որուն գրական կեանքի շարք մը հարցերուն անդրադառնալու, ստեղծագործութիւնները գրականագիտական արդի չափանիշներով գնահատելու համար Ապրիլ 28ին Երեւանի Պետական համալսարանին (ԵՊՀ) մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով:
Գիտաժողովին կը մասնակցէին գրականագէտներ Գրիգոր Պըլտեան, Մարք Նշանեան, Պօղոս Սնապեան, Կիմ Աղաբեկեան, Հրաչ Սարիբէկեան եւ այլք:
Համազգային հայ կրթական եւ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ապրիլ 29ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) պատմութեան բաժնի տնօրէն Էդիկ Մինասեան եւ Թաթուլ Կրպէյեանի քոյրը՝ Ռուզաննա Կրպէյեան, յուշեր պատմեցին Ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէյեանի մասին, որուն մահուան 20րդ տարելիցը կը լրանայ այսօր։
Ռուզաննա Կրպէեան պատմեց, որ պատերազմ երթալու որոշումը Թաթուլ կայացուցած էր իր մօրմէն գաղտնի, եւ քրոջ խնդրած էր այդ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Uncategorized | Read More »
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Իշխանութիւնները կատարել են Կոնգրեսի երեք պահանջներից երկուսը, եւ չեմ կասկածում, որ Մայիսի ընթացքում կը բաւարարեն նաեւ երրորդը՝ վերջապէս ազատ արձակելով դեռեւս բանտերում գտնուող քաղբանտարկեալներին: Այդպիսով հնարաւորութիւն է ստեղծուելու երկխօսելու, բանակցելու, առաջիկայ ընտրութիւնների մասին պայմանաւորուելու:
Կան բազմաթիւ գործիչներ, մեկնաբաններ եւ պարզ քաղաքացիներ, ովքեր այդ ամէնի մասին խօսում են յանդիմանական շեշտերով՝ մեղադրելով ՀԱԿին «անսկզբունքայնութեան» մէջ: Ճիշդն ասած, [...]
April 29th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՀՐԱՊԱՐԱԿ»Ի
Զարմանալի բաներ են կատարւում Հայաստան աշխարհում: Երէկ (Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլին) Սերժ Սարգսեանը յայտարարել է, որ յանձնարարել է արդարադատութեան նախարարին՝ հանդէս գալ առաջարկութիւններով: Խօսքն անշուշտ քաղբանտարկեալներին ազատ արձակելու մասին է:
Փոխզիջումների գնալու, հասարակական կարծիքն ու ցանկութիւնները հաշուի առնելու, քաղաքական հակառակորդների տեսակէտը լսելու եւ ընդառաջելու փոքրիկ քայլեր ենք նկատում ե՛ւ իշխանութեան, ե՛ւ ընդդիմութեան կողմից: Գուցէ իսկապէ՞ս սկսուել [...]
April 29th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Հայոց Ցեղասպանութեան 96ամեակի նշումը իրադրային կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնական կէտով մը կը յատկանշուի: Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն մակարդակով յայտարարուած է նախապատրաստութիւն Ցեղասպանութեան 100ամեակի նշումին:
Համապետական մօտեցում է յայտարարուածը, համահայկական բովանդակութեամբ եւ համազգային ներկայացուցչութեամբ՝ Հայաստան Լեռնային Ղարաբաղ-Սփիւռք եռամիասնութեան ձեւաչափի առաւելագոյն նկատառումով:
100ամեակի յանձնախումբին գործառոյթները իրենց մանրամասնութիւններով չեն բանաձեւուած անշուշտ, այսուհանդերձ աշխատանքի ընդհանուր ուղղուածութիւնը յստակ է: Գործառոյթներու յստակացումէն առաջ սակայն, [...]
April 29th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ի յետմիջօրէին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, թէ որոշած է իր պաշտօնէն հեռացող պաշտպանութեան նախարար Ռապըրթ Կէյցի փոխարէն նշանակել «Սի.Այ.Էյ.»ի տնօրէն Լիոն Փընեթան, որուն փոխարէն, գաղտնի սպասարկութեան ղեկը պիտի ստանձնէ զօր. Տէյվիտ Փըթրէըս, որ առաջնորդած էր Իրաքի ու Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան գործողութիւնները:
Նաեւ, Օպամա Աֆղանիստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան նշանակեց Ռայըն Քրաքըրը:
Շատ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԵՆԿԱԶԻ, «Ռոյթըրզ».- Քազաֆիի ուժերը Ուրբաթ, Ապրիլ 29ին մուտք գործեցին Լիպիոյ սահմանակից Թունուզի Զուպէյպա քաղաքը, երբ կը հալածէին լիպիացի ըմբոստներ։ Ի տես իր երկրի սահմանի բռնաբարման, թունուզեան բանակը միջամտեց եւ քաղաքի կեդրոնին մէջ Քազաֆիի ուժերուն հետ բուռն բախումներէ ետք, զանոնք ետ մղեց դէպի Լիպիա։ Բախումներուն ընթացքին «քանի մը» զոհ արձանագրուած է եւ վիրաւորուած են 12 ուրիշներ:
Թունուզի [...]
April 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ Ուրբաթ օր սպառնաց չստորագրել Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի առաջադրած Եմէնի տագնապի լուծման ծրագիրը՝ Քաթարը ամբաստանելով Եմէնի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ ամբողջ արաբական աշխարհի մէջ քաոսային վիճակ սերմանելու յանցանքով։ Ան նշեց, որ Քաթար ներկայ պէտք չէ ըլլայ ստորագրութեան արարողութեան։ Սալեհ նաեւ ամբաստանեց Եմէնի ընդդիմութիւնը, յայտնելով, որ անիկա կ՛ուզէ ծրագիրէն առնել միայն այն, [...]
April 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ոսկու տենդը պատել է աշխարհը: Անհատներն ու ներդրող խմբերը կատաղի վազքի մէջ ընկած ոսկի են գնում, իսկ ոսկու տենդի հետ կապուած պատմութիւնները յիշեցնում են միջնադարեան հեքիաթները: Բայց մի բնագաւառ կարծես ամէնից շատն է տուժում: Խօսքը նոր ամուսնացողներին է վերաբերում:
Այսօր ապագայ ամուսիններից շատ շատերը պարզապէս չեն կարողանայ իրար ոսկեղէն նուէրներ մատուցել, չէ՞ որ ոսկու մէկ ունցիայի [...]
April 29th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակուած «Տաճար»(1) կրօնական շաբաթաթերթի մատենագիտութիւնը կատարած միջոցիս, 1994 տարուան ընթացքին, պատահաբար հանդիպած էի Ներսէս եպս. Դանիէլեանի(2) ստորագրութեամբ «Սուինահար Մաշտոցը»(3) վերնագրուած սրտառուչ յօդուածին:
Վերոյիշեալ յօդուածը կարդալով, ատենին զայն ընդունած էի իբրեւ բարբարոս թուրքին խժդժութիւնները ներկայացնող յաւելեալ պատկեր, եւ 1915ի անոր արիւնարբուի ախորժակներէն դեռ վեց տարիներ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ակամայ, յանկարծակի եւ սաստիկ կծկումով թոքերու օդի արտահանումը դէպի բերան եւ քիթ կը կոչուի փռնգտալ (sneez):
Փռնգտալով կ՛արտադրուի ձայն մը, որ կը կոչուի փռնգտուք (sneezing): Բոլոր լեզուներու մէջ փռնգտուքը ունի յատկանշական ձայնարկութիւններ, այսպէս՝ աչու, ապչու, ադչու, հափչու:
Փռնգտալու հոմանիշներ կամ գոյականներն են՝ փռնգտոց, փռնգտուք:
Քունի մէջ մարդ ընդհանրապէս չի փռնգտար:
Փռնգտուքի ուժգնութիւնը եւ փռնգտալու թիւը, յաճախականութիւնը ու [...]
April 29th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Նոր եղանակին հետ նոր շունչով ու եռանդով տոգորուած ամրապնդեցէք ձեր արտաքին տեսքին հանդէպ ունեցած ինքնավստահութիւնը:
Ձեր ատամներուն տեսքը նուազ քան կատարեալ է: Ձեր դէմքին վրայ կը նկատէք մէկ կամ երկու թեթեւ կնճիռ: Հոգ չէ: Մոռցէք այդ թերու-թիւնները ու սիրեցէք ձեր տեսքը:
Հետեւեցէք հետեւեալ պարզ միջոցներուն:
1- Սերտեցէք գեղեցկութեան տիպարները: Ոչ անպայման անոնց նմանելու համար, սակայն նկատեցէք [...]
April 29th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
April 29th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
Իշխանութեան եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի երկխօսութիւնը արժեւորելու ընթացքին առաջին եւ հիմնական հարցը, զոր կը դիմագրաւենք, այն է, որ այս երկխօսութիւնը առաջին հերթին նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրինականութեան շուրջ վէճը դուրս կը բերէ քաղաքական պայքարի օրակարգէն, իրեն հետ պայքարի լեզուն բարեկրթելով ու քաղաքակիրթ դիմագիծ մը տալով մինչեւ վերջերս արմատական ընդդիմութիւն ըլլալու պատիւը մէկուն հետ չբաժնելու տրամադրուած ՀԱԿին:
April 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Իշխանութեան եւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի երկխօսութիւնը արժեւորելու ընթացքին առաջին եւ հիմնական հարցը, զոր կը դիմագրաւենք, այն է, որ այս երկխօսութիւնը առաջին հերթին նախագահ Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան օրինականութեան շուրջ վէճը դուրս կը բերէ քաղաքական պայքարի օրակարգէն, իրեն հետ պայքարի լեզուն բարեկրթելով ու քաղաքակիրթ դիմագիծ մը տալով մինչեւ վերջերս արմատական ընդդիմութիւն ըլլալու պատիւը մէկուն հետ չբաժնելու տրամադրուած ՀԱԿին:
April 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շրջանի հայութեան բաբախուն սիրտը դառնալու կոչուած Փասատինայի Հայ կեդրոնը կը պատրաստուի իր բացման շքեղ հանդիսութեան: Մինչ այդ, կեդրոնի պատասխանատուները ձեռնարկած են շէնքի շրջափակի կանաչապատման ծրագիրի մը:
Շրջանի ՀՅԴ «Լեռնավայր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Մանուկ Չուխաճեան անկեղծօրէն յայտնեց, որ նախապէս մտադրած էին մասնագէտ ընկերութեան մը յանձնել կեդրոնի տարածքին վրայ ծառեր տնկելու աշխատանքը:
«Հարցը քննելու ատեն, մեր մօտ յառաջացաւ կամաւորներու [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի սահմանին վրայ, երէկ, ատրպէյճանցի դիպուկահարներու արձակած կրակէն զոհուած են 2 զինուորներ: Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, նահատակներէն մէկը գնդապետ է, միւսը՝ ենթասպայ: Կայ նաեւ մէկ վիրաւոր:
Ստորեւ՝ այդ հաղորդագրութեան բնագիրը.
«Վերջին շրջանում Ադրբեջանի զինուած ուժերի կողմից շփման գծի ողջ երկարութեամբ ծաւալած նախայարձակ գործողութիւնները, որոնք հիմնականում իրականացւում են դիպուկահար զինատեսակներից, մէկ անգամ եւս փաստում են այն իրողութիւնը, որ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՍԵՆԹ ԼՈՒԻՍ.- Աւարտած է ԱՄՆի ճատրակի կանանց առաջնութիւնը, որուն կը մասնակցէր Տաթեւ Աբրահամեան: Ոսկէ մետալի համար լրացուցիչ մրցամարտին՝ Տաթեւը կը մրցէր Աննա Զադօնսգիխի հետ: Լրացուցիչ առաջին խաղին յաղթեց Զադօնսգիխը, երկրորդին՝ Աբրահամեանը հաւասարեցուց հաշիւը 2:2: Նշանակուեցաւ եւս մէկ, «մահուան խաղ», որ աւարտեցաւ ոչ-ոքի:
Քանի որ սպիտակներով կը խաղար Տաթեւը, ԱՄՆի ախոյեանուհի հռչակուեցաւ անոր մրցակիցը: Աբրահամեանին շնորհուեցաւ արծաթէ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու միջազգային կրօնական ազատութեանց յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած նոր տեղեկագիրին մէջ, Թուրքիա դարձեալ կը յիշուի այն երկիրներու կարգին, որոնք կաշկանդումներ կը պարտադրեն կրօնական ազատութիւններու մէջ:
Տեղեկագիրին մէջ դիտել կը տրուի, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, հակառակ երկրին սահմանադրութեան խոստացած «անհատներու պաշտամունքի ու հաւատքի ազատութեան», խիստ սահմանափակումներ պարտադրած է, եւ մերժելով կրօնական հաստատութիւններու իրաւական լրիւ կանոնակարգը՝ հակակշիռի տակ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պէտք է վերանայի իր մօտեցումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով: Այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի խորհրդարանական միախառն կառավարութեան ղեկավար Զէեւ Էլքին («Լիքուտ»), ելոյթ ունենալով Հրէական համալսարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին նուիրուած արարողութեան ընթացքին:
«Իսրայէլի պետութիւնը, որ ամբողջ աշխարհէն կը պահանջէ ճանչնալ պատմական արդարութիւնն ու հետեւիլ բարոյական չափանիշներուն, չի կրնար գործել [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Երբ Երեք Տարի Առաջ Մենք Ասում Էինք Նոյնը, Մեզ Անուանում Էին Կեղծ Ընդդիմութիւն», Կ՛ըսէ Յովհաննիսեան
«ԱՌԱՋԻՆ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ».- Պարոն Յովհաննիսեան, Սերժ Սարգսեանի կողմից Ապրիլի 20ի յայտնի յանձնարարականը մի գործընթացի սկիզբ է դրել, որը քաղաքական նոր իրավիճակ է ստեղծել երկրում: Ինչպէ՞ս էք գնահատում այդ նոր իրավիճակը:
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ.- Ես կարծում եմ, որ ՀԱԿը միտումնաւոր, խելացի հաշուարկի արդիւնքում իր բազմաթիւ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
Հայութիւնը Ներգործօն Եւ Շինիչ Դեր Ունեցած Է Միջին Արեւելքի Իսլամական Աշխարհի Զարգացման Մէջ
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարտի երկրորդ կիսուն, Լոս Անճելըս կը գտնուէր արուեստաբան, պատմագէտ եւ փիլիսոփայութեան տոքթոր Փրոֆ. Սեդա Պարսումեան-Տատոյեան. հրաւիրուած էր բանախօսելու Հալէպի «Զաւարեան» վարժարանի 75ամեակին նուիրուած ձեռնարկին, նկատի ունենալով որ շառաւիղն է ընտանիքի մը, որ կարեւոր դեր ու վաստակ ունեցած է այդ վարժարանի հիմնադրութեան ու [...]
April 29th, 2011
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Եւրոպական Միութեան ընդարձակման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիուլէ Ուրբաթ, Ապրիլ 29ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման՝ յայտնեց. «Կը կարծեմ, թէ պէտք է կատարելապէս հասկնալի դարձնել կողմերուն, թէ ռազմական ուղին լուծումի տարբերակ մը չէ։ Կողմերուն համար կարեւոր է նաեւ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու միջազգային կրօնական ազատութեանց յանձնաժողովին կողմէ պատրաստուած նոր տեղեկագիրին մէջ Թուրքիա դարձեալ կը յիշուի այն երկիրներու կարգին, որոնք կաշկանդումներ կը պարտադրեն կրօնական ազատութիւններու վրայ:
Տեղեկագիրին մէջ դիտել կը տրուի, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը, հակառակ երկրին սահմանադրութեան խոստացած «անհատներու պաշտամունքի ու հաւատքի ազատութեան», խիստ սահմանափակումներ պարտադրած է, եւ մերժելով կրօնական հաստատութիւններու իրաւական լրիւ կանոնակարգը՝ հակակշիռի տակ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներէն շուրջ շաբաթ մը առաջ, Կիրակի, Ապրիլ 17ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵԴի կազմակերպած «Մէկ ձայն. մէկ նպատակ» հաւաքը՝ ի մի բերելով շրջանի հայութիւնը, անոր երգիչներն ու արուեստագէտները: Ձեռնարկին նպատակն էր ցոյց տալ, թէ հայութիւնը կը շարունակէ գոյատեւել ու աճիլ, հակառակ Ցեղասպանութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին ՀԵԴի խօսքը փոխանցեցին Դրօ [...]
April 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, Ապրիլ 30, 2011 եւ Կիրակի, Մայիս 1, 2011
Կլենտէյլ «Սիվիք Օտիթորիոմ», 1401 N. Verdugo Rd
Փառատօնը կը սկսի Շաբաթ կէսօրէն ետք ժամը 1ին (բացման պաշտօնական հանդիսութեամբ) եւ վերջ կը գտնէ Կիրակի երեկոյեան ժամը 7ին:
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Մոնթեպելլոյի բնակիչ, թերթիս բաժանորդ Գառնիկ Խանճեան, երկու տուփ գիրքերով հարստացուց «Ասպարէզ»ի գրադարանը:
Խմբագրութիւնս շնորհակալութեամբ կ՛արձանագրէ, որ երկու տուփերուն մէջ կային արժէքաւոր գիրքեր, ինչպէս՝ «Զարթօնք»ի երկու հատորները, Րաֆֆիի գործերէն մի քանին (Երեւանեան եւ արտասահամանեան հրատարակութիւններ), Վազգէն Շուշանեանի «Գարնանային Սիրոյ Հեզ Նամակներ»ը, Միսաք Թորլաքեանի «Օրերուս Հետ»ը, ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակութեամբ՝ «Արամ»ը, Պետրոս Դուրեանի «Քերթուածներ եւ Նամակներ»ը, Խրիմեան Հայրիկի «Պապիկն [...]
April 28th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
ԹԵԼ ԱՒԻՒԻ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ին զգուշացուց, որ Իսրայէլ պիտի չբանակցի պաղեստինեան ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը հետ, եթէ անոր մաս կը կազմէ «Համաս»։
Լիպըրման նաեւ զգուշացուց, որ Գահիրէի մէջ ստորագրուած միջպաղեստինեան հաշտութեան համաձայնութիւնը «Համաս»ի առջեւ կը բանայ Արեւմտեան Ափի մէջ ազատօրէն գործելու կարելիութիւնը: Ան ըսաւ, որ «Ֆաթհ»ի եւ «Համաս»ի միջեւ [...]
April 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ին, մինչ կը հաղորդուէր, թէ Սուրիոյ քանի մը այլ քաղաքներու մէջ եւս բանակայաններ տեղակայուած են, իսկ Տարաայի ու Պանիասի մէջ յաջորդաբար 200 եւ 30 կուսակցականներ հրաժարած են իշխող «Պաաս» կուսակցութենէն, Թուրքիա Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կոչ ուղղեց՝ ժողովրդավարութեան ձգտող ցուցարարներուն պահանջները դրական կերպով ընկալելու։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պատուիրակները Ասատի [...]
April 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Մարոքի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ Հինգշաբթի, Ապրիլ 28ին, Մարաքեշի մէկ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումը «ահաբեկչական ոճրային արարք» մըն էր։ Պայթումին պատճառով արձանագրուած է առնուազն 18 զոհ եւ 20 վիրաւոր, մեծամասնութեամբ՝ եւրոպացիներ։ Կասկածներ կան, որ անձնասպանութեան դիմած անձ մը իրագործած էր յարձակումը:
- Եմէնի ընդդիմութիւնը Հինգշաբթի օր կառավարութիւնը զգուշացուց, թէ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի [...]
April 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ԱՄՆ գործոց փոխնախարարի օգնական Թինա Քէյտընաու Ապրիլ 28ին աշխատանքային այցով ժամանած է Երեւան: Ան երէկ հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Քէյտընաու Երեւանի մէջ կը ծրագրէ հանդիպիլ Հայաստանի իշխանութեանց բարձրագոյն ղեկավարութեան եւ ընդդիմութեան առաջնորդներուն հետ:
Նախքան Երեւան կատարած այցը, Քէյտընաու գտնուած է նաեւ Պաքու եւ Թիֆլիս:
April 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Շուշան Յունանեանի տեղեկութիւններով, Ապրիլ 28ին վիրահատուած է ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանուհի Նազիկ Աւդալեանը, որուն վիճակը կայուն է։
Յիշեցնենք, որ ախոյեանուհին Ապրիլ 26ին Գիւմրի-Վանաձոր ճանապարհին պատահած արկածի մը հետեւանքով ստացած էր ողնաշարի վնասուածք ու տեղափոխուած էր Երեւան, անհրաժեշտ բուժումները ստանալու համար։
April 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԹԷՆՔ.- ԵՈՒՆԵՍՔՕի գլխաւոր տնօրէնի որոշումով եւ միջազգային մրցանակաբաշխութեան յանձնաժողովի եզրակացութեան հիման վրայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Յունաստան 2011 Մելինա Մերքըրի հեղինակաւոր մրցանակը պիտի կիսեն Հայաստանի Գառնի պատմամշակութային արգելոց-թանգարանն ու Պաղեստինի տարածքի մէջ գտնուող Պաթիր վայրը: Մրցանակի յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 24 Մայիսին ԵՈՒՆԵՍՔՕի կեդրոնին մէջ՝ Փարիզ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Յունաստան Մելինա Մերքըրի միջազգային մրցանակը կը շնորհուի երկու տարին անգամ մը, այն [...]
April 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Ապրիլ» գրախանութը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս պիտի մասնակցի «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի գիրքերու հռչակաւոր փառատօնին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ եւ Կիրակի, Ապրիլ 30ին եւ Մայիս 1ին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ:
Գրախանութը ապահոված է թիւ 137 կրպակը: Գրախանութը նաեւ ծրագրած է շարք մը գիրքերու հեղինակներու հետ հանդիպումներ՝ հետեւեալ ժամանակացոյցով.
Ապրիլ 30ին՝
Ժամը 12-1՝ Քաթրին [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Սենթ Լուիս, «Այսօր».- Ըստ armchess.am-ի, ՖԻՏԷի ճատրակի վարպետ Տաթեւ Աբրահամեան Սենթ Լուիս քաղաքին մէջ կայացուող ԱՄՆի առաջնութեան կիսաեզրափակիչին, 3:1 հաշիւով պարտութեան մատնեց Քամիլա Պակինսկայտէն եւ հասաւ եզրափակիչ փուլ:
Հիմնական երկու խաղերէն ետք, հաշիւը հաւասար էր՝ 1:1, բայց Աբրահամեան յաջողեցաւ շահիլ լրացուցիչ երկու հանդիպումները: Եզրափակիչ խաղին, Տաթեւ Աբրահամեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ վարպետ Աննա Զատօնսքին:
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 17ին, յաջորդական վեցերորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած արիւնարշաւը, որ իրականացաւ շնորհիւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման շաբթուան յանձնախումբին, Ամերիկեան Կարմիր խաչին, Կլենտէյլի ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղին ու ՀԵԴի ուխտին ցուցաբերած համագործակցութեան:
Հայկական Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու համար կազմակերպուած այս արիւնարշաւին ընթացքին հաւաքուած արիւնէն պիտի օգտուի աւելի քան 150 հոգի:
Արիւնարշաւը տեղի ունեցաւ [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 17ին, Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտը կազմակերպած էր «Վերապրողներու քայլարշաւ» ձեռնարկը, ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Մասնակիցները նախ հաւաքուեցան Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ ու մէկ ու կէս մղոն քալելով՝ հասան Հայաստանի հիւպատոսարան: Հիւպատոսարանին առջեւ, նախ խօսք մը արտասանեց Բալիկ Գոճանեան, որմէ ետք Փաթիլ Մալաթեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» գործէն հատուածներ: [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Աւանդութիւն դարձած է Հայ Քոյրերու վարժարանէն ներս «Արարատ տան» կազմակերպած հայոց պատմութեան մրցումին պատրաստուիլն ու մասնակցիլը։ Եօթներորդ դասարանի աշակերտները արդէն իսկ տարուան վերջաւորութեան կը սկսին հետաքրքրութիւն ցոյց տալու եւ առնչուելու այս ծրագիրին, որովհետեւ այս մրցումը իրենց հայերէն լեզուի ծրագիրին մէջ ներկայացող մարտահրաւէրներէն մէկն է՝ աշակերտին ապահովելով նոր փորձառութիւն։ Այս տարի եւս, 12րդ տարին ըլլալով, [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ս. Յարութեան տօնը կանխող Աւագ Շաբթուան Երեքշաբթին, մեր եկեղեցւոյ կարգաւորութեան համաձայն, յիշատակն է Տասը կոյսերու առակին։ Այս առիթով, յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցաւ մեր թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, Ապրիլ 19ի երեկոյեան, հանդիսապետեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ իր պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Սրբազանը մեկնաբանեց Տասը կոյսերու առակին խորհուրդը՝ յիշեցնելով հաւատացեալներուն, թէ [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ծաղկազարդի օրը, Կիրակի, Ապրիլ 17ին հոգեկան ցնծութեան ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուած էր առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, ուր առաջնորդ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիսապետեց ժամերգութեան եւ Ս. պատարագին: Պատարագեց ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան, իսկ օրուան խորհուրդին մասին քարոզեց առաջնորդը:
Պատարագին ներկայացան նաեւ «Վերապրողներու արշաւ»ին մասնակիցները՝ առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեանի գլխաւորութեամբ: Առաջնորդը [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Ապրիլ 17ին, Կլենտէյլի ՀԵԴի «Ռուբէն» ուխտը կազմակերպած էր «Վերապրողներու քայլարշաւ» ձեռնարկը, ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութիւնը:
Մասնակիցները նախ հաւաքուեցան Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ ու մէկ ու կէս մղոն քալելով՝ հասան Հայաստանի հիւպատոսարան: Հիւպատոսարանին առջեւ, նախ խօսք մը արտասանեց Բալիկ Գոճանեան, որմէ ետք Փաթիլ Մալաթեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի Զանգակատուն» գործէն հատուածներ: [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ի առաւօտեան, Թեհրանի Հայոց թեմի մանկապարտէզներու եւ տարրական օղակի մատղաշ սերունդը իր յարգանքի տուրքը մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Առաւօտեան ժամը 9էն Թեհրանի Հայոց ազգային մանկապարտէզներու եւ տարրական օղակի աշակերտ-աշակերտուհիները, Ս. Սարգիս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցիներուն մէջ գտնուող Հայոց Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշարձաններուն մօտ ծաղիկներ տեղադրեցին ու գլուխ խոնարհեցին մէկուկէս [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Շարժա Էմիրութեան մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցական համալիրի սրահին մէջ, Ապրիլ 23ին կայացած է Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման յուշ-երեկոյ մը, որուն մասնակցած են ԱՄԷի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան, Ազգային իշխանական կառոյցներու ղեկավար կազմը, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Երեկոյի սկիզբը ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՐՄԻՆԷ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ
Հայկական մշակոյթի ամենագեղեցիկ, խորհրդանշական եւ խորհրդաւոր արժէքներից են հայոց ծիսական տիկնիկները: Նրանց կերպարների եւ գործառոյթների մէջ առաւել խօսուն են խտացուել եւ մարմնաւորուել մեր հաւատալիքները: Ժողովուրդը նրանց օժտել է մոգական ուժով, չարը խափանող, վտանգից ու դժբախտութիւնից զերծ պահող յատկութիւններով: Տիկնիկների միջոցով ձգտել են ապահովել բերք ու բարիքի առատութիւնը, պտղաբերութիւնը, արգասաբերութիւնը, ընտանեկան եւ անձնական յաջողութիւնները:
Թերափը, Նուրին, [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՆԱՅՐԱ ՀԱՅՐՈՒՄԵԱՆ
Այս շաբաթավերջին ԱՄՆ պետքարտուղարի Եւրասիայի եւ Եւրոպայի հարցերով տեղակալի օգնական Թինա Քեյդենաուն կ’այցելի Հայաստան, եւ նրա այցը, հնարաւոր է, համընկնի Հայ ազգային կոնգրէսի վճռորոշ հաւաքի օրուան: Այժմ ամերիկացի դիւանագէտը Ադրբեջանում է, որտեղից մէկ օրով կը մեկնի Թբիլիսի, այնուհետեւ կը գայ Երեւան: ԱՄՆ պետքարտուղարի տեղակալի օգնականի այցը, ամենայն հաւանականութեամբ, այս անգամ կապուած չէ տարածաշրջանային գործերի, [...]
April 28th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հայերէն թարգմանութեամբ կը ներկայացնէ զուիցերիացի միսիոներ Յակոբ Կիւնցլերի «Արեան եւ Արցունքների Երկրում» գիրքը, որ մեծ նշանակութիւն ունեցող աշխատութիւն մըն է, ուր կը նկարագրուին Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ուրֆայի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները: Հեղինակը գիրքին մէջ նկարագրուող դէպքերու անմիջական ականատեսն է, ինչ որ աւելի արժէքաւոր կը դարձնէ այս յուշագրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան իրականացման [...]
April 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, որ Ուրբաթ, Ապրիլ 29ին Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէն հանդիպեցաւ խորհրդարանական ընդդիմութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին Կարծիքներ փոխանակուեցան ներքաղաքական որոշ զարգացումներու, ինչպէս նաեւ ՀՀ իրաւական դաշտի մէջ օրէնսդրական բարեփոխումներու նկատմամբ՝ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս [...]
April 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս գիշեր, ժամը 10ին, «Հորիզոն» հեռատեսիլի կայանի «Ասուլիս» յայտագիրէն պիտի սփռուի հարցազրոյց մը՝ շրջանս կարճ այցելութեամբ գտնուող Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեանի հետ:
«Ֆերահեան» վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեանի (համադրող) եւ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Յարութ Սասունեանի հետ առիթ ունեցանք բաւական սուր հարցեր ուղղելու նախարարին:
Առաջարկելով Կլենտէյլի ու Պըրպենքի մեր ընթերցողներուն, որ անպայման դիտեն հարցազրոյցը (միւս շրջաններուն [...]
April 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցին ապրեցաւ պատմական օր մը՝ իր երդիքին տակ յուղարկաւորելով տարաբախտ երիտասարդ մը, որ կեանքէն հրաժեշտ կ՛առնէր զինուորական ծառայութեան ընթացքին պատահած արկածի մը հետեւանքով։ Սեւակ Պալըքճըի յուղարկաւորութիւնը Ֆերիգիւղի մէջ ժամադրած էր պետութեան ու բանակին ներկայացուցիչները, որոնք շրջապատեցին թրքական դրօշակով ծածկուած դագաղը։ Խուռներամ բազմութիւն մը կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուցած [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Ըստ «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած տեղեկութեանց, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի, Ապրիլ 24, 2009ին, Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգներ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հրապարակած է դեսպան Ճէյմզ Ճեֆրիի հետ Պահչելիի հանդիպման մասին դեսպանին հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ դեսպանը երեք կէտ նշած է.
Առաջին՝ Պահչելի մտահոգուած է իր [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Ազգային Կոնգրեսը երէկ ունեցաւ իր հերթական, սակայն այս անգամ արտօնուած հանրահաւաքը՝ Ազատութիւն հրապարակին վրայ:
ՀԱԿի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան, խօսք առնելով՝ յայտարարեց, որ «Այսօր առաջին անգամ՝ այս պայքարի պատմութեան մէջ, հասկանալով, որ շարժումը ճնշելու բոլոր փորձերը ձախողուած են, իշխանութիւնները վերջապէս որդեգրել են հասարակութեան պահանջներին ընդառաջ գնալու եւ հիմքեր են ստեղծում ՀԱԿի հետ երկրի ապագայի մասին [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «ՓանԱրմինիըն».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր կը դատապարտէ Գանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըրը՝ Ապրիլ 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը յարգելու կոչ ընելուն համար: Անգարան յայտարարած է, թէ Հարփըրի խօսքերը կրնան հարուածի տակ դնել թուրք-գանատական յարաբերութիւնները, ըստ «Փոսթա» թերթին:
Նշենք, որ Ապրիլ 24ին, Գանատայի վարչապետ Սթիւըն Հարփըր յայտարարած է. «96 տարի առաջ [...]
April 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ, ծերակուտական Կի Ֆիշըր Մայիս 4ին, Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունենալիք քուէարկութեան ընթացքին կողմ պիտի քուէարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրինագիծին: Այս մասին ան յայտնած է «Nouvelle d’Ar-menie»ին յղած պատասխան նամակին մէջ:
April 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հակառակ նախագահ Օպամային ուղղուած ամերիկահայերուն յամառ յորդորներուն՝ խուսափելու համար Ապրիլ 24ի ամէնամեայ իր ուղերձին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան փոխարէն «Մեծ Եղեռն» բառեզրը օգտագործելէն, երեք տարի անընդմէջ ան կը շարունակէ նոյն ձեւով վարուիլ:
April 28th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ
Յարգելի բարեկամներ, մեծարգոյ հիւրեր,
Այս օրերին աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը, մեր բարեկամներն ու համախոհները նորից ոտքի են ելել՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի, 96րդ տարելիցը: Այս օրերին հայութիւնը համախմբւում է ոչ միայն սգալու եւ յիշելու, այլեւ ողջ աշխարհին ցոյց տալու արժանապատիւ ապրելու իր կամքը, մեր ժողովրդի դէմ կատարուած մեծագոյն յանցագործութիւնը ճանաչուած եւ պատժուած տեսնելու իր անսասան [...]
April 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ապրիլ 23ի գիշերը, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ հսկում՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Նիքոլ Աթոյեանի կողմէ արտասանուած բացման խօսքերէն ետք, գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը, որուն իրենց բաժինը բերին «Զուլալ»ը, Րաֆֆի Սեմերճեանը եւ «Էլէմեն»չ խումբը:
Կազմակերպողները, ներկաները հաղորդ պահելու համար Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներուն, հնարաւորութիւնն ստեղծած էին Հայաստանի առաջին ալիքով ուղիղ սփռումի: Նաեւ՝ հսկումը ինքնին [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ համայնքէն ներս թիւ մէկ հարցը կը մնայ տարաբախտ Սեւակ Պալըքճըի մահը, որ պատահած էր Պաթմանի մէջ զինուորական ծառայութեան ընթացքին, Ապրիլ 24ին, որովայնէն ստացուած գնդակի մը հետեւանքով։ Համայնքային բոլոր շրջանակներէ ներս այս մահուան մասին կը խօսուի ու ամբողջ համայնքը կը ցաւակցի դժբախտ Պալըքճը ընտանիքին, փայլուն ապագայ խոստացող համակրելի երիտասարդի մը վիճակուած այս տխուր [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Հայ Օգնութեան Միութեան մշակութային եւ կերակրատեսակներու տասներորդ փառատօնը, իր ճոխութեամբ, իր փայլքով պիտի գերազանցէ նախկինները», կը խոստանան ձեռնարկի կազմակերպիչները: Եօթը ամիս առաջ կեանքի կոչուած կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն Սեդա Դարբինեան ու Սեդա Խոճայեան, «Ասպարէզ»ին պատմեցին այն բոլոր նախապատրաստական ու քարոզչական աշխատանքներուն մասին, որոնք տարուած են, որպէսզի այս յոբելինական փառատօնը անցնի աննախընթաց ոգեւորութիւն ստեղծող մթնոլորտի մէջ:
«Լոս [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը համաձայն չէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախկին խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ դեմոկրատ քոնկրեսական Սթենի Հոյըրի այն պնդումին, թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252րդ բանաձեւի՝ Ներկայացուցիչներու տան վերջին լիագումար նիստի ընթացքին չներկայացուելուն պատճառը այն էր, որ բաւարար քոնկրեսականներու աջակցութիւնը կարելի չէր եղած ապահովել:
Փելոսի եւ Հոյըր միշտ պաշտպանած են հայկական բանաձեւերը, սակայն [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Ապրիլ 27ին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնած է, թէ այս տարի Հայաստանը կը տօնէ իր անկախութեան 20ամեակը, եւ այդ ժամկէտին նուիրուած հանդիսութիւնները կը կայանան ամբողջ տարուան ընթացքին:
Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ կը մօտենայ Մայիսը՝ հայ ժողովուրդի յաղթանակներու եւ ձեռքբերումներու ամիսը: «Մայիսին մենք տօնում են Հանրապետութեան օրը. տօն, որը լի [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երիտասարդութի՜ւնը – գաղափարական շարժումներու եւ բոլոր ռիսքոտ ձեռնարկներու յառաջապահ դրօշակակիրը։
Երիտասարդութի՜ւնը – խանդավառութեան եւ հերոսական անձնազոհութեան, յոյսի, հաւատի եւ բոլոր ազնիւ կիրքերու մարմնացումը։
Երիտասարդութի՜ւնը – բռնակալական զնդաններու եւ կախաղաններու մշտնջենաւոր ողջակէզը, ազատութեան հրդեհի յաւիտենական վառելանիւթը։
Միքայէլ Վարանդեան
«Դրօշակ», Նոյեմբեր–Դեկտեմբեր 1930
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ կողմէ պետականօրէն գործադրուած ցեղասպանական ոճիրին վրայէն ահա 96րդ տարին ալ անցաւ… առանց որ հայասպան պետութիւնը [...]
April 27th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
Ապրիլ 24ին տեղի ունեցած Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւնը, արկածով կամ դիտումնաւոր, կը շարունակէ մելան հոսեցնել թրքական եւ հայկական մամուլին մէջ, ինչ որ բնական երեւոյթ է միջադէպին անսովոր ու բազմակնճիռ ըլլալուն պատճառով: Տեղի ունեցածը որեւէ բանակի մը մէջ պարզ արկածի մը հետեւանքով սպանութիւն մը չէ միայն, այլ դահիճ ազգի մը բանակին մէջ ծառայող զոհ ազգի մը զաւակին սպանութիւնն է, այդ ալ՝ ազգին Ցեղասպանութեան տարելիցին:
April 27th, 2011
| Posted in Լուսարձակ, Սիւնակներ | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, մինչ ականատեսներ կը հաղորդէին, թէ Սուրիոյ Տարաա ու Պանիաս քաղաքներուն եւ մայրաքաղաքի Տումա շրջանին մէջ յաւելեալ զինուորներ, ոստիկաններ եւ հրասայլեր կը հաստատուին, եւրոպական երկիրներ շարունակեցին ճնշում բանեցնել Սուրիոյ վրայ, խաղաղ ցուցարարներուն դէմ բռնարարքները կասեցնելու նպատակով:
Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարները իրենց մօտ կանչեցին Սուրիոյ մօտ դեսպանները, անոնց [...]
April 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Հակառակ այն իրողութեան, որ ընդդիմութեան մէկ հատուածը Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու սեմին կը թուի, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, երկրի առնուազն 18 տարբեր շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը կը շարունակեն ճնշումի տակ պահել երկրին իշխանութիւնները: Ըստ հիւանդանոցներու, նախագահին անյապաղ հրաժարումը պահանջող ցոյցերուն ընթացքին առնուազն 10 հոգի սպաննուած է Չորեքշաբթի [...]
April 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԻՍՐԱԹԱ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին համեմատական խաղաղութիւն հաստատուած է Լիպիոյ Միսրաթա քաղաքին մէջ, երբ Քազաֆիի ուժերը կասեցուցած են քաղաքին ռմբակոծումը: Ըստ ՆԱԹՕի տուեալներուն, Քազաֆիի ուժերը Երեքշաբթի գիշեր ծանր հարուածներ ստացած են ՆԱԹՕի յարձակումներէն՝ հեռանալով քաղաքի կեդրոնական շրջաններէն: Խաղաղութենէն օգտուելով՝ մարդասիրական միջազգային օժանդակութիւններ փոխադրող ալպանական նաւ մը խարիսխ նետած է քաղաքի նաւահանգիստին մէջ եւ կը պատրաստուի [...]
April 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Աֆղան օդաչու մը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին Քապուլի օդակայանին մէջ կրակ բանալով՝ սպաննած է 9 ամերիկացիներ, որոնցմէ ութն՝ զինուորներ: Ենթական եւս սպաննուած է զինեալ ընդհարումին ընթացքին: Ըստ ականատեսներու, աֆղան օդաչուն կրակելու սկսած է ամերիկացիներուն հետ բանավէճէ մը ետք:
- Գահիրէի մէջ բանակցութիւններէ ետք, պաղեստինեան «Ֆաթհ» եւ «Համաս» կուսակցութիւնները փոխանցման կառավարութեան կազմութեան եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու շուրջ համաձայնութիւն [...]
April 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ Ապրիլ 27ին տեղի ունեցած է նախարարին կից աշխատակազմի նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած են հակաօդային պաշտպանութեան կարողութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ վերջին տարիներու ձեռքբերումները, ՀՕՊ զօրքերու սպառազինութեան վերազինման ուղղութեամբ ընթացիկ քայլերը եւ հետագայ ընելիքները:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի ՀՕՊ համակարգի արդիականացումը տեղին է յատկապէս Ատրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններու բնագիրին մէջ: Հրադադարի կնքումէն ի վեր, Ատրպէյճանը [...]
April 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Թամար Պօղոսեան, երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց իր հրաժարականին մասին՝ նշելով, որ այլեւս նպատակայարմար չի համարեր հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդին եւ անոր նախագահ՝ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ, հետագայ համագործակցութիւնը:
«Այսօր իմ հրաժարականի ամբողջ փաթեթը կը ներկայացուի վարչապետին», ըսաւ Պօղոսեան:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնին խօսքով, Հրանոյշ Յակոբեանի հետ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Facebook հասարակական ցանցի վիճակագրութեան համաձայն, Ապրիլ ամսուան դրութեամբ, Հայաստանէն սոյն ցանցին միացած է 155.9 հազար օգտագործող: Հայաստանի մէջ Facebook օգտագործողներուն թիւը աշխարհի 213 երկիրներու շարքին 122րդն է: Վերջին ամսուան ընթացքին, Հայաստանէն Facebook-ին միացած է 20.7 հազար օգտագործող, իսկ աճը կազմած է 15.38 տոկոս:
Facebook-ին մէջ հայ կանայք կը կազմեն օգտագործողներու 51 տոկոսը, իսկ տղամարդիկ՝ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ քարտուղար Շուշան Յունանեանի տեղեկութիւններով, ծանրամարտի աշխարհի ախոյեանուհի Նազիկ Աւդալեան Ապրիլ 27ին վիրահատութիւն չէ ունեցած։ Ըստ Յունանեանի, Աւդալեանի վիճակը կայուն է եւ որեւէ բարդութիւն չէ եղած: Հաւանաբար անոր վիրահատութիւնը կատարուի այսօր:
Յիշեցնենք, որ ախոյեանուհին Ապրիլ 26ին Գիւմրի-Վանաձոր ճանապարհին վրայ արկածի հետեւանքով ստացած էր ողնաշարի վնասուածք։
Աշխարհի ախոյեանուհիին այցելած են առողջապահութեան նախարար Յարութիւն [...]
April 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱՐՄԱՒԻՐ.- Արմաւիրի մարզի Մերձաւան գիւղին մէջ, Ապրիլ 27ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ներկայութեամբ բացուած է «Պոլիմեր Տրուբ» ընկերութեան նորակառոյց գործարանային համալիրը:
Ընկերութեան ստեղծման հիմքերը դրուած են 2009ին՝ սուրիահայ գործարարներու կողմէ, որոնք նախաձեռնած են Անդրկովկասի մէջ եզակի՝ մեծ տրամագիծի խողովակներու արտադրութեան, նկատի ունենալով Հայաստանի մէջ սպառման ծաւալները եւ այլն:
Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնէն ետք Սերժ Սարգսեան շրջած է ձեռնարկութեան [...]
April 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Ապրիլ 27ին, ինչպէս նաեւ Ապրիլ 16ին եւ 23ին, «Վիւասել-Էմ.Թի.Էս.»ի աշխատակիցները մասնակցեցան «Երկրի օր»ուան նուիրուած կամաւորական աշխատանքներուն: Յիշեցնենք, որ «Երկրի օր» քարոզարշաւը սկսաւ Հայաստանի մէջ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին ու «Վիւասել»ի նախաձեռնութեամբ:
Ապրիլ 16ին, «Վիւասել-Էմ.Թի. Էս.»ի կամաւորները մասնակցեցան Եռաբլուր Պանթէոնի յարակից տարածքին վրայ կազմակերպուող ծառատունկի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Կամաւորները հեռացուցին քարերը եւ պայմաններ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Առանց չափազանցութեան, Լոս Անճելըսի հայ թատերական կեանքին մէջ այսքան լայն ընդունելութիւն երբեք չէր տեսնուած ցարդ հրամցուած տեղական կամ հիւր թատերախաղերուն մէջ: Խօսքս, վերջերս հայրենիքէն հրաւիրուած, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու հայաշատ գաղութներէն ներս հայրենի հանրածանօթ արուսետագէտ եւ դերասան Նարեկ Դուրեանի բեմադրած՝ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ, մէկ արարնոց «Դոն Ժուան» թատերախաղին մասին է: Մամուլի էջերով իր [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- UCLA-ի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամպիոնի բարեկամներու միութեան 9րդ տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 3ին, համալսարանի «Faculty Center»ին մէջ:
Այս առիթով, Նարեկացիի անուան շքանշանով պարգեւատրուեցաւ խմբավար, յօրինող, հետազօտող, երաժշտագէտ եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան հիմնադիր Վաչէ Պարսումեան, առ ի գնահատանք հայ երաժշտական մշակոյթի զարգացման մէջ իր բերած բազմակողմանի եւ բացառիկ նպաստին: Մեծարեալը ներկայացուեցաւ յայտնի յօրինող [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- UCLA համալսարանի Հայ ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ մը, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգելու նպատակով:
Ցուցարարները իրեց բերանները ծածկած էին կարմիր ժապաւէններով՝ խորհրդանշելով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ կառավարութեան ջանքերը: Անոնք Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին այլ ուսանողներու՝ շեշտելով նման միջոցառումներու ճամբով Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հասնելու կարեւորութիւնը:
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ապրիլ 24ին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան տարածքին տեղակայուած խաչքարին մօտ տեղի ունեցած է ոգեկոչման եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ուաշինկթընի եւ շրջակայ նահանգներու հայ համայնքի բոլոր թեւերը ներկայացնող հարիւրաւոր անդամներու մասնակցութեամբ, Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եւ Ս. Խաչ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը մատուցած են Ս. պատարագ:
Ելոյթով հանդէս եկած է Հայաստանի դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Ապրիլ 24ին, Ժընեւի արուարձան Դրուանէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է յիշատակի եւ հոգեհանգստեան արարողութիւններ: «Ռեքուիէմ»ը կատարած է Գիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» կեդրոնի երգչախումբը: Ծաղկեպսակ զետեղուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի կոթողին: Արարողութեան մասնակցած են Զուիցերիոյ հայկական համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ:
Նոյն օրը, աւելի քան 1000 հայ երիտասարդ Պուլկարիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Սպանիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան, Երկուշաբթի, Ապրիլ 25ին, երեկոյեան ժամը 5ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96ամեակի յայտագիր՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ միաւորներուն:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան: Ան ըսաւ, որ Համազգայինը երգի, պարի, նուագի եւ խօսքի ընդմէջէն պիտի հաստատէ, որ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցի առիթով, Գահիրէի «Պլըքտանեան» սրահին մէջ կազմակերպուած է ոգեկոչման երեկոյ: Հարիւրաւոր ներկաներուն իրենց խօսքը ուղղած են Եգիպտոսի մօտ ՀՀ դեսպան Արմէն Մելքոնեան եւ Եգիպտոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է դասական եւ հոգեւոր երաժշտութեան համերգ՝ Հայաստանէն ժամանած Գէորգ Հաճեանի կատարումով:
Նախօրէին Գահիրէի եւ Ալեքսանդրիոյ Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Ապրիլի 25ին, Պուենոս Այրեսի խորհրդարանի «Ոսկեզօծ» դահլիճին մէջ, Արժանթինի համայնքային կառոյցներու եւ ՀՀ դեսպանութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կայացած է հանդիսաւոր երեկոյ մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 96րդ տարելիցին:
Ելոյթ ունեցողները նշած են, որ հակառակ Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ հայ ազգի բնաջնջման փորձերուն, հայերը այսօր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ, ապացուցեցին իրենց ապրելու ու արարելու իրաւունքը: Անոնք [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՐՄԷՆ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
2010 թ. Հոկտեմբերին Թուրքիայի ազգային անվտանգութեան խորհուրդն «Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան» մէջ մտցրեց մի շարք փոփոխութիւններ, որոնք կը գործեն առաջիկայ հինգ տարուայ ընթացքում: Թուրքիայի համար արտաքին սպառնալիք ներկայացնող պետութիւնների ցուցակից հանուեցին Սիրիան, Իրանը, Բուլղարիան, Վրաստանն ու Հայաստանը:
April 27th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ռատիքալ»ի քրոնիկագիր Եըլտըրըմ Թիւրքէր որ խիզախ յօդուածներու հեղինակ է, Երկուշաբթի, 26 Ապրիլի թերթին մէջ հրատարակած էր «Երէկ պատմութեան սեւ մէկ օրը յիշատակեցինք» խորագրեալ յօդուած մը, որ սկիզբ կ՛առնէր 24 Ապրիլ, 1915 թուականին իրենց տուներէն հաւաքուած ու ձերբակալուած հայ մտաւորականներու պատմութենէն։ Իթթիհատականներու շուքը, որ հարիւր տարիէ ի վեր պակաս չէ մեր գլխուն վրայէն, այդ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
«Մարմարա».- «Զաման» թերթի 26 Ապրիլ թիւին մէջ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հետազօտիչ Ալին Օզինեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուած մը, որ կը պախարակէր Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ սահմաններուն փակ ըլլալու փաստը, նաեւ ոմանց այն պնդումը թէ «ինչ որ եղած է, եղած է, այլեւս պէտք է մոռնալ անցեալը եւ պէտք է սկսիլ ծայրէն»։ Մոռնա՛լ։ Մինչ մէկը կը սպասէ որ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 96ամեակի գործունէութեանց ծիրէն ներս, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փասատինա-Կլենտէյլի մասնաճիւղը կը հրաւիրէ գաղութիս ազգային հարցերով մտահոգ հասարակութիւնը ծանօթանալու պատմաբան, գիրքերու հեղինակ եւ Փարիզի ՀԲԸՄի Նուպարեան մատենադարանի տնօրէն Ռէյմոնտ Գէորգեանին։
Գէորգեան հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր վերջին հեղինակած՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան ամբողջական պատմութիւնը» հատորը եւ պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։ Ան պիտի մակագրէ նաեւ իր գիրքը՝ [...]
April 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՆԱԱ, «Ռոյթըրզ».- Եմէնի իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին Ռիատ կը մեկնին՝ Եմէնի տագնապի լուծման եւ իշխանութեան խաղաղ փոխանցման շուրջ Ծոցի արաբական երկիրներու նախաձեռնութեան գործադրութեան համաձայնութեան վերջնական օրինակը գոյացնելու համար, եւ յոյսեր կան, որ անոր ստորագրութեան արարողութիւնը կրնայ յառաջիկայ քանի մը օրերուն կամ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին տեղի ունենալ:
Եմէնեան ընդդիմութեան բանբեր Մուհամմատ Քահթան յայտնեց, որ ընդդիմութիւնը, [...]
April 26th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ», «Ճազիրա».- Երեքշաբթի, Ապրիլ 26ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատան անձնակազմի ընտանիքներուն եւ անձնակազմի կարգ մը ոչ հիմնական անդամներուն հրամայեց հեռանալ Սուրիայէն, հոն տիրող «անորոշ կացութեան եւ խառնակցութեանց» պատճառով։ Նախարարութիւնը նաեւ իր մօտ կանչեց Ուաշինկթընի մօտ Սուրիոյ դեսպան Իմատ Մուսթաֆան՝ Սուրիոյ մէջ ցուցարարներու դէմ բիրտ ուժի կիրարկման դէմ բողոք ներկայացնելով [...]
April 26th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
- «Ուիքիլիքս»ի բացայայտած նորագոյն փաստաթուղթերուն համաձայն, Կուանթանամոյի բանտին մէջ պահուած մօտաւորապէս 800 բանտարկեալներուն շուրջ 150ին պարագային, ոչ մէկ ամբաստանութիւն կարելի եղած է կատարել, սակայն հակառակ անոր, անոնք պահուած են բանտին մէջ: Նոյնիսկ վտանգաւոր նկատուած մօտաւորապէս 300 բանտարկեալներ, աւելի ուշ ազատ արձակուած են, երբ շօշափելի ոչ մէկ փաստ գտնուած է անոնց «յանցանքներ»ուն վերաբերեալ: Ազատ արձակուածներէն մէկը [...]
April 26th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ապրիլ 26ին, Երեւանի մէջ ՀՀ արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպած է աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի ԱԳ նախարար Կրիկոլ Վաշածէի հետ, եւ միասնաբար քննարկած են վիրահայութիւնը յուզող խնդիրներ:
Նախարար Նալբանդեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Թիֆլիս իր վերջին այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը՝ Թիֆլիսի Հայկական դրամատիկական թատրոնին վերանորոգման համար միջոցներ յատկացնելու վերաբերեալ՝ արդէն [...]
April 26th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »