Home » January 17th, 2013Entries posted on “January 17th, 2013”
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը 500 միլիոն դրամ յատկացուցած է Հայաստանի ոստիկանութեան ու ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ 2013ի առաջին կիսամեակին բնակարաններ գնելու նպատակով: Որոշումը ընդունուած է 16 Յունուարի նիստին ընթացքին։
Գումարները պիտի յատկացուին Հայաստանի կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն։ 142 միլիոն դրամ պիտի տրուի ԱԱԾին, 260 միլիոն դրամ՝ ոստիկանութեան, 96 միլիոն դրամ՝ ԱԱԾի պետական պահպանման ծառայութեան:
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կը յայտարարէ «Լեւոն Շանթ» թատերգութեան մրցանակաբաշխութիւն:
ՆՊԱՏԱԿ.- Ժամանակակից հայ թատերգութեան զարգացում, խթանում, այս ժանրի մէջ ստեղծագործող նոր անուններու, թատերգութեան ժամանակակից ուղղութիւններու բացայայտում, հայ թատերական արուեստի լաւագոյն աւանդոյթներու շարունակականութիւն, նոր թատերգութիւններու բեմադրութեան աջակցութիւն:
ԹԵՄԱ.- Ազգային եւ համամարդկային արժէքներ, անհատի եւ ինքնութեան փնտռտուք, մեր ժամանակի հերոսը:
Մրցանակները՝
1ին տեղ՝ 1,000,000 դրամ
2րդ տեղ՝ 800,000 դրամ
3րդ տեղ՝ [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Չորեքշաբթի 16 Յունուար 2013ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակը վեհափառ հայրապետին փոխանցել էր Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան պատկերացումը Սուրիոյ տագնապի լուծման եւ այս ուղղութեամբ անոր կատարած աշխատանքները:
Վեհափառ հայրապետը լսելէ յետոյ դեսպանին զեկոյցը իր կարգին շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-
1) Անհրաժեշտ է կարելի փութով քաղաքական լուծում [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- Հ. Մ. «Արարատ» կազմակերպութեան 25րդ Պատգամաւորական ժողովի բացումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Յունուարի երեկոյեան՝ «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» սրահում:
69ամեայ «Արարատ»ի Պատգամաւորական ժողովի բացումը կատարուեց սկաուտների միջոցով դրօշակի ծածանումով, «Արարատ»ի հիմնի ներքոյ, որին յոտնկայս հետեւեցին ներկաները:
Ներկաներին ողջոյնի խօսք ասաց կազմակերպութեան Կենտ. վարչութեան անդամ Հրաչ Զարիֆեանը եւ Կենտր. վարչութեան նախագահ Համլետ Խալոյեանին հրաւիրեց՝ արտայայտուելու:
Նա հակիրճ, [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութներ, Սփիւռք | Read More »
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երկուշաբթի, Յունուար 7ին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը Պըրպենքի նոր Երիտասարդական կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր Հայկական Ս. Ծնունդի աւանդական հիւրասիրութիւնը, որուն ներկայ էին քաղաքապետական խորհուրդէն անդամներ, քաղաքի այլ պաշտօնակատարներ ու Պըրպենքի մէջ կայանալիք ընտրութեանց շարք մը թեկնածուներ, նահանգային ու դաշնակցային կառավարական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ՝ Պըրպենքի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչիներ:
Հիւրասիրութեան բացումը կատարեց Զարեհ [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կատակաբան Արա Պասիլի կազմակերպութեամբ ծիծաղի երեկոյ մը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Յունուար 27ին, Լոս Անճելըսի աշխարհահռչակ «Քամընտի Սթոր»ին մէջ, մասնակցութեամբ խումբ մը մենակատարներու եւ «Տի.Ճէ. Հայ FX»ի:
Դռները պիտի բացուին երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ ձեռնարկը պիտի սկսի ժամը ճիշդ 8ին:
Եթէ տոմսերը համացանցէն ապսպրուին, անոնց արժէքը 15 տոլար է, իսկ եթէ itsmyseat.com ցանցին վրայ «FUNNY» [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- ՀԲԸՄի Երիտասարդ արհեստավարժներու Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի տարեկան ձմեռնային հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 15-17ի շաբաթավերջին, իսկ անոր հասոյթին մէկ մասը պիտի տրամադրուի Սուրիոյ հայութեան օժանդակութիւններ տրամադրելու նպատակին:
Տարեկան 14րդ հաւաքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար այցելել www.agbusfgala.org կայքը կամ դիմել agbusfgala@gmail.com հասցէին:
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վանաձորի մէջ սկսած են Լոռիի մարզային առողջապահական կեդրոնի ծննդատան շինարարութեան հողային աշխատանքները: Մարզին, յատկապէս նախկին վարչական շրջաններուն՝ Տաշիրի, Ստեփանաւանի, Սպիտակի, Ալավերդիի, Գուգարքի բնակչութիւնը յաճախ բարձրակարգ բժշկական օգնութիւն, յատկապէս ծննդաբերութեան ծառայութիւն ստանալու համար ստիպուած կ՛ըլլայ երթալ Երեւան, ինչ որ յաւելեալ վտանգ, ծախս եւ դժուարութիւն կ՛ենթադրէ։ Նոր, գերժամանակակից կեդրոնի կառուցումէն յետոյ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել [...]
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Իւքոմ» ընկերութեան տնօրէն Հայկ Եսայեան 17 Յունուարին՝ հանդիպում ունենալով Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հետ, յայտնած է, որ երեւանեան դպրոցներուն տրամադրուող համացանցային կապի արագութիւնը պիտի քառապատկուի՝ հասնելով 20 մեկապայթ/վայրկեանի: «Գերարագ ինտերնետ ունենալու հնարաւորութիւն շուտով կ՛ունենան նաեւ Աբովեան քաղաքի դպրոցները, իսկ հանրապետութեան մնացած դպրոցներին տրամադրուած ինտերնետի արագութիւնը կը բարձրացուի աստիճանաբար», նշած է Հայկ Եսայեանը: [...]
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վրաստանի վարչապետ Պիձինա Իվանիշվիլի 17 Յունուարին պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Հայաստան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահին, վարչապետին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ, ինչպէս նաեւ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը։ Տեսակցութիւններուն ընթացքին քննարկումի նիւթ հանդիսացան հայ–վրացական յարաբերութիւնները, վրացահայ համայնքն ու անոր կարիքները։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց վարչապետ Իվանիշվիլին՝ Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ղեկավարած համախոհական ցանկին [...]
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Հայաստանի ժամանակ».– «Համեմատած նախորդ տարիների՝ այս տարի տօնական օրերին Լեռնային Ղարաբաղ աւելի շատ հայաստանցիներ են այցելել», յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեանը՝ «Հայկական ժամանակ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին:
Անոր համաձայն, Ղարաբաղ այցելած հիւրերէն կը հաշուըուին միայն օտարներ, իսկ Հայաստանի քաղաքացիներու մուտքի վիճակագրական անցուդարձը չ՛արձանագրուիր: Այդուհանդերձ, անոր համաձայն, այս [...]
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ.- Երէկ, Հինգշաբթի օր, հազարաւոր արուեստասէր երեւանցիներ յարգանքի իրենց վերջին տուրքը տուին խորհրդային շրջանի նշանաւոր դերասան, ասմունքող Վլադիմիր Աբաջեանին: Անցեալ Երեքշաբթի օր մահացած 86ամեայ արուեստագէտի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու շարքերուն մէջ նախորդ տարի արձանագրուած է մահացողներու թիւի զգալի նուազում: 17 Յունուարին լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ, զինուորական դատախազ Գէորգ Կոստանեանը: Ան նշած է, որ 2012ին արձանագրուած է զինուորական ծառայութիւն կատարելու ընթացքին մահերու 29 պարագան, որմէ 9ին պատասխանատուն հակառակորդն էր։ «Զինուած [...]
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառային դպրոցը այս տարուընէ սկսեալ պիտի իրականացնէ հինգ ուղղութիւն ունեցող ծրագիր, պիտի կատարելագործէ դասաւանդման մեթոտիքան, պիտի ընդլայնէ թեմատիք ընդգրկումը, մասնակիցներուն թիւն ու աշխարհագրութիւնը: 17 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանը: «Սփիւռք» ամառային դպրոցը հիմնուած է 2012ին՝ Երեւանի [...]
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– 17 Յունուարին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն այցելած է սուրիահայ Մուշեղեաններուն ընտանիքը՝ ներկայացնելու 11ամեայ Սերլի Մուշեղեանի յաջողութիւնները լողի բնագաւառին մէջ: Վերջին 2 ամիսներուն աղջիկը կարելիութիւն ունեցած է անվճար կերպով մարզուելու Դաւիթ Համբարձումեանի անուան ջրացատկի ողիմպիական մասնագիտական մանկապատանեկան մարզադպրոցին մէջ: Մարզումներուն իբրեւ արդիւնք՝ ան Հայաստանի լողի պատանեկան ախոյեանութեան վերջին 4 մրցաշարքերուն յաղթանակ ապահոված է եւ ախոյեան [...]
January 17th, 2013
| Posted in Հայաշխարհ, Հայաստան | Read More »
ՏԻԱՐՊԵՔԻՐ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Յունուար 17ին, մօտաւորապէս 50,000 սգաւորներ մասնակցեցան Փարիզի Քրտական հիմնարկութեան գրասենեակին մէջ անծանօթներու կողմէ սպաննուած երեք քրտուհիներու յուղարկաւորութեան, որ հակառակ իշխանութեանց մտավախութիւններուն՝ Տիգրանակերտի (Տիար-պեքիր) մէջ իրականացաւ առանց միջադէպի:
Անոնց դիակները Չորեքշաբթի գիշեր օդանաւով բերուեցան Տիարպեքիր, ուր հազարաւորներու կողմէ դիմաւորեցան: «Նահատակները չեն մեռնիր» եւ այլ կարգախօսներու արձակումով, մարմինները փոխադրուեցան հիւանդանոց, ուր մնացին մինչեւ յուղարկաւորութիւն։ Մարմինները [...]
January 17th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ բանակցութիւնները «խաղաղութեան հոլովոյթ» նկատելով՝ խոստացաւ բանակցութիւնները շարունակել՝ հակառակ «գրգռութեան փորձերուն» եւ ընդդիմադիր Ազգային շարժում կուսակցութեան ցուցաբերած ընդդիմութեան: «Զգոյշ ենք, սակայն տակաւին յուսալից ենք», ըսաւ Էրտողան իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստին ընթացքին:
Անդրադառնալով Փարիզի մէջ քիւրտ գործիչներու սպանութեան [...]
January 17th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԱԼԺԷ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Յունուար 17ին, ալճերիական ուժեր յարձակած են քարիւղի հանքի մը մէջ խումբ մը ալճերիացիներ եւ օտար պաշտօնեաներ պատանդ բռնած ծայրայեղ իսլամական զինեալներու վրայ՝ փրկելով 28 օտար ու տասնեակներով տեղացի պատանդներ, սակայն գործողութեան ընթացքին սպաննուած են առնուազն 6 օտար պատանդեր եւ 8 զինեալներ:
Կը կարծուի, թէ 7 այլ օտարահպատակ քաղաքացիներ պատանդ կը մնան, մինչ զինեալ [...]
January 17th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին՝ Չորեքշաբթի, Յունուար 16ին յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն ոչ մէկ փաստ ունի, թէ Սուրիոյ զինուորական ուժերը քիմիական նիւթեր գործածած են ապստամբներու դէմ իրենց պայքարին մէջ: Ամերիկեան «Ֆորէյն Փալըսի» թերթը մէկ օր առաջ հաղորդած էր, թէ Պոլսոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւնը արտաքին գործոց նախարարութեան [...]
January 17th, 2013
| Posted in Միջազգային | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կուսակցութեան Գերագոյն ժողովը Գերագոյն մարմինը լիազօրած է հետեւելու ընտրարշաւին եւ յայտարարութեամբ հանդէս գալու:
Նախորդ տարեվերջին Դաշնակցութեան գերագոյն ժողովը որոշեց յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածու չառաջադրել՝ բացառելով նաեւ իշխանութեան թեկնածուին աջակցիլը:
«Սա ոչ թէ մրցակցութիւնից խուսափել է, այլ՝ անհաւասար պայքարի մէջ անիմաստ [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Ակօս»ի 18 Յունուարի թիւին մէջ լոյս տեսած է Ճեմալ Փաշայի թոռան՝ Հասան Ճեմալի ստորագրած գրութիւնը, որ Հրանդ Տինքի վեցերորդ տարելիցին առթիւ, Պերլինի «Հունպոլտ» համալսարանին մէջ նոյն օրը իր տալիք բանախօսութեան բնագիրն է: Գրութիւնը կը կրէ «1915ի վիշտը ո՛չ թէ անցեալին, այլ այսօրուան խնդիրն է» վերնագիրը եւ կը սկսի Միլան Քունտերայի հետեւեալ տողերով.
«Իշխանութեան դէմ մարդուն պայքարը
Մոռացութեան [...]
January 17th, 2013
| Posted in Սիւնակներ, Օրը Օրին | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 6րդ տարելիցին կապակցութեամբ, Թուրքիոյ տարածքին տեղի կ՛ունենան զանազան միջոցառումներ:
Ըստ «Ակօս» թերթի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ ամերիկացի յայտնի մտաւորական, լեզուաբան եւ պատմաբան Նոամ Չոմսքի եւս որոշած է մասնակցիլ Տինքին նուիրուած ձեռնարկներէն մէկուն, որ Ուրբաթ, Յունուար 18ին, Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուելիք [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր, Պատկերաւոր Լուրեր | Read More »
ՊՈԼԻՍ, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք».- Հինգշաբթի, Յունուար 17ին, թուրք յայտնի քաղաքական վերլուծաբան Մեհմետ Ալի Պիրանտ իր մահկանացուն կնքած է քաղցկեղի դարմանումներու ընթացքին: Ան 72 տարեկան էր: Պիրանտ, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թուրք մտաւորականներէն մէկը չէր, յաճախ կոչեր կը կատարէր իշխանութեանց, որ աւելի լայնախոհ մօտեցում ցուցաբերեն: Զոր օրինակ, մօտաւորապէս տարի մը առաջ, Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած աշխատանքը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ձեւաչափով պէտք է շարունակուի. Հինգշաբթի, Յունուար 17ին այս մասին յայտարարած է խմբակի ամերիկացի ժամանակաւոր համանախագահ Իան Քելի:
Ան ընդգծած է, որ ձգձգուող հակամարտութիւնները կը շարունակեն մնալ ԵԱՀԿի գլխաւոր մտահոգութիւնը, եւ անոնց վրայ յաւելեալ ուշադրութիւն կեդրոնացնելու նպատակով՝ խորհուրդ տուած է ԵԱՀԿի գործող նախագահ՝ Ուքրանիոյ արտաքին [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »
ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
Օրուայ խճողուած լրահոսի մէջ հայեացքս որսում է ոչ սովորական մի վերնագիր՝ Յունուարի 16ը Բիթլզի համաշխարհային օրն է: Էպոսագէտով, նախընտրական ինքնաոչնչացնող գզվռտուքներով, 20 եւ աւելի տարիներ մեր քաղաքական ու սոցիալական լրահոսն ու իրականութիւնը խցանած, բայց մեր կեանքը ոչնչով չփոխած, յոգնած դէմքերով գործիչների, անվերջ ու անյաղթահարելի թուացող ճգնաժամերի ու գրեթէ հակակրանք առաջացնող ընտրութիւնների մասին լուրերի ու [...]
January 17th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Մեր Կողմնացոյցը
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Պիտի չուզէինք երբե՛ք տարեթիւերու յորձանուտին յանձնուիլ ու անկէ թելադրուած հիմնաւորել ՀՅ Դաշնակցութեան աւելի քան 120ամեայ երթին ու պատգամին անժամանցելիութիւնը, պարզապէս կրկին անգամ յիշատակելու անոր փառահեղ անցեալն ու ներկայի գործունէութիւնը:
Այլապէս ալ, փաղաքշական խօսքերն ու պսպղուն միտքերը չեն, որ արժանաւորապէս պիտի գնահատեն գաղափարական լիցքով օժտեալ ու իր ժողովուրդին պայքարի արգանդէն ծնունդ առած յեղափոխական այս կազմակերպութեան [...]
January 17th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Քաղաքական մեկնաբաններուն մեծ մասը կը նախատեսէ, որ նախագահ Օպամայի կողմէն իբրեւ պաշտպանութեան յաջորդ նախարար առաջադրուած թեկնածուն՝ նախկին ծերակուտական Չաք Հակելը այդ պաշտօնին վրայ հաստատման առիթով վիճելի քննարկումներ տեղի ունենան զինուած ուժերու յանձնաժողովին, ապա ծերակոյտի լիագումար նիստին ընթացքին։
Ծերակոյտի մէջ գտնուած իր 12 տարիներու ընթացքին հանրապետական Հակել արդէն իսկ վիրաւորած է բազմաթիւ ընտրողներ, ներառեալ՝ իր հարազատ [...]
January 17th, 2013
| Posted in Սասունեանի Անկիւնը, Սիւնակներ | Read More »
January 17th, 2013
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
(Հեղինակ՝ Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեան)
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այն օրերուն, երբ 2012 տարին կը պատրաստուէր մայր մտնել, Երեւանի «Լուսաբաց» հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ Արմինէ Կարապետեան-Գունտաքճեանի «Ինչ է Գրուել
Իրանում Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» հատորը, որ ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն է եւ նոր ներդրում մը՝ Հայ Դատի աշխատանքներու ծիրին մէջ։
Մասնագիտութեամբ քիմիագէտ, սակայն հոգիով ու խորքով մեզ տագնապեցնող հարցերու հետամուտ Արմինէ Գունտաքճեանը վերջին տարիներուն ձեռնարկած է [...]
January 17th, 2013
| Posted in Մշակոյթ | Read More »
ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Յաճախ պատահած է, որ գրաքննադատական կամ վերլուծական յօդուածներ ստորագրեմ սփիւռքեան այս կամ այն թերթին մէջ՝ քննելով գործերը ժամանակակից սփիւռքահայ գրողներու, ինչպէս՝ Նիկողոս Սարաֆեանի, Յարութիւն Կոստանդեանի, Զուլալ Գազանճեանի եւ այլն: Ընդհանրապէս այդ մէկը ըրած եմ՝ մեկնած արուեստի եւ գրականութեան հանդէպ ունեցած սէրէս կամ առհասարակ նմաններուն արուեստին հանդէպ ունեցած մեծ համարումէս, որ այդ գրողները ինծի համար [...]
January 17th, 2013
| Posted in Յօդուածներ | Read More »
Հայ ժողովրդի համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի 1918թ. Մայիս 28ին հիմնուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որ հիմք հանդիսացաւ հայկական պետականութեան հետագայ ամրապնդման: Այն ծնունդ առաւ դժուարին պայմաններում՝ 1915թ. հայոց ցեղասպանութիւնից վերապրած, սովի եւ համաճարակի ճիրաններում տառապող հայ գաղթականներով լցուած եւ տնտեսական ծանր վիճակում տուայտող հայրենիքում:
Նորաստեղծ հանրապետութեան կերտման եւ պետականութեան ամրապնդման գործում կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, Յունուար 16ին, «Լոս Անճելըս Թայմզ»ի կայքին վրայ զետեղուած է Քերըլ Ճէյ. Ուիլեըմզի մէկ յօդուածը, որուն խորագիրն է՝ «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն. ո՛չ անցած, ոչ ալ մոռացուած»:
Յօդուածին կողքին, կայքին վրայ զետեղուած է նաեւ լուսանկար մը, ուր ցոյց կը տրուին Շուշիի աւերակներուն մէջ խաղացող հայ երեխաներ եւ կը նշուի, թէ Շուշին մեծ վնասներ կրած է [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գաղութի Կեանքէն, Սփիւռք | Read More »
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 6րդ տարելիցին կապակցութեամբ, Թուրքիոյ տարածքին տեղի կ՛ունենան զանազան միջոցառումներ:
Ըստ «Ակօս» թերթի հաղորդած տեղեկութիւններուն՝ ամերիկացի յայտնի մտաւորական, լեզուաբան եւ պատմաբան Նոամ Չոմսքի եւս որոշած է մասնկացիլ Տինքին նուիրուած ձեռնարկներէն մէկուն, որ Ուրբաթ, Յունուար 18ին, Պոլսոյ Պողազիչի համալսարանի քաղաքագիտութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին կողմէ կազմակերպուելիք [...]
January 17th, 2013
| Posted in Գլխաւոր Լուրեր, Լուրեր | Read More »