Home » July 23rd, 2012Entries posted on “July 23rd, 2012”
ՄԱՍՆԱԱ, Լիբանան, «Էյ.Փի.».- Մինչ Սուրիոյ հարցով Արաբական լիկայի նախարարներու յատուկ յանձնախումբը Տոհայի մէջ Երկուշաբթի, Յուլիս 23ին դարձեալ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաժարականը կը պահանջէր, Սուրիոյ մէջ կը շարունակուէին բախումները՝ բանակին եւ ընդդիմադիր զինեալներուն միջեւ:
Շաբաթավերջին կռիւները կեդրոնացան մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ, ինչպէս նաեւ Հալէպի եւ Տէր Զօրի մէջ Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնատեղիներուն շուրջ: Սուրիոյ ապահովական ուժերը ուղղաթիռներով [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Երկուշաբթի, Յուլիս 23ին, Իրաքի տարածքին, ներառեալ՝ մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ, տեղի ունեցած շարք մը յարձակումներու հետեւանքով առնուազն 100 զոհ արձանագրուած է:
- Կիրակի, Յուլիս 22ին, Թուրքիոյ մէջ ռազմական ուղղաթիռի արկածի մը հետեւանքով, առնուազն 5 թուրք զինուորներ մահացած են եւ վիրաւորուած են 7 ուրիշներ: Ուղղաթիռի արկածը տեղի ունեցած է քրտաբնակ շրջաններուն մէջ: Ըստ Թուրքիոյ բանակին՝ արկածը շարժակի [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ պետական կայքերու վրայ յարձակումներ կատարած «ՌետՀեք» անունով ծանօթ կազմակերպութիւնը հրապարակած է շարք մը փաստաթուղթեր, որոնցմէ մէկուն մէջ տեղեկութիւններ կան նաեւ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան վերաբերեալ:
«Ակօս» թերթը կը հաղորդէ, թէ ըստ նոր տեղեկութեանց՝ 2006ին Տինքին սպառնալիքներով լեցուն նամակ մը ուղարկած է Տեմիր անունով անձ մը, որուն իսկական անունը Օնուր Էսմեր [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ.ազ».- 2012ի առաջին կիսամեակին, Ատրպէյճանի պետական քարիւղի հիմնադրամի եկամուտը հասած է 7.4 մանաթի, իսկ ծախսերը՝ 4.88 միլիառ մանաթի, որուն հետեւանքով հիմնադրամին հարստութիւնը աճած է՝ հասնելով 32.6 միլիառ տոլարի: Երկուշաբթի, Յուլիս 23ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին այս մասին յայտարարած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Շահմար Մովսումով:
Հիմնադրամը գումարներ տրամադրած է զարգացման եւ շինարարական շարք մը ծրագիրներու, ատրպէյճանցի [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտ երեսփոխաններ Շաբաթ, Յուլիս 21ին Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղեցին ազատ արձակելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանը՝ դիտել տալով, որ քիւրտերուն եւ թրքական բանակին միջեւ գոյութիւն ունեցող 27ամեայ պայքարը պիտի չդադրի, այնքան ատեն որ Օչալան բանտարկուած կը մնայ: Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, երեսփոխանները ըսին, թէ տարիէ մը ի վեր Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարը [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».- Գիւմրիի մէջ բաւական լարուած եւ խառն վիճակ գոյութիւն ունի՝ 9 Սեպտեմբերին կայանալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն առնչութեամբ։ Արդարեւ, երկար տարիներէ ի վեր քաղաքապետի աթոռին բազմած ներկայ քաղաքապետը հրաժարական տուած է Հանրապետական կուսակցութեան Շիրակի մարզային կառոյցի ղեկավարի պաշտօնէն. այս մէկը շատերուն մտածել կու տայ, որ առանց հարազատ կուսակցութեան աջակցութեան ան թեկնածութիւնը պիտի չառաջադրէ 9 Սեպտեմբերին [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոնտոնի ողիմպիականի աւանին մէջ 22 Յուլիսին պաշտօնապէս բարձրացաւ Հայաստանի դրօշը։ Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, արարողութենէն ետք Հայաստանի մարզիկները պաշտօնապէս միացան ողիմպիական խաղերու մասնակիցներուն:
Ողիմպիական խաղերուն Հայաստանէն կը մասնակցին 25 մարզիկներ, վեցը՝ ծանրաբարձութեան, եօթը՝ ըմբշամարտի, չորսը՝ աթլէթիզմի, երկուքը՝ ճիւտոյի, երկուքը՝ լողարշաւի եւ մէկական մարզիկ թեքուանտոյի, բռնցքամարտի, մարմնամարզութեան եւ հրաձգութեան բաժանմունքներուն [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 21 Յուլիսին՝ ժամը 13.10ին, Ատրպէյճանի յենակէտերէն արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչ, 1987ի ծնունդ Գոռ Փ.ն, որ արդէն հիւանդանոց փոխադրուած է։
Ներքին Կարմիրաղբիւրի գիւղապետ Մանուէլ Կամենդատեան յայտնած է, որ գիւղին մէջ կացութիւնը հանդարտ է արդէն։ «Գիւղացին թեւի վնասուածք էր ստացել, բայց արդէն վիճակը լաւ է, նա տեղափոխուել է տուն», նշած է ան։
Հայաստանի [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան հիւրընկալած է «Արի տուն» ծրագիրով 23 Յուլիսին Երեւան ժամանած սփիւռքահայ պատանիները, որոնք Երեւանի քաղաքապետարան այցելած են Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ընկերակցութեամբ:
«Արի տուն» ծրագրի շրջանակում արդէն շատ պատանիներ են այցելել իրենց պատմական հայրենիքի մայրաքաղաք՝ համայն հայութեան մայրաքաղաք, ու, վստահ եմ, սիրել են Երեւանը: Թէկուզ կարճ ժամանակով հիւրընկալուելով ու ապրելով [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Երեւանի Կեդրոն Նորք-Մարաշ վարչական շրջանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը Երկուշաբթի օրուան նիստին մերժած է արտաքին գործոց նախկին նախարար, ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանի փաստաբանին՝ Տիգրան Աթանէսեանի, բողոքը: Այս մասին «Թեր»չին յայտնած է անձամբ Աթանէսեանը:
Վերջինս դատարան դիմած էր՝ պահանջելով վերացնել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) կողմէ Մայիս 25ին «Սիվիլիթաս» հիմնադրամին եւ անոր հիմնադիր Վարդան [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւնները արդէն պատրաստած են «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ տեղի ունեցած դէպքին վերաբերեալ հարցաշարքը: Անիկա ստորագրուած է ՀՅԴի, ՀԱԿի եւ «Ժառանգութեան» կողմէ եւ արդէն ուղարկուած է Գլխաւոր դատախազութեան եւ կառավարութեան:
Հարցաշարքը ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը.
«Ղեկավարուելով «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի օրէնքի 5րդ յօդուածի 1ին մասի «ը» կէտով եւ 7րդ յօդուածի 1ին մասի «բ» կէտով՝ [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 17 Յունիսին «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ դաժան ծեծի հետեւանքով սպաննուած Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի պատասխանատու բժիշկներէն Վահէ Աւետեանի դատով հետաքննութեան առնչուած հարցաշարք պատրաստեցին եւ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան եւ կառավարութեան յղեցին ՀՅԴն, ՀԱԿը եւ «Ժառանգութիւն»ը։
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը չէ ստորագրած այդ փաստաթուղթին տակ։ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեան «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Յուլիս 23ին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեան յայտնած է, թէ 2012ի Յունուար-Մարտ ամիսներուն Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած է 104,374 զբօսաշրջիկ. թիւ մը, որ 9 տոկոս նուազած է՝ 2011ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատած:
«Ներգնայ զբօսաշրջային այցելութիւնների քանակի նուազումը հիմնականում պայմանաւորուած է Իրանից այցելութիւնների նուազմամբ: Դա, իր հերթին, պայմանաւորուած է Իրանից արտագնայ զբօսաշրջութեան կտրուկ [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Հրապարակ».- Զբօսաշրջութեան միջազգային կազմակերպութեան տուեալներով, 2011 թուականին Հայաստան այցելած են 800 հազար զբօսաշրջիկներ, Վրաստան՝ 2.8 միլիոն, Ատրպէյճան՝ 1.6, Թուրքիա՝ 29.3 միլիոն զբօսաշրջիկ:
Իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկէ Հայաստանը ստացած է 587 տոլար, Վրաստան՝ 332, Ատրպէյճան՝ 824, Թուրքիա՝ 785 տոլար:
Այս տեղեկութիւնը տրամադրած է «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը։
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- «Վահէ Աւետեան» հասարակական շարժումին նախաձեռնող խումբը, իր տարածած հաղորդագրութեամբ կը տղեկացնէ զինուորական բժիշկ Վահէ Աւետեանի մահուան քառասունքին առիթով, Օգոստոս 7ին, երեկոյեան ժամը 7ին, «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրի տարածքին տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն, որուն պիտի հետեւի բողոքի երթ՝ Աւան թաղամասէն:
Նախաձեռնութիւնը կը հորդորէ ներկայ ըլլալ մոմավառութեան, յարգել Վահէ Աւետեանի յիշատակը եւ պահանջել պատասխանատուութեան ենթարկել բոլոր մեղաւորները:
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Յառաջիկայ 27 Յուլիսէն 12 Օգոստոս Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոն, պիտի հիւրընկալէ 2012ի Ամառնային Ողիմպիականի խաղերը, որոնց ընթացքին պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր՝ մասնակցող երկիրներուն մարզիկներուն միջեւ:
«Լիբանանահայութեան յոյսերը կապուած են Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբին մաս կազմող մարզիկ Դուին Մումջողլեանի վրայ, որմէ ամէն գնով կ՛ակնկալուի մետալ մը:
Եթէ կարգ մը [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԿԱԼԿԱԹԱ, Հնդկաստան.- Շաբաթ, 7 Յուլիսին Ս. Էջմիածինի հովանաւորութեան տակ գործող Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի ռուկպիի խումբը «Սենթենըրի» բաժակի առաջնութեան եզրափակիչ հանգրուանին յաղթեց «Մէյտըն Հեզըրտ» խումբին:
Խաղի ընթացքին երկու խումբերն ալ իրենց լաւագոյնը դրսեւորեցին՝ ցուցադրելով ռուկպիի մէջ ունեցած իրենց հմտութիւնն ու վարպետութիւնը:
Աւարտին, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի խումբը 27-05 արդիւնքով նուաճեց «Սենթենըրի» բաժակը:
Հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Ինչպէս հաղորդած էինք, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան անցեալ շաբաթ ընտրուեցաւ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ:
Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան ծնած է 1969ին, Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական կրթութիւնը Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ Սուրէն Խանամիրեան քոլեճին մէջ ստանալէ ետք, 1980 թուականին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը: 1990ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ ձեռնադրուած է կուսակրօն [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ծիսագէտներու Միջազգային ընկերակցութեան չորրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ անցեալ Շաբաթ Լիբանանի «Լուէյզէ» համալսարանին մէջ: Համագումարին մասնակցեցան շուրջ 50 ծիսագէտներ եւ համալսարանի դասախօսներ՝ Յունաստանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն ու Հնդկաստանէն:
Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան մասնագիտական դասախօսութիւններ, յատկապէս Արեւելեան ծէսին առնչուող նիւթերու մասին: Այս ծիրէն ներս յատուկ տեղ տրուած էր հայ եկեղեցւոյ [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Տը Հաֆֆինկթըն Փոս»չ հրապարակեց սուրճի ամենահին գովազդը, որ թուագրուած է 1650 եւ որ կը ցուցադրուի Լոնտոնի Բրիտանական թանգարանին մէջ։ Գովազդը գրուած էր Լոնտոնի առաջին սրճարանին կողմէ։
Խանութը բացած էր Փասքուա Ռոզէ անունով հայ վաճառական մը, որ Փարիզէն Լոնտոն գացած էր եւ քաղաքին մէջ սուրճի յեղափոխութիւն իրականացուցած։
Լոնտոնի մէջ առաջին սրճարանը բացուած է 1652ին՝ հայու մը կողմէ։ Զայն [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ տակաւին կանուխ է սուրիահայերու զանգուածային ներգաղթին մասին խօսելու։ Անոր համաձայն, ցարդ միայն չորս ընտանիք այս իմաստով դիմում ներկայացուցած ու տեղաւորուած է կացարաններու մէջ։ Նախարարը դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ ներգաղթի մասին տեղեկութիւններ չկան, որովհետեւ մեր հայրենակիցները չեն խօսիր ներգաղթի կարգավիճակի մասին, [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 Յուլիսին ընդունած է «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան միջազգային երկրորդ սիմփոզիումի մասնակիցները։ Ան քանդակագործներուն հետ քննարկած է Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման առնչուող հարցեր։
Նախագահ Սահակեան շատ կարեւոր նկատած է մշակութային նման կարեւոր նախաձեռնութեան մը կայացումը Արցախի մէջ՝ գոհունակութիւն յայտնելով այդ գծով եւ յուսալով, որ անիկա աւանդական դառնայ:
Բակօ Սահակեան դիտել տուած [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
July 23rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼԻՒՍԻ ՍՈՒԼԱՀԵԱՆ.- Ի՞նչ զգացումներ ու մտորումներ ունեցաք, երբ ձեր «Ափրիկեան Համանուագ»ը անգլերէնի ու ռուսերէնի թարգմանուելէ ետք՝ Սուրիոյ մշակութային նախարարութեան ուշադրութեան արժանացաւ ու Դամասկոսի մէջ արաբերէնով լոյս տեսաւ։ Եւ դեռ, ինչպիսի՞ ապրումներ ունեցաք, երբ «Համանուագ»ը արաբական տարազով տեսաք։
ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ.- Գեղարուեստական գրողի մը համար, հոգ չէ թէ ի՛նչ գոյնի ու ազգութեան կը պատկանի, վերացնող յուզիչ զգացում դառնալու [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործեն բազմաթիւ միութիւններ՝ իւրաքանչիւրը իր նպաստը բերելով մեր համայնքի մշակութային, մարզական, ընկերային, կրթական, բարեսիրական կարիքները գոհացնելու աշխատանքին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կը գնահատէ բոլոր միութիւններու գործունէութիւնը եւ ըստ հնարաւորին՝ կ՛աջակցի անոնց:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար, անշուշտ, կարեւոր է, որ բոլոր միութիւնները զօրանան եւ կարենան հզօրացնել իրենց ծառայութիւնները շարունակելու կռուանները:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վերջին աւելի քան մէկ տարուան ընթացքին Սուրիոյ հանրապետութեան սահմաններէն ներս տիրող տագնապը մնայուն նիւթ դարձած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան օրակարգին վրայ: Վեհափառ հայրապետը Բերիոյ թեմի առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային իշխանութեան ճամբով միշտ իրազեկ կը դառնայ մեր ժողովուրդի իրավիճակին: Անկախ այս բոլորէն, վեհափառը զանազան առիթներով, անցնող տարուան ընթացքին եւ նոյնիսկ անցեալ [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական հարցերով համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն եւ Էտ Ռոյս շնորհաւորական ուղերձ յղած են Արցախի մէջ Յուլիս 19ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն կապակցութեամբ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ քոնկրեսականները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ մասնաւորապէս դրուատած են «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ խաղաղ, արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու կայացումը»՝ աւելցնելով, որ «Յուլիս 19ին կայացած նախագահական [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Սուրիոյ ընդդիմադիր Սուրիոյ ազատ բանակը Կիրակի օր յայտարարեց Հալէպ քաղաքը ազատագրելու ուղղուած լայնածաւալ գործողութեանց մասին: Ընդդիմութիւնը տեղեկացուց, որ Սուրիոյ ազատ բանակը գրաւած է Հալէպի յարակից շրջանները եւ սկսած է գրոհելու քաղաքը:
Այս առթիւ, Սուրիոյ ազատ բանակի զօրավար Ապտըլ Ժապպար Օկայիտի տեսաուղերձ մը զետեղած է Youtube-ի վրայ, ուր յայտարարած է, թէ Ազատ բանակը պիտի գրաւէ [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հրապարակուած է ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի «Աւանդական սպառազինութիւններու վերահսկումը տարածաշրջանային ու ենթատարածաշրջանային մակարդակներով» զեկոյցը, որուն մէջ ներկայացուած է նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ սպառազինութիւններու հետ կապուած իրավիճակը:
Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի, թէ Ատրպէյճան սպառազինութիւններ գնելու վտանգաւոր արշաւի մը սկսած է՝ խախտելով երկիրին վերապահուած զէնքերուն թիւերը, որոնք սահմանուած են Եւրոպայի մէջ աւանդական սպառազինութիւններու [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական համայնքի առաջին հանդիպումը երկրի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հետ հաւանաբար տեղի ունենայ մինչեւ Յուլիս 31. Երկուշաբթի, Յուլիս 23ին այս մասին տեղեկացուց ՀՅԴ Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Հրաչ Վարժապետեանը՝ նշելով, որ հանդիպման ճշգրիտ օրը սահմանելու համար քննարկումները կը շարունակուին:
Նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին պիտի քննարկուի միայն մէկ հարց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Չենք գիտեր, թէ հայ ժողովուրդը, ի Հայաստան ու ի սփիւռս, ինչպէ՞ս կամ ինչո՞վ պէտք է հպարտանանք՝ ի տես Ազգային ժողովի երեսփոխաններու վերջին ընտրութեան, որ տեղի ունեցաւ ընթացիկ տարուան Մայիսին:
Հարցը այդ ընտրութեանց քննարկումը չէ, որուն մասին բազմաթիւ անգամներ անդրադարձանք, այլ՝ այն «հերոս»ներուն, որոնք բազմեցան այդ աթոռներուն վրայ, մեծ մասը ըլլալով նախորդ խորհրդարանի անդամներ (իմա՝ դասարանը [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
«Սապահ»ի Յուլիս 17ի թիւին մէջ, Էօմեր Թաշփընար յօդուած մը ղրկած էր Ուաշինկթընէն։ Խորագիրն է՝ «Մեր Հայկական Հարցը. Արդար Յիշողութիւն Եւ 2015 Թուականը»։
Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, Հայկական հարցի մասին լրագրողներու հետ խօսելու ընթացքին ըսած էր, որ պէտք ունինք «արդար յիշողութեան» մը։ Նախարարը ըսած էր, որ այս մարզէն ներս պէտք է [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլ քաղաքի ջուրի եւ ելեկտրականութեան վարչութիւնը կազմակերպած է համայնքային տեղեկատուական ժողով մը, ելեկտրական ուժանիւթի վարձքերու բարձրացման առաջարկին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու համար քաղաքի բնակչութեան:
Կլենտէյլի բնակիչներուն կը խրախուսուի մասնակցիլ ժողովին եւ պարզել, թէ գիներու առաջադրուած բարձրացումը ինչպիսի՞ անդրադարձ պիտի ունենայ իրենց վրայ։
Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յուլիս 25ին, երեկոյեան ժամը 7էն 8:30, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ [...]
July 23rd, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »