ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը տարօրինակ թուեցաւ շատերուն, յատկապէս սփիւռքահայերուն, …
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Սփիւռքի նախարարութեան լուծարման որոշումը տարօրինակ թուեցաւ շատերուն, յատկապէս սփիւռքահայերուն, …
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան Հինգշաբթի օրուան նիստին անդրադարձաւ սփիւռքի նախարարութեան լուծարման մասին խօսակցութիւններուն եւ մտահոգութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը: …
«Սլովաքիա, ԵԱՀԿի նախագահութիւնը ստանձնելով՝ մտադիր է օգտագործել հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ նկատուող դրական միտումները՝ կարգաւորման ջանքերը յառաջ տանելու համար», 10 Յունուարին յայտարարեց Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահ Միրոսլաւ Լայչաք:…
10 Յունուարին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց պետական սահմանապահ ծառայութեան առափնեայ ռազմական խարիսխը՝ «Թուֆան» տեսակի նորակառոյց նաւուն եւ այլ նոր զինատեսակներու ծանօթանալու նպատակով: …
Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ թիւ 301րդ յօդուածը անգամ մը եւս գործադրութեան կը դրուի։ …
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական ու յարակից կեանքերը 2018ի Ապրիլէն ի վեր նորանոր զարգացումներու տանող շոգեկառքը 14 Յունուարին պիտի անցնի նորագոյն կայարանէ մը, երբ անցեալ Դեկտեմբերին ընտրուած խորհրդարանը բանայ իր առաջին նստաշրջանը։ …
Հանգուցեալ Քրիստափոր Քէշիշեանի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, Յունուար 13, 2019ին, Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, 5300 White Oak Ave., յաւարտ Ս. Պատարագի։ …
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց, որ ներկայ պայմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ աշխարհին տիրելու եւ հարցերը ըստ իր պայմաններուն լուծելու Ուաշինկթընի ձգտումներուն լոյսին տակ, շատ դժուար է Միացեալ Նահանգներու՝ Սուրիայէն ամբողջական հեռացումը պատկերացնել: …
Ամերիկայի նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճան Պոլթընի վերջին քանի մը յայտարարութիւնները եւ անոնց յաջորդող արձագանգները առաջին դիրքի վրայ կը մնան Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ։ …
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ եւրոպական բաժինին մէջ գտնուող Պաքըրգիւղի քաղաքապետութիւնը արտօնած է, որ ասորի համայնքը կառուցէ եկեղեցի մը, որուն հիմնարկէքը պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթ։…