Home » January 4th, 2013Entries posted on “January 4th, 2013”
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 3 Յունուարին գայլեր մտած են Սիւնիքի մարզի Բռնակոթ համայնք եւ մէկ գիշերուան մէջ մօտ 100 ոչխար կուլ տուած են: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Բռնակոթի գիւղապետ Ատոմ Առաքելեանը:
«Բոլոր ոչխարները պատկանել են մի գիւղացու՝ Սէյրան Առաքելեանին: Հիմիկուայ տուեալներով չեմ կարող ասել, թէ նիւթական ինչ վնաս են տուել, բայց էն որ մի ժամանակ պարսիկներն էին ոչխարի [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Հիդրոմեխանիկայի եւ վիբրոտեխնիկայի բաժին» ընկերութիւնը կը նախագծէ նոր հողմաելեկտրակայան մը։ Սաւոնիուս-Ճումպօ տեսակի ելեկտրակայանը՝ 20 քիլոուաթ հզօրութեամբ, 3-18 մ/վ քամիի պարագային ելեկտրականութիւն պիտի արտադրէ: Կեդրոնը կը կատարէ շարժակի տեղադրման եւ համադրման աշխատանքներ։
Արտօնագիր ձեռք բերելու դիմումը արդէն կը գտնուի Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարութեան Մտաւոր սեփականութեան գործակալութեան մօտ: Այս մասին «Նիուզ»ի յայտնած է [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ աշխատող 26 գիտական խումբեր 2013ին պիտի ստանան Հայկական ազգային գիտակրթական հիմնադրամի (ՀԱԳԿՀ, Armenian National Science and Education FundANSEF, http://www.ansef.org) դրամաշնորհները՝ իւրաքանչիւրը 5000ական ամերիկեան տոլար: Ներկայացուած 184 դիմումներէն յաղթողները ընտրուած են ՀԱԳԿՀ յանձնաժողովին կողմէ՝ 40 անկախ գրախօսողներու կարծիքներու հիման վրայ: Յաղթողներուն մէջ են 15 խումբեր՝ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) հիմնարկներէն, 7՝ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Բարեկամաւանի բարեկամները շրջան վերադարձած են ինչպէս որ խոստացած էին։ Սակայն անոնք ձեռնունայն չեն եկած։ Մէկ ամիս առաջ Ապրես Զոհրաբեանը Բարեկամաւանի հրապարակին չափերը առած էր, իսկ ծրագիրը արդէն իրականութիւն դարձած է։
Բնատաճար նախաձեռնութեան հեղինակները կարճ ժամանակուան ընթացքին խօսքը գործի վերածեցին: Սահմանամերձ գիւղի փոքրիկներուն համար խաղավայր–հրապարակի խաղալիքները արդէն տեղադրուած են: Նոյնիսկ վատ եղանակը չի խանգարեր փոքրիկները, որոնք նոր [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախարարութեան տարած աշխատանքին ամփոփումը կատարելով՝ յայտնած է, որ 2012ը ծանրաբեռնուած տարի էր: 4ամեայ գործունէութեան ընթացքին առաջին անգամն էր, որ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ շունչ առնելու ժամանակ չկար: Սուրիահայերուն խնդիրը դարձած էր հիմնական հարց: Օրական դրութեամբ շուրջ 30 սուրիահայեր կ՛ընդունուէին նախարարութեան կողմէ։ Նախարար Յակոբեան վստահեցուցած է, որ իրենք առաւելագոյնը կատարած են, որպէսզի [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ես առաջադրուելու եմ առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններում: Այդ ճակատում արդիւնաւէտ աշխատելու համար, ինչպէս գիտէք, անհրաժեշտ են նիւթական միջոցներ: Ես տեղեակ եմ, որ քաղաքացիների զգալի մասը ծանր պայմաններում է յայտնուել, բայց չեմ ուզում հաւատալ, որ դրա հետեւանքով նրանք մոռացել են՝ «ոչ միայն հացիւ կեցցէ մարդ, այլեւ ամենայն բանիւ, որ ելանէ ի բերանոյ Աստուծոյ» պատուիրանը: Ուստի կոչ եմ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը հաշմանդամութիւն ունեցող 182,379 անձերուն Ամանորին որեւէ անակնկալ մատուցելու կարելիութիւն չէ ունեցած, որովհետեւ Հայաստանի պետական պիւտճէով այդ նպատակին համար միջոցներ նախատեսուած չեն։ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հաշմանդամներու եւ տարեցներու հիմնահարցերու վարչութեան պետ Արթուր Կէսոյեանը:
Հաշմանդամներու հաշուառման «Փիւնիկ» տեղեկատուական համակարգին մէջ 01.07.2012 թուականի դրութեամբ Հայաստանի մէջ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՄԱՐԻ ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան հանդէսը տեղի ունեցաւ 16 Դեկտեմբեր 2012ին, կէսօրէ ետք ժամը 1ին, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, ներկայութեամբ Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վիգէն Աւ. քհնյ. Վասիլեանի, պատուոյ հիւրերու եւ ծնողներու։
Հանդէսի բացման խօսքը կատարեց դպրոցի տեսուչ Ռաֆֆի Թորոսեան, ըսելով.«Մենք [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՀԲԸՄը իր հեռաձայնային ու համացանցային հանգանակութեամբ ցարդ աւելի քան 700,000 տոլար հաւաքած է սուրիահայութեան օժանդակութիւններ հասցնելու նպատակին համար՝ միութեան արդէն իսկ տրամադրած մէկ միլիոն տոլարի օժանդակութեան կողքին:
Այս նուիրահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թամար Մանուկեանները, որոնք 100,000 տոլար յատկացուցած են:
Սուրիոյ տագնապին պատճառով օժանդակութեան կարիք ունեցող հազարաւոր հայ ընտանիքներու օգնելու կողքին, [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անգլիոյ Պըրմինկհեմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Պանիրի համաշխարհային մրցանքին, Քալիֆորնիա հաստատուած «Գարուն տէյրիզ» ընկերութենէն երկու պանիրներ մրցանակներ խլած են:
Արծաթ մետալի արժանացած է ընկերութեան «Մոցարելլա պոլ»ը, իսկ պրոնզ մետալ շահած է «Կոթ պեսքեթ ֆեթա»ն:
Աւելի քան 35 երկիրներէ մօտաւորապէս 2500 պանիրի տեսակներ կը մասնակցէին մրցանքին, որ կը նկատուի իր տեսակին մէջ ամենահեղինակաւորը: Պանիրները արժեւորելու համար, [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
2012 տարեշրջանի սկզբնաւորութեան, անյայտ անձեր փորձած էին վրիժառու բազուկ Սողոմոն Թէհլիրեանի յուշարձանին Արծիւը վար առնել եւ այդ պատճառաւ յուշարձանին պատերուն մարմարները շարժած եւ ճեղքուած էին։ Տմարդի այս արարքի մասին Ֆրեզնոյի ՀՅԴ Ս. Թէհլիրեան կոմիտէն տեղեկացուց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէին, որ որոշեց շատ արագ կերպով վերանորոգել յուշարձանը։
Ֆրեզնոյի վերոյիշեալ կոմիտէն յանձնարարեց Ալէքս Գունտաքճեանին դրամահաւաք ձեռնա2րկելու: Ս. [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Շաբաթ, 22 Դեկտեմբեր, 2012ի կէսօրէ առաջ ժամը 11ին Լա Քրէսէնթա Հովիտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՕՄի «Թալին» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի նոր տարուան յատուկ հանդէսը: ՀՕՄի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Էմմա Կարապետեանի եւ վարժարանի վարչական պատասխանատու Ծաղիկ Գատեանի կողքին, իրենց տեղերը գրաւած էին վարժարանի աշակերտութիւնն ու իրենց ծնողները, մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, բարեկամները:
Ժամանակէն [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ուրբաթ, 21 Դեկտեմբեր 2012ի յետմիջօրէին մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր Քրեսենթա Հովիտի հայ կեդրոնին մէջ։ Արդարեւ, հոն համախմբուած էին խումբ մը պատանիներ եւ երիտասարդներ՝ ընկերուհիներ Հռիփսիկ Շաթիկեանի եւ տիկին Մելինէ Քէօսեանի առաջնորդութեամբ:
Այս շաբթուան պատանիներու համախմբումը ունէր տարբեր բնոյթ, անոնք իրենց ազգային, հայրենասիրական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն կողքին պիտի կատարէին նաեւ գործնական ծրագիր մը՝ գոհունակութիւն զգալով եւ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԸՐՎԱՅՆ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 16ին, տոքթ. եւ տիկին Կարօ եւ Սիլվի Դերձակեաններու բնակարանին մէջ կազմակերպուած տարեկան ընդունելութեան մը ընթացքին կարելի եղած է մօտաւորապէս 20,000 տոլար հանգանակել՝ ի նպաստ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի Հայոց պատմոaւթեան դասաւանդման ծրագիրին:
Դերձակեանները հինգերորդ տարին ըլլալով նման հաւաքներ կը կազմակերպեն՝ նեցուկ կանգնելու համար Հայոց պատմութեան ծրագիրին, որ հաստատուեցաւ 2007ին:
Ներկայիս համալսարանէն ներս տրամադրուող հայոց [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Անցեալ Շաբաթ օր «Ասպարէզ» հրատարակեց (էջ 10) Ազգային առաջնորդարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը՝ առաջնորդարանի լոյս ընծայած «Տէրունական Աղօթք»ի զանազան պատկերներու մասին՝ ի յիշատակ նուիրեալ ազգայիններու՝ Ալիս Աւագեանի, Ռոզա Պեքարեանի եւ Զուարթ Մովսիսեանի: Վրիպումով մը, որուն համար մեր ընթերցողներուն ներողամտութիւնը կը խնդրենք, Ալիս Աւագեանի եւ Զուարթ Մովսիսեանի յիշատակի «Աղօթք»ներու պատկերները սխալ վերնագիրներով ներկայացուած են: Այսօր կը ներկայացնենք [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին «Յակոբեան» Գորգավաճառ հաստատութեան յատուկ ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծագոյն Տիթրոյիթի Միացեալ Յանձնախումբի սուրիահայութեան օգնութեան նուիրուած «Ձեռքդ երկարէ եղբօրդ» երկրորդ ձեռնարկը:
Այս յանձնախումբը կազմուած է չորս ամիսներ առաջ եւ բաղկացած Տիթրոյիթի տասնըհինգ կազմակերպութիւններէ: Ս. Սարգիս Հայ առաքելական, Ս. Վարդան Հայ կաթողիկէ, Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ, Հայ Օգնութեան Միութիւն հինգ մասնաճիւղեր, Հայ Յեղափոխական [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԱՒՐԻԶ.- Երեքշաբթի, 1 Յունուարի երեկոյեան ժամը 6ին, Ատրպատականի Հայոց թեմի եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, Նոր տարուան առիթով գոհաբանութիւն ընծայելու Աստուծոյ:
Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ Ամանորի իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Վարդան Վահրամեանի: Իսկ Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով՝ հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան:
ՀՄԸՄի Այնճարի շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ Ուրբաթ, 28 Դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 8:30էն՝ այցելելով Հայ ազգային բուժարանը (Ազունիէ) եւ ՔԱՀԼ՝ հրամցնելով ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան յատուկ փունջ մը երգեր՝ տօնական ճոխ մթնոլորտ ստեղծելով հոն գտնուող [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԱՒՐԻԶ.- Շաբաթ, 29 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 4ին, Թաւրիզի քաղաքապետ Ալի Ռեզա Նաւին ժամանեց Ատրպատականի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան՝ Թաւրիզ, եւ «Էմիլ Յակոբեան» դահլիճէն ներս ընդունուեցաւ թեմակալ առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի կողմէ: Քաղաքապետին կ՛ընկերակցէին աւագ խորհրդական Սէյէտ Ալեւի, 8րդ թաղամասի քաղաքապետ Մուտապպեր, քաղաքապետական խորհուրդի հանրային կապի պատասխանատու Յուշենկ, Փոքրամասնութիւններու պետական հիմնարկի պատասխանատու Մուսաւի, եւ այլ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԽԱՉԻԿ ՄԵԼԵՔԵԱՆ
Ընթացիկ տարին խոստանում է հետաքրքիր լինել, բայց դժուար թէ նման հետաքրքրութիւնը կարելի լինի դրական համարել: Ինքներդ տեսաք թէ ինչպիսի դժուարութեամբ երկրի կոնգրեսը կարողացաւ որոշում ընդունել՝ խուսափել այսպէս կոչուած Ֆիսքըլ Քլիֆից, որի այլընտրանքը երկրի տնտեսութեան անխուսափելի կործանումն էր: Սակայն դեռեւս ճանապարհին է մէկ այլ, աւելի մեծ խոչընդոտ, որը վերաբերւում է երկրի պարտքի սահմանագծի մեծացման խնդրին:
Ինչպէս [...]
January 4th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Մարսողութիւնը սննդանիւթերու մշակման, տարրալուծման եւ ներծծման բարդ բնախօսական (physiologic) գործընթացն է: Անիկա կ՛իրականանայ մարսողական համակարգի օրկաններուն մէջ:
Մարսողական համակարգը կ՛ընդգրկէ բերանը, ըմբանը (pharynx), որկորը-կերակրափողը (eso-phagus), ստամոքսը եւ բարակ ու հաստ աղիքները: Լեարդը, լեղուցը եւ շարոյրը (pancrease) մարսողական համակարգին յարակից օրկաններ են, որոնք իրենց յատուկ հիւթերով կ՛ամբողջացնեն մարսողութեան գործընթացը:
Մարսողութիւնը կը ղեկավարուի ուղեղով: Ան մարսողական համակարգը [...]
January 4th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի բացակայութիւնը կարելի է, ընդհանուր առմամբ, նահանջ նկատել, թէեւ 2012ին փաստացի տուեալներով նահանջ չէ արձանագրուած։
Անոր համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթացի բացակայութեան պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանը, որ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 2012 թուականի Յունուարէն մինչեւ 1 Դեկտեմբեր ապաստան ստանալու խնդրանքով Հայաստանին դիմած է 434 օտար՝ աշխարհի 10 երկիրներէ: Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է կառավարութեան Պետական գաղթականութեան ծառայութեան ապաստանի հարցերով բաժինի ղեկավար Պետրոս Աղաբաբեանը:
Անոր համաձայն, 434 օտարներէն ապաստան ստացած են 117 անձեր: 434 օտարներէն 10ն Իրանէն են, 28ը՝ Իրաքէն, 5ը՝ Քոնկոյէն, 9ը՝ Լիպիայէն, 366ը՝ Սուրիայէն, իսկ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՕՆՆԻԿ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ
2012 թուկանի Դեկտ. 31ի գիշերը՝ լոյս 2013 թուականի վաղ առաւօտեան ժամերին, Նոր Տարին նոր սկսուած՝ իր հոգին աւանդեց երկարամեայ ուսուցիչ-դաստիարակ, գիտաշխատող ու բանասէր Լ. Գ. Մինասեանը՝ Իրանի Սպահան քաղաքի Նոր Ջուղայի իր բնակարանում:
Իրանում հրատարակուող պարս-կատառ «Իրաննամէ» թերթից քաղելով՝ ներկայացնում ենք իր կեանքի ու գործունէութեան հակիրճ բնութագիրը:
Լեւոն Գ. Մինասեանը ծնուել է 1920 թուականին՝ Սպահան նահանգի [...]
January 4th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Այսօր կը դառնաս յիսուն տարեկան: Դժուար է պատկերացնել, թէ քեզի համար ինչպէ՛ս անցան երիտասարդ տարիներդ, ինչպէ՛ս կրցար այսքան երկար տարիներ տանիլ բանտախուցիդ դաժան ճաղերուն սառնութիւնը:
Գիտեմ, որ քեզի համար առանձնապէս դաժան էին վերջին քսանհինգ տարիները: Արցախեան շարժման սկիզբի առաջին օրերէն քեզի համար բանտի պատերը դարձան անտանելի, որովհետեւ հոգիով, սրտով, մարմնիդ իւրաքանչիւր բջիջով կը ցանկայիր թռչիլ, [...]
January 4th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
«Ապառաժ».- Այս տարի Արցախի հարաւային՝ Կովսական քաղաքին մէջ եւս տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122ամեակի պաշտօնական նշում», կը գրէ Սեւակ Խաչատրեան: Այս առիթով համախմբուած էին նաեւ շրջակայ գիւղերու բնակիչները. ներկայ էին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի Դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւորներ, Քաշաթաղի շրջանի վարչակազմի ղեկավարի տեղակալ Արտաւազդ Ալեքսանեանը, շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Դաւթեանը, ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս անօրինակ վէճ մը տեղի ունեցած է, կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ» թերթը իր Յունուար 3ի թիւին մէջ: Վէճը այն մասին էր, թէ ով էր հայերու սպանդի պատասխանատուն՝ 1915ին:
«Ձեր պատմութիւնը ջարդի պատմութիւն է: Դուք շատ լաւ գիտէք, թէ ինչպէս սպաննուեցան մեծ հայրերը անոնց, որոնք այսօր կը պայքարին», յայտարարած է Մուշի պատգամաւոր Սիրրի Սաքիք՝ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խումբ մը անդամներ Քափիթոլ Հիլ այցելեցին՝ ոջունելու համար Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան 113րդ նստաշրջանի ինիսունէ աւելի նորընտիր քոնկրեսականները, ինչպէս նաեւ շնորհաւորելու տարիներու գործակից վերնըտրեալներու Նոր Տարին եւ անոնց մաղթելու արդիւնաւէտ աշխատանքային շրջան մը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարութեան հետ կապի հարցերով պատասխանատու Քէյթ Նահապետեան եւ Հայ Դատի Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանի ատենապետ [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- Վերոնշեալ վերնագիրով Պոլսոյ «Ակօս» թերթը կը փոխանցէ, թէ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28ի երեկոյեան, վայրագ ոճիրի մը զոհ գնաց Մարիցա Քիւչիք՝ 85ամեայ հայուհին: «Առանձին ապրող տարեց կինը դաշունահարուած էր Սամաթիոյ իր բնակարանին մէջ: Այս մէկը Դեկտեմբեր ամսուան մէջ տարեց հայ կիներու դէմ ուղղուած երկրորդ յարձակումն էր: Կեսարացի Մարիցան Իսթանպուլ տեղափոխուելէ ետք, երկար տարիներ նպարավաճառութիւն ըրած էր, [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Նիւթական եւ հոգեկան ընկճումներով լեցուն է հայրենի ժողովուրդին կեանքը: Հակառակ տնտեսական շարունակական աճին, երկիրը կը մնայ թերաճ վիճակի մէջ: Պատճառներ շատ կան բացատրելու համար ժողովուրդին ընկճուածութիւնը: Պարզ է, որ հայրենի ժողովուրդը չի կրնար ազատ իր կեանքը ու հոգեկան զարգացումը ապրիլ անգործ, անօթի ու իրողապէս հարստահարուած պայմաններու մէջ, ուր տաժան կեանքը արգելք կ՛ըլլայ նաեւ բարոյական [...]
January 4th, 2013
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
January 4th, 2013
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
ՆԵԼԼԻ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Լոս Անջելեսի հայ համայնքի համար Դեկտեմբեր ամիսը կարելի է ասել դարձաւ բնապահպանական՝ ամփոփուեց ողջ տարուայ ընթացքում Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերում Հայաստանի բնապահպանութեան խնդիրներին նուիրուած տարբեր միջոցառումների շարքը: Ամերիկահայ համայնքը մեծ ուշադրութեամբ յետեւում էր եւ տարբեր միջոցներով նաեւ ակտիւօրէն մասնակցում Հայաստանում տեղի ունեցող բնապահպանական շարժմանը՝ Մաշտոցի պուրակում, Թեղուտում ակ-տիւիստների գործողութիւններին: Վստահաբար կարելի է ասել, [...]
January 4th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »