Home » June 11th, 2012Entries posted on “June 11th, 2012”
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Կազմակերպութեամբ Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին եւ Կեդրոնական վարժարանի սանուց յանձնախումբին, Շաբաթ, Ապրիլ 14ին, կ.ե. ժամը 1ին, երրորդ տարին ըլլալով, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական շարադրութեան մրցանք՝ մասնակցութեամբ հայկական 4 վարժարաններէ աշակերտներու:
Մրցումին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գ. Աւետիքեան, որ նշեց, թէ նախաձեռնութիւնը նուիրուած է [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Շաբաթ, Յունիս 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Յովհաննու եկեղեցւոյ «Սայաթ Նովա» մշակութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ (275 Olympia Way) տեղի պիտի ունենայ Արսէն Յակոբեանի «Ararat to Europe» (Արարատէն Եւրոպա) վաւերագրական շարժապատկերին ցուցադրութիւնը, ներկայութեամբ բեմադրիչին, որ ցուցադրութեան աւարտին պիտի պատասխանէ հարցումներուն եւ պիտի մակարգրէ ֆիլմէն օրինակներ:
Ֆիլմը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Եւրոպայի մէջ [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Պոլսահայ միութեան Մայրերու օրուան աւանդական ճաշը գեղեցկօրէն կազմակերպուած էր Ուրբաթ, Մայիս 4ին, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ միութեան տիկնանց եւ ընկերային ձեռնարկներու յանձնախումբին: Հակառակ անոր, որ 100 հոգիէ նուազ անձեր ներկայ գտնուեցան ձեռնարկին, այսուհանդերձ, ձեռնարկը շատ յաջող եւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ ընթացաւ՝ «Րուզպէ»ի եւ անոր ֆլամենքօ խումբին շնորհիւ: Կազմակերպիչ յանձնախումբի [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՔԼԻ.- Խորագիրը աճպարարական արարքի մը մասին չէ, այլ «Փարոս» մարդասիրական կազմակերպութեան շնորհիւ՝ Հայաստանի կարօտեալ երեխաներու կօշիկներ ապահովելու ծրագիրին մէկ մասնիկն է: Արդարեւ, Միշիկընէն հինգ տարեկան Միա Տալպի, երբ լսած է, թէ Հայաստանի մէջ երեխաներ կօշիկներու կարիքը ունին, որոշած է իր այս տարուան տարեդարձի նուէրներուն փոխարէն՝ իր հիւրերէն խնդրել, որ կօշիկներ նուիրեն:
Մայիս 19ին տեղի ունեցած անոր [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱԼԲԻ ԷԴԳԱՐԵԱՆ
Կիրակի, Մայիս 20ին, փրոֆ. Փիթըր Քաուի դասախօսն էր Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ։ Ան հրաւիրուած էր դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, բանախօսելու համար «Հայկական թատրոնի ուրուագիծ մը» նիւթով։
Լորի Մանճիքեան ծանօթացուց տոքթ. Քաուին՝ իբր Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Նարեկացիի անուան հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ։ Ան ազգութեամբ ոչ հայ ըլլալով՝ տիրապետած է հայերէն լեզուին, եւ այդ մեծ զարմանք [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 10ին, Մոսկուայի մէջ պիտի կայանայ «ՎՈՎԱ» (VOVA) խումբի համերգը: Խումբի մասնագէտ երաժիշտները առաջիններն էին, որոնք Թուրքիոյ մէջ հրապարակայնօրէն սկսան կատարելու երգեր՝ արեւմտահայկական հոմշեցմայ բարբառով: Համերգին պիտի մասնակցի նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքի ղեկավար, համշենցիներու «Հատիկ» (HADIG) կազմակերպութեան ղեկավար Մեհմեթ Ալթունքայ:
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան ընդգրկուած է Ռուսիոյ նախագահին առընթեր Ազգամիջեան յարաբերութիւններու խորհուրդի կազմին մէջ, զոր պիտի գլխաւորէ պետութեան ղեկավար Վլատիմիր Փութին:
Ըստ Ռուսիոյ հայերու միութեան մամլոյ ծառայութեան, հրամանագիրին՝ նորաստեղծ Խորհուրդի կազմին մէջ առնուած են Ռուսիոյ նախագահի վարչակազմի, երկիրի կառավարութեան, պետական իշխանութեան դաշնակցային մարմիններու, հասարակական միաւորումներու, գիտական եւ այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ազգամիջեան յարաբերութիւններու խորհուրդը [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քրասնոտարի հայ համայնքը Ռուսիոյ տարածքին հայաբնակ ամենախիտ համայնքներէն մէկն է՝ իր 700 հազար հայ բնակչութեամբ:
«Առաջին խնդիրը հայապահպանութիւնն է՝ մեր լեզուի, պատմութեան, եկեղեցու պահպանութիւնը», ըսած է Յունիս 8ին կայացած ասուլիսի ընթացքին Քրասնոտար երկրամասի հայ համայնքի նախագահ Ռազմիկ Գէորգեան:
Ան նշած է, որ ի տարբերութիւն խորհրդային տարիներուն, երբ համայնքը կազմաւորման փուլին մէջ էր, ներկայիս համայնքին առջեւ [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ուրբաթ, 1 Յունիսին «Ազդակ»ի խմբագրութեան կազմակերպած Մամլոյ 69րդ լսարանին բացումը կատարեց «Ազդակ»ի խմ-բագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ նշեց, թէ այս 69րդ լսարանը կու գայ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու շատ կարեւոր նիւթի մը վրայ, որ հայկական յիշողութեան ուսումնասիրութիւնն ու արխիւաւորումն է: Ապա Ժաք Յակոբեան ներկայացուց լսարանին զեկուցաբերը՝ Մարսէյի մէջ գործող Հայկական յիշողութեան ուսումնասիրութեան եւ արխիւաւորման միութեան (ԱՐԱՄ) համահիմնադիր [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ եկեղեցու Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակոյթի կեդրոնի «Ջէյրան» համոյթը դարձած է երիտասարդ կատարողներու 13րդ հանրապետական «Պրաւօ-2012» փառատօնի ոսկեայ մետալակիր:
Փառատօնի 40 անուանակարգերու համար կը պայքարին 15 պարարուեստային համոյթներ ամբողջ Վր-աստանէն: 4 հոգիէ բաղկացած դատակազմի նախագահն էր ԵՈՒՆԵՍՔՕի պարերու միջազգային խորհուրդի Թիֆլիսեան բաժանմունքի նախագահ Զուրապ Պիլանիշվիլին, իսկ պարարուեստի գնահատողն էր ներկայիս Լոնտոնի մէջ վրացական պարը [...]
June 11th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԽԱՉԻԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Մարդ կար, մարդկութիւն կար, բանաստեղծութիւն կար: Դեռ վեհերոտ գիրը կամ, պարարտ խեղուածների շնչով՝ քաքլանագիրը, գրականութեան մայրուղիներով տիրաբար չէր շրջում, եւ խօսքը դեռ չէր գետնուել՝ իր հետ գետնելով բոլոր արժէքները: Լինում է, այդպէս էլ է լինում. խաթարուած ընթացք է, բնութեան դէմ ըմբոստացած անտաղանդների հիստերիկ արշաւը՝ անսեռութեան ջղաձիգ գալարումներով, ամուլ հոգիների, իբր վերերկրային, բայց աներկինք ու [...]
June 11th, 2012
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ 11 Յունիսին տեղի ունեցած է «Արի տուն»ի 2012 թուականի առաջին հանգրուանի բացումը, որուն ներկայ եղած են Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցներ, Երեւանի վարչական շրջաններու, ինչպէս նաեւ հիւրընկալ ընտանիքներու ներկայացուցիչներ, «Արի տուն»-2012 ծրագիրի առաջին հանգրուանի մասնակիցները: Ողջունելով ներկաները եւ յայտարարելով «Արի տուն»-2012ի մեկնարկը՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնած [...]
June 11th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԼԷՈՆԻՏ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Վերջին օրերս ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում լարուածութեան կտրուկ ծաւալում է տեղի ունեցել, ըստ որում՝ հակամարտ կողմերի զինուած ուժերի շփման գծի ինչպէս ադրբեջանա-հայաստանեան, այնպէս էլ ադրբեջանա-ղարաբաղեան հատուածում: Առաջաւոր գծից ստացուող տեղեկատուութիւնը պատերազմական տարիների ժամանակագրութիւն է յիշեցնում. հաղորդւում է երկու կողմերից սպանուածների եւ վիրաւորների մասին:
Ինչպէս յայտնի է, Յունիսի 4ի լուսաբացին հայ-ադրբեջանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածում ադրբեջանական դիվերսիոն խմբի [...]
June 11th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր հրապարակած մէկ լուրով կը յայտնէ, թէ 2012ի առաջին վեց ամիսներուն, Հայաստանի մէջ ռուսական օդանաւերու փորձնական թռիչքներուն թիւը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ 20 տոկոսով աճած է՝ հասնելով 300ի:
«Ռուս զինուորականները կտրուկ կերպով աւելցուցած են թիւը Հայաստանի մէջ փորձնական թռիչքներուն, որոնք կապուած են ԼՂ հակամարտութեան սրումին հետ: Ռուսիա անով կը փորձէ [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորական խումբերը միացեալ յայտարարութեամբ հանդէս եկած են՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի նախայարձակ քաղաքականութիւնը:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն», «Ժողովրդավարութիւն», «Հայրենիք» խմբակցութիւններուն եւ «Արցախատուն» պատգամաւորական խումբին կողմէ ստորագրուած յայտարարութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ.
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի եւ Ադրբեջանի զինուած ուժերի շփման գծում տիրող լարուածութիւնը գնալով աւելի է սրւում: Հակառակորդը դիւերսիոն գործողութիւններ է ձեռնարկում նոյնիսկ [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռիւվեն Ռիվլին արտօնած է, որ Երեքշաբթի, Յունիս 12ին, խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին հրապարակային քննարկումներ տեղի ունենան Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին կապակցութեամբ: Քննարկումները տեղի պիտի ունենան «Մերեց» կուսակցութենէն պատգամաւոր Զահավա Կալոնի նախաձեռնութեամբ:
Ըստ իսրայէլեան «Հաարեց» թերթին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը այնուհետեւ պիտի քննարկուի նաեւ Իսրայէլի խորհրդարանի յանձնաժողովներէն մէկուն կողմէ:
«Հաարեց» կը գրէ, թէ Հայոց [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին լաւ գիտէ ղարաբաղեան հակամարտութեան պատճառը եւ խորքը. Երկուշաբթի, Յունիս 11ին այսպէս յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վլատիմիր Տորոխին՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիոյ նորընտիր նախագահը արդեօք պիտի շարունակէ՞ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Ռուսիոյ ներկայ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի նախագահութեան օրօք որդեգրուած աշխոյժ քաղաքականութիւնը:
«Իբրեւ քաղաքական գործիչ, որ Ռուսիոյ [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայ, Երկուշաբթի, Յունիս 11ին, Թիֆլիսի մէջ յայտարարած է, թէ ՆԱԹՕի հրամանատարութիւնը կը պաշտպանէ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
Ափաթուրայ շեշտած է, թէ ՆԱԹՕի ղեկավարութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի հակամարտութեան գօտիին վրայ վերջին օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: «Մտահոգ ենք Հայաստանի [...]
June 11th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ա.
ՀԱՅԵՐԷՆասէրները անգամ մը եւս ստացան «Նայիրի»ի հերթական ընծան՝ այս անգամ կրկնակ տարողութեամբ, երբ www.nayiri.com կայքի հիմնադիրն ու պատասխանատուն՝ Սէրուժ Ուրիշեան, իր 7 Մայիս 2012 թուակիր մամլոյ թողարկումով, բացայայտեց համացանցի վրայ տեղադրումը Էդուարդ Աղայեանի ԱՐԴԻ ՀԱՅԵՐէՆԻ ԲԱՑԱՏՐԱԿԱՆ ԲԱՌԱՐԱՆին եւ Աշոտ Սուքիասեանի ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՀՈՄԱՆԻՇՆԵՐԻ ԲԱՌԱՐԱՆին (անշուշտ երկուքն ալ իրենց աբեղեանական ուղղագրութեամբ, քանի որ առ այժմ այս [...]
June 11th, 2012
| Posted in Կիզակէտ | Read More »