Home » December 30th, 2011Entries posted on “December, 2011”

Խմբագրական- Անկոտրում Յանձնառութիւն՝ Հայ Դպրոցական Ցանցի Գոյատեւման Եւ Ընդարձակման Ի Խնդիր

Խմբագրական- Անկոտրում Յանձնառութիւն՝ Հայ Դպրոցական Ցանցի Գոյատեւման Եւ Ընդարձակման Ի Խնդիր

Մեծ էր մեր փառասիրութիւնը. կ՛ուզէինք որ այս յատուկ թիւը ունենար երեք խորագիր.
1) Հայկական վարժարաններու դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ հայապահպանման գլխաւոր ամրաբերդերը համարուող այս կառոյցներու ներկայ վիճակն ու անոնց հեռանկարները:
2) Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան քսան տարին լրացաւ. յատկապէս կաշառակերութեան դէմ պայքարելու համար անհրաժեշտ նկատուած սերնդափոխութիւնը իրականացա՞ւ, այսօր վերջապէս ունի՞նք մեր հայրենիքին մէջ առողջ երիտասարդական շունչ բերող երիտասարդութիւն:
3) Հայկական Ցեղասպանութեան [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ «ՖԵՐԱՀԵԱՆ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ՝ «ՖԵՐԱՀԵԱՆ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հետեւողական Վերելքը, Թէկուզ Քայլ Առ Քայլ, Ճակատագրական Գործօնն Է Հայ Դպրոցի Պահպանման Եւ Գոյատեւման
ՆԱԶ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ-ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Ն.Տ.Ս.- Կը գիտակցինք ամերիկահայ մեր կեանքին մէջ հայկական կրթական օճախներու ստանձնած կարեւոր դերին ու ապագայ հայ մարդը պատրաստելու իւրայատուկ առաքելութեան: Իբրեւ «Ֆերահեան» ազգային վարժարանի երկար տարիներու տնօրէն, կրնա՞ք ամփոփ կէտերով ներկայացնել դպրոցի այսօրուան պատկերը:
ԺԱՆ ԳՈՍԱԳԵԱՆ.- Դպրոցը, որ այսօր կը ճանչցուի [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՀԱՐԶԱԶՐՈՅՑ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

ՀԱՐԶԱԶՐՈՅՑ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Մոնթեպելլոյի  Գաղութը Ձեռնարկած Է Մեսրոպեանի Վերականգնման Հանգրուանին
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Մեսրոպեան վարժարանը հիմնուած է Մոնթեպելլոյի եւ անոր յարակից շրջաններու հայ համայնքին մէջ հայապահպանութեան օճախ դառնալու առաքելութեամբ: Կրնա՞ք ներկայացնել այս համայնքը.  Մեսրոպեանի հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր ի՞նչ փոփոխութիւններու ենթարկուած է համայնքը:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ.- Մոնթեպելլոյի եւ շրջակայքի հայ համայնքին կազմաւորումը ծնունդ առաւ 1950ական թուականներու սկիզբը: Համայնքին հիմնադիրները Նացի Գերմանիոյ կողմէ գերեվարուած [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՀԱՐԶԱԶՐՈՅՑ՝ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՌՈԶ ԵՒ ԱԼԷՔ ՓԻԼԻՊՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԴՈԿՏՈՐ ԱԼԻՆէ ԴՈՒՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

ՀԱՐԶԱԶՐՈՅՑ՝ ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ՌՈԶ ԵՒ ԱԼԷՔ ՓԻԼԻՊՈՍ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԴՈԿՏՈՐ ԱԼԻՆէ ԴՈՒՐԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Պատկերացնել Սփիւռքահայութիւն Առանց Հայկական Վարժարանի
Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն հետ կատարուած հարցազրոյցներու շարքին, Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային Վարժարանի թղթակիցը ներկայացուցած է վարժարանի ամփոփ պատմականը, անոր տարածած ազդեցութիւնն ու գործունէութեան ոլորտները եւ ապա անցած է հարցազրոյցին՝ հետեւեալ ձեւով.
1969ին, տեսլապաշտ ոգիով մարդիկ հիմը կը դնէին Ռոզ Եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին, Հոլիվուտի շրջանին մէջ՝ վարձու [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ՇԱՄԼԵԱՆ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ «ՇԱՄԼԵԱՆ» ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ՝ ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

Անհրաժեշտ Է Վերատեսութեան Ենթարկել Հայերէն Առարկաներու Բովանդակութիւնը
«Շամլեան» Ազգ. Վարժարանը նախաձեռնել է հայերէն առարկաների վերարժեւորման ու զարգացման «Սարոյեան» ծրագիրը, որի հիմնական նախաձեռնողը հանդիսացել է վարժարանի տնօրէն՝ պրն. Վազգէն
Մատէնլեանը: Սոյն ծրագրի մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով հարցազրոյց ունեցանք պրն. Մատէնլեանի հետ, որն ստորեւ ներկայացնում ենք մեր ընթերցողների ուշադրութեանը:
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ.- Պրն. Մատէնլեան, վերջերս յաճախ է խօսւում «Շամլեան» Ազգ. [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԲԸՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԲԸՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ-ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԵՏ

Պատրաստել Վաղուան Ամբողջական Հայն ու Քաղաքացին
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Համառօտ պատկերացում մը կը հաճի՞ք տալ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մասին։
ՊՐՆ. ՅԱԿՈԲ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Տնօրէն).-  ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը կը գտնուի հայաշատ Սան Ֆերնանտօ հովիտի արեւմտեան շրջանին մէջ։ Անիկա բաղկացած է ծաղկոցէ, մանկապարտէզէ, նախակրթարանէ եւ երկրորդական բաժիններէ։ Աշակերտութեան թիւը կը հաշուէ շուրջ 800, մնայուն եւ այցելու ուսուցիչներու թիւն է 72, իսկ պաշտօնեաները՝ [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՀԲԸՄ ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆ ՓՐՈՖ. ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՅԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍԻՆ

ՀԲԸՄ  ԵՐՈՒԱՆԴ ՊԱՊԱՅԵԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆ ՓՐՈՖ. ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՅԵԱՆԻ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍԻՆ

«Ազգանուիրում»
ՓՐՈՖ. ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՅԵԱՆ
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հարիւրամեակին առիթով, 2006 թուականին ծնունդ առաւ վաստակաւոր տնօրէն եւ հմուտ մանկավարժ Երուանդ Պապայեանի անունը կրող մանկավարժական հիմնարկը, որուն ամբողջական ծրագիրը կ՛ընդգրկէ տասը տարբեր նախաձեռնութիւններ՝ որոնցմէ մէկն է «Ազգանուիրում»ը։
Մեր աշխատանքային ծիրին մէջ ներառուած են՝
- Պատրաստութիւնն ու կիրառումը հայերէն լեզուի ուսուցման ուղեցոյցին, որ հիմնուած է Քալիֆորնիոյ սահմանած չափանիշներու վրայ,
- Ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութներ | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԲԸՄ Վ. ԵՒ Թ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԴՈԿՏ. ԹԱԼԻՆ ՔԱՐԿՈՏՈՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՀԲԸՄ Վ. ԵՒ Թ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԴՈԿՏ. ԹԱԼԻՆ ՔԱՐԿՈՏՈՐԵԱՆԻ ՀԵՏ

Հայերէնը Կը Վայելէ Բացառիկ Ուշադրութիւն Եւ Խնամք Վարժարանին Կողմէ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Կարելի՞ է ունենալ կարճ պատմական մը դպրոցի հիմնադրութէան մասին:
ԴՈԿՏ. ԹԱԼԻՆ ՔԱՐԿՈՏՈՐԵԱՆ (Տնօրէնուհի).- ՀԲԸՄ երկրորդական վարժարանի մը գաղափարը Փասատինայի կեդրոնին մէջ ծնունդ առաւ 2006 թուականին սկիզբը՝ զուգադիպելով բարեսիրական եւ կրթական մեծագոյն կազմակերպութեան՝ ՀԲԸ Միութեան հիմնադրութեան 100ամեակին:
Դպրոցը իր դռները բացաւ Սեպտեմբեր 12, 2006ին, 9-11րդ դասարաններով, իսկ 2007-2008 տարեշրջանին [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱՐԻ ԿԻՐԱԿՈՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԳՈՀԱՐ ԶԱՀԸՐԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԱՐԻ ԿԻՐԱԿՈՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԳՈՀԱՐ ԶԱՀԸՐԻ ՀԵՏ

Արի Մինասեանի Տնօրէնը Կը Ջանայ Վարժարանը Մատչելի Դարձնել Բոլոր Հայ Երեխաներուն
Վարեց՝ ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ
ՌԻԹԱ ՀԻՆԴԼԵԱՆ.- Ի՞նչ կ՛ուզէք որ համայնքի անդամները գիտնան Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանին մասին:
ԳՈՀԱՐ ԶԱՀԸՐ.- Արի Կիրակոս Մինասեան ազգային վարժարանը Օրէնճ Քաունթիի միակ հայկական ամէնօրեայ կրթօճախն է, հիմնուած՝ 1986ին, Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ կից, Սանթա Անա քաղաքին մէջ: Վարժարանս հայ դպրոցի յատուկ ապահով [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱԿ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԹԷՔԷԵԱՆ  ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱԿ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆ ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆԻ ՀԵՏ

Ո՛չ Մէկ Հայ Աշակերտ Հայկական Դպրոցէն Դուրս Մնացած Է Նիւթական Պատճառներով
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Կրնա՞ք ներկայացնել դպրոցի ներկայ պատկերը՝ աշակերտներու թիւ, ուսուցչական կազմ,  դասարաններ, ֆիզիքական կառոյցի առանձնայատկութիւններ:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ԹՄՄ) Արշակ Տիգրանեան վարժարանը կը գտնուի 1200 N. Cahuenga  Boulevard-ի վրայ, Հոլիվուտ:
Վարժարանը բաղկացած է Նախամանկապարտէզէն (4 տարեկան) մինչեւ 12րդ դասարաններէ:  Վարժարանը օժտուած է մեծ եւ լուսաւոր դասարաններով, [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԳՌՈՒԶԵԱՆ-ԶԱՔԱՐԵԱՆ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԿՐԷՅՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԳՌՈՒԶԵԱՆ-ԶԱՔԱՐԵԱՆ ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԿՐԷՅՍ ԱՆՏՈՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

«Հայ Լեզուի Առաջին Ու Մնայուն Դպրոցը Հայ Ընտանիքն Է»
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Կրէյս Անտոնեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Երկրորդական ուսումը ստացած է Ն. Փալանճեան ճեմարանին մէջ, ապա իր համալսարանական ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս
(AUB) ուրկէ աւարտած է պսակաւոր գիտութեանց տիտղոսով (BS)  քիմիագիտութեան ճիւղին մէջ (Chemistry):
Ուսանողութեան շրջանին որպէս մարզիկ, Կ. Անտոնեան խաղացած է պասքեթպոլ եւ փինկ-փոնկ՝  Ճեմարանի [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

Պայմանագրեալ Դպրոցներ (Charter Schools)

Պայմանագրեալ Դպրոցներ (Charter Schools)

ԳԱԲՐԻԷԼ ԻՆՃԷՃԻԿԵԱՆ
Ի՞նչ են պայմանագրեալ դպրոցներ (Charter Schools) եւ ինչո՞ւ կը կարծեմ, որ անոնք ամերիկահայ նոր սերունդին հայերէն սորվեցնելու ոսկի առիթ են:
Քալիֆորնիոյ մէջ պայմանագրեալ դպրոցներու օրէնքը անցաւ 1991ին, նկատի ունենալով, որ նահանգին հանրային դպրոցներէն շատերը չեն յաջողիր բարձր մակարդակով
կրթութիւն փոխանցել շատ աշակերտներու: Օրէնքը արտօնութիւն կու տայ անհատներու կամ կազմակերպութիւններու, որ հանրային կիսանկախ դպրոցներ հաստատեն եւ զանոնք
կառավարեն, [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՉԱՐԼԻ ՔԷՅԵԱՆ ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻԻՆ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՉԱՐԼԻ ՔԷՅԵԱՆ ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻԻՆ ԵՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Այս Հողաշերտին Վրայ Աւելի Արդիական Շէնքով Դպրոց Մը Ունենալ
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ստորեւ կը ներկայացնենք մեր աշխատակից՝ Սարգիս Փանոսեանը հարցազրոյցը  Ֆրեզնոյի  Չարլի  Քէյեան  Համագաղութային  դպրոցի  տնօրէնուհի՝  օրդ.
Զարուհի  Տէր  Մկրտիչեանի  եւ  հոգաբարձութեան  ատենապետ՝  տոքթ. Վաչէ Վասիլեանի հետ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Ֆրեզնոյի մէջ հայկական դպրոց հիմնելու գաղափարը որո՞նց երազն էր. ե՞րբ եւ ո՞ւր սկսաք, քանի՞ աշակերտներով եւ դասարաններով, որո՞նք եղան
առաջին հոգաբարձութեան  անդամները, [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԵՍԻ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՈՒՄ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԵՍԻ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆՈՒՄ

Քոյրերու Վարժարանը՝ Քրիստոնէական Կրթութեան, Հայեցի Դաստիարակութեան, Կարգապահութեան Օճախ
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Հայ քոյրերի վարժարան անունը լսելիս ակամայ պատկերացնում ենք սովորականից տարբեր հայկական դպրոց:  Այս դպրոցում պէտք է որ հոգեւորական հայ իգական սեռն ունենայ
պարտաւորութիւններ: Ինչպիսի՞ն են այդ պարտաւորութիւնները, ինչպէ՞ս է վարժարանը կարողանում որպէս  հայ դպրոց մնալ Սփիւռքում. այս եւ այլ հարցադրումներով  մեկնեցինք
դպրոց: Ժամադրուել էինք վարժարանի տնօրէնուհի քոյր [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

Շ. ԵՒ Է. ՄԵՐՏԻՆԵԱՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԼԻՆԱ ԱՍԼԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Շ. ԵՒ Է. ՄԵՐՏԻՆԵԱՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ԼԻՆԱ ԱՍԼԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Մերտինեան Վարժարանը Հայեցի Կրթութեան Հետ Միասին Կը æամբէ Նաեւ Քրիստոնէական Կրօն
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շ. եւ Է. Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի տնօրէնուհի Լինա Ասլանեանի հետ մեր ունեցած զրոյցին բաժնեկից կը դարձնենք մեր ընթերցողները, ներկայացնելով
էական ու յատկանշական կէտերը, տնօրէնուհիին մտածումներն ու թելադրանքները:
- Հայ ժողովուրդի համար մատղաշ սերունդի կրթութիւնը եւ հայեցի դաստիարակութիւնը դարերով նկատուած է ազգապահպանման սուրբ գործ: Ասկէ մեկնած, [...]

December 30th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութի Կեանքէն | Read More »

Պիտի Կարենա՞նք…

Պիտի Կարենա՞նք…

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս «Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը իր աշխատակիցներուն կը դիմէ Նոր Տարուան առթիւ թելադրելով քանի մը նիւթեր, որոնցմէ կարելի էր ընտրել մեր նախասիրած նիւթը: Չորս
ընտրութիւններէն ես ընտրեցի հետեւեալը. «Հայ Դատի հետապնդման նոր հանգրուանի մը սեմի՞ն ենք, թէ ոչ: Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին պիտի կարենա՞նք անցնիլ, պիտի կարենա՞նք հողային ընդհանրապէս հատուցման հարցը պատշաճօրէն օրակարգի [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Ազգօգուտ Ապրելու Տարի

Ազգօգուտ Ապրելու Տարի

ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
21րդ դարը եկաւ ու, աշխարհականացման անուան տակ, վերջնականապէս ջախջախեց մարդու եւ ժողովուրդների իրաւունք հասկացողութիւնները, քանզի մեծ տէրութիւններին ձեռնտու չէ ասպարէզ տալու մարդ եւ ժողովուրդ պատկանելութեանը, որ իրենք ամբողջովին տիրանան նրանց անձնական եւ ազգային իրաւունքներին՝ նրանց տնտեսական ուենցուածքին: Նրանք քաջ գիտեն, որ տնտեսականի ոչնչացումով սկիզբ է դրւում մարդկայինի եւ ազգայինի փոշիացմանը:
Այսօր աշխարհը փորձում է [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ՝ ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻՆ

ՄԷԿ ՀԱՐՑՈՒՄ՝ ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻՆ

Հայաստանի Դէպի Ժողովրդավարութիւն Տանող Քարքարոտ Ուղին
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայաստանի մէջ կա՞յ հասարակութեան վերափոխման հնարաւորութիւն, իր իրաւունքներուն եւ քուէին տէր քաղաքացիական հասարակութիւն մը սկսա՞ծ է ձեւաւորուիլ, կրնա՞յ ձեւաւորուիլ:
ԴՈԿՏ. ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ.- Իրաւ ժողովրդավարութիւն գոյութիւն չունի որեւէ մերօրեայ երկրի մէջ: Սակայն, մարդկային հիմնական իրաւունքներու պաշտպան  միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններ (ՀԿ)  կը փորձեն ժողովրդավարական հիմունքներ տարածելով, ըլլայ համակարգչային ցանցերու թէ՝ քարոզչական եւ [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ- Մեր Կորսուած Ու Վտանգուած Միլիոնները Վերականգնելու Առաջարկ

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻ ՍԵՄԻՆ- Մեր Կորսուած Ու Վտանգուած Միլիոնները Վերականգնելու Առաջարկ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
…Ու երբ «Հայրենիք» անունը տըւինք հողին այս քարոտ,
«Մայրենի» դրինք անունը քո սուրբ։
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
ՏԱԳՆԱՊ. ԽՈՐՔ
ՈՒ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ընդունուած փաստ է, որ Թուրքիոյ ծրագրած ու իրագործած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տուած ենք շուրջ 1.5 միլիոն զոհ։ Այս թիւին վրայ կրնանք դիւրութեամբ աւելցնել կարճ ատեն առաջ կատարուած Համիտեան ջարդերու հարիւր հազարաւոր զոհերուն թիւերը։
Նմանապէս փաստացիօրէն արձանագրուած է, որ Թուրքիա բռնագրաւած է մեր [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Ամանորը Նոր Կեանքի Աւետիս

Ամանորը Նոր Կեանքի Աւետիս

Ռ. ԿՈՐԻՒՆ
Ահաւասիկ Ամանորը աղաւնակերպ մուտք է գործում իւրաքանչիւրիս բնակարանը: Նա խաղաղութեամբ,
համեստութեամբ, արդարամտութեամբ, հրապոյրով եւ խոհերով է ներս մտնում: Ամանորին յաջորդում է Յիսուսի Ս.Ծնունդը, երկու ոգեւորութեան առիթ, վերանորոգ մտքի եւ հոգու տօներ.  ընդառաջ գնանք նրանց եւ մէկզմէկու շնորհաւորենք, քանի որ նրանք՝
Ուրախութեան աւետաբեր են,
Մէկզմէկու ոգեւորելու տօներ են:
Խաղաղութեան խորհրդանիշ  են,
Մէկզմէկու հաշտութեան տօներ են:
Հոգու մաքրութեան առաջնորդ  են,
Մէկզմէկու չարից հեռացնող [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Մեր Կորսուած Ու Վտանգուած Միլիոնները Վերականգնելու Առաջարկ

Մեր Կորսուած Ու Վտանգուած Միլիոնները Վերականգնելու Առաջարկ

…Ու երբ «Հայրենիք» անունը տըւինք հողին այս քարոտ,
«Մայրենի» դրինք անունը քո սուրբ։
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
ՏԱԳՆԱՊ. ԽՈՐՔ
ՈՒ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ընդունուած փաստ է, որ Թուրքիոյ ծրագրած ու իրագործած Ցեղասպանութեան հետեւանքով, տուած ենք շուրջ 1.5 միլիոն զոհ։ Այս թիւին վրայ կրնանք դիւրութեամբ աւելցնել կարճ ատեն առաջ կատարուած Համիտեան æարդերու հարիւր հազարաւոր զոհերուն թիւերը։
Նմանապէս փաստացիօրէն արձանագրուած է, որ Թուրքիա բռնագրաւած է մեր պատմական [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Բարձրակարգ Արհեստագիտութեան Ներկայութիւնը Ուսումնակրթական Ոլորտում

Բարձրակարգ Արհեստագիտութեան Ներկայութիւնը Ուսումնակրթական Ոլորտում

ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ

ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ (HIGH TECH) ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅ ԿԵԱՆՔՈՒՄ
Չորս տարի առաջ մի յօդուած էի գրել բարձրակարգ արհեստագիտութեան (High Tech) մասին, որում խորին համոզմամբ հաստատել էի այն փաստը, որ 21րդ դարը գիտական նուաճումների պատմութեան մէջ արձանագրուելու է իբրեւ համակարգչային յեղափոխութեան դար: Եւ իրաւա՛մբ, անցնող չորս տարիների ընթացքում ականատես եղանք այդ յեղափոխութեան ծալքերի ընդլայնմանն ու տարածմանը, ո՛չ միայն [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Դարու Ահազանգը

Դարու Ահազանգը

ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Գրեթէ իւրաքանչիւր հայ գաղութի մէջ  գոյութիւն ունի հայկական վարժարաններու ցանց մը, որ արմատներ նետած է տարիներէ ի վեր եւ իր հովանիին ներքեւ առած է նորահաս սերունդներ:
19րդ դարու կէսերուն Հայ Ազգային Զարթօնքին առաջին քայլերուն հետ, անհրաժեշտ համարուեցաւ վարժարաններ հիմնելը՝ զարգացնելու համար նորահաս սերունդը: Հայ ժողովուրդը, որ տարիներու երկար եւ խաւար թմբիրէն նոր զարթնած էր, զինուեցաւ [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Խոստմնադրուժին Հարկ Է Պատժել

Խոստմնադրուժին Հարկ Է Պատժել

ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՅԱՅՏՈՅԵԱՆ
Որքան որ մամուլով կամ անձնական հարցուփորձերով կը ջանամ հետեւիլ Հայ Դատի տղոց վեհ աշխատանքներուն, կը խորհիմ թէ մեր տղաքը իրաւամբ բաւական հիմնաւոր գործ կը տեսնեն, աչալուրջ են, հետեւողական: Օրինակները ամէն օր կը տեսնենք, կամ չենք տեսներ, բայց քա՛ջ գիտենք որ անոնք կ՛աշխատին:
Բայց:
Թէեւ Թուրքիան ալ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ալ, ողջ Արեւմուտքն ալ լա՛ւ գիտեն մեր [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ-Հայապահպանումի Գործօնները Վերանորոգելու Առաջնահերթութիւնը

ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱՁԱՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆ-Հայապահպանումի Գործօնները Վերանորոգելու Առաջնահերթութիւնը

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Հայապահպանում բառ-եզրը, որ տարագիր արեւմտահայութեան համար, իրաւա՛մբ , դարձաւ գոյութեան փրկարար լաստ, այսօր, արդեօք ունի՞ իր նոյն ազդու հնչեղութիւնը ու գործնական ազդեցութիւնը։
Հարցումը «ծուղակային» չէ, այլ դառն իրականութեան մը ինքզինք պարտադրող կոչ մը, որմէ այլեւս կարելի չէ խուսափիլ, ոչ շրջանցել, ոչ ալ՝ անտեսել, մանաւանդ տիրող համաշխարհայնացումի ճնշող մթնոլորտին մէջ։
Հայապահպանումի գործօնները (եկեղեցի, դպրոց, կուսակցութիւն, միութիւն, մամուլ, [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Ի՞նչ Պիտի Լինի Հայ Կրթական Մարտավարութիւնը

Ի՞նչ Պիտի Լինի Հայ Կրթական Մարտավարութիւնը

ՕՆՆԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
Ինչ էլ լինի ամերիկահայ կրթական քաղաքականութիւնը, ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը, ներկայ վիճակի ու մտայնութեան առկայութեան պայմաններում, երբ կրթական գործը դեռ ամուր եւ արհեստավարժ հիմքերի վրայ չի դրուել, իսկ շատ հայ ընտանիքներ եւս մատների արանքով են նայում
հայեցի կրթութեանը, մայրենի լեզուի ու մշակոյթի, ազգային դիմագծի, հայակերտման ու հայապահպանութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները մի հուժկու լեռան ծանրութեամբ [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Ի Խնդիր Հայ Դպրոցի Պահպանման

Ի Խնդիր Հայ Դպրոցի Պահպանման

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ Հայ Դպրոցի անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային  կեանքին մէջ: Հայ Դպրոցը  կոչուած է Մարդակերտութեան եւ Հայակերտութեան վսեմ գործին:   Անոր նպատակն է  հայ տղաքն ու աղջիկները կեանքի պատրաստել, անոնց նկարագիրը կերտել, անոնց բանական եւ հոգեկան աշխարհը ձեւակերպել:
Հայ Դպրոցին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ դաստիարակչական գործի արդիւնաւորումն [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Բաց Նամակ Դարաւոր Թշանամի Հարեւաններիս՝ Թուրքերին Ու Ազերիներին.
ԽՈՐԷՆ ԱՐԱՄՈՒՆԻ
Ոչ մի բարեւ:
Ծնուել եմ Իրանում, ձեզ ճանաչել եմ պատմութիւնից ու ահաւոր ատել եմ: Գիտեմ, ատելութիւնը թունաւոր, հրէշաւոր երեւոյթ է, հայերը վարակուած են այդ թոյնով, դուք սրսկեցիք այդ թոյնը, իսկ ես, ուզում եմ մաքրուել, դրա համար էլ գրում եմ այս նամակը: Ուզում եմ սիրել աշխարհի բոլոր մարդկանց ու [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Անհրաժեշտ Է Արմատական Փոփոխութիւն

Անհրաժեշտ Է Արմատական Փոփոխութիւն

ՎԱՐԴՈՒՀԻ ՔՈՒՇԵՐԵԱՆ
Յառաջիկայ գարնան սպասուող Ազգային ժողովի ընտրութիւններին մնացել է մի քանի ամիս: Թէժ օրեր են սպասւում:
Մտահոգիչ հարցադրումներով եւ դրական հանգուցալուծում պահանջող, տագնապայարոյց օրեր: Արդեօ՞ք ժողովուրդը, գոնէ այս անգամ, ընտրութիւններին կը մասնակցի որպէս՝ իր քուէի  ուժի եւ իրաւունքների տէր կանգնող գիտակից քաղաքացի, որ արժեւորելով իր ձայնը, կ’իմանայ թէ ում է ընտրելու եւ ինչու:
Ժողովրդի մօտ զգացւում է [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Գործը՝ Խօսքին Հետ

Գործը՝ Խօսքին Հետ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ցաւ ի սիրտ, ժխտական ձեւով կը պատասխանեմ վերջերս ինծի ուղղուած «մեր համայնքին հայկական վարժարանները, որոնց թիւը արդէն անբաւարար է, պիտի կարենա՞ն դիմանալ տնտեսական ներկայ
պայմաններուն լուծին տակ» եւ անոր ընկերացող «հայապահպանման ու համայնքի կազմակերպման մեր կիրարկած մարտավարութիւնը կրնա՞յ ըլլալ որ վաղուց ժամանակավրէպ դարձած է» հարցումներուն:
Սակայն, ինչո՞ւ պատասխաններս «ժխտական» են:
Նախ, ինչպէս գիտէք, մեր վարժարանները պետական նպաստ [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Ժողովուրդի Երկիր

Ժողովուրդի Երկիր

ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Եթէ քաղաքականութիւնը չպատկանի ժողովուրդին, ապա երկիրը չի կրնար կառուցել իր պետականութիւնը։
Այս հաստատումը աւելի ամբողջական իմաստ կ՛ունենայ, եթէ յանդուգն մօտեցումով աւելցնենք այն միտքը, որ իշխանութիւն ըսուածը քաղաքականութենէն անջատուած եւ դիւանագիտական իր զբաղումներով կլանուած կենդանի մըն է: Դժուարը՝ այդ իշխանութիւնը համարկել է ժողովուրդի քաղաքականացման գործին հետ։ Որքան ուշանայ այդ համարկումը, այդքան կը ծանրանայ՝ ժողովուրդի քաղաքականացման ընթացքը [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Հարցում՝ Պատասխան

Հարցում՝ Պատասխան

ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Քանտըլիզա Ռայս հրատարակած է գիրք մը. «Ուաշինթընի մէջ անցուցած տարիներուս յուշագիրը. Չկայ Աւելի Մեծ Պատիւ» խորագիրով, ուր հպարտութեամբ կը պատմէ, թէ ինչպէս յաջողած է երկու անգամ ԱՄՆ Քոնկրեսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին քննարկումներուն տապալումը իրականացնել։ Այս մէկը վայե՞լ է իրեն պէս անձի մը:
ԱՐԱՄ,  Շիքակոյէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նոյն գիրքին մէջ [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Հեռացար, Մոռացար, Եաաաա~ր…

Հեռացար, Մոռացար, Եաաաա~ր…

ԽԱՉԻԿ ՄԵԼԵՔԵԱՆ
Ի՞նչ երգեր ենք լսում եւ ինչո՞ւ: Ինչո՞ւ են ոմանք երանութեան գիրկն ընկնում ուրիշների բնորոշած «ոռնոցների» ազդեցութեամբ: Երաժշտութիւնը նախասիրութեան խնդիր է, եւ իւրաքանչիւր մարդու հարազատ են ամենատարբեր երգեր, ամենատարբեր երգիչների կատարմամբ: Երեւի կռահեցիք, որ զրուցելու ենք մեր ժողովրդի մի մասի մէջ այսօր արդէն շատ տարածուած թրքա-ադրբեջանական ոճի երգերի հանդէպ ցուցաբերած թուլութեան մասին: Ես կ’աշխատեմ հնարաւորինս [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՔՍԱՆԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԱՆԿԷ ԵՏՔ

Ազգային Հաւաքական Ապագայի Քաղաքական Ու Տնտեսական Պայմանաւորումները
ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Քսանամեայ ամբողջ սերունդ մը կայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, սերունդ՝ որուն համար անկախութիւնը իրողութիւն է: Ոչ թէ գաղափարախօսութիւն, յուզումներու տեղի տուող իտէալ կամ քմծիծաղ առաջացնող ցնորք, ինչպէս զայն ընկալեց ու ապրեցաւ քսաներորդ դարու հայութիւնը իր տարբեր հատուածներով: Անկախութիւնը իր առօրեան է, որ կրնայ նկարագրել շատ բնականօրէն [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Հողի Դողը

Հողի Դողը

ԼԵՒՈՆ ԽԵՉՈՅԵԱՆ
Արգելեցին զէնքով եկեղեցի մտնել: Մեր հոգու փրկութեան համար անվճար մոմեր բաժանեցին, եւ մենք, զէնքը դռանը թողած, ներսում մոմեր վառեցինք: Յետոյ սրընթաց արագութեամբ վերցնում էինք նրանց
գիւղերը: Մենք քաղաքին մօտեցանք, քաղաքն էլ ընկաւ: Մենք մտնում ու դուրս էինք գալիս, վազում էինք տապալուած հեռագրասիւների, առաջնորդների մեծադիր իւղանկարների, գալարաթափ լարերի, մետաղների եւ տարաբնոյթ բուրմունքներ արձակող նրանց՝ իրար ետեւից [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Ամանորի Խոհեր

