Home » June 4th, 2012Entries posted on “June 4th, 2012”
ԹԵՀՐԱՆ.- Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի, սուրիական տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը քննադատելով՝ ըսած է. «Ամերիկացիները, իսրայէլացիները եւ որոշ արաբական երկիրներ, մասնաւորաբար Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը, Թուրքիոյ պատուիրած են՝ իրենց նպատակներուն հասնելու համար Պաշշար Ասատի կառավարութեան յեղաշրջումը կազմակերպել»:
Ան աւելցուցած է, որ Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան [...]
June 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Կիրակի, Յունուար 3ին նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստի բացման ընթացքին խօսք մը արտասանեց՝ յայտնելով, որ բարեփոխումներ կատարելով կարելի պիտի ըլլայ «մեր դէմ կատարուող յարձակումները ետ մղել»: Ան ըսաւ, որ քաղաքական հոլովոյթը յառաջ կ՛ընթանայ, սակայն ահաբեկչութիւնը կը շարունակուի, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը բարեփոխումով եւ երկխօսութեամբ չէ հետաքրքրուած: «Մենք քաղաքական հարց չենք դիմագրաւեր, այլ՝ [...]
June 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱՏՐԻՏ.- Նոպէլեան մրցանակի տիրացած թուրք գրող Օրհան Փամուք, սպանական «Փայիս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով քրտական հարցին՝ յայտնած է. «Թուրքիոյ գլխուն քրտական հարցը կախուեր է եւ կառավարութիւնը կը մտածէ, թէ այդ հարցը հանդուրժողական եւ փափուկ կերպով ինչպէ՞ս կարելի է լուծել. սակայն հին գործելաոճերուն կը դիմէ»:
Փամուք նշած է, որ «Անատոլուէն եկող եւ իշխող Արդարութիւն եւ [...]
June 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին մէջ, երկիրի ռազմական արդիւնաբերութեան նախարար Եաւեր Ճամալովի որդին, ուսանողներուն առջեւ ծեծած է դասախօս մը, որովհետեւ վերջինս դասարանէն դուրս դրած էր ուսանողուհի մը, որ անտեսած էր ծամոն չծամելու իր պահանջը: Ուսանողուհին հայհոյելով դասախօսը՝ դուրս եկած է լսարանէն եւ զանգահարած իր փեսացուին, որ վերոյիշեալ Ճամալովի որդին է: Նախարարի որդին [...]
June 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթավերջին Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ հրացանաձգութիւնը, արձակազինութիւնն ու հրթիռարձակումը շարունակուեցան՝ պատճառելով 15 զոհեր եւ վիրաւորելով աւելի քան 60 ուրիշներ:
Կիրակի կէսօրին, զինեալ միջադէպերը համեմատաբար նուազեցան եւ շրջանին մէջ տիրեց զգուշաւոր հանդարտութիւն մը, որուն ընթացքին լիբանանեան բանակը սկսաւ տեղակայուելու ճակատող կողմերուն միջեւ:
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն շեշտեց, որ Թրիփոլիի ապահովութիւնը երաշխաւորելու նպատակով [...]
June 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Հարիւրաւոր եգիպտացի ցուցարարներ Կիրակի, Յունիս 3ին դարձեալ հաւաքուեցան Գահիրէի «Թահրիր» հրապարակին վրայ՝ այս անգամ բողոքելու համար Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հոսնի Մուպարաքի դէմ արձակուած ցկեանս բանտարկութեան վճիռին դէմ, որ Եգիպտոսի տարածքին ժողովրդային զայրոյթ յառաջացուց: Անոնցմէ շատեր կը բացագանչէին «անկցի զինուորական իշխանութիւնը»: Ցոյցերուն ընթացքին աւելի քան հարիւր վիրաւորներ արձանագրուեցան: Շաբաթ օր նախկին նախագահին եւ անոր ապահովական [...]
June 4th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 3 Յունիսին Երեւանի Թէքէեան կեդրոնին մէջ եզրափակուած է ՀՌԱԿ եւ Արմէնական-ՌԱԿ կուսակցութիւններու միացեալ, միաւորիչ Հիմնադիր պատգամաւորական ժողովը:
ՌԱԿ (Հայաստան) Հանրապետական վարչութեան համաձայն, Պատգամաւորական ժողովին ընթացքին տրուած են հետեւեալ որոշումները.
«1. Երկու կուսակցութիւններու ՀՌԱԿ եւ Արմէնական-ՌԱԿ միաւորման մասին՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն (Հայաստան) անուամբ նորաստեղծ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը (Հայաստան) այսուհետեւ դառնալու է ՀՌԱԿի եւ Արմէնական-ՌԱԿի իրաւայաջորդը.
«2. Միաւորուած [...]
June 4th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ժառանգութիւն կուսակցութեան նորընտիր վարչութեան նիստին ընթացքին կուսակցութեան վարչութեան նախագահ ընտրուած է Րաֆֆի Յովհաննիսեան: Վարչութեան փոխնախագահ ընտրուած է Արմէն Մարտիրոսեան՝ հանրային քաղաքականութեան պատասխանատուութեամբ, իսկ Ստեփան Սաֆարեան ընտրուած է գլխաւոր քարտուղար՝ միջազգային յարաբերութիւններու ծիրին մէջ պատասխանատուութեամբ:
Վարչութիւնը որոշած է «Ժառանգութեան» խորհրդարանական խմբակցութիւնը լիազօրել՝ վերսկսելու աշխատանքները Ազգային Ժողովին մէջ՝ Ռուբէն Յակոբեան խմբակցութեան ղեկավար եւ Զարուհի Փոստանջեան քարտուղար [...]
June 4th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Գեղեցկագիտական վիրաբոյժ Գրիգոր Խաչատրեան Երեւանի մէջ հիմնադրած է վիրաբուժութեան նոր կեդրոն: Անիկա հայ-գերմանական կեդրոն է, որ պիտի կատարէ գեղեցկագիտական վիրաբուժութիւն։
Բացման արարողութեան ընթացքին տոքթ. Խաչիկեան ներկաներուն ցոյց տուած է կեդրոնը եւ բացատրած անոր աշխատանքներուն մասին։ 30 տարի շարունակ բժշկական գործիքներով աշխատած գեղեցկագիտութեան վիրաբոյժը դիտել տուած է, որ ինք բժշկութենէն պիտի չհեռանայ։
«Կեդրոնը զբաղուելու է փոքր վիրահատութիւններով, այսպէս [...]
June 4th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Սփոր»չ.- 3 Յունիսին «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Ֆութպոլի ազգային ֆետերանիոնի ֆութպոլային շարժման անդամները «Արազի ափին» երգով դիմաւորեցին Հայաստանի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստ Արաս Օզպիլիսը: Ան Հայաստան հասաւ ծնողներու հետ, որոնք խորապէս ազդուեցան՝ տեսնելով, թէ իրենց զաւակը որքան ջերմութեամբ կը դիմաւորուի հայ մարզասէրներուն կողմէ։ Արասի ծնողները երկրպագուներուն հետ հայերէն խօսեցան, իսկ Արաս լուսանկարուեցաւ բոլոր փափաքողներուն հետ։
Ասիկա երկրորդ [...]
June 4th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան վարիչ մարմինի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Մայիս 19ին, 8 ուխտերէ եկած 200 պատանիներ հաւաքուեցան Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգ. վարժարանը, ուր տեղի ունեցաւ Ողիմպիական խաղեր, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ:
Պատանիները օրուան բացումը կատարեցին «Մեր Հայրենիք» քայլերգով, ապա կողովագնդակի (Basketball), ոտնագնդակի (Soccer), եւ ձեռնագնդակի (Volleyball) մրցումները սկսան:
Պատանեկան խանդավառութեան եւ սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ տեղի [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) Հայ երաժշտութեան բարեկամներու վարչութիւնը արդէն իսկ նախապատրաստական աշխատանքներու մէջ է՝ կազմակերպելու համար իւրայատուկ համերգ մը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունիս 24ին, կ.ե. ժամը 3ին, Լոս Անճելըսի «Զիփըր» սրահին մէջ (200 S. Grand Ave.):
Համերգին պիտի մասնակցին համալսարանի «Թորնթըն» երաժշտանոցի այն շրջանաւարտները, որոնք կրթանպաստներ ստացած են Հայ երաժշտութեան բարեկամներէն:
Համերգին մասնակցող [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին նուիրուած ոգեկոչման ծրագիրներու մասնակցելով եւ համայնքային հանդիպում մը կազմակերպելով՝ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրը անգամ մը եւս շեշտեց Ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը:
Արդարեւ, Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի ներկայացուցիչ Շանթ Յակոբեան ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ռիվըրսայտի մասնաճիւղի ուսանողներուն առջեւ, իսկ Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրի Հարաւային Քալիֆորնիոյ պատասխանատու Սիւզեն Տուզմանեան ելոյթներ ունեցաւ Փասատինայի ՀՕՄի ու «Վարդանանց Ասպետներ»ու [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Կիրակի, Յունիս 10ին, կ.ե. ժամը 1ին, տոքթ. Մարտիրոս Միհրանեան հիւր դասախօսը պիտի ըլլայ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, որ կը գտնուի 6252 Honolulu Ave. La Crescenta հասցէին, դասախօսելու «Առողջութիւնն ու սննդագիտութիւնը Աստուածաշունչին մէջ» նիւթին մասին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահէն ներս:
Տոքթ. Միհրանեան պիտի քննարկէ սննունդի դերը՝ առողջութեան պահպանման եւ [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԻԼՎԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ*
Սիէթըլի Հայ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ, Շաբաթ, Մայիս 19ի երեկոյեան ժամը 7ին, Պելվիու քաղաքի «Նորթուես»չ արուեստի կեդրոնիa սրահում տեղի ունեցաւ «Իրանահայ երեկոյ» ձեռնարկը՝ աւելի քան 100 մասնակիցներով: Այդ ուղղութեամբ կեանքի էր կոչուել յանձնախումբ՝ մի խումբ իրանահայերի մասնակցութեամբ: Ձեռնարկի սրահը զարդարուած էր Իրանում գտնուող հայկական եկեղեցիների նկարներով, հայկական տպագրուած գրքերով ու թերթերով, ինչպէս նաեւ՝ տարբեր իրանական [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ռաճըր Գուբելեան՝ «East of Byzantium» անուան տակ ծանօթ Վարդանանց հերոսապատումի շարժապատկերի յղացքին հեղինակը, ու Ալինա Խանճեան՝ նոյն նախագիծին հանդերձանքը յղացող նորաձեւութեան մասնագէտ անոր կողակիցը, վերջերս պատուոյ հիւրն էին Սպանիոյ Լաս Փալմաս կղզիին մէջ կայացող «Անիմայօ 2012» շարժապատկերի փառատօնին, ուր ներկայացուցին կազմաւորման փուլը վաղուց թեւակոխած հայոց պատմութեան հերոսական դրուագը։
Շարժապատկերի նոյն փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գրողի Անկիւն, Սիւնակներ | Read More »
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ գտնուող փոքր Նեմրութ լերան (Մեծ Նեմրութը կը գտնուի Վանայ լիճի արեւմտեան կողմը, բարձրութիւնը՝ 3050 մ.) վրայ գտնուող հայ հեթանոսական աստուածներու յուշարձաններու խումբը կը գրաւէ Թուրքիա այցելող զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութիւնը։ Սակայն թէ՛ ցուցանակներուն վրայ, թէ՛ զբօսաշրջիկներուն ընկերակցող առաջնորդներուն պատմածներուն ընթացքին ամբողջովին կը բացակայի «հայ» անունը՝ շեշտը դնելով միայն յունական աստուածներու անուններուն վրայ:
Հայկական Երուանդունիներու թագաւորութեան [...]
June 4th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Երեւանի մէջ, ԱՄՆի արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ուժ չկիրառելու կոչով դիմելով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ ոչ մէկ ձեւով նպաստած եղաւ սահմանի վրայ ստեղծուած պայթուցիկ վիճակի մեղմացման:
Շրջան կատարած իր այցելութեան դէմ իսկ ուղղուած՝ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրի մը ներկայացուցիչի իր վարկը զգետնող ատրպէյճանական այս սադրիչ յարձակումին առթիւ նման անհեթեթ կոչով մը [...]
June 4th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Յունիս 4ի գիշերը, ատրպէյճանական կողմը յարձակում իրականացուցած է Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղի սահմանային յենակէտերուն վրայ:
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն՝ զոհերուն թիւը երեք է, իսկ վիրաւորներունը՝ վեց. անոնք տեղափոխուած են Երեւան. անոնց կեանքը փրկելու համար կը գործադրուին բոլոր հնարաւորութիւնները եւ ըստ հաղորդութեան՝ անոնց կեանքին ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ:
«Ս.թ. [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 4 Յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը: Ողջունելով հիւրը՝ Հանրապետութեան ղեկավարը անդրադարձած է երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 20 տարուան անկեղծ յարաբերութիւններուն, որոնք պատճառ դարձած են նաեւ ժողովուրդներուն միջեւ կապերու հաստատման։ «Ուրախ եմ, որ այսօր մենք կարող ենք խօսել այն մասին, որ [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ, «Ախալցխա. նեթ».- Ջաւախքի հարիւրաւոր բնակիչներ նամակով դիմած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին՝ անոր կատարելիք տարածաշրջանային այցելութենէն առաջ: «Երկիր» միութեան համաձայն, նամակին տակ ստորագրած են Ջաւախքի աւելի քան 1650 բնակիչներ, որոնք բարձրացուցած են ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ, քաղաքական բանտարկեալ Վահագն Չախալեանի արդարացման ու ազատ արձակման հարցը:
Նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Վրաստանի Հանրապետութեան ջաւախքահայ ազգային, հասարակական-քաղաքական [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՇԻՔԱԿՕ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու քաղցկեղի մասնագէտներուն՝ Շաբաթ, Յունիս 2ին ներկայացուցած ուսումնասիրութիւններէն մէկը կատարուած է «Ճանս Հափքինզ»ի քաղցկեղի «Քիմըլ» կեդրոնի մասնագէտներէն տոքթ. Սիւզեն Թոփալեանի գլխաւորութեամբ:
Թոփալեանի գլխաւորած խմբակին մէջտեղ բերած «BMS-936558» անունով փորձառական դեղը, «Պրիսթըլ Մէյըր Սքիւպ» ընկերութեան հետ համագործակցութեամբ՝ աւելի քան երկու տարիներու ընթացքին փորձուած է տարբեր տեսակի քաղցկեղներէ տառապող հիւանդներու վրայ եւ ի յայտ եկած [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլաեւ Երկուշաբթի, Յունիս 4ին, յայտարարեց, թէ Եւրոմիութեան կողմէ «ամենամեծ քաղաքական արիութիւնը» պիտի դառնայ Հայաստանի դատապարտումը՝ իբրեւ «բռնագրաւող երկիր»:
Մեկնաբանելով Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ յանձնակատար Ֆիլիփ Լեֆորի վերջին այցելութեան արդիւնքները՝ Ապտուլլաեւ կրկնեց, թէ «բռնագրաւեալ տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռացումը» պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան պայմաններու ստեղծման:
Ան աւելցուց, [...]
June 4th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Նոր Հայաստանը Քաղաքացիական Եւ Սահմանադրական Իրաւական Պետութիւնն Է
Մեր զրուցակիցն է Մարդու իրաւունքների եւ ժողովրդավարութեան ինստիտուտ (ՄԻԺԻ) Հասարակական Կազմակերպութեան (ՀԿ) հիմնադիր, քաղաքագէտ, իրաւաբան Արմինէ Առաքէլեանը
ՍԻՐԱՆՈՅՇ ՊԱՊԵԱՆ.- Արմինէ, վերջին օրերին քաղաքական դաշտում իրադարձութիւնները զարգացան քիչ կանխատեսելի սցենարով (ընթացքով, բեմագրութեամբ-Խմբ.), շատերը նշում են, որ քաղաքացիական դաշտն էլ որոշակիօրէն պասիւացել (կրաւորական դարձած է-Խմբ.) է:
ԱՐՄԻՆԷ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Կարծում եմ՝ այս ամէնն [...]
June 4th, 2012
| Posted in Հարցազրոյց, Յօդուածներ | Read More »
Մայր հայրենիք՝ սիրում եմ քեզ,
Մօրը սիրող զաւակի պէս,
Քո յաւերժի ջահն եմ վառում,
Հաւատաւոր ուխտեալի պէս:
***
Շղթայի մէջ ժամանակի,
Ինչպէ՞ս բուժեմ վէրքն իմ բախտի,
Օտար հողում լքուած անտէր,
Երերում է ճամբաս յոյսի:
***
Ամէն մարդ ունի
Իղձ ու ցանկութիւն,
Ո՛չ բոլորն ունեն,
Խանդավառութիւն:
***
Առանց քո սիրոյ՝ գիտցի՛ր սիրելիս,
Հնչիւնն է հալւում ուրախ երգերիս,
Հոգուս երկնքից թախիծն է ծորում,
Լիճն է չորանում՝ իմ վառ յոյսերիս:
***
Թէկուզ եւ դողամ՝ ահով իմ բախտի,
Մահն անգամ [...]
June 4th, 2012
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Գոյութիւն ունի
Մտածողութեան երկու ուղղութիւն՝
Անապակ մտքի ողջախոհութիւն
Եւ պարտադրուած կեղծախոհութիւն:
Մինչեւ կոյր մտքի՝
Խաբեբայութեան ծրագրաւորուած
Ծնունդ առնելը-հիմնադրուելը,
Չկար կեղծութիւն, կեղծախոհութիւն:
Գոյութիւն ունէր.
Աներկմտօրէն անապակ մտքի,
Միանշանակ առողջ ուղղութիւն,
Սեփական գլխին տէր ու տիրական
Միտքը զարգացնող՝
ԲՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ մակընթացութիւն ՝
Խոնարհ խոհութիւն՝ ողջախոհութիւն:
Իսկ հիմա արդէն գոյութիւն ունի
Կեղծ-երկմտանի մտածողութեան՝
Ճշմարիտի հետ ճիշտը խաղալով,
Կեղծախոհի հետ անկեղծ մնալով
«նորաստեղծ» եւ հին մի «նոր» ուղղութիւն՝
Կեղծ՝ շեղուած մտքի լկտի խոհութիւն՝
Կեղծախոհութիւն՝ փչացողութիւն,
Ողջախոհութեան միտքը կուրացնող,
Մարդուն թմրացնող
ԲՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ տեղատուութիւն:
Միտքը [...]
June 4th, 2012
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
փորձում էր ամօթխածութիւնս:
հարցրեց.
- Ի՞նչ կ՛անես եթէ յանկարծ
յայտնուեմ առջեւդ մերկ…
ասացի.
- Աչքերս կը խփեմ,
որ չամաչես…
այնքան հաւանեց՝
որ հանուեց:
երբէք այդքան հեշտ
չէր պատահել:
ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ
June 4th, 2012
| Posted in Մշակոյթ | Read More »