Home » January 8th, 2013Entries posted on “January 8th, 2013”
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մարտինէն քիւրտ երեսփոխան Ահմետ Թիւրք, որ Իմրալը կղզիին վրայ անցեալ շաբաթ տեսակցութիւն մը ունեցած էր Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի ու չորս թուրք պաշտօնատարներու հետ, Երկուշաբթի, Յունուար 7ին մասնակցեցաւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահատտին Տեմիրթաշի գլխաւորած խորհրդարանի շէնքին մէջ կատարուած ժողովի մը, որուն գլխաւոր նիւթն էր քննարկել [...]
January 8th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Անցնող շաբաթավերջէն ի վեր Լիբանանը հարուածող արտակարգ ձիւնամրրիկը Երեքշաբթի, Յունուար 8ին շարունակեց զբաղ պահել շտապ օգնութեան մարզի պաշտօնեաները: Տարբեր շրջաններու մէջ տեղի ունեցած ողողումներուն, արտասովոր ձիւնին եւ տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով մահացան չորս քաղաքայիններ եւ արձանագրուեցան ինքնաշարժի բազմաթիւ արկածներ: Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը յայտնեց, թէ փոթորիկը պիտի տեւէ մինչեւ Չորեքշաբթի օր:
January 8th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ մէջ 22 ամիսէ ի վեր շարունակուող հակամարտութեան պատճառով, մօտաւորապէս մէկ միլիոն քաղաքացի կը շարունակէ ուտեստեղէնի կարօտ ու անօգնական վիճակի մէջ մնալ. այս մասին Երեքշաբթի, Յունուար 8ին հաղորդեց ՄԱԿը: ՄԱԿը օժանդակութիւն կը տրամադրէ մօտաւորապէս 1.5 միլիոն սուրիացիի, սակայն շարունակուող հակամարտութեան եւ Թարթուսի նաւահանգիստէն օգտուիլ չկարենալու պատճառով, մարդասիրական օգնութեան մէկ մասը տեղ չի հասնիր: [...]
January 8th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Կովկասի իսլամներու վարչութեան նախագահ շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի միջեւ Արցախի մէջ հանդիպում մը կայացնելու գծով վերջնական համաձայնութիւն չէ կայացած, սակայն այդ գծով առաջարկ ներկայացուած է։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Մայր աթոռ Էջմիածինի տեղեկատուական կեդրոնի ղեկավար Վահրամ քահանայ Մելիքեանը:
«Դեռեւս 2011թ. Երեւանում ԱՊՀ երկրների հոգեւոր [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայրաքաղաքի ծննդատուներուն մէջ 1-7 Յունուարին ծնած է 368 երեխայ։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է առողջապահութեան նախարարութիւնը՝ մանրամասնելով, որ երեխաներուն 272ը մայրաքաղաքի, իսկ մնացեալը մարզերու ծնունդներ են։
Երեւանէն ետք մեծագոյն թիւով նորածիններով օժուած մարզը Արմաւիրն է՝ 24 նորածին:
Իրենց զաւակները նախընտրած են Երեւանի մէջ լոյս աշխարհ բերել Վայոց ձորի եւ Շիրակի մարզերու երեքական ընտանիքներ: Տօնական օրերուն Արարատի [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը դէմ է օրէնսդրական այն նախաձեռնութեան, որով կ՛առաջարկուի 1 Դեկտեմբերը հռչակել վերամիաւորման տօն՝ հիմք ունենալով այն պատմական փաստը, որ 1 Դեկտեմբեր 1989ին Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը եւ Արցախի Ազգային խորհուրդը միացեալ նիստի մը ընթացքին հռչակած են Խորհրդային Հայաստանի եւ Արցախի վերամիաւորում:
Այս հարցը ներառուած է Հայաստանի կառավարութեան 10 Յունուարի նիստի օրակարգին վրայ։
Օրէնսդրական նախագիծը ներկայացուցած [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայ շարժապատկերի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ հանրութեան պիտի ներկայացուի հայազգի պանծալի զաւակ, սպարապետ Գարեգին Նժդեհի կտրած ու կերտած ռազմական փառապանծ ու դժուար ուղին: «Գարեգին Նժդեհ» գեղարուեստական ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի 28 Յունուարին «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ։ 29 Յունուարէն սկսեալ բեմադրիչ Հրաչ Քէշիշեանի ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Երեւանի բոլոր շարժապատկերի սրահներուն մէջ: [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սպանացի նշանաւոր երգիչ, երգահան Խուլիօ Իգլեսիասը այս տարուան գարնան մենահամերգով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ՝ յետխորհրդային տարածքի երկիրներ կատարած իր շրջագայութեան ծիրին մէջ։ 70ամեայ երգիչը հրաւէր ստացած է «Կլոպըլ արթզ էնտ ինվիթրօ» ընկերութեան կողմէ։ Ըստ երիգչին պաշտօնական կայքէջին, մենահամերգը տեղի պիտի ունենայ 18 Մարտին, «Կարէն Դէմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։ Սպանացի արուեստագէտը, [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը փափաքի տեսնել երկխօսութեան ուղիով եւ պատրաստ է այդ գործընթացին մէջ ամէն տեսակի օգնութիւն ցուցաբերելու հակամարտութեան կողմերուն. այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ռամին Մեհմանփարասթ:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ այլ խնդիրներ կրնան լուծուիլ՝ տարածաշրջանին վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու օգնութեամբ: Մենք կը հաւատանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տարեմուտի եւ Ս. Ծննդեան տօնի այս օրերուն, Ազգ. առաջնորդարանը Արեւմտեան թեմի հաւատացեալներուն կը փոխանցէ ուրախալի լուր մը։
Իբրեւ արդիւնք առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Ազգային վարչութեան ու Ազգ. առաջնորդարանի կալուածոց յանձնախումբի ճիգերուն ու հետապնդումներուն՝ անցեալ շաբաթ առաջնորդարանին մօտակայ ազատուղիին ու դէպի առաջնորդարան տանող փողոցներու ճամբեզրին տեղադրուեցան յատուկ ցուցատախտակներ, որոնք ցոյց կու տան դէպի Ազգ. առաջնորդարան ուղղութիւնը։
Ցուցատախտակները [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Արեւմտեան թեմի տարիներու աւանդութեան համաձայն, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, նաեւ տնօրինութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Չորեքշաբթի, Յունուար 2ին, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէք կատարուեցաւ «Արարատ Տան» Միշըն Հիլզի կեդրոնին մէջ։ Արարողութեան մասնակցութիւն բերին թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ։
Առաւօտեան ժամը 10ին, հաստատութեան հիւանդանոցի բաժինին մէջ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հոգեպարար արարողութիւն։ Առաջնորդ Սրբազանը այս [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Պքերքէի մէջ (Լիբանան) Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 28ի գիշեր, Արամ Ա. կաթողիկոսին, մարոնիթներու Ռայի պատրիարքին եւ Եունան պատրիարքին ներկայութեան միջ-եկեղեցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան անդամներ եւ քրիստոնեայ համայնքին պատկանող մեծահարուստներ: Հանդիպման նպատակն էր ներկաներուն պարզել Խորհուրդի կատարած դերը Միջին Արեւելքէն ներս եւ քաջալերել որ անհատ մեծահարուստներ իրենց [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ.- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26ին «Սիփան» միութեան «Նայիրի» սրահին մէջ կայացաւ «Արեգակ» մանկապատանեկան երգչախումբի տարեկան համերգը:
էմինէ Մելքոմի ղեկավարութեամբ բազմաշնորհ երեխաներէ կազմուած «Արեգակ» երգչախումբը ՀՄ «Սիփան» միութեան Արուեստից բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ է որ բեմ կը բարձրանայ:
«Արեգակ»ին կ՛ընկերակցէին նաեւ Կարինէ Պետրոսեանի ղեկավարութեամբ նոյն միութեան «Գարուն» պարախումբի սաները:
Նախքան ձեռնարկի աւարտը երախտիքի խօսքով իր տպաւորութիւններով հանդիսատեսին հետ կիսուեցաւ «Սիփան» միութեան վարչութեան [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հինգշաբթի, 27 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8ին, ՀԲԸՄի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»ին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան, որ Պէյրութ կը գտնուէր ՀԵԸի «Արին» պարախումբին յատուկ հրաւէրով, տեսաերիզներու ցուցադրութեամբ դասախօսեց «Հայ ազգային պարարուեստի ծագումն ու ձեւաւորումը» նիւթով:
Բացման խօսքը արտասանեց կազմակերպիչ վարչութեան՝ Անդրանիկ մշակութային մարմինի ատենապետ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան: Ան սկսաւ հարցադրումով մը, թէ [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
«Պի. Պի. Սի.»ն գրած է, թէ աշխարհի ամէնէն նշանաւոր ռիալիթի-շոյի աստղերէն 32ամեայ Քիմ Քարտաշեանը հայկական ծագում ունի՝ փորձելով պարզաբանել, թէ անոր համբաւին մասին ի՛նչ կը մտածեն հայերը։
Քիմ Քարտաշեանի լուսանկարները կը զարդարեն Երեւանի ինքնաշարժներու լուացման վայրերուն եւ կայաններուն պատերը, ծանուցումներու յատուկ վահանակները, ամսագիրներու առաջին էջերը, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ «ժողովուրդը կը սիրէ զինք», գրած է [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- «Չենք լռելու» կազմակերպութեան դիմած է Աշտարակի բնակիչ Կարապետ Կարապետեանը՝ խնդրելով անդրադառնալ իր կնոջ՝ Նունէ Մաղաքեանի հետ տեղի ունեցած սարսափելի դէպքին:
«Իրադարձութիւնների շղթան ինձ լուրջ մտորումների տեղիք է տալիս, որ Հայաստանում գործում է մարդու օրգանների վաճառքի մաֆիա», յայտնած է Կարապետեանը «Չենք լռելու»ի կողմէ պատրաստուած տեսանիւթին մէջ՝ յայտարարելով, թէ բժիշկները Մարգարեան հիւանդանոցին մէջ կանխամտածուած կերպով կարած են [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Ռուսիոյ ջաւախքահայութիւնը դիմած է կաթողիկոս-պատրիարք Իլեա Բ.ին՝ խնդրելով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ վրացական թեմին վերադարձնել վերջինիս պատկանող եւ խորհրդային կարգերուն կողմէ իւրացման ենթարկուած հայկական եկեղեցիները, որոնք կը գտնուին Վրաստանի տարածքին մէջ:
Ջաւախքահայութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ընդունէք մեր անկեղծ շնորհաւորանքները Ձեր գահակալման 35րդ տարելիցի, Ձեր 80ամեայ յոբելեանի, ինչպէս նաեւ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի կապակցութեամբ: [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փասթինֆօ».– 18 Փետրուարին տեղի ունենալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած, սակայն պակասաւոր փաստաթուղթեր ներկայացուցած 8 թեկնածուներէն մէկը՝ Ազգային համաձայնութիւն կուսակցութեան նախագահ Արամ Յարութիւնեանը, 8 Յունուարին Կեդրոնական Ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուցած է 8 միլիոն դրամ՝ իբրեւ ընտրական գրաւ: Այս մասին «Փասթինֆօ»ի թղթակիցին յայտնեց ԿԸՅի նախագահի մամլոյ քարտուղար Հերմինէ Յարութիւնեանը:
Այսպիսով առաջադրուած 15 թեկնածուներէն 8ն ներկայացուցած կ՛ըլլար [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան «Կեցիր, ըսէ» կոչուած կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի յատուկ հաւաքներով ոգեկոչելու յիշատակը Հրանդ Տինքին՝ անոր սպանութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով։ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ Յունուար 19, 2007ին։ «Հրանդ ի՞նչ կը պատմէր Թուրքիոյ» խորագրեալ լրատուութեան մէջ «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, թէ ոգեկոչման հանդիսութիւնները այս տարի պիտի կատարուին Յունուար 9էն սկսեալ։
Յունուար 11ին, Թաքսիմի «Հիլ» պանդոկին մէջ [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՀԱԼԷՊ.- Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանին մօտ գտնուող սուրիական Ռաքքա քաղաքի ճանապարհին վրայ, երկու շաբաթ առաջ առեւանգուած երեք հայեր ազատ արձակուած են: Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ քարտուղար Ժիրայր Ռէյիսեանը՝ աւելցնելով, որ անոնք ողջ-առողջ վերադարձած են տուն. իսկ ինչ կը վերաբերի 2012ի Հոկտեմբերին Պէյրութէն Հալէպ ճանապարհին վրայ առեւանգուած հայերուն՝ ապա անոնց [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
Կիրակի, Յունուար 6ին, համահունչ աշխարհասփիւռ հայութեան ցնծութեան, Արեւմտեան թեմը եւս Ս. պատարագով ու եկեղեցական արարողութիններով ապրեցաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու աստուածայայտնութեան տօնի մթնոլորտը։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցանեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ ու իր պատգամով դարձաւ կամուրջ մը Ս. Ծննդեան սիրոյ, խաղաղութեան եւ հաճութեան աւետիսին, ապա կատարեց æրօրհնէքի արարողութիւն՝ իբրեւ խորհրդանիշ Քրիստոսի [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Դեկտեմբեր 28ին, ծայրայեղ իսլամականներով բնակուած Պոլսոյ Ֆեթիհ թաղամասին մէջ դաժանաբար սպաննուած էր հայազգի 85ամեայ Մարիցա Քիւչուքը: Անոր դիակը գտած էր Մարիցայի որդին՝ Զատիկը, որ աւելի ուշ «Ակօս» թերթին պատմած էր, թէ իր մօրը կրծքավանդակին վրայ դանակով խաչի նշան ըրած էին մարդասպանները: Կեսարիացի Մարիցա Քիւչուքը կը զբաղէր նպարավաճառութեամբ:
Հայազգի կնոջ սպանութիւնը դատապարտեց մարդկային [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
«Գոհար» սիմֆոնիք նուագախումբի եւ երգչախումբի հարաւ-ամերիկեան համերգներէն գոյացած հասոյթէն մօտաւորապէս 150,000 տոլար պիտի յատկացուի տեղւոյն գործող հայկական զանազան վարժարաններու, մշակութային եւ հասարակական ծրագիրներու, ուսուցիչներու եւ անհատներու, որոնք նոր սերունդներուն լեզու, մշակոյթ եւ երգ-երաժշտութիւն ջամբած են տարիներ շարունակ: Արդարեւ, «Գոհար»ը, անսալով իր տարիներու սկզբունքին եւ հաւատալով, որ հայութիւնը պիտի շարունակէ գոյատեւել իր մշակոյթով՝ անգամ մը եւս [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ա. Նիւթը
Նկատի առնենք Հայաստանի ներկայ քաղաքական դաշտը եւ գործադիր իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակին (կառավարութեան) մաս կազմելու ձգտող, կամ ընդհանրապէս իշխանութեան ձգտող իրապէս ընդդիմադիր եւ գաղափարական հիմունքով ընդդիմադիր կուսակցութիւններու պարագան եւ փնտռենք պատասխանները երկու հարցումներու. (1.-) նման կուսակցութիւն մը կրնա՞յ ինքզինքին արտօնել մաս կազմել ազգային ժողովին մէջ յարաբերաբար աւելի մեծ ներկայութիւն ունեցող իշխանամէտ կամ խմբակցական շահերու [...]
January 8th, 2013
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ժամանում ես «Զուարթնոց» օդանաւակայան: Քայլում ես փայլփլող սրահների միջով: Դուրս ես գալիս, դիմաւորող վարորդը ընդունում է քեզ: Աւտոմեքենան անցնում է խաղավայրերի լոյսերով պայծառացած փողոցներով, որոնց երկարութեամբ տեղաւորուած են մենատիրոջ կողմից զետեղուած՝ արագութիւնը սահմանափակող տեսախցիկները: Վարորդը պատմում է ոչ օրինաչափ երեւոյթների եւ դժուար կեանքի մասին:
Հասնում ես բնակարանը, ուր պիտի իջեւանես, մտնում ես կիսալուսաւորուած մուտքով, [...]
January 8th, 2013
| Posted in Կիզակէտ, Մշակոյթ | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութիւնը 2013ին պիտի ծաւալի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման, ինչպէս նաեւ հատուցում եզրը սահմանելու ուղղութեամբ, յայտնած է ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան՝ պատասխանելով «Թերթ»ին այն հարցումին, թէ այս տարի ի՞նչ պիտի ըլլան Հայ Դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գերակայութիւնները։
«Այս տարի Ցեղասպանութեան ճանաչումը [...]
January 8th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
«ԴՐՕՇԱԿ»
Ինչպէս յայտնի է, Դեկտեմբերի 25ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը, մէկ օրակարգային հարցով՝ առաջիկայ նախագահական ընտրութիւններում ՀՅԴ դիրքորոշումը:
Ի հարկէ սովորական վիճակ չէ, երբ որեւէ քաղաքական ուժ, ժողովն սկսելուց առաջ, նախագահի թեկնածու առաջադրել-չառաջադրելու հարցում դեռեւս չունի վերջնական կողմնորոշում: Այնուամենայնիւ, այդպիսին էր վիճակն այս անգամ, եւ մասնակիցների փաստարկներն էին տեղում վճռորոշելու կարեւորագոյն խնդիրը: Տուեալ հանգամանքը առաւել [...]
January 8th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան «կեցիր, ըսէ» կոչուած կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի յատուկ հաւաքներով ոգեկոչելու յիշատակը Հրանդ Տինքին՝ անոր սպանութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով։ Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ Յունուար 19, 2007ին։ «Հրանդ ի՞նչ կը պատմէր Թուրքիոյ» խորագրեալ լրատուութեան մէջ «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, թէ ոգեկոչման հանդիսութիւնները այս տարի պիտի կատարուին Յունուար 9էն սկսեալ։
Յունուար 11ին, Թաքսիմի «Հիլ» պանդոկի մէջ [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իրան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը փափաքի տեսնել երկխօսութեան ուղիով եւ պատրաստ է այդ գործընթացին մէջ ամէն տեսակի օգնութիւն ցուցաբերելու հակամարտութեան կողմերուն. այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ռամին Մեհմանփարաստ:
«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ այլ խնդիրներ կրնան լուծուիլ՝ տարածաշրջանին վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներու օգնութեամբ: Մենք կը հաւատանք, որ Լեռնային Ղարաբաղի [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Դեկտեմբեր 28ին, ծայրայեղ իսլամականներով բնակուած Պոլսոյ Ֆեթիհ թաղամասին մէջ դաժանաբար սպաննուած էր հայազգի 85ամեայ Մարիցա Քիւչուքը: Անոր դիակը գտած էր Մարիցայի որդին՝ Զատիկը, որ աւելի ուշ «Ակօս» թերթին պատմած էր, թէ իր մօրը կրծքավանդակին վրայ դանակով խաչի նշան ըրած էին մարդասպանները: Կեսարիացի Մարիցա Քիւչուքը կը զբաղէր նպարավաճառութեամբ:
Հայազգի կնոջ սպանութիւնը դատապարտեց մարդկային [...]
January 8th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »