ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի
Տարւոյն սկիզբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019ը յայտարարեց «Հայ մամուլի տարի»: …
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի
Տարւոյն սկիզբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2019ը յայտարարեց «Հայ մամուլի տարի»: …
Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան իր հաւատարմագիրները յանձնեց նախագահ Տանըլտ Թրամփին: …
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Օգոստոս 2014. նոր հասած էի Պոլիս: Կորսնցնելու ժամանակ չունէի. պէտք էր անմիջապէս նետուիլ հետազօտական դաշտ, որպէսզի 28 օրուան ընթացքին հաւաքէի տեղեկութիւններ այնքան, որքան պէտք էր պոլսահայոց մասին համալսարանական աշխատութիւնս հիմնաւորելու համար: …
ՄԱՏԼԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
«Ասպարէզ» օրաթերթս կը բանամ, ու նախընտրած էջերս կարդալէ ետք, առանց վերջաւորութեան տեղադրուած մահուան ու հոգեհանգիստի յայտարարութիւններուն հասնելու, զայն մէկ կողմ կը դնեմ.,,,
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Էրտողան պնդեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի հետ 14 Յունուարի գիշերը տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին համաձայնեցան կարեւոր հարցերու շուրջ: ,,,
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ 14 Յունուարին, Լիբանանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Միշէլ Աունի, Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտի:
Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմադիր՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան գրած է Թուրքիոյ մէջ յայտնուած տնտեսական ճգնաժամին մասին:
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 13 Յունուարին, ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան (ԱԵՄ) խումբ մը անդամներ մեկնեցան Շահումեանի շրջանի Նոր Բրաջուր համայնք: Այցելութեան նպատակն էր Նոր Բրաջուրի համայնքի փոքրիկներուն յանձնել նուէրներ, որոնք հաւաքուած էին միութեան խումբերէն, «Արմէն Աւագեան» խումբին կողմէ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին յայտարարուած ամանորեան նուէրներ հաւաքելու ծրագիրին արդիւնքով: Ըստ ՀՅԴ ԱԵՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Բենօ Միրզոյեանի՝ ծրագիրին միջոցով ուզած…
Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի շնորհաւորական ուղերձ յղեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով:
Ղազախստանի Հանրապետութեան նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնին նշանակուած Նիկոլ Փաշինեանին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Ընդունեցէք իմ անկեղծ շնորհաւորանքները եւ լաւագոյն բարեմաղթանքները Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին ձեր նշանակման առիթով: