Home » January 15th, 2013Entries posted on “January 15th, 2013”
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փարիզի մէջ կասկածելի պայմաններու տակ սպաննուած երեք քիւրտ գործիչներու յուղարկաւորութիւնը Չորեքշաբթի, Յունուար 16ին պիտի կատարուի Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) մէջ, եւ շատ հաւանական է, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան անդամ երեք կիներու սպանութեան հարցը զանգուածային ցոյցի մը վերածուի՝ յուղարկաւորութեան անուան տակ։
Քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Տիարպեքիրի նահանգային պետ Զիւպէյտէ Զիւմրիւթ ըսաւ, որ սպաննուած երեք կիներուն մարմինները [...]
January 15th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իր դեմոկրատ կուսակիցներուն կողմէ քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի՝ մեծամասնութեամբ սպիտակամորթ եւ արական սեռի ներկայացուցիչներէ բաղկացած նախարարաց խորհուրդ մը կազմելուն համար: Դեմոկրատներուն համար մասնաւորաբար անհաճոյ է այն հանգամանքը, որ գործադիր իշխանութեան կարեւորագոյն պաշտօններու վրայ նշանակուած ըլլան միայն սպիտակամորթ տղամարդ քաղաքական գործիչներ:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին, Օպամա չորս սպիտակամորթ տղամարդ թեկնածուներ առաջադրած [...]
January 15th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Աւելի քան 1500 իսրայէլացի զինուորներ Կիրակի, Յունուար 13ին ներխուժեցին պաղեստինցիներու Պապ Շամս նորաստեղծ գիւղը՝ ձերբակալելով 120 պաղեստինցիներ, ներառեալ՝ Պաղեստինեան ազգային նախաձեռնութեան ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Պարղութին: Վիրաւորուեցան պաղեստինցի 15 գործիչներ: Վրանաբնակ գիւղը հաստատուած էր իբրեւ բողոք՝ այդ տարածքին մէջ հրէական բնակեցման վայրեր կառուցելու ծրագիրին, որ արժանացած էր միջազգային քննադատութեանց: Այդ ծրագիրի քննադատները կը նշեն, [...]
January 15th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Հալէպի կառավարիչը Երեքշաբթի, Յունուար 15ին հաղորդեց, թէ Հալէպի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած երկու ուժգին պայթումներ առնուազն 82 զոհ խլած են: Քննութեանց առաջին օրը տեղի ունեցած պայթումներուն պատասխանատուութիւնը ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է: Շրջանը կը գտնուի կառավարութեան հաւատարիմ ուժերու հակակշիռին տակ: Ըստ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին՝ հրթիռներ արձակուած են համալսարանին վրայ եւ յարձակումին պատասխանատու [...]
January 15th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
- Թրքական աղբիւրներու համաձայն՝ Անգարա Ուաշինկթընի ներկայացուցած է «Սայտուայնտըր Էյ.Այ.Էմ.Էս. 29» տիպի 117 հրթիռներ գնելու խնդրագիր մը: 140 միլիոն տոլարնոց այս դիմումը Անգարայի կողմէ կը կատարուի՝ «շրջանին մէջ տիրող բացասական զարգացումներու լոյսին տակ իր հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը արդիականացնելու համար»:
- Եգիպտոսի նախագահական բանբերը յայտարարեց, որ պաղեստինեան «Համաս» եւ «Ֆաթհ» կազմակերպութիւններրը համաձայնած են Մայիս 2011ին, եգիպտական միջնորդութեամբ [...]
January 15th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու ղեկավարութեան ընդլայնուած կազմով նիստ՝ Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ:
Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակէն փոխանցուած լուրերուն համաձայն, նիստը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառներուն համար նախորդ տարի առանցքային նշանակութիւն ունեցած երկու կարեւորագոյն միջոցառումներուն՝ [...]
January 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի «Դուին» պանդոկը պիտի վերակառուցուի մինչեւ 2016 թուական: Այս մասին 15 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեանը: «Նախորդ պայմանագրում տոյժ եւ տուգանքների տողն ամբողջութեամբ բացակայում էր, դրա համար էլ գնորդը շատ հանգիստ ներդրումներ չէր կատարում», յայտնած է Սահակեան:
Սահակեանի համաձայն, գնորդը հաստատած [...]
January 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Մետիամաքս».– Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան յայտնած է, որ որոշած է ձեռնպահ մնալ աշխոյժ քաղաքականութեան վերադառնալէ, քանի որ քաղաքական փոխհամաձայնութեան փնտռ-տուքը Հայաստանի մէջ փոխուած է «մանրածախ քաղաքական առեւտրի», եւ արդէն անիմաստ է «ծախսել ժամանակս, գիտելիքներս ու փորձս»:
15 Յունուարին «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին Քոչարեան խոստովանած է, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն իր հաւանական մասնակցութեան որոշ [...]
January 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարութեան շէնքը այս տարուան Մարտին աճուրդի կը դրուի: 15 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեանը: «Քանի որ կայ մեր հանրութեան պահանջը եւ կայ իմ մտավախութիւնը, որ գոյքն էժան է գնահատուել շուկայական արժէքից, դրա համար մենք այս [...]
January 15th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի գրադարանէն ներս երաժշտական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ՝ գրադարանի բարեզարդման ծրագիրներուն նպաստելու համար:
Ձեռնարկին ներկայ էին բաւական մեծ թիւով աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ:
Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին 9-12րդ կարգերու աշակերտներէն ոմանք, որոնք երաժշտական հակումներ եւ կարելիութիւններ ունին: Անոնք իրենց երգերով ու նուագներով խանդավառեցին ներկաները եւ բաւական խոստմնալից [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
UCLA-ի Նարեկացիի անուան հայագիտական ամբիոնի բարեկամներու ընկերակցութիւնը, որ համալսարանին կողմէ ճանչցուած է որպէս կապ՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին հետ, ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ յառաջիկայ դասախօսական երեկոյին մասին, զոր պիտի ներկայացնէ դոկտ. Յասմիկ Խալափեանը՝ այժմ այցելու դասախօս UCLA-ի Միջինարեւելեան լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն ներս, նիւթ ունենալով «Օսմանեան Կայսրութեան մէջ ապրող հայերու կրթական եւ բարեսիրական գործունէութեան փիլիսոփայութիւնն ու [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք, Փոքր Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Փարիզի մէջ քրտական ընդդիմադիր կուսակցութեան կեդրոնի գրասենեակին մէջ 10 Յունուարի առաւօտուն պատահած ոճիրը քաղաքական սպանութիւն նկատուած է ֆրանսական մամուլին կողմէ:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴի Ֆրանսայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Հրաչ Վարժապետեան նշած է, որ կատարուածը քաղաքական յստակ սպանութիւն է: Քիւրտերը մեծ ցոյցեր կը կազմակերպեն՝ քաղաքական իշխանութիւններէն պահանջելով ոճիրի արագ բացայայտում:
«Եթէ ֆրանսական իշխանութիւնները [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Պոլսոյ հայ գաղութին նախաձեռնութեամբ, սուրահայերուն օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով երկու արշաւներ սկսած են: Անոնցմէ առաջինն է՝ «Թաուրը Թրեվըլ» ընկերութեան սեփականատէր Տիգրան Ալթունի կնոջ՝ Շնորհիկի, նախաձեռնած արշաւը, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է, իսկ երկրորդը՝ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան նախաձենութիւնը, որուն հաւաքած օժանդակութիւնները պիտի բաժնուին Թրքական Կարմիր մահիկին կողմէ:
Նկատի ունենալով, որ առաջին արշաւը քաղաքացիական բնոյթ ունի՝ անոր [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Միացեալ Նահանգներ ծնած եւ հասակ նետած Սոնա Թաթոյեան ծրագրած է նկարահանել ժապաւէն մը՝ Միշելին Ահարոնեան Մարկոմի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ» գիրքին հիման վրայ: Ժապաւէնը եւս պիտի ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Հրանդ Տինքի մահուան 6րդ տարելիցին առիթով թրքական «Ռատիքալ» թերթը հարցազրոյց մը կատարած է Թաթոյեանի հետ: Վերջինս նշած է, որ ժապաւէնի պատրաստութեան [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հալէպի հայկական Նոր Գիւղ թաղամասին մէջ 12 Յունուարին հայ մը վիրաւորուած է, «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ վիրաւորուածը միջին տարիքի հայ է, որ աւելի կարճ ճամբով երթեւեկելու նպատակով անցած է վտանգաւոր վայրէ՝ արձակազէնի ուշադրութիւնը գրաւելով։ Ռէյիսեանի համաձայն, ան արդէն վիրահատուած է, թէեւ [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու լուսաբանումը մեր պարտաւորութիւնն է: Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով ընտրութենէ ընտրութիւն առաւել կատարելագործուած այն պայմանները, որոնք անկարելի կը դարձնեն արդար ընտրութիւններ իրականացնելը՝ նպատակայարմար կը տեսնենք լրատուական մարտավարութեան մը որդեգրումը՝ նախընտրական քարոզարշաւի մեկնաբանութիւններու կապակցութեամբ:
Ամփոփենք մինչեւ այսօր պատահածը: Հրապարակուեցաւ 15 թեկնածուներու անուն, որոնք ցանկութիւն յայտնած էին մաս կազմելու նախագահական ընտրապայքարին: Այդ չափանիշով հաւանաբար թեկնածուներու թիւը [...]
January 15th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԿԼԵՆՏԷՅԼ, «Նոր Հայաստան».- Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդանիստ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Յունուար 13ին կատարուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ, նորընտիր առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի քահանայական ձեռնադրութեան 25ամեակին առիթով: Ներկայ էին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը, Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ առաջնորդներուն, Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ
Լոս Անճելըսի հայկական քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ խուռներամ [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԱՐԱ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ֆրանսական «Աքսա» ընկերութեան դէմ՝ այդ ընկերութենէն ապահովագրութիւն գնած ու Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուածներու ժառանգորդներուն անունով դատ բացած իրաւաբաններուն միջեւ ծագած վնասակար վէճը նոր հանգրուան մը մուտք գործեց Դեկտեմբեր 31ին, երբ իրաւաբան Պրայըն Քապաթեք Միացեալ Նահանգներու Շրջանային ատեանին դիմեց՝ հետաքննութիւն սկսելու համար իր նախկին գործակից իրաւաբան Վարդգէս Եղիայեանի դէմ, զայն ամբաստանելով կեղծ բարեսիրական [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը Երեքշաբթի, Յունուար 15ին հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներու ատրպէյճանցիներու ցանցի հիմնադիր եւ վարիչ Պատիր Մամատլի, Ատրպէյճանական ուսմանց Ուաշինկթընի կեդրոնի վարիչ Քատիր Շիրալիեւ, ինչպէս նաեւ Ամերիկա-Ատրպէյճան առեւտուրի գրասենեակի գործադիր վարիչ Սուզան Սատիքովա հանդիպում մը ունեցած են Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարի հետ, այլ հարցերու կողքին քննելով նաեւ Արցախի տագնապը:
Ատրպէյճանական սփիւռքի [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պարբերաբար Հայկական Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնող թրքական յայտնի «Թարաֆ» թերթի գլխաւոր խմբագիրի պաշտօնին նշանակուած է «Ռատիքալ» թերթի սիւնակագիր Օրալ Չալըշար. այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը:
Չալըշար այն թուրք մտաւորականներէն է, որ հակառակ իր պետական մերժողական քաղաքականութեան, քանի մը առիթներով Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան մասին արտայայտուած է: Ան մէկն էր այն թուրք մտաւորականներէն, որոնք անցեալ [...]
January 15th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԴՐՕՇԱԿ»Ի
2013 թուականի Յունուարի 10ին, Փարիզի քրդական կենտրոնում, յայտնաբերուեցին հրազէնով սպանուած երեք քուրդ կանանց դիակներ: Սպանուածներն էին՝ Քրդական ազգային կոնգրեսի հիմնադիր անդամ Սաքինէ æանսըզը, Բրիւսելում ՔԱԿ ներկայացուցիչ Ֆիդան Դողանը եւ երիտասարդ գործիչ Լէյլա Սոյլեմեզը: Քաղաքական այս սպանութիւնները լայն արձագանգ ունեցան միջազգային լրատուամիջոցներում: Թէ՛ ֆրանսիայում եւ թէ՛ ֆրանսիայից դուրս միանշանակ գնահատականն այն էր, որ ահաբեկչութեան յետեւում [...]
January 15th, 2013
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
ԿԱՐԻՆԷ ՏԷՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Մի բարեկամուհի ֆէյսբուքեան էջում գրում էր. «Փոխանակ հարցազրոյցներ անցկացուեն Հալէպում մնացող սիրիահայերի հետ, դրանք կատարում են Երեւան գնացած եւ Նոր Տարին էլ այլ երկրներում դիմաւորած սիրիահայերի հետ»: Այսինքն՝ նրանց հետ, ովքեր հեռու են երկրում տիրող իրավիճակի դժուարութիւններից:
Բայց արի ու տես հեռացողների իրավիճակը: Տուն ու տեղ թողած, անգործ, վարձուած տների մէջ, հայաստանեան ցրտին՝ անսովոր, [...]
January 15th, 2013
| Posted in Կիզակէտ | Read More »
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 122 տարեկան է: Ուզում եմ առիթը օգտագործել՝ ձեզ եւ մեր ժողովրդին շնորհաւորելու այդ կապակցութեամբ:
Հայրենիք եւ պետութիւն, ազգ եւ ժողովուրդ, ազատութիւն եւ անկախութիւն՝ ահա այն արժէքները, որոնց դաւանումով ձեւաւորուեց, գործեց ու այսօր էլ իր երթն է շարունակում Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
«Մենք ապագայի կուսակցութիւն ենք»:
Դա կարող է ասել դաշնակցական իւրաքանչիւր ընկեր՝ հիմք ունենալով մեր անցած [...]
January 15th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »