Home » July 29th, 2011Entries posted on “July, 2011”
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Աշխարհասփիւռ հայութեան զաւակներուս համար, հոգեկան մեծ ցնծութիւն է եւ պատմական յիշատակելի հանգրուանի մը մասնակցութեան բերկրանք, երբ մեր ազգընտիր հայրապետը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս, հովուապետական այցելութեամբ մը կը պատուէ թեմական շրջան մը։
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մեր թեմը պատմական նման հազուադէպ հանգրուանի մը կը պատրաստուի այս օրերուն։ Ընդառաջելով թեմիս Կրօնական [...]
July 29th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԽԱՉԻԿ ՄԵԼԵՔԵԱՆ
Ներկայիս աննախադէպ տնտեսական ճգնաժամի խորացման հետ մէկտեղ մի միտք անընդհատ անհանգստացնում է ինձ: Եւ դա ոչ միայն Միացեալ Նահանգների, մասնաւորապէս՝ Կալիֆորնիոյ տնտեսութեան անմխիթար վիճակն է, այլ այն, թէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ ինչպիսի՞ մեծ ու փոքր իրադարձութիւններ են նախորդում համաշխարհային թատերաբեմում:
Այս թեման հարիր չէ անհատական մտորումների համար միայն, այդ իսկ պատճառով թո՛ղ որ այսօրուայ արծարծուած [...]
July 29th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Յուլիս 29ին, ընդունած է Միջազգային ելեւմտական ընկերակցութեան (IFC) տարածաշրջանային տնօրէն Թոմաս Լիւպեքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, գոհունակութիւն յայտնած՝ երկկողմ գործակցութեան ընթացքէն եւ կարեւոր համարած անոր հետագայ խորացումը:
Զրուցակիցները քննարկած են պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան ծիրէն ներս ընկերակցութեան հնարաւոր մասնակցութիւնը՝ Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի ծրագիրներուն: Այդ համաթեքսթին մէջ վարչապետը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ուռուցաքաբանութեան գերազանցութեան հայկական [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Յուլիս 29ին, Երեւանի մէջ բացուեցաւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի գրատունը. բացման արարողութիւնը սկսաւ օծման արարողակարգով, զոր կատարեց Երեւանի պետական
համալսարանի (ԵՊՀ) աստուածաբանութեան բաժանմունքի տնօրէն Անուշաւան եպս. Ժամկոչեան:
Բացման խօսքին մէջ եպս. Ժամկոչեան նշեց, որ գրատան բացումը շատ կարեւոր է հայերուն համար. անոնք կը ծանօթանան հայ մշակոյթին ու աստուածաբանական գրականութեան հետ: Ան մաղթեց, որ գրատունը միշտ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».- Ճատրակի աշխարհի ախոյեան Հայաստանի հաւաքականի յաղթանակին
հիմնական գրաւականը խմբային ոգին է: Այս մասին Յուլիս 29ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց խումբի մարզիչ Արշակ Պետրոսեան, որ նաեւ նշեց, թէ խումբի անդամները խաղացած են բոլորը մէկուն, մէկը՝ բոլորին համար:
Անոր խօսքով, միւս երկիրներու ներկայացուցիչները նկատած են, որ Հայաստանի խումբին մէջ ընտանեկան յարաբերութիւններ կան: «Եթէ համախմբուած են եւ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Դաւիթ Կարապետեան մեկնաբանած է
պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի առողջական վիճակին վերաբերեալ լուրերը:
Նշենք, որ Յուլիս 29ին, Հայաստանեան լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ տեղեկութիւն տարածուած է այն մասին, թէ՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի առողջական վիճակը վատթարացած է եւ ան երկարատեւ բուժման կարիքը ունի, ուստի յառաջիկային արձակուրդի պիտի երթայ:
«Այդ նոյն հրապարակման մէջ ես արդէն մեկնաբանութիւն [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի կարծիքով, Էրտողանի կատարած ամբարտաւան արտայայտութեան պատճառը այն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները, Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց սկսելով՝ բանակցային սեղանի շուրջ նստան՝ «հաւասարը-հաւասարի» սկզբունքով: Իբրեւ արդիւնք, հիմա կը քաղեն այդ արտաքին ապաշնորհ քաղաքականութեան պտուղները:
«Թուրքիան մնում է նոյն ցեղասպան Թուրքիան: Սա փաստ է: Եթէ այդ փաստը մենք անտեսում [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- ՑԱԽԱԼի գլխաւոր շտաբի բաժինը հրաման արձակած է, որուն համաձայն, ՑԱԽԱԼի սպաներուն եւ ենթասպաներուն կ՛արգիլուի այցելել 36 երկիր եւ տարածաշրջան: Այցելութիւններու համար արգիլուած վայրերէն են Ատրպէյճանը, Վրաստանը, Չեչենիան, Թուրքիան, Թայլանտի հարաւային շրջանները, Քաշմիրը, Եգիպտոսը, Յորդանանը, Թունուզը եւ Քենիոյ որոշ շրջաններ: Ըստ «Իսրայէլ այ Եօմ» թերթին, արգիլուած երկիրներու ցանկէն հանուած է Հայաստանը, որ նախապէս ընդգրկուած [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նիուզ».- ԵԱՀԿ խաղաղարար ջանքերու տեսանկիւնէն՝ Ղարաբաղի շուրջ բանակացութիւններուն մէջ արձանագրուած է «մէկ քայլ յետընթաց»: Այդ մասին Յուլիս 28ին յայտարարած է Փենթակոնի ղեկավարի Միջազգային անվտանգութեան հարցերով տեղակալ Ալեքսանտր Վերշպօ:
Անոր խօսքով, Յունիս 24ին, Քազանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ, Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցութիւններուն ընթացքին հնարաւոր չեղաւ ապահովել «յառաջընթաց» մը, իսկ «երկու կողմերու միջեւ սահմանին վրայ լարուածութիւնը կ՛աճի»:
Վերշպոյի [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».- «Volvo Trucks Corporation» եւ «Krone holding GmbH&Co.KG» ընկերութիւններու ներկայացուցիչները Յուլիս 29ին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ քննարկած են Հայաստանի մէջ բեռնատար մեքենաներու տարածաշրջանային սպասարկման կեդրոնի մը հիմնադրման հեռանկարները:
Ըստ կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան, զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Հայաստանի մէջ գիւղատնտեսական սարքերու, բեռնատարներու եւ մինչեւ հինգ թոն սառնարանային թափքերու հաւաքման կազմակերպման հնարաւորութիւնները:
Վարչապետը նշած է, որ ՀՀ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սան Ֆրանսիսքոյի, Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ գաղութին համար տօնական օրի մը վերածուած էր Կիրակի, 24 Յուլիս, 2011ը: Արդարեւ, հրաւէրովը եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Հապէշեանի եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւորապէս պատարագեց, քարոզեց եւ ձեռնադրեց երկու սարկաւագներ Յովհաննէս Պալեանն ու Յովհաննէս Մխիթարեանը, անոնց շնորհելով սարկաւագի աստիճան՝ ըստ մեր եկեղեցւոյ կանոնադրութեան:
Շուրջ 200է [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԱՐՕ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Շաբաթ, Յուլիս 9ի գիշերը, Փասատինայի «Pandora On Green» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մելգոնեան սանուց եւ բարեկամներ միութեան տարեկան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը: Ներկայ էին եւ ընդարձակ սրահը
լեցուցած մեծ թիւով մելգոնեանցիներ, բարեկամներ եւ համակիրներ: Այս ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբը միեւնոյն ժամանակ ծրագրած էր մասնաւոր հանդիսութեամբ մը պարգեւատրել Զոհրապ Շամմասեանը՝ որպէս Մելգոնեան սանուց միութեան 2011ի «Տարուան Մարդը»:
ՀԲԸՄի կեդրոնական վարչութեան որոշումով [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Նստած սեղանիս դիմաց՝ այս տողերը կը գրեմ յուզումով եւ արցունքը աչքերուս, մտածումներով կը թափառիմ դէպի պատանութեանս օրերը, երբ ես ալ՝ ՀՄԸՄի սկաուտ, մեր խմբապետ Ընկըլըզմանին (Անդրանիկ Քէնտրճեան) հետ, քալելով բանակումի կ՛երթայինք դէպի Շթորայի ակը, Այնճարի ծառաստանները, Հեռու ջուրը եւ այլ վայրեր… Կարմիր Խաչի պայուսակը կռնակիս, քրտնաթոր եւ յոգնաբեկ՝ ժամերով կը քալէինք, արհամարհելով առաւօտեան պաղ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
2012ի Յունուարի 1ից, Միացեալ Նահանգներում առանց փաստաթղթերի բնակուող ուսանողները կարող են օգտուել մասնաւոր կրթաթոշակներից: California Dream Act կոչուող օրինագիծը նահանգի խորհրդարանում ներկայացւում էր 2005 թուականից, եւ միայն այժմ, հաստատուելով օրէնսդիրների կողմից՝ այն յայտնուեց Ջերի Բրաունի սեղանին: Յուլիսի 25ին, Լոս Անջելըսի քաղաքային քոլեջում հաւաքուած անօրինական ներգաղթեալ ուսանողների ներկայութեամբ, նահանգապետը ստորագրեց օրինագծի մի հատուածը՝ «AB 130»ը:
«Օրուայ վերջում, [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը ոգեւորութեամբ հետեւեցաւ Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած ճատրակի աշխարհի 8րդ խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն եւ ուրախութեամբ ականատես եղաւ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին ախոյեանութեան։
Աշխարհի նշանաւոր երկիրներուն ճատրակի խաղացողներուն ընդդէմ հայրենի վարպետներուն արձանագրած նուաճումը հպարտութեամբ դիմաւորուեցաւ աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄի ընտանիքին կողմէ։ 25 երկիրներու մէջ տարածուած իր 102 մասնաճիւղերով ՀՄԸՄական անդամները, սկաուտներն ու մարզիկները մեծ ուրախութեամբ կը շնորհաւորեն [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայ-ամերիկեան առեւտրի պալատի Լոս Անջելըսի մասնաճիւղն ազդարարեց կազմակերպութեան 2011 թուականի մրցանակաբաշխութեան մեկնարկը: Յուլիսի 16ին, Գլենդէյլի «Հիլթըն» հիւրանոցում անցկացուած ձեռնարկի ընթացքում, կազմակերպութիւնը ներկայացրեց Հոկտեմբերի 1ին նախատեսուած կազմակերպութեան հինգերորդ՝ «Women in Business Excellence Luncheon»ի մէկ տասնեակից աւելի անուանակարգերում մրցանակի թեկնածուներին: Պարգեւները կը տրուեն իրենց գործունէութեան ոլորտներում, այդ թւում՝ գիտութեան, կրթութեան, արուեստի, ձեռքբերումներ ունեցած կանանց, ովքեր նաեւ մեծ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
25 երիտասարդ կամաւորներ անցեալ շաբաթ աւարտեցին Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի բանակումներու առաջին շրջանը: Այժմ, խումբերը իրենց տեղերը փոխանակեցին՝ երկրորդ շրջանը սկսելու համար. Գիւմրիի կամաւորները կը գտնուին Շուշի, իսկ Ստեփանակերտի կամաւորները կը գտնուին Գիւմրի:
Իւրաքանչիւր խումբ շատ լաւ եւ յիշատակելի ժամանակ անցուց կարիքաւոր երեխաներու հետ, առաջին շրջանի աշխատանքներուն ընթացքին:
Բանակավայրերը իրենց կարողականութենէն առաւել խճողուած էին, նկատի [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիզպոնի հինգ տղոց նահատակութեան 28ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 26ի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ, ԼԵՄականներ եւ ԶՈՄականներ ԼԵՄի կեդրոնէն քայլարշաւով ուղղուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր բոլոր ներկաները Լիզպոնի տղոց շիրիմին վրայ ծաղիկներ զետեղեցին եւ մոմեր վառեցին, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ հինգ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութներ | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ Տոնի Ռոսթով քաղաքին մէջ, Յուլիս 27ին խնկարկած են Փորթուկալի մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւման գործողութեան ընթացքին նահատակուած հինգ հայորդիներուն յիշատակը:
Տեղի հայ համանքին նախաձեռնութեամբ ձեռնարկին ընթացքին խօսուած է Լիբանան ծնած հայ հինգ երիտասարդներուն՝ Սեդրակի, Վաչէի, Արայի, Սարգիսի եւ Սիմոնի, ու անոնց հայրենասիրութեան մասին:
Տոնի Ռոսթովի հայ երիտասարդները մասնակցած են նաեւ հոգեհանգստեան ծէսին, որ կատարուած է [...]
July 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ.- «ՓանԱրմինիըն».- Լոնտոնցի անկախ բեմադրիչ Աթինա Մանթիս պիտի նկարէ հայ հերոսուհի Աստրա Սապոնճեանի մասին ֆիլմ մը, որ պիտի կոչուի «Աստրա»: Ֆիլմը հիմնուած պիտի ըլլայ Աստրիտ Խաչատրեանի «Գիշերային երկնքի հետ նմանութիւնը» վիպակին վրայ:
Աստրայի ընտանիքը Էրզրումէն փախած էր Զմիռնիա: Իսկ ամուսինը՝ Սեդրակը, եղած է ազատական թերթի խմբագիր:
Երբ 1915ին սկսաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Աստրան, իր լաւ կարելու ձիրքին շնորհիւ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող 80 տարիներու ընթացքին, մարդասիրական առաքելութիւն ծաւալած «Թռչնոց Բոյն»ը, տարուէ տարի աւելի եւս կը զգայ իր աշխատանքին անհրաժեշտութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս՝ Սփիւռքի մէջ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութիւնը վայելող այս բարեսիրական հաստատութիւնը, Արամ Ա. կաթողիկոսի անմիջական հսկողութեան ներքեւ կը գտնուի: Նորին սրբութեան կողմէ նշանակուած Խնամակալութեան աջակցութեամբ, հայրապետին ներկայացուցիչ Միաբան հոգեւոր տեսուչը եւ հաստատութեան [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը հրաժարած է պետական պարտքի առաստաղի բարձրացման հարցով քուէարկութիւն կատարելէն, որովհետեւ այս հարցով հանրապետականներու ճամբարին մէջ տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին։
Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պէյնըր ներկայացուցած է օրինագիծը, որ չէ արժանացած դեմոկրատական փոքրամասնութեան ու նախագահական վարչակազմի հաւանութեան, իսկ հանրապետականներուն մէկ մասն ալ զայն ոչ բաւարար ծայրայեղական նկատած է։
Հանրապետականները կը [...]
July 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 4։00ին Հոմս-Թարթուս քարիւղի խողովակաշարը ականահարուած է, եւ այդ պատճառով, շուրջ 15 մեթր շրջագիծով փոս մը յառաջացած է ու քարիւղի արտահոսք տեղի ունեցած է։
Նշենք, որ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Սուրիոյ մէջ քարիւղի խողովակաշար մը ականահարումի կ՛ենթարկուի։
Անցեալ Շաբաթ օր Հալէպէն Դամասկոս ուղղուող եւ 500 ճամբորդներ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Քրտական «Ռոժ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) կողմէ գերեվարուած թուրք զինուորները։
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թուրք զինուորները «Ռոժ Թի.Վի.»ի ուղղակի սփռումին ընթացքին յայտնած են, որ իրենց առողջական վիճակը բնական է, եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն կոչ ուղղած են զիրենք ազատ արձակելու համար ջանքեր գործադրելու։
Նշենք, որ շաբաթներ առաջ ՔԱԿի զինեալները առեւանգած էին [...]
July 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Լիբանան այցելած արաբական դիւանագիտական աղբիւրներ, լիբանանեան «Նահար» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ իրենք այն կարծիքին են, որ սուրիական հարցին շուրջ ետդարձ կատարելնուն մասին թուրք պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները նկատի պէտք չէ առնել, որովհետեւ կը պատրուակեն, թէ Թուրքիա, նախքան արաբական եւ միջազգային լիազօրութիւն ստանալը՝ որեւէ քայլի չի կրնար դիմել։
Աղբիւրները կը նշեն, որ «Մեծ ութեակ»ի անդամ երկիրները իրողապէս Թուրքիան լիազօրած [...]
July 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը գրէ, որ ամերիկահայերը կ՛ողջունեն ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզը՝ դիւանագէտ Ճոն Հեֆերնի Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին համար թեկնածութիւնը արգելափակելուն համար։
«Նիւ Ճըրզիի մէջ դեմոկրատականները Երեքշաբթի օր յետաձգած են Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ Հեֆերնի թեկնածութեան հաստատումը՝ բողոքելով, որ նախագահ Օպաման, նախկինին պէս, կը հրաժարի արտասանելէ «ցեղասպանութիւն» բառը, որ իրագործուած է [...]
July 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էդուարդ Քոքոյթի ճափոնական «Մայնիթի» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Հարաւային Օսեթիա մտադիր է Ռուսիոյ հետ դաշնակցային պետութիւն մը ստեղծել։
«Մենք կը կառուցենք անկախ պետութիւն, որուն ժողովուրդը միշտ պիտի յիշէ Ռուսիոյ աջակցութիւնը, եւ մենք պիտի ձգտինք անոր հետ դաշնակցային պետութիւն ստեղծելու։ Ռուսիան եղած է եւ պիտի մնայ մեր հիմնական ռազմավարական գործընկերն [...]
July 29th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
«Խաչիս Ծայրէն Բռնէ՛»
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տառապողներուն ցաւը միայն տառապողնե՛ր կրնան զգալ կամ ըմբռնել: Այլապէս անիկա կը մնայ վերացական տեսութիւն, որուն համար կրնան միայն ցաւիլ լսողներ: Կեանքի տագնապները, որոնք կը
պատահին զանազան անձերու, բնականաբար նոյն ցուցակի մէջ կարելի չէ՛ արձանագրել, երբ իրարմէ այնքա՜ն տարբեր դժուարութիւններու կը հանդիպին մարդիկ իրենց ապրած օրերուն ընթացքին:
Յուսահատութեան պահերը ծանօթ են բոլոր տառապողներուն: [...]
July 29th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Գ. Արտաքին միջավայրային գրգռութիւններ եւ ազդակներ՝
ա. Կրակ, բոց, տաք իրեր եւ հեղուկներ, շոգի, կայծակ, շողարձակում (radiation), արեւու անդրամանիշակագոյն ճառագայթ, ելեկտրական հոսանք, քիմիական նիւթեր եւ ասիտներ, որոնք կը յառաջացնեն տարբեր աստիճանի մորթի այրուածքներ եւ վէրքեր:
բ. Բոյսեր, ծառի տերեւներ, փեղմնափոշի (pollen), կենդանիներու մազ եւ լորձունք, որոնք կը յառաջացնեն մորթի գերզգայնութիւն.
գ. Կենդանիներու խածուածք եւ միջատներու խայթուածք: [...]
July 29th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ամառ է եւ ձեր երեխաները պէտք ունին զբաղումի:
Ինչպէ՞ս կարելի է զիրենք զբաղեցնել ամէն օր: Բնական է, որ ամէն օր կարելի չէ դուրս ելլել, բայց կարելի է հաճելի եւ օգտակար ժամեր անցընել տան մէջ: Պարտէզը կարելի է լաւագոյնս օգտագործել՝ մարզանքի եւ հաճոյքի համար: Այս մէկը պիտի նպաստէ նաեւ ձեր առողջութեան:
Ամրան ընթացքին երեխաները յաճախ կը [...]
July 29th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
ԱՆԱՀԻՏ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ
ԴԵՐՍԻՄ.- Տասնեակ տարիներ անց կրկին Մնձուրը լսեց հայկական երգն ու երաժշտութիւնը, Եռագոյնը ծածանուեց Դերսիմի լեռներում:
Մնձուրի ափին Դերսիմի բնակիչներն ու արտասահմանից եկած հիւրերը սովորականի պէս վայելում էին իրենց հանգիստը, զմայլւում Մնձուր գետի գեղեցկութեամբ:
Երբ հեռուից հնչեց հայկական դհոլն ու զուռնան, փոքր-ինչ խառնաշփոթ առաջացաւ. տասնեակ հետաքրքրասէր աչքեր շրջուեցին դէպի մեզ, այնուհետեւ ձայներ լսուեցին. «Հայերը եկա՜ն, հայերը՜»: Նախորդ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ձեռնարկած է արշաւի մը, որուն նպատակն է ամերիկահայ քաղաքացիները մղել, որ իրենց շրջանը ներկայացնող ծերակուտականներուն միջոցաւ
հարցապնդեն Թուրքիոյ մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէն՝ պարզելու համար անոր կեցուածքները շարք մը կարեւոր հարցերու վերաբերեալ:
Ռիքարտոնէ անցեալ տարուան վերջաւորութեան, Քոնկրեսի արձակուրդի օրերուն, նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Անգարայի մօտ ԱՄՆի դեսպան, հակառակ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Նիուզ».- Յուլիս 29ին տեղի պիտի ունենար հայազգի զինուորական ծառայող Սեւակ Շահին Պալըքչըի սպանութեան գործով առաջին դատական նիստը: Այս մասին տեղեկացուցած են թրքական լրատուամիջոցները։
Տիարպեքիրի ռազմական դատախազութիւնը կը պահանջէ, որ զինուորական ծառայող Քըւանչ Աղաօղլուն, որ կը մեղադրուի Սեւակի սպանութեան համար՝ «Անզգոյշ սպանութիւն» յօդուածով, դատապարտուի մինչեւ ինը տարուան բանտարկութեան: Իսկ հայ զինուորին ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթ, [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Պետական քարիւղի ընկերութիւնը իր բաժնետոմսերու 47 տոկոսը (21 միլիառ տոլար) կը պահէ ԱՄՆի մէջ եւ, եթէ Քոնկեսը չկարենայ օրինական լուծում տալ երկրի պատքը՝ աւելցնելու հարցին, ապա այդ փոխառութիւններուն արժէքը խիստ պիտի իյնայ: Այս մասին «Ենի Մուսավա»չի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ատրպէյճանցի տնտեսագէտ-փորձագէտ Վիւկար Պայրամով:
«Չի բացառուիր, որ Օգոստոս 2ի քննարկումներուն ժամանակ, Միացեալ [...]
July 29th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հոկտեմբեր 6-23, հովուապետական այցով Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ պիտի գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
July 29th, 2011
| Posted in Խմբագրական | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
July 29th, 2011
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կենսագրութիւնը սերտօրէն միահիւսուած է ինչպէս մեր ժողովրդի ազատագրական պայքարի, միացեալ ու անկախ Հայաստանի կերտման, այնպէս էլ՝ յատկապէս Սփիւռքում հայապահպանման գործին: Կուսակցութիւնը կարողանում է մէկ դարից աւելի շարունակել իր ազգանուէր գործունէութիւնը՝ շարքերը համալրող երիտասարդների շնորհիւ նաեւ, ովքեր հաւատարիմ նախնիների կոչին շարունակում են նրանց առաքելութիւնը: Կուսակցութեան որդեգրած ազգային
July 29th, 2011
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, Թուրքիոյ վարչապետի աչքին, լաւ երեւելու համար, հնչեցուցած է Հայաստանի հանդէպ, այնպիսի վիրաւորական արտայայտութիւններ որոնք պէտք է ընդվզեցնեն բոլորս:
July 28th, 2011
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՓանԱրմինիըն».- Յուլիս 27ին, Մոսկուայի մէջ կայացած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի աշխատանքային հանդիպումները՝ ՀԱՊԿի գլխաւոր քատուղար Նիքոլա Պորտիւժայի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Անատոլի Անթօնովի հետ:
ՀԱՊԿի գլխաւոր քատուղարին հետ հանդիպման ընթացքին, քնարկուած են Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ծիրին մէջ համագործակցութեան խնդիրներ, ինչպէս նաեւ 2012ին Հայաստանի մէջ իրականացուելիք ՀԱՊԿի «Կովկաս-2012» զօրավարժութեան [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 28ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի խմբագիր՝ ՀԱԿի անդամ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայ Ազգային Կոնգրեսին մէջ
որոշումները կը կայացուին կարծիքներու համադրումով, եւ այդ լուրերը, թէ իր եւ ՀԱԿի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի միջեւ տարակարծութիւններ կան՝ իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Անոր խօսքով, անհիմն են նաեւ այն խօսակցութիւնները, թէ ինք կը պատրաստուի [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Լեհաստանի Հանրապետութեան
նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսկի Հինգշաբթի, 28 Յուլիսին, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր: Նախագահ Քոմորովսկիին կուղեկցէին ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Կարինէ Ղազինեան եւ Երեւանի փոխքաղաքապետ Կամօ Արէեան:
Լեհաստանի նախագահը ծաղկեպսակ դրաւ յուշահամալիրին առջեւ եւ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր ծանօթացաւ ցուցադրուող նիւթերուն, ապա գրառում ձգեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ, [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Սփիւռքահայ ռոք-աստղը՝ «System of a Down» (SOAD) խումբի երգիչ Սերժ Թանքեան հաստատած է այն լուրերը, որ Օգոստոս 14ին, Երեւանի մէջ հանդէս պիտի գայ բացօթեայ անվճար համերգով: 43ամեայ երաժիշտը պիտի ներկայացնէ երգեր «Elect the Dead Symphony» ալպոմէն, հայ 40 դասական երաժիշտներու նուագակցութեամբ։
Համերգը կը կազմակերպէ «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնը։
Սերժ Թանգեան կ՛ակնկալէ, որ Երեւանի իր համերգին ներկայ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանը Կ՛ողջունէ Ճատրակի Իր Ախոյեան Զաւակները
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Շուէտի մէջ սկսած է համաշխարհային սկաուտական բանակումը: Հայաստանէն այս բանակում մասնակցելու գացած են Հայ ազգային սկաուտական շարժման (ՀԱՍԿ) կազմակերպութեան անդամ 22 սկաուտներ:
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 28 Յուլիսի նիստին որոշած է շարունակել Մինաս Աւետիսեանի քայքաուած որմնանկարներու վերանորոգման աշխատանքը: Աւետիսեանի «Քարմշակ մեքենայ» ընկերութեան նախկին ճաշարանի շէնքին մէջ գտնուող «Հայկական հովուերգութիւն» եւ «Ելեկտրատեխնիկական գործարան»ի նախկին ճաշարանի շէնքին մէջ գտնուող «Գորգ են գործում» որմնանկարները պէտք է տեղափոխուին Երեւան եւ վերականգնուին: Այդ որոշման համաձայն՝ «հայկական հովուերգութիւն» աշխատանքը պէտք է վերականգնուի Գիւմրիի [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հարկային մուտքերը այս տարի կը գերազանցեն նախատեսուած ցուցանիշը: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, կառավարութեան Յուլիս 28ի նիստին, ելեւմուտքի փոխնախարար Ատոմ Ջանջուղազեանի հարց տուած է, թէ ինչպիսի՞ն է հարկային կատարողականը: Փոխնախարարը բացատրած է, որ թերի կատարումներ չկան:
Ըստ Կառավարութեան ղեկավարին, պիւտճէի ծախսային մասով խնդիրներ եղած են այն առումով, որ առաջին կիսամեակին աւելի քան 40 միլիառ դրամի ծախս չէ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 28ին իրականացուցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած երկրին մէջ շինարարութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ կատարուած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ընելիքներուն:
Զեկոյցներով հանդէս եկած են արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Կառլեն Պետրոսեան, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան եւ Ստեփանակերտի քաղաքապետ Վազգէն Միքայէլեան:
Նախագահը կարեւոր համարած է այս ոլորտներուն մէջ իրականացուող աշխատանքները՝ ընդգծելով զանոնք պատշաճօրէն [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Այս տարուան առաջին կիսամեակին, Հայաստանի մէջ արձանագրուած է օձի խայթոցի 89 դէպք, որոնցմէ մէկը՝ մահացու: Այս թիւերը ամփոփած է առողջապահութեան նախարարութիւնը: Ըստ այդ տեղեկութիւններուն, հակաթոյն ստացած է 57 մարդ, իսկ միւսներուն պարագային, անոր կարիքը չէ զգացուած: Օձի խայթոցի առաւել շատ դէպքեր արձանագրուած են Սիւնիքի եւ Արագածոտնի մէջ: Դէպքեր չեն արձանագրուած Գեղարքունիքի մէջ:
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՏԱՒՈՒՇ, «Նիուզ».- Տաւուշի մարզին մէջ Յուլիս 26ին, Բերդ քաղաքի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցներով վիրաւորուեցան ՀՀ զինուած ուժերու պայմանագրային զինծառայողներ՝ 35ամեայ Կարէն Ղուկասեան ու 24ամեայ Մանուէլ Վանէսեան:
«Նրանք, գտնուելով Տաւուշի մարզի սահմանային մարտական դիրքերից մէկում՝ ադրբեջանական կողմի կրակահերթի հետեւանքով մարտական յենակէտի բետոնէ պատի բեկորների անդրադարձից ստացել են մարմնական վնասուածքներ», յայտնեց ՀՀ պաշտպանութեան [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատ Արցախ».- Այս տարուան առաջին կիսամեակին, Արցախի մէջ արձանագրուած է 356 ամուսնութիւն, որ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ՝ աւելի է 23ով։ Այս մասին յայտարարած է ԼՂՀ հասարակական ապահովութեան նախարարութեան ընտանիքի եւ երեխաներու հիմնահարցերու վարչութեան պետ Սամուէլ Դադայեան:
Անոր տեղեկութիւններով, 2008ին Արցախի մէջ սկսած «Երիտասարդ ընտանիքներու պետական աջակցութիւն» ծրագիրի ծիրէն ներս, առաջին կիսամեակին 300,000ական դրամ ամուսնութեան [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ներգնայ զբօսաշրջիկներու միութեան նախագահ Ռոպերթ Մինասեան կը նշէ, թէ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ գործող մարդոց 95 տոկոսը չունի մասնագիտական կրթութիւն:
Այս խնդիրը լուծելու եւ Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով, 2010 Դեկտեմբերին, Լիոնի մէջ ստորագրուած է հայ-ֆրանսական համաձայնագիր մը, որուն իրագործման ծիրէն ներս՝ զբօսաշրջութեան հիմնարկի շէնքին մէջ այս տարուան Սեպտեմբերին պիտի բացուի «Վաթել» հիւրանոցային, [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».- ՀՀ կառավարութիւնը Յուլիս 28ի նիստին որոշած է արգիլել Սեւանայ լիճի աւազանին նոր ջրաելեկտրակայաններու կառուցման համար արտօնագիրներու տրամադրումը:
ՀՀ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեան ըսած է, որ որոշումը ընդունուած է՝ բնապահպանական նկատառումներէ մեկնած, սակայն անիկա չ՛ենթադրեր լիճի աւազանին մէջ արդէն իսկ գործող կամ կառուցուող ջրաելեկտրակայաններու գործունէութեան կասեցում:
Ներկայիս Սեւանայ լիճի աւազանին մէջ կը գործէ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան Յուլիս 28ին տեղեկացուց, թէ քաղաքապետարանը յառաջիկային պիտի փորձէ լուծել Երեւանի մէջ նոր գրախանութներ բանալու հարցը:
«Պէտք է ասեմ, որ այս հարցը մտահոգում է Երեւանի քաղաքապետարանին, եւ Երեւանի քաղաքապետն անձամբ յանձնարարութիւն է տուել, եւ այս մասով գարնանից շուրջ մէկ երկու ամիս է քննարկումներ են ընթանում», ըսաւ Սողոմոնեան:
Որոշ տուեալներու [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան՝ Յուլիս 28ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան նշեց, թէ Թուրքիան պէտք է աւելի խոր եւ լաւ ուսումնասիրէ իր սեփական պատմութիւնը, ու միայն այդ հիման վրայ փորձէ մեղադրանքներ ներկայացնել հարեւան պետութիւններուն:
«Մի՞թէ թուրքերը մոռացել են Թուրքիայի հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթուրքի արած կոչը, որը [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- «Միսս Հայաստան-2011» գեղեցկութեան մրցումը պիտի իրականանայ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան՝ Երեւանի մէջ։ Այս մասին հաղորդեց «Միսս Հայաստան» ազգային գործակալութիւնը:
«Մրցոյթին մասնակցելու յայտերն ընդունւում են Յուլիսի 11ից: Մրցոյթին կարող են մասնակցել 17-24 տարեկան աղջիկները», յայտնեց գործակալութեան զրուցակիցը:
Ըստ անոր, դատակազմը յայտնի պիտի դառնայ միայն մրցոյթի մեկնարկէն առաջ, սակայն սահմանուած կարգի համաձայն, կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին գեղեցկութեան գործակալութեան եւ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ. «Թերթ».- Կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 29 Յուլիսի նիստին փոփոխութիւն կատարեց Հայաստանի պաշտպանութեան ի խնդիր պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած զինուորներու եւ ազատամարտիկներու ընտանիքներուն տրուող դրամական օգնութիւններուն չափերուն մէջ:
Կատարուած փոփոխութեամբ զոհուած զինուորներու ընտանիքները առանձնացուած են ընտանեկան նպաստ ստացող կարիքաւոր ընտանիքներու ցուցակներէն եւ անոնց համար որոշուած է նպաստի յաւելում:
Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետզրոյցի ընթացքին աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Այսօր».- Ատրպեճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան Գետապէյի շրջանը տեղակայուած զօրամասին մէջ արձանագրուած է մահուան երկու դէպք:
Նշեալ զօրամասէն 35ամեայ Աֆթանտիլ Իպրահիմով, իր ինքնաշարժով արկածի հանդիպած ու մահացած է տեղւոյն վրայ:
Նոյն զօրամասի զինուորական ծառայող Սաքիթ Հուսէյնլի, իր զէնքով ինքնասպանութիւն գործած է:
Լրատուականին հետ զրոյցի ընթացքին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաստատած է նշեալ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավրութիւնը իր Հինգշաբթի, 28 Յուլիսի նիստին որոշած է Դանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն բանալու համար միջոցներ յատկացնել:
ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ցրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն այդ նպատակով պիտի ծախսուի տարեկան 43 միլիոն դրամ: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ այս տարի դեսպանատան բացման համար անհրաժեշտ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ատրպեճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Էրտողանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած դէմ առ դէմ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկկողմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային խնդիրները:
«ՍալամՆիուզ»ը, իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք, կազմակերպուած [...]
July 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպեճանական «Թրիպունա» կայքը կը յայտնէ, որ վերջին օրերուն քիւրտ ընտանիքներ Ատրպէյճանի մէջ բնակեցնելու մասին մամլոյ հրապարակումները յաճախակի դարձած են: Ըստ կայքին, օրերս Լենքորանի շրջանին մէջ բնակեցուած են քիւրտ 38 ընտանիքներ: Տեղի բնակչութեան դժգոհութիւնը չյարուցելու համար, իշխանութիւնը զանոնք ներկայացուցած է իբրեւ Նախիջեւանէն տեղափոխուածներ: Այնտեղ, անոնք ապահովուած են հողատարածքներով եւ աշխատանքով:
Ատրպէյճանի հարաւը քիւրտերու բնակեցման գործընթացը [...]
July 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը Իրանի հետ սահմանին վրայ մասնայատուկ ուժեր տեղակայած է։ Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ թրքական ուժերուն շարժումները կապուած են իրանեան բանակին կողմէ ՔԱԿի իրանեան թեւ՝ Քրտական ազատ կեանք կուսակցութեան(ՔԱԿԿ) դէմ կատարուող անդրսահմանային գործողութեանց հետ։
Նշենք, որ վերջերս թրքական բանակէն քսան հրասայլեր հատած էին սահմանը եւ մուտք գործած Իրան։ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈՍԹԸՆ.- Յուլիս 1էն 4ի միջեւ տեղի ունեցան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՄԸՄի 21րդ Միջ-մասնաճիւղային մրցումները Ուպըրն շրջանի դաշտերուն վրայ, հիւրընկալութեամբ Մեծն Պոսթընի մասնաճիւղին:
Չորս օրերու վրայ երկարող խաղերուն ընթացքին, դաշտերու վրայ, միջանցքներուն ու ամէնուրեք, հայ մարզիկը հանդիպեցաւ իր եղբօր ու քրոջ, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի տասը շրջաններու մասնաճիւղերէն, ինչպէս նաեւ Գանատայէն:
ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, հովանաւորութեամբ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին, Յուլիս 27ին պէտք էր յայտարարէր Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու հիմնարկի (ՌՆՀ) գլխաւոր նոր տնօրէնին անունը: «Վետըմոսթի» թերթի տեղեկութիւններով, հնարաւոր է, որ այդ տնօրէնը ըլլայ «ՆԷՕ կեդրոն» ընկերութեան նախագահ Արտեօմ Աւետիսեանը:
Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու հիմնարկի դիտորդական խորհուրդը Փութին որոշած է ինք անձամբ գլխաւորել: Փորձագէտները կը կարծեն, որ ՌՆՀն Ռուսիոյ նախագահի ապագայ թեկնածու Վլատիմիր Փութինի [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յուլիս 12ին, Հայաստանի գրողներու միութեան (ՀԳՄ) տան մէջ, ամերիկահայ գրող, թատերագիր, թարգմանիչ ու բեմադրիչ Հրանդ Մարգարեանի «Հայելիներ» թատերգութեան հայերէն
թարգմանութեան շնորհահանդէսին ընթացքին, միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան ըսաւ, որ «Հրանդ Մարգարեանի «Հայելիներ» փիէսը փայլուն գործ է», ուր կը ներկայացուի մարդոց ներդաշնակութեան փնտռտուքը։ «Անիկա հոգեբանական տրամա է», աւելցուց ան:
«Իր ստեղծագործական գործունէութեամբ՝ Հ. Մարգարեանն իրար է կամրջել [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Երէկ Թուրքիոյ փոքրամասնական թերթերու խմբագիրները անմոռանալի ու նշանակալից օր մը ապրեցան ու յուսադրուեցան այն ակնկալութեամբ, թէ պետութիւնը ծանուցումներու օրինաւոր ճամբով պիտի օգնէ անոնց, որպէսզի անոնք մասամբ թեթեւցնեն իրենց նիւթական հոգերը ու փրկուին փակուելու վտանգէն», կը գրէ «Մարմարա» թերթը։
Փոքրամասնական թերթերու խմբագիրները Երեքշաբթի, Յուլիս 26ին խորհրդակցական ժողովի մը հրաւիրուած էին Թուրքիոյ Մամուլի ծանուցման խորհուրդի )Պասըն [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Հ. ԹՐԹՌԵԱՆ
Այսօրուան մեր գրական անդաստանը թէեւ ծաղկուն ովասիս չէ, սակայն եթէ ոչ յաճախ, երբեմն հոն կը հանդիպինք հոգիները լուսաւորող, միտքերը խթանող, սիրտերը փուլ բերող հրատարակութիւններու: Այդ գիրքերէն է Գէորգ Աբէլեանի «Աղբարիկ, Ափիկ մը æուր…»ը: Հրատարակուած է Պէյրութ, 2010ին, Համազգայինի «Վ. Սէթեան» տպարանէն: Շարունակութիւնն է հեղինակին վերջերս հրատարակած «Ցկեանս Նահատակութիւն» հատորին, որ արդէն իսկ թարգմանուած է [...]
July 28th, 2011
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
28 տարի առաջ, Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանութեան համալիր շէնքը արիւնալի թատերաբեմը դարձաւ հայկական իւրօրինակ Ողջակիզման:
July 28th, 2011
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Ամերիկեան Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յուլիս 20ին ընդունած է խիստ
ձեւակերպումներ պարունակող որոշում մը՝ պահանջելով, որ Թուրքիան բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները վերադարձնէ անոնց «օրինական սեփականատէրերուն»:
43 կողմ եւ 1 դէմ ձայնով, Քոնկրեսի նշեալ յանձնախումբը համապարփակ յաւելուած ընդունած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան Օտարերկրեայ յարաբերութիւններու Լիազօրման որոշումին մէջ՝ կոչ ընելով «ԱԳ նախարարին, որ Թուրքիոյ ղեկավարներուն եւ Թուրքիոյ այլ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Պաշտօնական այցով Երեւան գտնուող Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քամորովսկիի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Հինգշաբթի, 28 Յուլիսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ մէկ օր առաջ, Պաքուի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին, որուն մէջ խիստ վիրաւորական խօսքեր հնչած էին յանձինս հայ ժողովուրդին:
Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի՝ Արեւմտեան [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԹԵԼԱՒԻՒ.- Անգարայի կողմէ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հասցէին հնչած քննադատութիւններուն անդրադարձած է նաեւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ):
Ինչպէս կը գրէ իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոս»չ հեղինակաւոր պարբերականը, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներէն մէկը, որուն անունը չի նշուիր, քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի պահուածքը:
«Իսկ ո՞վ պէտք է Էրտողանէն ներողութիւն պահանջէ Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը գրաւելուն համար», յայտարարած է [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ
Մանոյեան, Յուլիս 28ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չմասնակցի յաջորդ Դեկտեմբերին Սեւրի մէջ կայանալիք «Հայերու համաշխարհային համագումար»ին:
Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը ստորագրուած է 1920ի Օգոստոս 10ին, մէկ կողմէ Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան, իսկ միւս կողմէ՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմին յաղթած պետութիւններուն եւ Հայաստանի հանրապետութեան միջեւ: [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- ԱՄՆ Ծերակոյտի միջազգային յատկացումներու ենթայանձնաժողովը, Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսին, հաստատած է նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած Հայաստանին օգնութիւն յատկացնելու վերաբերեալ նախագիծը:
Համաձայն ընդունուած փաստաթուղթին՝ Միացեալ Նահանգները 2012ին 40 միլիոն տոլարի տնտեսական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Հայաստանին: Այս մասին կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը:
ԱՄՆ կառավարութեան աղբիւրները կը յայտնեն, որ արտաքին եւ պետական օժանդակութեանց յատկացման համար պատասխանատու ենթայանձնաժողովը հաւասարակշռութիւն [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Երբ թրքական դատարանը սպանութիւն գործելու համար 22 տարի 10 ամսուան բանտարկութեան ենթարկեց Օկիւն Սամասթը, «Amnesty International» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կրկին կոչ ըրաւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն՝ հետաքննելու պաշտօնական անձերու դաւադրութիւնն ու անփութութիւնը՝ կապուած 2007ին «Ակօս» թերթի հայ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ:
«Օկիւն Սամասթը Հրանդ Տինքի սպանութեան պատասխանատու մարդոցմէ մէկն է միայն: Իշխանութիւնները պարտաւոր են հետաքննելու անոր [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի վախճանման Ա. տարելիցին առիթով, Կիրակի, Յուլիս 17ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Ս. Խաչ Մայր տաճարի Ս. պատարագին, ներկայ հաւատացեալներուն ուղղեց իր պատգամն ու յաւարտ պատարագի՝ նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան։ Հոգեհանգիստը տեղի ունեցաւ հոգելոյս սրբազանին շիրիմին առջեւ։
Պատարագիչն էր Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւներէն Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան։ Ներկայ էին Եփրեմ արք. Թապագեան, Ազգ. [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ այս տարի եւս, վարժարանի աշակերտները մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու տարածքին տեղի ունեցող քննութեանց: «SAT 10»ի
քննութիւններէն ի յայտ եկած է, թէ վարժարանին աշակերտները կը շարունակեն ամէն տարի աւելիով բարելաւել նախորդ տարուան արդիւնքները: Արդարեւ, քննութեան արդիւնքները ազգային միջինէն 70-80 տոկոս աւելի բարձր եղած են այս տարի:
Նաեւ, «Ճան Հափքինզ» համալսարանին կողմէ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կիրակի, Յուլիս 17ին, Ռիվըրսայտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը, Տիկնանց միութիւնը եւ համայնքի հաւատացեալները ժամանեցին առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճար, ուր Ս.
պատարագ մատոյց եւ քարոզեց Ռիվըրսայտի եկեղեցւոյ այցելու հոգեւոր հովիւ դոկտ. Ստեփանոս քհնյ. Տինկիլեան:
Այս առթիւ նշուեցաւ նաեւ տէր հօր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 20րդ տարեդարձը: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց տէր հօր եւ [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Հինգշաբթի, Օգոստոս 11, 2011ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, կազմակերպութեամբ «Արփա» հիմնարկին, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ արուեստի եւ արուեստի գործերու փոխանակման
գործընթացին մէջ Իսֆահանի հայ առեւտրականներուն դերակատարութեան մասին պիտի դասախօսէ լեզուագէտ եւ արուեստաբան դոկտ. Լեւոն Չուքասզեան:
Դասախօսական սոյն ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. [...]
July 28th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՔԱՊՈՒԼ.- Չորեքշաբթի, 27 Յուլիսին, Աֆղանիստանի Քանտահար քաղաքի ղեկավար Ղուլամ Հայտար Համիտի, քաղաքացիներու հետ հանդիպման մը ընթացքին ահաբեկուեցաւ՝ մարմինին վրայ փակցուցած
ռումբը պայթեցնող անձի մը կողմէ: Թալիպանները անմիջապէս ստանձնեցին գործողութեան պատասխանատուութիւնը:
65ամեայ աֆղան պաշտօնատարը, ամիսներ առաջ հրապարակային կերպով յայտարարած էր, թէ իր կեանքը վտանգի տակ է, որուն պատճառով ալ ան մշտապէս ինքզինք շրջապատած էր թիկնապահներով: Ըստ անոր, իր [...]
July 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
Թրքական լրատուամիջոցներու հաղորդումով, Պելճիքայի մէջ թրքական «Ալատտին» մզկիթի ներկայացուցիչ Մուհամմատ Քարաօսման յայտնած է, թէ անծանօթ անձ մը կամ անձեր, կանխամտածուած կերպով յարձակում գործած են մզկիթին դէմ եւ Պելճիքայի ու Թուրքիոյ դրօշները հանելով՝ պատռտած են զանոնք, կոտրած են մզկիթին ապակիները, ապա՝ բախուստի դիմած։
Յարձակումը քննադատած է Պելճիքայի թուրք-իսլամական հիմնադրամի մամլոյ խօսնակ Ճոշքուն Պէյազկիւլ։ Ան մտավախութիւն յայտնած է, [...]
July 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, թէ Երեքշաբթի օր պաշտօնական այցելութեամբ Ատրպէյճան գտ-նուող Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի ի պատիւ կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի պատմական հողն է եւ անոր անքակտելի մասը։
«Դարերով ատրպէյճանցի ժողովուրդը այդ հողին վրայ ապրած ու ստեղծագործած է։ Ինքնին «Ղարաբաղ» բառը, ունի ատրպեճանական ծագում. այնտեղ [...]
July 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ 32 տարիէ ի վեր հնագիտական պեղումները
գլխաւորող իտալացաի հնագէտ Ֆրանչեսքօ տ՛Անտրիա յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ յայտնաբերած է Քրիստոսի 12 առաքեալներէն Ս. Փիլիպոսի գերեզմանը։
Նշելով, որ շուրջ երկու հազար տարի առաջ քրիստոնէութիւնը տարածելուն համար հռոմէացիներու կողմէ սպաննուած Ս. Փիլիպոսի գերեզմանը յայտնաբերուած է Հիէրապոլիս (Փամուքքալէ) հնամենի քաղաքին մէջ՝ իտալացի հնագէտը ըսած է, [...]
July 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի իշխանութիւնները չեն ձգտիր Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման, ի դէմս Ռուսիոյ՝ վրացական հասարակութեան մէջ յամառօրէն արմատաւորելով թշնամիի կերպարը: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար, փոխնախարար Կրիկորի Կարասին:
«Վրաստանի յարձակումէն ետք մեր յարաբերութիւնները, նախկինին նման, կը կրեն ծանր փորձութիւններ։ Թիֆլիսի մէջ կը սաստկանայ հակառուսական ջղագրգռութիւնը: Իշխանութիւնները, ի դէմս Ռուսիոյ՝ մոլեռանդօրէն վրացական [...]
July 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահագներ յայտնեց, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ «անկայունութեան» ազդակի վերածուած է, եւ երկրորդ անգամն ըլլալով նշեց, որ Ասատ «իր օրինականութիւնը կորսնցուցած է»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտ դատապարտեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու շարունակութիւնը եւ շեշտեց, թէ Ասատ պէտք է հասկնայ, որ ինք անփոխարինելի անձ մը չէ. «Կը կարծենք, թէ ինք [...]
July 27th, 2011
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի Սերգէյ Փարաջանովի թանգարանը 20 տարեկան է: Փարաջանով երբեք Հայաստանի մէջ չէ ապրած, սակայն անոր մահէն ետք, իր գեղարուեստական ամբողջ ժառանգութիւնը կտակած է պատմական հայրենիքին: Թանգարանին մէջ հաւաքուած է անոր Թիֆլիսի տան իրերը, աւելի քան 600 գործ եւ անձնական իրեր:
Փարաջանով ձգած է «ֆորմաթից դուրս» նկարահանուած, ինչպէս նաեւ քանի մը անաւարտ շարժապատկերներ եւ բեմագրութիւններ: [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊԷՅԺԻՆԿ, «Նիուզ».- Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի առաջիններէն Լեւոն Արոնեան, աշխարհի առաջնութիւնը շահելէ ետք, «chess-news.ru»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է, թէ երբ ոեւէ մէկը այդպիսի տիեզերական վարկանիշ ունի, կը նշանակէ, թէ ան պարտաւոր է խաղալ իր վարկանիշին համահունչ:
«Կարգավիճակիս համահունչ պարտաւոր եմ լաւ խաղալ: Եւ ես դա փորձում եմ անել: Ճիշդ է դա այսօր ինձ մօտ այդքա՛ն էլ [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊՈՒԽԱՐԵՍՏ, «Թերթ».- Պուխարեստի մէջ մեկնարկած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի
երիտասարդական առաջնութեան առաջին օրը յաջող դասաւորուեցաւ Հայաստանի համար: 74 քիլոկրամ կշիռքի կարգին մէջ աշխարհի ախոյեան դարձաւ հայ ըմբիշ Ռաֆիկ Մանուկեան:
1/16րդ եզրափակիչին Մանուկեան յաղթեց իտալացի Կիրօ Ռուսոյին, ապա առաւելութեան հասաւ աւստրիացի Մայքլ Վակների նկատմամբ: Քառորդ եզրափակիչին Մանուկեան յաղթեց թուրք Իսմաիլ Գոցասլանին, իսկ եզրափակիչին՝ Արգատիուշ Գուլինիցին (Լեհաստան):
Հայաստանի կազմին մէջ [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ճատրակի աշխարհի ախոյեան Հայաստանի հաւաքականը արդէն վերադարձաւ հայրենիք: Հայաստանի նախագահ, Ճատրակի դաշնակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, օդանաւի աստիճաններուն մօտ դափնեպսակներով դիմաւորեց աշխարհի ախոյեանները՝ խումբի աւագ Արշակ Պետրոսեանը, Սերգէյ Մովսիսեանը, Վլադիմիր Յակոբեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Ռոպերթ Յովհաննիսեանը: Խումբի առաջին Լեւոն Արոնեանը Հայաստան պիտի վերադառնայ աւելի ուշ:
Օդակայանին մէջ հարիւրաւոր հայորդիներ դիմաւորեցին աշխարհի ախոյեան Հայաստանի հաւաքականը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Շարք մը օտարերկրեայ պետութիւններէ ժամանած հասարակական գործիչներու եւ ձեռներէցներու պատուիրակութիւն մը ուխտագնացութիւն կ՛իրականացնէ Ղարաբաղի մէջ։
Խումբը կը գլխաւորէ Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քարոլայն Քոքսը, որ ղարաբաղեան շարժման առաջին իսկ տարիներէն, անգնահատելի ներդրում ունեցած է Ղարաբաղի ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ:
Ուխտագնացութիւնը սկսած է Յուլիս 23ին, Բերդձոր շրջանային կեդրոնէն: Ուխտագնացները կ՛այցելեն Լիսարգոր, Այգեստան եւ [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Յայտնի հայ դերասան, երգիծաբան եւ դրամատուրկ Վարդան Պետրոսեան, Օգոստոս 8ին եւ 9ին, Երեւանի Պարոնեանի անուան երաժշտական պետական թատրոնին
մէջ պիտի ներկայացնէ ժամանակակից երիտասարդութեան բարդոյթներուն եւ խնդիրներուն մասին պատմող «Սեռասարսափ» ներկայացումը:
«Սցենարը երկար ճանապարհ է անցել: Այն զարգացել է համաշխարհային ցնցումներին եւ քաղաքական իրադարձութիւններին զուգահեռ, եւ միշտ փոխել է իր անուանումը՝ «Մի վախեցէք», «Յիսուսը մեզ հետ [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Մինչ Ատրպէյճան կը շարունակէ իր ջղագրգիռ կեցուածքը Ղարաբաղ այցելողներուն հանդէպ ու կը յայտարարէ, թէ անոնց առջեւ պիտի փակուին Ատրպէյճան տանող բոլոր դռները եւ թէ ատրպէյճանցիներուն համար անոնք պիտի ըլլան «անցանկալի անձեր» (Persona non grata), իտալացի քանդակագործները կը շարունակեն Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ ստեղծել իրենց նոր գործերը:
Յիշեցնենք, որ Շուշիի «Նարեկացի» արուեստի միութեան տան մէջ, [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԿԱՊԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կապան-Կլենտէյլ քոյր քաղաքներու համագործակցութեան ծիրէն ներս, հերթական օգնութիւն ուղարկուած է Կապան, այս անգամ՝ քաղաքի կեդրոնական հիւանդանոցին: Օգնութիւնը 27 հազար տոլարի համարժէք բժշկական պարագաներ են՝ վիրահատական ասեղներ, ներարկիչներ եւ այլն: Նախաձեռնութիւնը կլենտէյլցի երկու ընտանիքներու կը պատկանի՝ Վարդգէս եւ Մերի Նաճարեաններ՝ Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի ծնողները, եւ Ուիլեըմ ու Տոննի Լուսեր:
Շուտով Կապանի բժշկական կեդրոն պիտի [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի զարգացման ծրագիրը կ՛ենթադրէ շուրջ մէկ միլիառ դրամի ներդրում: Ըստ թանգարանի ղեկավար Գագիկ Գիւրջեանի, այդ գումարին 400 միլիոնը կը նախատեսուի օգտագործել հնավայրը 1968ի վիճակին բերելու նպատակով:
«Խորհրդային շրջանում հնավայրի տարածքում օգտագործուել են բետոնէ սալիկներ, հնագիտական բարեկարգումներ իրականացնելու համար ոչ համապատասխան եղանակներ, որոնք պէտք է շտկել, ինչպէս նաեւ վերացնել դրան յաջորդած շրջանում արուած վանդալիզմի [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՎԱՆԱՁՈՐ, «Նիուզ».- Վանաձորի մէջ, Յուլիս 26ին սկսած է Հայաստանի տարբեր մարզերու միջնակարգ դպրոցներէն 30 ուսուցիչի համար մարդու իրաւունքներու երեքշաբաթեայ դասընթացքը, որուն նպատակն է՝ կատարելագործել հասարակագիտութեան ուսուցիչներուն մօտ մարդու իրաւունքներու մասին գիտելիքները եւ գործնական հմտութիւնները:
«ԵԱՀԿ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Մարդու իրաւունքներու կրթութեան, քանի որ անիկա կարեւոր է երկրին մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար», ըսած է ԵԱՀԿ երեւանեան [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Յուլիս 25ին, «Լոյս» հիմնադրամի աջակցութիւնը վայելող խումբ մը ուսանողներու հետ հանդիպման ժամանակ, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտարարած է, թէ ԼՂՀի իւրաքանչիւր բնագաւառի մէջ մարդուժի լուրջ խնդիր կայ։
ԼՂՀ վարչապետը ողջունած է աշխարհի նշանաւոր համալսարաններու մէջ ուսանող հայ երիտասարդները, Արցախ գտնուելու եւ «Լոյս»ի ծրագիրները այնտեղ եւս իրականացնելու առիթով:
ԼՂՀ վարչապետը բարձր գնահատած է երիտասարդներուն մօտ ուսման [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2007էն ի վեր, Երեւանի գրախանութներուն մէջ յայտնուած են հայկական դասական ստեղծագործութիւններու կրճատուած տարբերակներ՝ սեղմավէպեր: Հարիւրաւոր էջեր կարդալու փոխարէն, ընդամէնը քանի մը տասնեակ էջերու շնորհիւ ընթերցողը կրնայ ծանօթանալ գիրքի ընդհանուր բովանդակութեան՝ խնայելով իր ժամանակը:
«Սեղմավէպերը նախատեսուած են նրանց համար, ովքեր ցանկանում են կարճ ժամանակում ծանօթանալ հայ ժողովրդի անցեալի գրականութեանը եւ դրա միջոցով՝ նաեւ պատմութեանը», այսպէս [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան մտադիր է հայրենիք վերադարձնել արտերկրի յատուկ հաւաքածոներու մէջ գտնուող հայ նկարիչներու կտաւներ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը: Ան նշեց, թէ խօսքը յատկապէս կը վերաբերի Մարտիրոս Սարեանի կտաւներուն:
Նշենք, որ Յունիս 8ին, Լոնտոնի MacDougall արուեստի աճուրդի կեդրոնին մէջ ներկայացուած էին Մարտիրոս Սարեանի երեք նկարները՝ «Երեւանեան էտիւդ», «Կովկասեան փողոց» [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոսթի-Արմէնիա».- Հայաստանի Ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, ՖԻՖԱի՝ Յուլիս 27ին հրապարակած վարկանիշին մէջ կը պահպանէ իր 70րդ տեղը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ֆութպոլի միջազգային դաշնակցութեան պաշտօնական կայքը:
«Եուրօ-2012» ընտրական խումբի Հայաստանի խումբին հակառակորդները դասաւորուած են հետեւեալ ձեւով.
Ռուսիան 17րդ դիրքէն իջած է 18րդ, Սլովաքիան՝ 28րդէն 29րդ, Իրլանտան՝ 31էն 33րդ, Մակեդոնիան յայտնուած է 96րդ հորիզոնականին՝ բարձրանալով երկու կէտ, իսկ [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Սլաք».- Յուլիս 26ին, կառավարութեան մօտ տեղի ունեցած է Տեղեկատուական գիտարուեստներու զարգացման աջակցող խորհուրդի (ՏԳԶԱԽ) հերթական նիստը, զոր վարած է վարչապետ, խորհուրդի նախագահ Տիգրան Սարգսեանը:
Խորհուրդի նոր կազմին ծանօթանալէ ետք, նիստին մասնակիցները անցած են օրակարգային հարցերու քննարկման: Մասնաւորապէս անդրադարձ եղած է հարկային հաշիւներու ելեկտրոնային արձանագրութեանց ընթացքին յառաջացող խնդիրներուն: Այս առնչութեամբ, կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարած է քննարկել հարցի [...]
July 27th, 2011
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Համազգայինի Փասադինայի շրջանի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը, Յունիս ամսուան ընթացքում իրականացրել է երկու յաջողակ ձեռնարկներ, որոնք մեծ ընդառաջում գտան Փասադինայի ու նաեւ մօտակայ շրջաններից ժամանող մասնակիցների կողմից:
July 27th, 2011
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄԱՀԼԱՄ, Իրան.- Հայկական յուշարձանները ուսումնասիրող հիմնադրամի նախագահ, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան 10 Յունիսէն 10 Յուլիս եղած է Իրան, ուր ուսումնասիրած է հայկական յուշարձաններն ու բերդերը: Քանի մը օր առաջ լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին Կարապետեան ներկայացուց իր այցին մանրամասնութիւնները:
Կարապետեանի խօսքով, Իրանի տարբեր ծայրերու մէջ կան թէ՛ պատմական եւ թէ նոր ձեւաւորուած գաղթավայրեր: Ինք այցելած է պատմական [...]
July 27th, 2011
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »