Home » June 5th, 2012Entries posted on “June 5th, 2012”
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Մարքեթ Ուա»չ կը հաղորդէ, որ միլիառատէր Ճորճ Սորոս եուրոյի շուրջ իր հերթական նախատեսութիւնները կատարած է: Ան իտալական Թրենթօ քաղաքին տնտեսական հաւաքին յայտնած է, որ Եւրոպան եուրօն փրկելու համար երեք ամիս ժամանակ ունի: Ըստ Սորոսի՝ Յունաստանի մէջ ճգնաժամը իր գագաթնակէտին պիտի հասնի այս աշնան, իսկ Յունիս 17ին խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթական դուրս պիտի գան վարկատուներու [...]
June 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Սուրիացի ընդդիմադիրներու մէկ բանբերը Յունիս 5ին «Նաշրա» կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին մերժած է առեւանգուած լիբանանցիները լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնել՝ աւելցնելով, որ առեւանգող կողմը յարմար պահու մը կը սպասէ՝ անոնց ազատ արձակման բանակցութիւնները շարունակելու համար: Ան շեշտած է, որ առեւանգուած լիբանանցիները ողջ եւ առողջ են:
- Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները Յունիս 8ին [...]
June 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին Ռիչըրտ Մորնինկսթարը նշանակելու հարցը պիտի սկսի քննելու Յունիս 13ին. այս մասին հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը թափուր է այս տարուան Յունուար 3էն ի վեր. Ծերակոյտը, հայկական ջանքերուն շնորհիւ, արգիլեց ատրպէյճանամէտ դեսպան Մեթիու Պրայզայի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:
June 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը փորձեն մասնակի քայլերով այն տպաւորութիւնը ձգել, թէ իրենց երկիրը զարգացած եւ յառաջադէմ է: Այս ծիրէն ներս, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Ատրպէյճան այցելութեան նախօրեակին, Ատրպէյճան ազատ արձակած է բանտարկուած ընդդիմադիր գործիչ Պախթիար Հաճիեւը, որ դատապարտուած էր երկու տարուան բանտարկութեան: Ըստ ընդդիմութեան՝ երիտասարդ գործիչը ձերբակալուած էր իր քաղաքական հայեացքներուն [...]
June 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ զեղծարարութեանց վրայ աննախադէպ ապօրինութիւն մը եւս աւելցած է վերջերս, երբ Արցախի սահմանակից շրջաններու դպրոցներուն տնօրէնները սկսած են աշակերտներ «վաճառել»ու իրարու: Ըստ ատրպէյճանական «tia.az»ին՝ 20 մանաթով աշակերտներ կը վաճառուին շրջանի այն դպրոցներու տնօրէններուն, որոնց վարժարաններուն մէջ բաւարար աշակերտ չկայ: Այդ դպրոցներուն տնօրէնները աշակերտները կը գնեն, որպէսզի դպրոցը չփակուի՝ անհրաժեշտ թուաքանակով աշակերտ չունենալու [...]
June 5th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արաքս գետին վրայ կառուցուելիք «Մեղրի» ջրելեկտրակայանի շինարարութեան հիմնարկէքը տեղի պիտի ունենայ այս տարուան 22 Օգոստոսին, Մեղրիի մէջ: Շինարարութիւնը պիտի աւարտի 5 տարուան ընթացքին, որմէ ետք 15 տարուան համար «Մեղրի» ջրելեկտրակայանի արտադրած ելեկտրականութիւնը պիտի տրամադրուի Իրանին՝ ներդրողին կողմէ կառուցուող 230 քիլօուաթ լարման ելեկտրական գիծով։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցուեցան Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան կողմէ: [...]
June 5th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 5ին պաշտօնական այցով հասած է Ճափոն եւ Սենտայ քաղաքին մէջ այցելած է «Եուրիակէ-Հիյորիյամա» յուշահամալիրը՝ յարգանքի տուրք մատուցելով 2011ին Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած աղիտալի երկրաշարժին եւ ցունամիին հետեւանքով զոհուածներու յիշատակին:
Ըստ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ Սերժ Սարգսեան ծանօթացած է աղէտին հետեւանքները վերացնելու ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, ապա այցելած [...]
June 5th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 4 Յունիսին սկսած է «ՈՒԶԷՅՏ»ի նիւթական ներդրումով եւ Եւրասիայ համագործակցութեան հիմնադրամի ու Երեւանի մամուլի ակումբի կողմէ կազմակերպուած «Լրատուամիջոցներուն դերը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ» նիւթով կլոր սեղանը:
Քննարկման ընթացքին նախ ելոյթ ունեցած են Երեւանի մամուլի ակումբի փորձագէտ Միքայէլ Զոլեան, Եւրասիայ համագործակցութեան հիմնադրամի նախագահ Գէորգ Տէր Գաբրիէլեան եւ Պոլսոյ մշակոյթի համալսարանին կից Համաշխարհային քաղաքական զարգացումներու կեդրոնի ղեկավար [...]
June 5th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- 5 Յունիսին պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան հասած է Ղազախստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Ատիլպեք Ճաքսիպեքովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ կայացած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք տեղի ունեցած է Ղազախստանի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպումը՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավար կազմին հետ։ Հանդիպման ընթացքին նախարար Սէյրան Օհանեան նախարար Ատիլպեք Ճաքսիպեքովը պարգեւատրած է «Հայաստանի [...]
June 5th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ելեւմտական շուկան կը շարունակուի ցնցուիլ տոլարի դիմաց դրամի պարզած անկանխատեսելի թիւերուն պատճառով։ Արդարեւ, 5 Յունիսին սակարանին մէջ դրամի փոխարժէքը անգամ մը եւս անկում արձանագրած է։ Ամերիկեան տոլարը սղած է 1.3ով (0.56 տոկոսով)՝ հասնելով 411.03 դրամի: 28 Յուլիս 2006էն ի վեր այս փոխարժէքը բարձրագոյնն է։
Դատելով սակարանային առեւտուրի ծաւալներէն՝ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը փոխարժէքին գծով [...]
June 5th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
1974ին հիմնուած Հայ բժշկական միջազգային յանձնախումբի պատմութեան մէջ, 2012ը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ՝ նկատի ունենալով այդ տարուան ընթացքին յանձնախումբը վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու համար տարուած ջանքերը, որոնց գլխաւոր նպատակն էր առողջապահական մարզի մէջ աշխատող հայերու միջեւ համաշխարհային գործակցութիւնը սերտացնել:
Արդարեւ, Ապրիլին տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին, Հայ բժշկական միջազգային յանձնախումբին մաս կազմող եւ աշխարհի չորս կողմը գործող կազմակերպութիւններու [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, Մայիս 19ի առաւօտեան, առաջնորդարանին մէջ, Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ ատենապետութեամբ Արմէն Համբարի, գումարուեցաւ թեմական խորհուրդի նորընտիր կազմի անդրանիկ ժողովը, որուն ընթացքին կատարուեցան պաշտօններու ընտրութիւններ:
Խորհուրդի նախագան է առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ատենապետը՝ Արմէն Համբար, փոխատենապետը՝ Ռապըրթ Պարսամ, գանձապահը՝ Եուրի Յակոբեան, իսկ ատենադպրուհին՝ Սիւզի Գրիգորեանց:
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի հանրային վարժարաններու համակարգի երկրորդ ընտրամասի 9րդէն 12 կարգերու աշակերտներուն նուիրուած՝ հանրային վարժարաններու հայ աշակերտներու դպրոցական կեանքին հետեւող Ազգ. առաջնորդարանի CASPS յանձնախումբին կազմակերպած հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունիս 6ին, երեկոյեան ժամը 5։30ին, «Կրեն»չ երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ։
Ձեռնարկը կը վայելէ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը:
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայկ Քոչարեանի «Children՛s Album»ը արդէն իսկ հրապարակի վրայ է եւ տրամադրելի է «I Tunes»էն եւ «Ամազոն»էն:
Երգերու այս հաւաքածոն Հայկի երրորդ անհատական գործն է եւ արտադրուած է Քրիսթինա Քուրթինի հետ համագործակցութեամբ: Երգերը կատակախառն քննարկումներ են ինքզին եւ զինք շրջապատող իրականութիւնները ճանչնալու արուեստագէտի փորձերուն եւ ձախողութեանց:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել http://mim.io/fe46a2?fe=1&pact=9611402237 կայքէջը:
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, ծխական խորհուրդն ու շինութեան յանձնախումբը, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի վերահսկողութեամբ արդէն իսկ պատրաստած են հայկական ոճով նոր եկեղեցւոյ կառուցման ճարտարապետական աշխատանքը:
Ի նպաստ եկեղեցւոյ կառուցման, Կիրակի, Յունիս 10ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցւոյ «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի պիտի [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Նկատի առած, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 2012 տարին հռչակած է Հայ գիրքի տարի, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, Հայ գիրքի տարուան նուիրուած դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Տիգրանեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի:
Դասախօսն էր՝ «Ֆերահեան» վարժարանի հայերէն լեզուի դասատու Արա Գազանճեան, որ ներկայացուց հայ գիրքի արժէքը մեր ազգային ու մշակութային կեանքէն [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Մշակոյթ, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Սուրիական տագնապի ամէնօրեայ արհաւիրքը ապրող միջին արեւելքցին ընդհանրապէս, եւ սփիւռքահայը՝ յատկապէս, չի կրնար անտարբեր մնալ սուրիահայ գաղութի ներկայ վիճակին դիմաց կամ անոր սպառնացող անորոշ ապագայով:
Օգտուելով Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի շրջանս այցելութենէն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համախմբումը կազմակերպած է գաղութիս հետ հանդիպման երեկոյ մը՝ նիւթ ունենալով «Սուրիահայ գաղութին [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրանդ Տինքի հիմնադրամի, Կալաթայի լուսանկարչատան, Free Press Unlimited-ի եւ Գիւմրիի երիտասարդական նախաձեռնութիւններու կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Պոլսոյ մէջ բացուած է հայ-թրքական սահմանին վերաբերեալ՝ «Սպասումէն վեր… Պատմութիւններ Թուրքիա-Հայաստան սահմանէն» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը:
Ըստ թրքական «Միլլիէ»չ թերթին՝ Կալաթայի լուսանկարչատան մէջ մինչեւ Յունիս 30 տեւող ցուցահանդէսի ընթացքին պիտի ներկայացուին Պոլսոյ մէջ Հոլանտայի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատան աջակցութեամբ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Դամասկոսի հայութիւնը Հինգշաբթի, 31 Մայիսին, վերջին հրաժեշտը տուաւ սուրիական բանակին մէջ ծառայող Լեւոն Գույումճեանին, որ 29 Մայիսին նահատակուած էր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ գտնուող Աթարեպ շրջանին մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Դամասկոսի Հայց. առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Նշենք, որ 1992ին Դամասկոսի մէջ ծնած Լեւոն Գույումճեանը, սուրիական տագնապին ընթացքին արձանագրուած 4րդ հայ զոհն է: Փետրուարին այլ հայ զինծառայող մը՝ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Շարժապատկերի բեմադրիչ Արսէն Յակոբեանի նոր՝ «Արարատից Եւրոպա» ֆիլմը, կը պատմէ Վերածնունդի ժամանակաշրջանի մեծն Լէօնարտօ տա Վինչիի Կիլիկիա, մասնաւորապէս՝ Տաւրոսի լեռներ կատարած ճանապարհորդութեան մասին:
Ըստ «Քոտեքս Աթլանթիքուս»ի (Codex Atlanticus), որ կը պահուի Միլանի գրադարաններէն մէկուն մէջ, 1480ականներուն տա Վինչի որոշ ժամանակով այցելած է Կիլիկիա, ուր դարձած է Երզնկայի երկրաշարժի ականատեսը:
Կ՛ըսուի, թէ տա Վինչի այնտեղ գացած [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 1 Յունիսին տեղի ունեցաւ Ազունիէի Հայ Ազգային բուժարանի գլխաւոր շէնքի մուտքի բաժինին եւ սրահին բացումը: Բարերար Բիւզանդ Գէորգեան սրահին եւ յարակից բաժիններու շինութեան ծախսերու նուիրատուութիւնը կատարած էր:
Հանդիսութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս բարերար Բիւզանդ Գէորգեանը պարգեւատրեց «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Աւետիս Ալեքսանեանի 53 տարի առաջ հիմնած «Աշխարհ» թերթը, Մայիս 26ի իր թիւով կը հաղորդէ, թէ իր վերջին թիւը լոյս պիտի տեսնէ Յունիս 16ին: Քանի մը տողով կը բացատրուի, թէ թերթը մեծ դժուարութիւններու դէմ յանդիման էր, ու փորձուած է ամէն միջոց՝ յաղթահարելու համար զանոնք, բայց կարելի չէ եղած խուսափիլ այս դժբախտ աւարտէն:
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, 2 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 10էն կ.ե. ժամը 1, Ժտէյտէի հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի «Լ. Շան»չ եւ «Ժ. եւ Ց. Խաչատուրեան» մշակութային կեդրոններու աշակերտներու աւանդութեան վերածուած տարեկան բացօթեայ դասընթացքը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 80 աշակերտներու, որոնց կ՛ընկերակցէին դպրոցի ուսուցիչները:
Աշակերտները երեք ժամերու ընթացքին նկարագրեցին բնութիւնը՝ այնպէս, ինչպէս իրենք կը տեսնեն եւ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտոսի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան հանդիպում ունեցած է Ազհարի շէյխ Ահմետ Ալ Թայէպի հետ, Երկուշաբթի, 28 Մայիսին:
Երկու կղերականները քննարկած են եգիպտական նախագահական ընտրութիւնները եւ ներկայ իրավիճակը՝ արաբական երկիրներուն մէջ:
Սրբազան հայրը խնդրած է Ազհարի շէյխէն վերահաստատել յարաբերութիւնները Վատիկանի հետ, իսլամ-քրիստոնեայ մերձեցումը խորացնելու նպատակով: Առաջնորդ Գուսան շէյխին յանձնած է նուէր մը՝ ի [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԵԱՆ
«Ասպարէզ» օրաթերթի Մայիսի 21ի համարում կարդացի Յակոբ Կիւլիւճեանի խօսքը, որը, ինչպէս նշել էր թերթը, նա արտասանել էր ի պատիւ Գրիգոր Պըլտեանի կազմակերպուած հանդիսութեան ընթացքում:
«Կը պատուենք այսօր Գրիգոր Պըլտեանը, զոր անձնապէս կը նկատեմ մեր ժամանակներու հայ գրականութեան կարեւորագոյն հեղինակը», իր խօսքը այսպէս էր սկսել Յակոբ Կիւլիւճեանը: Յարգելով հանդերձ դրսեւորուող բոլոր անձնական նկատառումներն ու տեսակէտները, ցանկանում [...]
June 5th, 2012
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»
«Այսօր (Մայիս 28, անկախութեան տարեդարձ-Խմբ.) տօն է, եւ առաջին լուրը բօթ է՝ քանդում են Փակ շուկան», երէկ «Ֆէյսբուքը» հեղեղուած էր այսպիսի գոյժերով: Բոլորը SOS էին հնչեցնում, պայքարի կոչեր անում, դատապարտում իշխանութիւններին եւ քարկոծում քանդողներին: Մեր՝ երեւանցիներիս նեարդն (ջիղը-Խմբ.) այլեւս բաց է: Մենք մեր սիրելի քաղաքում այլեւս չենք ուզում հանդուրժել ոչ մի շինարարութիւն: Մեր տառապանքը փորձ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Արցախեան ազատամարտի հերոս, զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան՝ Քոմանտոս, նկատել տուած է, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ կան պաշտպանական թոյլ օղակներ, որոնք անպայման պէտք է ուսումնասիրուին եւ վերցուին։
Անդրադառնալով 4 Յունիսին ատրպէյճանական յարձակումին՝ ան նշած է. «Անշուշտ, կատարուածի մեղքն ամբողջութեամբ ատրպէյճանական կողմինն է: Դա դատապարտելի տիւերսիոն գործողութիւն էր, սակայն պէտք է ընդունենք, որ մենք ունեցել ենք [...]
June 5th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ Ազգային Կոնգրեսը 5 Յունիսին Ազգային ժողովին մէջ գումարած է իր խմբակցութեան անդրանիկ նիստը: Նիստի աւարտէն ետք ՀԱԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ իրենք կը հրաժարին 12 մնայուն յանձնաժողովներուն մէջ իրենց բաժին ինկած մէկ փոխնախագահի պաշտօնէն, բայց պիտի մասնակցին բոլոր յանձնաժողովներու աշխատանքներուն:
Նախնական տուեալներով, Գագիկ æհանգիրեան պիտի մասնակցի պետաիրաւական հարցերու, Լիւդմիլա Սարգսեան՝ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մարդկային կեանքերը քաղաքական հաշուարկներու ծառայեցնելը, անշուշտ, բարոյական չէ: Յարձակում, հակայարձակում, մաշեցնող պատերազմ, զոհեր, մէկի դէմ երկու կամ երեքի տրամաբանութիւն… այս յարձակումներն ու հակայարձակումները կրնան մարտավարական նպատակներ հետապնդել, բայց ո՛չ հակամարտութիւն լուծելու մթնոլորտին կը նպաստեն, ո՛չ ալ կրնան մէկ կողմին անձնատուութեան կամ նոյնիսկ զիջումներու մասին մտածելու տեղիք տալ:
Եւ մարդիկ, երիտասարդներ կը զոհուին, մայրեր ու քոյրեր [...]
June 5th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի առաւօտեան, Ատրպէյճանի ժամանակով ժամը 6:30ին, սահմանի վրայ հայկական զինուած ուժերը սպաննած են ատրպէյճանցի չորս զինուորական ծառայողներ: Եւս մէկ ատրպէյճանցի վիրաւորուած է եւ աւելի ուշ՝ մահացած:
Ինչպէս կը յայտնէ «ԱՊԱ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, զոհուած են Ամիլ Ալիեւ, Հալիտ Ազիզով, Ուահիտ Պակիրով, Զուլֆուկար Աթաշլը եւ Էլչին Իսմայիլով:
Յիշեցնենք, որ Երկուշաբթի օր ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ֆութպոլի ազգային ընտրանին «Հանրապետական» մարզադաշտին վրայ երեք կօլերով հպարտալի յաղթանակ ապահովեց Ղազախստանի հաւաքականին դիմաց։
Հանդիպման սկիզբէն Հայաստանի ազգային ընտրանին արդէն փաստեց, որ ինք դաշտ ներկայացած է յաղթելու մտադրութեամբ։ Արդարեւ, 6րդ վայրկեանին արդէն արձանագրուած էր առաջին կօլը։ Հենրիկ Մխիթարեանը հիանալի կերպով շրջանցեց պաշտպանները եւ գնդակը փոխանցեց դաշտի կեդրոնական մաս, ուրկէ Գէորգ Ղազարեան յաջողեցաւ յառաջանալ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն, Հաուըրտ Պըրմըն եւ Ֆրենք Փալոն խստօրէն դատապարտած են Երկուշաբթի, Յունիս 4ին տեղի ունեցած Հայաստանի սահմանային դիրքերուն վրայ տեղի ունեցած ատրպէյճանական զինեալ յարձակումը, որ զուգադիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Կովկաս այցելութեան առաջին ժամերուն, եւ որուն հետեւանքով երեք հայ զինուորներ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իր տեղակալ Պեքիր Պոզտաղին յանձնարարած է «հայկական Սփիւռքի նմանութեամբ թրքական սփիւռք ձեւաւորել». այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, որ կ՛աւելցնէ, թէ Պոզտաղ արդէն իսկ սկսած է այդ նպատակով աշխատանքի եւ արտերկրի մօտաւորապէս 6 միլիոն թուրքերու ներկայացուցիչներուն համար, Յունիս 7-8 հանդիպում մը կազմակերպած է Անգարայի մէջ:
Թրքական սփիւռքը [...]
June 5th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան հաստատած է այն տեղեկութիւնը, թէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներն ու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները պիտի հանդիպին Յունիս 18ին, Փարիզի մէջ:
Վկայակոչելով ատրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը՝ «Թերթ»ը կը յայտնէ, որ Պաքուի մէջ նման յայտարարութիւն կատարած է նաեւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետիարով:
June 5th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«ԵՐԿԻՐ ՄԵԴԻԱ»
Անցած շաբաթուայ սկիզբը տօնական էր՝ Մայիսի 28ը, Հայաստանի պետականութեան կերտումը: Բայց որքան էլ տարօրինակ էր, տօնակատարութիւնների կիզակէտը մնաց միայն Սարդարապատում ճոխ սեղանն ու համտեսը: Ոչ ոք անգամ այցի չգնաց նոյն այդ Սարդարապատում թաղուած հերոսի շիրիմին: Որեւէ մէկը չյիշեց այն նուիրեալներին, ովքեր կերտել են անկախութիւնը, այն մարդկանց, ովքեր համարձակուեցին 1988ին առաջին անգամ խօսել այդ մասին՝ [...]
June 5th, 2012
| Posted in Կիզակէտ, Մշակոյթ | Read More »