Ամանորի Խոհեր

ԽՈՐԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՀԱՊԷՇԵԱՆ
Մօտ ատենէն պիտի դիմաւորենք Նոր Տարին եւ, այդ առթիւ, պիտի փոխանակենք գեղեցիկ մաղթանքներով
քարտեր, յաճախ՝ իբրեւ պարզ սովորութիւն, առանց դոյզն յարգանքի այն խորհուրդին հանդէպ, որ ժամանակ կը կոչուի:
Շատերուն համար ժամանակը գետի մը նման է, երբեմն՝ հանդարտահոս եւ երբեմն ալ յորդահոսան, որուն կարելի չէ հակադրուիլ՝ դանդաղեցնել կամ կեցնել փորձելով անոր ընթացքը: Ժամանակը անողորմ է: [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Ամանորեան Մտորումներ

Ամանորեան Մտորումներ

Ռ. ԿՈՐԻՒՆ
Նոր տարուայ սեմին ենք կանգնած,
Հինը մեկնելու վրայ է՝ յուշը ետ,
նա այնքան էլ չի վռազում,
ժամկէտին է սպասում,
նա յամենում է տարին բոլորի,
կծիկը աւարտին հասցնի,
կամենում է վերջում՝
սպիտակով նախշեր կծկի,
սակայն անօգուտ,
քանի որ կարմրադեղին գոյնը
արդէն մատնում է նրա էութիւնը:
Ինչ յոյսերով էինք օրօրւում հնին կապուած…
ցանկութիւններ պէս-պէս՝
խաղաղութիւն աշխարհին,
բարգաւաճում երկրներին,
ապահով կեանք մարդկութեան,
պատերազմներից հրաժարում,
արդարութեամբ տնօրինում,
իրաւազրկուած ժողովուրդների
պահանջներին վերահասութիւն,
պատմական սխալների ճշդում,
հայութեան հարցի լուծում,
ցեղասպան Թուրքիայի դատավարութիւն,
ինչ [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

2012՝ Վիշապի Տարի

2012՝ Վիշապի Տարի

Պատրաստեց՝  ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Չինական աստղագիտութիւնը մարդոց տարիները բաժնած է 12 կենդանիներու անուններով: Այսպէս, առաջին տարուան անունը սկսած է մուկով, անոր յաջորդած է ցուլը, վագրը, ճագարը կամ նապաստակը, վիշապը, օձը, ձին, ոչխարը, կապիկը, աքլորը, շունը եւ խոզը:
Այս ձեւով, ամէն 12 տարին անգամ մը նոյն անասունը կը յիշուի չինական օրացոյցին վրայ:
2012 տարին վիշապի տարի է:
Չինական աստղագիտութեան մէջ վիշապը [...]

December 29th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

Շնորհաւորանք Արցախէն

Շնորհաւորանք Արցախէն

Աւարտին է մօտեցել 2011 թուականը: ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէն ջերմօրէն շնորհաւորում է համայն հայ ժողովրդին՝ Ամանորի ու Սուրբ Ծննդի առթիւ:
2011 թուականը լի էր ներքին եւ արտաքին քաղաքական անցուդարձերով: Այսօր եւս հայկական երկու պետութիւնները եւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կանգնած են լուրջ մարտահրաւէրների առջեւ: Այդ մարտահրաւէրներին դիմագրաւելու եւ անհրաժեշտ յաջողութիւններ արձանագրելու համար մեզ պէտք է հզօր կամք [...]

December 29th, 2011

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Ազգ. Առաջնորդարանը 800,000 Տոլար Կը Տրամադրէ Ազգային Վարժարաններուն

Ազգ. Առաջնորդարանը 800,000 Տոլար Կը Տրամադրէ Ազգային Վարժարաններուն

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգ. վարչութիւնը կը յայտարարեն, թէ նկատի ունենալով երկրի տնտեսական կացութիւնը եւ անոր հետեւանքով մեր վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները՝ 800,000 տոլարի յատկացում մը կը տրամադրուի թեմի Ազգային վարժարաններուն. գումարին առաջին բաժինը վարժարաններուն փոխանցուեցաւ Ամանորի նախօրեակին:
Այս յատկացումը կարելի դարձած է՝ շնորհիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առիթով կազմակերպուած մեծարանքի ճաշկերոյթին արձանագրուած [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Արցախ Էռնեկեանէն Օդանաւ Մը Կը Ստանայ Իբրեւ Նուէր

Արցախ Էռնեկեանէն Օդանաւ Մը Կը Ստանայ Իբրեւ Նուէր

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան Դեկտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուց անցնող տարուան հանրապետութեան հասարակական-տնտեսական եւ քաղաքական կեանքի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր իրադարձութիւնները: «Անցնող տարում մեզ յաջողուել է կատարել պետական պիւտճէով նախատեսուած բոլոր ծախսային ծրագրերը ու չնայած բարդ ֆինանսատնտեսական տարուն՝ ապահովել 9 տոկոս իրական տնտեսական աճ», ըսաւ Յարութիւնեան, նշելով, որ յաջորդ տարի եւս [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիա Կը Խոստանայ Պայքարիլ Ֆրանսական Բանաձեւին Դէմ

Թուրքիա Կը Խոստանայ Պայքարիլ Ֆրանսական Բանաձեւին Դէմ

ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա», «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին գումարեց իր այս տարուան վերջին նիստը, մօտէն քննութեան տակ առաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող այն օրինագիծը, որ վերջերս վաւերացուեցաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ։
Ազգային ապահովութեան խորհուրդի ժողովէն ետք հրատարակուած հաղորդագրութեան մէջ անգամ մը եւս պախարակուեցաւ ֆրանսացի խորհրդարանականներու կողմէ պատմութեան մասին վճիռներ արձակելու սովորամոլութիւնը, նաեւ դիտել տրուեցաւ, որ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Հայերուն Հատուցում Կատարելու Կոչ՝ Թրքական «Կիւլեն» Շարժումէն

Հայերուն Հատուցում Կատարելու Կոչ՝ Թրքական «Կիւլեն» Շարժումէն

ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Ֆաթուլլահ Կիւլեն միութիւն» կազմակերպութեան խօսնակ Ճեմալ Ուշաք, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին, թրքական «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած յայտագիրի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Թուրքիան պարտաւոր է վերադարձնել 1915ին հայերուն հարկադրաբար լքած ունեցուածքը:
Ուշաք, որ միաժամանակ կազմակերպութեան կից գործող լրագրողներու եւ գրողներու հիմնադրամի փոխնախագահն է, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումի մը ընթացքին յղում կատարելով «արտագաղթի» մասին Թուրքիոյ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ֆրանսա «Իմաստութիւն Ցուցաբերելու» Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

Ֆրանսա «Իմաստութիւն Ցուցաբերելու» Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կողմէ Ֆրանսայի նկատմամբ տնտեսական պատժամիջոցներու կիրառումը Ֆրանսայի տնտեսութեան վրայ յատկանշական ազդեցութիւն պիտի չունենայ. այս մասին Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին յայտարարեց Ֆրանսայի առեւտուրի նախարար Փիեռ Լելուշ, անդրադառնալով Թուրքիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ Ֆրանսայի հասցէին կատարուած սպառնալիքներուն, որոնք կը կատարուին Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւի վաւերացումէն ետք:
«Ի հարկէ, նման խն-դիրներու յառաջացումը ցանկալի չէ: Յոյսով եմ, որ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պոսնիոյ Մէջ Պիտի Քննուի Հայկական Ցեղասպանութեան Օրինագիծ Մը

Պոսնիոյ Մէջ Պիտի Քննուի Հայկական Ցեղասպանութեան Օրինագիծ Մը

ՊԱՆԻԱ ԼՈՒՔԱ, Պոսնիա.- «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին կը հաղորդէ, որ Պոսնիոյ խորհրդարանը յառաջիկայ օրերուն պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ այդ իրողութեան ժխտումը արգիլելու նախաձեռնութիւնը Պոսնիոյ դաշնակցային խորհրդարանին պիտի ներկայացնէ Պոսնիոյ սերպ հատուածի նախագահ Միլորատ Տոտիչի կուսակցութիւնը։
Պոսնիոյ սերպերու ղեկավարը, Պոսնիոյ սերպական հատուածի վարչական կեդրոն Պանիա Լուքա քաղաքին մէջ, [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ինչո՞ւ Քոսովօն Չճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը. The Economist

Ինչո՞ւ Քոսովօն Չճանչցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը. The Economist

«Լեռնային Ղարաբաղի գործող արտաքին գործոց նախարար Վասիլի Աթաճանեան որոշ ժամանակ առաջ ինծի ըսաւ, որ իր երկիրը պիտի ճանչնայ Քոսովոյի անկախութիւնը, եթէ նախկին հարաւսլաւեան նահանգը նոյնը ընէ: Ես այդ «հաղորդագրութիւն»ը փոխանցեցի Քոսովոյի ԱԳՆ Էնվեր Հոխհաճին: Ան հրաժարեցաւ ընդունիլ իր գործընկերոջ առաջարկը, սակայն երկար մտածեց՝ առաջարկը քաղաքավարիութեամբ մերժելու համար», «Անկախացած պետութիւնները» վերտառութեամբ յօդուածին մէջ կը գրէ բրիտանական [...]

December 29th, 2011

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ

www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com

December 29th, 2011

| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆ ՎԻԼԵԱՄ ԲԱՅՐԱՄԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆ ՎԻԼԵԱՄ ԲԱՅՐԱՄԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Վիլեամ Բայրամեան. 18 Տարեկան Էի Երբ Վերադարձայ Արմատներիս
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ, Միացեալ Նահանգներում հայ համայնքի շահերի արծարծում, հայապահպանում՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբերի գործունէութեան ոլորտներն անընդգրկելի են եւ ներառում են հայկական հարցերի լայն շրջանակ, որ շուրջ կէս դար արծարծում են Հայ Դատի նուիրեալները:
1944թ.ին հիմնադրուած Հայ Դատի առաջին յանձնախմբի բացումից ի վեր, կազմակերպութեան նպատակների իրագործման [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Հարցազրոյց, Սփիւռք | Read More »

Բնապահպանները Կը Կանգնին Քաջարանցիներու Կողքին

Բնապահպանները Կը Կանգնին Քաջարանցիներու Կողքին

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ Դեկտեմբեր 29ին տեղի ունեցած է ցոյց մը՝ ի պաշտպանութիւն Սիւնիքի բնակավայրերուն։ Ցոյցին մասնակցած են բնակիչներու խնդիրներով մտահոգ քաղաքացիներ եւ բնապահպաններ, որոնք կանաչ պաստառներով, «Փրկենք Սիւնիքը» կոչերով իրենց աջակցութիւնը յայտնած են սիւնիքցիներուն:
Քաջարանի գիւղապետ Ռաֆիկ Աթայեան վերահաստատած է այն պնդումները, թէ իրենք հող պիտի չտան եւ ոչ մէկ փոխհատուցում կ՛ուզեն:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ներկայացուցիչ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեւանի Քաղաքապետը Բնակարան Նուիրած Է Նորայր Մեհրապեանին

Երեւանի Քաղաքապետը Բնակարան Նուիրած Է Նորայր Մեհրապեանին

ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով՝ Ամանորի նախաշեմին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան նոր բնակարաններու բանալիներ յանձնած է ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ՝ «Բարեկամութիւն» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Նորայր Մեհրապեանին եւ Ա. Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի մեներգիչ Գէորգ Յակոբեանին:
Շնորհաւորելով արուետագէտները՝ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան բարձր գնահատած է եւ կարեւոր համարած է անոնց ձգտումները եւ գործունէութիւնը [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Համաներման Օրէնքի Խախտումներու Զոհ 15 Դատապարտեալներ Ազատ Կ՛արձակուին

Համաներման Օրէնքի Խախտումներու Զոհ 15 Դատապարտեալներ Ազատ Կ՛արձակուին

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահի յանձնարարականով ուսումնասիրուած է համաներման գործընթացը, որուն իբրեւ արդիւնք յայտնաբերուած են որոշ խախտումներ:
ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութեան տեղեկութիւններով, Հայաստանի նախագահին մօտ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին, նախագահը յանձնարարած է ուսումնասիրել համաներումի կիրառման հետեւանքով ծագած խնդիրները:
Նախագահի աշխատակազմին, ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ արդարադատութեան նախարարութեան կատարած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ 15 դատապարտեալի [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սերժ Եւ Ռիթա Սարգսեանները Բազմազաւակ 31 Ընտանիք Հիւրընկալած Են

Սերժ Եւ Ռիթա Սարգսեանները Բազմազաւակ 31 Ընտանիք Հիւրընկալած Են

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան Դեկտեմբեր 29ին նախագահի նստավայրին մէջ հիւրընկալած են Երեւան բնակող աւելի քան երեք տասնեակ բազմազաւակ ընտանիքներ, որոնց շնորհաւորած ու բարեմաղթանքներ յղած են:
Նախագահ Սարգսեան հիւրերուն ուղղած իր խօսքին մէջ ընդգծած է, թէ որեւէ խնդիր անլուծելի չէ, եթէ ընտանիքին մէջ կայ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կառավարութիւնը Ընտանիքի Երրորդ Նորածինին Համար Պիտի Վճարէ 430,000 Դրամ

Կառավարութիւնը Ընտանիքի Երրորդ Նորածինին Համար Պիտի Վճարէ 430,000 Դրամ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ երեխայի ծննդեան միանուագ նպաստին չափը 2012ին պիտի կազմէ 50 հազար դրամ, իսկ ընտանիքին մէջ ծնած աերրորդ, ինչպէս նաեւ յաջորդ իւրաքանչիւր երեխայի համար՝ 430 հազար դրամ: Այս որոշումը ընդունուած է Դեկտեմբեր 29ի կառավարութեան նիստին: Նորածիններուն միանուագ նպաստներ յատկացնելու նպատակով, կառավարութիւնը 2012ին պիտի ծախսէ 4.5 միլիառ դրամ, քանի որ կ՛ենթադրուի, թէ պիտի ծնի [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բնապահպանները Կը Կանգնին Քաջարանցիներու Կողքին

Բնապահպանները Կը Կանգնին Քաջարանցիներու Կողքին

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՀ կառավարութեան շէնքին մօտ Դեկտեմբեր 29ին տեղի ունեցած է ցոյց մը՝ ի պաշտպանութիւն Սիւնիքի բնակավայրերուն։ Ցոյցին մասնակցած են բնակիչներու խնդիրներով մտահոգ քաղաքացիներ եւ բնապահպաններ, որոնք կանաչ պաստառներով, «Փրկենք Սիւնիքը» կոչերով իրենց աջակցութիւնը յայտնած են սիւնիքցիներուն:
Քաջարանի գիւղապետ Ռաֆիկ Աթայեան վերահաստատած է այն պնդումները, թէ իրենք հող պիտի չտան եւ ոչ մէկ փոխհատուցում կ՛ուզեն:
«Ժառանգութիւն» խմբակցութեան ներկայացուցիչ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նարեկ Յարութիւնեան. Այս Անգամ Ի՞նչ Թակարդ Լարած Պիտի Ըլլան, Չեմ Կրնար Ըսել

Նարեկ Յարութիւնեան. Այս Անգամ Ի՞նչ Թակարդ Լարած Պիտի Ըլլան, Չեմ Կրնար Ըսել

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր նախագահ Նարեկ Յարութիւնեան ներկայիս թէեւ ազատութեան մէջ կը գտնուի, սակայն անոր նկատմամբ հետապնդումները տակաւին կը շարունակուին:
Նարեկ Յարութիւնեան Դեկտեմբեր 28ին կանչուած է քննչական բաժին: «Քննիչի հետ ժամը 3ին պայմանաւորուեցայ», պատմեց Յարութիւնեան եւ աւելցուց, որ իրաւաբանի խորհուրդով՝ գացած է ճիշդ այն ժամուն, զոր նշուած է ծանուցագիրին մէջ, «հակառակ պարագային՝ պիտի ըսէին, [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Վալերի-Աշխէն Գործունեան Հեռացաւ Հայաստանէն

Վալերի-Աշխէն Գործունեան Հեռացաւ Հայաստանէն

ԵՐԵՒԱՆ.- «Փարիզեան սուրճ» ընկերութեան սեփականատէր՝ ֆրանսահայ գործարար Վալերի-Աշխէն Գործունեան, մեկնած է Ֆրանսա: Նախքան մեկնիլը, ան իր «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ գրած է. «Կ՛ուզեմ կրկին շնորհակալութիւն ըսել այն սիրոյն համար, զոր նուիրեցիք ինծի այս վերջին օրերուն: Երբե՛ք չեմ մոռնար. ամենասիրուն նուէրն էր կեանքի: Հաւատացէ՛ք, բախտաւոր եմ ես, որ այսչա՛փ սէր ստացայ: Մեկնելու պահուն սիրտս լեցուն է ձեզմով. [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀՀ Կառավարութիւնը Քսան Տոկոսով Կը Բարձրացնէ Նպաստներն Ու Թոշակները

ՀՀ Կառավարութիւնը Քսան Տոկոսով Կը Բարձրացնէ Նպաստներն Ու Թոշակները

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՀ կառավարութիւնը Դեկտեմբեր 29ին շարք մը որոշումներով սահմանեց 2012ին վճարուող նպաստներու եւ կենսաթոշակներու չափերը, ըստ որոնց, հիմնական կենսաթոշակի չափը սահմանուեցաւ 13 հազար դրամ՝ ներկայի 10.5 հազար դրամին փոխարէն: Աշխատանքային կենսաթոշակի միջին չափը, 28.7 հազար դրամի փոխարէն պիտի ըլլայ շուրջ 31.3 հազար դրամ, իսկ հասարակական կենսաթոշակի միջին չափը՝ 13.2 հազար դրամին փոխարէն՝ 16.5 հազար [...]

December 29th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

80,000 Տոլար Հանքանակուեցաւ Ի Նպաստ Ըրվայնի Հայագիտական Ծրագիրին

80,000 Տոլար Հանքանակուեցաւ Ի Նպաստ Ըրվայնի Հայագիտական Ծրագիրին

ԸՐՎԱՅՆ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 4ին, տոքթ. եւ տիկին Կարօ եւ Սիլվի Դերձակեաններու բնակարանին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան մը ընթացքին, կարելի եղած է 80,000 տոլար հանքանակեաչլ՝ ի նպաստ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին: Դերձակեանները արդէն իսկ չորրորդ տարին ըլլալով, նման հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ նեցուկ կանգնելու համար Հայագիտական ծրագիրին, եւ յատկանշական է, որ այս տարուան գոյացած գումարը նախորդող [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀԵԴի Հագուստեղէնի Տարեկան Երկրորդ Արշաւը Կ՛աւարտի Յունուար 10ին

ՀԵԴի Հագուստեղէնի Տարեկան Երկրորդ Արշաւը Կ՛աւարտի Յունուար 10ին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանի, Արցախի, եւ æաւախքի կարիքաւորներուն օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով, ՀԵԴի Կլենտէյլի «Ռուբէն» եւ Սան Ֆերնանտօ հովիտի «Սարդարապատ» ուխտերը կազմակերպած են հագուստեղէնի, պայուսակներու եւ կօշիկներու տարեկան երկրորդ արշաւը: Նուիրուելիք հագուստները պէտք է ըլլան մաքուր վիճակի մէջ: Անցեալ տարուան արշաւին շնորհիւ, կարելի եղած էր 5000 փաունտ օժանդակութիւն ղրկել՝ «Փարոս» մարդասիրական կազմակերպութեան միջոցաւ:
Օժանդակութիւնները կարելի է հասցնել հետեւեալ կեդրոնները.
- [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայի Աշակերտներուն Հաղորդութիւնը

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայի Աշակերտներուն Հաղորդութիւնը

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան կրկնակ տօներուն իբրեւ նախապատրաստութիւն, Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10ի առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ դպրոցի քառասուներկու աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան եկեղեցի՝ ստանալու համար Ս. հաղորդութիւն։
Անոնք նախ Սարգիս Ա. քհնյ. Պետոյեանէն լսեցին քրիստոնէական հաւատքի հիմունքներուն մասին պարզ քարոզ մը, որ գրաւեց բոլոր մանուկները իր դիւրամատչելի եւ պատկերալից [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԱՄԱՆՈՐԻ ԵՒ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Մեր Աչքերը Յառենք Բեթղեհեմի Փայլուն Աստղին
Ահաւասիկ դարձեալ կը կանգնինք նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան տօնի սեմին, 2012 տարին կը դիմաւորենք հոգեկան ցնծութեամբ եւ մեր հայեացքները կ՛ուղղենք դէպի նոր ու ընդարձակ հորիզոններ, որոնք մեզի կը ներշնչուին Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդէն բխող բարի պատգամներով։
Փառք եւ գոհութիւն Երկնաւոր Հօր, որ մեզի կ՛ընծայէ նոր տարի մը դիմաւորելու ցնծութիւնն ու [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԷՋՄԻԱԾՆԱԿԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ  ՇՐՋԱՆԻ ԷՋՄԻԱԾՆԱԿԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՔԱՐՈԶԸ

«Հագէ՛ք Նոր Մարդը»
«Հագէ՛ք նոր մարդը, նոր մարդը, որ ստեղծուած է ըստ Աստուծու՝
արդարութեամբ եւ ճշմարիտ սրբութեամբ» (Եփես. Դ. 24)։
Մեր Տիրոջ եւ Փրկչի Սուրբ Ծննդեան Տօնը այն հրաշալի առիթն է, որ մարդուն կեանքը կ՛առաջնորդէ դէպի
նոր կեանք. նոր կեանք, որ պայմանաւորուած է Աստուծոյ հետ ուղղակի հաղորդակցութեամբ՝ աղօթքով ու հաւատքով ուղեգծուած։ Իսկ քրիստոնեային համար նոր մարդը խորհրդանշող Անձը՝ Քրիստոս [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Սիւրմէլեան»ը՝ Օրենճ Քաունթիի Մէջ

«Սիւրմէլեան»ը՝ Օրենճ Քաունթիի Մէջ

ՍԱԼԲԻ Ո. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Արդեօք չկա՞յ հայ գրականութիւն, առանց հայ լեզուի։
Այս հարցումին միւս տարբերակը այն է, որ կարելի՞ էր ակնկալել, թէ Ամերիկան հայագիր սերունդ տար։ Պատմութեան պատասխանը այն եղաւ, որ 1900ական թուականներու առաջին տասնամեակներուն, Ուիլեըմ Սարոյեան, Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեան եւ ուրիշներ, իրենց ստեղծագործական գործերուն մէջ նոյնքա՛ն եւ աւելի հայ էին քան հայագիր գրողները։
Օրենճ Քաունթիի Համազգայինի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հեռատեսիլի Բացառիկ Ծրագիր՝ Համազգայինի Կլենտէյլի Մասնաճիւղին Կողմէ

Հեռատեսիլի Բացառիկ Ծրագիր՝ Համազգայինի Կլենտէյլի Մասնաճիւղին Կողմէ

Համազգայինի Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը արտադրեց Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի առթիւ հեռատեսիլի յատուկ ծրագիր մը, որ պիտի սփռուի «Հորիզոն» կայանէն, Դեկտեմբեր 31ի երեկոյեան, «Էյ.Էմ.Ճի.Էյ.» կայանէն՝ Յունուար 1ի առաւօտեան 8։30ին, ինչպէս նաեւ «Շան»չ կայանէն՝ Յունուար 1ին, կ.ե. ժամը 5ին։
Այս ծրագիրով ելոյթ պիտի ունենան Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը, Համազգայինի «Անի» եւ «Երազ» պարախումբերը, ինչպէս նաեւ տաղանդաւոր պատանիներ՝ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին Ձեռնարկը

«Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղին Ձեռնարկը

Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը, Դեկտեմբեր 11ին հաճելի գաղափարը ունեցած էր Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպելու «Հայկական օր» ճաշկերոյթ-խրախճանքը, «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան Կրանատա Հիլզի նորակառոյց կեդրոնին մէջ։ Ներկայ էին հարիւրէ աւելի համազգայնականներ։
Ատենապետուհի Աշխէն Փափազեան բացման խօսքէն ետք հիւրերուն ներկայացուց Հայկական Կաղանդին իմաստը, սովորութիւնները, աւանդութիւններն ու նախապաշարումները, որոնց ուսումնասիրութիւնը բծախնդրօրէն պատրաստուած էր ընկերուհիներ Գարմէն [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ընդունելութիւն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդին Ի Պատիւ

Ընդունելութիւն՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդին Ի Պատիւ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նորընտիր առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան իր անդրանիկ այցելութիւնը շնորհեց Կլենտէյլ գտնուող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ համայնքին: Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17ին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որուն մասնակցեցան Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ս. Էջմիածինի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց Արեւմտեան թեմերու առաջնորդներ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հայ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մերոնց Նոր Տարին

Մերոնց Նոր Տարին

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՒՈՐԳԵԱՆ
Ապրում էինք Երեւանում: Ծնողներս հայրենադարձներ էին: Ամուսնացել էին հայրս եւ մայրս, հօրս ծնողների եւ քրոջ հետ՝ բաժանուել էին գերդաստաններից, եւ 1946 թուին, մէկ ընտանիքով Հալէպից ներգաղթել էին հայրենիք: Մի քանի հարազատներ եկել էին յաջորդ տարիներին, իսկ միւսները՝ իբր յետոյ պիտի գային:
Հնչակեան մեծ հայրս չէր դիմացել յուսախաբութեան, երկու տարի յետոյ կաթուածահար էր եղել եւ՝ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Սայաթ Նովա» Պարախումբին Ելոյթը՝ Յունուար 15ին

«Սայաթ Նովա» Պարախումբին Ելոյթը՝ Յունուար 15ին

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, Յունուար 15ին, Կլենտէյլի պետական երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ (1440 East Broadway, Glendale, CA 91205) ելոյթ պիտի ունենայ Պոսթընի «Սայաթ Նովա» պարախումբը, որ պարերով պիտի ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուանները:
Սոյն ձեռնարկի անդրանիկ ելոյթը տեղի ունեցած է Պոսթընի մէջ, Նոյեմբեր 19ին, արժանանալով հանդիսատեսի դրուատիքին:
25ամեայ պարախումբի այս իւրայատուկ ձեռնարկին տոմսերու սակը 30էն 50 տոլար է. [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը Հովանաւորեց «Սալվէյշըն Արմի»ի Անտուններու Ս. Ծննդեան Ճաշը

ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանը Հովանաւորեց «Սալվէյշըն Արմի»ի Անտուններու Ս. Ծննդեան Ճաշը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը ընդարձակելով համայնքային իր բարեսիրական գործունէութիւնը Ուրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2011ին, հովանաւորեց Կլենտէյլի «Սալվէյշըն Արմի»ի Ս. Ծննդեան աւանդական ճաշը:
Շուրջ երկուհարիւր անհատներ, ընտանիքներ, տարեցներ եւ անտուններ վայելեցին նուիրուած ճաշը, որ իրենց հրամցուեցաւ աւելի քան քսան կամաւոր ՀՕՄուհիներու կողմէ, որոնց կարգին էին ՀՕՄի կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը, ՀՕՄի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Իզապէլ Պայրագտարեան Մեր Մէջ

Իզապէլ Պայրագտարեան Մեր Մէջ

«Շափաղ կու տաս բաղի միջին…» (Ժողովրդական)
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Մեր գաղութէն ներս երանութեան նման բան մըն է վայելել գանատահայ երգչուհի Իզապէլ Պայրագտարեանի տարողութեամբ արուեստագէտին ներկայութիւնը. այս վայելքը կրկնապատկուած է, երբ անոր կ՛ընկերանայ նոյնքան արժէքաւոր դաշնակահար՝ իր ամուսինը, Սերուժ Գրաճեան։
Կլենտէյլի Օքսիտենթըլ Քալըճի «Թհորն հալ» հսկայ սրահը 90 տոկոսով լեցուն էր որակաւոր հայ եւ ոչ-հայ արուեստասէրներով՝ 2011, Դեկտեմբեր 18ի երեկոյեան, [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Համագործակցութեան Համաձայնագիր Արժանթինի Հայ, Հրեայ Եւ Իսլամ Համայնքներուն Միջեւ

Համագործակցութեան Համաձայնագիր Արժանթինի Հայ, Հրեայ Եւ Իսլամ Համայնքներուն Միջեւ

ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԵՍ.- Արժանթինի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան գործունէութիւնը իրաւական կերպով ներկայացնող Արմէնիա Մշակութային ընկերակցութիւնը կարեւոր համաձայնագիր մը ստորագրեց երկիրի հրեայ եւ իսլամ համայնքներու ներկայացուցչական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ Խտրականութեան, Օտարատեացութեան եւ Ցեղապաշտութեան դէմ ազգային հիմնարկի (ԻՆԱՏԻ), Արժանթինի ընդհանուր «սինտիքաթուրա»ի եւ Լանուսի Ազգային համալսարանի հետ:
Համաձայնագիրի տրամադրութեանց հետեւումով, նշեալ համալսարանին մէջ ստեղծուեցաւ Հետազօտութեան, զարգացման եւ դաստիարակման կեդրոնը, որուն ծիրին [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

ՀՕՄը Կ՛օժանդակէ Սուտանի Սովահարներուն

ՀՕՄը Կ՛օժանդակէ Սուտանի Սովահարներուն

ՀՕՄի կեդրոնական վարչութիւնը յայտարարեց Սուտանի սովահարներուն համար հանգանակային իր արշաւի աւարտը, ՀՕՄի միաւորներուն ու համակիրներուն ճամբով այդ նպատակին համար 4,162 տոլար գոյացնելէ ետք։
«ՀՕՄը հայկական այն կազմակերպութիւնն է, որ կը տագնապի աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ տառապող մարդոց, յատկապէս կանանց եւ երեխաներու խնդիրներով։ Որպէս մարդ անհատներ եւ որպէս կիներ ու մայրեր, կը փորձենք այդ տագնապներէն ոմանց մեղմացման [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Թրքական Օդուժը Առնուազն 35 Քիւրտ Քաղաքայիններ Կը Սպաննէ

Թրքական Օդուժը Առնուազն 35 Քիւրտ  Քաղաքայիններ Կը Սպաննէ

ԱՆԳԱՐԱ.- «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին հարուածած է երկրին քրտաբնակ Շըրնաքի շրջանի գիւղ մը, որ կը գտնուի Իրաքի սահմանին մօտերը՝ սպաննելով առնուազն 35 հոգի:
Անգարա նախ յայտարարեց, թէ սպաննուած են քիւրտ զինեալներ, սակայն աւելի ուշ ընդունեց, թէ սպանուածները շատ հաւանաբար մաքսանենգներ էին, որոնք շփոթուած են քիւրտ զինեալներու հետ։ Զոհերը 16-20 տարեկան եղած [...]

December 29th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Արաբ Դէտերը Համա, Իտլիպ Եւ Տարաա Այցելեցին

Արաբ Դէտերը Համա, Իտլիպ Եւ Տարաա Այցելեցին

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Արաբական լիկայի Սուրիա տեղակայուած դէտերը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Անոնք տասը անձերէ բաղկացած խմբակներու բաժնուելով՝ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին այցելեցին Համա, Իտլիպ եւ Տարաա։
Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հոմսի խիտ բնակչութիւն ունեցող վայրի մը մէջ երեք ականներ վնասազերծուած են։

December 29th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քանի Մը Տողով

Քանի Մը Տողով

- Իրանեան ծովուժը հաղորդեց, թէ Հորմուզի նեղուցին մօտ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 29ին, ամերիկեան օդանաւակիր մը նշմարած եւ լուսանկարած է։ Երեքշաբթի օր Իրան սպառնացած էր, թէ դիւրութեամբ կրնայ փակել Հորմուզի նեղուցը քարիւղ փոխադրող նաւերուն դիմաց, եթէ յաւելեալ պատժամիջոցներ կիրարկուին Թեհրանի դէմ։ Ի պատասխան իրանեան սպառնալիքին, Պահրէյնի մէջ տեղակայուած ամերիկեան 5րդ նաւատորմիղի հրամանատարութիւնը յայտարարած է, որ նեղուցին մէջ [...]

December 29th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ազգ. Առաջնորդարանը 800,000 Տոլար Կը Տրամադրէ Ազգային Վարժարաններուն

Ազգ. Առաջնորդարանը 800,000 Տոլար Կը Տրամադրէ Ազգային Վարժարաններուն

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Ազգ. վարչութիւնը կը յայտարարեն, թէ նկատի ունենալով երկրի տնտեսական կացութիւնը եւ անոր հետեւանքով մեր վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները՝ 800,000 տոլարի յատկացում մը կը տրամադրուի թեմի Ազգային վարժարաններուն. գումարին առաջին բաժինը վարժարաններուն փոխանցուեցաւ Ամանորի նախօրեակին:
Այս յատկացումը կարելի դարձած է՝ շնորհիւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովուապետական այցելութեան առիթով կազմակերպուած մեծարանքի ճաշկերոյթին արձանագրուած [...]

December 29th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պաքուի Դեռ Մտահոգ Է Ստեփանակերտի Օդակայանով

Պաքուի Դեռ Մտահոգ Է Ստեփանակերտի Օդակայանով

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի քաղաքացիական օդային ճամբորդութեանց վարչութեան տնօրէն Արիֆ Մամատով, Ստեփանակերտի մէջ կառուցուած օդակայանին կապակցութեամբ Պաքուի մտահոգութիւնները փոխանցած է Եւրոպական քաղաքացիական օդային ճամբորդութեանց վարչութեան, ինչպէս նաեւ Միջազգային քաղաքացիական օդային ճամբորդութեանց վարչութեան Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի գրասենեակներուն:

December 28th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Յունաստան Յստակացում Կը Պահանջէ Անգարայէն

Յունաստան Յստակացում  Կը Պահանջէ Անգարայէն

ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Մեսուտ Եըլմազի այն խոստովանութիւնը, թէ 1990ական թուականներուն «Յունաստանի անտառներուն հրդեհումը պետական գաղտնիք էր», ցնցում յառաջացուցած է Աթէնքի մէջ, որ այդ մասին բացատրութիւն պահանջած է Անգարայէն: Եըլմազ Դեկտեմբեր 27ին հերքեց թրքական «Պիրկիւն» թերթին կողմէ իրեն վերագրուած այդ յայտարարութիւնը:

December 28th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քանի Մը Տողով

Քանի Մը Տողով

- Ռուսիոյ ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալեքսէյ Քուտրին յայտարարած էր, թէ վարչապետ Վլատիմիր Փութին պատրաստ է ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու, սակայն Փութին Դեկտեմբեր 28ին յայտնեց, թէ նման երկխօսութիւն անիմաստ է, մինչեւ այն ատեն, որ ընդդիմութիւնը միացեալ դիրք մը չէ որդեգրած: Սեպտեմբերին հրաժարական տուած Քուտրին, Դեկտեմբեր 24ին մասնակցած էր ընդդիմութեան հանրահաւաքին եւ յայտարարած, որ իրեն համար առաջնահերթութիւնը [...]

December 28th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Մոսկուա Սուրիոյ Բոլոր Շրջանները Արաբ Դէտերուն Առջեւ Բանալու Կոչ Կ՛ընէ

Մոսկուա Սուրիոյ Բոլոր Շրջանները Արաբ Դէտերուն Առջեւ Բանալու Կոչ Կ՛ընէ

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին Սուրիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրաւ արաբ դէտերուն առջեւ Սուրիոյ բոլոր շրջանները բանալու եւ անոնց հետ գործակցելու, որպէսզի արաբական առաքելութիւնը կարենայ «տեղի ունեցող դէպքերուն մասին առարկայական անկախ պատկերացում ներկայացնել»։ Ան յայտնեց, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած Ռուսիոյ բանաձեւը, նաեւ արաբ դէտերուն առաքելութիւնը կ՛ողջունէ:
Լաւրով շեշտեց, որ [...]

December 28th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիա Ռուսիոյ Հետ Եւս Կազի Համաձայնագիր Ստորագրեց

Թուրքիա Ռուսիոյ Հետ Եւս Կազի Համաձայնագիր Ստորագրեց

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Թաներ Եըլտըզ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Իկոր Սեչինի հետ ստորագրեց ռուսական կազը Սեւ Ծովի յատակով Թուրքիա փոխադրելու «Հարաւային հոսք» նախագիծի շուրջ համաձայնագիրը: Ստորագրութեան արարողութեան մասնակցած է նաեւ վարչապետ Վլատիմիր Փութին, ողջունելով համաձայնութիւնը: Ան երախտագիտութեան խօսքեր ուղղած է նաեւ Եւրոմիութեան՝ այս ծրագիրի իրականացման աշխատանքներուն անոր ցուցաբերած աջակցութեան [...]

«Թռչկան»ը Բնապահպանական Հզօր Շարժում Կը Կազմակերպէ

«Թռչկան»ը Բնապահպանական Հզօր Շարժում Կը Կազմակերպէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Թռչկան» բնապահպանական քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը այսօր կէսօրուան մօտ կը կազմակերպէ բնապահպանական հզօր շարժում մը, որուն վերաբերեալ նախաձեռնութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի.
«Հաւաքւում ենք ՀՀ կառավարութեան թիւ 1 շէնքի մօտ՝ ներկայացնելու մեր պահանջը՝ ՀՀ Սիւնիքի մարզի Քաջարան, Սիւնիք, Արծուանիկ, Սեւաքար, Աճանան, Չափնի եւ Սիւնիք գիւղերի 608 հեկտար հողերը «բացառիկ գերակայ հանրային շահ» անուան տակ Զանգեզուրի պղնձամոլիպդենային [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սուրիոյ Հաւատարմատարը Կը Վստահեցնէ. «Սուրիահայերու Զանգուածային Արտահոսք Չկայ»

Սուրիոյ Հաւատարմատարը Կը Վստահեցնէ. «Սուրիահայերու Զանգուածային Արտահոսք Չկայ»

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Մամուն Հարիրի, Դեկտեմբեր 29ին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման մը ընթացքին խօսելով Սուրիոյ հայկական համայնքի վիճակին մասին՝ նշեց, որ հայ համայնքը, պահպանելով քաղաքական չէզոքութիւն՝ կը սատարէ նախագահ Ասատի բարեփոխումներուն: Ըստ դիւանագէտին, իրականութեան չեն համապատասխաներ այն լուրերը, թէ Հոմսէն եւ հարաւարեւելեան այլ քաղաքներէ հայազգի բնակչութեան մեծ արտահոսք եղած է:
«Սուրիահայերը [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հակառակորդի Գնդակէն Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

Հակառակորդի Գնդակէն Հայ Զինուոր Մը Վիրաւորուած Է

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Ղարաբաղա-ատրպեճանական հակամարտ զօրքերու սահմանի հիւսիսարեւելեան (Մարտակերտ) ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն վիրաւորուած է պաշտպանութեան բանակի զինուոր Գէորգ Եղիազարեան, որ անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց:
Միջադէպին առնչութեամբ քննութիւն սկսած է:

Տնտեսական Ազատ Գօտիներու Ստեղծման Գործընթացը Պիտի Սկսի

Տնտեսական Ազատ Գօտիներու Ստեղծման Գործընթացը Պիտի Սկսի

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 28ին, բանալով ազատ տնտեսական գօտիներու գործունէութիւնը համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի անդրանիկ նիստը՝ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ կը սկսի տնտեսական ազատ գօտիներու ստեղծման գործընթացը:
Յանձնաժողովը ընդունեց «Սիտրոնիքս Արմէնիա» ընկերութեան յայտը՝ «Մարս» գործարանին եւ «Մերկելեանի անուան մաթեմաթիքայի ուսումնարան»ին մէջ տնտեսական ազատ գօտիներ ստեղծելու մասին:
Օրէնսդրութեան համաձայն, տնտեսութեան նախարարութիւնը 20 օրուան ժամկէտի մէջ [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայկական Հնագոյն Թագաւորութեան Մայրաքաղաքը Պիտի Վերականգնի

Հայկական Հնագոյն Թագաւորութեան Մայրաքաղաքը Պիտի Վերականգնի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Պատմամշակութային ժառանգութեան հետազօտական կեդրոնի ղեկավար Յակոբ Սիմոնեան Դեկտեմբեր 28ին յայտնեց, թէ կեդրոնին կողմէ 2011ի ընթացքին իրականացած են պեղումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք լրացած համարուած է հայկական յուշարձաններու պետական ցուցակը, կազմուած են պահպանական գօտիներ ու վկայագիրներ, որոնք բոլորը թուայնացուած են: Նոյն ընթացքին հրատարակութեան պատրաստուած է «Յուշարձան» տարեգիրքը, ստեղծուած է Գորիսի պատմամշակութային միաւորումը [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԲՀԿ Եւ «Շրջադարձ» Կուսակցութիւնները Կ՛ողջունեն ՀՅԴի Եւ «Ժառանգութեան» Նախաձեռնութիւնը

ԲՀԿ Եւ «Շրջադարձ» Կուսակցութիւնները Կ՛ողջունեն ՀՅԴի Եւ «Ժառանգութեան» Նախաձեռնութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ.- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Նաիրա Զոհրաբեանի հետ կայացած զրոյցին ընթացքին վերջինս հաստատած է իրենց կուսակցութեան համաձայնութիւնը՝ համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններ իրականացնելու հարցին շուրջ:
«Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ծրագրում ֆիքսուած (հաստատուած) է 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին աստիճանական անցումը: Ընդամէնը վերջերս կրկին լրամշակուած Ընտրական օրէնսգիրքը, գիտէք, որ կոալիցիոն քաղաքական ուժերի միջեւ կոնսեսուսի արդիւնք էր, եւ այս փուլում լրամշակմանը մասնակից [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Քաղաքական Կուսակցութիւնները Պէտք Է Բացայայտեն Իրենց Նիւթական Աղբիւրները

Քաղաքական Կուսակցութիւնները Պէտք Է Բացայայտեն Իրենց Նիւթական Աղբիւրները

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետի օգնական Եղիշէ Կիրակոսեան Դեկտեմբեր 28ին յայտնեց, թէ Հայաստանի քաղաքական կուսակցութիւնները պէ՛տք է աւելի հստակացնեն իրենց ֆինանսաւորման աղբիւրները: Անոր խօսքով, կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետութիւններուն յատուկ խումբը (GRECO) Հայաստանին առաջարկած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել քաղաքական կուսակցութիւններու ֆինանսաւորման հարցին՝ կաշառակերութեան վտանգի նուազեցման նպատակով:
Թէեւ ընտրական օրէնսգիրքով կուսակցութիւնները պարտաւոր են հրապարակել իրենց ֆինանսաւորման աղբիւրները, Ե. Կիրակոսեան [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

3 Բալ Հզօրութեամբ Երկրաշարժ Հայաստանի Մէջ

3 Բալ Հզօրութեամբ Երկրաշարժ Հայաստանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Դեկտեմբեր 28ին, տեղական ժամանակով 11:52ին, Հայաստան-Թուրքիա սահմանային գօտիի Արտաշատ քաղաքէն 6 քլմ. դէպի հարաւ տեղի ունեցած է երկրաշարժ մը, որուն կեդրոնը կը գտնուի 5 քլմ. խորութեան վրայ եւ հզօրութիւնը կազմած է 4 բալ։
ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տեղեկութիւններով, երկրաշարժը զգացուած է մասնաւորապէս Երեւանի եւ Մասիսի մէջ՝ 3 բալ, իսկ Արտաշատի, Արարատի եւ Վեդիի մէջ՝ [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդը Կ՛այցելէ Ազգային Առաջնորդարան

Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդը Կ՛այցելէ Ազգային Առաջնորդարան

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբերի կէսօրին, Հիւիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի  առաջնորդ  Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ համայնքի Հիւսիսային Ամերիկայի նորընտիր առաջնորդին՝ Միքայէլ եպսկ. Մուրատեանին, որուն կ՛ընկերանային համայնքին Լոս Անճելըսի ժողովրդապետ Գրիգոր վրդ. Շահինեան, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէն Դաւիթ վրդ. Ղազարեան եւ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի տիկին Մարիժան Հարմանտայեան։ Առաջնորդ սրբազանին կողքին, ներկայ եղան թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կը Նշուի Բարերարուհի Էլիանոր Տիգրանեանի Ծննդեան Հարիւրամեակը

Կը Նշուի Բարերարուհի Էլիանոր Տիգրանեանի Ծննդեան Հարիւրամեակը

Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին եւ եկեղեցւոյ 70ամեակի տարեդարձին առթիւ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 18ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց եկեղեցւոյ մէջ: Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան եւ սարկաւագները:
Նախքան «Հայր Մեր»ը, սրբազանը շղարշի օրհնութիւնը կատարեց 25 դպրուհիներու:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Արեւմտեան թեմի բարերարուհի Էլիանոր Տիգրանեանի [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մեծարենցի Մասին՝ Գողտրիկ Դասախօսութիւն

Մեծարենցի Մասին՝ Գողտրիկ Դասախօսութիւն

ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Հանրային ելոյթներն ընդհանրապէս ծանուցւում են, եւ որքան շատ լինի ներկայ բազմութիւնը, այնքան յաջողուած կը համարուի ձեռնարկը: Այդ երեկոյ այդպէս չէր:
Լարք երաժշտանոցի լսարաններից մէկում հաւաքուել էին ուսանողներ, ուսուցիչներ, մի քանի բարեկամներ: Պարոն Վարդգէսը պատրաստել էր վիդէոյի նկարահանման խցիկը, մի կողմում՝ սեղանի վրայ տեղադրուած էին իւրօրինակ ուտելիքներ, եւ դպրոցը կազմ ու պատրաստ, մօտաւորապէս 20-25 հոգի [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Նաւակատիքի Արարողութիւն՝ Սիէթըլի Հայց. Եկեղեցւոյ

Նաւակատիքի Արարողութիւն՝ Սիէթըլի Հայց. Եկեղեցւոյ

ՌԵՏՄԸՆՏ.- Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10, 2011ը հոգեկան ցնծութեան եւ հրճուանքի օր մըն էր Սիէթըլի Հայց. եկեղեցւոյ համայնքին համար: Հակառակ անձրեւին, մեծ թիւով հաւատացեալներ ժամանեցին Ռետմընտ գնտուող եկեղեցին, ուր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ ծուխի հոգեւոր հովիւ Եղիա քհնյ. Իսայեանի եւ սարկաւագներու, կատարեց եկեղեցւոյ Նաւակատիքի արարողութիւնը եւ գլխաւոր գմբէթի խաչին օծումը:
Արարողութեանց աւարտին սրբազան հայրը տուաւ իր ներշնչիչ [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Մոնթեւիտէոյի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴի 121րդ Տարեդարձը

Մոնթեւիտէոյի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴի 121րդ Տարեդարձը

ՄՈՆԹԵՎԻՏԷՕ.- «Կոմիտաս» ռատիօժամէն Կարօ Հեքիմեան կը յայտնէ. «Կիրակի, 18 Դեկտեմբերին, «Վռամեան» ակումբը տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Ինչպէս հայաշխարհի դաշնակցական մեծ ընտանիքը աւանդաբար կը յիշէ իր օրը, մեր ՀՅԴի կառոյցն ալ իր հովանիին տակ գործող քոյր միութիւներ՝ ՀՕՄի, ՀՄԸՄի, ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի, ԱԵՄ (երիտասարդական միութիւն) եւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ միասին, տօնախմբեց Դաշնակցութեան 121րդ տարեդարձը»:
ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէի բարի [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Արամ Ա. «Թուրքիան Ինքնիրեն Միայն Բարոյախօսութեան Ու Ժողովրդավարութեան Դաս Պէտք Է Տայ»

Արամ Ա.  «Թուրքիան Ինքնիրեն Միայն Բարոյախօսութեան Ու Ժողովրդավարութեան Դաս Պէտք Է Տայ»

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Անցեալ Ուրբաթ օր, լիբանանեան «Օ. Թի. Վի.» եւ Հայաստանի «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայաններուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս խստիւ քննադաԱտեց Թուրքիոյ ժխտողական ոգին ու սպառնական կեցուածքը թէ՛ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն եւ թէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով վերջերս Միացեալ Նահանգներու ու Ֆրանսայի կողմէ առնուած դրական քայլերուն նկատմամբ:
Նախ անդրադառնալով Միջին Արեւելքի մէջ տեղի [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Կոմիտասի Գործերու Ձայնապնակ՝ Արծրունիի Մեկնաբանութեամբ

Կոմիտասի Գործերու Ձայնապնակ՝ Արծրունիի Մեկնաբանութեամբ

ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, 22 Դեկտեմբերին Անատոլու Քիւլթիւր կազմակերպութեան ղեկավար Օսման Գավալայի «Ճէզայիր» հանդիսասրահին մէջ կատարուեցաւ Շահան Արծրունիի մեկնաբանութեամբ Կոմիտասի դաշնակի կտորներուն նուիրուած ձայնապնակին ծանօթացումը։ Հանդիսութեան հրաւիրուած էին կոկիկ թիւով արուեստասէրներ, որոնք որպէս նուէր ստացան ձայնապնակէն օրինակներ եւ առիթը ունեցան տեսնելու որ ալպոմը պատրաստուած էր շատ բարձր ճաշակով ու գեղարուեստական շքեղ տպագրութեամբ։
Սոյն ձայնապնակի մեկենասութիւնը ստանձնած են տէր [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Լուրեր | Read More »

Այշէ Հիւր Կը Մեկնաբանէ Տեղահանութեան Նախորդող Դէպքերը

Այշէ Հիւր Կը Մեկնաբանէ Տեղահանութեան Նախորդող Դէպքերը

«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Պատմաբան Այշէ Հիւր, ինչպէս ամէն Կիրակի, երէկ ալ (Դեկտեմբեր 25ին) ամբողջ էջ մը պատմութեամբ լեցուցած էր «Թարաֆ» թերթին մէջ, այս անգամ նիւթ ընտրելով այն հարցումը, թէ «Ինչե՞ր պատահած էին Վանի մէջ 1915ի Ապրիլին»։ Տրուած ըլլալով որ պետական տեսակէտը միշտ յայտնած է թէ Հայերու տեղահանութիւնը կատարուած է 1915 թուականի Մարտ ամսուան մէջ՝ Զէյթունի, Ապրիլ ամսուան [...]

December 28th, 2011

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

«Հայերու Դէմ Ցեղասպանութիւն Եղած Է» Ըսելը Յանցագործութի՞ւն Է Թէ Կարծիքի Ազատութիւն

«Հայերու Դէմ Ցեղասպանութիւն Եղած Է» Ըսելը Յանցագործութի՞ւն Է Թէ Կարծիքի Ազատութիւն

«ՄԱՐՄԱՐԱ».- Երէկուան (Կիրակի, 25  Դեկտեմբերի) «Ռատիքալ»ին մէջ Մեսուտ Հասան Պենլիի ստորագրութեամբ հրատարակուած էր թղթակցութիւն մը, որ շատ կարեւոր էր ճշդելու համար, թէ Թուրքիոյ մէջ «Հայկական ցեղասպանութիւն եղած է» ըսելը յանցագործութի՞ւն էր թէ ոչ՝ կարծիքի ազատութիւն։ Թղթակցութեան հեղինակը դիտել կու տար որ մինչ Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրինագծին դէմ Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը կը շարունակուէր, Թուրքիոյ մէջ ալ փաստաբան [...]

December 28th, 2011

| Posted in Կիզակէտ | Read More »