Home » June 12th, 2012Entries posted on “June 12th, 2012”
- Յունիս 11ին, Փարիզի մէջ աւարտեցաւ թենիսի «Ռոլան Կարոս» մրցաշարքի տղոց աւարտականի կիսատ մնացած մրցումը՝ թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի եւ 2րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի միջեւ: Անձրեւուն պատճառով, այդ մրցումը Կիրակի օր կիսատ մնացած էր: Նատալ ոչ
միայն տիրացաւ տիտղոսին, այլ նաեւ յաջողեցաւ այս մրցաշարքի ծիրին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել՝ անոր տիրանալով 7րդ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Վերջին մէկ ու կէս տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով, Երկուշաբթի, Յունիս 11ին, Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանեան ազգային երկխօսութեան նիստը, որմէ բացակայեցաւ միայն «Լիբանանեան ուժեր»
կուսակցութիւնը:
Նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ՝ «Նահար»ի խմբագիր Ղասսան Թուէյնիի մահուան յիշատակին առիթով:
Սլէյման անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, ինչպէս նաեւ տիրող շրջանային ընդհանուր իրավիճակին, յատկապէս՝ Սուրիոյ տագնապին:
Նիստէն [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- ՄԱԿի խաղաղապահ գործողութիւններու բաժանմունքի պետ Էրվէ Լատըսու Երեքշաբթի, Յունիս 12ին մտահոգութիւն յայտնեց վերջին 5 օրերուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ զգալիօրէն սաստկացած զինեալ բախումներուն առթիւ՝ ըսելով, թէ իրադարձութիւնները քաղաքացիական
պատերազմի մը համազօր են:
«Սուրիոյ կառավարութիւնը որոշ տարածքներ կորսնցուցած է եւ կը փորձէ զանոնք իր հակակաշիռին տակ վերադարձնել», աւելցուց ան, մինչ կը հաղորդուէր, թէ Երեքշաբթի օր բախումներ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ տարածաշրջանի կեդրոն Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտ) ծանր յանցագործութիւններու 4րդ դատարանը, Երեքշաբթի, Յունիս 12ին, 14 տարուան ու 7 ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց Վանէն ընտրուած քիւրտ պատգամաւոր
Այսել Թուղլուքը՝ զայն «յանցաւոր» նկատելով 2007էն 2011ի միջեւ ունեցած ելոյթներու ընթացքին «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու»ն համար: Դատախազութիւնը 15 ելոյթներու համար մինչեւ 82.5 տարուան բանտարկութիւն պահանջած էր, [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի, Յունիս 12ին խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ եթէ գտնուին բաւարար քանակութեամբ աշակերտներ, ապա քրտերէնը կրնայ դառնալ ընտրովի դասանիւթ Թուրքիոյ վարժարաններուն մէջ՝ աւելցնելով, թէ այդ մէկը
«պատմական քայլ մը» պիտի ըլլայ Թուրքիոյ համար:
Էրտողանի այդ յայտարարութեան կապակցութեամբ, Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւորական աթոռներ ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Կիւլթան [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունիս 12ին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Իրլանտայի հանրապետութեան փոխվարչապետ, արտաքին գործոց եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Իմոն Կիլմորի հետ:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցեր:
Բարձր գնահատելով ԵԱՀԿի ջանքերը նշեալ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ՝ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հացը Լեռներում» տօնածիսական ուտեստեղէններու փառատօնը համախմբեց հայկական 13 տօները: Փառատօնը տեղի ունեցաւ 12 Յունիսին Էրեբունի արգելոց-թանգարանի յարակից տարածքին մէջ: «Փառատօնը քայլ է հայկական ինքնութիւնը պահպանելու համար նաեւ
խոհանոցի միջոցով, այն գրաւում է նաեւ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներին», ըսած է «Հայ խոհարարակական աւանդոյթների զարգացման ու պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեան: 20 տաղաւարներու մէջ տարբեր կրթական հաստատութիւններ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Նարեկացի» արուեստի միութեան դահլիճին մէջ երաժշտական անդրանիկ նուագահանդէս տեղի պիտի ունենայ 13 Յունիսին։ Առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ պիտի հնչէ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի համադիր երգերու Քանթի Փարալլելի (Զուգահեռ երգեր)
երգաշարը, զոր մեծ արուեստագէտը աւարտած է 2012ին։ «Նարեկացի» արուեստի միութեան հասարակութեան հետ կապերու ղեկավար Դաւիթ Իսաջանեան յայտնած է, որ շարքի վոքալ բաժինը պիտի կատարէ սոփրանօ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Յունիս 12ին Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Իրլանտայի հանրապետութեան փոխվարչապետ, արտաքին գործոց եւ արտաքին առեւտուրի նախարար Իմոն Կիլմորի հետ:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման առնչուող շարք մը հարցեր:
Բարձր գնահատելով ԵԱՀԿի ջանքերը նշեալ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ՝ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- ԵԱՀԿ գործող նախագահ Էյմոն Կիլմըր 12 Յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ տուած մամուլի ասուլիսին ընթացքին դիտել տուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի տարածքային ամբողջականութեան,
ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի եւ առանց ուժի կիրառման սկզբունքներու հիման վրայ։
«Հակամարտութիւնը լուծելու համար պէտք է բացառուի ուժի կիրառումը: Հայաստան եւ Ատրպէյճան տուած իմ այցելութեանս նպատակն [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) տարածած է յայտարարութիւն մը, որով կը հաստատէ ՀՀ արտաքին գործոց նախկին նախարար, ԲՀԿ պատգամաւոր եւ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի հիմնադիր Վարդան Օսկանեանի ուղղուած՝ մեծ չափերով
հարկային չարաշահումներ կատարելու յանցանքը եւ անոր դէմ յարուցուած քրէական գործի փաստը:
ԱԱԾ մամոյ կեդրոնին տարածած հաղորդագրութենէն կ՛իմանանք, թէ ԱԱԾ քննչական վարչութեան կողմէ վերջերս Օսկանեանի դէմ յարուցուած է [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ», «Երկիր», «ԹերԹ».- ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան չի բացառեր, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, երեսփոխան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանի դէմ Ազգային
անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ քրէական գործ յարուցելու երեւոյթը կապուած ըլլայ անոր քաղաքական գործունէութեան աշխուժացման հետ:
«Ի հարկէ, պահի ընտրութիւնը կարող է որոշ կասկածներ յառաջացնել», նշած է ան։
Վահան Յովհաննիսեան դիտել [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան հողային ֆոնտի 2010ի հաշուետուութեան հողային հաշուեկշիռին համաձայն, 449.2 հազար հեկտար վարելահողերէն չէ մշակուած եւ իր նպատակին չէ ծառայեցուած շուրջ 36.9 տոկոսը կամ 165.6 հազար հեկտարը: Հայաստանի
գիւղատնտեսութեան նախարարութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, թէեւ 2011 թուականին շուրջ 1500 հեկտար վարելահողեր գիւղատնտեսական նպատակներով օգտագործուելու սկսած են, սակայն սահմանափակ թիւով հողային տարածքներ ունեցող Հայաստանի պարագային
չօգտագործուող հողերու [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Երեքշաբթի, Յունիս 5ի երեկոյեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան ու ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի վարչութեան ներկայացուցիչները, որոնք
եկած էին առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորելու՝ անոր վերընտրութեան առիթով։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ ատենադպիր Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։
Առաջնորդն ու ատենապետուհին ողջունեցին հիւր ներկայացուցիչները [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կազմակերպութեամբ Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան, Հինգշաբթի, Յունիս 14ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, իւրայատուկ ցուցահանդէս-հաւաքոյթ մը տեղի պիտի ունենայ արուեստագէտ Եուրոզի աշխատանոցին մէջ. հաւաքոյթին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի
տրամադրուի Հայ արհեստավարժներու ընկերակցութեան:
Ներկաները առիթը պիտի ունենան Եուրոզի աշխատանոցին մէջ վայելելու անոր ստեղծագործութիւնները: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ ուտեստեղէնի եւ գինիի սպասարկութիւն, ինչպէս նաեւ լուռ աճուրդ եւ վիճակահանութիւն:
Մուտքի սակը 55 [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի նորանշանակ հիւպատոսը, իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրերուն պարտ համարած է ծանօթանալ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս նպատակով հիւպատոս Ճանի Իպրահիմ այցելած է Հոլիվուտի հայ կեդրոն:
Նկարին մէջ՝ ձախէն աջ Յարութ Մատէնեան, պարոն Իպրահիմ, Գարեգին Խանճեան եւ Մուրատ Շահինեան:
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 8 Յունիս 2012ի երեկոյեան ժամը 7ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ գիրքի տպագրութեան 500ամեակին
նուիրուած «Հայ հնատիպ գիրքերու եւ մամուլի ցուցահանդէս»ը։
Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան հայրեր, հոգեւորականներ, Դպրեվանքի սաներ եւ լիբանանահայ մտաւորականներ ու գրասէրներ։
Բացման խօսքը արտասանեց Դպրեվանքի [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Յարգարժան Պարոն Մարտին Շուլց Եւ Պարոն Հերման Վան Ռոմպէյ,
Հայ-լեհական հասարակական կոմիտէի եւ լեհահայութեան անունից մեր խորին մտահոգութիւնն ենք յայտնում եւ պահանջում Ձեր յստակ դիրքորոշումը ադրբեջանական կողմի նախաձեռնութեամբ հրադադարի ռեժիմի պարբերական խախտման դէպքերի կապակցութեամբ: Վերջին շաբաթուայ
ընթացքում, ՀՀ Տաւուշի մարզի եւ Արցախի հայ-ադրբեջանական շփման գծում Ադրբեջանի կողմից կոպտօրէն խախտուել է հրադադարի պահպանման ռեժիմը: Ադրբեջանական կողմը կրակ է [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթը իր շաբաթօրեայ յաւելուածին մէջ հրապարակած է Էնտրիու Ֆերենի «Թուրքիոյ առաջին աստղ ճարտարապետի հետքերով» յօդուածը, որուն մէջ հեղինակը կը խօսի Օսմանեան կայսրութեան ամենահեղինակաւոր հայազգի ճարտարապետ
Սինանի 300 անզուգական ստեղծագործութիւններուն մասին: Հեղինակը կը նշէ, որ ճարտարապետ Սինան ո՛չ միայն Թուրքիոյ, այլ հաւանաբար աշխարհին առաջին «Աստղ ճարտարապետ-Starchitect»ն է:
Յօդուածին մէջ կը նշուի, թէ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«ՀՐԱՊԱՐԱԿ»
Հնարաւոր է, որ Հայաստանում սկսուել է ռեպրեսիաների (քաղաքական ճնշումներու-Խմբ.) շրջանը, իսկ մենք, դեմոկրատական հովերով տարուած՝ դա պարզապէս չենք նկատում: Անցած շաբաթ ոստիկանութիւնը խուզարկութիւն կատարեց Արամուս գիւղում, որտեղ գիւղապետն ու իր տեղակալը ԲՀԿական են: Ոստիկանութիւնը դա բացատրեց մի երիտասարդ աղջկայ մահուան առնչութեամբ յարուցուած քրէական գործի շրջանակներում քննչական գործողութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեամբ: Մինչդեռ պարզ էր, որ եթէ աղջկայ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էյմոն Կիլմըրի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան դիտել տուած է, որ Թուրքիոյ գործելաոճը հարցադրումներ կը յառաջացնէ այն մասին, որ որքանո՞վ համահունչ են այդ երկրին մօտեցումները՝ Մինսկի խումբի անդամ ըլլալու:
«Քսան տարի առաջ, երբ Հայաստանը դէմ չեղաւ Թուրքիային Մինսկի խմբում որպէս [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ճերուսալէմ Փոսթ», «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, Յունիս 12ին, Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի, լիագումար նիստի ընթացքին, հրապարակային քննարկումներ տեղի ունեցան Հայկական Ցեղասպանութեան 97րդ տարելիցին կապակցութեամբ: Քննարկումները կատարելու առաջարկը եկած էր «Մերեց» կուսակցութենէն պատգամաւոր Զահավա Կալոնի նախաձեռնութեամբ:
Խորհրդարանի նախագահ Ռիւվեն Ռիվլին յայտարարեց, թէ Իսրայէլի բարոյական պարտաւորութիւնն է յիշել աւելի քան մէկ միլիոն հայերու ջարդը թուրքերու ձեռամբ, սակայն ազդարարեց, թէ այս [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքը Երեքշաբթի, Յունիս 12ին կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն մասնակցած է Ամերիկայի թուրքերու խորհուրդի տարեկան 31րդ հաւաքին, որուն ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ ան անդրադարձած է շարք մը առանցքային հարցերու, որոնց շարքին՝ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Իսրայէլի հետ:
Կորտըն ըսած է, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
12 Յունիսին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մարդու իրաւունքներու գծով միջազգային փորձագէտ դոկտոր Ֆերնան տը Վարենը յայտնած է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները խախտած են Վահագն Չախալեանի միջազգային իրաւունքը: Ջաւախքահայերու խնդիրներուն եւ ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեանի գործին վերաբերեալ ան իր զեկոյցը պիտի ներկայացնէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարան:
Ըստ անոր, Չախալեանի դէպքը պէտք է դիտարկել կարգին այն փոքրամասնութիւններու գործիչներուն, [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Մայիսի վեցից յետոյ դժուար էր խօսելը, աւելի ճիշդ՝ անիմաստ: Ու շատերը լռեցին, լռեցին աղաղակող լռութեամբ. լռեցին նրանք, որոնք արդէն կարկատել էին իրենց առաջիկայ հինգ տարին՝ կարկատել ասֆալտով, ու էդ կարկատան- մազութը սեւ ու խուլ ծանրութեամբ այլեւս տարածուել է Հայաստանի Հանրապետութեան ողջ տարածքով՝ իջնելով իւրաքանչիւր քաղաքացու ուսերին՝ իբրեւ ընտրութիւն, իբրեւ ճակատագիր, իբրեւ ապագայ, իբրեւ գետնաքարշ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԱՐԱ ՊԱՊԵԱՆ
Տարիների ընթացքում Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման տարբեր ուղիներ են առաջարկուել: Վերջերս՝ 2012թ. Յունիսի 5ին, ամերիկացի չորս փորձագէտի մասնակցութեամբ Վաշինգտոնի Վուդրօ Վիլսոնի կենտրոնում տեղի են ունեցել քննարկումներ հետեւեալ վերտառութեամբ. Լեռնային Ղարաբաղ. Արդեօ՞ք սառեցուած հակամարտութիւնը կը վերաճի տաքի (Nagorno-Karabagh: Will the Frozen Conflict Turn Hot?): Ի դէպ, ուշագրաւ է քննարկումների ամսաթուի ու նիւթի եւ Ադրբեջանի կողմից [...]
June 12th, 2012
| Posted in Կիզակէտ, Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Հրայր Մարուխեան» հիմնադրամը՝ «Ֆրիտրիխ Էպերթ» հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղին աջակցութեամբ, 11 Յունիսին հանրութեան ներկայացուց «Տն-տեսութիւնը եւ սոցիալ-դեմոկրատիան» գիրքը:
Գիրքի շնորհահանդէսին մասնակցելու համար Երեւան եկած էինք գերմանացի քաղաքական գործիչներ, որոնք իրենց երկրի տնտեսական յաջողութիւնները բաժնեկցեցան հայաստանեան քաղաքական դաշտի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հետաքրքրական մեկնաբանութիւն կատարած է համաժողովի գերմանացի հիւրը՝ տնտեսագէտ, Գերմանիոյ նախկին նախարար Քրիստոֆ Զոփելը: Ան՝ վկայակոչելով պաշտօնական վիճակագրութիւնը, ըստ որուն, [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի եւ ՀՀԿ խորհուրդի նիստը, ըստ «Թերթ.ամ» կայքին՝ պիտի կայանայ Յունիս 14ին: Կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՀԿ մամլոյ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանով ո՛չ հերքեց, ո՛չ ալ հաստատեց սոյն փաստը:
«Հաւանական է, որ ՀՀԿ գործադիր մարմինի նիստը տեղի ունենայ կա՛մ Յունիս 13ին, կա՛մ Յունիս 14ին: Այս պահու դրութեամբ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Յունիսին ընդունած է «Ղարաբաղ Թելեկոմ» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ հաղորդակցութեան բնագաւառի զարգացման առնչուած հարցեր։
Երկրին ղեկավարը կարեւոր նկատած է «Ղարաբաղ Թելեկոմ»ի դերը հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական զարգացման իմաստով եւ յոյս յայտնած է, որ այսուհետեւ եւս ընկերութիւնը իր աշխոյժ մասնակցութիւնը պիտի բերէ Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման:
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Այսօր».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական, քաղաքագէտ Դաւիթ Բաբայեան՝ խօսելով վերջին օրերուն Հայաստանի ու Արցախի հետ ատրպէյճանական սահմանային կարգ մը հատուածներուն վրայ տեղի ունեցած յարձակողական գործողութիւններուն եւ զինադադարի խախտումներուն մասին, յայտնած է. «Հրադադարի ռեժիմի խախտմամբ Ատրպէյճանն աշխատում է լուծել մի շարք արտաքին եւ ներքին խնդիրներ»։
Քաղաքագէտը չբացառեց, որ սահմանամերձ գօտիին վրայ խախտումներու աշխուժացումը կապուած ըլլայ 22 [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Այս տարուան առաջին երեք ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ բարձրացած է ամուսնութիւններուն թիւը՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատելով: 11 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Վիճակագրական վարչութեան մարդահամարի եւ ժողովրդագրութեան բաժնի պետ Կարինէ Կույումջեանը նշեց, որ այս թիւը աւելցած է 1.4 տոկոսով՝ արձանագրելով ամուսնութիւններու 4 հազար 668 պարագայ՝ նախորդ տարուան 4 հազար 604ի [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ինչպէս հաղորդած էինք անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը Չորեքշաբթի, Յունիս 13ին պիտի սկսի քննելու Ռիչըրտ Մորնինկսթարը Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակելու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկը:
«Մորնինկսթարի նշանակումը լաւ առիթ մըն է Ծերակոյտին, Ատրպէյճան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները լուսարձակի տակ առնելու համար, նաեւ հաւանաբար հասկնալու, թէ արդեօք վարչակազմը ի՞նչ պիտի ընէ Պաքուի սպառնալիքներուն եւ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեանի համաձայն, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն խախտել զինադադարը՝ շփման գիծի ամբողջ երկայնքին: «Ինչպէս եւ ամէն օր, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը բազմիցս խախտել են հրադադարի ռեժիմը», նշած է ան։
Հասրաթեան նաեւ աւելցուցած է, որ անհրաժեշտութեան պարագային հայկական ուժերը պատասխան միջոցներու կը ձեռնարկեն։ «ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի առաջնային ստորաբաժանումները վստահօրէն [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Սիւնիքի մարզպետարանի կողմէ ստեղծուած յանձնաժողովը արժեւորած է գարնան տեղացած ուժեղ կարկուտէն վնասուած մարզի համայնքներուն կրած վնասի չափը, որ կը հասնի քանի մը հարիւր միլիոն դրամի: Մարզպետարանի պաշտօնական կայքէջին համաձայն, հիմնականին մէջ տուժած են Կապանի ու Գորիսի տարածաշրջանի ցանքերը ու բանջարանոցները, Մեղրիի պտղատու այգիները:
Գորիսի տարածաշրջանի գիւղերուն կարկուտի հասցուցած վնասը հասած է մօտ 200 միլիոն [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վանի եւ նահանգի քանի մը քաղաքներու քիւրտ կառավարիչներու ձերբակալութեան կապակցութեամբ, Թուրքիոյ հարաւարեւելեան քրտաբնակ տարածաշրջանի կեդրոն՝ Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր Երկուշաբթի, Յունիս 11ին յայտարարեց, թէ Թուրքիա «ֆաշական» պետութիւն է: Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 երեսփոխաններ ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Պայտեմիր յայտնեց, որ կառավարութիւնը քիւրտեր ձերբակալելով, բանտ նետելով եւ սպաննելով կը փորձէ քրտական [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Էյ.Փի.».- Երկուշաբթի, Յունիս 11ին, համեմատական խաղաղութիւն տիրեց Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ, ուր անցնող շաբաթավերջին զինեալ բախումներ տեղի ունեցան բանակային դիրքերու վրայ յարձակած զինեալներու եւ զինուորներու միջեւ:
Նման յարձակումներ տեղի ունեցան նաեւ քանի մը այլ շրջաններու մէջ, որովհետեւ կառավարութիւնը տապալելու նպատակով զէնք բարձրացուցած Սուրիական ազատ բանակը որոշած է չյարգել ՄԱԿի պատուիրակ Քոֆի Անանի զինադադարի ծրագիրը:
Քուէյթեան «Քապաս» թերթը [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Միլլիյէ»չ.- Ամերիկացի ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ, Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին ներկայացուցած է հիւսիսային Կիպրոսի թրքական բռնագրաւման հարցով Անգարան խստօրէն քննադատող բանաձեւ մը:
Բանաձեւին մէջ կը պահանջուի Թուրքիայէն՝ ճանչնալ Կիպրոսի կառավարութեան ինքնիշխանութեան իրաւունքը ամբողջ կղզիի տարածքին, ու ցուցաբերել յարգանք եւ պաշտօնապէս ճանչնալ այդ պետութեան սահմանները: Միաժամանակ, Թուրքիա կը մեղադրուի Կիպրոսը ոչ կիպրացիներով բնակեցնելու արարքով ու կղզիին ազգային [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշ վերապահութիւն յայտնեց անցեալ շաբթուան ընթացքին վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան պետ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի միջեւ քրտական հարցի կապակցութեամբ կայացած հանդիպման մասին։
Քըլըճտարօղլուի կողմէ սեղանին դրուած եւ Էրտողանի համաձայնութեան արժանացած ծրագիրը կը յիշեցնէ, թէ «ահաբեկչութիւնը», հակառակ ապահովական ուժերու ջանքերուն՝ կը շարունակուի սաստկութեամբ, եւ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՏՐԱՊԻԶՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները Տրապիզոնի մէջ, Կիրակի, Յունիս 10ին հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումէն առաջ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու նշեց, որ հանդիպման առանցքները պիտի ըլլան շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման եւ շրջանին յառաջընթացին առնչուող հարցերը:
Հաղորդուեցաւ, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի քննուի Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան կազատարի եւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շինարարական աշխատանքներու ընթացքը: Դռնփակ հանդիպումէն [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Յունիս 11ին աւարտեցաւ Պաքուի մէջ ձերբակալուած իրանցի լրագրող Անար Պայրամլիի դատավարութիւնը եւ ատեանը վճռեց զայն դատապարտել երկու տարուան բանտարկութեան: Ան ձերբակալուած էր Փետրուար 17ին, թմրանիւթեր գնելու, պահելու, տեղափոխելու եւ վաճառելու յանցանքով, սակայն անոր բարեկամները կը պնդեն, թէ ամբաստանութիւնները շինծու են:
- 2011ին, ամերիկեան գլխաւոր օրաթերթերուն մէջ «երկրագունդի ջերմացում» կամ «կենսոլորտի փոփոխութիւն» դարձուածքներուն գործածութիւնը 33 տոկոսով [...]
June 12th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարարի պաշտօնակատար Արմէն Գէորգեանի գրասենեակին մէջ 11 Յունիսին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են «Տաթեւի վերածնունդ» եւ «Դիլիջանի միջազգային դպրոց» ծրագիրներու ընթացքին առնչուող հարցեր: Հանդիպումին մասնակցած են ռուսիաբնակ գործարար Ռուբէն Վարդանեանը, ծրագիրներու գործադրութեան պատասխանատուներն ու պետական համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչները:
Յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է Դիլիջանի միջազգային դպրոցի շինարարական աշխատանքներու կազմակերպման [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թեր»չ.- Արցախեան ազատամարտի վեթերանները միշտ պատրաստ են իրենց լուման ներդնելու հայրենիքի անվտանգութաան համար եւ հարկ եղած պարագային՝ կրկին ուղղուելու ռազմաճակատ: 11 Յունիսին այս հաստատումը կատարեց Արցախեան պատերազմի վեթերաններու միութեան նախագահ Համլէթ Յովսէփեանը:
«Սահմանագծում տեղի ունեցած դէպքերը պարզապէս սադրանքներ են, որոնք վերջին շրջանում ինչ-ինչ պատճառներով ինթենսիւ դարձան, քանի որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու նպատակ ունեն: ԼՂ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».– Արցախեան ազատամարտի հերոս, զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան, որ ճանչցուած է Քոմանտոս անունով, կասկած չունի, որ եթէ պատերազմ վերսկսի՝ Հայաստան կրկին պիտի յաղթէ:
«Սկզբում դժուարութիւններ կ՛ունենանք, բայց չկասկածէք մեր յաղթանակի մէջ: Այս պարբերաբար իրականացուող յարձակումները ծրագիր է, որն իրականացնում է Ատրպէյճանը», լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ըսաւ Քոմանտոսը:
Ան նշեց, որ վերջին յարձակումներով Ատրպէյճան կը փափաքէր հայկական [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Հայաստանի զինուած ուժերու պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն, 11 Յունիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ մեկնարկած են միաշաբաթեայ հաւաք-դասընթացքները՝ Հայաստանի գործադիր իշխանութեան, պետական եւ տարածքային կառավարման մարմիններու պաշտօնատար անձերու մասնակցութեամբ:
Հաւաք-դասընթացքները սկսած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի «Պետութեան նախապատրաստումը պաշտպանութեան» դասախօսութեամբ:
Ողջունելով մասնակիցները՝ Օհանեան ընդգծած է, որ նմանաբնոյթ հաւաքներ կարելիութիւն կու տան բազմապատկելու յաջողութիւնները եւ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոս Անջելըսի «Դիլիջան» երաժշտական փառատօնը հիւրընկալուեցաւ Դիլիջանի արուեստի քոլեճին մէջ՝ «Երեւանեան Հեռանկարներ» երաժշտական միջազգային փառատօնի ծիրին մէջ: Ելոյթին ընթացքին հնչած են Մարտուն Իսրայէլեանի, Զոլթըն Քոտալիի, Ալեքսանդր Յարութիւնեանի եւ Մոցարթի ստեղծագործութիւնները:
Համերգին մասնակցած են ջութակահարներ Մովսէս Պօղոսեանը, Վարդի Մանուէլեանը, ալթահար Քիմ Քաշքաշեանը, թաւջութակահար Ռոհան տէ Սարամը, քլարինէթահար Միշել Զուկովսկին, դաշնակահար Արթուր Աւանէսովը եւ սոփրանօ Շուշիկ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Երիտասարդական Միութենէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
ՀՅԴ Հայաատանի Երիտասարդական Միութիւնը, մտահոգուած լինելով վերջին օրերին ադրբեջանական ագրեսիայի հետեւնաքով զոհուած զինծառայողների եւ սահամանամերձ գիւղերի խաղաղ բնակչութեան վրայ անդադար կրակահարթերով, Յունիսի 10ին, այցելեց Չինարի գիւղ:
Եռաբլուրում տեղի ունեցած Հայոց Բանակի քաջարի հերոսների անմահ յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստի արարողութիւնից յետոյ, դաշնակցական երիտասարդները այցելեցին Չինարի գիւղ:
Երիտասարդ դաշնակցականների նախաձեռնութեանն էին միացել նաեւ [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՈՒԻՆԵԹՔԱ.- Պոլսահայ միութեան տիկնանց եւ ընկերային ձեռնարկներու յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, Յունիս 17ին, երեկոյեան ժամը 6ին (քոքթէյլը՝ ժամը 5էն սկսեալ) տեղի պիտի ունենայ Հայրերու օրուան նուիրուած ընթրիք-խրախճանքը, միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ:
Տօնակատարութեան ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան Պոլսահայ միութեան պալէի եւ պարի դասարանները:
Մուտքի սակը 35 տոլար է, իսկ 12 տարեկանէն վար փոքրերու համար՝ 15 տոլար: [...]
June 12th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »