Home » May 31st, 2012Entries posted on “May, 2012”

Ատրպէյճան Եւ Հայաստան Կը Մասնակցին ՆԱԹՕի Ռազմափորձերու

Ատրպէյճան Եւ Հայաստան  Կը Մասնակցին ՆԱԹՕի Ռազմափորձերու

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանցի զինուորականներ մասնակցած են Մակեդոնիոյ մէջ վերջին երկու շաբաթներուն կայացած ՆԱԹՕի ռազմափորձերուն, որոնց մասնակցած են նաեւ Հայաստանի, Աւստրիոյ, Պելոռուսի, Պոսնիոյ, Մակեդոնիոյ, Վրաստանի, Իտալիոյ, Սպանիոյ, Ղազախստանի, Մոլտովայի, Սերպիոյ, Զուիցերիոյ, Թուրքիոյ, Ուքրանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Մոնթենեկրոյի զինուորական ուժերէն ներկայացուցիչներ, որոնց ընդհանուր թիւը 1100 եղած է:

May 31st, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Միքաթի ՄԱԿի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Կը Քննէ Լիբանանցի Առեւանգեալներուն Հարցը

Միքաթի ՄԱԿի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ Կը Քննէ Լիբանանցի Առեւանգեալներուն Հարցը

ՊՈԼԻՍ, ՊԷՅՐՈՒԹ, «Տէյլի Սթար».- Թուրքիոյ մէջ գումարուող «Քաղաքակրթութիւններու դաշինք»ի երկօրեայ համաժողովին մասնակցելու համար Պոլիս այցելող Լիբանանի վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Հինգշաբթի, Մայիս 31ին հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ՝ քննելով անցեալ շաբաթ Հալէպի մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցի շիի առեւանգեալներու հարցը: Խորհրդակցութեանց ներկայ եղան Լիբանանի ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ արտաքին գործոց [...]

May 31st, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քանի Մը Տողով

Քանի Մը Տողով

- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Մայիս 30ին, Անգարայի Սարայ գաւառակին մէջ բացումը կատարեց Թուրքիոյ հիւլէական ուժանիւթի խորհուրդի փրոթոն արագացնող հիմնարկին։ Թուրքիա ծրագրած է մինչեւ 2023 կառուցել երկու հիւլէակայաններ, որոնցմէ մէկուն կառուցումը պիտի սկսի մօտ օրէն:
- Ատրպէյճանի ազգային ապահովութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ահաբեկիչներու կազմակերպութիւն մը պատրաստուած էր ահաբեկչական շարք մը արարքներ իրականացնելու «Եւրոտեսիլ»ի ընթացքին, սակայն [...]

May 31st, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ատրպէյճանի Դէմ Ծաղրանկարներու Ցուցահանդէս Իրանի Մէջ

Ատրպէյճանի Դէմ Ծաղրանկարներու Ցուցահանդէս Իրանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թաւրիզի մէջ, Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դէմ ծաղրանկարներու ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է: Իրանի պաշտօնական «Իռնա» լրատուական գործակալութիւնը ցուցահանդէսին մասին ընդարձակ տեղեկութիւն եւ լուսանկարներ հրատարակած է:
Պաքուի մէջ տեղի ունեցած «Եւրոտեսիլ 2012»էն սկսած մինչեւ Իսրայէլի հետ Ատրպէյճանի սերտ յարաբերութիւններուն վերաբերող ծաղրանկարներուն մէջ, իրանցի երգիծանկարիչները ծաղրանքի նիւթ դարձուցած են Ատրպէյճանի պետութիւնն ու յատկապէս՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւը:

May 31st, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

8 Քիւրտ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Դիմում

8 Քիւրտ Երեսփոխաններու Անձեռնմխելիութիւնը Խլելու Դիմում

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Տիարպեքիրի դատախազութիւնը Հինգշաբթի, Մայիս 31ին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան քաղաքային թեւը համարուող Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան հետ կապեր ունենալու «յանցանքով»՝ պահանջած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ եւ Խաղաղութիւն ու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Սալահետտին Տեմիրթաշի եւ 7 այլ քիւրտ պատգամաւորներու պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը խլել: Նոյն հիմնաւորումով եւ մեղադրանքներով, Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 4000 քիւրտեր եւ անոնց համակիրներ ձերբակալուած [...]

May 31st, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Եղեռնի Ոգեկոչում Հիւսիսային Հովիտի Մէջ

Եղեռնի Ոգեկոչում Հիւսիսային Հովիտի Մէջ

Ապրիլ 20ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեան հանրային կապի յանձնախումբի նախաձեռնած Հայոց Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցի ոգեկոչումը, «Մարի Գապայեան» վարժարանի բակին մէջ։ Որոշեալ ժամէն քիչ անց, հանդիսականները յոտնկայս ընդունեցին ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտները, որոնք կատարեցին դրօշակի արարողութիւնը եւ ունկնդրեցին Միացեալ Նահանգներու ու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգները՝ Թուխման Խաչատուրեանի կատարողութեամբ։
Հանդիսավար Մարզպետ Մարկոսեան, ներածական հակիրճ խօսքով կատարեց [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանի

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում Խաչիկ Սրկ. Շաննագեանի

Կիրակի, Յունիս 10ին, ձեռամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Խաչիկ սրկ. Շաննագեան քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում պիտի ստանայ։
Ձեռնադրութեան ու օծման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի։ Շաբաթ, Յունիս 9ի երեկոյեան ժամը 6ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելու յիշատակի օրը, տեղի պիտի ունենայ քահանայական կոչման արարողութիւնը՝ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Արեւմտեան Թեմը Կը Պատրաստուի Ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը

Արեւմտեան Թեմը Կը Պատրաստուի Ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակը

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, Արեւմտեան թեմի կողմէ մշակուած են ծրագիրներ, որոնք գործադրութեան պիտի անցնին 2012ի ամրան: Ցեղասպանութեան հետ առնչուած գիրքեր պիտի թարգմանուին, պիտի վերահրատարակուին հայ ժողովուրդի անխախտ հաւատքը արտացոլացնող պատմական նիւթեր, պիտի ապահովուին ձեռագիրներ, ինչպէս նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութիւնը վկայող փաստաթուղթեր:
Ի յիշատակ 1.5 միլիոն հայ Նահատակներուն, առաջնորդարանի եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի համալիրէն [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ Մարզախաղերը Ընթացքի Մէջ Են

ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 37րդ Մարզախաղերը Ընթացքի Մէջ Են

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 12 Մայիս 2012ին, կէսօրէն ետք ժամը 3:30ին, Վեն Նայսի «Պըրմինկհամ Հայ Սքուլ»ի մարզադաշտերուն վրայ, տէր եւ տիկ. Գագիկ եւ Մատինէ Գէորգեաններու հովանաւորութիւնը վայելող Նաւասարդեան մարզախաղերու բացման հանդիսութենէն ետք, պասքեթպոլի մրցումներով պաշտօնապէս սկսան Նաւասարդեան 37րդ մարզախաղերը:
ՀՄԸՄի Նաւասարդեան մարզախաղերու գլխաւոր առանցքը կը հանդիսանան մարզական մրցումները, որոնք կ՛ընդգրկեն պասքեթպոլի, ֆութպոլի, վոլիպոլի, թեթեւ աթլեթի, թենիսի, լողի, փինկ-փոնկի [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Առաջին Հանրապետութեան Տօնը Մոսկուայի Մէջ

Առաջին Հանրապետութեան Տօնը Մոսկուայի Մէջ

ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակը, «æաւախքի Զաւակներ» կազմակերպութեան հետ համագործակցաբար, Մայիս 25ին, Մոսկուայի գրողներու տան մէջ կազմակերպած էր երեկոյ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տօնին:
Երեկոյին ներկայ էին Ռուսիոյ քաղաքագիտական կեդրոններու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ:
Երեկոյի բացումը կատարելով՝ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ երկարատեւ բացակայութենէ ետք, հայկական պետականութեան վերականգնումը հնարաւոր [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Ուրուկուէյ Հայազգի Նախարար Մը Կ՛ունենայ

Ուրուկուէյ Հայազգի Նախարար Մը Կ՛ունենայ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուրուկուէյի նախագահ Խօսէ Մուխիկան պաշտօնանկ ընելով երկիրի զբօսաշրջութեան եւ մարմնամարզի նախարար Էկտոր Լեսկանօն՝ այդ պաշտօնին պիտի նշանակէ մինչ այդ փոխնախարարի պաշտօնը զբաղեցնող հայազգի Լիլիան Քէշիշեանը:
Քէշիշեան, որ եղած է նաեւ երկիրի խորհրդարանի պատգամաւոր, նախարար նշանակուելով կը դառնայ առաջին հայը, որ կը հասնի այդ բարձր պաշտօնին:
Տարիներ առաջ Լիլիան Քէշիշեան ստորագրահաւաքի մը նախաձեռնած էր, որպէսզի Եւրոմիութիւնը [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Զօրավար Անդրանիկի Եւ Գ. Նժդեհի Նուիրուած Յուշակոթող Ռուսիոյ Մէջ

Զօրավար Անդրանիկի Եւ Գ. Նժդեհի Նուիրուած Յուշակոթող Ռուսիոյ Մէջ

Սոչի քաղաքին մէջ հայ ազգային-ազատագրական շարժման հերոս Անդրանիկ Օզանեանի արձանի կազմաքանդումէն մէկ տարի ետք, Ռուսիոյ Քրասնոտար երկրամասի Արմաւիր քաղաքին մէջ, Մայիս 28ին բացումը կատարուած է շարժման երկու հերոսներու՝ Զօրավար Անդրանիկի ու Գարեգին Նժդեհի, նուիրուած յուշակոթող մը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան տարեդարձին առիթով:
Ռուսիոյ հայերու «Երկրամաս» թերթին փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախաձեռնութիւնը Ռուսիոյ հայերու միութեան Արմաւիրի մասնաճիւղի երիտասարդական կոմիտէինն [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Սոչիի Մէջ 142 Հայ Ձերբակալուած Է

Սոչիի Մէջ 142 Հայ Ձերբակալուած Է

ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Սոչիի մէջ զանգուածային ծեծկռտուքի պատճառաւ ձերբակալուած են 142 հայեր: Այս մասին «Նովոսթի Արմէնիա» գործակալութեան յայտնած է Սոչիի «Սեւան» հայ համայնքի ղեկավար Հրաչ Մակէյեանը:
Արդարեւ, Մայիս 26ի գիշերը մեծ ծեծկռտուք մը տեղի ունեցած է քաղաքի հայերուն եւ ողիմպիական տարածքներու շինարարական աշխատանքներու մասնակցող չեչեններուն միջեւ:
«Չեչենները նեղացրել են մեր աղջիկներին՝ հայուհիներին, որոնք «Վերջին զանգ»ի միջոցառումից տուն էին [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Արցախի Նախագահական Թեկնածու Վիտալի Բալասանեանի Համար «Ղարաբաղում Առաջնայինը Անվտանգութեան Եւ Կարգավիճակի Հարցերն Են»

Արցախի Նախագահական Թեկնածու Վիտալի Բալասանեանի Համար «Ղարաբաղում Առաջնայինը Անվտանգութեան Եւ Կարգավիճակի Հարցերն Են»

ԱՒԵՏԻՍ ԲԱԲԱՋԱՆԵԱՆ
Յուլիսի 19ին ԼՂՀում տեղի են ունենալու նախագահական ընտրութիւններ: Բացի գործող նախագահ Բակօ Սահակեանից, առաջադրուել են եւս երեք թեկնածուներ՝ Արցախի հերոս, ԼՂՀ ՊԲ հրամանատարի նախկին տեղակալ, 2005թ. մինչ օրս ԼՂՀ ԱԺ պատգամաւոր Վիտալի Բալասանեանը, ՀՀ պետական ագրարային համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեանը եւ ԼՂՀ ԱԺ ընդհանուր բաժնի նախկին պետ Վալերի Խաչատրեանը:
Բակօ Սահակեանի հիմնական ընդդիմախօսը [...]

May 31st, 2012

| Posted in Հարցազրոյց | Read More »

Քաղաքական Համախոհութիւն Միայն Երկու Կուսակցութիւններու Միջեւ

Քաղաքական Համախոհութիւն Միայն Երկու Կուսակցութիւններու Միջեւ

ԵՐԵՒԱՆ.- Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը դուրս գալով ՀՀԿ-Բարգաւաճ-Օրինաց Երկիր քաղաքական համախոհական կառավարութեան կազմէն, Հայաստանի Հանրապետական կուսացկութիւնը պարտաւորուեցաւ համախոհական յուշագիր կնքել միայն աննշան կուսակցութիւն նկատուող Օրինաց Երկիրին հետ:
Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՀԿ-Օրինաց Երկիր քաղաքական համախոհութեան յայտարարութեան բնագիրը ամբողջութեամբ.
Հիմք ընդունելով 2012 թուականի  Մայիսի 6ի խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքները, կարեւորելով 2008 թուականի Մարտի 21ին ստորագրուած քաղաքական կոալիցիայի համաձայնագրի ոգուն համապատասխան քաղաքական [...]

May 31st, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կը Մերժուի Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնաժողովներուն Թիւը Փոխելու ՀՅԴի Առաջարկը

Կը Մերժուի Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնաժողովներուն Թիւը Փոխելու ՀՅԴի Առաջարկը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նորընտիր Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստին ընթացքին օրէնսդիր մարմինը 77 թեր, 1 դէմ եւ ոչ մէկ ձեռնպահ քուէներով որոշում տուաւ պահպանել Ազգային ժողովի 12 մնայուն յանձնաժողովներուն քանակը: Այս գծով առարկութիւն ներկայացուցին ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանն ու Վահան Յովհաննիսեանը՝ պնդելով, որ յանձնաժողովներու այդ մեծ թիւին պատճառով փոքր խմբակցութիւնները կարելիութիւն չեն ունենար ներկայացուած ըլլալու բոլոր [...]

May 31st, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արձանագրուած Ամէնէն Հին Կուսակցութիւնը Դաշնակցութիւնն Է

Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Արձանագրուած Ամէնէն Հին Կուսակցութիւնը Դաշնակցութիւնն Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած է 10 կուսակցութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութեան աշխատակազմի իրաւաբանական անձանց պետական արձանագրութեան գործակալութեան պետ Գայիանէ Մաքսիմովան նշեց, որ պաշտօնապէս արձանագրուած առաջին կուսակցութիւնը՝ 6 Հոկտեմբեր 2004ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է։
Յաջորդող ամիս՝ Նոյեմբերին, արձանագրուած են Լեռնային Ղարաբաղի Կոմունիստական, ԼՂ Սոցիալական արդարութեան, Արցախի Արմէնական կուսակցութիւնները: 2005ին արձանագրուած են «Մեր տունը Հայաստանն [...]

May 31st, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Արի Տուն» Ծրագիրով 36 Երկիրներէ 2700 Հայորդիներ Այցելած Են Հայաստան

«Արի Տուն» Ծրագիրով 36 Երկիրներէ 2700 Հայորդիներ Այցելած Են Հայաստան

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Այս տարի 11 Յունիսին կայանալիք «Արի տուն» ծրագիրով 4 տարուան ընթացքին Հայաստան այցելած են աւելի քան 2700 հայ երիտասարդներ՝ աշխարհի 36 երկիրներէն։
«Այն իրականանալու է 8 փուլով, որոնց ընթացքում նախատեսել ենք ընդունել 13-20 տարեկան 800 պատանիներ եւ երիտասարդներ սփիւռքից», դիտել տուած է Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանը:
«Ճամբարում մասնակիցները սովորելու են հայկական [...]

May 31st, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կը Նախատեսուի Երեւանի Մէջ Կայացնել Կրկէսի Միջազգային Փառատօն

Կը Նախատեսուի Երեւանի Մէջ Կայացնել Կրկէսի Միջազգային Փառատօն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի պետական կրկէսը ներկայիս վերանորոգութեան մէջ է, սակայն կրկէսին կից գործող Լէոնիդ Ենգիբարեանի անունը կրող դպրոց-արուեստանոցի սաները կը շարունակեն ամէնօրեայ աշխատանքները:
Երեւանի պետական կրկէսի գեղարուեստական ղեկավար Սօս Պետրոսեան յայտնած է, որ դպրոց-արուեստանոցը կը շարունակէ շրջուն ներկայացումներով ուրախացնել կրկէսասէր հանդիսատեսը:
«Մենք վարձակալական հիմունքներով տարածք ենք ձեռք բերել, որտեղ եւ փրոֆեսիոնալ մասնագէտները սովորեցնում են կրկէսի սաներին», դիտել [...]

May 31st, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Նիկոլ Փաշինեանի Փոխարէն «Հայկական Ժամանակ» Թերթի Խմբագրութիւնը Ստանձնած Է Հայկ Գէորգեան

Նիկոլ Փաշինեանի Փոխարէն «Հայկական Ժամանակ» Թերթի Խմբագրութիւնը Ստանձնած Է Հայկ Գէորգեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».- Նիկոլ Փաշինեան 29 Մայիսին հեռացած է «Հայկական Ժամանակ» թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնէն, զոր ստանձնած է երկար տարիներէ ի վեր թերթին մէջ աշխատող նշանաւոր լրագրող Հայկ Գէորգեանը։
Փաշինեան արդէն նախապէս իր հրաժարականը ներկայացուցած էր։
Փաշինեանի հրաժարականին պատճառը այն է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ ՀԱԿի համամասնական ցանկով Ազգային ժողովի անդամ եղած է:

May 31st, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մարտիրոս Սարեանի «Էրիւան» Գործը Վաճառուած Է 60.000 Ստերլինկով

Մարտիրոս Սարեանի «Էրիւան» Գործը Վաճառուած Է  60.000 Ստերլինկով

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».–  Մարտիրոս Սարեանի «Էրիւան» նկարը բրիտանական «Մեք Տու Կոլ» աճուրդի տան մէջ 30 Մայիսին ծախուած է 59.550 անգլիական ստերլինկով (92.702 տոլար): 1914 թուականը կրող նկարին գինը տատանած է 50-70.000 ստերլինկի սահմաններուն մէջ:
Աճուրդէն առաջ Սարեանի գործը կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ սեփական հաւաքածոյի մը շարքին։ Նկարիչին այլ ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Բակը» նկարը, որ գնահատուած է [...]

May 31st, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մարդը՝ Գովելի Արժանիքներով

Մարդը՝ Գովելի Արժանիքներով

(Մինաս Տէր Սարգսեանի Մահուան Քառասնօրեակի Առիթով)
Ռ. ԿՈՐԻՒՆ
Մարդ արարածի կեանքը ժամանակաւոր է, անյայտ կենաց աւարտով: Հարկ է օգտուել կեանքից ու չթողնել պարապի անցնի, քանի որ ամէն մի մարդու ետին մահն է սպասում, ինչպէս ասած՝ մահը ստուերի պէս հետեւում է մարդուն: Մարդիկ գալիս եւ գնում են. իւրաքանչիւրը իր ըմբռնումների եւ ընկալումների համապատասխան, իր հասկացողութեան եւ գիտակցութեան նժարին [...]

May 31st, 2012

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Ճորճ Տէր Գրիգորեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Ճորճ Տէր Գրիգորեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Երկուքով Ու Երկուքին Հետ…
ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Ճը՜ռ-ճը՜ռ-ճը՜ռ. հեռաձայն։
Ընկալուչը կը վերցնեմ. միւս կողմէ՝ Յակոբ եղբայրս էր, որ խեղդուած ձայնով հարց կու տար։
- Բան մը լսեցի՞ր։
- Ե՞րբ, որմէ՞ եւ ի՞նչ…,-  հարուածային արագութեամբ ուղղած հարցումներուս՝
- Կէս ժամէն քովդ կ՛ըլլամ. կը հասկնաս,- կը պատասխանէ:
Ու ձեռքի ընկալուչէն ելած այնքա՛ն զօրաւոր «շըրը՛խ» ձայն մը ամբողջ էութիւնս ցնցած, հին ու նոր դէմքերու հետ, անախորժ [...]

May 31st, 2012

| Posted in Յօդուածներ | Read More »

Եթէ Վճռած Են Տգէտ Մնալ…

Եթէ Վճռած Են Տգէտ Մնալ…

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Իր 30 Մայիս թուակիր համարի լրատուութեան բաժինին մէջ, «Ասպարէզ» թարգմանը եղած էր մտահոգիչ տեղեկութեան մը. Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ու Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ քանի մը օրէ ի վեր «ելեկտրոնային բանավէճ» մը կը մղուի. մերոնք կ՛ըսեն, որ Արցախը հայապատկան է, Ուաշինկթընի գիտոսիկները կը յամառին ու տգիտաբար կը պնդեն, որ Արցախը Ատրպէյճանին կը պատկանի։
Է՛, ի՞նչ [...]

May 31st, 2012

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Գերմանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Հայկական Եկեղեցի Կ՛այցելէ

Գերմանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Հայկական Եկեղեցի Կ՛այցելէ

Գերմանիոյ մէջ  Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աւնի Քարսլըօղլու հանդիպում ունեցած է Քէօլնի պոլսահայ համայնքին հետ: Ան զրուցած է Գերմանիոյ հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ Գարեգին Բեքչեանի հետ:
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջին համաձայն, թուրք դեսպանը հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հայկական քոնեաք խմած է եւ հիւրասիրութեան մասնակցած, ապա շրջած եկեղեցւոյ մէջ:
«Ինծի համար կարեւոր չէ ինչ համայնքի զաւակներ ըլլալնիդ, ես կը հետաքրքրուիմ [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Վահան Յովհաննիսեան Այս Խորհրդարանը Հայաստանին Համար Օգտակար Չի Նկատեր

Վահան Յովհաննիսեան Այս Խորհրդարանը Հայաստանին Համար Օգտակար Չի Նկատեր

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Ըստ դաշնակցական պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի, այս Ազգային ժողովը ճահիճ պիտի ըլլայ։ Ան նման տպաւորութիւն ստացած է 31 Մայիսին կայացած ԱԺի լիագումար նիստին ընթացքին տիրող մթնոլորտէն։
Ան ըսած է. «Բայց կը ցանկանայի, որ այդպէս չլինէր, եթէ կոմֆորտ է իրեն զգում մեծամասնութիւնն էս վիճակում, նրանց գործն է, բայց երկրի համար այս խորհրդարանը, չեմ կարծում, որ կարողանայ [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Դոկտ. Արմինէ Յակոբեան՝ Կլենտէյլ Քոլեճի Հոգաբարձութեան Ատենապետ

Դոկտ. Արմինէ Յակոբեան՝ Կլենտէյլ Քոլեճի Հոգաբարձութեան Ատենապետ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Աւելի քան 11 տարիներէ ի վեր Կլենտէյլի Համայնքային համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ դոկտ. Արմինէ Յակոբեան, վերջերս հոգաբարձութեանց անդամներուն կողմէ միաձայնութեամբ ընտրուած է այդ մարմինին ատենապետ:
Կրթական մարզին մէջ աւելի քան 40 տարիներու փորձառութիւն ունեցող դոկտ. Արմինէ Յակոբեան պիտի ստանձնէ տարեկան մօտաւորապէս 40,000 ուսանողներ ունեցող սոյն համալսարանին այս պատասխանատու պաշտօնը, մինչ ան կը պատրաստուի Ապրիլ 2013ին կայանալիք [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը Կը Մօտենայ Հալման Կէտին

Ղարաբաղեան Հակամարտութիւնը Կը Մօտենայ Հալման Կէտին

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ամերիկեան խորհուրդի աւագ գիտաշխատող Ուէյն Մերին ատրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ  Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կը մօտենայ հալման կէտին:
Անոր համաձայն, անխուսափելի չէ, որ պատերազմը վերսկսի, սակայն կանխանշաններ կան եւ բաւական զգալիօրէն: «Հարցը այն է, որ չկայ ռազմական հաւասարակշռութիւն, ընդհակառակն, կայ հակասութիւն հայերու պաշտպանողական կարելիութիւններուն եւ ատրպէյճանցիներու կուտակած [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ըստ Մոսկուայի՝ Արցախի Տագնապը Լուծելու Համար Պէտք Է Բաւարարել Երկու Կողմերը

Ըստ Մոսկուայի՝ Արցախի Տագնապը Լուծելու Համար Պէտք Է Բաւարարել Երկու Կողմերը

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Հինգշաբթի, Մայիս 31ին Ատրպէյճան այցելած Անկախ պետութեանց հասարակապետութեան հարցերով Ռուսիոյ կառավարութեան յատուկ ներկայացուցիչ Կոնսթանթին Քոսաչեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ ընդգծելով երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութեանց յաջող զարգացումը՝ տարբեր ոլորտներու մէջ:
Պատասխանելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ հարցումի մը՝ Քոսաչեւ նշած է, որ այդ հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ է Ռուսիոյ աջակցութիւնը: «Ռուսիոյ համար, [...]

May 31st, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Հայերը Պէտք Է Միասնական Ճակատ Կազմեն՝ Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Բանակցութիւն Վարելէ Առաջ

Հայերը Պէտք Է Միասնական Ճակատ Կազմեն՝ Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Բանակցութիւն Վարելէ Առաջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու՝ Հայկական Սփիւռքին հետ երկխօսութիւն սկսելու ջանքերուն մասին վերջին յօդուածս բազմաթիւ արձագանգներու արժանացաւ՝ հայկական եւ թրքական շրջանակներու կողմէ:
Թրքական թերթերը, հեռուստաընկերութիւններն ու կայքերը լայնածաւալ լուսաբանութիւններ կատարեցին հայերու հետ կապեր հաստատելու միտող Տաւութօղլուի փորձերուն մասին: Թրքական լրատուական միջոցները արտաքին գործոց նախարարին նախաձեռնութիւնը կապեցին 2015ին՝ Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յիշատակման ծրագիրներուն հետ:
Հայերը նոյնպէս [...]

May 31st, 2012

| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »

Կը Սպասենք Ձեր Նկարուն

Կը Սպասենք Ձեր Նկարուն

Նկարներ, որոնք առանց մեկնաբանութեան միտք մը, գաղափար մը կը փոխանցեն, կամ յուզում կամ ծիծաղ կը շարժեն: Այս առաջին նկարը մեզ առաջարկած է «Լեւոն Թրավըլ» ճամբորդական գրասենեակի սեփականատէր Կարպիս Թիթիզեանը: Կը սպասենք ձեր առաջարկած նկարներուն:

May 31st, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Ցոյց Տուէք Ճանապարհը

Ցոյց Տուէք Ճանապարհը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ տարաբախտ ազգակիցներու օգնութեան ձեռք երկարելու պատրաստ մարդիկ կան, եղած են ու միշտ պիտի ըլլան:
Անտուն, հիւանդ, թշուառ, անգործ մարդիկ ու ընտանիքներ, ծանր վիճակի մէջ գտնուող նախկին ազատամարտիկներ, բազմազաւակ ընտանիքներ, կրթաթոշակ վճարելու անկարող տաղանդաւոր ուսանողներ, անկեալներ ու հաշմանդամներ՝ մարդիկ, որոնք աջակցութեան կարիք ունին, մարդիկ, զորս ընկերութիւն ու պետութիւն մոռցած են կամ քիչ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Դոկտ. Ալբերթ Մելիք Ղասումեան Կրթական Հիմնարկին Նուիրեց $234,000

Դոկտ. Ալբերթ Մելիք Ղասումեան Կրթական Հիմնարկին Նուիրեց $234,000

ԳԼԵՆԴԷՅԼ.- Հայ կրթական հիմնարկութիւնը (ՀԿՀ) ուրախութեամբ յայտնում է, որ բոստոնաբնակ դոկտ. Ալբերթ Մելիք Ղասումեանը նուիրել է 34,000 տոլար Արցախի երկու գիւղերի դպրոցներին, եւ 200 հազար տոլար՝ Արցախի պետական համալսարանի հանրակացարանի վերանորոգման համար:
Արցախի պետական համալսարանի աշակերտներն եւ ուսուցչակազմը Մայիս 10ին տօնեցին վերանորոգուած հանրակացարանի շէնքի բացումը: Ներկայ էին Արցախի պետական պաշտօնեաներ, Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան անդամներ եւ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Հայաստան Հիմնադրամը Համայնքային Կեդրոններ Պիտի Կառուցէ Արցախի Մէջ

Հայաստան Հիմնադրամը Համայնքային Կեդրոններ Պիտի Կառուցէ Արցախի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ 30 Մայիսին կայացաւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 21րդ նիստը:
Նիստին ներկայ էին Հայաստանի նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի գործող նախագահ Սամուէլ Նիկոյեան, Հայաստան համահայկական հիմնադրամի գործադիր վարչութիւնը՝ գործադիր տնօրէն Արա Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ շարք մը բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հիւրեր:
Նիստը սկսաւ նախագահ Սերժ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ատրպէյճան Իսրայէլէն Յաւելեալ Անօդաչու Օդանաւեր Կը Գնէ

Ատրպէյճան Իսրայէլէն Յաւելեալ Անօդաչու Օդանաւեր Կը Գնէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի հետ 1.6 միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք եւ սպառազինութիւն գնելու համաձայնագիր ստորագրելէ ետք, Ատրպէյճան Իսրայէլէն տասնեակ մը անօդաչու օդանաւեր գնելու նոր պայմանագիր ստորագրած է. այս մասին Չորեքշաբթի, Մայիս 30ին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները:
Նոր համաձայնագիրին արժէքը 300 միլիոն տոլարի շուրջ է:

May 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ֆրանսացի Պատմագէտներ Դէմ Են Ցեղասպանութեան Օրինագիծին

Ֆրանսացի Պատմագէտներ Դէմ Են Ցեղասպանութեան Օրինագիծին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ազատութիւն՝ պատմութեան համար» կոչուած միութիւնը, որուն կ՛անդամակցին զանազան երկիրներէ մօտաւորապէս երեք հազար պատմաբաններ, մտահոգ է այն բանով, որ յառաջիկայ ամիս Ֆրանսայի խորհրդարանը դարձեալ կրնայ օրակարգի բերել Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրէնք մը։
Միութիւնը այս նպատակով Յունիս 2ին պիտի գումարէ արտակարգ ժողով մը, որուն օրակարգին վրայ դրուած պիտի ըլլայ Հայկական Ցեղասպանութեան օրէնքը։
«Հայթերթ»ի կայքը, որ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր | Read More »

Համահայկական Առաքելութեան Մարտահրաւէրը՝ «Հայաստան» Հիմնադրամին

Համահայկական Առաքելութեան Մարտահրաւէրը՝ «Հայաստան» Հիմնադրամին

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Այս տարի Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը կը բոլորէ իր քսանամեակը եւ այս օրերուն Երեւան հաւաքուած են հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդն ու Տեղական յանձնախումբերու ներկայացուցիչները՝ իրենց ամէնամեայ լիագումար ժողովը ունենալու համար։
Թէեւ հերթական ու աշխատանքային բնոյթ ունի հիմնադրամի պատասխանատուներուն հանդիպումը, այսուհանդերձ՝ թէ՛ այս տարուան յոբելինական առիթը, թէ՛ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին արմատաւորման ու հասունացման փաստը բաւարար հիմք են, որպէսզի [...]

May 30th, 2012

| Posted in Սիւնակներ, Օրուան Մտածումը | Read More »

ՄԱԿի Դէտերը 13 Դիակներ Կը Յայտնաբերեն Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ

ՄԱԿի Դէտերը 13 Դիակներ Կը Յայտնաբերեն Արեւելեան Սուրիոյ Մէջ

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Եու.Փի.Այ.».- Չորեքշաբթի, Մայիս 30ին, Սուրիա հաստատուած ՄԱԿի դէտերու հրամանատար զօր. Ռապըրթ Մութ յայտարարեց, թէ 13 դիակներ յայտնաբերուած են արեւելեան Սուրիոյ մէջ, որոնք շատ հաւանաբար մահապատիժի ենթարկուած են, դատապարտելով բռնարարաքներու եւ ոճիրներու շարունակութիւնը երկիրին մէջ:
Նաեւ, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Չորեքշաբթի օր Դամասկոսէն հեռացաւ, երկօրեայ խորհրդակցութիւններէ ետք, որոնց մէկ մասը [...]

May 30th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Առեւանգուած Լիբանանցիները Ազատ Արձակելու Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Առեւանգուած Լիբանանցիները  Ազատ Արձակելու Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը տակաւին կը մնայ անյայտ, մինչ զանոնք Լիբանան վերադարձնելու ջանքերը կը շարունակուին: Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Երեքշաբթի, Մայիս 29ին յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ 48 ժամերուն, այդ հարցի լուծման առնչութեամբ որոշ յստակացում մը կատարուի: Ըստ Պըրրիի, լիբանանցի առեւանգուողները ողջ եւ առողջ են:
Պըրրի շեշտեց, որ «Ամալ» շարժումը եւ «Հըզպալլա»ն մնայուն [...]

May 30th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Անանտ Պահեց Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

Անանտ Պահեց Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի հնդիկ գերվարպետ Վիշուանաթան Անանտ Մոսկուայի մէջ կայացած աշխարհի ախոյեանութեան աւարտախաղերուն պարտութեան մատնեց իսրայէլացի գերվարպետ Պորիս Կելֆանտը՝ պահելով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը: Անանտ առաջին անգամ 2008ին տիրացած էր ախոյեանի տիտղոսին՝ պարտութեան մատնելով Վլատիմիր Քրամնիքի, իսկ 2010ին՝ Վեսելին Թոփալովի:

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան, Միջազգային | Read More »

Թուրքիայէն «Լարուած Ջանքեր» Կ՛ակնկալուի՝ Եւրոմիութեան Անդամակցելէ Առաջ

Թուրքիայէն «Լարուած Ջանքեր» Կ՛ակնկալուի՝ Եւրոմիութեան Անդամակցելէ Առաջ

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրքիա այցելող Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Չորեքշաբթի, Մայիս 30ին յայտարարեց, որ Եւրոմիութեան անդամակցելու համար, Թուրքիա «երկար ժամանակ պէտք է համբերէ ու անկէ կը պահանջուի լարուած ջանքեր»:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին, Շուլցն ըսաւ, թէ Անգարա պէտք է շարք մը յատկանշական փոփոխութիւններ կատարէ եւ շեշտեց, որ նոր սահմանադրութիւն ստեղծելու գործընթացին մէջ պէտք է [...]

May 30th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քանի Մը Տողով

Քանի Մը Տողով

Լիպերիոյ նախկին նախագահ Չարլզ Թէյլըր, Մայիս 30ին, 50 տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Լա Հէյ հաստատուած պատերազմական ոճիրներու միջազգային ատեանի մը կողմէ, Լիպերիոյ դրացի Սիէրա Լիոնի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ընդդիմութիւնը զինելու յանցանքով: 64ամեայ Թէյլըր հանդիսացաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք միջազգային ատեանի մը կողմէ դատապարտուած առաջին նախկին նախագահը:

May 30th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հայաստանի Մէջ Ճարպակալումէ Տառապող Մանուկներուն Թիւը Կ՛աճի

Հայաստանի Մէջ Ճարպակալումէ Տառապող Մանուկներուն Թիւը Կ՛աճի

ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայաստանի սպառողների միութեան նախագահ Արմէն Պօղոսեան յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ ճարպակալումէ տառապող մանուկներուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ։
Անոր համաձայն, այս հիւանդութեամբ տառապող մանուկներուն թիւին աճին հիմնական պատճառը արագ սնունդի (ֆասթ ֆուտ) նկատմամբ ունեցած անոնց հետաքրքրութիւնն է։
Բժիշկ Բամինէ Բաղրամեան իր հերթին նշած է, որ եթէ հայ ծնողները այս տեսակ սնունդի սպառման սահման չդնեն, Հայաստանի [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀԱԿը Գործօն Մասնակցութիւն Պիտի Բերէ Ազգային Ժողովի Աշխատանքներուն

ՀԱԿը Գործօն Մասնակցութիւն Պիտի Բերէ Ազգային Ժողովի Աշխատանքներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մայիսի 30ին կայացած է Հայ ազգային կոնգրեսի (ՀԱԿ) խորհրդարանական խմբակցութեան անդրանիկ նիստը, որմէ ետք հրապարակուած է հետեւեալ յայտարարութիւնը.
2012 թուականի Մայիսի 6ը՝ Հայաստանի ժողովրդի ազատ կամարտայայտման եւ երկրում ժողովրդավարութեան յաղթանակի օր դառնալու փոխարէն նշանաւորուեց պետականօրէն կազմակերուած եւ ընտրակեղծարարութեան ծաւալով իր նախադէպը չունեցող կեղծուած խորհրդարանական ընտրութիւններով:
Մայիսի 31ին Ազգային ժողովի նիստերի դահլիճում առաջին նստաշրջանի առաջին օրը [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԼՂՀ ԱԺ Խմբակցութիւնները Կ՛ողջունեն Ռոտ Այլընտի Օրէնսդիրներու Բանաձեւը

ԼՂՀ ԱԺ Խմբակցութիւնները Կ՛ողջունեն Ռոտ Այլընտի Օրէնսդիրներու Բանաձեւը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախ հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները ողջունած են ԱՄՆ Ռոտ Այլընտ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատի ընդունած բանաձեւը, որ կոչ մըն է ուղղուած ԱՄՆ նախագահին եւ Քոնկրեսին՝ ճանչնալու ԼՂՀ անկախութիւնը:
ԼՂՀ ԱԺ խմբակցութիւններու տարածած յայտարարութեան բնագիրը ստորեւ կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.
2012 թ. Մայիսի 17ին ԱՄՆ Ռոդ Այլենդ նահանգի ներկայացուցիչների պալատը ընդունել է բանաձեւ, որով ԱՄՆ նախագահին եւ Կոնգրեսին կոչ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մարգար Օհանեան Դատապարտուած Է 6 Տարուան Բանտարկութեան

Մարգար Օհանեան Դատապարտուած Է 6 Տարուան Բանտարկութեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երեւանի Կեդրոն եւ Նոր Մարաշի ընդհանուր իրաւասութեամբ դատարանին մէջ 30 Մայիսին հրապարակուեցաւ Մարգար Օհանեանի դատավարութեան որոշումը։ Գլխաւոր մեղադրեալ Մարգար Օհանեան դատապարտուեցաւ 6 տարուան բանտարկութեան:
Իսկ միւս երեք ամբաստանեալները դատապարտուեցան 5.5 տարուան բանտարկութեան, սակայն՝ ի տարբերութիւն Մ. Օհանեանին, միւս երեքին պատիժը պիտի կիրարկուի պայմանականօրէն։
Մարգար Օհանեանի դէմ քրէական գործը յարուցուած էր պաշտօնական դիրքը չարաշահելու եւ գոյքի [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ազգային Ժողովին Մէջ ԲՀԿի Խմբակցութեան Քարտուղարը Պիտի Ըլլայ Նայիրա Զոհրաբեան

Ազգային Ժողովին Մէջ ԲՀԿի Խմբակցութեան Քարտուղարը Պիտի Ըլլայ Նայիրա Զոհրաբեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նոր խորհրդարանին մէջ Սամուէլ Բալասանեան յետ այսու Ազգային ժողովի փոխնախագահի պաշտօնին վրայ պիտի չըլլայ, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Գագիկ Ծառուկեան, իսկ խմբակցութեան քարտուղարը պիտի ըլլայ Նայիրա Զոհրաբեան:
Այս մասին ԲՀԿ անդամ, գործարար Սամուէլ Բալասանեան յայտնած է լրագրողներուն 30 Մայիսին կայացած Բարգաւաճ Հայաստանի խմբակցութեան առաջին նիստէն ետք։
Ան դիտել տուած է, որ ինք փոխնախագահ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Աղքատ Ընտանիքի Մը Օժանդակելու Գծով Անորոշութիւն Ծագած Է Այգաւանի Մէջ

Աղքատ Ընտանիքի Մը Օժանդակելու Գծով Անորոշութիւն Ծագած Է Այգաւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Արարատի մարզի Այգաւան գիւղի բնակիչ Մարտիկ Մելքոնեան ունի 11 անչափահաս զաւակ եւ կը գտնուի տնտեսական շատ ծանր վիճակի մէջ։ Այս նպատակով հանդիպում մը կայացած է Հայաստանի Արարատի մարզպետի մօտ. ապա «Ֆուլեր» շինարարական կեդրոնին յանձնարարուած է բնակարանի շինութեան ձեռնարկել։
Կազմակերպութիւնը 3.100.000 դրամի ներդրում կատարած է: Նշուած է նաեւ, որ, ըստ կնքուած համաձայնութեան, Արարատի մարզպետարանը պէտք [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ռուստամեան. «ՀՅԴն Համագործակցելու Է Ընդդիմադիր Ուժերի Հետ»

Ռուստամեան. «ՀՅԴն Համագործակցելու Է Ընդդիմադիր Ուժերի Հետ»

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 30 Մայիսին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ խորհրդարանական աթոռներու յանձնման ընթացքին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ըսաւ. «Մենք պէտք է որակով չէզոքացնենք քանակութիւնը եւ բնականաբար աւելի ակտիւ ենք աշխատելու»։
Նշենք, որ ՀՅԴն խորհրդարանին մէջ պիտի ունենայ 5 պատգամաւոր:
«Մեր թիմը մեծ փորձառութիւն ունի, եւ այդ փորձն ու դաշնակցական աւանդոյթները հնարաւորութիւն [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Յուշ-Երեկոյ՝ Նուիրուած Գէորգ Չաւուշի Մահուան 105րդ, Իսկ Սօսէ Մայրիկի՝ 60րդ Տարելիցներուն Առթիւ

Յուշ-Երեկոյ՝ Նուիրուած Գէորգ Չաւուշի Մահուան 105րդ, Իսկ Սօսէ Մայրիկի՝ 60րդ Տարելիցներուն Առթիւ

Հայ ազատագրական պայքարի երկու նուիրեալներու՝ Գէորգ Չաւուշի եւ Սօսէ Մայրիկի մահուան տարելիցներուն առթիւ տեղի պիտի ունենայ յուշ-երեկոյ, կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Ահարոնեան» կոմիտէութեան Հանրային կապի յանձնախումբին:
Սասնոյ արժանաւոր զաւակ, խիզախ հայուհի Սօսէ Մայրիկի կեանքի եւ Հայ Յեղափոխական պայքարին մէջ անոր ունեցած դերակատարութեան մասին պիտի դասախօսէ վաստակաշատ մտաւորական եւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Սոնա Զէյթլեան, որ ընթերցողին յայտնի [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սրբոց Ղեւոնդեանց Տաճարի Տիկնանց Մարմինի Ձեռնարկը Յունիս 28ին

Սրբոց Ղեւոնդեանց Տաճարի Տիկնանց Մարմինի Ձեռնարկը Յունիս 28ին

Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի յատուկ ձեռնարկներու տիկնանց մարմինը ծրագրած է Հինգշաբթի, Յունիս 28ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ կայանալիք յատուկ ձեռնարկ մը: Առաւօտեան ժամը 11ին տեղի պիտի ունենայ «պութիկ», իսկ կէսօրին՝ ճաշ, առաջնորդարանի «Զօրայեան» թանգարանի սրահին մէջ: Պիտի գործադրուի գեղարուեստական յայտագիր՝ մասնակցութեամբ ջութակահար Մերուժանի: Տեղի պիտի ունենայ վիճակահանութիւն:
Ձեռնարկէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայոց Ցեղասապանութեան 100ամեակին [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Ընկերային Ծառայութիւններու Քննարկում Վերահսկիչ Անթոնովիչի Հետ

Ընկերային Ծառայութիւններու Քննարկում Վերահսկիչ Անթոնովիչի Հետ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Մայիս 18ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի, որ նաեւ ատենապետն է ընտանեկան բռնութիւններու առաջքը առնող յանձնախումբն, այցելեցին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչին՝ խորհրդակցելու համար առաջնորդարանի կողմէ ծրագրուած ընկերային զանազան ծառայութիւններու մասին:
Տէր հայրը յայտնեց, թէ նշեալ յանձնախումբը լծուած էր իր օգտակար առաքելութեան [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Առաջնորդարան Կ՛այցելեն «Դաւթեան-Մարիամեան»ի Ներկայացուցիչները

Առաջնորդարան Կ՛այցելեն «Դաւթեան-Մարիամեան»ի Ներկայացուցիչները

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Մայիս 14ին, «Դաւթեան-Մարիամեան» հաստատութեան ներկայացուցիչները առաջնորդարան այցելելով՝ հանդիպում ունեցան առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ եւ խորհրդակցեցան յառաջիկայ իրենց համագործակցութեան հնարաւորութեանց մասին:
Սրբազան հայրը տեղեկացուց, որ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանը նշանակած է հոգեւոր տեսուչ՝ վարժարանի կրօնից դասաւանդութիւններ կատարելու համար:

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ

Հայրերու Օրուան Նուիրուած Ճաշկերոյթ

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Կիրակի, Յունիս 17ին, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ կ.ե. ժամը 4 տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի Փասատինայի մասնաճիւղի կազմակերպած Հայրերու օրուան նուիրուած տարեկան երկրորդ ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին պիտի գործադրուի գեղարուեստական յատուկ յայտագիր:
Մասնակցութեան սակը 40 տոլար է, իսկ ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ (2242 E. Foothill Blvd. Pasadena, CA 91107): Տոմսերու համար դիմել Փայլա [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Աւանդական Հարսանիքի Զգեստներու Ցուցադրութիւն

Հայ Աւանդական Հարսանիքի Զգեստներու Ցուցադրութիւն

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդարանի տիկնանց օժանդակ մարմինը ծրագրած է Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ՝ Հոկտեմբեր 6ին, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկին մէջ 20րդ դարու 30ական թուականներու հայ աւանդական հարսանիքի հին եւ նոր զգեստներու ցուցադրութիւն մը: Այս առթիւ պիտի պատրաստուի յատուկ գրքոյկ մը, որուն մէջ պիտի տպուին հովանաւորներու ծնողներուն եւ կամ մեծ հօր ու մեծ մօր հարսանիքի նկարները: Պիտի տպուի նաեւ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Սիրելի՛ Ընկեր Մանաս Պուճիքեան

Սիրելի՛ Ընկեր Մանաս Պուճիքեան

Թոյլ տուր, որ ես ալ իմ շնորհակալութիւններս յայտնեմ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ «Ասպարէզ»ի անձնակազմին, որ կազմակերպած էին ծննդեանդ 80ամեակի հանդիսութիւնը:
Բարեմաղթութեանց լաւագոյն զգացումներուս կողքին, քեզի նկատմամբ ունիմ յարգանք ու մեծարանք՝ տարած աշխատանքիդ ու ցոյց տուած զոհաբերումներունդ որպէս ականատես. շնորհակալական խօսք՝ տարիներու վաստակիդ, ցուցաբերած պատրաստակամութեանդ, անտրտունջ մատակարարութեանդ եւ օրինակելիութեանդ համար, որպէս ազգային ծառայութեանց յանձնառու մարդու, բարեկամի եւ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Դպրեվանքին Մէջ Պօղոս Սնապեան Կը Դասախօսէ Հակոբ Օշականի Մասին

Դպրեվանքին Մէջ Պօղոս Սնապեան Կը Դասախօսէ Հակոբ Օշականի Մասին

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 25 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Դպրեվանքէն ներս տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը, հայ գրականութեան տիտաններէն Յակոբ Օշականի նուիրուած։ Օրուան բանախօսն էր վաստակաւոր գրագէտ եւ խմբագիր Պօղոս Սնապեան։
Բացման խօսքը կատարեց Յովհաննէս Ստեփանեան։ Ապա Կարապետ Նաճարեան եւ Շանթ Շարոյեան Օշականի մասին վկայութիւններ ընթերցեցին։
Դասախօսը, իր ուսանողական յուշերուն մասին խօսելէ ետք, ներկայացուց Օշականը իբրեւ խստապահանջ ուսուցիչ մը, [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Լրագրող Սերկէյ Ասլանեան Մոսկուայի Մէջ Յարձակման Կ՛ենթարկուի

Լրագրող Սերկէյ Ասլանեան Մոսկուայի Մէջ Յարձակման Կ՛ենթարկուի

ՊՈԼԻՍ.- Մոսկուայի մէջ Երկուշաբթի օր յարձակում մը տեղի ունեցած է «Էխօ Մոսկուի» ձայնասփիւռի կայանի մեկնաբան եւ «Մայակ» ձայնասփիւռի կայանի փորձագէտ Սերկէյ Ասլանեանի վրայ։ Լրագրողը ստացած է դաշոյնի աւելի քան 20 հարուած եւ ուղեղային ցնցում։
Միջադէպը պատահած է Չերտանովսքայա փողոցին վրայ՝ գիշերուան ժամերուն։ Յայտնի է որ յարձակողները քանի մը անձեր էին։ Գործողութենէն ետք Ասլանեան առնուեցաւ բժշկական հսկողութեան [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Վրաստանի Հայկական Եկեղեցիներու Գծով Նամակ՝ Նախագահ Սահակաշվիլիի

Վրաստանի Հայկական Եկեղեցիներու Գծով Նամակ՝ Նախագահ Սահակաշվիլիի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վիրահայոց թեմը նամակով մը դիմած է Վրաստանի նախագահ Միխայէլ Սահակաշվիլին՝ խնդրելով, որ մեծ ուշադրութիւն դարձուի հայկական եկեղեցիներուն եւ լուծուի զանոնք հայոց թեմին վերադարձնելու հարցը:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան յայտնեց, որ տակաւին պատասխան չեն ստացած։ Նամակը ուղարկուած է տասը օր առաջ, սակայն պատասխան կարելի է ստանալ մէկ ամսուան ընթացքին։
Վազգէն եպս.՝ խօսելով ակնկալութիւններուն մասին [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Յովհաննէս Այվազովսկիի Կտաւը Լոնտոնի Մէջ Վաճառուած Է 277 Հազար Եուրոյով

Յովհաննէս Այվազովսկիի Կտաւը Լոնտոնի Մէջ Վաճառուած Է 277 Հազար Եուրոյով

Լոնտոնի «Սոթպիզ» աճուրդի տան մէջ, Մայիս 28ին կայացած վաճառքին ընթացքին, հանրայայտ հայ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի «Ձմեռնային Բնապատկեր» անուն կտաւը վաճառուած է 277 հազար եուրոյով: Կտաւի մեկնարկային գինը եղած է 60-80 հազար եուրօ: Այս մասին կը յայտնէ lenta.ru-ն:
Աճուրդի ընթացքին, ամենասուղ գինով վաճառուած է Նաթալիա Գոնչարովայի «Նաթիւրմոր»չ («Զանգակներ») կտաւը՝ 2 միլիոն 953 հազար եուրոյի: Երկրորդ ամենասուղ վաճառուած [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Հայ Զինուոր Մը Կը Սպաննուի Թուրքիա-Սուրիա Սահմանին

Հայ Զինուոր Մը Կը Սպաննուի Թուրքիա-Սուրիա Սահմանին

ՓԱՐԻԶ, «Նուվել տ՛Արմէնի».- Սուրիահայ համայնքը անգամ մը եւս կը ցնցուի երկիրին մէջ տեղի ունեցող պատահարներուն պատճառաւ:
Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող 20ամեայ Լեւոն Գույումճեան (Տամասկոսէն) սպանուեցաւ կառավառութեան ընդիմադիր ուժերու կողմէ յարձակման ընթացքին, որ տեղի ունեցած է Թուրիա-Սուրիա սահմանագիծին գտնուող Պապ ըլ Հաուա շրջանին մէջ:
Լեւոն Գույումճեան այս տարուան սկիզբէն ի վեր Սուրիոյ հայ համայնքի երրորդ զոհն է:

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Հայ Պատանին Շահած է Աճպարարութեան Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

Հայ Պատանին Շահած է Աճպարարութեան Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսը

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի մէջ կայացած աճպարարներու միջազգային մրցոյթին յաղթած է 15ամեայ Սօս Պետրոսեան կրտսերը: Յաղթողի մեծ հայրը եւ միջազգային մրցոյթի պատուաւոր հիւր Սօս (Իոսիֆ) Պետրոսեան նշած է, որ մրցոյթի մասնակիցներու ընտրութիւնը տեւած է 6 ամիս: Այդ մրցոյթին առաջին անգամն ըլլալով է որ հայ մը մասնակցած է: Նախագիծին մասնակցած են 3000 աճպարարներ աւելի քան 60 երկիրներէ:
Դատակազմի [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

«Նեշընըլ Փոսթ»ը Ցեղասպանութեան Վրայ Թարմ Հայեացք Նետելու Կոչ Կ՛ընէ

«Նեշընըլ Փոսթ»ը Ցեղասպանութեան Վրայ Թարմ Հայեացք Նետելու Կոչ Կ՛ընէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Գանատական «Նեշընըլ Փոս»չ թերթի գլխաւոր խմբագիր Ճանըթըն Քէյ, «Հայոց Ցեղասպանութեան վրայ թարմ հայեացք նետելու ճիշդ ժամանակն է» խորագիրով յօդուածին մէջ վերլուծած է Ցեղասպանութեան պատմութիւնը:
Հարցը կապելով թրքական «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն վրայ յարձակման հարցով այս շաբթուան ընթացքին իսրայէլացի ռազմական հրամանատարներու դէմ թրքական ատեանի մը արձակած 8000էն մինչեւ 18,000 տարուան բանտարկութեան վճիռներուն՝ ան կը գրէ. «Երեւակայեցէք [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Աշգապատի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սարգսեան-Մետվետեւ Հանդիպումը

Աշգապատի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Սարգսեան-Մետվետեւ Հանդիպումը

ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Թիւրքմէնիստանի մայրաքաղաք Աշգապապի մէջ իրականացող ԱՊՀ երկիրներու կառավարութեանց ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս՝ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Տիգրան Սարգսեանի ու Տմիթրի Մետվետեւի հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնէ «Իթառ-Թաս» գործակալութիւնը: Երկու երկիրներու վարչապետները քննարկած են տնտեսական համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր:
«Մեր հանդիպման օրակարգը աւանդական է. մենք կրնանք քննարկել Ռուսիոյ ու Հայաստանի միջեւ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Օփերային Թատրոն՝ Արցախի Մէջ

Օփերային Թատրոն՝ Արցախի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թրե»չ.- Շուտով Արցախի մէջ պիտի գործէ օփերային թատրոն մը: Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այսպէս տեղեկացուցած են Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական երաժշտանոցի օփերային պատրաստման ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Յովհաննէս Յովհաննիսեանն ու Օփերային ու սիմֆոնիք խմբավարութեան ամպիոնի վարիչ՝ «Ղազարոս Սարեան»ի արուեստանոցի գեղարուեստական ղեկավար, փրոֆ. Յովհաննէս Միրզոյեան:
Յովհաննէս Յովհաննիսեանի խօսքով՝ նոր օփերային թատրոնին նախաձեռնողը Արցախի մշակոյթի նախարարութիւնն է, որ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

«Անոյշ» Օփերան Պիտի Ներկայացուի Շուշիի Մէջ

«Անոյշ» Օփերան Պիտի Ներկայացուի Շուշիի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».- Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի օփերային պատրաստութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Յովհաննէս Յովհաննիսեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ  Արմէն Տիգրանեանի «Անոյշ» օփերան պիտի ներկայացուի Շուշիի մէջ։
Անոր համաձայն, օփերան պիտի ներկայացուի Շուշիի պարիսպի տարածքին մէջ: Ան դիտել տուած է, որ «Անոյշ»ը երկու անգամ ներկայացուած է Արցախի մէջ եւ մեծ յաջողութիւն գտած [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պըրմըն Կը Փորձէ Կասեցնել Ատրպէյճանի Ծախուող Ռազմական Որոշ Սարքաւորումներ

Պըրմըն Կը Փորձէ Կասեցնել Ատրպէյճանի Ծախուող Ռազմական Որոշ Սարքաւորումներ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի ուղղուած՝ Երեքշաբթի, Մայիս 29 թուակիր նամակի մը մէջ, Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի դեմոկրատ բարձրաստիճան անդամ Հաուըրտ Պըրմըն մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին արդիական ռազմական սարքաւորումներ ծախելու ամերիկեան որոշումին առթիւ՝ ազդարարելով, թէ նման քայլ մը կրնայ քաջալերել Պաքուի իշխանութիւնները, որ սաստկացնեն [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Խոսրով Ասոյեանի «Կանչը» Պոէմը

Խոսրով Ասոյեանի «Կանչը» Պոէմը

ԱՆԱՀԻՏ ՍՈՒՔԻԱՍԵԱՆ
Հրատարակուած  21 Սեպտեմբեր 2011ին, Լոս Անճելըս, «Հայ գիր» հրատարակչատան կողմէ
Քանի մը առիթներով փորձած եմ Խոսրովէն կենսագրական տեղեկութիւններ կորզել, բայց չեմ յաջողած: Կենսագրական մանրամասնութիւնները անկարեւոր կը նկատէ: Խորքին մէջ ճիշդ է իր մօտեցումը: Ես ալ համաձայն եմ. գրողի մը, արուեստագէտի մը կենսագրութիւնը իր ստեղծագործութիւնն է, լոյսին հանած իր վաստակը: Եթէ այս վերջին հաստատումս իբրեւ ելակէտ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղը Կը Ներկայացնէ Խոսրով Ասոյեանի «Կանչ»ը

Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղը Կը Ներկայացնէ Խոսրով Ասոյեանի «Կանչ»ը

Ապրիլեան ոգեկոչման ամիսը, Հայ ժողովուրդի համազգային զոհերու յիշատակաց եւ անոնց խլուած իրաւունքներու հատուցման ու պահանջատիրութեան ամիսը եղաւ Հայոց աշխարհին համար:
Հայ մշակոյթը, դարերով կորուստի մատնուելու ահազանգով ապրած՝ սակայն աւելի եւս ամրապնդուած ոգիով ի յայտ կու գայ, Հայրենիքի թէ Սփիւռքի տարածքին:
Համազգային մշակութային միութիւնը, արթուն պահակը ըլլալով Հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման, նաեւ հաւատարիմ ըլլալով իր առաքելութեան՝ կը [...]

May 30th, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Մեծարենցը՝ Օրենճ Քաունթիի Մէջ

Մեծարենցը՝ Օրենճ Քաունթիի Մէջ

ՍԱԼԲԻ Ո. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Ներշնչուած երեք թուականներէ՝ Համազգայինի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը տօնախմբեց 2012ը որպէս Հայ Գիրքի Տարի, հայ տպագրութեան 500ամեակ եւ Միսաք Մեծարենցի ծննդեան (մէկ տարիով յապաղած) 125ամեակ։
Ուրբաթ, Մայիս 11ին Օրենճ Քաունթիի «Յարութ Պարսամեան» Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ, Սարգիս Մահսէրէճեան Մեծարենցը հրամցուց գրասէր հանդիսատեսներուն, որոնք մեծ թիւով լեցուցած էին սրահը։
Հաճելի մթնոլորտի մը մէջ դասախօսը իւրայատուկ հաղորդականութեամբ գրաւեց [...]

May 30th, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Արմատներու Կանչին…

Արմատներու Կանչին…

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ուրբաթ, 11 Մայիսի երեկոյեան, Համազգայինի Օրենճ Քաունթի «Սիամանթօ» մասնաճիւղը գրական երեկոյ մը կազմակերպած էր շրջանի «Յարութ Պարսամեան» կեդրոնին մէջ։ Ձեռնարկը նուիրուած էր Միսաք Մեծարենցի, միաժամանակ վեր կ՛առնէր հայ տպագրեալ առաջին գիրքին 500րդ տարեդարձը։
Ձեռնարկի վերջաւորութեան, հանդիսականները ականատես եղան գեղեցիկ երեւոյթի մը, որ, վստահ եմ, խռովք ստեղծեց իրենց սիրտերուն մէջ։ Չորս պատանիներ՝ Քրիսթա, Ալիք, Ռեմի եւ [...]

May 30th, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Ատրպէյճան Տուն կը Կանչէ Իրանի Մօտ Իր Դեսպանը

Ատրպէյճան Տուն կը Կանչէ Իրանի Մօտ Իր Դեսպանը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Չորեքշաբթի, Մայիս 30ին տուն կանչած է Իրանի մօտ իր դեսպանը՝ Ճաւանշիր Ախունտովը. այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Իրան-Ատրպէյճան լարուած յարաբերութեանց եւ Իրանի մէջ տեղի ունեցած հակաատրպէյճանական, իսկ Ատրպէյճանի մէջ՝ հակաիրանեան ցոյցերուն ստեղծած մթնոլորտին մէջ, Իրան նաեւ անցեալ շաբաթ տուն կանչած էր Ատրպէյճանի մօտ իր դեսպանը:
Անցեալ շաբաթ նաեւ, Իրանը Նախիջեւան [...]

May 30th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Յարգելի Գրասէր Բարեկամներ,

Յարգելի Գրասէր Բարեկամներ,

Դուք լսեցիք սիրելի Խոսրովին քերթողութեան արժէքներուն մասին։ Ես կ՛ուզեմ մասնաւորել իւրայատկութիւն մը, որ առկայ է իր բոլո՛ր գործերուն մէջ. այդ իւրայատկութեան բնորոշիչը տիրող, նաեւ՝ հաճոյալի երաժշտականութիւնն է, որ կը զգացուի ոչ միայն «Կանչ»ին, այլեւ նախորդող բոլոր գործերու բազմահարիւր տողերուն մէջ, ուր յանգերը կը շնչեն եւ ուր քերթողին շունչը՝ բանին ու միտքին հետ՝ նոյն ատեն կը [...]

May 30th, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Կլենտէյլի Մասնաճիւղը Կը Հրատարակէ Դաստիարակիչ Պաստառներ

Կլենտէյլի Մասնաճիւղը Կը Հրատարակէ Դաստիարակիչ Պաստառներ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը սկսած է հրատարակելու դաստիարակիչ պաստառներ (Փոսթըր)։ Այս շարքին առաջինը նուիրուած է մայրերու։ Սոյն պաստառը կը կրէ հատուածներ Աւետիք Իսահակեանի, Յովհաննէս Շիրազի, եւ Պարոյր Սեւակի մայրերու նուիրուած բանաստեղծութիւններէն։ Պաստառի ձեւաւորումը կատարած է Վանիկ Թորիկեանը. նկարազարդման համար օգտագործուած է Սիրուն Երէցեանի մանրանկարչութիւնը:
Մասնաճիւղի նպատակն է այս հրատարակութիւններէն օրինակներ նուիրել հայկական դպրոցներուն եւ հայկական [...]

May 30th, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Համազգայինի Կլէնտէյլի Մասնաճիւղը Կը Կազմակերպէ Երաժշտական Երեկոյ

Համազգայինի Կլէնտէյլի Մասնաճիւղը Կը Կազմակերպէ Երաժշտական Երեկոյ

Կլենտէյլի Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ Ուրբաթ, Յունիս 8ին, ժամը 7:30ին,  տեղի պիտի ունենայ լարային գործիքներու երեկոյ մը՝ Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ։
Այս իւրայատուկ ձեռնարկին գլխաւոր երաժիշտն է հանրածանոթ ուտի մասնագէտ եւ Վիզա նուագախումբի անդամ՝ Անդրանիկ Գիզիրեանը։ Անոր  պիտի ընկերակցին ջութակի վրայ՝ Երուանդ Գալաճեանը  եւ կիթառի վրայ՝ Վիգ Մոմճեանը։
Այս եռեակը պիտի նուագէ Կոմիտասէն, Սայաթ Նովայէն, Խաչատուր [...]

May 30th, 2012

| Posted in Մշակոյթ | Read More »

Հայ Բժիշկներու Միութեան Նախագահը Կ՛ընտրուի «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձու

Հայ Բժիշկներու Միութեան Նախագահը Կ՛ընտրուի «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձու

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 30 Մայիսին Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին, զոր կը վարէր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նիստին ներկայ էին խորհուրդի 36 անդամներէն 35ը:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն վերընտրուեցաւ Արա Վարդանեանը: Սերժ Սարգսեան առաջարկեց հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ ներառել նաեւ Հայկական բժշկական միջազգային կոմիտէի նախագահ Ճերրի Մանուկեանը, ինչ որ պատճառ դարձաւ նիստին մասնակից սփիւռքահայերու [...]

May 30th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Երազային Հիմնադրամ

Երազային Հիմնադրամ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Շուտով հանրային եւ մասնաւոր վարժարանները իրենց տարին պիտի փակեն: Շուտով հայկական վարժարանները իրենց աւարտական հանդէսները պիտի ունենան՝ դէպի բարձրագոյն ուսման հաստատութիւններ կամ դէպի կեանքի ասպարէզ ճամբայ հանելով 2012ի սերունդը:
Ազգային վարժարանները այս տարի իրենց նիւթական դժուարութիւնները յաջողեցան լուծել՝ մէկ կողմէ վայելելով Արամ Ա. վեհափառի օրհնաբեր այցելութեան բարիքները՝ յատկապէս դպրոցներուն համար անոր հանգանակած գումարներու տեսքով, միւս [...]

May 29th, 2012

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Մայիս 28ին 131 Հայորդիներ Երդուեցան Միանալ ՀՅԴի Շարքերուն

Մայիս 28ին 131 Հայորդիներ Երդուեցան Միանալ ՀՅԴի Շարքերուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ինչպէս սովորութիւն դարձած է, 28 Մայիսին, սովորականէն շատ աւելի մարդաշատ կ՛ըլլայ նաեւ Երեւանի Քաղաքային պանթէոնը: Արդարեւ, կարգ մը քաղաքացիներու համար տօնը կը  սկսի պետականութիւն կերտած Արամ Մանուկեանի շիրիմէն:
Արամ Մանուկեան հայոց պատմութեան այն գործիչներէն էր, որ իր անձնական յատկանիշներով յաջողեցաւ ժողովուրդը համախմբել մէկ ընդհանուր գաղափարի շուրջ՝ այնպիսի ժամանակներու, երբ ազգի գոյութեան վտանգ կը  սպառնար, [...]

May 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Զարաքօլու Արժանացաւ Հայաստանի Նախագահի Մրցանակին

Զարաքօլու Արժանացաւ Հայաստանի Նախագահի Մրցանակին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութեան մասին թուրք հասարակութիւնը իրազեկելու, խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքները յարգելու համար մղուած անդուլ եւ սկզբունքային պայքարին համար, թուրք գրող, հրապարակախօս Ռակըպ Զարաքօլու Երեքշաբթի, Մայիս 29ին արժանացաւ Հայաստանի նախագահի 2011ի մրցանակին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան բարձր գնահատեց հրապարակախօսին կատարած աշխատանքը եւ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործով Թուրքիոյ քաղաքացի Զարաքօլուի գործունէութիւնը բացառիկ [...]

May 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Արցախի Հարցով Վէճ Կը Ծագի Ամերիկայի Դեսպանատան Եւ Հայ Դատին Միջեւ

Արցախի Հարցով Վէճ Կը Ծագի Ամերիկայի Դեսպանատան Եւ Հայ Դատին Միջեւ

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին միջեւ Մայիս 25էն սկսեալ համացանցային բանավէճ մը սկսած է՝ Արցախը Ատրպէյճանի մէկ մասը նկատելու դեսպանատան կեցուածքին հետեւանքով: Հարցը սկսած է, երբ «Ասպարէզ» իր համացանցային կայքին վրայ լոյս ընծայած էր Հայ Դատի յանձնախումբի այդ հաղորդագրութեան, ուր կը քննադատուէր մարդկային իրաւանց մասին Միացեալ Նահանգներու արտաքին [...]

May 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Քլինթըն Հայաստան Պիտի Այցելէ

Քլինթըն Հայաստան Պիտի Այցելէ

ԵՐԵՒԱՆ.- Յունիս 4ին Հայաստան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, կը նախատեսուի, որ նախարար Քլինթըն հանդիպումներ ունենայ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:
Երեւանի մէջ կայանալիք բանակցութիւններու օրակարգին վրայ են հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան զարգացման ու խորացմանն առնչուող հարցերն ու Լեռնային Ղարաբաղի [...]

May 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Նշէ Իր 20ամեակը

«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Նշէ Իր 20ամեակը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 20ամեակը։  Հիմնադրամի անցած ուղին անբաժան մասն է մեր անկախ հայրենիքի 20ամեայ կենսագրութեան, որ կերտուած է հայոց պետականութեան կայացման զուգընթաց:
Հիմնադրամը իր յոբելեանը նշեց Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ՝ դասական համերգով մը, որուն մասնակցեցան դասական երաժշտութեան բնագաւառին մէջ Հայաստանի նախագահի մրցանակի արժանացածները եւ «Լաւագոյն ուսանող» [...]

May 29th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԱԶԳԱՅԻՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յովսէփ Նալպանտեան
Մեր Անընդունելի «Հայկական» Մականունները
Մենք՝ արեւմտահայերս, կը կոչենք մականուն, այսինքն ընտանիքի անուն, վերադիր անուն։ Իսկ արեւելահայերէնով՝ ազգանուն՝ ազգի, տոհմի անուն. երկուքն ալ նոյն իմաստը ունին։
Յօդուածի վերնագիրը գրեցինք անընդունելի, որովհետեւ մեր մականուն-ներուն մեծ մասը զարմանալի—տարօրինակ ոչ հայկական իմաստ ունեցող բառերով կազմուած են։
Յաճախ նախօրօք գրուած-արծարծուած կարգ մը նիւթերու շուրջ պէտք է (ժամանակէ ժամանակ) անդրադառնալ, մանաւանդ երբ կը [...]

May 29th, 2012

| Posted in Կիզակէտ | Read More »

Ատրպէյճան «Հայերու Վարձկաններ» Կը Նկատէ Եւրոխորհրդարանի Զեկուցողները

Ատրպէյճան «Հայերու Վարձկաններ» Կը Նկատէ Եւրոխորհրդարանի Զեկուցողները

ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով Երեքշաբթի, Մայիս 29ի խորհրդարանի նիստին ընթացքին դժգոհութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւունքներու վիճակը քննադատող Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին կապակցութեամբ՝ պնդելով, թէ բանաձեւը որդեգրուած է «հայկական լոպիի վարձկաններ»ու կողմէ: Ըստ Ասատովի, նման բանաձեւ վաւերացնելով՝ Եւրոխորհրդարանը կասկածի տակ կը դնէ իր բանաձեւերուն «թափանցիկութիւնն ու առարկայականութիւնը»:
Այլ երեսփոխաններ յայտարարած են, թէ «հայկական լոպիին [...]

May 29th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Պիրանտ Կ՛անդրադառնայ «Էրկենեքոն»ի Ստեղծած «Սատանաներու Կայսրութեան»

Պիրանտ Կ՛անդրադառնայ «Էրկենեքոն»ի Ստեղծած «Սատանաներու Կայսրութեան»

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրք քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ անդրադարձած է վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին բացայայտուած «Էրկենեքոն»ի եւ այլ գաղտնի խմբաւորումներու ոճրային ծրագիրներուն՝ նշելով, որ թուրք ժողովուրդը մինչեւ 2008 ապրած է «սատանաներու կայսրութեան մէջ»:
«Իփեքճիի սպանութեամբ սկսած Ուղուր Մումճուի եւ միւս լրագրողներու սպանութիւնները, Տրապիզոնի կաթոլիկ քահանայ Սանթորոյի սպանութիւնը, Թուրքիոյ պետական խորհուրդի վրայ արիւնալի յարձակումը, Պոլսոյ «Ակօս» [...]

May 29th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Կիւլ՝ ՆԱԹՕի Ընդհանուր Քարտուղա՞ր

Կիւլ՝ ՆԱԹՕի Ընդհանուր Քարտուղա՞ր

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէ»չ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի պաշտօնավարութեան աւարտէն ետք չի բացառուիր, որ այդ պաշտօնը թուրք մը ստանձնէ: Ըստ շրջանառութեան մէջ եղող լուրերու՝ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը կրնայ ստանձնել Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ: 1952էն ի վեր, ՆԱԹՕի անդամ Թուրքիան, որ այս տարի այդ կառոյցին իր անդամակցութեան 60ամեակը կը նշէ, [...]

May 29th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Քանի Մը Տողով

Քանի Մը Տողով

- Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր Մայիս 29ին հաստատեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ առողջ են, եւ թէ զանոնք վերադարձնելու ճիգերը ընթացքի մէջ են:
- Մայիս 29ին, վերջին 9 օրերու ընթացքին երկրորդ երկրաշարժ մը ցնցեց հիւսիսային Իտալիան՝ խլելով առնուազն 15 զոհ եւ պատճառելով 200է աւելի վիրաւորներ ու նիւթական վնասներ: Մայիս 20ի ու 29ի երկրաշարժները [...]

May 29th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Հուլայի Ջարդին Պատասխանատուները Բացայայտելու Ջանքեր Եւ Կոչեր

Հուլայի Ջարդին Պատասխանատուները Բացայայտելու Ջանքեր Եւ Կոչեր

ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Երեքշաբթի, Մայիս 29ին, Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ, իր խաղաղութեան ծրագիրին գործադրութեան համար տարուող աշխատանքներուն կողքին քննելով նաեւ անցնող շաբաթավերջին Հոմսի մօտակայ Հուլա գիւղին մէջ տեղի ունեցած ջարդը: Անան «խոր մտահոգութիւն» յայտնած է 108 քաղաքայիններու ջարդին համար, մինչ Դամասկոս [...]

May 29th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Կարսի Կուսակալը Սահմանադուռ Բանալը Կը Կապէ Արցախէն Հայերու Հեռացումին

Կարսի Կուսակալը Սահմանադուռ Բանալը Կը Կապէ Արցախէն  Հայերու Հեռացումին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի հիմնադրութեան 94րդ տարեդարձին առթիւ Կարսի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին կողմէ Երկուշաբթի, Մայիս 28ին կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին, երկու կողմի քաղաքագէտները թափ տուին ազգայնապաշտ իրենց զգացումներուն ու անգամ մը եւս դատապարտեցին Հայաստանը։ Բուռն ելոյթ ունեցողներէն մէկն էր Կարսի կուսակալ Ահմետ Գարան, որ ըսաւ, թէ Կարսի արեւելեան սահմանադուռը պիտի չբացուի, այնքան ատեն, որ «հայերը Ղարաբաղի [...]

May 29th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

«Նորք Մարաշ»ը Սրտի Հարցեր Ունեցող Մանուկները Անվճար Պիտի Վիրահատէ

«Նորք Մարաշ»ը Սրտի Հարցեր Ունեցող Մանուկները Անվճար Պիտի Վիրահատէ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան մասնակցած է քաղաքապետարանի հովանիին տակ գործող «Նորք Մարաշ» բժշկական կեդրոնի եւ «Էն. Ի. Սի. Օ.» (Ազգային աaզգագրական կազմակերպութիւններու համադաշնակցութիւն) միջազգային ընկերութեան միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրութեան։ Յուշագիրի հիման վրայ «Նորք Մարաշ»ի մէջ ընթացք պիտի առնէ բարեսիրական միացեալ ծրագիր մը, որուն  ծիրին մէջ սրտանօթային հարցերէ տառապող երեխաներուն վիրահատական եւ անհրաժեշտ բուժման [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Շուշիի Մէջ Կրթամշակութային Կեդրոնի Բացումը Կը Կատարուի

Շուշիի Մէջ Կրթամշակութային Կեդրոնի Բացումը Կը Կատարուի

ԵՐԵՒԱՆ.- 25 Մայիսին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շուրջ 60 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը՝ գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ,  Շուշիի մէջ հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարեց կրթամշակութային կեդրոնի ուսումնական բաժինին, որ վերակառուցուած է հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի նիւթական յատկացումով։
Արարողութեան ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան, Շուշիի վարչակազմի ղեկավար Քաջիկ Խաչատրեան եւ  պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ, [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Պարոնուհի Քոքս Արցախի Հարցի Շուրջ Քննարկումներ Կ՛ունենայ Երեւանի Մէջ

Պարոնուհի Քոքս Արցախի Հարցի Շուրջ Քննարկումներ Կ՛ունենայ Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան 29 Մայիսին ընդունած է Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ, պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը, որուն հետ, ի շարս այլ հարցերու, խօսած է Լեռնային Ղարաբաղ հակամարտութեան մասին:
Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի լրատուական ծառայութեան համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունած է պարոնուհին եւ բարձր գնահատած տարիներ ի վեր Հայաստանին եւ Արցախին նկատմամբ անոր [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Լրատուամիջոցներու Պետերուն Հանդիպումը

Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Լրատուամիջոցներու Պետերուն Հանդիպումը

ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ նախագահի մշակութային միջազգային համագործակցութեան հարցով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայէլ Շվիտքոյի նախաձեռնոււթեամբ, Երկուշաբթի, Յունիս 4ին, Մոսկուայի մէջ գտնուող ռուսական «Ռոսիսքայա Կազեթա» թերթին կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի զանգուածային լրատուամիջոցներու պետերուն միջեւ հանդիպում մը:
Հանդիպումը մաս կը կազմէ Արցախի հարցով Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու նպատակով տարուող ջանքերուն, որոնց ծիրէն ներս [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Արցախ Պիտի Զուգորդուի Էքս-ան-Փրովանս Քաղաքին Հետ

Արցախ Պիտի Զուգորդուի Էքս-ան-Փրովանս Քաղաքին Հետ

ՓԱՐԻԶ.- Մայիս 31ի յետմիջօրէին, Էքս-ան-Փրովանսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ արարողութիւն մը. քաղաքապետուհի-երեսփոխանուհի Մարիզ Ժուասէն-Մասինի, Սոֆի Ժուասէն, Ալէն Ժուասէն եւ բազմաթիւ այլ ընտրեալներ պիտի ընդունին Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանը, Մարսէյի աւագ հիւպատոս Վարդան Սրմաքէշը եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան՝ Փարիզի ներկայացուցչութեան պատասխանատու Յովհաննէս Գէորգեանը, Էքս-ան-Փրովանս քաղաքը Արցախի քոյր քաղաք հռչակելու հանդիսութեան առթիւ: Երկու կողմերուն միջեւ [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Մատլէն Տալֆոն Կիրալ Կը Պատուըւի

Մատլէն Տալֆոն Կիրալ Կը Պատուըւի

ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Մայիս 11ին, Լաւալի մէջ կայացած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեան, «Spirit of Armenia» շքանշանով պատուեց Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ Մատլէն Տալֆոն Կիրալը, որ տարիներու ընթացքին եղած է հայութեան բարեկամ եւ Հայ Դատի ջերմ պաշտպան: 2004ի Ապրիլ 21ին, Կիրալ Գանատայի խորհրդարանի նիստին ներկայացուց Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող «M-380» բանաձեւը, որ [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայկական Խաչքարի Բացման Արարողութիւն Իտալիոյ Մէջ

Հայկական Խաչքարի Բացման Արարողութիւն Իտալիոյ Մէջ

9 Մայիսին Իտալիոյ Պաւիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական խաչքարի բացման արարողութիւն: Խաչքարը նուիրուած էր Գիւմրիի քաղաքապետարանին կողմէ:
Պաւիայի քաղաքապետ Ա. Կատտանիօ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի բացառիկ պատմութեան ու մշակոյթին՝ նշելով, որ Պաւիան հարստացաւ տեղադրումովը հայկական խաչքարին, որ շօշափելի յաւելում է քաղաքի պատմամշակութային ժառանգութեան:
Իր կարգին Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան հաստատեց, որ Պաւիայի գրադարանը արժէքաւոր [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինը

Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինը

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հրաւէրով, Չորեքշաբթի, Մաիս 23ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ պատրիարք Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. հոգեւոր տիրոջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, 100ամեակի միջմշակութային եւ 100ամեակի միջերիտասարդական մարմիններուն միջեւ հանդիպում-ընդունելութիւն մը:
Հոգեւոր տէրը բարձր գնահատեց 100ամեակի մարմիններուն տարած աշխատանքները՝ յատկապէս շեշտելով անոնց համագաղութային բնոյթը եւ տարեսկիզբէն մինչեւ Ապրիլ 24 երկարած ձեռնարկներու շարքը:
Իրենց կարգին, [...]

May 29th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Համբարձման Տօնը Հոլիվուտի Սուրբ Յովաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ

Համբարձման Տօնը Հոլիվուտի Սուրբ Յովաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Քրիստոսի Համբարձման տօնին օրը՝ Հինգշաբթի, Մայիս 17ի առաւօտուն, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճելըսի շրջանի հոգեւոր հովիւներու, Հոլիվուտի Սուրբ Յովաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան: Ս. սեղանին սպասարկեցին սարկաւագները, իսկ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց Կլենտէյլի Ս. Պետրոս [...]

May 29th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

ՀՕՄի «Մայր» Մասնաճիւղը Նշեց Մայրերու Օրը

ՀՕՄի «Մայր» Մասնաճիւղը Նշեց Մայրերու Օրը

Դարձեալ Մայիս ամիսն ենք՝ վարդերու ամիսը: Գարունը զուարթութիւն եւ կեանք կու տայ մարդուն. կեանք կու տայ նաեւ բոյսերուն եւ թռչուններուն: Իսկ մայրական սէրը՝ գարուն, ամառ, աշուն թէ ձմեռ չի ճանչնար. այդ սէրը անթառամ է:
Գարնան գեղեցկագոյն ամսուան հետ իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ կը ծաղկի մայրական սէրը: Տարին անգամ մը կու գանք խոնարհելու մայրութեան գաղափարին առջեւ, մեր յարգանքն [...]

May 29th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Բանակի Հրաձգային Զէնքերը

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Բանակի Հրաձգային Զէնքերը

ԱՐԾՐՈՒՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Ռազմական փորձագէտ
Հրաձիգ զինուորի հիմնական զէնքն է եղել ռուսական երեքգծանի՝ 7,62 մմ-ոց «Մոսին-Նական» հրացանը, որն արձակում էր 7,6254 R մմ-ոց փամփուշտներ (ռուսական «գիծը» հաւասար է անգլիական դիւմի մէկ տասներորդին՝ 2,54 մմ, ուստի երեք գիծը հաւասար է 7,62 մմ-ի): Կային նաեւ գերմանական «Mauser 98» (7.9257 մմ-ոց փամփուշտներ) եւ ֆրանսիական «Lebel» (850 R մմ-ոց փամփուշտներ) հրացաններ: Չի [...]

May 29th, 2012

| Posted in Յօդուածներ | Read More »