Home » January 11th, 2013Entries posted on “January 11th, 2013”
ԵՐԵՒԱՆ, »Ռատիօլուր«.– »Ռատիօլուր«ի թղթակից Ալիսա Գէորգեան գրած է, թէ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբը պիտի ներկայացնէ իր առաջին համերգը՝ արդէն երրորդ անգամ ըլլալով միեւնոյն բեմահարթակին վրայ հանդէս գալով իտալացի աշխարհահռչակ ձեռնադաշնակ նուագող Մարիօ Ստեֆանօ Փիեթրոտարքիի հետ: 14 Յունուարին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ կայանալիք համերգին ընթացքին հայ հանդիսատեսին պիտի ներկայացուին աշխարհահռչակ երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Համերգին ընթացքին պիտի մատուցուի նաեւ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, »Արմէնփրէս«.– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 Յունուարին այցելած է Մարտունի, ուր հրաւիրուած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ շրջանին մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացման հարցերուն առնչուող: Հանդիպումին ընթացքին յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է կառավարութեան կողմէ մշակուող գիւղատնտեսութեան զարգացման նոր ծրագիրի հիմնական դրոյթներուն:
Նախագահը նշած է, որ այդ ծրագիրը նպատակ ունի նոր որակ հաղորդել ոլորտի զարգացման՝ ապահովելով կատարուող աշխատանքներու որակի [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԳԻՒՄՐԻ, »Արմէնփրէս«.– »Արմէնփրէս«ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Շիրակի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան վարչութեան պետ Մովսէս Մանուկեան նշած է, որ առատ ձիւնը առատ բերքի նշան է, ուստի, գիւղատնտեսները կը նախատեսեն, որ այս տարի առատ բերք ըլլայ Շիրակի մէջ։ Անոր համաձայն, կայ նաեւ այն, որ եթէ նախորդ տարի մարզի ջրամբարները գրեթէ դատարկ էին՝ ի բացառութեամբ Մանթաշի ջրամբարին, ապա ձիւնառատ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, »Ռատիօլուր«.– »Ռատիօլուր«ի թղթակից Արտակ Բարսեղեան գրած է, որ թառը դարերէ ի վեր կը նկատուի այն կսմիթաւոր երաժշտական գործիքը, զոր նուագած են հայ գուսանները եւ ստեղծած մինչեւ մեր օրերը հասած գոհարներ:
Յանկարծ Ատրպէյճան որոշած է միջազգային մակարդակով սեփականացնել թառը՝ իբրեւ իր ազգային նուագարանը, կատարողական արուեստը: »Շարական« համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Դանիէլ Երաժիշտը այս արշաւը կը նկատէ Պաքուի [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 2013ին եւս պիտի շարունակէ Սուրիոյ բնակչութեան աջակցիլ. այս հաստատումը կատարած է Համազգային հիմնադրամի նախագահ, «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան՝ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին։
«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան հաշուեհամարը շարունակում է համալրուել նոր եւ խոշոր դրամական միջոցներով: Մենք այսուհետ փորձելու ենք աւելի շատ կենտրոնանալ Սիրիա դրամական միջոցներ ուղարկելու վրայ, քանզի ինքնաթիռով [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
- ԸՆԹՐԻՔԻ ԵՐԵԿՈՅԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ՝ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԷՏԻ ԵՒ ԹԱԼԻՆ ԱՄՐՈՅԵԱՆ
- ՆՈՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՔԱՐՈԼԱՆ ԵՒ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԷՆ
- «ԳԱԳԻԿ ԵՒ ՔՆԱՐԻԿ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ի ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ
Աշխարհասփիւռ հայութեան հետ միասին, Կիրակի, 6 Յունուար 2013ին, Արեւմտեան թեմի զաւակները եւս ապրեցան Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթած ցնծութեան
մթնոլորտին մէջ, որ ծաւալ ստացած էր Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահական թեկնածու Հրանտ Բագրատեան իր նորաբաց www. bagratyanpresident.am կայքէջին վրայ ներկայացուցած է իր նախընտրական ծրագիրը, որ կը կոչուի «Ընդամէնը 100 քայլ մինչեւ սոցիալական արդարութիւն»:
Բագրատեան նախ կէտ առ կէտ կը ներկայացնէ ծրագիրին նպատակները՝ թուային ցուցանիշներով, այնուհետեւ կը նշէ տնտեսական ոլորտի այն փոփոխութիւնները, որոնք պիտի ապահովեն «սոցիալական արդարութիւնը»:
Հայաստանի նախկին վարչապետը կ՛առաջարկէ մինչեւ 2017 թուական նուազագոյն [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ», «7 Օր».– 18 Փետրուարին կայանալիք Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն պիտի կատարեն ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳի 13 փորձագէտներ՝ ԵԱՀԿի անդամ 11 երկիրներէ:
11 Յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Հայտի Թալիավինի նշած է, որ փորձագէտները արդէն սկսած են մնայուն դիտարկումի, որուն միջոցով պիտի հետեւին նախընտրական քարոզչութեան, բուն քուէարկութեան ընթացքին եւ լրատուամիջոցներու լուսաբանման:
«Մենք Հայաստան [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Յարգելի ներկայացուցչական դէմքեր, ժողովական գործակիցներ, հիւրեր ու հարազատներ,
Փառք եւ գոհութիւն կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ դարձեալ բոլորիս շնորհեց այս հոգեպարար պահը՝ Իր Միածինին Ս. Ծնունդը միասնաբար տօնելու Ազգային առաջնորդարանիս այս մեծ ընտանիքին հետ միասնաբար։ Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն։
Երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր երախտապարտութիւնը արտայայտելու համար ամէն ժամանակ փառք կու տանք, [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ժամանակին, երբ փրոֆ. Լուիզ Նալբանդեանը՝ որպէս պատմաբան, եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը կը դասախօսէին Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանին մէջ, Լ. Նալբանդեանի թելադրութեամբ, Ռ. Յովհաննէսեան համալսարանին մէջ կը հիմնէ նաեւ հայերէն լեզուի տարրական գիտելիքներու դասընթացք մը:
Ռ. Յովհաննէսեանի կը յաջորդեն Սրբուհի Մսըրեան, Արա Աւագեան, Տիգրան Գույումճեան, Սերճիօ Լա Փորթա եւ ներկայիս Պարլօ Տէր Մկրտիչեան:
Տարիներու ընթացքին, երբ աշակերտութեան թիւը [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Մեր պատմութեան համար օգտագործած ենք եկեղեցիներու արխիւներ, հայկական հանրագիտարան ու պատմական զանազան հրատարակութիւններ, իսկ վերջին 60 տարիներուն համար՝ նաեւ ականատեսներու վկայութիւններ: Արարատ եւ Մասիս գերեզմանատուները կը գտնուին 99 ազատուղիի հարաւ-արեւելք ընթացող Belmont ելքին վրայ: Արարատ գերզմանատան 10 հեքթար հողաշերտը 1885 թուականին M. J. Church անունով անձ մը նուիրած է Ֆրէզնոյի հայկական գաղութին, իբրեւ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
«Ամուսնալուծում Եւ Զաւակներու Խնամակալութիւն»
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի եւ «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի կազմակերպած հրապարակային չորրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-8, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Նիստը նուիրուած էր «Ամուսնալուծում եւ զաւակներու խնամակալութիւն» խիստ կարեւոր նիւթին, զոր ներկայացուցին դոկտ. Մարալ Պապեան, Մարիամ Վանունց եւ Լա Քրեսենթա համայնքի հովիւ՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան:
Ձեռնարկի բացումը [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յունուար 4ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի եւ քահանայութեան թեկնածու Սարգիս սրկ. Էյլէնճեանի, «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» հիւանդանոց այցելեց եւ հիւանդանոցի տնօրէն Քեւըն Ռապըրցի, պատասխանատու բժիշկներու եւ պաշտօնէութեան ներկայութեան կատարեց æրօրհնէք եւ հացի օրհնութիւն: Սրբազան հայրը խօսեցաւ Ս. Մկրտութեան մասին եւ իր գնահատանքը յայտնեց հիւանդանոցի ղեկավարութեան: Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Որքա՛ն ալ ուշ պառկիմ, հակառակ անգործութեանս՝ կանուխ արթնցող եմ: Առաւօտեան ժամը 7ին, ըստ սովորութեանս, կը բանամ հեռատեսիլի թիւ 4 կայանը՝ լսելու համար հաճելի ու ընդհանրապէս անհաճոյ լուրերը. արդէն իսկ սկսած էին խօսելու նախորդ երեկոյեան ու նոյն օրը առաւօտուն պատահած մանր-մունր երկրաշարժներու մասին, Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքին մէջ. մանր կ՛ըսեմ, որովհետեւ մենք վարժ ենք նման [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 23ի առաւօտեան Սուրբ պատարագ մատոյց եւ քարոզեց թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Պատարագի ընթացքին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ յղուած սրբատառ կոնդակի ընթերցումով, սրբազան հայրը Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն եւ առաջնորդարանէն ներս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող Ժերմեն Տմիրալը: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Վաչէ արք. [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հանդիսապետութեամբ եւ մասնակցութեամբ Լոս Անճելըս շրջանի հոգեւորականներուն, Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ Հինգշաբթի, Յունուար 3ին Ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ապա Ջրօրհնէք կատարուեցաւ Միշըն Հիլզի «Արարատ հայ տարեցներու տան» մէջ: Պատարագը մատոյց Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը, իսկ օրուան հոգեւոր պատգամը փոխանցեց առաջնորդը, որ նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը:
Պատարագի աւարտին Ջրօրհնէքի [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՄՈՆԹՐԷԱԼ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսահայ ծանօթ գրող Մովսէս Պչաքճեանի «Անկարելի կարելին» թատերգութիւնը հրատարակուած է գրեթէ 40 տարիներ առաջ, բայց բեմադրուած է միայն երկու անգամ, եւ ընդհանրապէս մնացած է անծանօթ:
Ասիկա հաւանաբար այն պատճառով է, որ առաջին ակնարկով ան կը թուի երկար, նիւթը՝ դժուար, եւ բեմադրութիւնը՝ շատերու համար տաղտկալի:
Թէեւ անոր մանուածապատ փիլիսոփայութիւնը կը պարունակէ սուր երգիծական անակնկալներ եւ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Դեկտեմբեր 21ին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ հիմնադրութեան 122ամեակի ժողովրդական տօնախմբութիւնը, մասնակցութեամբ հայկական յեղափոխական եւ ազգային երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի:
Այդ օր, երեկոյեան, ժամը 20էն արդէն հանրութիւնը կ՛աճապարէր տեղ գրաւելու համար Փարիզի 12րդ թաղամասի Espace de Reuilly-ի դահլիճին մէջ: Մուտքին կուսակցական երիտասարդներ կը բաժնէին եռագոյն յուշանուէրներ, դրօշակ, փողկապ:
Երեկոյթին բացումը կատարեցին պատանիները, որոնք երգեցին «Յառաջ Նահատակ», [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, գործակցութեամբ Պօ-Արաքս մշակութային ընկերակցութեան, տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 1-20: Քննութիւնները՝ Օգոստոս 21ին: Ժամանում՝ Յուլիս 30-31ին, իսկ մեկնում՝ Օգոստոս 22-23ին:
Դասընթացքը ունի չորս մակարդակ՝ բացարձակ սկսնակներէ մինչեւ յառաջադէմներ: Դասերը տեղի կ՛ունենան Երկուշաբթիէն Ուրբաթ օրելրը՝ հինգական պահ՝ առաւօտեան: Դասերու ներկայութիւնը պարտադիր է: Մասնակցութեան համար պահանջուած նուազագոյն տարիքն է 18:
Դիմումները [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իշխանութեան ձգտիլը, տիրապետելը, յափշտակելը, իրաւազրկելը եւ առհասարակ սեփական անձի շահը ապահովելով ուրիշին վնասելը, ամէնէն սովորական երեւոյթները դարձած են ներկայ ընկերութեան կեանքին:
Քաղաքակրթութեան յառաջդիմութեան ամէնէն բնական հետեւութիւնը, առաջին հերթին, պէտք է մարդուն զարգացումը ըլլար: Սակայն, մարդկութեան կարեւոր մէկ տոկոսը, տակաւին կը գտնուի անքաղաքակիրթ դարերու խաւարամտութեան մէջ, եւ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Ծամելը կը նպաստէ մարսողութեան երկու ձեւերով.
1. Կը շաղախէ բերանին մէջ դրուած սննդանիւթերը.
2. Սննդանիւթերը կը վերածէ մանր մասնիկներու, որպէսզի կլլելու գործողութիւնը դիւրաւ ընթանայ:
Սննդանիւթերը կերակրագնդակի (bolus) կը վերածուին այս երկու գործողութիւններով եւ կ՛ուղղուին դէպի որկոր-կերակրափող ու կը հասնին ստամոքս, այսինքն կ՛ամբողջանայ կլլելու գործողութիւնը:
Կլլելու գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ հետեւեալ գործընթացով.
Ա. Բերանին մէջ կազմուած կերակրագնդակը բերանին յետսամաս-ըմբանը կը [...]
January 11th, 2013
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Այս առատ ու շռայլ ժամանակներուն, բաւական դժուար կը համարուի դրամ խնայելը կամ պահելը: Մանաւանդ երբ տնտեսական իրավիճակը այդքան ալ փայլուն չէ, մարդիկ յաճախ կը փորձեն ամէն ամիս իրենց վիճակուած ամսականով բաւարարուիլ:
Ժամանակի ընթացքին անոնք կը նկատեն, թէ ոչ մէկ խնայուած գումար ունին եւ կ՛ափսոսան, բայց արդէն ուշ կ՛ըլլայ այլ քայլ մը առնելու համար: Տարիներով [...]
January 11th, 2013
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Յունուար 10ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիաս: Նախագահին կ՛ընկերանար նախարարներէ ու երեսփոխաններէ բաղկացած 18 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:
Առաջին հերթին, նախագահը ու վեհափառը ունեցան առանձին հանդիպում մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութեանց եւ կիպրահայ համայնքին եւ ազգային պահանջատիրութեան առնչուած հարցեր:
Ապա վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառն ու [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ Հինգշաբթի, Յունուար 10ին կարեւոր նորութիւն մը արձանագրուեցաւ, երբ Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազը բեկանեց Պոլսոյ 14րդ դատարանին կողմէ արձակուած այն վճիռը, ըստ որուն՝ Հրանդ Տինքը սպաննողներուն ետին կազմակերպութիւն մը չկար: Արդարեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ Պոլսոյ դատարանը ամբաստանեալները յանցաւոր նկատած էր մարդասպանութեան համար, զանոնք անպարտ հռչակած էր կազմակերպութեան [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Իրաւաբան Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, Յունուար 10ին տեղեկացուց, թէ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց, որոնք պիտի կայանան Ապրիլ 2ին:
Այս մասին հրապարակած իր բաց նամակին մէջ, Սինանեան յոյս կը յայտնէ, թէ համայնքին ցուցաբերելիք օժանդակութեամբ կրնայ յաղթանակ ապահովել՝ դրական փոփոխութիւններ իրագործելու համար քաղաքէն ներս:
Սինանեան արդէն իսկ գործօն մասնակից մըն է Կլենտէյլի քաղաքական կեանքին մէջ՝ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, «Լրագիր» լրատուական կայքէջին յայտնեց, որ Ֆրանսայի հայկական համայնքը աշխատանքներ կը տանի երկրի նախագահին եւ կառավարութեան հետ՝ Ազգային ժողովին եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատման համար Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ ներկայացնելու ուղղութեամբ:
Ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ, ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մը ներկայացուցած է, սակայն [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յունուար 11ի առաւօտեան իմացած է, որ դաժան սպանութեան զոհ գացած է Արամեան-Ունճեան վարժարանի համակարգիչի երկարամեայ թուրք ուսուցիչ Իլքեր Շահինը։
Անծանօթ մը կամ անծանօթներ, Գատըգիւղ գտնուող անոր բնակարանին մէջ յարձակած են ուսուցիչին վրայ ու կտրած են անոր կոկորդը։ Թէ ինչո՞ւ կատարուած է այս ոճիրը՝ յայտնի չէ, սակայն ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ես ըլլայի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի փոխարէն, կը մերժէի պատասխանել ոեւէ լրագրողի հարցումին եւ որեւէ յայտարարութիւն չէի կատարեր, մինչեւ վերջնական եւ յստակ պատկերացում չունենայի հանգանակութեան արդիւնքներուն եւ մանաւանդ՝ անոնց բաշխման վերաբերեալ: Արդարեւ, Հիմնադրամի տնօրէնը պէտք է հետեւած ըլլար նախա-մարաթոնեան օրերուն հրապարակուած լուրերուն ու յայտարարութիւններուն՝ յատկապէս սփիւռքեան շրջանակներու կողմէ, ուր յայտնի կը [...]
January 11th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յունուար 24էն 27ի միջեւ կայանալիք արուեստի գործերու հեղինակաւոր ցուցահանդէսին՝ «Էլ.Էյ. Արթ Շօ-2013»ին, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ հայազգի արուեստագէտ Էմիլ Գազազը (Էմանուէլ Ղազազեան):
Գազազի գործերը պիտի ցուցադրուին Հարաւային ցուցադրասրահի թիւ 344-445 խցիկներուն մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (310) 405-3383 թիւին կամ KazazGallery@live.com հասցէին:
January 11th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՄԱՐԶԻԿ»Ի
Ցուցականը եւ հիմնականը գործունէութեան մը երկու հակառակ երեսները կը կազմեն:
Ցուցականով մարդիկ կ՛աշխատին ներգրաւել միամիտներ, ցոյց տալ անոնց թէ նախաձեռնութիւնը, որուն գլուխը կը գտնուին անոնք, հրաշալի նուաճումներ կը կատարէ:
Ամէն ինչ կեղծ, ամէն ինչ շպարուած ու չափազանցուած ներկայացնելով բազմութիւնները հմայելու խաբուսիկ աշխատանք մըն է ցուցականը: Աճպարարներու կողմէ հետապնդուած միջոցն է ան, որ նպատակ ունի միշտ խաբելով, [...]
January 11th, 2013
| Posted in Կիզակէտ, Յօդուածներ | Read More »
www.MassisART.com E-mail: MA@MassisArt.com
January 11th, 2013
| Posted in Գիր ու Գիծ, Սիւնակներ | Read More »
«Չէզոքութիւն՝ Յանուն Սիրիայի Հայերի Անվտանգութեան»
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի համաձայն՝ սիրիահայ համայնքի կարգավիճակն արգելեց նրան կողմնակալ հայեացքներ ունենալ. առանձնայատկութիւն, որը պէտք է միջազգային հանրային կարծիքը հասկանայ:
Լոյս է տեսել «Ֆրանս Արմէնի» ամսագրի 2013 թուականի Յունուարի համարը, որը հիմնականում նուիրուած է սիրիահայ համայնքին: Համարում ֆրանսերէնով լոյս է տեսել լրագրող Վահէ Տէր Մինասեանի վարած հարցազրոյցը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Հարցազրոյց, Յօդուածներ | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան մէջ Հինգշաբթի, Յունուար 10ին կարեւոր նորութիւն մը արձանագրուեցաւ, երբ Թուրքիոյ Վճռաբեկ ատեանի աւագ դատախազը բեկանեց Պոլսոյ 14րդ դատարանին կողմէ արձակուած այն վճիռը, ըստ որուն՝ Հրանդ Տինքը սպաննողներուն ետին կազմակերպութիւն մը չկար: Արդարեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ Պոլսոյ դատարանը ամբաստանեալները յանցաւոր նկատած էր մարդասպանութեան համար, բայց զանոնք անպարտ հռչակած էր [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» կը տեղեկացնէ, թէ Ուրբաթ, Յունուար 11ի առաւօտեան իմացած է, որ դաժան սպանութեան զոհ գացած է Արամեան-Ունճեան վարժարանի համակարգիչի երկարամեայ թուրք ուսուցիչ Իլքեր Շահինը։
Անծանօթ մը կամ անծանօթներ, Գատըգիւղ գտնուող անոր բնակարանին մէջ յարձակած են ուսուցիչին վրայ ու կտրած են անոր կոկորդը։ Թէ ինչո՞ւ կատարուած է այս սպանդը՝ յայտնի չէ, սակայն ոստիկանութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Իրաւաբան Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, Յունուար 10ին տեղեկացուց, թէ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց, որոնք պիտի կայանան ունենան Ապրիլ 2ին:
Այս մասին հրապարակած իր բաց նամակին մէջ, Սինանեան յոյս կը յայտնէ, թէ համայնքին ցուցաբերելիք իր օժանդակութեան շնորհիւ կրնայ յաղթանակ ապահովել՝ դրական փոփոխութիւններ իրագործելու համար քաղաքէն ներս:
Սինանեան արդէն իսկ գործօն մասնակից մըն է Կլենտէյլի [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, Յունուար 10ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Քրիսթոֆիաս: Նախագահին կ՛ընկերանար նախարարներէ ու երեսփոխաններէ բաղկացած 18 հոգինոց պատուիրակութիւն մը:
Առաջին հերթին, նախագահը ու վեհափառը առանձին հանդիպում մը ունեցան. ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութեանց եւ կիպրահայ համայնքին եւ ազգային պահանջատիրութեան առնչուած հարցեր:
Ապա վեհարանի դահլիճին մէջ վեհափառն ու նախագահը [...]
January 11th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »