Home » June 30th, 2011Entries posted on “June, 2011”
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Չորեքշաբթի, Յունիս 29ի երեկոյեան, հարիւրաւոր սուրիացիներ հաւաքուեցան Դամասկոսի մէջ, վերջին երեք ամիսներու ընթացքին սպաննուած քաղաքայիններուն եւ ապահովական ուժերու անդամներուն յիշատակին կազմակերպուած հսկումի մը մասնակցելու:
Իշխանութիւնները, որ այս շաբթուան սկիզբը այլախոհներու աննախընթաց խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը արտօնած էին, հսկումը կազմակերպողներուն եւս արտօնութիւն տուած էին:
Արեւմտեան կարգ մը լրատուական գործակալութեան լրագրողներ եւս այս շաբթուան ընթացքին Սուրիոյ մէջ աշխատելու [...]
June 30th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Հինգշաբթի, Յունիս 30ին, հարաւային Ֆրանսայի Պրաքս քաղաք այցելութեան ընթացքին յարձակումի ենթարկուեցաւ, երբ կը ձեռնուէր զինք դիմաւորելու եկած խումբ մը ֆրանսացիներու հետ:
Քաղաքացիներէն մէկը բռնեց անոր օձիքէն ու քաշեց, սակայն Ֆրանսայի նախագահի թիկնապահները յաջողեցան ազատել Սարքոզին եւ ձերբակալել յարձակումը գործած 32ամեայ ֆրանսացին, որ շրջանի բնակիչներէն է եւ թատերական մարզի աշխատաւոր։
June 30th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանին տագնապը, որ ստեղծուեցաւ ընդդիմադիր եւ անկախ երեսփոխաններու կողմէ խորհրդարանին ու երդման արարողութեան դէմ հռչակուած պոյքոթով, կը շարունակէ զբաղեցնել Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան բոլոր ոլորտները՝ սկսելով նախագահութենէն։ Բոլոր կողմերը համաձայն են, թէ այս տագնապը պէտք է ժամ առաջ լուծուի, որպէսզի խորհրդարանը գործելու սկսի:
Հաղորդուեցաւ, որ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ որոշած է միջամտել լուծման տարազ մը [...]
June 30th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանի նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի եւ շարք մը այլ քաղաքական ղեկավարներու ահաբեկչութեան հարցով կազմուած միջազգային ատեանը ներկայացնող յատուկ պատուիրակութիւն մը, Հինգշաբթի, Յունիս 30ին, հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզայի հետ, անոր յանձնելու համար նախկին վարչապետ Ռ. Հարիրիի սպանութեան առումով նախնական ամբաստանութիւնը, որ ըստ ատեանի օրէնքներուն, պէտք է գաղտնի մնայ մինչեւ ամբաստանեալներուն [...]
June 30th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Քրտական «Ֆըրա»չ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ռազմական թեւը հանդիսացող Ժողովրդական պաշտպանութեան ուժերու ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ թրքական եւ իրանեան բանակներէն ուժեր Երկուշաբթի, Յունիս 27էն ի վեր, քիւրտ յեղափոխականներու դէմ համատեղ գործողութեան մը նախաձեռնած են:
Քիւրտ ներկայացուցիչը նշած է, որ ներկայիս թրքական եւ իրանեան բանակի ստորաբաժանումները գործողութիւն կը կատարեն Հաքքարի նահանգի Շենտինլը շրջանին [...]
June 30th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՎԱՅՈՑ ՁՈՐ, «Փանորամա».- Յունիս 30ին, Վայոց Ձորի մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան արտագնայ նիստէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, ՀՀ ելեւմտական նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի պետական պարտքին ցուցանիշը կառավարելի է։ Ան ընդգծեց, որ այդ մասին կը յուշէ 2010էն ի վեր իրականացուող արտաքին պարտքի կայունութեան վերլուծութիւնը:
«Մեր պարտքը կազմում է ՀՆԱ (GDP) ցուցանիշի 44-45 տոկոսը: [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան պիտի այցելէ «Ֆրանսայի Մեծ Արեւելք» մասոնական օթեակի վարպետ Կի Արսիզէ: Ըստ «Ռեկնում»ի տեղեկութիւններուն, այդ մասին յայտնած է ֆրանսական մասոնական օթեակի Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը:
Իր այցին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 4ին, վարպետը պիտի հանդիպի Հայաստանի մէջ օթեակի ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիր ու Ցեղասպանութեան թանգարան: Իսկ Յուլիս 6ին, Կի Արսիզէ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Պերլինի փառատօնի «Ոսկէ արջ» մրցանակին արժանացած իրանցի բեմադրիչ Ասղար Ֆարհատիի «Նատեր եւ Սիմին. ամուսնալուծութիւն» ֆիլմը պիտի մասնակցի «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի գլխաւոր մրցոյթին:
Ասիկա բեմադրիչին առաջին մրցանակը չէ Պերլինի մէջ: 2009ին, իր առաջին՝ «Էլլիի մասին» ֆիլմին համար, ան արժանացած էր «Արծաթէ արջ»ին:
«Նատեր եւ Սիմին, ամուսնալուծութիւն» ֆիլմը իրանական առաջին շարժապատկերն է, որ կ՛արժանանայ Պերլինալէի «Կրան [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 30 Յունիսին, Ազատութիւն հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) կազմակերպած հանրահաւաքը, որ, ըստ քանի մը լրատուական գործակալութեանց տեղեկագրութիւններուն, աւելի սակաւաթիւ եղած է քան նախորդները: Ոստիկանութիւնը, որ ընդհանրապէս քիչով կը ներկայացնէ հանրահաւաքներու մասնակիցներուն թիւը, այս անգամ ցուցարարներուն թիւը գնահատած է չորս հազարով:
ՀԱԿի այս հանրահաւաքին ելոյթ ունենալով՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան անդրադարձաւ Մարտ մէկի [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ՀՀ կառավարութիւնը Յունիս 30ին հաւանութիւն տուած է երկու որոշումներու, ըստ որոնց, Հայաստանի անկախութեան 20ամեակի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ նախապատրաստման պիտի յատկացուի աւելի քան 1.4 միլիառ դրամ (3.8 միլիոն տոլար):
Առաջին որոշումին համապատասխան, կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն պիտի յատկացուի աւելի քան 1.2 միլիառ դրամ՝ տարածքային կառավարման նախարարութեան:
Միջոցները պիտի փոխանցուին քաղաքապետարանին, տօնական հանդիսութիւններու իրականացման նպատակով:
Նաեւ, Հայաստանի անկախութեան 20ամեակի [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համապատասխան համաձայնագիրին մէջ փոփոխութիւն կատարելու առաջարկին: Արդարեւ, ՀՀ տարածքին մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի կէտերու տեղաբաշխման ցանկէն պիտի հանուի եւ հայկական կողմին պիտի վերադարձուի հինգ զինաւան:
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 28ին Հայաստանի ճատրակի տղամարդոց ազգային հաւաքականը մեկնեցաւ Դիլիջան, ուր պիտի իրականացնէ իր ուսումնամարզական վերջին հաւաքը՝ նախապատրաստուելով Յուլիս 10ին Չինաստանի մէջ մեկնարկող ճատրակի աշխարհի խմբային առաջնութեան:
Ըստ գրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեանի՝ ճատրակի հայ վարպետները Դիլիջանի մէջ պիտի իրականացնեն իրենց ուսումնամարզական վերջին հաւաքը այս առաջնութենէն առաջ եւ Չինաստան պիտի մեկնին Յուլիս 8ին:
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Այսօր, Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի հրաւէրով, նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով կը մեկնի Քիեւ:
Այցին ծիրէն ներս Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի, Ուքրանիոյ Գերագոյն Ռատայի (խորհրդարանի) նախագահ Վլատիմիր Լիթվինի եւ Ուքրանիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Անտրէյ Քը Լիվեւի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի այցելէ Ուքրանիոյ առեւտրա-արդիւնաբերական պալատ:
Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ ազգային վիճակագրական ծառայութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժինի տուեալներով, 2010ին, Հայաստանի մէջ արձանագրուած է 17,984 ամուսնութիւն, որմէ 6669ը՝ Երեւանի մէջ։ Այս թիւը, 2009ի համեմատ, պակաս է 4.2 տոկոսով:
Ըստ նոյն աղբիւրին, աւելցած է ամուսնալուծութիւններուն թիւը, որ 2010ին եղած է 2997, այսինքն՝ 5.5 տոկոսով աւելի քան 2009ի տուեալը։
Յատկանշական է, որ թէ՛ ամուսնութիւններու, եւ թէ՛ ամուսնալուծութիւններու [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՎԱՅՈՑ ՁՈՐ, «Ռատիօլուր»- ՀՀ կառավարութիւնը կը շարունակէ երեք ամիսը անգամ մը իր նիստերը մարզերուն մէջ անցընելու քաղաքականութիւնը: Գործադիրին հերթական նիստը Յունիս 30ին իրականացաւ Վայոց Ձորի մէջ: Օրակարգի առաջին կարգին քննարկուեցան մարզի խնդիրները՝ գործազրկութենէն մինչեւ առողջապահական ծառայութիւններու ցած որակը: Վարչապետ Սարգսեան նկատեց, որ, առկայ բոլոր հիմնախնդիրներով հանդերձ, Վայոց Ձորը լաւագոյնն է այդ ցուցանիշով, որ բնակիչներուն 82 [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի նախագահի մշտական ներկայացուցիչ Գառնիկ Իսագուլեան Յունիս 30ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Ատրպէյճանի կոշտ դիրքորոշումը Հայաստանի կողմէ ռազմավարական զիջումներու չի յանգեցներ։
«Եթէ Ատրպէյճանի նպատակն է բանակցութիւնների երկարաձգման միջոցով ստիպել Հայաստանին զիջումների գնալ ռազմավարական հարցերի շուրջ, ապա Ատրպէյճանի ջանքերը զուր են: Հայաստանն առայսօր գնացել է հնարաւոր բոլոր զիջումների: Մենք [...]
June 30th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՓԱՐՔՍ, Նեւատա, «Էյ.Փի.».- Նեւատա նահանգի Հանրապետական կուսակցութիւնը վերջերս կուսակցութեան ղեկավար ընտրած է Էյմի Թարխանեանը, որ կինն է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախկին թեկնածու, գործարար եւ իրաւաբան Տենի Թարխանեանի, ու հարսը՝ համալսարանական պասքեթպոլի հռչակաւոր մարզիչ Ճերի Թարխանեանի:
Էյմի Թարխանեան խոստացաւ կուսակցութեան նահանգային կառոյցին մէջ բազմացնել փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներու եւ կիներու թիւը, ցաւ յայտնելով, որ նահանգային խորհրդարանի 27 հանրապետական անդամներէն [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՌՈԶԱՆՆԱ ՈՒԼԻԿԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի «Սիփան» մասանաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրինութեան, Շաբաթ, 18 Յունիս 2011ին, կեդրոնի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Շաբաթօրեայ վարժարանի 2010-2011 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը։
Յայտագիրը ընթացաւ աշակերտներուն կողմէ, կրթական տարուան ընթացքին իրենց սորված երգ-արտասանութիւններով, նուագակցութեամբ դաշնակահար Լեւոն Թովմասեանի։
Յաջորդաբար մանկապարտէզի եւ Ա.-Զ. կարգերու աշակերտներ, յայտագիրին ընդմէջէն եւ իրենց ծնողներու ներկայութեան վկայեցին, թէ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄԱՐԻ ԳԱՐԱԼԵԱՆ
Հայ ամերիկեան տարեցներու միութեան Էնսինոյի մասնաճիւղի հերթական ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ «Ֆերահեան» վարժարանի «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 49 անդամներու, նուիրուած էր Մայրերու օրուան եւ Մայիս 28ի տօնակատարութեան: Ճաշը հովանաւորած էին տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Անահիտ Պէրպէրեաններ՝ իրենց ծնողաց յիշատակին եւ Տէկիրմէնճեան, Տարագճեան, Գնաճեան, Վանեան ընտանիքներու ննջեցելոց հոգիներուն համար:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներու նուագներուն ունկնդրութենէն [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Յունիս 29ին կնքուեցաւ Ռուսիոյ մեծագոյն MMVB եւ RTC ֆոնտային արտարժոյթի շուկաներու միաւորման համաձայնագիրը: Սոյն արտարժոյթի շուկան, որ միաւորումէն ետք դարձաւ մեծագոյնը Ռուսիոյ մէջ, պիտի գլխաւորէ Մոսկովեան միջդրամատնային դրամարժոյթի նախագահ Ռուբէն Աղանբէգեան:
June 30th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ազատ օր».- Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող Ողիմպիական «յատուկ» մարզախաղերուն մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանայ 8 հոգիէ, գլխաւորութեամբ Հայաստանի «Յատուկ Ողիմպիական» ազգային խումբի ղեկավար Արտակ Իսրայէլեանի, չորս մարզիկներու, երկու մարզիչներու եւ ուղեկցող անձի:
Հայրենի մարզիկները արդէն կը մասնակցին մարզախաղերու դասաւորման նախնական մրցումներուն, աթլեթիքս եւ լող մարզաձեւերէն ներս: Անոնք են՝ Սուրէն Փալասանեան եւ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՁՕՆ՝ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 16ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Անթիլիասի արխիւատան թէ թանգարանին մէջ ի պահ դրուած պատմական լուսանկարներու մէկ մասին վրայ ակնարկ նետելով, անոնցմէ ոմանց անկրկնելի ու եզակի ըլլալը բացայայտ դարձաւ: Լուսանկարներ, որոնք թէ՛ հնութեամբ եւ թէ իրենց ներկայացուցած պատկերին բովանդակութեամբ արժէքաւոր են:
Տակաւին ամբողջութեամբ չցանկագրուած լուսանկարներուն մէջէն մեր ուշադրութիւնը գրաւեց [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Յօդուածներ, Սփիւռք | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, մինչեւ Սեպտեմբեր ժամանակ տուաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, որպէսզի վերջինս կողմնորոշուի եւ ճշդէ իր պատուիրակները՝ բանակցելու համար ՀԱԿի արդէն իսկ նշանակուած խումբին հետ:
Սերժ Սարգսեան, իր Յունիս 17ի ելոյթով պատասխանած էր ՀԱԿի պահանջներուն եւ յստակ դարձուցած, թէ ինք մտադիր չէ պատուիրակութիւն կազմել եւ երկխօսութիւնը յառաջ տանիլ այդ ձեւաչափով:
Հիմա, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, [...]
June 30th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտարարել, որ Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինը դոկտ. Ալինէ Դուրեանը նշանակեց Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի տնօրէն։
Դոկտ. Դուրեան կենսագիտութեան բնագաւառին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է UCLA համալսարանէն, իսկ հանրային առողջապահութեան մարզին մէջ դոկտորական տիտղոսով վկայուած է «Ճոնզ Հափքինզ» համալսարանէն։
Դոկտ. Ալինէ Դուրեան երկար տարիներ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՄԱԿի ընդհանուր ժողովի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ «Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներ»ուն մասին բանաձեւը դարձեալ ընդգրկուած է ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 66րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ։
66րդ նստաշրջանի նախնական օրակարգին վրայ ընդգրկուած է նաեւ «ՎՈւԱՄ տարածքին մէջ երկարաձգուող հակամարտութիւններու (Վրաստան, Ուքրանիա, Ատրպէյճան, Մոլտովա) եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութեան ու զարգացման համար անոնց հետեւանքներու» մասին կէտը։
«Էխօքավքազա» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 16րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, Յուլիս 3ին, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագի, Հայրապետական մաղթանք պիտի կատարուի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ։
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին, պիտի կատարէ հայրապետական մաղթանքը եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։
«Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները՝ խուռներամ ուղղուելու մեր [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթէն ստացանք հետեւեալ լրատուութիւնը.
Միջոցէ մը ի վեր, մամուլին մէջ կը խօսուէր Սասունի ու զանազան նահանգներու հայերու կողմէ հիմնուած միութեան մը մասին, որուն գործունէութեան շուրջ յստակ գաղափար չունէինք։ Չորեքշաբթի, Յունիս 29ին, «Մարմարա»ի խմբագրատուն այցելութեան եկաւ այս միութեան հիմնադիրներէն ու ամէնէն գործօն տարրերէն Ազիզ Տաղճը, որուն հետ ծանօթացանք, եւ որմէ շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ քննարկուած եւ 1 դէմ, 25 կողմ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունուած է աջաթեւեան Ազգային միութիւն կուսակցութեան պատգամաւորներէն Արյէ Էլտատի՝ Ապրիլ 24ը իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր ոգեկոչելու մասին առաջարկը:
Առաջարկուող օրինագիծով կը պահանջուի Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը ներառել դպրոցական կրթական ծրագիրներու մէջ, իսկ Ապրիլ 24ը սահմանել իբրեւ յիշատակման օր:
Արյէ Էլտատ անհրաժեշտ համարած է, որ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անցեալ շաբաթ կարեւոր ելոյթ մը ունեցաւ Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովէն ներս (ԵԽԽՎ): Իր 30 վայրկեան տեւողութեամբ համապարփակ ճառին մէջ, նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի ներքին ու արտաքին խնդիրներուն՝ օտարերկրեայ բարձրաստիճան լսարանին առջեւ երկիրը ներկայացնելով լաւագոյն լոյսի տակ:
Ներքին հարցերու առումով, նախագահ Սարգսեան խօսեցաւ փտածութեան դէմ պայքարին, «արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ» իրականացնելու եւ [...]
June 30th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ, ՀՀ բռնցքամարտի դաշնութեան առաջին փոխնախագահ Դերենիկ Գաբրիէլեան կը յայտնէ, որ Հայաստանի բռնցքամարտիկները Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք բռնցքամարտի առաջնութեան մասնակցելու պատրաստ են հակառակ այն իրողութեան, որ իրենց կը սպասեն որոշ բարդութիւններ:
Գաբրիէլեան նշեց, որ հայ բռնց-քամարտիկները առաջին անգամ չէ, որ Պաքու պիտի մեկնին, եւ որ անձամբ ինքն ալ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Նիուզ».- Այսօր Հայաստանի Ալփինիզմի եւ լեռնային զբօսաշրջութեան դաշնակցութեան հաւաքական խումբը (եօթը անձ), Իրանի Ալփինիզմի դաշնակցութեան հրաւէրով, կը մեկնի Իրան՝ բարձրանալու համար այդ երկրի բարձրագոյն լեռը՝ Տեմաւենտը, որուն բարձրութիւնը 5671 մեթր է:
Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին, ասիկա առաջին փորձն է վերականգնելու համար հայկական լեռնագնացութեան աւանդոյթը:
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 29ին, մինչ յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենային՝ պետական ծախսերը կրճատելու, տուրքերը բարձրացնելու եւ պետական ընկերութիւններ սեփականացնելու կառավարութեան ծրագիրներուն դէմ, սնանկացման վտանգը դիմագրաւող երկրին խորհրդարանականները 138ի դէմ 155 քուէներով վաւերացուցին սոյն ծրագիրներուն առնչուող մէկ բանաձեւը: Յունաստանի կառավարութիւնը կը յուսայ այս քայլերով 40 միլիառ տոլար խնայել յառաջիկայ [...]
June 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Մեծ Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ Համազգայինի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղի «Նուռ» Մանկական Պարախումբի Ելոյթը
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Վստահ ենք, որ «Ասպարէզ»ի ընթերցողները կը հետեւին Ֆրեզնոյի գաղութի կեանքին եւ ձեռնարկներուն, որոնք կ՛արձանագրուին «Ասպարէզ»ի Շաբաթ օրուան թիւերուն մէջ, եւ կրնան գաղափար մը կազմել հայկական այս գաղութին ու միութիւններու գործունէութիւններուն մասին:
2011ի դպրոցական տարեշրջանի վերջին ձեռնակը Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի
Մանկական պարախումբի ելոյթն էր, որ [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ազդակ».- Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովը նախորդ երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ գումարեց իր տարեկան խորհրդաժողովը, որուն աւարտին հրապարակեց իր պաշտօնական հաղորդագրութիւնը, որուն բանաձեւներէն մէկը Թուրքիայէն պահանջեց ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: (բանաձեւի բնագիրը կը հրատարակենք «Օրը Օրին» սիւնակով):
Այս առիթով, «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերի հետ՝ նկատի ունենալով, որ [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԹԵԼԱՒԻՒ.- Իսրայէլի խորհրդարանը’ Քնեսեթը, Չորեքշաբթի, 29 Յունիսին կայացուցած որոշումին համաձայն Ապրիլ 24ը Իսրայէլի մէջ յիշատակման օր ճանչնալու մասին բանաձեւը 25 թեր եւ մէկ դէմ քուէով որոշեց Կրթութեան եւ մշակոյթի յանձնաժողովին փոխանցել՝ առ ի քննարկում: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ Ապրիլ 24ին Իսրայէլի դպրոցներէն ներս Հայոց Ցեղասպանութեան մասին դասընթացքներ պատրաստել:
Երուսաղէմի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ Յակոբ Սեւան կը տեղեկացնէ, [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ստորեւ կը ներկայացնենք Յունիս 21-24, Փարիզի մէջ կայացած Ուղղափառութեան միջխորհրդարանական վեհաժողովի 18րդ Գլխաւոր վեհաժողովին կողմէ որդեգրուած Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւին բնագիրը՝ «Սլաք» լրատու գործակալութեան կողմէ տրամադրուած.
Մենք՝ մասնակիցներս, արտայայտելով մեր համերաշխութիւնը բոլոր նրանց հետ, ովքեր պայքարում են յանուն 19րդ դարի վերջին-20րդ դարի առաջին քառորդում Օսմանեան կայսրութիւնում քրիստոնեայ ժողովուրդների նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման,
Դատապարտելով այն փաստը, [...]
June 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ արդէն իսկ կազմած է իր տարեկան ձեռնարկի յանձնախումբը, որուն համա-ատենապետ նշանակուած են Քրիսթինա Ճապարեան եւ Լինտա Արտան:
Ճապարեան գործօն անդամ մըն է Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան եւ Հայ կանանց միջազգային միութեան, մինչ Արտան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցի վարչութեան անդամ է:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սթար» թերթին մէջ հրատարակուած լուրի մը համաձայն, Թուրքիոյ մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայ յայտնած է, թէ քիւրտ հեղինակներէն Ֆաքիհի Թէյրանի մէկ գիրքին առընթեր, նախարարութիւնը պիտի տպէ նաեւ հայերէն եւ ասորերէն գիրքեր։ «Ամէն տարի, նման քանի մը գիրք պիտի տպենք», ըսած է նախարարը։
«Առայժմ, անշուշտ յայտնի չէ, թէ նախարարը ո՞ր գիրքերուն կ՛ակնարկէ», կը գրէ «Մարմարա»:
June 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Թայմզ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ատրպեճանական լրատու գործակալութեան (Էյ.Էն.Էս) հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման «ճանապարհային քարտէս»ին մէջ ընդգրկուած են 6 սկզբունքներ:
«Անոնցմէ մէկը Ղարաբաղին յարակից տարածքներէն հայկական զօրքերու դուրսբերումն էր, այդ իսկ պատճառով, այդ քննարկումները մեզ համար մեծ կարեւորութիւն ունէին, սակայն այդ սկզբունքը արդէն վերցուած է», [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մինչ մեր միութիւնը կը թեւակոխէ իր գոյութեան երկրորդ դարը, մենք
ՀՄԸՄը կը պատկերացնենք որպէս՝
… Ուժական եւ նորարար կազմակերպութիւն մը, պարզ կառոյցներով եւ ժողովրդավար որոշումներով, ուր կազմակերպութիւն, վարչութիւն եւ հաղորդակցութիւն, ամէն մակարդակի վրայ, կ՛ընթանան հեզասահ կերպով։
ՏԵՍԼԱԿԱՆ ՀՄԸՄԻ – 2020
Հայ ժողովուրդի մերօրեայ վերանորոգումն ու դարու կշռոյթով վերաշխուժացումը լիարժէք կ՛արդիւնաւորուին այն ատեն, երբ ազգային մեր պետականութեամբ եւ հանրային [...]
June 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի».- Չորեքշաբթի, Յունիս 29ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախագահ Պարաք Օպամա կոչ ըրաւ հանրապետականներուն, որ ընդունին մեծահարուստներէն յաւելեալ տուրքեր գանձելու դեմոկրատներուն առաջարկը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը տնտեսական ճգնաժամէն դուրս բերելու համար ընդհանուր ծրագիր մը որդեգրել: Ան նաեւ շեշտեց, թէ ժամանակը հասած է, որ միլիառաւոր տոլարի շահեր ապահովող քարիւղի հսկայ ընկերութեանց շնորհուող տուրքերու կրճատումները [...]
June 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ խորհրդարանի նոր նստաշրջանը Երեքշաբթի, Յունիս 28ին, բացուեցաւ երդումի արարողութեամբ, բայց այս արարողութիւնը ամբողջական չէր, որովհետեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան երեսփոխանները, միանալով քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան աջակցութեամբ ընտրուած երեսփոխաններուն՝ երդում չտուին, ու այս կերպով պոյքոթի ենթարկեցին խորհրդարանը: Յատկանշական է, որ քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխանները նոյն օրը Տիարպեքիրի մէջ գումարեցին երեսփոխանական խմբակի ժողով մը:
Խորհրդարանի [...]
June 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՔԱՄՓԱԼԱ, Ուկանտա, «Ռոյթըրզ».- Ուկանտայի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Յունիս 29ին հաղորդեցին, թէ կայծակներ հարուածած են երկրի կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող նախակրթարան մը՝ 22 աշակերտներու եւ ուսուցիչի մը մահուան պատճառ դառնալով: Վիրաւորուած են 51 ուրիշներ:
Նոյն օրը, հիւսիսային Նիճերիոյ մէջ կայծակնահարման այլ պարագաներու զոհ գացած է 15 հոգի:
June 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, «Էյ.Փի.».- Մինչ Յունաստանի մէջ պետական կրճատումները գրաւած են աշխարհի ուշադրութիւնը, Քալիֆորնիոյ մէջ եւս նահանգային խորհրդարանի դեմոկրատ անդամները Երեքշաբթի, Յունիս 28ին որոշեցին միայն կրճատումներու ճամբով հաւասարակշռուած ամավարկ մը վաւերացնել, որովհետեւ հանրապետականները ամէն գնով կը մերժեն տուրքերը բարձրացնելու մասին երկու տարի առաջ վաւերացուած որոշումը երկարաձգել:
Նկատի ունենալով, որ նահանգը ակնկալուածէն մօտաւորապէս 8 միլիառ տոլար յաւելեալ եկամուտ պիտի [...]
June 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Քուէն Ուժ է» Միաւորումը Կը Համախմբէ Կազմակերպութիւնները
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հայաստանեան քանի մը հասարակական կազմակերպութիւններ (ՀԿ) միաւորուած եւ
ստեղծած են «Քուէն ուժ է» միաւորումը, որ նպատակ ունի դիտարկումներու, հետազօտութիւններու եւ դիտորդական առաքելութեան միջոցով նպաստել օրինական ընտրութիւններ իրականացնելուն: Այս մասին այսօրուան ասուլիսին յայտնեց «Հայաստանի սպառողներու ընկերակցութիւն» ՀԿի նախագահ, միաւորման անդամ Արմէն Պօղոսեան:
«Մեր հասարակութան հիմնական խնդիրը իրազեկութեան պակասն է: Ընտրութիւնները, [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայրենիքի համար նահատակուածներու եւ անհետ կորսուածներու յիշատակի օրուան
առիթով, ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 29ին այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիրը եւ ծաղկեպսակ դրաւ անհետ կորսուած ազատամարտիկներու յուշարձանին:
Նախագահին կ՛ընկերանային Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատար այլ անձինք եւ հիւրեր Հայաստանէն ու արտերկրէն:
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 29ին, հայ անուանի բռնցքամարտիկ Արթուր Աբրահամ 100 հազար եուրօ արժող նուէրներ յանձնեց Վլադիմիր Ենգիբարեանի անուան բռնցքամարտի ողիմպիական մանկապատանեկան մարզական դպրոցին, սաներուն եւ մարզիչներուն:
Նուէրները՝ «Ատիտաս» վաճառանիշի մարզական գոյք, տանձիկներ, բռնցքամարտի համար նախատեսուած շապիկներ, մարզակօշիկներ, մարզական համազգեստներ, պայուսակներ, ձեռնոցներ, գլխարկներ եւ այլն:
Այդ առիթով, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն՝ Արթուր Աբրահամ նշեց, թէ ամէն մրցումի ժամանակ ինք կը [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Մաշտոց» քոլեճի 19րդ ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Յունիս 25ին, Կլենտէյլի «Վերտուկօ Հիլզ Քա-ունթրի Քլապ»ին մէջ:
Բացման աղօթքը կատարեց հոգաբարձութեան փոխատենապետ Ժիրայր Թորոսեան, իսկ քոլեճին կարեւոր դերակատարութեան մասին խօսեցաւ քոլեճի նախագահ դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, որ նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց:
2011ի շրջանաւարտներուն անունով ելոյթներ ունեցան Նեկտար Պրոնսոզեան, Սօնա Գէորգեան, Գայեան Սաղաթէլեան եւ Լուիզա Շարամաթեան, շնորհակալութիւն [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ բռնցքամարտիկներու «HyeFighter» ակումբէն կը տեղեկանանք, թէ Ուրբաթ, Յունիս 24ին, փետուրի կշիռքի բռնցքամարտիկ Ճերըտ Փափազեան, Օքլահոմայի մէջ կայացած Նիւ Մեքսիքոյէն Ապել Քուլումի դէմ մրցումին, միաձայնութեամբ յաղթական հռչակուած է՝ արժանանալով KOTC-ի վարկածով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին: Երեք դատաւորներն ալ 48-7 կէտերով յաղթական հռչակած են Փափազեանը:
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Հայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերութիւնն ու «Արփա» հիմնարկը, միասնաբար, կազմակերպած են ականազերծման HALO հաստատութեան կողմէ Արցախի մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին դասախօսական ձեռնարկ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յուլիս 7ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Հակառակ այն իրողութեան, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտած է 17 [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՔՀԳ Միութեան հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2011ին, Կլենտէյլի հանրային գրադարանի սրահին մէջ, 222 Հարվըրտ փողոց, Կլենտէյլ։
Այս ամսուան ձեռնարկը պիտի գործադրուի «Ազատ բեմ»ի ձեւով, որուն հրաւիրուած են իրենց նորագոյն ստեղծագործութիւններու ընթերցումով մասնակցիլ փափաքող Գրողներու միութեան անդամները:
Երեկոյեան ժամը 5-6՝ ընկերային ժամ եւ հիւրասիրութիւն։ Իսկ 6-8՝ գրական հանդիպում:
Հրաւիրուած է գրասէր հայ հասարակութիւնը։ Մուտքը՝ ազատ:
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, Հինգշաբթի, Յունիս 30ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ տէր եւ տիկին Պարոյր եւ Անի Աղպաշեաններուն նուիրուած ձեռնակ մը: Խմբագիր եւ ուսուցիչ Աղպաշեան պիտի ներկայացնէ իր հրատարակած երեք հատորները, իսկ Անի Աղպաշեան, իր հրատարակած հատորին մասին արտայայտուելու կողքին, պիտի խօսի Կիլիկիա եւ [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Յունիս 24ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ աւելի քան երեք ժամ վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաֆ Ֆիքսէ Թուիթ:
Ժընեւէն ընդհանուր քարտուղարին կ՛ընկերակցէին դոկտ. Միշել Նսէյր եւ Քարլա Խիժոյեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի ատենապետուհի դոկտ. [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Զմմառու Արծիւեան պատրիարքական միաբանութենէն գերապայծառ Ռաֆայէլ Ծ. վրդ. Մինասեան, Յունիս 24ին Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին յատուկ կոնդակով եպիսկոպոսական կարգին արժանացաւ՝ իբրեւ նոր նշանակուած տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ, եւ առաջնորդ՝ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց (Հայաստան, Վրաստան եւ Ռուսիա):
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութ, Շաբաթ, 16 Յուլիսին, առաւօտեան ժամը 10:30ին:
Հայր [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Յունիս 14ի կէսօրին, հանրայայտ հայ երգիչ Անտրէ, թրքահայ երգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլուի առաջնորդութեամբ այցելած է «Մարմարա»ի խմբագրատուն եւ ընդունուած խմբագիր Ռոպէր Հատտէճեանի եւ թերթի անձնակազմին կողմէ:
Սիպիլ Փեքթորոսօղլու եղած է Պոլսոյ Վարդանանց երգչախումբի երկարամեայ մենակատարներէն, եւ վերջերս կատարած էր մեծ ոստում մը երգարուեստի մարզէն ներս՝ հրապարակելով տեսահոլովակ մը, որ շատ արագօրէն, Թուրքիոյ մէջ թիւ [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ.- Կիրակի, Յունիս 26ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան օժանդակութեամբ, Թիֆլիսի խորհրդարանի գրադարանի ժողովասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի հայ գրողներու համաժողովը:
Համաժողովին մասնակցեցան Վրաստանաբնակ հայ ստեղծագործներ երկրի տարբեր շրջաններէն՝ Սամցխէ-æաւախքէն, Քուեմօ-Քառթլիէն եւ մայրաքաղաք Թիֆլիսէն:
Շրջաններէն համաժողովի անդամները ժամանեցին Թիֆլիս, ուր զանոնք դիմաւորեց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի մշակոյթի բաժինի [...]
June 29th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՇՈՏ ՎԱՒԵԱՆ
Արդէն տասներկու տարի է, որ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա վեհափառը մեզ հետ չէ: 1999 թուականի Յունիսի 29ին երկրային իր բուռն գործունէութիւնից յետոյ նա գնաց վայելելու վաստակած երկնային հանգիստը՝ մեզ իբրեւ ներշնչանք թողնելով ոչ միայն շիրմաքարի «մարդ է որ գործէ զերկիր» սիրուած բնաբանը:
«Ափսոս, հազար ափսոս, որ Հայոց 131րդ Կաթողիկոսն այդքան վաղաժամ հեռացաւ մեզանից, եւ [...]
June 29th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ծնունդի գիշերն էր։ Նստած էինք մենք մեզի՝ ընտանեօք, լուռ, անտարբեր օրուան խորհուրդին հանդէպ։ Կարծես այդ օրը Ծնունդ չէր։ Կարծես Ծնունդին խորհուրդը ձգած էինք հոն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր Ծնունդի գիշերը եկեղեցիները կը շէննային, կը լեցուէին ժողովուրդով։ Երիտասարդները կը վազէին եկեղեցիէ եկեղեցի՝ Յիսուսի Ծննդեան արարողութիւնը տեսնելու։
Մինչ հոս, մեր այս մեծ կայքին մէջ, ամէն ինչ ձեւական [...]
June 29th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԳԵՂԱՐՔՈՒՆԻՔ, «Փանորամա».- Գեղարքունիքի մարզ կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին, Սեւանի հանրային լողափը այցելած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, աշխատանքային քն-նարկում ունեցաւ Սեւանայ լիճի բնապահպանական հարցերու պատասխանատուներուն հետ:
ՀՀ բնապահպանութեան նախարար Արամ Յարութիւնեան եւ նախագահին առընթեր Սեւանայ լիճի հիմնահարցերու յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Մովսիսեան զեկուցեցին լիճի մակարդակի բարձրացման առնչուող, անշարժ գոյքի դուրս բերման, անտառներու մաքրման եւ ենթակառուցուածքներու քանդման աշխատանքներու իրականացման [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+».- Հայ Ազգային Կոնգրեսի այսօրուան հանրահաւաքին պիտի հնչեն յստակ պատասխաններ՝ երկխօսութիւն սկսելու եւ Հայաստանի նախագահին կողմէ վերջերս եղած յայտարարութեան առնչութեամբ:
«Ժողովրդի հետ միասին կ՛որոշենք, թէ ի՛նչ ուղղութեամբ ենք շարժուելու», Յունիս 29ի կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայ Ազգային Կոնգրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան:
Յիշեցենք, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան, Յունիս 17ին անդրադարձած էր ՀԱԿի երկխօսութեան առաջարկին՝ հարցերու քննարկման [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ.- Յունիս 29ին, աշխատանքային այցելութեամբ Վրաստան մեկնած ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ իր գործընկերոջ Կրիկոլ Վաշածէի հետ:
«Մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները, անկախութեան վերականգնումէն ի վեր այսքա՛ն աշխոյժ եւ օրինակելի չեն եղած», ողջունելով Էդուարդ Նալբանդեանը՝ ըսաւ Կ. Վաշածէ:
Նախարարներ Նալբանդեան եւ Վաշածէ գոհունակութիւն յայտնեցին հաստատուած պարբերական շփումներուն առթիւ, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն հետեւելու երկու երկիրներուն միջեւ [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յատուկ քննչական ծառայութիւնը չէ յաջողած պարզել, թէ ովքե՞ր եղած են այն ոստիկանները, որոնք 2008 Մարտ 1ի իրադարձութիւններուն ժամանակ, Լէօ-Պարոնեան հատուածի ջրցան մեքենայի կողքին խմբուած՝ հորիզոնական ուղղութեամբ կրակոցներ արձակած են:
«YouTube»ի վրայ յայտնուած այս պատկերները Յատուկ քն-նչական ծառայութիւնը սկսած էր ուսումնասիրելու անցեալ ամիս: Պարզուած է, թէ կրակողները ոստիկանութեան աշխատակիցներ են, սակայն հնարաւոր չէ եղած պարզել [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ, Յուլիս 18-22ին, ԼՂՀի մէջ պիտի կայանայ մոնոներկայացումներու թատերական փառատօն՝ նուիրուած Արցախի անկախու-թեան հռչակման 20ամեակին:
Ըստ «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի մամլոյ կեդրոնին, հինգ օրերու ընթացքին ԼՂՀ տարբեր քաղաքներու մէջ պիտի խաղացուի 18 ներկայացում, որոնցմէ յառաջացած եկամուտը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան թատրոնի վերանորոգման աշխատանքներուն:
Նշենք, որ փառատօնի կայացման աջակցած են [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Յունիս 29ին Անհետ կորսուածներու յիշատակի օրուան նուիրուած ցերեկոյթին ընթացքին յայտարարեց, թէ հայ զինուորները պատուով կը պահպանեն հայրենիքի սահմանները:
«Փառք ու պատիւ զոհուածներին եւ անհետ կորածներին: Նրանցից շատերի ճակատագրերն անյայտ են: Հնարաւոր է նրանցից շատերը կենդանի չեն, սակայն նրանց հարազատները շարունակում են յուսալ եւ սպասել», ըսաւ նախարարը:
Ս. Օհանեան յայտնեց նաեւ, [...]
June 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունիս 28ին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Ագրարագիւղացիական միութեան նախագահ Հրաչ Բերբերեան նշեց, թէ այս տարի Հայաստան պիտի ապահովէ ծիրանի միջին բերքի շուրջ 30 տոկոսը միայն՝ 20-25 հազար թոն: Սակայն, ըստ անոր, հակառակ բերքին ցած գիներուն, ծիրանի արտածումը կը շարունակուի: Ըստ Բերբերեանի, կարելի է արտածել միայն աւելցուկ գիւղական մթերք, իսկ ծիրանը այս տարի [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) քննչական վարչութիւնը աւարտած է Մ. Թումասեանի կողմէ դրամատնային քարտերու եւ հաշուեհամարներու հետ կապուած տարբեր զեղծարարութիւններու դէպքերուն առթիւ յարուցուած քրէական գործին նախաքննութիւնը, որուն ընթացքին պարզուած է, որ Մ. Թումասեան, 2008ի Սեպտեմբերի սկիզբները գտնուելով Մոսկուա՝ համացանցային շփումներու միջոցով ծանօթացած է «Loader» կեղծանունը օգտագործող անձնաւորութեան հետ, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է տրամադելու ամերիկեան [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Պի.Պի.Սի.», «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Յունիս 28ին, Թուրքիոյ նորընտիր երեսփոխաններու երդման արարողութիւնը մնաց խորհրդարանէն հեռու մնացող երեսփոխաններուն մօտաւորապէս 30 տոկոսին տուած որոշումին շուքին տակ: Արդարեւ, «Էրկենեքոն»ի կամ «Լախտի հարուած» ծրագիրին կամ քրտական տագնապին առնչակից զանազան պատճառներով բանտարկուած կարգ մը թեկնածուներու երեսփոխան ընտրուիլը, ու անոնց ազատ արձակման դէմ դատարաններու կողմէ արգելք յարուցուած ըլլալը, մեծ իրարանցում ստեղծեց երկրին [...]
June 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Երեքշաբթի, Յունիս 28ին, Միջին Արեւելքի հարցերով Ռուսիոյ պատուիրակ Միխայէլ Մարկելով հադիպում մը ունեցաւ արտասահման հաստատուած խումբ մը սուրիացի այլախոհներու հետ՝ քննելու համար Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք, ռուս պատուիրակը յայտարարեց, թէ Դամասկոս պէտք է վերջ դնէ խաղաղ ցուցարարներու դէմ բռնարարքներուն ու լուրջ բարեկարգումներ որդեգրէ՝ միաժամանակ քննադատելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ [...]
June 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հայերուն, այլախոհներու եւ յատկապէս Պասքըն Օրանի՝ Թուրքայէն հեռացումը պահանջող «Թուրք վրիժառութեան ջոկատ» անունով կազմակերպութեան սպառնական նոր նամակներու
հարցին, Երեքշաբթի, Յունիս 28ին անդրադարձած է «Միլլիյէթ» թերթը՝ յիշեցնելով, որ Օրան մահուան սպառնալիքի առաջին նամակը ստացաւ 2004ին, երբ գրի առաւ փոքրամասնութիւններու մասին տեղեկագիր մը։
Օրան անոնցմէ մէկն է, որ Թուրքիոյ մէջ ուշադրութեան կիզակէտ դարձած է հայերու ու քիւրտերու [...]
June 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Սապահ» թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, Քաթարի իշխանին հետ իր հանդիպումին ընթացքին գանգատած է Լիպիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մասին «Ճազիրա» կայանի լրատուութենէն։
«Մենք անհանգստացանք Թուրքիոյ մասին «Ճազիրա»ի լրատուութենէն։ Չենք կրնար հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիոյ դէմ այս թշնամական կեցուածքը կայ», ըսած է ան։
Յայտնենք, թէ կայանը անցեալ Հինգշաբթի օր ցոյց տուած էր, [...]
June 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 28ին Մարտակերտ շրջանային կեդրոնին մէջ մասնակցած է քաղաքի ազատագրման 18րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն, որոնց ընթացքին, նախագահը իր խօսքին մէջ Մարտակերտի ազատագրումը դասած է
Արցախեան ազատամարտի կարեւորագոյն յաղթանակներու շարքին՝ աւելցնելով, որ այսօր ալ պաշտպանութեան բանակը ի վիճակի է կործանիչ հակահարուած տալ հանրապետութեան ազատութեան ու անկախութեան սպառնացող իւրաքանչիւր ոտնձգութեան:
Բակօ Սահակեան [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիոյ (ԳԱԱ) նախագահը՝ ակադեմիկոս Ռադիկ Մարտիրոսեան, վերընտրուած է ՀՀ ԳԱԱ նախագահի պաշտօնին:
Ընտրութիւնը տեղի ունեցած է ՀՀ ԳԱԱ ղեկավարութեան ընտրութեան նուիրուած Յունիս 28ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին: Ժողովի կազմին մէջ ընդգրկուած էր ԳԱԱի 66 իսկական անդամ (ակադեմիկոս), 62 թղթակից անդամ եւ ԳԱԱ կազմակերպութիւններու 41 լիազօր ներկայացուցիչ: Ժողովին մասնակցած է 151 անդամ:
Ժողովի ընթացքին [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Երկիր» թերթի տեղեկութիւններով, պատկերասփիւռի «Հ1» կայանէն հեռանալով՝
«Բանաձեւ» ընկերութեան ղեկավար Արտակ Ալեքսանեան նշանակուած է «Արմնիուզ» հեռատեսիլի ընկերութեան տնօրէն: Կը նախատեսուի, որ «Արմնիուզ»ը դառնայ 24ժամեայ լրատուական կայան:
Համաձայն թերթի աղբիւրներուն, «Հ1»ի մէջ ուրախ են Ալեքսանեանի հեռացումով: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, «Հ1»ի հետ հաշտ չեն նաեւ դերասանուհի եւ հաղորդավարուհի Նազենի Յովհաննիսեանի յարաբերութիւնները:
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 28ին այցելեց Աջափնեակ համայնքին մէջ գտնուող «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնը, որուն բացման արարողութիւնը պիտի կայանայ Օգոստոս 12ին:
«Թումօ»ն ստեղծուած է թեքսասաբնակ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ: Նշենք, որ Սեմ Սիմոնեան կը հանդիսանայ ԱՄՆի մէջ արձանագրուած «Էփիճի Լեպզ Էյ.Էմ.» ընկերութեամբ հիմնադիրը: «Էփիճի Լեպզ Էյ.Էմ.»ը սկսած է իր մասնաճիւղի գործունէութիւնը Հայաստանի [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի հայութեան հաւատքի վկայարան եւ Հայաստան աշխարհը խորհրդանշող Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Յունիս 12ին տօնական օր էր: Օրուան խորհուրդը՝ Հոգեգալստեան տօնը, նուիրական է համայն Քրիստոնեայ աշխարհին համար:
Եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար այդ օրը, բացի իր քրիստոնէական ներշնչող ու կենդանարար նշանակութենէն, լի էր նաեւ երկու յոբելեաններով: Արդարեւ, կը վերջանար Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Ուրբաթ, Յունիս 24ին, Կլենտէյլի դատարանի մը մէջ տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 12ին, ինքնաշարժի արկածով բժիշկ Ճէյքըպ Ուրֆալիի մահուան պատճառ դարձած Էտմոնտ Գրիգորեանի դատավարութիւնը:
29ամեայ Գրիգորեանի փաստաբանը պնդեց, թէ հիւանդ մը դարմանելու համար Կլենտէյլի Ուեսթըրն թաղամասին վրայ իր ինքնաշարժը մայթէն 18 ինջ հեռու շարելով՝ տոքթ. Ուրֆալի իր կեանքը վտանգի տակ դրած էր: [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 22ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Գայեանեանց» Հայ առաքելական քոյրերու միաբանութիւնը տօնախմբեց Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօները աղօթքով եւ ընկերային հաւաքոյթով, միաբանութեան յարկին տակ, «Թռչնոց բոյն»ին մէջ, Ժիպէյլ:
Միաբանութեան երեք անդամներուն՝ առաքինազարդ քոյր Քնար Գայփաքեանի, առաքինազարդ քոյր Շնորհիկ Պոյաճեանի եւ առաքինազարդ քոյր Գայիանէ Պատագեանի մասնակցութեամբ, Սրբոց Հռիփսիմեանց կուսանաց [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈԻԹ.- Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին, Հինգշաբթի, Յունիս 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Կամար» պարբերաթերթի խմ-բագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում
գրականագէտ եւ պատմաբան դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանին հետ՝ ներկայութեամբ գրողներու եւ գրասէրներու:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Կամար» պարբերաթերթի խմբագիր Ժիրայր Դանիէլեան, ապա Վարդան Մատթէոսեանին մասին խօսեցաւ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան: Մատթէոսեանի կենսագրութեան հակիրճ գիծերը ներկայացնելէ ետք, Եղիայեան աւելցուց, որ Մատթէոսեանի [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը տեղեկացնէ, որ «Սապահ»ի քրոնիկագիր Շէլալէ Քատաք այսօր կը խօսի Գումգաբուի Որդւոց Որոտման եկեղեցիին մասին ու կու տայ անցեալէն ալ ճիշդ-սխալ տեղեկութիւններ։ Ան կը նշէ, որ Գումգաբուի Ս. Որդւոց Որոտման եկեղեցին կառուցուած է համբաւաւոր ճարտարապետ Գրիգոր Պալեանի կողմէ։ Եկեղեցին պաշտամունքի բացուած է Հոկտեմբեր 14, 1828ին, բայց 1940 թուականին գործածութենէ դադրած է անխնամ վերանորոգութեան [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՄԱՐԻՆԷ ԽԱՌԱՏԵԱՆ
Չնայած Մայր Աթոռը չի փորձում լուծումներ տալ Սփիւռքի համայնքներից հնչող մտահոգութիւններին՝ կապուած Էջմիածնի վարած քաղաքականութեան հետ, Սփիւռքի համայնքները շարունակում են պայքարել ու բողոքի ձայն բարձրացնել, քանի որ Սփիւռքի եկեղեցիների խնդիրները մնում են չլուծուած:
Շուեյցարիայի Ժնեւ քաղաքի Ս. Յակոբ առաքելական եկեղեցին Էջմիածնի հետ տարաձայնութիւնների պատճառով մէկ ամսից աւելի փակ է: Շուեյցարահայերը 2 օր է՝ ստորագրահաւաք են [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
10 Ունկնդիրներու Երազը
ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Վանայ Ձայն»ի Նոր տարուան յայտագիրներուն մաս կը կազմէր «Երազդ իրականացուր» յայտագիրը:
Յայտագիրին մասնակցեցան 40է աւելի ունկնդիր եւ իւրաքանչիւրը ներկայացուց իր երազը: Անոնց երազներուն մաս կը կազմէին՝ հանդիպում ունենալ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ, «Վանայ Ձայն»էն հաղորդում ներկայացնել, կարիքաւոր 2 ընտանիքի Կաղանդին օգտակար ըլլալ, Ատիս Հարմանտեանի հետ զուգերգ ներկայացնել, գտնուիլ վերջինիս [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Կրօնական կազմակերպութիւններու անդամներուն թիւը Հայաստանի մէջ կը գերազանցէ 300 հազարը:
Ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Հայաստանի մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններէն՝ «Կեանքի խօսք», «Նոր սերունդ», «Աստծոյ ժողովուրդ», «Եհովայի վկաներ» եւ այլն, որեւէ մէկը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապ չունի. բոլորն ալ եկած են դուրսէն՝ Եւրոպայէն ու Միացեալ Նահանգներէն, դուրսէն կը ղեկավարուին, ու հարկ եղած պարագային՝ ազդեցութիւն կը գործեն:
«Ասում են՝ [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արմէն Մարտիրոսեան, Յունիս 27ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ խմբակցութիւնը պիտի շարունակէ խորհրդարանական գործունէութեան մասնակի առկախման տեսքով՝ «պոյքո»չով, իրականացուող բողոքի գործողութիւնը այնքան ատեն, որ նպատակայարմար չի գտներ վերանայիլ այդ որոշումը: Յիշեցնենք, որ Փետրուար 17ին, միախառն կառավարութեան նոր յուշագիրին ստորագրութեան կապակցութեամբ նախ իր անհամաձայնութիւնը յայտնեց «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱՆԻ, «Երկիր Մետիա».- Հայաստանի միջնադարեան Անի մայրաքաղաքի 1050ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններուն ծիրէն ներս, Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) պատմութեան բաժանմունքի շրջանաւարտները հնարաւորութիւնը ունեցան գտնուելու ոչ միայն Անիի, այլեւ Կարսի, Բայազետի եւ Վանի մէջ: Անիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ յանձնուեցան անոնց աւարտական վկայականները:
100 շրջանաւարտներէն աւելի քան 70ը, իրենց դասախօսներէն շատերուն հետ միասին, այս առիթով հաւաքուած էին Անիի [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Հաշմանդամ օդաչուների միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան շուրջ երկու տասնեակ անդամներ, Յունիս 28ին բողոքի ցոյց իրականացուցին նախագահական նստավայրին դիմաց՝ պահանջելով վճարել իրենց հասանելիք փոխհատուցումը:
«Մենք հինգ տարի պայքարում ենք, որ փոխհատուցումը ստանանք. մեզ ոչ մի կոպեկ չեն փոխհատուցում, իսկ կառավարութեան կողմից՝ քար լռութիւն: Մենք օդաչու հաշմանդամներ ենք, մեր հաշմանդամութիւնը ստացել ենք օդում, աշխատանքի ժամանակ: Մեզ փոխհատուցել են [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Անյայտ կորած ազատամարտիկի յիշատակի օրուան առիթով, այսօր Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենան ձեռնարկներ, որոնք կը սկսին առաւօտեան ժամը 10ին, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի ղեկավար կազմի, ՊՆ առընթեր հասարակական խորհուրդի, Արցախեան պատերազմի վեթերաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու այցելութեամբ՝ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ուր կը կատարուի պսակադրութեան արարողութիւն, այնուհետետ՝ ժամը 11ին, տեղի կ՛ունենայ [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, Յունիս 26ին տեղի ունեցաւ համալսարանի 2011ի աւարտական հանդիսութիւնը, զոր կազմակերպած էին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութիւնը: Հանդիսութեան ընթացքին մագիստրոսի կոչում շնորհուեցաւ 202 շրջանաւարտի:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի հրատարակչութեան տնօրէն Նաթան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի օրհնութեամբ: Անոր խօսքով, պատմական դժուարին ժամանակաշրջաններուն Հայ [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը, ընթացիկ տարուան հինգ ամիսներուն ունեցած է աւելի քան 120 հազար այցելու:
Թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Արփինէ Բաբլումեանի հետ կայացած զրոյցի մը ընթացքին, վերջինս յայտնեց, թէ այցելուներուն մէջ էին օտարերկրեայ պատուիրակութիւններ, ուսանողներ, դպրոցական խումբեր, զբօսաշրջիկներ:
Նոյն ժամանակահատուածին թանգարան-հիմնարկի յուշամատեանին մէջ արձանագրութիւն կատարած է 25 օտարերկրեայ պաշտօնեայ:
Բաբլումեան նշեց, թէ թանգարանը այցելուներուն կը [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Մարդոց շահագործման մասին ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարարութեան Յունիս 26ին հրապարակած զեկոյցին մէջ, Հայաստանի վերաբերող հատուածին համաձայն կը նշուի հետեւեալը. «Հայաստան սկզբնաղբիւր երկիր է հարկադիր մարմնավաճառութեան նպատակով շահագործման ենթարկուող կանանց եւ աղջիկներու համար, սկզբնաղբիւր եւ վերջնակէտ երկիր՝ կանանց հարկադիր աշխատանքի համար եւ սկզբնաղբիւր երկիր՝ տղամարդոց հարկադիր աշխատանքի համար: Սեռային շահագործման նպատակով Հայաստանէն կանայք եւ [...]
June 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէնէն տարօրինակ հարցումը, որ ոեւէ մէկը կրնայ հարցնել հայերէն թերթի մը խմբագիրին՝ «Հայերէն գիրք կ՛ընդունի՞ք»ն է:
Անշո՛ւշտ կ՛ընդունինք, կ՛ընդունիք սիրով, կ՛ընդունինք գրկաբաց: Հաճոյքով ալ կ՛արձանագրենք, որ «Ասպարէզ»ի Մկրտիչ Արարատեան գրադարանը նուէր ստացաւ հետեւեալ գիրքերը…
Հեռաւոր Սանթա Պարպարայէն Հուրի Առաքելեանը, իր ծնողներուն՝ Կարպիս եւ Անժէլ Սեմերճեաններու յիշատակին, ուզած է «Ասպարէզ»ին գիրքեր նուիրել: Տիկին Սիրվարդ Առաքելեանի օգնութեամբ չորս [...]
June 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՓԱՐԻԶ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ կը յայտարարէ, թէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները հիասթափուած են, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Քազանի մէջ չկրցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հարցով համաձայնութիւն մը գոյացնել։
«Դուք գիտէք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները չկրցան համաձայնիլ կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ, երբ հանդիպեցան Քազանի մէջ։ Սակայն Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի հետ [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հայաստանի արտաքին գործոց (ԱԳ) փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան, «Կենտրոն» պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ «մինչեւ Ղարաբաղի կարգավիճակի հետ կապուած գլխաւոր հարցում յստակութիւն չլինի, որեւէ այլ բանի մասին խօսելն աւելորդ է», յիշեցնելով, որ այս մասին բազմիցս յայտարարած է նաեւ Հայաստանի նախագահը:
ԱԳՆ ղեկավարին տեղակալը միեւնոյն ժամանակ նշած է, թէ հայ հասարակութիւնը այսօր չի [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի ատրպեճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ երբ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու կարգաւորման մեծ պետութիւնները կը միջամտեն, այդ հակամարտութիւնը կը ձգձգուի, որովհետեւ անոնք այդ հարցին մէջ իրենց շահերը կը հետապնդեն։
«ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակը արդէն երկար տարիներէ ի վեր ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւններ [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Երեքշաբթի, Յունիս 28ի կանուխ ժամերուն, Պաքուի միջազգային օդակայանը ժամանած ամերիկեան «Պլումպըրկ» լրատուական գործակալութեան լուսանկարիչ Տիանա Մարկոսեան արտօնութիւն չէ ստացած քաղաք մուտք գործելու, ուստի եւ Թուրքիա պիտի արտաքսուի:
Ամերիկեան եւ ռուսական քաղաքացիութիւն ունեցող Մարկոսեանի հետ կապ հաստատած Լրագրողներու ազատութեան եւ ապահովութեան հիմնարկէն պաշտօնատար մը հաստատած է, թէ Մարկոսեանի փաստաթուղթերը օրինաւոր էին, սակայն Ատրպէյճանի արտաքին գործոց [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Էտվենթիս» հիւանդանոցին մէջ այսօր առաւօտեան իր մահկանացուն կնքեց սփիւռքահայ լայն շրջանակի կողմէ սիրուած երգիչ Փօլ Պաղտատլեան:
1953ին Հալէպ ծնած Փօլը, իր իւրայատուկ ոճով երգի ասպարէզ մտած է 1974ին, Պէյրութ, Լիբանան: 1977ին փոխադրուած է Լոս Անճելըս, ուր շարունակած է երգել ու իր երգերուն սկաւառակները պատրաստել: Յաճախ հրաւիրուած է արտասահմանեան տարբեր համայնքներ՝ ելոյթ ունենալու համար պարահանդէս-հաւաքոյթներու սրահներու [...]
June 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
Թուրքիան Ու Հայաստանը Իբր Բանակցել Են 3 Թէ 5 Շրջան Վերադարձնելու Շուրջ
ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Պրն. Չաւուշօղլու, այս շաբաթ (Չորեքշաբթի, 22 Յունիսին) Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը ելոյթ ունեցաւ վեհաժողովում, նաեւ հանդիպեց ձեզ հետ: Ինչպիսի՞ն է ձեր տպաւորութիւնը նախագահի հետ հանդիպումից:
ՄԵՒԼՈՒԹ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ.- Հիմնականում մենք քննարկեցինք, թէ ինչ ենք մենք անում այստեղ եւ բարեփոխումների ընթացքը Հայաստանում: Մենք ողջունեցինք երկխօսութիւնը [...]
June 28th, 2011
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիյէթ»ի հրատարակած մէկ լուրին համաձայն, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երեք տարբեր առիթներով պատրաստուած է «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ յարձակումին հարցով ներողութիւն խնդրելու Թուրքիայէն, բայց երեք առիթներով ալ, այդ քայլին չէ դիմած, որովհետեւ կը վախնար, որ իր համախոհական կառավարութիւնը տապալի։ «Իսրայէլի ու Թուրքիոյ միջեւ Ժընեւի մէջ շարունակուող գաղտնի բանակցութիւնները յաջող գնացք ունին ու Նեթանիահու դէմ [...]
June 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼԱ ՀԷՅ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Յունիս 27ին, Միջազգային քրէական ատեանը ձերբակալութեան վճիռներ հրապարակեց Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազաֆիի, անոր զաւակին ու քանի մը այլ լիպիացի պաշտօնատարներու դէմ, մինչ պայքարող ըմբոստները կը հաղորդէին, թէ սկսած են մօտենալու մայրաքաղաք Թրիփոլիին:
Վճիռը տօնակատարութեանց առաջնորդեց ըմբոստներուն մայրաքաղաքը նկատուող Պենկազիի մէջ, ուր ըմբոստներու ղեկավար մը յայտնեց, թէ ձերբակալութեան վճիռը յստակօրէն ցոյց կու տայ, [...]
June 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ.- Ընկերվար միջազգայնականի Միջին Արեւելքի հարցերով յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով վերահաստատեց պաղեստինեան ժողովուրդի ինքնորոշման եւ Արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող պաղեսինեան պետութիւն մը ունենալու իրաւունքին նկատմամբ իր զօրակցութիւնը, միաժամանակ վերահաստատեց 1967ին սկսած իսրայէլեան բռնագրաւումին վերջ տալու իր յանձնառութիւնը։ Յանձնախումբը պաղեստինեան եւ իսրայէլեան կողմերուն կոչ ուղղեց շարունակելու պաղեստինեան պետութեան մը առաջնորող բանակցութիւնները, շեշտելով, թէ յանձնախումբը այլապէս պիտի [...]
June 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մօտ Սուրիոյ դեսպան Նիտալ Քապալան Երկուշաբթի, Յունիս 27ին Անգարայի կոչ ուղղեց՝ Թուրքիա-Սուրիա սահմանը հատող եւ դէպի Սուրիա զէնք մաքսանենգող ահաբեկիչներուն դէմ քայլերու դիմելու։ Դեսպան Քապալան «Հիւրրիյէ»չի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համաձայնութիւն մը ունինք։ Վերջին ամիսներուն, համաձայնագիրին ծիրին մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հազարաւոր ահաբեկիչներ յանձնած [...]
June 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »