ՄԱՍ Ա. ՄԱՍ Բ. ՄԱՍ Գ.
ՓՈԽԱՆ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԻ . ՀՄԸՄը Գիտէ Հայրենիք Սիրել Ու Հայրենիք Շնչել՝ Իր Գործունէութեամբ
Միութեան մը յարատեւման գլխաւոր երաշխիքը իր առաքելութիւնն է եւ իրականացող նպատակները, այլապէս՝ անիկա երկար կեանք չ՛ունենար:
ՀՄԸՄի Պատմականը
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄը, 100 տարիներ գոյատեւեց շնորհիւ իր առաքելութեան, որդեգրած սկզբունքներուն եւ հետապնդած նպատակներուն, որովհետեւ անոնք կը խօսին հայ երիտասարդութեան սիրտին եւ մեր յաջորդական սերունդներուն ֆիզիքական ու մտային դաստիարակութիւն կու տան՝ մարզական եւ սկաուտական շարքերուն ընդմէջէն:
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
1960ական թուականներուն, քաղաքական եւ տնտեսական աննպաստ պայմաններու բերումով, մեծ թիւով հայեր՝ յատկապէս Միջին Արեւելքէն, Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուեցան անոնց մէջ կը գտնուէին մանաւանդ Սուրիայէն եւ Լիբանանէն ժամանած ՀՄԸՄականներ:
ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի Մասնաճիւղ
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու երկրորդ մասնաճիւղը Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղն է, որուն հիմնադրման գաղափարը յղացած են Միջին Արեւելքէն շրջանը հաստատուած ՀՄԸՄականներ Կարպիս Պէզճեան եւ Ռոստոմ Այնթապլեան:
ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» Մասնաճիւղ
Կլենտէյլի ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէն, նկատելով, որ Կլենտէյլը հետզհետէ հայահոծ գաղութի կը վերածուի՝ անհրաժեշտ կը գտնէ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնել այնտեղ եւ այս իմաստով կը դիմէ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան:
ՀՄԸՄի Սաքրամենթոյի «Լոռի» Միաւոր
Քալիֆորնիոյ նահանգի մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ, փոքր թիւով հայկական գաղութ մը գոյութիւն ունի, որուն մաս կը կազմեն նաեւ մի քանի նախկին ՀՄԸՄականներ, որոնք աշխատանքի բերումով հաստատուած են հոն: Այս ՀՄԸՄականները, Սաքրամենթոյի հայ երեխաներու էութեան մէջ ազգային դիմագիծ եւ հայրենասիրութիւն դրոշմելու հեռանկարով, 2016ին, դիմելով ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, առաջարկած են ՀՄԸՄի միաւոր մը հիմնել: Դրական պատասխան ստանալով, անոնք…
ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայըրի «Արազ» Մասնաճիւղ
Ինլընտ Էմփայըր շրջանի եւ յատկապէս Լա Վըրնի փոքրաթիւ հայութիւնը համախմբուած պահելու եւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող հայ երիտասարդութեան հայկական մաքուր շրջապատ մը ապահովելու հեռանկարով, 1991ի ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը որոշեց մասնաճիւղ մը հիմնել այդ շրջանին մէջ:
ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» Մասնաճիւղ
Տարուէ տարի բազմացող Քրեսենթա հովիտի հայ երիտասարդութիւնը համախմբելու համար արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող հայ կեդրոնէն ներս,,,,
ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» Մասնաճիւղ
1979ին, շրջանը հաստատուած խումբ մը հաւատաւոր ՀՄԸՄականներ, որոնցմէ մաս մը արդէն իսկ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին անդամագրուած էին, գրաւոր դիմում կը կատարեն ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան, Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մէջ մասնաճիւղ մը հիմնելու խնդրանքով: