Home » December 28th, 2012Entries posted on “December, 2012”
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայութեան բաժինի պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Նորիկ Սարգսեան 28 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ 2012ին երթեւեկութեան մշակոյթը մեծապէս տարածուած է քաղաքացիներուն մօտ՝ շնորհիւ այն տարբեր ձեւերուն եւ սարքերուն, որոնց դիմած է ոստիկանութիւնը։ Այս աշխատանքին իբրեւ արդիւնք նուազած է երթեւեկութեան արկածներուն եւ այդ պատճառով արձանագրուած զոհերուն ու վիրաւորներուն թիւը։ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 28 Դեկտեմբերին սուրիահայ ուսանողներուն յանձնուեցան կառավարութեան կողմէ յատկացուած կրթաթոշականեր՝ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ, որ դիտել տուած է, թէ բազմազան ծրագիրներ կը մշակուին՝ սուրիահայերուն օժանդակութիւն ցուցաբերելու եւ առկայ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար: «Մենք պէտք է լինենք իւրաքանչիւր սիրիահայի կողքին, հասկանանք՝ ինչով կարող ենք օգտակար լինել: Ներկայում շուրջ 7000 սիրիահայեր են գտնւում Հայաստանում, նրանցից շատեր [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ամանորի գիշերը՝ Դեկտեմբեր 31ին, կազմակերպած է զոհուած ազատամարտիկներու ծնողներու եւ հարազատներու այցելութիւն «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ անոնց տրամադրելով փոխադրամիջոց:
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայութեան բաժինի պետ, ոստիկանութեան գնդապետ Նորիկ Սարգսեան 28 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, որ 2012ին երթեւեկութեան մշակոյթը մեծապէս տարածուած է քաղաքացիներուն մօտ՝ շնորհիւ այն տարբեր ձեւերուն եւ սարքերուն, որոնց դիմած է ոստիկանութիւնը։ Այս աշխատանքին իբրեւ արդիւնք նուազած է երթեւեկութեան արկածներուն եւ այդ պատճառով արձանագրուած զոհերուն ու վիրաւորներուն թիւը։ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
28 Դեկտեմբերին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարած է. «2012 թուականին եւս, հարեւան պետութիւնը չկարողացաւ ձերբազատուել մեր պաշտպանութիւնում չեղած թոյլ կէտերի ապարդիւն որոնումներին տրուելու գայթակղութիւնից»։
«Բոլորս ենք յիշում ամրան սկզբին նրա կողմից Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններում ձեռնարկած ամենաիսկական արկածախնդրութիւնը եւ այն արժանի հակահարուածը, որն իսկոյն ստացաւ», իր տարեկան ուղերձին մէջ նշած է պաշտպանութեան նախարարը՝ շարունակելով. «Հասկանալի է, [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Հայաստանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ցարդ առաջադրուած թեկնածուներուն թիւը հասած է 6ի: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին իր թեկնածութեան մասին դիմում-փաթեթը յանձնած է քաղաքագէտ, անկուսակցական Անդրէաս Մարատի Ղուկասեանը:
Նշենք, որ բացի Ղուկասեանէն ցարդ առաջադրուած են ՀՀ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ազգային ինքնորոշում կուսակցութեան առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեանը, անկուսակցականներ Մհեր Հայրապետեանը, Վարդան Սեդրակեանը եւ Արամ Յարութիւնեանը:
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– 2013ին կը նախատեսուի հայկական գորգերուն վերաբերող ժապաւէն պատ-րաստել, յայտնած է Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան՝ աւելցնելով, որ աշխատանք պիտի տարուի հայկական գորգերը աշխարհին ծանօթացնելու։
Ըստ Պօղոսեանի, Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ 2013ին բացումը պիտի կատարուի գորգերու մնայուն ցուցահանդէսին:
«Արդէն ստեղծուել է գորգերի վիրտուալ թանգարան, որը նոյնպէս յաջորդ տարի կը ներկայացուի: Պատրաստւում ենք վերահրատարակել նաեւ գերմանացի մի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– ՀԱԿի պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեան 28 Դեկտեմբերին յայտարարած է, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հետ կայացած խորհրդակցութիւններուն իբրեւ հետեւանք՝ Հայաստանի ընդդիմադիր դաշտին մէջ տեղի ունեցած է մեծ պայթում։ Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրողին այն հարցումին, որ արդեօք Հայ Ազգային Կոնգրեսը վերջին տարիներուն առա՞ծ է քայլեր, զորս Փաշինեան սխալ կը նկատէ՝ ան ընդգծած է, որ՝ «ԲՀԿի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայ ոսկերիչների համաշխարհային միութեան ստեղծման 15ամեակին նուիրուած Գալա-հանդէսն ԱՄՆ Արեւմտեան ափում ամբողջացրեց Երեւանում եւ Նիւ Եորքում անցկացուած տօնական միջոցառումների շարքը: Դեկտեմբերի 9ին, Գլենդելի «Հիլթըն» հիւրանոցում, միութեան ձեռնարկն անցաւ իւրատեսակ տօնական մթնոլորտում՝ յագեցած շնորհաւորանքներով, բարձր տրամադրութեամբ եւ հայկական երգ ու պարով:
Հանդիսութեան ներկաներին ողջունելով՝ Հայ ոսկերիչների համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանը շնորհաւորեց անդամներին՝ միութեան ձեռքբերումների եւ յաջողութիւնների [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, ՀԵԴի, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան ու Հայկական ուսանողական միութեանց համախմբումի միացեալ ջանքերով կազմակերպուած հանրային քննարկումի մը ընթացքին, «Փրկել Թեղուտը» շարժումէն Եղիա Ներսիսեան Լոս Անճելըսի հայ համայնքին փոխանցեց տեղեկութիւններ Հայաստանի մէջ տարուող բնապահպանական աշխատանքներուն մասին՝ կեդրոնանալով յատկապէս Թեղուտը փրկելու համար հոն տեղի ունեցող հանքային պեղումները կասեցնելու ջանքերուն վրայ:
Մաշտոցի պուրակի եւ Թեղուտի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Դեկտեմբեր 15ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ Հրեշտակներ» Շաբաթօրեայ դպրոցի Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան նուիրուած հանդիսութիւնը: Ընթացքին, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեանը, ապա «Հայր Մեր»ով սկսաւ օրուան յայտագիրը:
Մայրենի լեզուի հնչիւնները կենդանութիւն կ՛առնէին եւ փոքրիկներու շրթներէն կը հնչէին՝ որպէս իւրօրինակ աղօթք եւ օրհներգ: Ձեռնարկի ընթացքին աշակերտները իրենց [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Մինչ Սուրիահայութեան ճգնաժամային տագնապը կը շարունակուի, կը շարունակուին նաեւ ազնիւ հայորդիներու անոնց օգնելու ջանքերը:
Ուրֆալեան եւ Ուրֆալեան փաստաբանական գրասենեակէ, Ռաֆֆի եւ Սարգիս Ուրֆալեանները փոխանակ կաղանդի նուէրներու եւ բացիկներու ծախսին, 7 հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը ըրած են ի նպաստ Սուրիահայութեան օգնութեան: Անոնք նամակով մը տեղեկացուցած են իրենց բարեկամներուն ու աշխատակիցներուն ըսելով, «Մեր բոլոր բարեկամները կը քաջալերենք [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հայ Օգնութեան Միութեան Հոլիվուտի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ Լոս Անճելըսի 13րդ ընտրաշրջանի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Էրիք Կարսեթի, այս տարի եւս նուէրներ յանձնած է գրասենեակին, որպէսզի անոնք բաշխուին շրջանի կարօտեալ ընտանիքներու զաւակներուն:
«Հայ ժողովուրդի բարեկամ Էրիք Կարսեթիի առաջին աջակցութիւնը չէ այս մէկը: Ան միշտ շրջանի հայութեան եւ յատկապէս ՀՕՄին օգտակար հանդիսացած է նիւթապէս, բարոյապէս [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգային առաջնորդարանի առաքելութիւններուն մաս կը կազմէն հայ մշակոյթն ու անոր նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպումը. նկատի ունենալով, որ 2102ը նուիրուած էր Հայ Գիրքին, այդ տարուան մշակութային գործունէութեան առանցքներէն մէկը նոյնինքն գիրքն է։
Այս ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին, երեկոյեան ժամը 7ին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիրակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ի յետմիջօրէին, Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան նստավայրը վերածուած էր ամանորեայ մանկական հրաշալիքներու փոքրիկ աշխարհի մը, ուր հարիւրաւոր 3-14 տարեկան երեխաներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ, հերթաբար այցելեցին եւ ստացան ՀՕՄի կողմէ տրամադրուած ամանորեայ խաղալիքներ:
Ժամը 2ին, Կաղանդ պապան արդէն լեցուն նուէրներով ժամանած էր կեդրոն, ընկերակցութեամբ չարաճճի կատուին, զոր շքեղօրէն զարդարուած կեդրոնէն ներս երգ ու [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Առ ի գնահատանք Լա Քանիատա-Քրեսենթա Հովիտի նախկին հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի մատուցած նուիրեալ ծառայութեանց, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, եկեղեցւոյ ներկայ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Աբովեանը, Ծխական խորհուրդը եւ տիկնանց միութիւնը Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15ի երեկոյեան յատուկ յայտագիրով մը պատուեցին զայն:
Բացման աղօթքը եւ բարի գալստեան խօսքը կատարեց Աւետիս քհնյ. Աբովեանը: Ծխական խորհուրդի պատգամը փոխանցեց [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ
Է~, Հայ Ժողովուրդին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ:
Պիտի յաղթէ, պիտի գաղթէ,
պիտի շուարի, պիտի տուայտի:
Տունէն վտարուած՝ անկիւն մը ճարէ
Տուն մնացողին հաց ապահովէ:
Պիտի աղօտի, աղօթէ պիտի,
պիտի վայէ, պիտի թաղէ,
արիանայ ու բարիանայ:
Շողշողայ պիտի, դողդղայ պիտի,
պիտի հառաչէ, պիտի շառաչէ,
պիտի չաղաչէ, այլ՝ աղաղակէ:
«Ցեղասպանութիւն» բառն ուրացողը
դատի դուռ կանչէ,
պիտի տպէ, պիտի տփէ,
պատիժ սահմանելը՝ ուրիշ պետութեանց
կշիռքին յանձնէ:
Պիտի զննէ, քննէ ու քննարկէ,
ամէն բան պակաս [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Նոյեմբեր 2012ին, «Հայկական Փարոս» բարեգործական հիմնարկը շարունակեց իրականացնել իր «Յոյսի Ճրագ» ծրագիրը՝ օգնութիւն տրամադրելով Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Աւան համայնքի, Լոռիի մարզի Դովեղ գիւղի եւ Նոր Արմաւիր համայնքի կարիքաւոր ընտանիքներուն՝ անոնց տալով հագուստեղէն, կօշիկներ, խաղալիքներ եւ մանուկներու սննդեղէն:
Գիւղերը այցելելով՝ հիմնադրամը բնակիչներուն կը ծանօթացնէ «Մայրատուն» ծրագիրի գործունէութիւնը ու ծառայութիւնները: Հիմնադրամը ապաստան կը հանդիսանայ բռնութեան զոհ դարձած յղի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգ. առաջնորդարանը վերջերս լոյս ընծայեց «Տէրունական Աղօթք»ի գունազարդ պատկերներ՝ ի յիշատակ երեք նուիրեալ ազգայիններու՝ Ալիս Աւագեանի, Ռոզա Պեքարեանի եւ Զուարթ Մովսէսեանի։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ամանորի նախօրեակին հանդիպումներ ունեցաւ հանգուցեալներու ընտանիքի անդամներուն հետ, օրհնեց մեզմէ առյաւէտ բաժնուողներուն յիշատակը եւ նշեալ պատկերներէն շրջանակուած օրինակներ նուիրեց անոնց։
Յայտնենք նաեւ, որ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, այդ պատկերներէն [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Հայ Դատի Ուժական Պայքարի Տարածման Անձնդիր Առաջնորդը
Ընկ. Աբօ:
Պարզ եւ խոնարհ անուն մը:
Դաշնակցական մարտիկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը:
Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը:
Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ Դատի ուժական պայքարի տարածման անձնդիր առաջնորդը:
Միայն ընկ. Աբօն կրնար այս բոլոր արժանիքները միատեղ մարմնաւորել՝ իր հեզութեամբ, համբերութեամբ, յանդգնութեամբ, խստապանջութեամբ եւ անուշ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական Ազգային վարժարանի Ուսանողական խորհուրդին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ին կազմակերպուեցաւ «Շարժապատկերի երեկոյ» մը, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ՝ 400 տոլար, տրամադրուեցաւ «Սենտի» փոթորիկի զոհերուն՝ Կարմիր խաչին միջոցաւ:
- Դեկտեմբեր 20ին, վարժարանի աշակերտները ներկայ եղան Կաղանդի յատուկ եկեղեցական արարողութեան մը, շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանի: Յատուկ աղօթք կատարուեցաւ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 26 Դեկտեմբերի առաւօտուն, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու սեմին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցող միաբան հայրերը իրենց շարականներով, երգերով ու արտասանութիւններով հոգեւոր ու ազգային ցնծութեան մթնոլորտ ստեղծեցին ծերանոցէն ներս: Խօսք առնելով ծերանոցի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թէրզեան ողջունեց հայրապետին այցելութիւնը, իր շնորհակալութինը յայտնելով որ Ազգային ծերանոցը միշտ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ.- 23-24 Դեկտեմբերին Բակուրիանիի մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու հանդիպում, որ կազմակերպուած էր «Բազմազգ Վրաստան» կազմակերպութեան կողմէ՝ Միխաիլ Այտինովի առաջնորդութեամբ:
Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի հայկական կազմակերպութիւնները տուեալ հանդիպման հրաւիրուած էին՝ ի յայտ բերելու եւ միասին գտնելու այն խնդիրները, որոնք կը յուզեն Թիֆլիսի հայկական համայնքը ու æաւախքի բնիկ հայ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Փարիզի Հայցոց Առաքելական եկեղեցւոյ մատենադարանի դռները այսուհետեւ բաց պիտի ըլլան նաեւ հանրութեան առջեւ: Մատենադարանը տէր է հայերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն աւելի քան 6,000 գիրքերու: Ունի նաեւ թերթերու հաւաքածոներ, որմազդեր, քարտէսներ, օրացոյցներ, ժողովածոներ, փաստաթուղթեր եւլն.:
Մատենադարանի տնօրէնն է Ժիրայր Ծ. վրդ. Թաշճեան:
Կարելի է յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ հետեւեալ կայքէջէն՝ http://www.bibliotheque-eglise-armenienne.fr
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Պատմաբան Օսման Քէօքերի հիմնած «Պիր Զամանլար Եայընճըլըք» հրատարակչատունը Թուրք ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է Թէոդիկի շատ նշանաւոր «Տիպ ու Տառ» գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը։ Գիրքը ողջոյն մըն է, որ կը տրուի հայոց գիրերու գիւտի 1600ամեակին եւ հայերէն գրատպութեան 500ամեակին։
Թէոդիկի «Տիպ ու Տառ» գիրքը հայկական տպարաններու եւ գործածուած հայկական տառերու նկարազարդ հարուստ պատմութիւնն է։ Վենետիկէն Պոլիս, Պոսթընէն [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Դեկտեմբեր 14էն 16, «Էսփաս 148»ի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ Ալֆորվիլի Հայ Մշակոյթի տան կազմակերպած գիրքի տօնավաճառին՝ Armen՛livres-ի, ութերորդը:
Նախաձեռնութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 13ի երեկոյեան՝ այս տարուան պատուոյ հիւրին՝ ամերիկահայ պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի մեծարանքի ձեռնարկով:
Ամբողջութեամբ լեցուած էր գիրքերու վաճառքին յատկացուած բաժինին քովի սրահը, ուր այս առիթով կը ցուցադրուէին հայկական տպագրութեան 500ամեակին եւ Թումանեանի նուիրուած [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացական «Կրուզնիա» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի, որ նախապէս կը յայտարարէր, թէ տնտեսապէս անտրամաբանական կը նկատէ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի կառուցումը եւ մտադիր է այդ նախագիծէն հրաժարիլ, Պաքուի մէջ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին յայտարարած է, թէ այդ հարցով իր կատարած յայտարարութիւնը «հապճեպ կատարած էր», եւ թէ իրականութեան մէջ այդ նախագիծին առջեւ որեւէ խնդիր չի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ հարցերով օգնական Ապպաս Արաքճի ցաւ յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այն յայտարարութեան կապակցութեամբ, որուն մէջ Տաւութօղլու Իրանը ամբաստանեց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան աջակցելու յանցանքով: Արաքճի կոչ ըրաւ թուրք պաշտօնատարներուն, որ չկատարեն այնպիսի յայտարարութիւններ, «որոնք կրնան ներկայի բարդ կացութեան մէջ վնաս հասցնել Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին ռմբակոծած է հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ճամբարները «Էֆ 16» տիպի ռազմական օդանաւերով:
Յարձակումները տեղի ունեցած են Թուրքիոյ եւ Իրաքի միջեւ ստեղծուած լարուած մթնոլորտին ծիրէն ներս: Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքիի գլխաւորած «Օրէնքի պետութիւն» երեսփոխանական խումբի երեսփոխաններէն Եասին Մեժիտ Չորեքշաբթի օր կոչ ըրած [...]
December 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
Լաւրով Բանակցութեանց Կը Հրաւիրէ Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28ին բանակցութեանց հրաւիրեց Սուրիոյ ընդդիմութիւնը, Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Մոսկուա այցելութեան նախօրեակին: Մոսկուա այս քայլին կը դիմէ, հակառակ անոր, որ քննադատած էր այն պետութիւնները, որոնք պաշտօնական ճանաչաում շնորհած են ընդդիմութեան:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր [...]
December 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- «Ռատիքալ»ի մէջ երկարաշունչ հարցազրոյց մը լոյս տեսած է լեզուաբան ու հրապարակագիր Սեւան Նշանեանի հետ, որուն՝ Մուհամմատ մարգարէի դէմ ուղղուած վերջին խօսքերը մեծ հակազդեցութեան տեղի տուած էին։ Նշանեան վերջերս հրատարակած է «Առիւծով Ճամբան» հատորը՝ որոշ յապաղումով, որովհետեւ առաջին հրատարակիչը ուշացուցած է հրատարակութիւնը։
Թերթը կը յիշեցնէ, թէ Նշանեանի մասնակցութեամբ կատարուած գրեթէ բոլոր հաղորդումները ազդարարութիւն կը ստանան կամ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Երեւան».– Երեւանի մէջ Ձմեռային փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցած Կաղանդ պապաներու մրցավազքին յաղթեց Մհեր Մաշումեանը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Վարազդատ Գուլոյեանը, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Շահէն Աւանեսեանը: «Բոլորին կոչ եմ անում այսպիսի մրցումների շատ մասնակցել եւ միշտ սպորտային կեանքով ապրել», նշեց Վարազդատ Գուլոյեանը: Մասնակիցները Հիւսիսային պողոտայէն վազեցին դէպի «Ազատութեան» հրապարակ:
Յաղթողները մրցանակներ ստացան «Աշտարակ կաթ» եւ «Տիփ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».– «Եռագոյն» կայքէջին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Բերիոյ Թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան անդրադարձած է վերջին օրերուն Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակին՝ յայտնելով. «Երբեմն ձայներ կը լսուին, բայց քաղաքը հանդարտ է»:
Պատասխանելով սնունդի առկայութեան մասին հարցումի մը՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ եթէ համապատասխան գումար ունենաս, կրնաս սնունդ գտնել։
Անդրադառնալով նիւթական օգնութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններուն՝ բանբերը նշած [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».– «Աշխատանք Սփիւռքի համայնքների հետ» ծրագիրի ծիրին մէջ 22-26 Դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մամուլի եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Էվելինա Բաղդասարեանն ու Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան հայրենադարձութեան բաժնի պետ Քնարիկ Պետրոսեանը աշխատանքային այցելութեամբ գործուղուած են Սպանիա՝ Մատրիտ, Վալենսիա եւ Պարսելոնա քաղաքները: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան լրատուական բաժինը:
23 Դեկտեմբերին անոնք [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28ին կը հաղորդէ, թէ Պաքուի Ղարատաղ շրջանի Մուշֆիքապատ աւանին մէջ, 1440 ատրպէյճանցի գաղթական ընտանիքներու համար նոր թաղամասի մը բացումը կատարուեցաւ՝ մասնակցութեամբ նախագահ Իլհամ Ալիեւի, որ այս առիթը շահագործած է պատմութիւնը խեղաթիւրելու համար:
Իր խօսքին մէջ Ալիեւ ըսած է. «Հայերը ատրպէյճանցիներու դէմ իրականացուցած են ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն: Խոճալուի ցեղասպանութիւնն արդէն համաշխարհային [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Ազգային ժողովի բարոյագիտութեան հարցերով ժամանակաւոր յանձնաժողովը պիտի քննէ «Թրանսփերընսի ինթըրնէշընըլ» հակափտածութեան կեդրոնի դիմումը՝ խորհրդարանի հանրապետական պատգամաւոր Մհեր Սեդրակեանի եւ «Ա1+» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Մհեր Արշակեանի միջեւ տեղի ունեցած խայտառակ միջադէպին առնչութեամբ:
Շուրջ տասը օր առաջ խորհրդարանի շէնքին մէջ Սեդրակեանը սպառնացած էր լրագրողին՝ գոչելով. «Դաւայ, դաւայ… եալլա… կը տամ ծնօտդ պոկեմ, դաւայ, թռի»:
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեանը եւ Հայաստանի մէջ Չինաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Ճաօ Մինգուենը 28 Դեկտեմբերին ստորագրած են Հայաստանի եւ Չինաստանի կառավարութիւններուն միջեւ ճարտարագիտական–տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր, որով նախատեսուած է 70 միլիոն չինական եուանի (11 միլիոն տոլարի համարժէք) անհատոյց օգնութեան տրամադրում: Կը նախատեսուի նշեալ գումարով ձեռք բերել մաքսային զննման սարքաւորումներ, իսկ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամէնէն երկարակեաց հայկական թերթերէն մէկը ըլլալու պատիւը անշուշտ դիւրին չէ շահուած: Այս պատիւը, սակայն, ոչ մէկ անձի ու ընկերութեան կ՛երթայ: Պատիւը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան շրջանին է, անոր ղեկավար մարմիններուն, անոր շարքային անդամներուն, անոր համակիր զանգուածներուն, համայն քալիֆորնիահայ համայնքին:
Կ՛արժէ, ուրեմն, միասին տօնել այս կարեւոր տարեդարձը: «Ասպարէզ»ի մեծ ընտանիքին հետ յաջորդ տարի պիտի նշենք թերթի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, անցեալ Կիրակի, կէսօրէն ետք ժամը 1:30ին տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք մը՝ ի յիշատակ երեսուն տարի առաջ թրքական յանցագործ պետութեան կողմէ առեւանգուած ընկեր Աբօ Աշճեանին:
Հաւաքի բացումը կատարեց Մարալ Թուլումեան: Իր պարունակած շահեկան տեղեկութեանց համար, ստորեւ կը ներկայացնենք Թուլումեանի խօսքը՝ ամբողջութեամբ.
«Երեսուն տարիներ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացուցած է Ֆրանսայի խորհրդարանին:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին՝ Դեկտեմբեր 19 թուակիր այս նախագիծը համապատասխան փոփոխութիւններ կ՛առաջարկէ մամլոյ ազատութեան մասին 1881ի օրէնքին մէջ՝ սահմանելով ցեղամոլութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան ուրացման դէմ պայքարի իրաւական հիմքերը:
Վալերի Պուայէ, որուն կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացման մասին առաջարկուած օրինագիծը անցեալ տարի [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28ին յայտարարած է, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Մոսկուա պիտի աշխուժացնէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները:
Ան վստահեցուցած է, թէ 2013ին, Արցախի հակամարտութեան լուծումը պիտի մնայ միջազգային հանրութեան առաջնահերթ հարցերէն մէկը:
«Ռուսիա շահաքրքրուած է միջազգային օրակարգի առանցքային բոլոր հարցերուն մէջ՝ [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը հրատարակած է «Լռութեան Ձայնը Բ. Կը Խօսին Տիարպեքիրի Հայերը» աշխատութիւնը, որ հիմնուած է տիարպեքիրցի հայերու բանաւոր պատմութիւններուն վրայ:
«Պիանեթ»ի համաձայն՝ գիրքին շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է գիրքի կազմողներ Ֆերտայ Պալանճարի, Արզու Օզթիւրքմենի եւ Էմինէ Քոլիվարի մասնակցութեամբ: Գիրքին մէջ կը պատմուին 8 կնոջ եւ 8 տղամարդու պատմութիւնները, որոնք ամբողջացած են Պոլսոյ մէջ 22, [...]
December 28th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՀՅԴ Ազգային ժողովի խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը «Սիվիլնեթ»ի հետ զրոյցում ամփոփել է 2012 տարին: Նա ասում է, որ անցնող տարում ձեռքբերումներ՝ պետութեան ու հասարակութեան մասշտաբով, չի տեսնում:
ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԱԼԽԱՍԵԱՆ.- 2012ը ձեզ համար՝ որպէս քաղաքական գործիչի, ի՞նչ ձեռքբերումների եւ ի՞նչ բացթողումերի տարի էր:
ԱՂՈՒԱՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ.- Ձեռքբերումների մասին չեմ կարող շատ բան ասել, որովհետեւ իրականում, քաղաքական առումով՝ մեզ համար [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հարցազրոյց | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
December 28th, 2012
| Posted in Գիր ու Գիծ | Read More »
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ
«Տաղանդով ծնիլը ու ապրիլը եւ այդ տաղանդը կարենալ արժեւորելը ու հարստացնելը հրաշք է ու մեծ բախտաւորութիւն»
Ռաֆայէլ Համբարձումեան
Ո՞վ է Ռաֆայէլ Համբարձումեան: Ֆոթօ-լրագրող, վաստակաւոր նկարիչ, համաշխարհային մրցոյթներու մասնակից փրոֆ. Ռաֆայէլ Համբարձումեանը սկսած է իր լուսանկարչութեան տաղանդը արժեւորելու, երբ ան տակաւին 15 տարեկան էր՝ 1948ին: Տաղանդը զինք մղեց հետեւելու լուսանկարչական աշխատանքներու: Գերմանիոյ մէջ աւարտած է Լուսանկարչութեան բարձրագոյն [...]
December 28th, 2012
| Posted in Հարցազրոյց, Մշակոյթ | Read More »
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Սի.Էն.Էն.».- Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին Սուրիա իր այցելութիւնը աւարտած Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտարարեց, թէ տագնապը կարելի է լուծել քանի մը ամիսէն, եթէ իշխանութիւններն ու ընդդիմութիւնը համաձայն գտնուին ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութեան իր առաջարկին:
Իպրահիմի ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը ծայրայեղական խմբաւորումներու չի զօրակցիր եւ բռնարարքներու դէմ է՝ կրկնելով, թէ դէպի [...]
December 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԹԻՖԼԻՍ.- Վրացական «Կրուզիա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ղազախստանի մէջ ուժի մէջ մտած է Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա փոխադրամիջոցներու միջանցքի մասին յուշագիրը, որ կը նախատեսէ համաձայնեցնել այս երթուղիի տարանցիկային սակերը, որոնք, ըստ նախատեսութեան՝ 10-13 առ հարիւրով աւելի աժան պիտի ըլլան, քան ռուսականը:
Յուշագիրը կը վերաբերի Ղազախստանի, Կասպից ծովու, Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Թուրքիոյ տարածքները եւ Ռուսիան շրջանցող փոխադրամիջոցներու [...]
December 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Յունական իշխանութիւնները աւարտած են Թուրքիոյ հետ Յունաստանի սահմանին վրայ այն պատին կառուցումը, որուն նպատակն է արգիլել կամ առնուազն սահմանափակել թուրք, ասիացի եւ ափրիկեցի ապօրինի գաղթականներու Յունաստան մուտքը:
11 քիլօմեթր երկարութեամբ պատը շուրջ չորս մեթր բարձրութիւն ունի։
Անոր կառուցումը եօթը ամսուան վրայ երկարեցաւ եւ 3.16 միլիոն եուրօ արժեց։ Ան «զինուած» է տեսախցիկներով եւ շարժում զգացող սարքերով, [...]
December 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան նկատմամբ քաղաքացիներու վստահութիւնը ակնկալուածէն աւելի նուազած է Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, ըստ Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 27ին հաղորդուած տուեալներու:
Նոյեմբերին արձանագրուած 71.5 կէտին փոխարէն, վստահութեան չափանիշը այս ամիս 65.1ի իջած է, ինչ որ նուազագոյնն է վերջին չորս ու կէս տարիներուն ընթացքին: Այս իրողութիւնը կը վերագրուի յատկապէս պետական ամավարկին շուրջ Ներկայացուցիչներու տան եւ կառավարութեան միջեւ [...]
December 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան դարձեալ օրակարգի բերած է ընդյատակեայ պետութեան հարցը՝ խօսելով ունկնդրիչ գաղտնի գործիքներու մասին, որոնք անյայտ կողմերու ձեռամբ կը տեղաւորուին զանազան անձերու աշխատասենեակներուն մէջ։ Էրտողան ըսած է, որ իր պաշտօնական աշխատասենեակին մէջ նման երեք գործիքներ գտնուած են՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ ընդյատակեայ պետութիւն կոչուածը բոլորովին մէջտեղէն վերցուած չէ եւ չի [...]
December 27th, 2012
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ 27 Դեկտեմբերին իր անդրանիկ նիստը գումարեց նախագահական հրամանագիրով յառաջացած, արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի՝ Ղարաբաղեան շարժման 25ամեակի տօնակատարութեան պետական յանձնաժողովը: Նիստին նախագահած է Ազգային ժողովի նախագահ, պետական յանձնաժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Ընդգծելով Շարժման յոբելենական տարեդարձի տօնակատարութեան կարեւորութիւնը՝ Արցախ-Հայաստան-Սփիւռք եռամիասնութեան հանրային-քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ արտաքին քարոզչութեան առումով, Ազգային ժողովի նախագահը [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է մարմնակրթութեան բնագաւառին մէջ 2012 թուականին բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրած խումբ մը ներկայացուցիչներ։
Նախագահը անդրադարձած է հանրապետութեան մարզական կեանքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն։ Բակօ Սահակեանը կարեւոր նկատած է ֆիզիքական պատրաստուածութեան եւ մարմնակրթութեան դերը՝ բնակչութեան առողջութեան պահպանման ու ամրապնդման, մատաղ սերունդի դաստիարակութեան, քաղաքացիներու աշխոյժ աշխատանքներու [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 27 Դեկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Ալճերիոյ Ժողովրդական դեմոկրատական Հանրապետութեան նախագահի անվտանգութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերով յատուկ խորհրդական Մուհամետ Քամել Ռեզաք Պառայի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են սերտ համագործակցութիւն հաստատելու երկու երկիրներու անվտանգութեան ոլորտի տարբեր կառոյցներու, որոնց կարգին պաշտպանական նախարարութիւններուն միջեւ, միջազգային գործընթացներու հետ համահունչ ընթանալու [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Յառաջիկայ տարի կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու շեմին արդէն իսկ որոշ չափով յստակացած են տարբեր կուսակցութիւններու դիրքորոշումներն ու մտադրութիւնները։
27 Դեկտեմբերին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ Հայ Ազգային Կոնգրեսը դիտել տուած է, որ պիտի չսատարէ նախագահական ընտրութիւններուն առաջադրուած ոեւէ թեկնածուի՝ աւելցնելով, որ անիմաստ կը նկատէ ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, ընտրութիւններուն չմասնակցելու եւ ոեւէ թեկնածուի չսատարելու մասին յայտարարութիւններ [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Տանգօ» ընկերութիւնը չէ հրաժարած կառավարութեան թիւ 2 շէնքը գնելէ, յայտնած է Հայաստանի պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեան՝ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Անոր համաձայն, նախնական ընկերութեան հետ սկզբնական համաձայնութիւն կնքուած է այն պայմանով, որ եթէ աճուրդին իբրեւ արդիւնք շէնքը աւելի բարձր գինով գնողներ գոյութիւն ունենան, ապա շէնքը անոնց պիտի վաճառուի, այլապէս [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 26 Դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամմետ Ալ Քապանտին, «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Լենա Հալաջեանը ստորագրած են համաձայնագիր մը։
Քուէյթ 5 միլիոն տոլար յատկացուցած է սուրիական ճգնաժամին իբրեւ հետեւանք տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող սուրիացիներուն օժանդակելու: Քուէյթի կառավարութեան որոշումով Միջազգային իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան միջոցով 100 հազար [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Դեկտեմբեր 26ին հանդիպում ունեցած է Խաչատուր Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօսական կազմին հետ եւ հանդէս եկած է դասախօսութեամբ: Հրանոյշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշած է, որ Հայաստանի անկախացումէն ի վեր միշտ խօսուած է Սփիւռքի հարցերով զբաղող գերատեսչութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան մասին:
«Չնայած անցած կարճ ուղուն՝ գերատեսչութեանը յաջողուել է նաեւ ներմուծել երկքաղաքացիութեան [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Գրիգորի Կարասինը 27 Դեկտեմբերին ընդունած է Թուրքիոյ դեսպան Այտըն Ատնան Սեզգինին:
Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական կայքէջին համաձայն, հանդիպման ընթացքին քննարկուած է իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վերաբերող հարցեր։
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը 28 Դեկտեմբերին կրթաթոշակներու կտրոններ պիտի տրամադրէ սուրիահայ ուսանողներու։
Հիմնադրամին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, ուսման ծախսերու փոխհատուցում պիտի ստանայ Հայաստանի մէջ ուսանող աւելի քան 110 ուսանող։ Վերջիններուն կրթաթոշակները հոգալու նպատակով Հայաստանի կառավարութիւնը հիմնադրամին յատկացուցած է 40 միլիոն դրամ (մօտ 100 հազար տոլար):
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ ներկայութեամբ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւին, հոգաբարձութեան, շրջանին մէջ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն ու ծնողներուն՝ Կիրակնօրեայի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Դեկտեմբեր 15ի երեկոյեան, եկեղեցւոյ «Աւետիսեան» սրահին մէջ։
Սրահը ողողուած էր Կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն ճռուողիւնով եւ ծնողներուն գոհունակ ժպիտներով: Ծնողները եկած էին ականատես ըլլալու աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած եւ Յիսուսի [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին օրը՝ Յունուար 6ին, առաջնորդարանի «Արշակ եւ Էլինոր Տիգրանեան» համալիրի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հիւրընկալութեամբ ընդունելութիւն մը, երեկոյեան ժամը 6էն 9: Ընդունելութիւնը սրտբաց հրաւէր մըն է բոլոր հաւատացեալներուն համար եւ առիթ մը՝ առաջնորդին, իր օրհնութիւնները բաշխելու եւ միաժամանակ՝ գնահատելու թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներու, Ծխական [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի կազմակեպութեամբ, Հայերէն գրատպութեան 500ամեակին առիթով հնատիպ գիրքերու ներկայացում մը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանին մէջ:
Հանդիսավար Լորա Գույումճեան գրասէր հասարակութեան ներկայացուց օրուան նիւթը քննարկող դոկտ. Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեանը: Տէր հայրը հանգամանօրէն ներկայացուց «Յաճախապատում»ը (տպագրուած 1737ին, Կ. Պոլիս), «Փիլիսոփայութիւն»ը, (1750, Վենետիկ), «Ձեռաց Շարական»ը [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Լոս Անճելըսի Սուրբ Յակոբ Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 16ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարագ մատոյց եւ քարոզեց, իսկ Ս. սեղանին սպասարկեցին ծուխի հոգեւոր հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեան եւ սարկաւագները: Քարոզի աւարտին, առաջնորդը աղօթքի հրաւիրեց ներկաները, Նիւթաունի աղէտին զոհ երախաներու եւ չափահասերու հոգիներուն համար: Օրուան քարոզը նուիրուած էր Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետին [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Անցնող շաբթուան ընթացքին Արամ Ա. հայրապետը յաջորդաբար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, Ճեզիրէի Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս եպս. Միրիաթեանի, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին ներկայացուցիչներուն հետ:
Յիշեալ հանդիպումներուն նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արա Տէմիրճեան:
Հանդիպումներուն նպատակն էր նախ մօտէն իմանալ Սուրիայէն [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Սեւանը յայտնեց, թէ 2012ը «բաւական լաւ» տարի էր յանձնախումբի գործունէութեան առումով: «Մեր աշխատանքները Քնեսեթին (Իսրայէլի խորհրդարան) մէջ բաւական արդիւնաւէտ էին: Յառաջխաղացք արձանագրուեցաւ մեր տարած (Հայկական Ցեղասպանութեան) ճանաչման գործընթացին մէջ: Յոյս ունինք, որ ձեռքբերուած յաջողութիւնները կ՛ամրապնդուին գալիք 2013ին կայանալիք Քնեսեթի ընտրութիւններէն ետք», նշեց ան «Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի մը [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նոր Տարուան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս միաբան հայրերու ընկերացութեամբ այցելեց «Թռչնոց Բոյն»: Վեհափառը այս առիթով նուէրներ տարած էր «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտներուն: Շուրջ ժամ մը ան եղաւ աշակերտութեան հետ, լսեց անոնց երգերն ու արտասանութիւնները, ապա իր հայրական խօսքը ուղղեց անոնց:
«Թռչնոց Բոյն»ը Սփիւռքի միակ ազգային որբանոցն է, որ միշտ եղած է եւ կը շարունակէ մնալ տունը [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտնած է, որ Հայաստանի զինուած ուժերու շարքերուն մէջ 2012 թուականի ընդհանուր առմամբ յառաջընթաց արձանագրուած է՝ բարեփոխումներու եւ նախորդ տարիներուն արձանագրուած յաջողութիւններու պահպանման առումով:
Անոր համաձայն, 2012ը կարգապահութեան բարձրացման առումով լաւագոյնն էր, եւ այս տարուան կարեւորութիւններէն եղած է այն, որ կարելի եղած է պահպանել արձանագրուած [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«Երիտասարդ ընտանիքին՝ մատչելի բնակարան» պետական նպատակային ծրագրի շրջանակներում հաստատուել է 987 վարկ» ընդհանուր 7 միլիառ 220 միլիոն դրամ ծաւալով: 491 վարկերը հաստատուել են, Երեւանում են յատկացուել, 484ը» մարզերում»: 20 Դեկտեմբերին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ կայացած Ազգային երիտասարդական քաղաքականութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Արսէն Քարամեանը:
Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
2012 թուականին աւելցած են առողջական խնդիրներու պատճառով բանակայիններու մահացութեան պարագաները. 45 մահուան պարագաներու զգալի մասին պատճառը առողջական հարցերն են։
Նման տուեալներ կը ներկայացնէ Հելսինկեան քաղաքացիական ժողովի Վանաձորի գրասենեակի «Բժշկական ծառայութեան հետ կապուած զօրակոչիկների եւ զինծառայողների մարդու իրաւունքների խախտումների վիճակի մասին» զեկոյցը:
Փաստաթուղթը կը ներկայացնէ զօրակոչի եւ զինուորական ծառայութեան ընթացքին բժշկական խնամքին ոչ բաւարար եւ ճշգրիտ ըլլալը, բժշկական [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Գայիանէ Դանիէլեան կը գրէ, թէ 26 Դեկտեմբերին Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է նոր գրախանութի մը, որ կը կոչուի «Նոր Գիրք» եւ կը գտնուի Բաղրամեան պողոտայի սկիզբը։ Անիկա կը պատկանի Գրողներու միութեան եւ բացուած է միութեան ներդրումով։
«Արդէն տասը տարի է Հայաստանի գրողների միութիւնը ուղղակի պայքարում է իր սեփական հողատարածքի վրայ գրախանութ բացելու հնարաւորութեան արտօնութեան համար: Քաղաքապետները [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած Սայաթ Նովայի 300ամեակի յոբելեանական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան զեկուցած է, որ 2012 թուականի սկիզբը ընթացք առած նախաձեռնութիւնները պիտի շարունակուին նաեւ 2013ին: Ցարդ հանրապետութեան մայրաքաղաքին եւ մարզերուն մէջ կազմակերպուած են Սայաթ Նովայի նուիրուած ցուցահանդէսներ, երաժշտական փառատօններ, գրական-երաժշտական ցերեկոյթներ, յոբելենական ներկայացումներ, գիտական նիստեր՝ Հայաստանի գիտութիւններու [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Օրաթերթի տարերքը մշտական հեւքն է եւ եթէ մէկ բառով ուզենք ամփոփել «Ասպարէզ»ի անցեալ տարին՝ ապա «հեւքոտ»ը լաւագոյն բնութագրումը պիտի ըլլայ մեր աշխատանքներուն:
Այդ հեւքն է, զոր մենք երբեմն կը չարաշահենք՝ թաքցնելու համար մեր միւս դժուարութիւնները, ամէն վրիպումի ու զանցումի մեղքը բարդելով օրաթերթային վազվզուքին, աճապարանքին վրայ:
Այդ հեւքն է, որ սակայն մեզի համար ժամանակ կը ստեղծէ առ [...]
December 27th, 2012
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող հայաշատ Քեսապի շրջակայքը 26 Դեկտեմբերին հրթիռներ ինկած են՝ ահ ու սարսափ պատճառելով շրջանի բնակիչներուն։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցուած են հալէպահայերու Դիմատետրի էջէն։ Քեսապի հայրենակիցները կը տեղեկացնեն, որ բարեբախտաբար հրթիռները թիրախին չեն հասած եւ ինկած են լերան վրայ։ Ըստ Դիմատետրին, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքը քանի մը օր առաջ միաձայնութեամբ համայնքապետ ընտրած [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ այս տարուան Փետրուար 26ին տեղի ունեցած հակահայ ցոյցին ընթացքին, հայերը վարկաբեկող պաստառներ պարզելու յանցանքով ձերբակալուած 10 անձերէն վեցն՝ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին հնգական ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած է, իսկ մնացեալ չորսը՝ անպարտ արձակուած:
Սակայն, բանտարկութեան դատապարտուածներուն պատիժը անմիջապէս փոխարինուած է երեք հազարական թրքական լիրայի (մօտաւորապէս 1675 տոլար) տուգանքով:
Դատավարութեան ընթացքին ամբաստանեալները մերժած են [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Մարդիկ», «Արմէնփրէս».– ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 27 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է նախորդ տարուան ընթացքին Հայաստանի պարզած իրավիճակին, յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան մէջ արձանագրուած թերութիւններուն եւ առաւելութիւններուն, որոնք իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցած են երկրին ներքին ու արտաքին կեանքին վրայ։
«Հայաստանը յստակ արտաքին քաղաքականութիւն չի վարում», դիտել տուած [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«Հետք».– 21 Դեկտեմբերին Վրաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունած համաներման մասին օրէնքը ի զօրու է նաեւ «Միասնական Ջաւախք»ի առաջնորդ Վահագն Չախալեանի համար: Ան ազատ պիտի արձակուի, երբ օրէնքը ուժի մէջ մտնէ: Այս մասին «Հետք»ին յայտնած է Վահագն Չախալեանի փաստաբան Նինօ Ադրիաշվիլին:
«Այն յօդուածները, որոնցով մեղադրանք է առաջադրուել Վահագնի նկատմամբ, ոչ ծանր յանցագործութիւն է համարւում, եւ նրան ազատ կ՛արձակեն, [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի 6րդ նստաշրջանի վերջին լիագումար նիստը տեղի ունեցած է 26 Դեկտեմբերին՝ նախագահութեամբ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին: Ներկայ եղած են կառավարութեան անդամները, հանրապետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներ՝ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ, Ստեփանակերտի քաղաքապետը:
Հաստատելով նիստին օրակարգը, որ բաղկացած էր «ԼՂՀ 2013թ. պետական բիւջէի մասին» օրէնքի նախագիծին եւ պիւտճէական թղթածրարին առնչուած տարբեր հարցերէ, [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Զրոյցը Վարեց՝
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
ՅԱՍՄԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ, «Սոցինտերն» կազմակերպութեան փոխնախագահ Մարիա Թիթիզեանի հետ մեր հարցազրոյցը սկսուեց նախագահի պաշտօնում կանանց առաջադրուելու հաւանականութեան մասին իմ հարցից: Պատասխանեց, որ երբ նոր էր եկել Հայաստան, ասում էր, որ ո՛վ առաջադրուեց կին նախագահի թեկնածու, անկախ կուսակցական հայեացքներից, նրան կ՛ընտրի՝ հաւատով, որ փոփոխութիւն կը բերի… սակայն չգիտի, թէ այսօր նախագահական [...]
December 27th, 2012
| Posted in Հարցազրոյց, Յօդուածներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Տօնական տրամադրութեան համահունչ՝ այս տարուան իմ վերջին յօդուածս կը նուիրուի ծիծաղաշարժ նիւթի մը:
«Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպէյճանական ծառայութեան թղթակից Սաատաթ Աքիֆկիզին իր «Ներածուած խոշոր եղջերաւոր անասունները բարիք չեն Ատրպէյճանի համար» խորագրեալ յօդուածով կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը 23 միլիոն տոլար ծախսած է «Գերմանիայէն եւ Աւստրիայէն 4500 գլուխ ցեղային կովեր ներածելու համար՝ անասուններու որակն ու [...]
December 27th, 2012
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
«L՛ARMENIE DU LEVANT (XIe-XIVe siecle)»*
ՄԻՋԻՆ ԴԱՐՈՒՆ՝ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ
ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵԾ ՀԱՅՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ արտասահմանեան անդամ Գլօտ-Արմէն Մութաֆեանի նոր աշխատասիրութիւնը կը կոչուի «L՛Armenie du Levant**»: Անիկա կը ներկայացնէ 11էն 14րդ դարերու Հայոց պատմութիւնը: Կը բաղկանայ զոյգ հատորներէ:
Մութաֆեան, որ Հայոց կիլիկեան շրջանի լաւագոյն մասնագէտներէն է եւ հեղինակը՝ [...]
December 27th, 2012
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
ԳԷՈՐԳ ԱՂԱԲԱԲԵԱՆ
ՀՅԴ Գերագոյն ժողովն որոշեց, որ Փետրուարին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններին թեկնածու չի առաջադրելու՝ բացառելով նաեւ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը պաշտպանելու տարբերակը:
Եթէ հաշուի չառնենք «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի պարագան, ընդդիմադիր դաշտը Սերժ Սարգսեանին գործնականում թողնում է մեն-մենակ՝ իշխանութեան վերարտադրման եւ բացառապէս այդ խնդրին յարմարեցուած ընտրական համակարգի հետ դէմ յանդիման: Սերժ Սարգսեանը հիմա ստիպուած կը [...]
December 27th, 2012
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
Մեր զէնքի, մեր սուրի զօրութիւնը չափելու հարկադրանքին տակ պէտք է զգանք մենք մեզ, ամէն օր: Ոչ միայն չափելու, այլ անոնց հասողութեան սահմանները ընդարձակելու խնդիր ունինք, որովհետեւ մեր անցեալը բաւական ապացոյցներ ունի, թէ մենք երբե՛ք մեր հաւաքական կարելիութեանց ամբողջութիւնը չենք օգտագործած ազգային կարեւորագոյն մարտահրաւէրները դիմագրաւելու ժամանակ:
Գալիք տարի Արցախեան ազատագրական նորագոյն շարժումի քսանհինգամեակն է: Մեր առաջին հաստատումին, [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ.- Ո՞րն է ըստ ձեզ, մեր ազգային իրականութեան առաջնահերթ խնդիրը:
ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ.- Այսօր մեր իրականութեան ամէնից ցայտուն եւ մտահոգիչ խնդիրն այն է, որ ազգը, ազգի զաւակները մէկ ընդհանուր ապագայ չեն պատկերացնում, գոյութիւն ունի մէկ եւ միացնող գաղափարական տարազի պակասը: Հայ մարդու համար անհեթեթ սկսած է դառնալ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարի սրբութիւնը, եւ [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Օրուան հեւքոտ աշխատանքը այդքան չէր յոգնեցուցած ու սպառած զիս, որքան խճողուած մայրուղիին վրայ կարճ տարածութիւն մը աւելի քան մէկ ժամէն կտրելու հարկադրանքը, այն ալ՝ դիմացէն եկող ինքնաշարժներու լոյսերուն դէմ «ճակատելով»։ Տուն մտնելով, խոնջած մարմինս ու զգայարանքներս նետեցի բազկաթոռին գիրկը, ծածկոցով մը ապահովուեցայ սենեակէն ներս տիրապետութիւն հաստատած ուշ աշնանային թեթեւ ցուրտին դէմ, կողքիս դրուած ձայնասփիւռէն [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
Անտառից եկած
կանաչ եղեւնին
Յիշում է կանաչ
իր ընկերներին
Արահետներն է
յիշում ձիւնի տակ,
Յիշում է բացատն
ու բուքն սպիտակ:
Երկինքն է յիշում իր
գլխի վերեւ
Եւ իր մայր անտառն
ասեղնատերեւ:
Հովերն է յիշում նա գարնանային,
Որ իրեն այնպէս օրօրում էին:
Յիշում է սօսափն ամէն մի ծառի,
Խարոյկն է յիշում անտառապահի:
Յիշում է բոլորն ու չի ափսոսում,
Որ էլ անտառի երգը չի լսում:
Ինչո՞ւ ափսոսայ, երբ իր թեւերին
Գարուն է բերել երեխաներին,
Գարուն է բերել [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ
Տաս տարեկան թոռնիկս, շաբաթավերջին եւ արձակուրդներին միշտ աղօթում է, որ օրը երկար լինի, շատ ժամեր ունենայ խաղալու: Եւ միշտ ժամանակը չբաւարարելով հիասթափուած հարցնում է, թէ ինչպէս օրը երկարացնի: Ես մտածում եմ, եթէ օրը կարճ է այս տաս տարեկանի համար, հապա ի՞նչ անենք մենք: Հաւանաբար ժամանակի հասկացողութիւնը սուր կերպով ես զգում նախ մանկութեանդ եւ [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
Ողջո՜յն քեզ, անմէգ
Նորածին տարի,
Ողջո՜յն քեզ, աշխարհ
Հազար դարերի,
Ողջո՜յն քեզ, օրհնեալ
Արեւ կենսալի,
Ողջո՜յն քեզ, ղօղանջ
Սիրոյ ու երգի…
Ողջո՜յն քեզ, հրաշք
Հող իմ հայրենի,
Ողջո՜յն քեզ, հայոց
Ժողովուրդ արի,
Ողջո՜յն քեզ, խաղաղ
Արշալոյս բարի,
Ողջո՜յն քեզ, զարթօնք
Լուսէ երազի…
Աւիկ Դերէնց
Բոստօն
————————————————————————–
ՄՇՏԱԴԱԼԱՐ ԵՂԵՒՆԻՆ
Դալար եղեւնին
Ինչե՜ր է տեսել,
Խաւար է տեսել երկնում ամայի,
Շանթահարուել է
Ուժից որոտի,
Տեսել է յորձանք, տարափ, մրրկալի…
Գորշ ու տխրադէմ
Ամպեր է տեսել,
Հողմեր է տեսել անզուսպ, ամեհի,
Ձմրան ցրտաշունչ
Երկնակամարում,
Ժպիտն է պահել գարանան
զարթօնքի…
Հողի, քարի [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ
Ի՞նչ գրեմ: Ամէն նոր տարուան համար պէտք է բան մը գրեմ: Այս տեսակի նիւթի մը ձեռնարկելէ առաջ, պէտք է մտածեմ, թէ անցեալ տարի ի՞նչ գրած էի: Պէտք է ստուգեմ թէ նախատեսութիւններս իրականացած էին թէ՝ ոչ: Պէտք է մտածեմ, թէ այսօր ի՞նչ բան փոխուած է մեր ազգային կեանքին մէջ: Կ՛արժէ՞ արդեօք յաջորդ տարուան մասին մտածել [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
Խարբերդի մէջ Նոր տարուան իրիկունը հայերու մօտ սովորութիւն է գօտեկախը: Պատանի տղաք, ձմեռուան պաղ եղանակին, կը ցատկեն տուներու մէկ տանիքէն միւսը եւ ամէն անգամ պարանով մը տան երդիքէն կ՛իջեցնեն քսակ մը: Անոնք այս առիթով յատուկ երգեր կ՛երգեն, քառեակներ կ՛արտասանեն եւ կը սպասեն իրենց կաղանդչէքին: Նոյն պահուն, տատիկը քսակին մէջ կը լեցնէ ընկոյզ, չոր միրգեր, շաքարեղէն, [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ՏՈՔԹ. ՇԱՀԷ ԵՆԻԳՈՄՇԵԱՆ
Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին տեղի ունեցած երկու հիմնական զարգացումներ մնայուն ազդեցութիւն ունեցան մեր հայկական, ազգային աշխարհաքաղաքական իրավիճակին վրայ: Առաջին հերթին եւ գլխաւորաբար, Հայաստանի վերանկախացումով՝ 1991 թուականին, անգամ մը եւս հանրապետութիւնը կիզակէտի վերածուեցաւ եւ խլեց հայ ժողովուրդի ուշադրութիւնը: Վերջին 21 տարիներուն ընթացքին բաւական բարեփոխումներ տեղի ունեցան Հայաստանի մէջ, սակայն արդարօրէն կարելի է ըսել, [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր մարդու փափաքը վերապրիլն է հին տարիէն, քան՝ դիմաւորելը նորը, որուն բերած անորոշութիւնը ինքնին վախազդու է:
_ Հին տարուան հարցերը, խնդիրները, մտահոգութիւններն ու տագնապները վերջացա՞ն որպէսզի կարենանք նորը դիմաւորել, կը բողոքէր հազիւ իր օրապահիկը վաստկող մեզի ծանօթ բանուորը: «Դիմաւորել» բայով ան կը հասկնար «տօնել»: Որովհետեւ ամէն մարդ, այս կամ այն ձեւով, նոյնիսկ ստիպողաբար [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ՕՆՆԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
Անտարակոյս, տնտեսական, գիտական ու մշակութային ներուժը, ինչպէս նաեւ մարդուժը զօրաւոր գործօններ են որեւէ երկրի ու պետութեան կայացման ու հզօրացման համար: Այդուհանդերձ, առանց օրէնքի ու սահմանադրութեան անշեղ գործադրման եւ իրական ժողովրդավարութեան կիրառման դժուար է պատկերացնել կայացած ու հզօր երկրի ու պետութեան գոյութեան մասին:
Ժողովրդավարական վարչակարգերում ժողովուրդը իր իրաւունքների տնօրինումը եւ իշխանութիւնը փոխանցում է իր իսկ քուէով [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ազգի մը գոյութիւնը եւ ինքնութիւնը պայմանաւորուած է հողով, հայրենիքով, պետականութեամբ եւ իր սեփական լեզուով ու մշակոյթով։ Ամէն ազգ իրաւունքը ունի իր իւրայատուկ ինքնութիւնը պահելու: Իսկ այս իրաւունքը ունի իր փոխադարձ պարտաւորութիւնները։
Ազգի մը հիմքը լեզուն է: Անիկա միակ տարրն է, որ տարբերութիւն կը դնէ ազգերու միջեւ։ Ամէն ազգ կենդանի է իր լեզուով: Լեզուն կը [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
2011ին սկսած եւ 2012ին խորացած Սուրիոյ քաղաքական ճգնաժամը ծանր հարուած հասցուց տեղւոյն հայ համայնքին: Զոհեր, քանդում, նիւթական ահաւոր վնասներ, բայց մանաւանդ՝ ապագայի բացարձակ անորոշութիւն:
Դժուար է, եթէ ոչ պարզապէս անկարելի, որեւէ կանխատեսում ընել այս ճգնաժամի աւարտին ու անոր հետեւանքներուն մասին: Ի՛նչ ալ ըլլայ ներսուրիական միջհամայնքային բաժանման գիծերու խորութիւնը, յստակ է, որ Պաաս կուսակցութեան, աւելի [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
«ԱԶԱՏ ԱՐՑԱԽ»
Աւարտին է մօտենում 2012 թուականը: Ընդունուած է տարիների եզրագծում ամփոփել որոշ արդիւնքներ, եւ ըստ այդմ ցանկալի է հասկանալ, թէ անցնող տարին ինչ տուեց ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Ինչպէս յայտնի է, 2012 թուականին ԵԱՀԿ նախագահութիւնը Լիտուայից ընդունեց Իռլանդիան: Պէտք է նշել, որ, ի տարբերութիւն ԵԱՀԿի նախկին ղեկավարներից շատերի, որոնք պատանեկան եռանդով խոստանում էին արմատական բեկում մտցնել [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տարեվերջը հասած էր:
Աշնանացած առաւօտ մըն էր ու չեմ գիտեր ինչպէս յանկարծ մենք՝ ես ու ազգակիցս՝ երկուքով, սենեակէս ներս կրկին անգամ իրարու հանդիպեցանք: Մտերիմ բարեկամս էր ան, անբաժան ընկերս ու նաեւ խորհրդակիցս:
Գրեթէ լուսաբացի սկիզբն էր ու դուրսը, քաղաքին վրայ կախուած էր մշուշը, իսկ ծառերու կատարին գունատ դեղինը շատոնց նստած էր արդէն: Թէեւ փողոցներուն մէջ ձիւն [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ԽՈՐԷՆ ԱՐԱՄՈՒՆԻ
Վերջին տարիներին յաճախ եմ լինում Հայաստանում: Բարեկամներիս հետ հերթական հանդիպումն էր: Հակառակ տաս եւ աւելի տարիներ առաջուայ՝ ուրախ ու թռվռան երեխաներ, ճոխ սեղան, տեղները չգտնող, անընդմէջ վազքի մեջ կչկչան հարս ու աղջիկ, շղթայի պէս սրտները միմեանց ագուցուած եղբայրներ, եղբօրորդիներ, ռաբիս երաժշտութիւն, վերջապէս, ոգելից խմիչքից տաքացած գլուխներ:
Կէս գիշեր էր, երիտասարդները ինձ «պատիւ» տալու, կամ «ծերուկիս» [...]
December 27th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ այս տարուան Փետրուար 26ին տեղի ունեցած հակահայ ցոյցին ընթացքին, հայերը վարկաբեկող պաստառներ պարզելու յանցանքով ձերբակալուած 10 անձերէն վեցն՝ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին հնգական ամսուան բանտարկութեան դատապարտուած է, իսկ մնացեալ չորսը՝ անպարտ արձակուած:
Սակայն, բանտարկութեան դատապարտուածներուն պատիժը անմիջապէս փոխարինուած է երեք հազարական թրքական լիրայի (մօտաւորապէս 1675 տոլար) տուգանքով:
Դատավարութեան ընթացքին ամբաստանեալները մերժած են [...]
December 27th, 2012
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Տարեվերջի ընդհանրացած սովորութիւն է, որ անհատներ, հաւաքականութիւններ, կազմակերպութիւններ թէ իշխանութիւններ կ՛արժեւորեն իր աւարտին հասած տարուան հաշուեկշիռը։
Աշխարհի չորս ծագերուն, նոր տարուան սեմին, բոլորը հաշուեյարդարի կը նստին եւ գնահատումը կը կատարեն իրենց ձեռքբերումներուն ու կորուստներուն։
Ինքնանպատակ չի կատարուիր, անշուշտ, հաշուեյարդարը։
Բոլորին մօտ ալ կ՛իշխէ, փորձուած ու անցեալին յանձնուող տարուան հաշուեկշիռէն մեկնելով՝ գալիքին համար անհրաժեշտ դասերը քաղելու նախանձախնդրութիւնը։
Դասեր, որոնք [...]
December 26th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »
Հայկական Հին Տոհմապարերու Վերայայտնագործումը
Հարցազրոյցը Վարեց՝
ՎԱՐԴԻ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ
Հայաստանի «Կարին» Հայ Աւանդական երգի-պարի համոյթը, իր պարուսոյց-ղեկավար Գագիկ Գինոսեանի գլխաւորութեամբ, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ Տիառընդառաջի կրակին շուրջ խճողուած ժողովուրդը փոխադրեց արեւմտահայաստան, աւելի ճիշդ՝ «մըր էրկիր»՝ Կարին (Էրզրում), Մուշ, Տարօն-Տուրուբերան, Ալաշկերտ ու Սղերդ:
Յաճախ տեսած ենք պարախմբային բեմադրութիւններ, ուր ներդաշնակն ու համաչափ ճկունութեան միացած նազանքը գեղեցիկ բան տեսած ըլլալու [...]
December 26th, 2012
| Posted in 2013 Նոր Տարուան Յաւելուած | Read More »