Home » June 26th, 2012Entries posted on “June 26th, 2012”

Թուրք Երեսփոխանը Մտահոգ Է Փոքրամասնութիւններուն Վերադարձուած Կալուածներով

Թուրք Երեսփոխանը Մտահոգ Է Փոքրամասնութիւններուն Վերադարձուած Կալուածներով

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Իզմիրի երեսփոխան Ռահմի Աշքըն Թիւրելի անհանգիստ է Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու պատկանող կալուածներուն մասին ընդունուած նոր որոշումներով:
Կառավարութեան կողմէ գործադրուած այս նոր ու դրական քաղաքականութիւնը, որքա՛ն ալ ողջունելի ըլլայ խղճամիտ ու յառաջապահ շրջանակներու կողմէ, հասկնալի է, որ ժխտական ազդեցութիւն պիտի գործէր ազգայնապաշտ կամ ցեղապաշտ կարգ մը շրջանակներու վրայ եւ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ըստ «Ֆորէյն Փալըսի»ի՝ Կասպից Ծովը «Վառօդի Տակառ»ի Կը Վերածուի

Ըստ «Ֆորէյն Փալըսի»ի՝ Կասպից Ծովը «Վառօդի Տակառ»ի Կը Վերածուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ֆորէյն Փալըսի» հանդէսի վերլուծաբան Ճոշուա Քուչըր գրած է, թէ Կասպից ծովուն յատակը գտնուող եւ միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ուժանիւթի պաշարներուն պատճառով, այդ աշխարհաքաղաքական տարածքը սկսած է վերածուելու «վառօդի տակառ»ի մը: Քուչըրի կարծիքով, ուժանիւթի վաճառքէն ստացուող գումարներով սկսած զէնքի մրցակցութիւնը առաջին անգամ զգացուեցաւ անցեալ տարուան աշնան՝ Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի կողմէ ծովուն մէջ տեղի ունեցած համատեղ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերակցութեան Նոր Նախագահը

Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերակցութեան Նոր Նախագահը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իր հակահայ գործունէութեամբ ծանօթ Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերակցութեան նոր նախագահ նշանակուած է հակահայ հրապարակումներով յայտնի Մեհմետ Մեթին Հիւլակուն: Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերակցութեան շինծու հրապարակումները դարձած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու հարցով Թուրքիոյ պաշտօնական դիրքորոշման հիմքը:

June 26th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Մորնինկսթարի Դէմ Պայքար Ատրպէյճանի Մէջ

Մորնինկսթարի Դէմ Պայքար Ատրպէյճանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուած Ռիչըրտ Մորնինկսթարի նշանակումը քննող ծերակուտական նիստի ընթացքին, Մորնինկսթարի արտայայտած կարծիքները դժգոհութիւն յառաջացուցած են Պաքուի մէջ:
Հակառակ այն իրողութեան, որ Ծերակոյտը տակաւին չէ վաւերացուցած անոր նշանակումը, արդէն իսկ Պաքուի մէջ որոշ շրջանականեր կը պահանջեն դեսպանը «անբաղձալի տարր» նկատել Ատրպէյճանի մէջ:
Նման գաղափար ունեցողներէն մէկն է Ատրպէյճանի [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Ալիեւ Եւս Անակնկալօրէն Պոլիս Կը Մեկնի

Ալիեւ Եւս Անակնկալօրէն Պոլիս Կը Մեկնի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունիս 25ի երեկոյեան անակնկալօրէն մեկնած է Պոլիս, մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին:
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը աւելի կանուխ հաղորդած էր, թէ Ալիեւ պիտի չմասնակցի սոյն ժողովին, եւ թէ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով պիտի ներկայացնէ Ատրպէյճանը:
«Gafgazinfo.az» լրատուական կայքը աւելցուցած է, թէ Պոլսոյ օդակայանին մէջ, Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Քանի Մը Տողով

Քանի Մը Տողով

- Թրքական «Վաթան» թերթը կը հաղորդէ, թէ թուրքերուն 54 տոկոսը կը փափաքի, որ Թուրքիա հիւլէական զէնք արտադրելու նպատակով հաստատ քայլերու դիմէ, իսկ 34.8 տոկոսը դէմ է այս գաղափարին: 8.2 տոկոսը կը կարծէ, թէ նման անհրաժեշտութիւն գոյութիւն չունի, որովհետեւ ՆԱԹՕն կրնայ երաշխաւորել Թուրքիոյ ապահովութիւնը, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ թուրքերը որքանո՛վ կը վստահին ՆԱԹՕին:
- Վրացական [...]

June 26th, 2012

| Posted in Միջազգային | Read More »

Ջաւախքի Հիմնական Խնդիրը Աշխատատեղիներու Բացակայութիւնն Է. Տաճատ Վարդապետեան

Ջաւախքի Հիմնական Խնդիրը Աշխատատեղիներու Բացակայութիւնն Է. Տաճատ Վարդապետեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՀՀ Ազգային ժողովի «Հանրապետական» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ ծնունդով ջաւախքցի Տաճատ Վարդապետեան, Երկուշաբթի, Յունիս 25ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին չէ թաքցուցած իր մտահոգութիւնը այն մասին, թէ Ջաւախքի մէջ խնդիրները շատ են, սակայն ինք այս հարցով լաւատես է եւ կը հաւատայ, որ անոնք աստիճանաբար պիտի լուծուին:
ՀՀԿ պատգամաւորը Ջաւախքի հիմնական խնդիրը կը համարէ աշխատանքի կարելիութիւններու բացակայութիւնը, որուն [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ՀԲԸՄի Նախագահը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ Քննարկած Է Միացեալ Ծրագիրները

ՀԲԸՄի Նախագահը Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Հետ Քննարկած Է Միացեալ Ծրագիրները

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Յունիս 25ին ընդունեց ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանը. կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ՀԲԸՄին՝ Ս. Էջմիածինի հանդէպ մնայուն կերպով ցուցաբերուող աջակցութեան համար:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ միութեան ջանքերով իրականացուող ազգանպաստ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայց. եկեղեցւոյ համար ի գործ դրուող միացեալ ծրագիրներուն:
ՀԲԸՄի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Աւստրիոյ Նախագահը Հաստատեց Ղարաբաղեան Հարցը Խաղաղութեամբ Լուծելու Անհրաժեշտութիւնը

Աւստրիոյ Նախագահը Հաստատեց Ղարաբաղեան Հարցը Խաղաղութեամբ Լուծելու Անհրաժեշտութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունիս 25ի երեկոյեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր Յունիս 26ին պաշտօնապէս դիմաւորուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Նախագահները նախ առանձնազրոյց ունեցած են, ապա երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ կայացած են տարբեր բնագաւառներու վերաբերող քննարկումներ։ Երկու երկիրներու կառավարութիւններուն միջեւ համաձայնագիրներ կնքուած են։
Ողջունելով երկու պետութիւններուն միջեւ առկայ 20 տարուան յարաբերութիւններու պատմութեան ընթացքին [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Հայ-Ատրպէյճանական Պատերազմի Պարագային Ռուսիա Չի Կրնար Չէզոք Մնալ

Հայ-Ատրպէյճանական Պատերազմի Պարագային Ռուսիա Չի Կրնար Չէզոք Մնալ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայ-ատրպէյճանական շփման գիծին վրայ վերջին շրջանին սրած լարուածութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կրկին սեւեռած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն վրայ: Ռուսիոյ Հանրային քաղաքականութեան հետազօտման կեդրոնի տնօրէն Վլատիմիր Էվսէեւը ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ հայ-ատրպէյճանական հաւանական պատերազմի պարագային Ռուսիա չի կրնար չէզոք դիրքի վրայ մնալ եւ Հայաստանի կողքին պիտի ըլլայ: [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Օհանեան-Պորտիւժա Հանդիպում

Օհանեան-Պորտիւժա Հանդիպում

Յունիս 25ին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան հանդիպում ունեցած է ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժայի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Սեպտեմբեր 3էն 8 Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող «Փոխգործակցութիւն-2012» համատեղ զօրավարժութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն, զօրավարժութեան տեղեկատուական ապահովման համար մամլոյ կեդրոնի ստեղծման, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ընելիքներուն առնչուող այլ հարցեր:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են զօրավարժութեան իրականացման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն առթիւ:

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Զինուած Ուժերու Աշխատակիցներու Ֆիզիքապէս Պատրաստուածութեան Օր

Զինուած Ուժերու Աշխատակիցներու Ֆիզիքապէս Պատրաստուածութեան Օր

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրամանագիրով ամէն տարուան Յունիսի վերջին Կիրակին Զինուած ուժերու լրիւ համակարգի աշխատակիցներու ֆիզիքական պատրաստուածութեան օր է։
Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինին համաձայն, թէեւ 24 Յունիսին առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ֆիզիքական պատրաստուածութեան օր, սակայն ակնկալուածէն շատ աւելի աշխուժ մթնոլորտ տիրած ու գործունէութիւն տարուած է։ Առաւօտեան կանուխ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Սերժ Սարգսեան Պելճիքա Պիտի Մեկնի

Սերժ Սարգսեան Պելճիքա Պիտի Մեկնի

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յունիս 27ին երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Պելճիքա։ Նախագահը Պրիւքսէլի մէջ պիտի մասնակցի Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին, հանդիպումներ պիտի ունենայ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ, եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Քեթրին Էշթընի, ԵԺԿ նախագահ Վիլֆրիտ Մարտենսի հետ:

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Աւստրիոյ Առաջին Տիկինը Այցելած Է Երեւանի Մէջ Աւստրիական Գրադարան

Աւստրիոյ Առաջին Տիկինը Այցելած Է Երեւանի Մէջ Աւստրիական Գրադարան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Աւստրիոյ առաջին տիկիններ՝ Ռիտա Սարգսեան եւ Մարկիթ Ֆիշըր Յունիս 26ին այցելած են Երեւանի պետական լեզուաբանական համալսարանի աւստրիական գրադարան, ծանօթանալով կառոյցի պատմութեան եւ գործունէութեան։ Հոն ներկայացուած է աւստրիական մշակոյթին, փիլիսոփայութեան, պատմութեան եւ այլ բնագաւառներու վերաբերող գրականութիւն։
«Աւստրիական գրադարանը սերտօրէն համագործակցում է Աւստրիայի մշակոյթի նախարարութեան հետ», նշած է գրադարանի համակարգող Լիանա Սաֆարեան, աւելցնելով, որ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

ԵԽԽՎ Յանձնաժողովը Որդեգրած Է Ատրպէյճանի Քաղաքական Բանտարկեալներու Մասին Զեկոյցը

ԵԽԽՎ Յանձնաժողովը Որդեգրած Է Ատրպէյճանի Քաղաքական Բանտարկեալներու Մասին Զեկոյցը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը Յունիս 26ին օրակարգի վրայ ունեցած է բաւական յագեցած կէտեր, յատկապէս յանձնաժողովներուն մէջ: Այս մասին Սթրազպուրկէն յայտնած է ԵԽԽՎին մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեանը: Ան դիտել տուած է, որ ԵԽԽՎ Իրաւական եւ մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովին մէջ քննարկուած են երկու զեկուցումներ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի «Քաղաքական բանտարկեալ» եզրին, իսկ երկրորդը՝ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Վահէ Աւետեանի Վիճակը Ծանր Է

Վահէ Աւետեանի Վիճակը Ծանր Է

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ դաժան ծեծի ենթարկուած Վահէ Աւետեանի առողջական վիճակին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չ՛արձանագրուիր։ Այս մասին յայտնած են Պաշտպանութեան նախարարութեան Կեդրոնական ռազմական հիւանդանոցէն։ Անոր վիճակը կը շարունակէ բաւական ծանր ու զգայուն մնալ։ Ան արդէն երկու անգամ  ենթարկուած է վիրահատութեան, եւ չի նախատեսուիր, որ նոր վիրահատութիւն կատարուի։ Հիւանդանոցէն նաեւ յայտնած են, որ միւս [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ուսուցիչներու Եւ Սարկաւագներու Համագումար

Կիրակնօրեայ Դպրոցներու Ուսուցիչներու Եւ Սարկաւագներու Համագումար

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին միայն հոգեւորականներու, ժողովականութեան անդամներու «սեփականութիւնը» չէ, այլ անիկա կը մարմնաւորուի ու կ՛ապրի, կը յառաջդիմէ նաեւ իր բոլոր ծառայողներով, անոնք ըլլան դպրաց դասու անդամներ թէ կիրակնօրեայ դպրոցի դաստիարակներ, առանց մտահան ընելու մեր ամբողջ ժողովուրդը։
Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու դպրաց դասերու մէջ վաստակ ունեցողներուն՝ սարկաւագներուն, գործը ընդհանրապէս լուռ աշխատանք է, թէեւ կը կերտէ երախտիք։ Այս [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հաւաքական Մկրտութիւն՝ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ

Հաւաքական Մկրտութիւն՝ Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ

ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Հոլիվուտի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին, հայութեան հոգեւոր եւ ազգապահպանութեան կաճառներէն մին, Կիրակի, Յունիս 17ին, Հայրերու տօնին առիթով, Լոս Անճելըսի մէջ բնակող հայութեան համար պատարաստած էր հետաքրքրական անակնկալ մը:
Յայտնի է, որ այսօր մեր համայնքին մէջ կան այնպիսի չափահասներ, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին առիթ չեն ունեցած մկրտուելու, դառնալու քրիստոնեայ եւ անդամագրուելու մեր մայր եկեղեցւոյ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Հայ Վարժարաններու Տնօրէններու Հանդիպումը Առաջնորդին Հետ

Հայ Վարժարաններու Տնօրէններու Հանդիպումը Առաջնորդին Հետ

ՊԸՐՊԵՆՔ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի եւ հայ վարժարաններուն յարաբերութիւնը աւելի սերտացնելու եւ գործնական կերպով շարունակելու նպատակով, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հրաւէրով, Երկուշաբթի, Յունիս 11ին, առաջնորդարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան վարժարանի տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի, Հոլիվուտի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի, Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ Ալֆրէտ եւ Մարկարիթ Յովսէփեան [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »

Վիգէն Զաքարեանի Անուան Հեծելարշաւի Մրցաշարք Եւ Յիշատակի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

Վիգէն Զաքարեանի Անուան Հեծելարշաւի Մրցաշարք Եւ Յիշատակի Ոգեկոչման Հանդիսութիւն

ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կիրակի, 17 Յունիսին տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտիկ, ՀՄԸՄական նահատակ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի մրցում մը՝ հովանաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի դաշնակցութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան:
Յիշեալ մրցումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի հեծելարշաւի բոլոր ակումբներէն աւելի քան 40 հեծանուորդներ: Մրցումին երկարութիւնն էր 60 քմ., Տըպպայէի «Մարինա» մայրուղիին վրայ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու յատուկ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Ֆրանսայի Մօտ Հայաստանի Դեսպանին Քննարկումները՝ Համայնքային Կառոյցներու Հետ

Ֆրանսայի Մօտ Հայաստանի Դեսպանին Քննարկումները՝ Համայնքային Կառոյցներու Հետ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան Յունիս 15էն 16 այցելած է Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ շրջանը, որ երկիրի առաջնային կարեւորութիւն ունեցող շրջաններէն մէկն է՝ տնտեսական եւ քաղաքական ներուժի տեսանկիւնէն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ այցի շրջագիծէն ներս դեսպանը առանձնազրոյցներ ունեցած է շրջանային խորհուրդի նախագահին, Լիոնի փոխքաղաքապետին, Վիլիւրպենի եւ Տեսինի քաղաքապետներուն, տեղւոյն պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Իրանի իշխանութիւնները Խոյի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Համար Գումար Կը Յատկացնեն

Իրանի իշխանութիւնները Խոյի Ս. Սարգիս  Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Համար Գումար Կը Յատկացնեն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Ըստ «Մեհր» լրատուական գործակալութեան, Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգի մշակութային ժառանգութեան եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան պատասխանատու Հոսէին Բահրենի, Իրանի կառավարութիւնը Խոյի Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման համար 230 միլիոն ռիալ (մօտ 130 հազար ԱՄՆ տոլար) գումար յատկացուցած է:
Իրանցի պաշտօնեան նշած է, որ եկեղեցին կը հանդիսանայ հայկական աւանդական ճարտարապետութեան նմոյշ եւ անոր վերանորոգման աշխատանքները պիտի  աւարտին [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »

Հետաքրքրական Վաւերագրական Մը՝ «Արարատից Եւրոպա»

Հետաքրքրական Վաւերագրական Մը՝ «Արարատից Եւրոպա»

Վերջերս, «Հայրենիք»ի խմբագրատուն այցելեց Միացեալ Նահանգներ ժամանած «Արարատից Եւրոպա» վաւերագրական ժապաւէնի բեմադրիչ Արսէն Յակոբեանը, որուն հետ կարելի եղաւ հարցազրոյց մը ունենալ:
Շնորհիւ Արլինկթընի (Մեսեչուսեց) Հայ մշակութային կեդրոնի պատասխանատու Արա Ղազարեանի, Պոսթընի «Ամարաս» հիմնարկի տնօրէն Արաքս Պատալեանի եւ Լոս Անճելըսի «People for people» հիմնարկի պատասխանատու Մոնա Մկրտիչեանի, կարելի եղած է դասաւորել եւ կազմակերպել Արսէն Յակոբեանի այցը՝ Միացեալ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Հարցազրոյց | Read More »

Հոլանտին՝ Օպամայի Վերածուելու Վտանգը

Հոլանտին՝ Օպամայի Վերածուելու Վտանգը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին լուր մը, որ հայկական կողմին, մասնաւորաբար՝ ֆրանսահայութեան ղեկավար շրջանակներու մէջ պէտք է ահազանգ հնչեցնէ:
Ըստ նշեալ լուրին՝ Չորեքշաբթի, Յունիս 20ին, Պրազիլի մէջ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է: Կը նշուի, որ հանդիպումը «Սարքոզիի օրերուն յառաջ քշուած Ցեղասպանութեան քրէականացման օրինագիծին պատճառով գրեթէ վերացած [...]

June 26th, 2012

| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »

Աւստրիոյ Նախագահը Ծիծեռնակաբերդ Այցելեց

Աւստրիոյ Նախագահը Ծիծեռնակաբերդ Այցելեց

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ Յունիս 26ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրը:
Ան ծաղիկներ զետեղեց Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց նահատակներուն յիշատակը: Այնուհետեւ Ֆիշըր այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »

Ռազմական Հռետորաբանութենէն Հրաժարելու Կոչ՝ Ատրպէյճանին

Ռազմական Հռետորաբանութենէն Հրաժարելու Կոչ՝ Ատրպէյճանին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական Միութեան լրատուական կեդրոնէն յայտնած են, որ ԵՄ-Ատրպէյճան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, Ընդլայնման եւ եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան հարցերով ԵՄ յանձնակատար Շտեֆան Ֆիւլէ ըսած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի քաղաքական կարգաւորման նպատակով ի գործ դրուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի բոլոր ջանքերուն:
Յանձնակատարը նաեւ ընդգծած է, որ ռազմական հռետորաբանութիւնը [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Ոտնձգութիւնները. ՄԱԿի Մէջ Կ՛ըսէ Նազարեան

Ատրպէյճան Կը Շարունակէ Ոտնձգութիւնները. ՄԱԿի Մէջ Կ՛ըսէ Նազարեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Կարէն Նազարեան՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի՝ Հակամարտութիւններու ընթացքին քաղաքացիներու պաշտպանութեան հարցերուն նուիրուած քննարկումին ժամա-նակ խօսք առնելով՝ անդրադարձած է Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցող ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն։ Այս ժողովին կը մասնակցէին նաեւ ՄԱԿի գլխաւոր քարտուղարը, մարդասիրական հարցերով անոր տեղակալը, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի անդամ շուրջ հինգ տասնեակ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Էրտողան Կը Սպառնայ Հակադարձել Սուրիոյ Արարքին

Էրտողան Կը Սպառնայ Հակադարձել Սուրիոյ Արարքին

ԱՆԳԱՐԱ, ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ա.Էֆ. Փէ.».- Երեքշաբթի, Յունիս 26ին, Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ ունեցած իր ելոյթին ընթացքին, վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ազդարարեց խստօրէն հակադարձել Սուրիոյ կողմէ սահմանային որեւէ խախտումի՝ թրքական ռազմական օդանաւին զգետնումը թշնամական արարք մը նկատելով: Ան աւելցուց, թէ այսուհետեւ Սուրիան կը նկատէ «յստակ սպառնալիք» մը Թուրքիոյ ապահովութեան, եւ թէ հրահանգ տուած է սահմանապահ ուժերուն, որ ըստ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Թուրքիա Դժգոհ Է Չեխիոյ Մէջ Կայացած «Մուսա Լեռները» Գիտաժողովէն

Թուրքիա Դժգոհ Է Չեխիոյ Մէջ Կայացած «Մուսա Լեռները» Գիտաժողովէն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Չեխական կեդրոնի մը ղեկավար Շիմոն Քրպեց հրաւիրուած է Չեխիոյ մօտ թրքական դեսպանատուն, Փրակի մէջ ցեղասպանութիւններուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովէն քանի մը օր ետք. թրքական դեսպանատան ներկայացուցիչները դժգոհութիւն յայտնած են անոր համար, որ «Մուսա լեռները» խորագիրը կրող գիտաժողովին ընթացքին Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսուած է:
«Գիաժողովի ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուց Քալիֆորնիոյ համալսարանէն փրոֆ. Վահրամ Շեմմեսեան: [...]

June 26th, 2012

| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »

Լեզուաբանական Հարցերին Վերաբերող Մի Յօդուածի Մասին

Լեզուաբանական Հարցերին Վերաբերող Մի Յօդուածի Մասին

«ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՈՒԽՏ»
Լոսանջելեսեան «Մասիս» շաբաթաթերթի Յունիս 9, 2012ի համարում կարդալով Մերուժան Յարութիւնեանի «Մեր Դասագրքերի Սարսափելի Լեզուն» յօդուածը՝ հարկ համարեցինք հանգամանօրէն անդրադառնալ այնտեղ արծարծուած հարցերին, դրանց յոյժ կարեւորութեան պատճառով:
Սակայն կարեւոր հարցերը մի փոքր հետաձգելով՝ պիտի սկսենք… անլուրջ ձեւով՝ երգիծական երանգ տալով մեր գրութեանը: Որպէս արդարացում, կարող ենք նաեւ ասել, որ վարակուել ենք հէնց քննարկուող յօդուածի հեղինակից, որովհետեւ [...]

June 26th, 2012

| Posted in Կիզակէտ | Read More »