ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ ռուսական նաւատորմիղէն վեց մարտանաւեր եւ մէկ կործանիչ սուզանաւ դէպի սուրիական Թարթուս նաւահանգիստ կ՛ուղղուին: Մարտանաւերը Միջերկրականի ջուրերուն մէջ պիտի մնան մինչեւ յառաջիկայ Սեպտեմբեր:
Հակառակ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութեան, Թուրքիա մտադիր չէ պատերազմ սկսելու Սուրիոյ դէմ. այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի պետ Նեճտեթ Օզեր:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը, Օզեր նշած է, թէ Թուրքիա պատերազմ պիտի չյայտարարէ՝ «հակառակ պաշտօնական Դամասկոսի սադրանքներուն»:
«Մենք կը հետեւինք իրադարձութիւններու ընթացքին եւ կ՛ընենք այն, ինչ կ՛ընեն բոլոր մեծ պետութիւնները: Մեր [...]
Ռուսիա նոր զինատեսակներու վաճառքի մասին Սուրիոյ հետ որեւէ նոր պայմանագիր պիտի չկնքէ, քանի դեռ այդ երկիրին մէջ իրավիճակը չէ կայունացած. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ Վէաչեսլաւ Ցիրկալն:
«Ռուսիա, այլ երկիրներու պէս, մտահոգ է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակով: Մենք զինուորական սարքաւորումներ մատակարարելու նոր հնարաւորութիւնները չենք քննարկեր: Նախապէս մենք կը կատարէինք հին [...]
- Ռուսիա պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային նոր խորհրդաժողով մը հիւրընկալելու:
- Անան Թեհրանի մէջ յայտարարած է, որ «Իրան սուրիական տագնապի լուծման համար դրական դերակատարութիւն կը կատարէ»:
- Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ՝ Անանի միջնորդական ջանքերը շարունակելու եւ այդ ջանքերուն աջակցելու:
- Լիբանանի Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հիւմըն Ռայթզ Ուա»չ միջազգային կազմակերպութեան իրաւապաշտպան բաժանմունքի «Նեյշընզ ին թրանզիշըն» խորագիրը կրող տարեկան զեկուցումին մէջ անդրադարձ կատարուած է Ատրպէյճանի մէջ տիրող ներկայ կացութեան։ Հոն գրուած է, որ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը Ատրպէյճանի մէջ իսկական մենատիրութիւն ստեղծած է, եւ ատիկա կարելի է բնութագրել այլախոհութեան անհանդուրժողականութեամբ եւ քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքներուն նկատմամբ անյարգալից վերաբերումով: Ըստ զեկուցումին, [...]
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ յանձնարարած է Արաքսի ջուրերը օգտագործելով՝ չորացումէ փրկել Ուրմիոյ լիճը:
Ըստ իրանական «Մեհր» գործակալութեան՝ Ահմատինեժատ յանձնարարած է Արաքսի ջրամբարէն Սալմաստ եւ Խոյ քաղաքներով ջուր հասցնել Ուրմիոյ լիճ:
Ուրմիան երկրի ամենամեծ, իսկ աշխարհի մեծագոյն աղի լիճերէն մէկն է, որ վերջերս յայտնուած է չորնալու վտանգին առջեւ:
Կ՛ենթադրուի, որ նախագիծի իրագործումէն ետք, գրեթէ 80 տոկոսով չորցած լիճը նոր [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ տեղի ունեցած ծեծկռտուքի ատեն Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռուբէն Հայրապետեան հոն չէր։ 10 Յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին նշած է Հայաստանի ոստիկանութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան կարեւոր գործերու բաժինի պետ Արսէն Այվազեան: «Այդ օրը Հայրապետեանը եղել է Սեւանում, ժամը 19:00ի սահմաններում եկել է համալիր, մօտ կէս ժամ մնացել [...]
Երգչուհի, Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Շուշան Պետրոսեանի ոստիկան ամուսինը՝ Արման Յարութիւնեան, Դիմատետրի իր էջին մէջ անդրադարձած է 8 Յուլիսին «Հարսնաքար»ի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն եւ գրած է. «Զզուելի է. իրենց պատմութիւնն են կերտում՝ ողբերգութիւնը դրօշակ դարձնելով: Սառնասրտօրէն կը սատկացնէի ոմանց: Ստեղծուած իրավիճակից էլ առիթաւորւում են առանց խոր մտածելու, որ ամենահամբերատար մարդուն էլ կարելի [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 9րդ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնի շրջագիծէն ներս, Յուլիս 12ին առաջին անգամն ըլլալով պիտի ցուցադրուի Նիկոլ Պեզճեանի «Կօշիկներս Պոլիս Ձգեցի» ժապաւէնը:
Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեան կը տեղեկացնէ, որ այդ ֆիլմը նկարահանուած է «Հայաստան-Թուրքիա կինոպլատֆորմ»ի ծիրէն ներս: Ըստ անոր՝ «կինոպլատֆորմ»ը տուած է այլ արդիւնքներ եւս. արդարեւ, երեք ֆիլմեր՝ Լուսին Տինքի եւ Սոներ Ալփերի «Հոյակապ է, [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ամերաբանկ»ը արժանացած է «Եուրոմանի»- 2012 Գերազանցութեան մրցանակին՝ իբրեւ Հայաստանի մէջ տարուան լաւագոյն դրամատունը։ Երկրորդ տարին ըլլալով դրամատունը կ՛արժանանայ նման բարձր մակարդակի մրցանակի։ Մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Լոնտոնի մէջ, 5 Յուլիսին։
Սովորաբար «Եուրոմանի» Գերազանցութեան մրցանակին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի աւելի քան 100 երկիրներէ դրամատուներ եւ այս բնագաւառին մէջ գործող այլ ընկերութիւններ:
«Ամերաբանկ»ը մրցանակը [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տարածաշրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Պաքու ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), Ռոպերթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք հանդիպում ունեցած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներկայի իրավիճակը եւ հեռանկարները:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».- Սահմանադրութեան օրուան առթիւ 3-4 Յուլիսին «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը կայացուցած է հեռաձայնային հարցախոյզ մը, որուն մասնակցած են 1100 անձեր: Տուեալները համակշռուած են, ըստ Հայաստանի բնակչութեան մարզային եւ սեռային-տարիքային բաժանումներուն: Հարցախոյզի արդիւնքներուն մէջ սխալը 3.4 տոկոս է: Արձանագրուած է 847 յաջողած պատասխան։
Հարցումներուն ընդմէջէն ի յայտ եկած է, որ հարցախոյզի մասնակիցներուն 39 տոկոսը ծանօթ չէ Հայաստանի Սահմանադրութեան [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 19 Յուլիսին կայանալիք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի պայքարին երեք թեկնածուներ։ 9 Յուլիսի արդէն իսկ աւարտեցաւ թեկնածութիւնները յետս կոչելու ժամկէտը եւ միայն մէկ թեկնածու՝ անկուսակցական Վալերի Խաչատրեան նման դիմում ներկայացուցած էր։
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը 10 Յուլիսի նիստին ընթացքին անոր թեկնածութիւնը չեղեալ նկատած էր եւ հաստատած քուէաթերթիկի միասնական նմոյշը:
Այսպիսով, ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին երեք [...]
Ցնծութեան ու գոհունակութեան պահ է իւրաքանչիւր աշակերտի համար, երբ իր աւարտին կը հասցնէ կրթական շրջանը ու բեմ բարձրանալով՝ կը ստանայ իր աշխատանքի արդիւնքը: Արդարեւ, Շաբաթ 16 Յունիս 2012ը յիշատակի պահերէն մէկը եղաւ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանը աւարտող աշակերտներուն եւ իրենց ծնողներուն համար, երբ Հոլիվուտի «Կարապետեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: [...]
Հարցազրոյցը վարեց՝
ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
«Ազդակ» օրաթերթը վերջերս ունեցած է շահեկան հարցազրոյց մը ազգային բարերար Ալեքքօ Եւ Անի Պեզիքեան ամոլին հետ:
«…1975ին բռնկած լիբանանեան պատերազմին բոցերը, բազմաթիւ ազգայիններու կողքին, Պեզիքեան ընտանիքն ալ մղեց գաղթելու, երբ անոնց բոլոր ունեցուածքները հիմնայատակ կործանեցան՝ զանոնք մղելով օտար ափերու վրայ վերստին զեռոյէն հիմնելու իրենց ընտանեկան օճախը: Պեզիքեանները սակայն չմոռցան իրենց ետին թողած ազգակիցները, ու [...]
ԽԱՉԻԿ ԴԱՇՏԵՆՑ
Գարնան մի առաւօտ Գէորգ Չաուշը ինձ կանչեց եւ մի հրացան յանձնելով՝ ասաց.
-Այս զէնքը կը տանես Խութ եւ իմ կողմից կը նուիրես նոր Մելիքին, նոր Մելիքը Խութայ լեռների քրդական աշիրեթապետն էր Ղասըմբեկ անունով: Նա ուղղակի շառաւիղն էր Տարօնի երբեմնի ցեղապետ Միրզա բեկի, որի տունը կոչւում էր նաեւ Եօթ Թամբեր:
Ղասըմբեկը 1905 թուից ի վեր Գէորգ Չաուշի [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- 1 Յուլիսէն 2 Յուլիս լուսցող գիշերը Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի աւարտական դասարաններու շուրջ 100 ուսանողներ, բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանի նախաձեռնութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ եռօրեայ շրջագայութեան գացած են Արեւմտեան Հայաստան: Ուսանողները իրենց վկայականները ստացած են Պատմական Հայաստանի հողին վրայ՝ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ:
Պսակաւոր արուեստից ուսանողներէն Մուշեղ Միդոյեան [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգէյ Կարապետեան 10 Յուլիսին խորհրդակցական հանդիպում ունեցած է պտուղ եւ բանջարեղէն արտածող մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման նպատակն էր քննարկել արտածման առնչուող տարբեր հարցեր։ Մասնակիցները նշած են, որ նախապատրաստական հանգրուանին առնչուող դժուարութիւնները յաղթահարուած են, եւ արտածման գործընթացը բաւական կազմակերպուած է։
10 Յուլիսի դրութեամբ արտածուած է 8430 թոն ծիրան, մինչ ամբողջ 2011 [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Այս տարուան առաջին 6 ամիսներուն ընթացքին Հայաստանի տարածքին արձանագրուած է երթեւեկի 1066 արկած, մահացած է 118 հոգի, 1556 անձեր ստացած են տարբեր աստիճանի ֆիզիքական վնասներ: Արկածներու կարգին 329 ինքնաշարժներ մարդոց բախած են, իբրեւ հետեւանք 36 անձեր մահացած են, 313 ուրիշներ տարբեր աստիճանի ֆիզիքական վնասներ կրած են:
Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն տեղեկացուցած են, որ մինչեւ 16 [...]
8 Յուլիսին Ստեփանաւան քաղաքի մօտեկայքը գտնուող «Բագեր» կոչուող արօտավայրին մէջ 23 կով կայծակնահար եղած ու սատկած է։ Դէպքին մասին տեղեակ պահուած է մարզպետարանի աշխատակազմին ղեկավարը:
Տեղացած անձրեւին ու կարկուտին պատճառով վնասուած են նաեւ Լոռիի մարզի Ուրասար գիւղի հացահատիկի եւ բանջարանոցի բոյսերու շուրջ 40 հեքթար ցանքատարածքներ, կայծակնահար ըլլալով սատկած է ձի մը։
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ճատրակի վարպետ Գաբրիէլ Սարգսեան արձանագրած է իր չորրորդ անընդմէջ յաղթանակը՝ Յունաստանի Ռեթինմօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին: Հայ մարզիկը չորրորդ հանգրուանին սեւ խաղաքարերով, յաղթած է հնդիկ Սթանիին եւ շահելով չորս կէտ՝ ռուս Անտրէ Ռիճաքովի եւ ուքրանացի Եուրի Քրիվոռուճքոյի հետ կիսած է 1-3րդ դիրքերը։
Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, մրցաշարքի [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 10 Յուլիսին «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Լուսինէ Յարութիւնեան յայտնած է, որ ներկայ դրութեամբ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան հետ՝ Հայաստանին մատակարարուող կազի սակագինին շուրջ:
Ներկայ դրութեամբ «Կազփրոմ»ը Եւրոպային կազ կը մատակարարէ 415 տոլարով՝ 1000 խոր. մեթրի համար:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ահա առիթը կը ներկայանայ մեզի ու ընդամէնը մեզմէ կ՛ակնկալուի քանի մը հարցեր լուծել:
Խօսքը կը վերաբերի Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթը շօշափող ոչ վաւերագրական, ոչ փաստաթղթային, վիպական աշխատանքի մը զանգուածային տարածումը ապահովելուն:
Քրիս Պոհճալեան անունով յայտնի հեղինակը գրած է «Աւազէ Ամրոցի Աղջիկները» անունով վէպ մը, որ հրատարակուած է «Տապըլտէյ Պուքս» միջազգային հրատարակչատան կողմէ եւ որ վաճառքի համար դուրս [...]
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ երբ մեր ազգային անվտանգութեան տոքթրին (doctirne- հայեցակարգը-Խմբ.) կը պատրաստուէր, այնչափ մեծ խանդավառութեամբ կը հետեւէի իւրաքանչիւր նախադասութեան, մտածելով որ այնտեղ պիտի ըլլան մեր հաւաքական գոյատեւման բոլոր երաշխիքները, ե՛ւ Սփիւռքի ե՛ւ հայրենի մեր երկու պետութիւններուն սպառնացող բոլոր վտանգներու նախատեսումը եւ համապատասխան արագ լուծումներու փաթեթները. սակայն կեանքը ցոյց տուաւ որ անիկա միայն թուղթի կտոր է, [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- 5-8 Յուլիսին տեղի ունեցած ՀՅԴ Գերագոյն Ժողովը ընտրեց ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինը, որուն անդամներն են՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, խմբակցութեան պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեան եւ Աղուան Վարդանեան, ԳՄ նախկին անդամներ Արսէն Համբարձումեան եւ Միքայէլ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ Հրաչեայ Թադեւոսեան, Սպարտակ Սէյրանեան, Ռոմիկ Մանուկեան, Յովիկ Թադեւոսեան, Վարդան Ալեքսանեան եւ Արտաշէս Նիկոյեան։ Արմէն [...]
ԵՐԵՒԱՆ.- Անցեալ շաբաթ՝ Յուլիս 5-8, վանաձորի մէջ կայացած ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 17րդ Գերագոյն ժողովը աւարտած է իր աշխատանքները՝ ընտրելով Գերագոյն մարմինի նոր կազմ մը, որ կը բաղկանայ 11 անդամներէ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ Յուլիս 9ին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Գերագոյն մարմինի անդամներ Արմէն Ռուստամեան եւ Արսէն [...]
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ Քրասնոտար երկրամասին մէջ պատահած ջրհեղեղին հետեւանքով զոհուած 149 անձերու ցանկին մէջ հայկական ութ ազգանուններ կան:
Յուլիս 10ին հրապարակուած է տարերային աղէտի զոհերու անուններուն ցանկը, որուն մէջ կը նշուին Սուսաննա Ռաֆիկի Բոգոկեանի, Զաւէն Թեւոսի Դովդեանի, Կապուստեանի (անունը յայտնի չէ), Տատիանա Վասիլիի Մեդոլեանի, Յովհաննէս Գրիգորի Շահբազեանի, Լիդիա Ստեփանի Շահբազեանի, Նինա Ռուբէնի Իշոյեւայի եւ Շումիտա Գրիգորիի [...]
ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Առցանց հարթակի վրայ պարզուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման պահանջը ամէնէն զանգուածայինն է. շուրջ 157 հազար գերմանացի ըսած է, թէ կը փափաքի, որ կառավարութիւնը ընդունի օրէնք մը, որով ապօրինի կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ»ը:
Ըստ նոյն գործակալութեան՝ նման փորձ մը, զոր արդէն կատարած է Ֆրանսան, մեծապէս [...]
ՊՈԼԻՍ, «Ակունք».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան «Ermenihaber.am»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ մինչեւ 1914 թուական, Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ պատրիարքարանը ունեցած է 2170 եկեղեցի եւ շուրջ 2000 դպրոց: Սակայն հետագային գործող եկեղեցիներուն թիւը նուազած է 45ի (32-«Ակունք»ի խմբ.), իսկ դպրոցներունը՝ 13ի (16-«Ակունք»ի խմբ.): Գործող կը նկատուին հայկական այն [...]