Home » January 10th, 2013Entries posted on “January 10th, 2013”
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ հայկական նախարարութիւններն ու կազմակերպութիւնները պիտի կազմակերպեն տարբեր տարողութեամբ ձեռնարկներ եւ նախաձեռնութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը այս առումով մեծ աշխատանք ունի տանելիք, որպէսզի աշխարհին եւ միջազգային հանրութեան պատշաճ կերպով ներկայացնէ, որ թուրքերը մէկ դար առաջ հայերուն նկատմամբ ոչ միայն ֆիզիքական բնաջնջում կատարած են, այլ նաեւ մշակութային ցեղասպանութիւն գործած են։
Հայաստանի Հանրապետութեան [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Համաշխարհային մեծագոյն կայքէջներէն մէկը՝ «timegenie.com»ը, որ կը ներկայացնէ ընթացիկ օրուան ժամը եւ թուականը 264 երկիրներու 7551 քաղաքներու պարագային, ըստ ատրպէյճանցիներուն, խախտած է իրենց տարածքային ամբողջականութիւնը:
Փաստօրէն, կայքէջը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը. հոն գրուած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ներկայացուած է դրօշակը, կան նաեւ այլ տեղեկութիւններ Ղարաբաղի մասին։ Այս մասին կարելի է տեսնել այցելելով http://rus.timegenie.com/city.time/xstrt։
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 10 Յունուարին ստորագրած է հրամանագիր մը՝ ազատամարտիկներ պարգեւատրելու վերաբերող։ Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ընթացքին ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 97րդ առանձին հրաձգային ռազմագունդի կազմաւորման 20րդ տարեդարձի առիթով, խումբ մը ազատամարտիկներ պարգեւատրուած են «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար շէյխուլիսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէն յայտարարած է, որ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ իր հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ «միայն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին վրայ»: Ան այս մասին յայտարարած է «Թուրան» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Փաշազատէն յայտնած է, որ երկու երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներուն միջեւ հանդիպումի կայացման գաղափարը նախորդ շաբաթ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի կենդանաբանական այգիի եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած բարեսիրական երեկոյին ընթացքին վաճառուած են աճուրդի մէջ ներկայացուած 14 նկարներ, որոնցմէ գոյացած է շուրջ 30 միլիոն դրամ: Այս մասին տեղեկացուցած է կենդանաբանական այգիի մամլոյ ծառայութիւնը:
Յիշեցնենք, որ նկարիչներ Արա Ասլանեանը, Սարօ Գալենցը, Ռոբերտ Էլիբեկեանը, Գագիկ Ղազանչեանը, Մարի Ադամեանը, Արշակ Սարգսեանը, Մարինա [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Եւրոպական յանձնաժողովը՝ Եւրոպական Միութեան կարգ մը երկիրներու եւ Զուիցերիոյ հետ համագործակցաբար, երրորդ երկիրներուն եւ ԵՄի դրացի երկիրներուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի մէջ ստեղծած է ժողովրդավարութեան աջակցութեան հիմնադրամ մը։
Պրիւքսէլի «Ի. Եու. Օպզըրվըր» ելեկտրոնային թերթին համաձայն, հիմնադրամի ֆինանսաւորման սկզբնական գումարը, որ արդէն սկսած է իր գործունէութեան, կը կազմէ 14.2 միլիոն եուրօ: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ երեք տարիներուն [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց ընտանեկան նպաստի եւ դրամական օգնութեան վճարման համար նախատեսուած ֆինանսական միջոցներու սակերը՝ նկատի ունենալով 2013ի պետական պիւտճէի նախագիծով այս նպատակին համար յատկացուած միջոցները: Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է. «Ընտանիքի անապահովութեան սահմանային միաւորի մեծութիւնը նախատեսւում է սահմանել 30, իսկ ընտանեկան նպաստի բազային մասը՝ 16 հազար դրամ»:
30.01-35 [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Յունուարի կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Դերենիկ Դումանեան անդրադարձած է վերջերս «Չենք լռելու»ի՝ մեծ արձագանգ գտած տեսանիւթին, որուն մէջ Աշտարակի բնակիչ Կարապետ Կարապետեանը խօսած է իր կնոջ՝ Նունէ Մաղաքեանի հետ կատարուած դէպքին մասին: Ան պնդած է, որ Հայաստանի մէջ կը գործէ մարդու օրկաններու վաճառքի մաֆիա:
«Նման բան չկայ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սեպտեմբեր 2012ի դրութեամբ արտասահմանի մէջ հայաստանեան կազմակերպութիւններու ուղղակի ներդրումներու ծաւալը կազմած է 164.8 միլիոն տոլար: Այդ մասին տեղեկութիւններ փոխանցած է Հայաստանի ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:
Արտասահմանեան ներդրումներու ծաւալը նախորդ տարի որոշ աճ արձանագրած է (տարեսկիզբին մօտ 158 միլիոն տոլար էր): Վիճակագրութիւնը չի մանրամասներ, թէ ո՞ր երկիրներուն մէջ բաշխուած են արտասահմանեան ներդրումները:
Բացի ուղղակի ներդրումներէն, հայաստանեան կազմակերպութիւնները [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– 10 Յունուարին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար դեսպան Հէյտի Տալեավինին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Ողջունելով հիւրը՝ նախարար Նալբանդեան դրական նկատած է Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մէջ ընտրական գործընթացներու կատարելագործման ուղղութեամբ կառոյցին կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան համար:
Նախարար Նալբանդեան վերահաստատած է 18 Փետրուարին [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Ամերիկեան «Հերիթէյճ» հիմնադրամը եւ «Ուոլ Սթրիթ Ժուրնըլ» թերթը ներկայացուցած են աշխարհի ամէնէն ազատ տնտեսական դաշտ ունեցող երկիրներու վարկանշային ցանկը, զոր կը գլխաւորէ Հոնկ Քոնկը՝ 100 ընդհանուր արժեւորումէն ստանալով 89.3։ Երկրորդը Սինկափուրն է՝ 88 միաւորով: Առաջին հնգեակին մաս կը կազմեն Աւստրալիան, Նիւ Զելանտան եւ Զուիցերիան: Լաւագոյն տասնեակը կ՛եզրափակէ Միացեալ Նահանգները։
Հայաստանը կը նկատուի տնտեսական միջին ազատութիւն ունեցող [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Տարիներու բարի աւանդութիւն է Ամանորեան ու Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտը տարածել հիւանդանոցներու մէջ գտնուող հիւանդներու։
Այս առումով, Ուրբաթ, Յունուար 4ին, առաւօտեան ժամը 11ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յատուկ արարողութիւն եւ æրօրհնէք կատարեց Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի յարկին տակ՝ իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները բաշխելով հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ նուիրեալ ծառայողներուն։ Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանային Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները։ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութեան ձմեռնային դաստիրակչական յատուկ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 18-19ի շաբաթավերջին, Լաս Վեկասի «Անքոր» պանդոկին մէջ:
Հաւաքին ընթացքին, վարչութեան ժողովին ու ընկերային խրախճանքներուն կողքին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ 1922ին տեղի ունեցած Իզմիրի հրկիզման պատմութիւնը, որուն զոհերն էին քաղաքի հայ ու յոյն համայնքները:
Իր կարգին, «Փալըսի Ֆորըմ Արմինիա» կազմակերպութենէն մասնագէտներ պիտի ներկայացնեն Հայաստանի [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– Նախագահական թեկնածու Անդրէաս Ղուկասեան 11 Յունուարին պիտի կատարէ Ամանորէն առաջ տուած իր խոստումը։ Ան բոլոր ընդդիմադիր թեկնածուներուն պիտի առաջարկէ հաւաքաբար յետս կոչել իրենց թեկնածութիւնը: Ըստ անոր. «Այն թեկնածուներին, ովքեր չեն միանայ այդ առաջարկին, դիտարկելու եմ որպէս Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցներ»:
Իր յայտարարութեան արձագանգելու համար ան վերջնական ժամկէտ ճշդած է 15 Յունուարը: Այդ օրը թեկնածուներու արձանագրութեան [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Եւրախորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլցը 10 Յունուարին կոչ ուղղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան՝ արագացնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը:
«Երկու կողմերն ալ պէտք է ջանքեր գործադրեն լուծումներ որոնելու համար, եւ Եւրախորհրդարանը կոչ կ՛ուղղէ երկու կողմերուն՝ խուսափելու որեւէ յայտարարութենէ, որ կրնայ յանգեցնել մեծ լարուածութեան», յայտնած է Շուլցը Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունենալով Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակ Յովիկ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ծրագիրի ծիրին մէջ սկսած են Երեւան-Արտաշատ եւ Երեւան-Աշտարակ մայրուղիներու շինարարական աշխատանքները: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է «Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցքի ներդրումային ծրագիր»ի տնօրէն Արա Յովսէփեանը, որ աւելցուցած է, թէ նախատեսուած է շինարարական աշխատանքները աւարտին հասցնել 2016ի Յունուարին: «2012թ. Սեպտեմբերի 13ից մեկնարկել են շինարարական աշխատանքները, եւ արդէն բաւականին առաջընթաց կայ», նշած է ան:
Ծրագիրը [...]
January 10th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՍԱՐՕ ՆԱԶԱՐԱՆ
ԲՈւՀական կամ համալսարանական բարձր կոչումներ չունէր: Իրեն չէին դիմում դոկտոր կամ ակադեմիկոս տիտղոսներով: Պարզապէս՝ կրում էր իր անպաճոյճ անունն ու ազգանունը: Այդպէս էլ դիմում էին իրեն՝ Լեւոն Մինասեան: Իր հրատարակութիւններն ու գիտական աշխատութիւնները երբեմն կրում էին Լ. Գ. Մինասեան ստորագրութիւնը, ուր Գ. տառով ցանկանում էր յիշել նաեւ իր հօրը՝ Գալուստին, որի մասին ընտանեկան, մտերմիկ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ
Իրանահայ ազգագրական եւ պատմաբանասիրական գրականութեան երախտաշատ վաստակաւոր, բազմաթիւ հրատարակութիւնների հեղինակ Լեւոն Գ Մինասեանը անցնող աւելի քան 60 տարիների հետեւողական ու նուիրուած աշխատանքով ակնառու իւրովսանն (իր կարողութեան համաձայն-Խմբ.) է ներդրել Իրանի Նոր Ջուղա հայաքաղաքի, նրա շրջակայ գաւառների, մասնաւորաբար Փերիա գաւառի մշակութային, կրթական, հրատարակչական, ընկերային, ազգագրական, աւանդական, պատմական, եկեղեցական, ազգային-հասարակական միութիւնների ու մարմինների պատմութեանը վերաբերող նիւթերի, [...]
January 10th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան գծով Գանատայի հայութիւնը անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկեց իր ուժերը: Ի՞նչ ձեւով կազմակերպուեցաւ այս աշխատանքը:
ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Երբ Հալէպն ու Դամասկոսը սկսան անմիջականօրէն բախումներու թատերաբեմ դառնալ, Սփիւռքի հայկական գաղութները, ներառեալ Գանատան, զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց համայնքային ու կազմակերպական կառոյցները, օգնութեան ձեռք երկարելու սուրիահայութեան:
Գանատայի պարագային, Հայ Դատի յանձնախումբի միջոցով, առաջին հերթին կապ հաստատեցինք գանատական իշխանութիւններուն հետ, [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Հարցազրոյց, Յօդուածներ, Սփիւռք | Read More »
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
«Միկադօ» օպերետը նոր էջ է բացում «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կազմակերպած միջոցառումների հարուստ պատմութեան մէջ: Ունենալով Տիգրան Չուխաջեանի երեք օպերետների բեմականացման նախընթացը՝ «Լարք»ը ծրագրում է ներկայացնել օպերետային ժանրի տարբեր ուղղութիւններ: Համագործակցելով «Opera a La Carte»ի հետ՝ ընկերութիւն մը, որ մասնագիտացած է Կիլպըրթ եւ Սալըվըն (համապատասխանաբար բեմագրութեան եւ երաժշտութեան հեղինակներ) զոյգի գործերի բեմակացման մէջ՝ «Լարք»ը [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Մինչ քաղաքական ղեկավարները յաճախ կը չափազանցեն իրենց ձեռքբերումները ու կը պարծենան իրենց ժողովուրդին գերազանցութեամբ, նման պնդումները անհեթեթ կը դառնան, երբ անոնք շատ կը հեռանան իրականութենէն եւ կը հասնին ազգայնամոլութեան ու ինքնասիրահարութեան սահմաններուն:
Երբ ղեկավարները կը տածեն մեծամտութեան չափազանց մեծ զգացում, անոնք կրնան դիւրութեամբ շահագործուիլ անոնց կողմէ, որոնք կ՛օգտագործեն իրենց շողոքորթուելու անյագ ծարաւը: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- 9 Յունուար 2013ին, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի շէնքէն ներս, պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Եւրոպական խորհրդարան-Հայաստան բարեկամական խումբի ստեղծումը, նախագահութեամբ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի (Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն, Կիպրոս), եւ ներկայութեամբ ՀՀ Ազգային ժողովի 25անդամ պատուիրակութեան մը, նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:
Բարեկամութեան խումբի ստեղծման ներկայ էր նաեւ Եւրոմիութեան կրթութեան, մշակոյթի, բազմալեզուականութեան եւ երիտասարդական հարցերու յանձնակատար տիկին Անտրուլա Վասիլիու: Բացումի պաշտօնական խօսքերուն [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Թուրքիոյ յառաջատար թերթերը չանդրադարձան 28 Դեկտեմբերին Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ 84ամեայ հայ կնոջ սպանութեան, իսկ քանի մը թերթեր զայն որակեցին սովորական սպանութիւն:
Որոշ կայքէջեր հրապարակեցին «Ակօս»ի մէջ հրատարակուած «Մարիձա Քիւչուքի սպանութիւնը եւ Թուրքիոյ հայերուն անհանգստութիւնը» վերնագիրով յօդուածը: Այս յօդուածին մէջ նշուած է, որ Քիւչուքի սպանութենէն առաջ եւս թաղամասի տարեց հայ բնակիչներուն նկատմամբ բռնութիւններ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան առաջնորդ Ալի Քերիմլի, Տաշքեսանի զօրամասի պահակակէտին մէջ կասկածելի պայմաններու տակ Յունուար 8ին սպաննուած զինուորին հարցով գրած է. «Բանակին մէջ մեր երեխաներու մարդասպանը՝ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստեղծուած յանցագործ վարչակարգն է: Իսկ մենք, իբրեւ հասարակութիւն, կ՛օժանդակենք անոր՝ կա՛մ մեր անգործութեամբ, կա՛մ յանցագործութիւնները քօղարկելով»:
Քերիմլի աւելցուցած է, թէ անհիմն են այն պնդումները, թէ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Յունուար 10ին, ֆրանսական ոստիկանութիւնը արեւելեան Փարիզի քրտական կեդրոնի մը գրասենեակին մէջ յայտնաբերեց երեք քիւրտ գործիչներու դիակները: Ոճրագործները կրցած են փախուստ տալ:
Գործիչներու շարքին են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզ եւ Պրիւքսէլի մէջ հաստատուած Քրտական ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողան: Երրորդ զոհն էր Լէյլա Սէօյլէմէզը:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալս դէպքին վայրը այցելելով՝ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պիտի շարունակեն համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ, հակառակ այն իրողութեան, որ երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին: Այս մասին Հինգշաբթի, Յունուար 10ին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վիքթորիա Նիւլընտ:
Ըստ «Ռիա Նովոսթի»ին՝ Նիւլընտ աւելցուցած է. «Մեր հիմնական մօտեցումն է փորձել համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ այնքան հարցերու շուրջ, [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Հալէպի մէջ եղանակը աւելի ցրտած է՝ պատճառ դառնալով, որ բնակիչներուն կեանքն ու առօրեան առաւել եւս դժուարանան, յատկապէս վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով։ Ան աւելցուցած է, որ հակառակ ամէն ինչի, հայկական դպրոցները կը շարունակեն իրենց դասաւանդութիւնները։
Ռէյիսեանին համաձայն, 9 Յունուարին Հալէպի եւ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Տրտնջացինք, քննարկեցինք, ընդվզեցինք ու, միեւնոյնն է, Նոր Տարին դիմաւորեցինք ինչպէս միշտ. բլինչիկից, պասուցից ու խոզի բդից խուսափել չեղաւ, գրեթէ բոլորի սեղաններին ամանորեայ ճաշացանկի նոյն, պարտադիր եւ անխուսափելի հաւաքածուն էր: Քաղաքի փողոցները լիքն էին մանկահասակ երեխաների ձեռքներից բռնած երիտասարդ ընտանիքներով, հայ դեռահասների նորաբոյծ` բարձրաձայն ու անզուսպ կչկչացող տեսակով, սառոյցի վրայ բարձրակրունկներով սղաքայլ ճեմող, երկարամազ ու [...]
January 10th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Խորհրդաւոր պայմաններու տակ Փարիզի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան երեք կին գործիչներ ահաբեկուեցան: Անոնցմէ մէկը՝ Թուրքիոյ դէմ ազատագրական արիւնալի պայքար մղող այդ կուսակցութեան հիմնադիրներէն է: Այս վատոգի գործողութիւնը ո՞վ հրահանգեց, ինչո՞ւ այս օրերուն: Կրնա՞յ ըլլալ, որ ահաբեկչութիւնը ընդհանրապէս առնչութիւն չունի Թուրքիոյ մէջ ձեռնարկուած՝ այսպէս կոչուած խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ Աշխատաւորական կուսակցութեան արգելափակուած ղեկավար Օճալանի հետ:
Մենք կը միանանք [...]
January 10th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Յունուար 10ին, ֆրանսական ոստիկանութիւնը արեւելեան Փարիզի քրտական կեդրոնի մը գրասենեակին մէջ յայտնաբերեց երեք քիւրտ գործիչներու դիակները: Ոճրագործները կրցած են փախուստ տալ:
Գործիչներուն շարքին են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզ եւ Պրիւքսէլի մէջ հաստատուած Քրտական ազգային քոնկրեսի ներկայացուցիչ Ֆիտան Տողան: Երրորդ զոհն էր Լէյլա Սէօյլէմէզը:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Մանուէլ Վալս դէպքին վայրը այցելելով՝ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմինիա Նաու».- Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պիտի շարունակեն համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ, հակառակ այն իրողութեան, որ երկու երկիրներուն միջեւ շարք մը տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին. այս մասին Հինգշաբթի, Յունուար 10ին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վիքթորիա Նիւլընտ:
Ըստ «Ռիա Նովոսթի»ին՝ ան աւելցուցած է. «Մեր հիմնական մօտեցումն է փորձել համագործակցիլ Ռուսիոյ հետ այնքան հարցերու շուրջ, [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի ժողովրդական ճակատ կուսակցութեան առաջնորդ Ալի Քերիմլի, Տաշքեսանի զօրամասի պահակակէտին մէջ կասկածելի պայմաններու տակ Յունուար 8ին սպաննուած զինուորին հարցով գրած է. «Բանակին մէջ մեր երեխաներու մարդասպանը՝ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստեղծուած յանցագործ վարչակարգն է: Իսկ մենք, իբրեւ հասարակութիւն, կ՛օժանդակենք անոր՝ կա՛մ մեր անգործութեամբ, կա՛մ յանցագործութիւնները քօղարկելով»:
Քերիմլի աւելցուցած է, թէ անհիմն են այն պնդումները, թէ [...]
January 10th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »