Home » December 28th, 2011Entries posted on “December, 2011”

«Գրաճեան» Շուկայէն Կը Քաշէ Երկու Տեսակի Պանիրներ

«Գրաճեան» Շուկայէն Կը Քաշէ Երկու Տեսակի Պանիրներ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Գրաճեան» ընկերութիւնը որոշած է ժամանակաւոր կերպով շուկայէն քաշել իր «Cedar» վաճառանիշով «Թել» եւ «Շինկլիշ» տիպի մէկ փաունտնոց պանիրները, որովհետեւ կասկածներ յառաջացած են, թէ անոնք կրնան «լիսթիրիա» հիւանդութեամբ վարակուած ըլլալ, ինչ որ կրնայ առողջական լուրջ հարցեր ստեղծել ու նոյնիսկ մահ պատճառել՝ երեխաներու եւ տարեցներու պարագային:
Պանիրները կը ծախուին Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ միայն եւ կ՛արտադրուին Գանատայի մէջ: [...]

December 28th, 2011

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

ԱԺ Փոխնախագահն Ու Աւստրալիացի Պատգամաւորը Ցեղասպանութեան Եւ ԼՂ Հիմնախնդիրի Հարցեր Քննարկած Են

ԱԺ Փոխնախագահն Ու Աւստրալիացի Պատգամաւորը Ցեղասպանութեան Եւ ԼՂ Հիմնախնդիրի Հարցեր Քննարկած Են

ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 28ին, ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով հանդիպած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելսի խորհրդարանի անդամ Ուոլթ Սեքորտին: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեան:
Շարմազանով Սեքորտին շնորհակալութիւն յայտնած է Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին, Արցախեան հիմնախնդիրին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի ճակատագիրին հանդէպ ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու մտահոգութեան համար, եւ յոյս յայտնած, որ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներուն [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեխաներ Գողութիւն Կ՛ընեն՝ Ձմեռը Բանտին Մէջ Անցընելու Համար

Երեխաներ Գողութիւն Կ՛ընեն՝ Ձմեռը Բանտին Մէջ Անցընելու Համար

ԵՐԵՒԱՆ, «7օր».- Դեկտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, մանկատուներու շրջանաւարտներու հետագայ ճակատագիրին եւ խնդիրներուն մասին ահազանգ հնչեցուցին «Հետք»ի գլխաւոր խմբագիր Էդիկ Բաղդասարեան եւ ԱԺ «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Անահիտ Բախշեան:
Է. Բաղդասարեան նշեց, որ երկու ամիս առաջ, 18 տարին լրացուցած 15 շրջանաւարտներ դուրս դրուած են «Զատիկ» մանկատունէն: Անոր խօսքով, 2003ին պետական ծրագիրով բնակելի շէնքեր կառուցուած են մանկատունէն [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Ուշագրաւ Գիրք՝ Պարսկերէն Լեզուով. «Իրանը Սահմանադրական Յեղափոխութեան Սեմին»

ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ- Ուշագրաւ Գիրք՝ Պարսկերէն Լեզուով. «Իրանը Սահմանադրական Յեղափոխութեան Սեմին»

ԽՈՐԷՆ ԱՐԱՄՈՒՆԻ
Գրականագէտ, պարսից գրականութեան մասնագէտ, քսան տարի Թեհրանի, ապա տաս տարի Քեմբրիջ համալսարանի դասախօս, հինգ գիտական գրքերի հեղինակ պարոն Յովհաննէս Յովհաննիսեանի վերջերս հրատարակած Եւգենի Այլինի «Իրանը սահմանադրական յեղափոխութեան սեմին» գիրքը ուշադրութիւնս գրաւեց: Ինձ հետաքրքրեց ոչ թէ հեղինակն, այլ նրա թարգմանիչ Լեւոն Բուդաղեանի ու հրատարակիչ պարոն Յովհաննէս Յովհաննիսեանի նախաբանը, ներածականը, խմբագրական աշխատանքն ու շատ կարեւոր լուսանցքագրութիւնները, [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Մօտ ԱՄՆ Դեսպանը Հայերէն Լեզուով Ամանորեայ Ուղերձ Յղած Է

Հայաստանի Մօտ ԱՄՆ Դեսպանը Հայերէն Լեզուով Ամանորեայ Ուղերձ Յղած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոն Հեֆըրն Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, տեսաժապաւէնով հայերէն ուղերձ մը ուղղած է հայ ժողովուրդին:
Ան իր խօսքը սկսած է հետեւեալով.
«Բարեւ ձեզ,
Ամերիկայի ժողովուրդին անունով իմ լաւագոյն մաղթանքները՝ հայ ժողովուրդին, այս գեղեցիկ տօներուն առիթով։
Ես եւ իմ կինը՝ Լիպին, երեք ամիս է կ՛ապրինք Հայաստանի մէջ: Մենք [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախկին Ու Ներկայ Պատգամաւորները Կը Հաւաքուին

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախկին Ու Ներկայ Պատգամաւորները Կը Հաւաքուին

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Երկիր Մեդիա».- Դեկտեմբեր 28ին ԼՂՀ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՂՀ առաջին Գերագոյն խորհուրդի ընտրութիւններու 20ամեակին նուիրուած հաւաք-հանդիպում մը, որուն կը մասնակցէին նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովներու բոլոր կազմերու նախագահները, ԱԺ նախքին ու նոր պատգամաւորներ ու լրագրողներ:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Աւստրալիացի Խորհրդարանականը Հայոց Ցեղասպանութեան Հերքումը Անբարոյական Կը Համարէ

Աւստրալիացի Խորհրդարանականը Հայոց Ցեղասպանութեան Հերքումը Անբարոյական Կը Համարէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Դեկտեմբեր 28ին, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելեց Աւստրալիոյ Ուելս նահանգի խորհրդարանի անդամ Ուոլթ Սեքորտ՝ ուղեկցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի ու Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արա Նռանեանի։
Սեքորտ ծաղկեպսակ զետեղեց անմար կրակին մօտ, ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ պահուող ցուցանմոյշներուն եւ արձանագրութիւն կատարեց տպաւորութիւններու մատեանին մէջ:
Նշենք, որ Ուելս նահանգի խորհրդարանը [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արմէն Ռուստամեան Համամասնական Ընտրակարգին Շուրջ Համախոհութիւնը Հնարաւոր Կը Նկատէ

Արմէն Ռուստամեան Համամասնական Ընտրակարգին Շուրջ Համախոհութիւնը Հնարաւոր Կը Նկատէ

ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի (ԳՄ) ներկայացուցիչ, ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան Դեկտեմբեր 28ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, թէ 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգին անցնելու իրենց առաջարկը փորձաքար է, եւ իշխանութիւններուն կողմէ անոր ընդունումը կրնայ ցոյց տալ, թէ իշխանութիւնները որքա՛ն կ՛ուզեն արդար ընտրութիւններ կայացնել: «Դա կարող է մեծացնել ընտրութիւնների նկատմամբ ժողովրդի վստահութիւնը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Գալուստ Սահակեան Համամասնական Ընտրակարգին Ընդունումը Բացառեց

Գալուստ Սահակեան Համամասնական Ընտրակարգին Ընդունումը Բացառեց

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Անդրադառնալով 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի անցում կատարելու ՀՅԴի եւ «Ժառանգութեան» համատեղ յայտարարութեան՝ ԱԺ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան Դեկտեմբեր 28ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, թէ ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգին անցնելու շուրջ իրենց դիրքորոշումը արդէն յայտնած են։ Համատեղ յայտարարութիւնը ան պայմանաւորեց նախընտրական շրջանին հետ, երբ խորհրդարանական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները անգամ մը եւս [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մինչեւ 2030 Սեւանայ Լճի Մակարդակը 6 Մեթրով Պիտի Բարձրանայ

Մինչեւ 2030 Սեւանայ Լճի Մակարդակը 6 Մեթրով Պիտի Բարձրանայ

ՍԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Դեկտեմբեր 27ին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ՝ Հայաստանի նախագահին առընթեր Սեւանայ լիճի հիմնախնդիրներով զբաղուող յանձնաժողովի նախագահ Վլադիմիր Մովսիսեան ներկայացուց վերջին տարիներուն դրական տեղաշարժերը՝ Սեւանայ լիճի մակարդակի բարձրացման, բնական պաշարներու պահպանման եւ վերականգնման ուղղութեամբ:
Ան նշեց, թէ յաջորդ տարի կը նախատեսուի իրականացնել 48 աշխատանքային ծրագիրներ, որոնց համար տրամադրուած է 44 միլիառ դրամ: Ծրագիրներու մէկ մասի գործադրութիւնը [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Քաջարանի Գիւղապետը Նախագահէն Լուծում Կ՛ակնկալէ

Քաջարանի Գիւղապետը Նախագահէն Լուծում Կ՛ակնկալէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Քաջարանի գիւղապետ Ռաֆիկ Աթայեան Դեկտեմբեր 28ին  կայացած ասուլիսին յայտարարեց, որ մայրաքաղաք եկած է՝ դիմելու համար Հայաստանի նախագահին, որպէսզի անոր միջնորդութեամբ չեղեալ յայտարարուի կառավարութեան որոշումը, ըստ որուն Սիւնիքի մարզի քանի մը համայնքներուն, ներառեալ Քաջարան գիւղին պատկանող շարք մը տարածքներ «պետական բացառիկ գերակայ շահ» կարգավիճակ ստացած են՝ հիմք ստեղծելով որ անոնք օգտագործուին այլ նպատակներու համար:
«Այսօր [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Նախագահին Կարծիքով՝ Մեր Երկիրը Ճատրակի Գերտէրութիւն Է

Հայաստանի Նախագահին Կարծիքով՝ Մեր Երկիրը Ճատրակի Գերտէրութիւն Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 28ի երեկոյեան մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մարզիկներու եւ մարզիչներու պարգեւատրման ամանորեայ հանդիսութեան, որուն ընթացքին շնորհաւորած է մարզաշխարհի ներկայացուցիչները՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ՝ մաղթելով առողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ:
Սերժ Սարգսեան, «Մրցաշրջան-2011»ի լաւագոյն 19 մարզիկներուն, անոնց անձնական մարզիչներուն եւ հաւաքականներու գլխաւոր մարզիչներուն յանձնած է նաեւ դրամական պարգեւներ:
Իր շնորհաւորական խօսքին [...]

December 28th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սուր Տարի

Սուր Տարի

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Գալիք տարին, չինական համաստեղութեան համաձայն՝ Վիշապի տարի է: Կլոր տարի չէ, կ՛ուզենք սուր տարի դարձնել զայն:
Ինչպէ՞ս:
«Ասպարէզ» երբեք չէ խուսափած սուր հարցեր դիմագրաւելէ: Այսուհանդերձ, մեր էջերը, սուր հարցադրումներու եւ ցաւոտ խնդիրներու արծարծման, ինքնաքննադատութեան կամ քննադատական տեսակէտէն՝ այնքան ալ հարուստ չեն եղած:
Կը գիտակցինք, որ սուր հարցադրումները, համայնքի պատասխանատուները, միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ղեկավարները ցաւագին հարցերու դէմ յանդիման [...]

December 28th, 2011

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Կիւլ Կը Յուսայ Ֆրանսայի «Աններելի Սխալ»ին Սրբագրումը Տեսնել

Կիւլ Կը Յուսայ Ֆրանսայի «Աններելի Սխալ»ին Սրբագրումը Տեսնել

ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, թրքական «TV 24» կայանէն Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսա կը սրբագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը երկրի խորհրդարանին մէջ վաւերացնելու իր «աններելի սխալ»ը:
Անդրադառնալով վաւերացուած օրինագիծին՝ Կիւլ ըսած է. «Ազատութիւններու հայրենիք համարուող Ֆրանսայի նման երկիրի մը մէջ, պաշտօնական տեսակէտէն տարբեր կարծիք մը արտայայտելու համար պատիժի ենթարկուիլը՝ անհասկնալի [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Արցախի Բանակցութիւնները՝ 2011ի Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Իրագործումներէն Մէկը

Արցախի Բանակցութիւնները՝ 2011ի Ռուսիոյ Արտաքին Քաղաքականութեան Իրագործումներէն Մէկը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին, 2011ի արտաքին քաղաքական հիմնական իրադարձութիւններու ամփոփումը հրապարակած է իր պաշտօնական կայքին վրայ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ վարուած բանակցութիւնները ներառնուած են 22 կէտերէ բաղկացած կարեւորագոյն իրադարձութիւններու ցուցակին մէջ: Ընդգծուած է, որ հակամարտութիւններու բազմակողմ, արդար, քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման գործին մէջ միջազգային հաւաքական ջանքերու գործադրումը կարեւոր եղած է:
«Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Վերանորոգուած Է Պոլսոյ Որդւոց Որոտման Եկեղեցին

Վերանորոգուած Է Պոլսոյ Որդւոց Որոտման Եկեղեցին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական մամուլը Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 28ին կ՛անդրադառնայ Պոլսոյ Գումգաբու շրջանին մէջ գտնուող Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ վերաբացման։
Եկեղեցին, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը մնար աւերակ վիճակի մէջ, նորոգուեցաւ «Պոլիսը՝ մշակութային կեդրոն» ծրագիրի շրջագիծով, ու ան այսուհետեւ պիտի գործածուի թէ՛ որպէս եկեղեցի, եւ թէ որպէս մշակութային կեդրոն։
«Ռատիքալ»ը այս լուրը հաղորդելու ընթացքին կը յիշէ նաեւ այն իրողութիւնը, [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պաքու Կ՛ուզէ Թուրքիան ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակի Համանախագահ Դարձնել

Պաքու Կ՛ուզէ Թուրքիան ԵԱՀԿի Մինսկի Խմբակի Համանախագահ Դարձնել

ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆայիք Պակիրով, թրքական «Հիւրրիյէ»չ օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է. «Կ՛ուզենք, որ Թուրքիան ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր դառնայ»։ Դեսպանը աւելցուցած է, որ Պաքու տակաւին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի մէջ Ֆրանսայի համանախագահութիւնը փոխարինելու հարցը չէ բարձրացուցած։
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, որ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը [...]

December 28th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Որպէսզի Համադրուին Ուժերը, Որպէսզի Ներդաշնակուին Քայլերը

Որպէսզի Համադրուին Ուժերը, Որպէսզի Ներդաշնակուին Քայլերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
2011ը կը փակենք, ազգային–քաղաքական գետնի վրայ, դրական հաշուեկշռով։
Թէեւ ընկրկումներ արձանագրուեցան 2011ին եւս, բայց ձեռքբերումները գերակշռեցին։
Անշուշտ՝ յարաբերական առումով։
Բաղդատաբար 2010ին, հայ ժողովուրդը 2011ին յառաջխաղացք արձանագրեց որոշապէս Հայ Դատի պահանջատիրութեան ճակատին վրայ։
Տարի մը առաջ լուրջ դժուարութիւն ունէինք զիրար հասկնալու եւ, մանաւա՛նդ, ՀՀ ներկայ իշխանութիւնները տարհամոզելու, որ «Հայեւթուրք Արձանագրութիւն»ն ու զայն կեանքի կոչող «Ֆութպոլային Դիւանագիտութիւնը» ի սկզբանէ անհեթեթ [...]

December 28th, 2011

| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »

«Ֆէյսպուք»եան Յորդոր

«Ֆէյսպուք»եան Յորդոր

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
(Նիքոսիա, Կիպրոս)
Շուտով 2011ը կ՛անցնի պատմութեան գիրկը… Յիշենք միայն լաւն ու բարին, դասեր քաղենք մեր սխալներէն, լեցուինք նոր եռանդով ու սիրով դէպի կեանքն ու մարդիկ… եւ շարունակենք մեր կեանքի ճամբան նորոգ յոյսով ու հաւատքով…

December 28th, 2011

| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »

2012ի Գուշակութիւնները

2012ի Գուշակութիւնները

Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս աւելի քան քսան աստղագէտներու, բախտագուշակներու եւ աստղաբաններու 2012 տարուան վերաբերող բազմաթիւ եւ տեսակաւոր կայքէջերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու անոնց մասին զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ ետք, փորձեցինք մեկտեղել եւ համադրել այդ բոլորը ու մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը,  ընդհանրականն ու յատկանշականը:
Պէտք է ըսել, թէ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, որ [...]

December 28th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Մշակոյթ | Read More »

ՇԱՀԷ ՄԱՆԿՐԵԱՆ՝ ՏՆՕՐԷՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ա. ԵՒ Մ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

ՇԱՀԷ ՄԱՆԿՐԵԱՆ՝ ՏՆՕՐԷՆ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ա. ԵՒ Մ. ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Խորհրդածութիւններ
Քանի մը օր առաջ, ժողովի մը ընթացքին ժողովականներէն մէկուն ինծի ուղղած հարցումը վերյիշեցուց ինծի
ուսումնական դաշտը իբրեւ ասպարէզ ընտրելուս դրդապատճառը։ Ինծի ուղղուած հարցումը հետեւեալն էր. «Իբրեւ արհեստ ո՞ր մարզը կը նախընտրես, ուսուցչութիւնը թէ տնօրէնութիւնը»: Նախ կ՛ուզէի պատասխանել, որ ուսուցչութիւնը արհեստ մը չէ, այլ ամբողջական նուիրում մը, մանաւանդ՝ հայկական դպրոցներու մէջ։ Եւ ճիշդ այդ պատճառով կը նախընտրեմ [...]

December 28th, 2011

| Posted in 2011 Year End, Բացառիկ, Գաղութներ | Read More »

Տինքի Սպանութիւնը Կը Կապուի Պետական Հարուածը Դիւրացնելու Ծրագիրին

Տինքի Սպանութիւնը Կը Կապուի Պետական Հարուածը Դիւրացնելու Ծրագիրին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան 23րդ նիստը կայացաւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին. անոր ընթացքին փաստաբաններ իրենց տեսակէտները ներկայացուցին դատախազութեան ամբաստանագիրին դէմ։
Սակայն, նիստին ամէնէն կարեւոր մասն էր ամբաստանեալ Էրհան Թունճելի մէկ պնդումը։ Թունճել ըսաւ, որ Հրանդ Տինքը «սպաննեցին, որպէսզի դիւրացնեն պետական հարուածը»։
Թունճել պնդեց, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան նպատակն էր յանցաւոր դուրս բերել Տրապիզոնի ապահովութեան տնօրէնը, Պոլսոյ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հոլանտայի Ազատութիւն Կուսակցութիւնը Կը Դատապարտէ Թուրքիան

Հոլանտայի Ազատութիւն Կուսակցութիւնը Կը Դատապարտէ Թուրքիան

ԱՄՍԹԵՐՏԱՄ, «Արմէնփրէս».- Հոլանտայի Ազատութիւն կուսակցութիւնը, Թուրքիոյ իշխանութիւնները մեղադրած է իր դաշնակիցներուն՝ Իսրայէլին ու Ֆրանսային, դաւաճանելու յանցանքով, եւ կոչ ըրած է վերատեսութեան ենթարկելու ՆԱԹՕի անոր անդամակցութիւնը:
«Թուրքիա ունի դաշնակիցներու դաւաճանութեան կարճ, սակայն մահաբեր պատմութիւն», յայտարարած է Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու գաղափարին խստօրէն ընդդիմացող այս կուսակցութեան փոխնախագահ Վիմ Քորթենովէն, աւելցնելով. «Ո՛չ հոլանտացիները, ո՛չ Գերմանիան Ֆրանսայի օրինակին պիտի հետեւին [...]

December 27th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիա-Ատրպէյճան Նոր Կազատար

Թուրքիա-Ատրպէյճան Նոր Կազատար

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին Անգարայի մէջ ստորագրուած նոր համաձայնութեամբ մը, ատրպեճանական բնական կազը Անատոլուի վրայով Թուրքիա պիտի բերուի ու հոնկէ պիտի վաճառուի Եւրոպային։ Այս համաձայնութիւնը կապ չունի «Նապուքօ» ծրագիրին հետ, սակայն այդ ծրագիրը կրնայ օգտուիլ նոր համաձայնութենէն։ Ատրպեճանական բնական կազը Թուրքիոյ վրայով Եւրոպային վաճառելու այս ծրագիրը պիտի կոչուի «Անդր-Անատոլուի բնական [...]

December 27th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Արաբ Դէտերը Կը Սկսին Սուրիոյ Մէջ Իրենց Աշխատանքին

Արաբ Դէտերը Կը Սկսին Սուրիոյ Մէջ Իրենց Աշխատանքին

ԳԱՀԻՐԷ, «Էյ.Փի.».- Սուրիա ժամանած Արաբական լիկայի դէտերու յանձնախումբի աշխատանքի գրասենեակը յայտարարեց, որ արաբ դէտերը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Հոմս այցելութեամբ պաշտօնապէս սկսած են Սուրիոյ մէջ իրենց առաքելութեան։ Գրասենեակէն պաշտօնատար մը Արաբական լիկային մէջ լրագրողներուն կոչ ուղղեց նկատի ունենալ յանձնախումբին նուրբ աշխատանքը եւ անճիշդ տեղեկութիւններ չսփռել։ Մինչ այդ, Սուրիոյ մէջ արաբ դէտերու յանձնախումբի ղեկավարը Հոմսի մէջ յայտարարեց, [...]

December 27th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հանդիպի 143 Զոհուած Մարտիկներու Ընտանիքներուն

Պաշտպանութեան Նախարարը Կը Հանդիպի 143 Զոհուած Մարտիկներու Ընտանիքներուն

ԱՐԱԳԱԾՈՏՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Արագածոտնի մարզպետ Սարգիս Սահակեանի եւ Աշտարակի ու Թալինի քաղաքապետերուն հետ միասնաբար, Դեկտեմբեր 25ին հանդիպած է Արագածոտնի մարզի 143 զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներու անդամներուն, որոնց հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ դժուար է Ամանորը տօնել առանց մարտական ընկերներուն։
«Չենք կրնար մեր գործունէութեան համար հաշուետու չըլլալ մեր մարտական ընկերներուն եւ անոնց հարազատներուն առջեւ, [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Նախագահը Կ՛այցելէ «Պէյզ Մեթըլզ»ի Ոսկիի Կորզման Արտադրամասը

ԼՂՀ Նախագահը Կ՛այցելէ «Պէյզ Մեթըլզ»ի Ոսկիի Կորզման Արտադրամասը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 26ին այցելած է Դրմբոն գիւղը գտնուող «Պէյզ Մեթըլզ» ընկերութեան հանքարդիւնաբերական  գործարանը եւ ծանօթացած է ոսկիի կորզման նորակառոյց արտադրամասին:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ այս գործարանը կը հանդիսանայ Արցախի տնտեսութեան կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, որ մեծապէս կը նպաստէ հանրապետութեան հասարակական-տնտեսական զարգացման գործին: Ըստ Բակօ Սահակեանի, լեռնահանքային արդիւնաբերութեան զարգացումը Արցախի մէջ մեծ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեւանի Մէջ Կը Բացուի Քուէյթի Դեսպանատուն

Երեւանի Մէջ Կը Բացուի Քուէյթի Դեսպանատուն

ԵՐԵՒԱՆ.-  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբերին, ընդունեց Հայաստանի մէջ Քուէյթի նոր նշանակուած դեսպան Պասսամ Մոհամետ Քապանտին՝ հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով:
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց դեսպան Քապանտիին իր առաքելութեան մէջ, նշելով, որ Հայաստանի մէջ Քուէյթի դիւանագիտական  ներկայացուցչութեան հիմնումը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման, իսկ դեսպանը իր ուրոյն ներդրումը պիտի [...]

Արցախի Մէջ Տղայ Նորածիններուն Թիւը Աւելի Շատ Է

Արցախի Մէջ Տղայ Նորածիններուն Թիւը Աւելի Շատ Է

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- 2011ի Յունուարէն Նոյեմբեր ժամանակաշրջանին, Արցախի մէջ ծնած է 2376 երեխայ: Ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ նուազած է 4 տոկոսով: ԼՂՀ Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հասարակական բաժինի պետ Լիլիա Պետրոսեանի համաձայն, նշուած ժամանակահատուածին, Արցախի մէջ մահացած է 1193 մարդ. բնական աճը կազմած է 1183. մահացութիւններու տոկոսը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ նուազած է 1.3ով:
Ծնածներուն [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Չենք Լռելու»ն «Երկիր Մեդիայ»ի «Այս Օրը»՝ Տարուան Լաւագոյն Հաղորդումը Կը Նկատէ

«Չենք Լռելու»ն «Երկիր Մեդիայ»ի «Այս Օրը»՝ Տարուան Լաւագոյն Հաղորդումը Կը Նկատէ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Չենք լռելու» երիտասարդական նախաձեռնութեան որոշումով 2011 թուականի լաւագոյն հեռուստահաղորդում ճանաչցուած է «Երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանի «Այս օրը» ամէնօրեայ հաղորդաշարը՝ «հեռուստաեթերը հասարակութեան կրթական մակարդակը բարձրացնելու նպատակով օգտագործելու եւ եթերային աղբին հակակշռելու համար»:
Նախաձեռնութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ «Երկիր Մեդիա»ն «հայկական միակ հեռուստաալիքն է, որի որեւէ հաղորդում չի յաւակնում «Աղբ եթերից» մրցանակ» ստանալու:
«Այս օր»ը ծրագրին, ինչպէս նաեւ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Վրաստանի Նախագահը Այցելած Է Ջաւախք

Վրաստանի Նախագահը Այցելած Է Ջաւախք

ՋԱՒԱԽՔ.- Դեկտեմբեր 26ին, Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի միօրեայ աշխատանքային այցով այցելեց Սամցխէ-Ջաւախք, ուր ներկայացաւ Աթիքենիի շրջանը եւ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացաւ ժամանակակից սարքերով յագեցած նոր հիւանդանոցը: Այնուհետեւ Սահակաշվիլի այցելեց Ախալցխա, ուր նաեւ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացաւ նահանգապետարանի եւ քաղաքապետարանի շէնքը, ապա այցելեց եւ բացումը կատարեց քաղաքի նորակառոյց գրադարանին:
Նշենք, որ նոր գրադարանին շէնքը արդէն մէկ ամիս է որ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունած Է Աւստրալիացի Ծերակուտականը

ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունած Է Աւստրալիացի Ծերակուտականը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբեր 26ին, ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելս նահանգի Ծերակոյտի անդամ Ուոլթ Սեքորտ, որ Արցախ ժամանած է ճանաչողական այցով: «Բարեկամութեան մեր խումբի կազմին հետ իմ այցը Երեւան, ապա նաեւ՝ Ստեփանակերտ, կը բացատրուի երեք պատճառով», ըսաւ Սեքորտ եւ աւելցուց, որ նպատակը նախ Հայաստանը տեսնելն է, ապա՝ աւելի մօտէն ծանօթանալ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պարարուեստի Միութիւնը Կը Խոստանայ Ընդհանրացնել Ժողովրդական Պարերը

Պարարուեստի Միութիւնը Կը Խոստանայ Ընդհանրացնել Ժողովրդական Պարերը

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պարարուեստի միութեան նախագահ Կարէն Գէորգեան Դեկտեմբեր 24ին Հայաստանի ազգային պարարուեստի եւ պարագէտներու միութեան համագումարը բացաւ՝ նշելով, թէ հին դարերուն, երբ տարբեր ցեղերու ներկայացուցիչներ կը հանդիպէին իրարու, նախքան իրարու անուններ իմանալը, կը հարցնէին՝ «Ի՞նչ պարեր կը պարէք»։ Ըստ Գէորգեանի, պարը նման է անձնագիրի, որ կը հաստատէ ազգին ինքնութիւնը:
Գէորգեան նշեց, որ Հայաստանի ազգային պարարուեստի եւ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ախալքալաքի Մէջ Նշուեցաւ Վրաստանի ՀՕՄի 10ամեակը

Ախալքալաքի Մէջ Նշուեցաւ Վրաստանի ՀՕՄի 10ամեակը

ՋԱՒԱԽՔ.- Դեկտեմբեր 24ին, Ախալքալաքի «Արարատ» հիւրանոցին մէջ նշուեցաւ Վրաստանի ՀՕՄի (ՎՀՕՄ) տասնամեակը, որուն ներկայ էին Սամցխէ-Ջաւախքի հայկական տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ տարբեր հիւրեր:
Ախալցխայի եւ Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոններու սաները, ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուցին հայկական շարք մը ժողովրդական պարեր ու երգեր:
Տօնակատարութեան ժամանակ, ՎՀՕՄի ատենապետուհի Կարինէ Թադեւոսեան, իր խօսքին մէջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկայներուն եւ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ամանորին Ճոխ Սեղաններու Փոխարէն՝ Աւանդականի Ձգտումը Թող Համեստ Առատութիւնը Ըլլայ. Ազգագրագէտ

Ամանորին Ճոխ Սեղաններու Փոխարէն՝ Աւանդականի Ձգտումը Թող Համեստ Առատութիւնը Ըլլայ. Ազգագրագէտ

ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 26ին կայացած «Ամանորը հոգեւոր, կենցաղային եւ աւանդական հիմքով» թեմայով ասուլիսին ընթացքին, Յակոբ քահանայ Խաչատրեան յայտնեց, թէ «Ամանորը կրօնական զգացմունքների արտայայտումներից մէկն է, մենք քրիստոնեայ լինելով՝ նշում ենք Ամանորը, որը աւանդաբար շարունակւում է եւ տօնւում», ըսաւ քահանան, ըստ որուն, Ամանորը հեթանոսական տօն է. «Մեր կեանքի կարեւոր կանգառներից մէկը Սուրբ Ծնունդն է: Քրիստոսի աստղի ուղղորդութեամբ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի Սուրբ Ծննդեան Եւ Ամանորի Հանդէսը

Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի Սուրբ Ծննդեան Եւ Ամանորի Հանդէսը

ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏԻՆԵԱՆ*
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի Ս. Ծննդեան եւ Ամանորի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Դեկտեմբեր 11ին։ Աշակերտները անհամբեր սպասում էին այդ օրուան, որովհետեւ վարժարանի տնօրէն Ռաֆֆի Թորոսեան անակնկալ էր խոստացել իրենց։ Կիրակի առաւօտուն, բոլորը հաւաքուել էին «Կարապետեան» սրահում՝ վերջին փորձի համար։ Բոլորն ոaւրախ էին, երգում էին եւ արտասանում, «Էմմանուէլ» բեմադրութեան դերերը կրկնում, մի [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Տիգրանեան» Վարժարանի Խնամակալ Մարմինը Առաջնորդարան Կ՛այցելէ

«Տիգրանեան» Վարժարանի Խնամակալ Մարմինը Առաջնորդարան Կ՛այցելէ

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Դեկտեմբեր 13ին, Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի խնամակալ մարմինը առաջնորդարան այցելեց եւ հանդիպում ունեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ, քննելու համար վարժարանի տնտեսական կացութիւնը: Սրբազան հայրը գնահատեց խնամակալ մարմինի կրթանուէր ծառայութիւնները եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց:

December 27th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արեւելեան Հոլիվուտի Տնտեսութիւնը Խթանելու Ջանքեր

Արեւելեան Հոլիվուտի Տնտեսութիւնը Խթանելու Ջանքեր

ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Արեւելեան Հոլիվուտի առեւտուրի գրասենեակը, տնօրէնութեամբ Ճան Փերոնի, կը ծրագրէ աշխատանքի նոր կարելիութիւններ ստեղծել շրջանին մէջ:
Փերոն կը յայտնէ, թէ «Քայզըր» եւ «Չիլտրընզ» հսկայ հիւանդանոցներուն քաշողականութիւնը օգտագործելով՝ աշխատանք պիտի տարուի յատկապէս կրթական, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ ժամանցի մարզերուն ճամբով տնտեսութիւնը խթանել, միաժամանակ օգտուելով այն իրողութենէն, որ քաղաքի անունին մէջ կայ աշխարհի տարածքին ծանօթ «Հոլիվուտ»ը:
Արեւելեան Հոլիվուտի առեւտուրի գրասենեակը [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արցախի Անկախութեան 20ամակի Նշում Կալկաթայի Մէջ

Արցախի Անկախութեան 20ամակի Նշում Կալկաթայի Մէջ

ԿԱԼԿԱԹԱ.- Շաբաթ, 10 Դեկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան հանրաքուէի օրը, հնդկահայ համայնքը եւ Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանը մեծ հանդիսութեամբ նշեցին «Ղարաբաղ, ես քեզ սիրում եմ» խորագիրը կրող Ղարաբաղի անկախութեան 20ամեակը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ՝ Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Խորէն վրդ. Յովհաննիսեան խօսք առնելով, շնորհաւորեց ներկաները Արցախի անկախութեան առիթով եւ համայն հայութեան համար շատ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Փարիզի Մէջ՝ Հայագիտական Ընկերակցութեան Ընդհանուր Ժողով

Փարիզի Մէջ՝  Հայագիտական Ընկերակցութեան Ընդհանուր Ժողով

ՓԱՐԻԶ.- Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Փարիզի Հայագիտական ընկերակցութեան տարեկան ընդհանուր ժողովը: Անիկա առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային կեդրոնի նորակառոյց շէնքին մէջ: Ընտրուեցաւ վարչական խորհուրդի նոր կազմ, որուն կարգ մը անդամները միաժամանակ դարձան ընկերակցութեան անդամ: Քննարկուեցան նաեւ ընթացիկ կարգ մը հարցեր:

December 27th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Առեւանգուած 10ամեայ Պերճ Ասատուրեան Կը Միանայ Իր Հարազատներուն

Առեւանգուած 10ամեայ Պերճ Ասատուրեան Կը Միանայ Իր Հարազատներուն

ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի «Արմաւէնի» կայքը կը գրէ.  «Եգիպտահայ գաղութը, տարիքոտ թէ երեխայ, Շաբաթ 16 Դեկտեմբերի գիշերուընէ մտահոգ ու տխուր օրեր ապրեցաւ մինչեւ Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբերի կէս գիշեր, երբ բոլորը իրենց բջիջային հեռաձայններուն եւ «ֆէյսպուք»ի էջերով ուրախ լուր ստացան, թէ փոքրիկն «Պերճ վերադարձաւ տուն»:
«Փառք Աստուծոյ Պերճօն վերջապէս միացած է ընտանիքին», կ՛ըսէ 10ամեայ Պերճ Ասատուրեանի հօրեղբայրը՝ Հայկ Ասատուրեան, [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Հայաստանի Պարի Պետական Համոյթի Ելոյթները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

Հայաստանի Պարի Պետական Համոյթի Ելոյթները Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ

ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ.- Յատուկ հրաւէրովը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մշակոյթի նախարարութեան, աջակցութեամբ Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, 29 Նոյեմբերէն 3 Դեկտեմբեր Ազգային տօնի 40ամեայ յոբելեանի առիթով, Հայաստանի պարի պետական համոյթը հանդէս եկաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Ապու Տապիի, Տուպայի, Ալ Այնի, Ում Կուվէյնի էմիրութիւններու մէջ:
Ելոյթներու ընթացքին պարի պետական համոյթը արժանացաւ հանդիսատեսի բարձր գնահատականին: [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Հրայր Մարուխեան (1928-1998).

ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ- Հրայր Մարուխեան (1928-1998).

Հայ Ժողովուրդի Եւ Հայաստանի Ազատագրութեան Յանդուգն Կամքը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
13 տարի առաջ, Դեկտեմբերի այս օրերուն, խոր սուգի մէջ էր Դաշնակցութեան ողջ ընտանիքը:
Դաշնակցութեան սուգին վշտակից էին հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակները՝ ոչ միայն Սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերուն, այլեւ նոյնինքն հայրենի ոստաններուն մէջ:
17 Յուլիս 1994ին ուղեղի մահացու հարուած ստանալէ եւ աւելի քան 4 տարի մահաքունի մէջ անկենդան շնչելէ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Մետվետեւ Արցախի Հարցը Յետխորհրդային Տագնապներուն Միակ Լուծելին Կը Նկատէ

Մետվետեւ Արցախի Հարցը Յետխորհրդային Տագնապներուն Միակ Լուծելին Կը Նկատէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յետխորհրդային տարածքին վրայ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը միակն է, զոր կարելի է այժմ կարգաւորել. այսպէս յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, ատրպեճանական «Az TV»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին: «Միայն մէկ ճամբայ կայ՝ պէտք է համաձայնիլ, քանի որ համաձայնութեանց այլընտրանքներ գոյութիւն չունին: Այլընտրանքը վատ է՝ պատերազմը», ըսած է ան եւ աւելցուցած է, թէ վերջին քանի մը տարիներուն [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Քնեսեթի Յանձնախումբը Յետաձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Որդեգրումը

Քնեսեթի Յանձնախումբը Յետաձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւի Որդեգրումը

Իսրայէլի խորհրդարանին՝ Քնեսեթի կրթութեան հարցերու յանձնախումբը Երկուշաբթի,  26 Դեկտեմբերին, քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, սակայն բանաձեւի որդեգրման հարցը յետաձգեց:
Քննարկման ներկայացուած էին ընկերվարական Մերեց եւ աջակողմեան Ազգային միասնութիւն կուսակցութիւններու երեսփոխաններ Զահաւա Կալիոնի եւ Արիէ Էլտատի ներկայացուցած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ իբրեւ յիշատակի օր նշման վերաբերեալ բանաձեւերու նախագիծերը:
Նիստին կը նախագահէր յանձնախումբի նախագահ Ալեքս Միլլըր: Նիստին կը մասնակցէր [...]

December 27th, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Զարաքօլուն Ազատ Արձակելու Կոչ

Զարաքօլուն Ազատ Արձակելու Կոչ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Առանց սահմանի լրագրողներ իրաւապաշտպան միջազգային կազմակերպութիւնը արշաւի մը սկսած է՝ ի պաշտպանութիւն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պատրուակով Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած յայտնի թուրք լրագրող եւ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի: Իր կայքին վրայ կազմակերպութիւնը նշած է, որ Զարաքօլու բանտ ուղարկուած է պարզապէս, որովհետեւ իր յօդուածներուն մէջ պաշտպանած է Թուրքիոյ քիւրտ բնակչութիւնը:
Թէեւ անոր կալանման պաշտօնական պատճառը յայտնի չէ, [...]

December 27th, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Ասպարէզ»ի Երախտաւորներ

«Ասպարէզ»ի Երախտաւորներ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կան ամբողջ բանակ մը մարդիկ, որոնք նպաստած են այս թերթի վերելքին, որոնց երախտապարտ է այս հաստատութիւնը:
Առաջին հերթին՝ «Ասպարէզ»ի անձնակազմի անդամները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պարտականութենէն շատ աւելին կ՛ընէ, առանց սակարկելու, առանց գանգատելու՝ սիրով: Առանձին գնահատանքով պէտք է առանձնացնել Արմինէն՝ Զարիֆեանը, որ աշխատանքի ամէնէն ծանր բեռը շալկելով՝ նորանոր ծրագիրներ մշակելու յանդգնութիւն կը ներշնչէ բոլորիս:
Աշխատակիցներու ստուարացող համրանքը [...]

December 27th, 2011

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Հայաստան Պէտք Է Ստանայ Իր Պատմական Հողերը. Ժիրինովսքի

Հայաստան Պէտք Է Ստանայ Իր Պատմական Հողերը. Ժիրինովսքի

ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Ազատական ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, Ռուսիոյ նախագահութեան թեկնածու Վլատիմիր Ժիրինովսքի յայտարարած է, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին մեր կուսակցութիւնը շատոնց կը խօսի եւ մենք կ՛ողջունենք ֆրանսացի երեսփոխաններու որոշումը։ 1915ի ողբերգական իրադարձութիւններուն զոհ դարձած է աւելի քան 1.5 միլիոն մարդ, եւ ատոր վրայ աչք փակելը ուղղակի սրբապղծութիւն է։ 1915ի Ապրիլի դէպքերը մարդկութեան պատմութեան ամէնէն [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ՀՅԴն Եւ «Ժառանգութիւն»ը Կը Պահանջեն Մեծամասնական Ընտրակարգի Վերացումը

ՀՅԴն Եւ «Ժառանգութիւն»ը Կը Պահանջեն Մեծամասնական Ընտրակարգի Վերացումը

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնները հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ՝ պահանջելով ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւն՝ վերացնելով մեծամասնական ընտրակարգը:
Ներկայ դրութեամբ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կը կատարուին երկու ընտրակարգով՝ մեծամասնական (անհատներ կը ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը. այս անհատները կրնան ըլլալ կուսակցութեան մը անդամ, կամ անկուսակցական) եւ համամասնական (ընտրողները կը քուէարկեն կուսակցութեան ցանկին):
Ստորեւ կը ներկայացնենք  Դաշնակցութեան եւ «Ժառանգութեան» [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Զուիցերիա «1915ի Իրադարձութիւններու» Քննարկումը Պատմաբաններուն Ձգելու Կոչ Կ՛ընէ

Զուիցերիա «1915ի Իրադարձութիւններու» Քննարկումը Պատմաբաններուն Ձգելու Կոչ Կ՛ընէ

ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր Մեդիա» կը հաղորդէ, թէ հակառակ անոր, որ հայկական կողմը պարբերաբար կը պնդէ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի ուսումնասիրութիւնը պատմաբաններուն յանձնելը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններով նախատեսուած չէ, այդ արձանագրութիւններու կնքամայր երկիր Զուիցերիան պաշտօնական մակարդակով հանդէս եկած է պատմաբաններու կողմէ ուսումնասիրութիւններ կատարելու մասին յայտարարութեամբ։
Արդարեւ, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի Ռէյ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին, հայ եւ թուրք պատմաբաններուն [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Պրայզայի Գործունէութեան Ժամկէտը Կ՛աւարտի

Պրայզայի Գործունէութեան Ժամկէտը Կ՛աւարտի

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեթիու Պրայզայի դիւանագիտական գործունէութեան ժամկէտը աւարտած է. այս մասին կը հաղորդէ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութիւնը: Պրայզա Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին իր հրաժեշտի հանդիպումը ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Ալիեւ նշած է, որ ինք բարձր կը գնահատէ Պրայզայի դիւանագիտական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ալիեւ Մտահոգ Է Սփիւռքահայութեան Ազդեցութեամբ

Ալիեւ Մտահոգ Է Սփիւռքահայութեան Ազդեցութեամբ

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր տարեդարձին օրը՝ Դեկտեմբեր 24ին, որսի գացած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմանակից Աղջաբեդի շրջանը:
Ան հանդիպած է շրջանի Թախթաքօրլու գիւղը բնակող գաղթականներու հետ եւ խոստացած է անոնց, որ մօտիկ ապագային, 552 ընտանիքներու համար բնակելի աւան մը պիտի կառուցուի:
Գիւղացիներուն հետ զրոյցի ընթացքին, պատասխանելով ղարաբաղեան հարցի անլոյծ մնալուն մասին հարցումի մը՝ Ալիեւ [...]

December 27th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

«Մեր Դէմ Խաղ Չկայ»Ն Այսօր Դարձել Է «Ապագան Մերն է»

«Մեր Դէմ Խաղ Չկայ»Ն Այսօր Դարձել Է «Ապագան Մերն է»

ՍՏԵՓԱՆ ԹՕՓՉԵԱՆ
Արմէն Ադամեան անունով մէկը ներկայանալով որպէս «Ապագան մերն է» քաղաքացիական նախաձեռնութեան ղեկավար, բողոքի ցոյցի հրաւիրեց ընդդէմ «Չենք լռելու» նախաձեռնութեան, «որը նախօրէին կրկին ահռելի հասարակական բողոքի ալիք է բարձրացրել՝ մեծ պրոֆեսիոնալիզմով պատրաստած, կուրացած զինուորի մասին տեսանիւթով» )«Հետք», 17 Դեկտեմբեր, 2011(։
Որքան էլ փոքր չէ զոմբիացած ամբոխի քանակը, սակայն «բողոքի ցոյցը» չստացուեց։ Չյաջողուեց  անհրաժեշտ նուազագոյն բարոյազուրկ երիտասարդների [...]

December 27th, 2011

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Մինչեւ Որ Օրինագիծը Վերածուի Օրէնքի

Մինչեւ Որ Օրինագիծը Վերածուի Օրէնքի

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Ֆրանսայի Ազգային ժողովի  քուէարկած օրինագիծը միջազգային, ֆրանսական, թրքական, ատրպէյճանական, հայկական եւ արաբական լրատուամիջոցներու լուսարձակներուն տակ է ընդգծուած ձեւերով: Այդ լրահաւաքն ու մանաւանդ վերլուծական յօդուածներուն մօտէն հետեւելու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ՝ յետագայ զարգացումները նախանշելու առումով:
Անգարան կտրուկ հակազդեցութիւններու կը դիմէ: Ֆրանսայի Ազգային ժողովին առջեւ տեղի ունեցած ցոյցը ցրուած է անշուշտ, սակայն կը յամենան սպառնալիքները, դիւանագիտական խզումներու [...]

December 27th, 2011

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՆԵՍԵՏԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՅԵՏԱՁԳԵԼ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ

ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՆԵՍԵՏԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԵՐԻ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԸ ՅԵՏԱՁԳԵԼ Է ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՄԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄԸ

ԵՐԵՒԱՆ, 26 Դեկտ. 2011 – Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Կնեսետի Կրթութեան հարցերի յանձնաժողովը,  Երկուշաբթի , Դեկտեմբերի 26ին, քննարկել է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը սակայն յետաձգել է բանաձևերի ընդունումը։
Քննարկման ներկայացուել էին ձախակողմեան Մերեց և աջակողմեան Ազգային Միասնութիւն կուսակցութիւններից պատգամաւորներ Զահավա Գալյոնի և Արյէ Էլդադի ներկայացրաց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման և որպէս յիշատակի օր նշման վերաբերեալ բանաձևերի նախագծերը: Նիստը [...]

December 26th, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Հայաշխարհ | Read More »

Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականի Աստղերէն՝ Եուրա Մովսիսեանի Հետ

Հայաստանի Ֆութպոլի Հաւաքականի Աստղերէն՝ Եուրա Մովսիսեանի Հետ

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Վերջերս շրջանը կը գտնուէր Հայաստանի ֆութպոլի Ազգային խումբի լաւագոյն մարզիկներէն Եուրա Մովսիսեանը, որուն հետ հանդիպում մը ունենալով, փորձեցինք մօտէն ծանօթանալ եզակի այս  հայորդիaին, որ մարզական բացառիկ իր տաղանդով գրաւած է սրտերը բազմահազար հայ եւ օտար մարզասէրներու:
Մարզադաշտերու վրայ ինքնավստահ ու գնդակին տիրապետող արթուն այս մարզիկը համեստ, ժպտադէմ ու հաճոյախօս անձնաւորութիւն մըն է, սակայն իր անձին [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հարցազրոյց | Read More »

Հայ-Իրանական Առեւտրատնտեսական Յարաբերութիւններուն Մէջ Աճը Նկատելի Է

Հայ-Իրանական Առեւտրատնտեսական Յարաբերութիւններուն Մէջ Աճը Նկատելի Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Դեկտեմբեր 23ին հանդիպած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատին, որուն հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, թէ անոր այցը բացառիկ հնարաւորութիւն է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն նոր թափ հաղորդելու համար: Վարչապետը ընդգծած է, որ հայկական կողմը կը կատարէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:
Իր կարգին, Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նկարիչ Կամօ Նիգարեան Ոչ Եւս Է

Նկարիչ Կամօ Նիգարեան Ոչ Եւս Է

ԵՐԵՒԱՆ.- «Ասպարէզ» ստացած է մահուան գուժը «հայ ժամանակակից արուեստի ամենաառեղծուածային նկարիչներ»էն մէկուն՝ Կամօ Նիգարեանի:

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մահացած Է Ըմբշամարտիկ Նորայր Մուշեղեանը

Մահացած Է Ըմբշամարտիկ Նորայր Մուշեղեանը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դեկտեմբեր 23ին, 76 տարեկանին կեանքէ հեռացած է հայ ըմբշամարտիկ, աշխարհի առաջին հայ ախոյեան եւ բաժակակիր Նորայր Մուշեղեան, որ երկար տարիներ կը ղեկավարէր իր անունը կրող ըմբշամարտի մասնագիտացած մարզադպրոցը, իսկ 1987էն ի վեր կը գլխաւորէր «Զօրավար Անդրանիկ» հիմնադրամը:
Մուշեղեան աշխատած է Խորհրդային միութեան եւ Աֆղանիստանի ըմբշամարտի հաւաքականներէն եւ մեծ դեր ունի հայկական մարմնամարզութեան զարգացման գործին [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երեւանի Աւագանին Հաստատեց Քաղաքի Պիւտճէն՝ 63.77 Միլիառ Դրամ

Երեւանի Աւագանին Հաստատեց Քաղաքի Պիւտճէն՝ 63.77 Միլիառ Դրամ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի աւագանին Դեկտեմբեր 23ի իր նիստին հաւանութիւն տուած է քաղաքի 2012ի պիւտճէի նախագիծին, ըստ որուն, եկամուտներու գծով կը կանխատեսուի 63.7 միլիառ, իսկ ծախսերու գծով՝ 63.77 միլիառ դրամ (165 միլիոն տոլար). բացը նախատեսուած է 50 միլիոն դրամ:
Քաղաքապետարանի աշխատակազմի ելեւմտական վարչութեան պետ Վահէ Նիկոյեան նշած է, թէ առաջարկուող պիւտճէթային ծախսերու ծաւալներուն մէջ հասարակական մարզի ծախսերուն [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մշակոյթի Գործիչներ Էջմիածինի Մէջ Շքանշաններ Ստացած Են

Մշակոյթի Գործիչներ Էջմիածինի Մէջ Շքանշաններ Ստացած Են

ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Նիուզ».- Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածինի մէջ Դեկտեմբեր 23ին տեղի ունեցած է շքանշաններու յանձնման արարողութիւն, որուն ընթացքին հայրենասէր ու ազգանուէր, ինչպէս նաեւ գիտական, գրական ու հրապարակախօսական գործունէութեան համար Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշաններ յանձնուած են մշակոյթի երեք գործիչներու՝ Մետաքսէ Պօղոսեանի, Արամայիս Սահակեանի եւ Ռազմիկ Դաւոյեանի:
«Էջ Միածինն ի Հօրէ» շարականի երգեցողութեամբ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մոզրովի Քարանձաւը Պէտք Է Պաշտպանել Անկոչ Այցելուներէ

Մոզրովի Քարանձաւը Պէտք Է Պաշտպանել Անկոչ Այցելուներէ

ՎԱՅՈՑ ՁՈՐ.- «Պահպանենք Թռչկանի ջրվէժը» քաղաքացիական նախաձեռնութեան խումբ մը անդամներ Դեկտեմբեր 20ին այցելած են Մոզրովի քարանձաւ: «Թռչկանցիները» նկատած են, որ քարանձաւի մուտքին դատարկ շիշեր թափուած են: Քարանձաւներուն բնորոշ շիթաքարերէն ու կաթիլաքարերէն միայն ստուեր մնացած է:
«Թռչկան» նախաձեռնութեան անդամները որոշած են փակել քարանձաւին մուտքը՝ խոնաւութիւնը պահպանելու, զբօսաշրջիկներու մուտքը համաձայն օրէնքի սահմանափակելու, քարանձաւը դուրսի փոշիէն առանձնացնելու եւ քարանձաւին [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Եւ Իրանի Նախագահները Ընդգծած Են ԼՂ Հիմնահարցի Խաղաղ Կարգաւորման Անհրաժեշտութիւնը

Հայաստանի Եւ Իրանի Նախագահները Ընդգծած Են ԼՂ Հիմնահարցի Խաղաղ Կարգաւորման Անհրաժեշտութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով, 2011 Դեկտեմբեր 23ին միօրեայ այցով Հայաստան ժամանած էր Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ՝ բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը ուղեկցութեամբ: Իրանի նախագահը հանդիպում եւ բանակցութիւններ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Սամուէլ Նիկոյեանի եւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ:
Հայաստանի եւ Իրանի հանրապետութիւններու նախագահները, իրենց հանդիպման աւարտին ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Գիւմրիի Մէջ Անօթեւան Երկու Ընտանիքի Բնակարան Նուիրուած Է

Գիւմրիի Մէջ Անօթեւան Երկու Ընտանիքի Բնակարան Նուիրուած Է

ԳԻՒՄՐԻ, «Նիուզ».- «Գիւմրի-գարեջուր» ընկերութիւնը, գործակցաբար «Շան»չ ընկերութեան, Դեկտեմբեր 23ին, Գիւմրիի մէջ երկու եւ երեք միակողմանի ծնողազուրկ երեխաներ խնամող անօթեւան ընտանիքներու բնակարաններ նուիրած է։
Նշենք, որ այս ընտանիքներուն մասին տեսանիւթեր հրապարակած էր «Շիրակ կեդրոն»ը՝ «Գիւմրի. Անօթեւան ընտանիքներ» եւ «Գիւմրի. Անտուն եւ անտեսուած որբ երեխաներ» խորագիրներով:
Առաջին բնակարանի բանալիները Էլմիրա Թամազեանի մանկահասակ երեք երեխաներուն յանձնած է Կաղանդ պապան, իսկ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ահմատինեժատ. Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Քարտէսը Ոչ Ոք Կրնայ Փոխել

Ահմատինեժատ. Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Քարտէսը Ոչ Ոք Կրնայ Փոխել

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Դեկտեմբեր 23ին պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ հայ-իրանական յարաբերութիւններու զարգացման համար ոչ մէկ բացասական կամ արգիլող հանգամանք գոյութիւն ունի:
Իր խօսքին մէջ Իրանի նախագահը մասնաւորապէս ըսած է, թէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները շատ լաւ մակարդակի վրայ են: «Բացի մեր բարիդրացիական [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

2011ին Հայաստանի Մէջ Մարդու Շահագործման 13 Դէպք Արձանագրուած Է

2011ին Հայաստանի Մէջ Մարդու Շահագործման 13 Դէպք Արձանագրուած Է

ԵՐԵՒԱՆ.- Համաձայն վիճակագրական տուեալներու, զորս ամփոփած է ՀՀ ոստիկանութեան տեղեկատուական կեդրոնը, 2010ի ընթացքին հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է մարդու շահագործման 13 դէպք, իսկ 2011ի ինը ամիսներուն ընթացքին՝ դարձեալ 13 դէպք:
Նշենք, որ 2009ին եւ 2010ին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարին կողմէ հրապարակուած ամէնամեայ զեկոյցին մէջ արձանագրուած է այս ոլորտէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան յառաջընթացը. արդարեւ, Հայաստան յատուկ վերահսկուող 3րդ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Բիւրոյի Եւ Կեդրոնական Կոմիտէի Ընկերներուն Այցելութիւնը «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէին Եւ Ընկերներուն

Բիւրոյի Եւ Կեդրոնական Կոմիտէի Ընկերներուն Այցելութիւնը «Սողոմոն Թեհլիրեան» Կոմիտէին Եւ Ընկերներուն

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 10ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներէն Լեւոն Մկրտչեան եւ Յակոբ Խաչատուրեան, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Գօգօ Թօփալեանի, այցելեցին Ֆրեզնօ եւ «Ասպարէզ» ակումբին մէջ ընթրիքի հիւրը եղան «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին: Ընթրիքի սեղանին շուրջ բոլորուած՝ մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին եղան անկեղծ արտայայտութիւններ եւ հարցադրումներ, որոնց պատասխանեցին հիւր ընկերները նոյնքա՛ն անկեղծութեամբ եւ սիրով: Այսպէս, շինիչ խօսակցութիւններով, ընթրիքը [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄի «Սասուն» Մասնաճիւղի Նոր Տարուան Սկաուտական Հաւաքը

Ֆրեզնոյի ՀՄԸՄի «Սասուն» Մասնաճիւղի Նոր Տարուան Սկաուտական Հաւաքը

Կիրակի, Դեկտեմբեր 11ին, կ.ե. ժամը 3:30ին, «Ասպարէզ» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի Նոր տարուան հաւաքը, ներկայութեամբ 32 գայլիկ-արծուիկ, 12 հայ արի եւ արենոյշ քոյրերու եւ եղբայներու, նաեւ մեծ թիւով ծնողներու, որոնք եկած էին իրենց զաւակներուն հետ ուրախանալու եւ Կաղանդ պապան դիմաւորելու:
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին գայլիկներ, որոնք ամբողջացուցած [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ- Գինեձօն՝ Նուիրուած Խորէն Ա. Քհնյ. Հապէշեանի «Գիր Կեանքի» Հատորին

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ- Գինեձօն՝ Նուիրուած Խորէն Ա. Քհնյ. Հապէշեանի «Գիր Կեանքի» Հատորին

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան, տեղի ունեցաւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի «Գիր Կեանքի» հատորին շնորհահանդէսը, Կիրակի, Դեկտեմբեր 11ի յետմիջօրէին, եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ: Հանդիսութեան ներկայ էին հարիւրէ աւելի գրասէրներ, որոնք եկած էին վայելելու գրական այս լուրջ ձեռնարկը:
Օրուան հանդիսավարն էր գաղութի տաղանդաշատ համազգայնականներէն Ռուբինա Գասպարեան, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ամերիկացի Աստղանաւորդը «Շամլեան» Պիտի Այցելէ

Ամերիկացի Աստղանաւորդը «Շամլեան» Պիտի Այցելէ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շամլեան» Ազգային վարժարանը մեծ ուրախութեամբ յայտնում է, որ 2012 թուականի Յունուարի 13ին, հիւրընկալելու է Միացեալ Նահանգների Անջրպետագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւնների ազգային վարչութեան (NASA) հանրայայտ աստղանաւորդ Գրեգորի Էրըլ Շամիթըֆի այցելութիւնը եւ հանդիպումը վարժարանի Դ.-Ը. դասարանների աշակերտների հետ:
Այս այցելութեան ծրագիրը ձեւաւորուեց, երբ «Շամլեան» վարժարանի 4րդ դասարանի աշակերտ եւ «Sidewalk Astronomy Club» անուամբ տիեզերագիտական ակումբի անդամ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Միջեկեղեցական Արարողութիւն՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

Միջեկեղեցական Արարողութիւն՝ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Լոս Անճելըսի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ թեմի միջեկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ եւ կարտինալ Հոզէ Կոմեզի ներկայացուցիչ հայր Ալեքսի Սմիթի ու առաջանորդարանի կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներով, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական արարողութիւն մը, որուն հանդիսապետեց առաջնորդը:
Սրբազան հայրը ի սրտէ բարի գալուստ մաղթեց հոգեւորականներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կարօ Մարտիրոսեան Պիտի Մեծարուի Իրաւաբաններու Միութեան Խորհրդաժողովին Ընթացքին

Կարօ Մարտիրոսեան Պիտի Մեծարուի Իրաւաբաններու Միութեան Խորհրդաժողովին Ընթացքին

ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայ իրաւաբաններու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Յունուար 14ին, Լաս Վեկասի «Թրոփիքանա» պանդոկին մէջ, որուն նոր սեփականատէրն է Ալեքս Եմէնէճեան, տեղի պիտի ունենայ խորհրդաժողով մը, որուն մէկ դադարին ընթացքին կազմակերպուած ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի մեծարուի յայտնի իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեան:
Առաւօտեան ժամը 9էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2:30 տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին գլխաւոր նիւթն է՝ քննարկումը փրոֆ. Թաներ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Կեդրոնական Վարժարանի 125 Ամեակը Մեծ Խանդավառութեամբ Տօնուեցաւ

Կեդրոնական Վարժարանի 125 Ամեակը Մեծ Խանդավառութեամբ Տօնուեցաւ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան Կեդրոնական վարժարանի սանուց յանձնախումբը Շաբաթ, Դեկտեմբեր 17ի երեկոյեան, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքճիւօղլու» սրահին մէջ տօնեց Կեդրոնական վարժարանի 125ամեակը, 240 սաներու եւ համակիրներու ներկայութեամբ։ Երեկոյեան ժամը 7:30ին, սրահը արդէն լեցուն էր։ Սեղանները զարդարուած էին գեղեցկօրէն։ Օրուան հանդիսավարն էր «Կեդրոնական»ի սան Յակոբ Ծերունեան, որ բոլորին բարի գալուստ մաղթելէ ետք, հրաւիրեց [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Վկայութիւններ Նարինէ Շահբազեանի Արուեստի Մասին

Վկայութիւններ Նարինէ Շահբազեանի Արուեստի Մասին

Յիրաւի մեծ է Նարինէ Շահբազեանի ծառայութիւնը հայրենի երգարուեստին: Նա մոռացութիւնից փրկել է բազմաթիւ երգեր, դրանց կողքին տուել է նաեւ յայտնի երգերի նոր եւ հետաքրքիր տարբերակներ: Մանկութեան տաիներին լսուած ու սովորած հին աւանդական երգերը նա իր կեանքի ընթացքում աւելի հարստացրեց իր գիտցած երգերի առանց այն էլ հարուստ պաշարը:
Նարինէ Շահբազեանը որոշ առումով նաեւ ուսումնասիրող է: Երգը փնտռում [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Պըրպենքի Հայ Դատի Յանձնախումբը Տօնախմբեց Պըրպենք Քաղաքի 100ամեակը

Պըրպենքի Հայ Դատի Յանձնախումբը Տօնախմբեց Պըրպենք Քաղաքի 100ամեակը

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2011ի երեկոյեան ժամը 7ին, «Արպաթ» ճաշարանի սրահէն ներս, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ ձեռնարկով մը նշեց Պըրպենք քաղաքի հիմնադրութեան 100ամեակը, մասնակցութեամբ դաշնակցային, նահանգային, գաւառային եւ տեղւոյն քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն, շրջանի հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներուն:
Ձեռնարկի հիւրընկալումը սիրայօժար ստանձնած էր Հայ Դատի հաւատաւոր հայորդի, «Արպա»չ ճաշարանի սեփականատէր Սարգիս Նիկողոսեանը, որ այլ առիթներով [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութեան Կրթական Ծրագիրին Մասնակցութիւնը՝ Ընկերային Ուսմանց Ազգային Խորհրդաժողովին

Ցեղասպանութեան Կրթական Ծրագիրին Մասնակցութիւնը՝ Ընկերային Ուսմանց Ազգային Խորհրդաժողովին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը իր մասնակցութիւնը բերած է Մaիացեալ
Նահանգներու ընկերային ուսմանց տարեկան ազգային խորհրդաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2էն 4ի միջեւ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ: Ընկերային ուսմանց մարզի ուսուցիչներու ամերիկեան մեծագոյն հաւաքը հանդիսացող այս խորհրդաժողովը իրարու մօտ բերաւ աւելի քան 4000 ուսուցիչներ եւ կրթական մարզի մասնագէտներ:
Եռօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին ուսուցիչներու դասաւանդութեան յատուկ նիւթեր եւ տեղեկութիւններ տրամադրելու նպատակով, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Օծում Ռենչօ Միրաժի Ս. Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ

Օծում Ռենչօ Միրաժի Ս. Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ

ՌԵՆՉՕ ՄԻՐԱԺ, Քալիֆորնիա.- Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, մասնակցութեամբ ծուխի հոգեւոր հովիւ Գրիգոր քհնյ. Զաքարեանի, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու, Շաբաթ, Յունուար 7ին, կ.ե. ժամը 4ին օծումը պիտի կատարէ Ռենչօ Միրաժի Ս. Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ: Պիտի ընթերցուի այս առթիւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի Օրհնութեան կոնդակը, ապա առաջնորդը պիտի տայ իր հոգեւոր պատգամը:
Արարողութեան աւարտին, երեկոյեան ժամը [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«Յովսէփեան» Վարժարանի Նախամանկապարտէզի Ս. Ծննդեան Յայտագիր

«Յովսէփեան» Վարժարանի Նախամանկապարտէզի Ս. Ծննդեան Յայտագիր

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 16ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Յովսէփեան» վարժարանի նախամանկապարտէզի աշակերտութիւնը ներկայացուց Սուրբ Ծննդեան նուիրուած ճոխ յայտագիր մը՝ երգերով եւ պարերով: Բացման խօսքը կատարեց նախամանկապարտէզի վարիչ Քրիսթինա Մովսէսեան:
Հանդէսի աւարտին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսաւ. «Երեխաներու շրթներով բարեմաղթութիւնները աղօթք են, որոնք մեր հոգիները կը լեցնեն աստուածային սիրով: Թող Աստուած պահէ եւ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

«ԵՐԿԻՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՎԱԶԳԷՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

«ԵՐԿԻՐ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԻՐԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՎԱԶԳԷՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վիրահայութիւնը Հոգեւոր Անկում Է Ապրում. Հոգեւոր Առաջնորդի Ահազանգը
Վարեց՝ ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«ԵՐԿԻՐ».- Հոգեւոր ինչպիսի՞ կեանքով է ապրում այսօր վիրահայութիւնը:
ՎԱԶԳԷՆ ԵՊՍ. ՄԻՐԶԱԽԱՆԵԱՆ.- Ամբողջութեամբ ասելը դժուար է. կայ զանգուած, որն ակտիւ մասնակցութիւն ունի ինչպէս համայնքի հոգեւոր-մշակութային, այնպէս էլ ազգային կեանքում: Բայց հայութեան մի մեծ մասը տեղեակ չէ ոչնչից եւ չի խառնւում հայութեան կեանքին: Կան մարդիկ, որոնք դեռեւս կարծում [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Ցեղասպանութիւնների ժխտման Քրէականացման Մասին

Ցեղասպանութիւնների ժխտման Քրէականացման Մասին

ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ
Իմ երիտասարդութեան տարիներին մի խօսք կար՝ դանիական կուտ ուտել, այսինքն կամաւորապէս ստանձնել ուրիշի համար ձեռնատու դիրքորոշում: Ճիշդն ասած, առ այսօր չգիտեմ ինչո՞ւ էր կոչւում յատկապէս դանիական: Բայց, որ այսօր որոշ մարդիկ կերել են թուրքական կուտը դա ակնյայտ է: Իսկ ի՞նչ է թուրքական կուտը՝ դա ես արդէն գիտեմ, քանի որ Ֆրանսիայի Ազգային ժողովի վերջին քննարկումների [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Կեցցե՛ս Ֆրանսիա, Շնորհակա՛լ Ենք Ֆրանսիա

Կեցցե՛ս Ֆրանսիա, Շնորհակա՛լ Ենք Ֆրանսիա

ՕՆՆԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
Եւրոպայի մէջ Ֆրանսիան նշանաւոր եւ առաջատար է իր արդարադատական, ազատասիրական ու մարդասիրական հայեացքներով ու գաղափարներով։
Հայ-ֆրանսական քաղաքական, տնտեսական, գրական ու մշակութային սերտ առնչութիւնները գալիս են պատմութեան խորը անցեալից։ Նշենք նրանցից մի քանիսը. Կիլիկեան հայկական թագաւորութեան (1080-1375) վերջին թագաւորական տոհմը՝ հայ եւ ֆրանսիական ծագումով Լուսինեան տոհմն էր (1343-1375), որը մօր կողմից Հեթումեան հայ տոհմից էր, իսկ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Դամասկոսի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը 44 Զոհ Կը Խլէ

Դամասկոսի Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը 44 Զոհ Կը Խլէ

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին, անձնասպանական գործողութիւն մը ցնցեց Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը՝ խլելով առնուազն 44 զոհ։
Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ լրագրողներուն յայտնեց, որ աւելի քան հարիւր վիրաւոր եւս արձանագրուած է, երբ ականուած երկու ինքնաշարժներով իրականացուած անձնասպանական գործողութիւնը տեղի ունեցած է՝ թիրախ դարձնելով Դամասկոսի մէջ ապահովական երկու կեդրոններ։
Ան աւելցուց, որ «արաբ դէտերու ժամանումին առաջին օրը, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Իրաքցիները Նախքան Ամերիկեան Ներխուժումը՝ Աւելի Լաւ Կ՛ապրէին

Իրաքցիները Նախքան Ամերիկեան Ներխուժումը՝ Աւելի Լաւ Կ՛ապրէին

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Զոկպի» հետազօտական կեդրոնին եւ «Ճէյ.Զի. Անալիթիքս» հիմնարկին կողմէ Իրաքի մէջ կատարուած հարցախոյզին արդիւնքնները ցոյց կու տան, թէ Իրաքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը ունի այն կարծիքը, որ նախքան ամերիկեան ներխուժումը, երկիրը աւելի լաւ պայմաններու մէջ կը գտնուէր: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 42 առ հարիւրը կը յայտնէ, թէ պատերազմը երկիրին իրավիճակը վատթարացուցած է, իսկ հակառակ կարծիքը ունի հարցախոյզի մասնակիցներուն [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քանի Մը Տողով

Քանի Մը Տողով

Անցեալ տարուան ընթացքին, Ամերիկայի մէջ ոգելից ըմպելիներու սպառման մակարդակը հասած է վերջին 25 տարիներու բարձրագոյն մակարդակին: Ամերիկեան «USA Today» թերթին եւ «Կելոփ» վիճակագրական հիմնարկին կատարած ուսումնասիրութեան համաձայն, 2010ին ոգելից խմիչք ըմպած է ամերիկացիներուն 67 տոկոսը, ինչ որ միայն 4 տոկոսով ետ կը մնայ 1975ին հաստատուած մրցանիշէն, որ 71 տոկոս էր: Ըստ ուսումնասիրութեան, զուարճանալու փափաքի կողքին, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիոյ Եւ Միջազգային Մամուլը՝ Ցեղասպանութեան Օրինագիծին Մասին

Թուրքիոյ Եւ Միջազգային Մամուլը՝ Ցեղասպանութեան Օրինագիծին Մասին

ՊՈԼԻՍ, ԼՈՆՏՈՆ.- Թրքական օրաթերթերը իրենց Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ի թիւերուն մէջ լայն տեղ տուած են Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացման։
«Հիւրրիյէ»չ կը գրէ, թէ միայն 60 ֆրանսացի երեսփոխաններ մասնակցած են օրինագիծի քննարկման եւ վաւերացման նիստին, եւ անոնցմէ 50ը անոր ի նպաստ քուէարկած է։ Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անմիջապէս խիստ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ներկայացուցիչներու Տան Հանրապետականներ Տեղի Տուին

Ներկայացուցիչներու Տան Հանրապետականներ Տեղի Տուին

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Տեղի տալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային ու Ծերակոյտի հանրապետական ղեկավարութեան ճնշումներուն՝ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետականներ, ետ դարձ մը կատարելով Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին վաւերացուցին անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած եւ Օպամայի աջակցութիւնը վայելող այն համաձայնութիւնը, որ երկու ամիսով կ՛երկարաձգէ եկամուտի տուրքը 2 տոկոսով կրճատող անցեալ տարուան որոշումը, ինչպէս նաեւ անգործ ամերիկացիներուն տրամադրուող նպաստները:
Նախագահ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Տարեվերջի Խոհեր

Տարեվերջի Խոհեր

ԽԱՉԻԿ ՄԵԼԵՔԵԱՆ
Տարուայ աւարտին աւելի քան երբեւէ կարեւոր է ամփոփել արդիւնքները եւ փորձել հասկանալ, թէ ուր ենք գնում: Կարծես թէ նոր գործընթաց չէ, սակայն հաշուի առնելով, թէ որքան փորձութիւնների միջով ենք անցել վերջին տասներկու ամիսների ընթացքում, իսկապէս կարիք ունենք նայելու բոլոր իրադարձութիւններին: Լիովին բնական է, որ թէժ իրադարձութիւնների կիզակէտում գտնուող մարդն ի վիճակի չէ գնահատել իր [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Շիրակի Կաթողիկէ Համայնքները Սուրբ Ծնունդը Կը Նշեն Մեծ Շուքով

Շիրակի Կաթողիկէ Համայնքները Սուրբ Ծնունդը Կը Նշեն Մեծ Շուքով

ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Շիրակի մարզի կաթողիկէ համայնքները այս տարի մեծ շուքով կը տօնեն Սուրբ Ծնունդը: Տօնակատարութիւնները կը սկսին այսօր՝ Դեկտեմբեր 24ին եւ կը շարունակուին մինչեւ Դեկտեմբեր 25ի ուշ գիշեր: Փանիկի, Ձիթհանքովի, Արեւիկի, Լանջիկի եւ Ազատանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն, եկեղեցիները մինչեւ լուսաբաց բաց պիտի մնան եւ բոլոր համայնքերուն մէջ պիտի մատուցուի պատարագ:
Հայր Անտոն [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Իսրայէլ Սառեցուց Թուրքիոյ Հետ 141 Միլիոն Տոլարի Համաձայնագիրը

Իսրայէլ Սառեցուց Թուրքիոյ Հետ 141 Միլիոն Տոլարի Համաձայնագիրը

ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22ին հրահանգած է սառեցնել 2008ին ստորագրուած 141 միլիոն տոլար արժողութեամբ համաձայնագիրին հիման վրայ՝ հետախուզական տեղեկատուութիւն հաւաքելու նպատակով արդիական համակարգերու առաքումը Թուրքիա:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը նշէ, որ Թուրքիոյ ռազմական դաշնակիցը համարուող Իսրայէլը, կրկին անգամ երես կը թեքէ Թուրքիայէն եւ կը հրաժարի համագործակցելէ:
Թուրքիոյ հետ համաձայնագիրը ստորագրած են իսրայէլեան երկու ընկերութիւններ, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Միջազգային | Read More »

Նախագահ Սարգսեան Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Սարքոզիին

Նախագահ Սարգսեան Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Սարքոզիին

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Դեկտեմբեր 23ին նամակ մը յղած է  Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին՝ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը դատապարտող օրինագիծի ընդունման առնչութեամբ: Նախագահ Սարգսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է նախագահ Սարքոզիին, ընդգծելով, որ Ֆրանսան վերստին ապացուցեց իր նուիրուածութիւնը համամարդկային արժէքներուն:
«Մեծարգո՛յ պարոն նախագահ,
Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարած Ձեր պատմական այցից եւ Երեւանում՝ Ցեղասպանութեան զոհերի յուշակոթողի մօտ, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մամատով Կը Քննադատէ Հայաստանի «Խուսանաւումներ»ը

Մամատով Կը Քննադատէ Հայաստանի «Խուսանաւումներ»ը

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «ՍալամՆիուզ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին յարաբերութիւններու բաժինի ղեկավար Նովրուզ Մամատով Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին յայտարարած է, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ Հայաստան կառուցողական դիրքորոշում չորդեգրէ, ապա բանակցութիւնները շարունակելը անկարելի պիտի ըլլայ։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք 2012ին ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ խաղաղ համաձայնագիր կրնա՞յ կնքուիլ՝ Մամատով պատասխանած է. «Տակաւին [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կիրօ Մանոյեան Շեշտը Կը Դնէ Բանաձեւը Ծերակոյտին Մէջ Վաւերացնելու Ջանքերուն Վրայ

Կիրօ Մանոյեան Շեշտը Կը Դնէ Բանաձեւը Ծերակոյտին Մէջ Վաւերացնելու Ջանքերուն Վրայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիա շատ մեծ ճնշում բանեցուց, սակայն ի վիճակի չեղաւ տապալելու Ֆրանսայի խորհրդարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը. Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին այսպէս յայտարարեց ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան նշեց, որ յաջորդ կարեւոր քայլը բանաձեւը Ծերակոյտի հաւանութեան ներկայացնելն է եւ դրական եզրակացութիւն ստանալը:
«Այսօրուայ Ծերակոյտին մեծամասնութիւնը ընկերվարականներ են եւ կ՛ակնկալուի, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կիւլ Կ՛ուզէ Մինսկի Խմբակի Համաանախագահի Պաշտօնէն Հեռացնել Ֆրանսան

Կիւլ Կ՛ուզէ Մինսկի Խմբակի Համաանախագահի Պաշտօնէն Հեռացնել Ֆրանսան

ԱՆԳԱՐԱ, ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին դատապարտած է Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն դէմ քրէական պատիժ սահմանող օրինագիծին վաւերացումը՝ զայն նկատելով «թուրք ժողովուրդին նկատմամբ անարգանքի դրսեւորում»:
Անդրադառնալով նախքան օրինագիծի վաւերացումը՝ իր հեռաձայնային զանգերուն չպատասխանելու Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի կեցուածքին՝ Կիւլ ըսած է. «Նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ նախագահները իրարու հետ կը շփուին», աւելցնելով, [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Ասպարէզ»ի Կաղանդչէքը

«Ասպարէզ»ի Կաղանդչէքը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարէզ» եւս կաղանդի նուէրներ ստանալու անձկութեամբ կը սպասէ Նոր Տարիին: Նուէրներու մէկ կարեւոր մասը հասած է խմբագրութիւն՝ Նոր Տարուան «Ասպարէզ»ի յատուկ թիւի հովանաւորներու միջոցաւ: Այդ նուէրներուն շնորհիւ, թերթը յաջորդ տարուան մէկ կարեւոր մասին իր անմիջական կարիքները կ՛ապահովէ: Շնորհակալութիւն մեր բոլոր հովանաւորներուն, որոնք իրաւամբ մեր թերթի կաղանդ պապիկներն են: Եթէ ուզէք միանալ այդ խումբին, դեռեւս [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Սարքոզի Ֆրանսայի Համոզումները Յարգելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

Սարքոզի Ֆրանսայի Համոզումները Յարգելու Կոչ Կ՛ընէ Թուրքիոյ

ՓԱՐԻԶ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին անդրադարձաւ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրման, եւ թրքական կողմին կոչ ուղղեց՝ յարգելու ֆրանսական կողմի համոզումները։
«Ես յարգանքով կը վերաբերիմ մեր թուրք ընկերներուն։ Թուրքիա շատ մեծ երկիր է եւ շատ մեծ մշակոյթ ունի։ Սակայն, անոնք եւս պէտք է յարգանքով վերաբերին մեր դիրքորոշման», ըսաւ Ֆրանսայի [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Տաւութօղլու Հայկական Սփիւռքին Հետ Կ՛ուզէ Քննել «Ֆրանսայի Կեղծաւոր Կեցուածքը»

Տաւութօղլու Հայկական Սփիւռքին Հետ Կ՛ուզէ Քննել «Ֆրանսայի Կեղծաւոր Կեցուածքը»

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Զաման» օրաթերթը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, երկրի արտաքին քաղաքականութեան վերատեսութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան վերջին զարգացումներուն նուիրուած Թուրքիոյ դեսպաններու մէկ շաբթուայ վրայ երկարող խորհրդաժողովին ընթացքին յայտնած է. «Մենք պիտի երթանք եւ իւրաքանչիւր հայի խօսինք Ֆրանսայի որդեգրած կեղծաւոր կեցուածքին մասին։ Անոնց պիտի ըսենք, թէ ինչպէս Ֆրանսա եւ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Խումբ Մը Պոլսահայեր Կը Քննադատեն Թուրքիոյ Ուրացման Քաղաքականութիւնը

Խումբ Մը Պոլսահայեր Կը Քննադատեն Թուրքիոյ Ուրացման Քաղաքականութիւնը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 23ին, հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը պախարակէ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած օրինագիծին դէմ Թուրքիոյ ժխտական կեցուածքը, եւ կը պնդէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ պաշտպանուած «կարծիքի ազատութիւն»ը, իրականութեան մէջ ուրացումի ազատութեան պաշտպանութիւն է։
Հաղորդագրութիւնը, որ ստորագրուած է Առատ Տինքի, Կարօ Փայլանի, Հայկօ Պաղտատի, Մարգար Էսայեանի, Սիպիլ Չեքմենի, Թամար Նալճըի ու Թադէոս Պեպեքի կողմէ, կը պախարակէ [...]

December 23rd, 2011

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »