Asbarez News - Armenian Edition
	<language>en</language>
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական Հրամանատարութեան Մէջ Հայաստանի Բանակի 20ամեակը Նշուած Է
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան մէջ Փետրուար 1ին տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ձեռնարկ՝  նուիրուած Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 20րդ տարեդարձին: Ձեռնարկին մասնակցած են աւելի քան 60 երկիրներէ հարիւրէ աւելի բարձրաստիճան զինուորականներ եւ քաղաքացիական պաշտօնատար անձնաւորութիւններ։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան համաձայն, ձեռնարկին  բացման խօսքը արտասանած է Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան մէջ Հայաստանի զինուած ուժերու ներկայացուցիչ, փոխգնդապետ [...]]]></description>
«Հայաստան» Հիմնադրամի Գերմանիոյ Մարմինը Կը Նորոգէ Գիւմրիի Մէջ Մանկատուն Մը
		<description><![CDATA[ԳԻՒՄՐԻ.- «Հեռախօսամարաթոն 2011»էն գոյացած գումարներով իրականացուող ծրագիրներու ծիրին մէջ, «Հայաստան»  համահայկական հիմնադրամը գերմանահայ համայնքը պիտի վերանորոգէ Գիւմրիի «Երեխաների տուն» մանկատունը։
Մանկատան շէնքը կառուցուած է 1924ին եւ մինչեւ 1972 գործած է իբրեւ գիշերօթիկ մանկապարտէզ:
Մանկատան խնամքին յանձնուած են մտային եւ ֆիզիքական թերութիւններ ունեցող մինչեւ 6 տարեկան աւելի քան 120 մանուկներ: 6 տարեկանը ամբողջացնելէ ետք մանկատան սաները կը տեղափոխուին [...]]]></description>
Ախալցխայի Մէջ «Եու. Էս. Էյտ.»ի Ժողովրդավարութեան Զարգացման Կեդրոն Բացուեցաւ
		<description><![CDATA[ՋԱՒԱԽՔ.– Փետրուար 2ին Ախալցխայի մէջ բացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու բարգաւաճման միջազգային գործակալութեան՝ «Եու. Էս.Էյտ.»ի ժողովրդավարութեան զարգացման կեդրոն, որ, ըստ Վրաստանի մէջ «Եու. Էս. Էյտ.»ի առաքելութեան ղեկավար Սթիւըն Հայգընի, կարեւոր է, որպէսզի հարցեր ունեցող հասարակական խումբերը առիթ ունենան կեդրոնին միջոցով կազմակերպուելու։
Նորաբաց կեդրոնի պատասխանատու նշանակուած է Ամալիա Սարգսեան:
«Մեզի  համար այս օրը շատ յատկանշական է, քանի որ այս կեդրոնին [...]]]></description>
Հայաստանի Մէջ Ամէնէն Աւելի Տարածուած Է Թոքի Քաղցկեղը
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վերջին երկու տասնամեակներուն Հայաստանի մէջ 2-4 տոկոսով աճած է չարորակ քաղցկեղով տառապողներուն թիւը. 1995ին հանրապետութեան մէջ արձանագրուած էր չարորակ ուռուցքի 4705 պարագայ, իսկ 2010ին՝ 7600:
«Թուերը յաճախ ոչինչ չեն ասում, դեմոգրաֆիկ տուեալների հիման վրայ է հաշուի առնւում քաղցկեղի զարգացման դինամիկան», նշեց Ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Հայրապետ Գալստեան, Փետրուար 3ին կայացած ասուլիսին ընթացքին:
Ըստ անոր, քաղցկեղի [...]]]></description>
«Հայկական Ժամանակ» Թերթի Լրագրող Հայկ Գէորգեան Կալանաւորուած Է
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».-«Հայկական Ժամանակ» թերթի լրագրող, թողարկման պատասխանատու Հայկ Գէորգեանը Փետրուար 3ի առաւօտեան քաղաքացիական հագուստ կրող խումբ մը  անձերու կողմէ յարձակման ենթարկուած ու տարուած է անյայտ ուղղութեամբ:
Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ լրատուութեան վարչութեան աշխատակից Արմէն Մալխասեանի համաձայն, Հայկ Գէորգեան Յունուար 23էն ի վեր հետապնդուած է՝ ճանապարհային երթեւեկութեան ու փոխադրութեան վերաբերող կանոնները խախտելու եւ դէպքի վայրէն [...]]]></description>
«Ֆէյսպուք»եան Զգուշացում
		<description><![CDATA[ԳԵՂԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ («Եկրիր Մեդիա»ի լուրերու բաժինի պատասխանատու, Երեւան)
Մի խնդրանք: Բոլոր մեր գործընկերներին: Թող յետոյ չասեն, չէինք կարող այս մասին խօսել, ինչպէս բերանները ջուրն առած լռեցին Ֆրանսիայի Սենատի որոշման դէմ ստորագրութիւնների պատմութեան ժամանակ: Այդ օրը եթէ պատասխանատու գործընկերները չէին ուզում փչացնել ժողովրդի ֆրանսիասէր տրամադրութիւնը, ապա հիմա խնդիրը վերաբերում է ազատ քաղաքացուն: Մեր «հետախուզուող» գործընկերոջը («Հայկական Ժամանակ» [...]]]></description>
«Ազգային Հարցերու Շուրջ Մենք Եւ Դաշնակցութիւնը Միասնական Ենք» Կ՛ըսէ Ռաֆֆի Յովհաննէսեան
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ժառանգութիւն կուսակցութեան նախագահ Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի համաձայն, նախագահ Սերժ Սարգսեան լաւ կ՛ընէր, եթէ հանդիպում մը կայացնէր Հայ Ազգային Կոնգրես դաշինքի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, եւ քննարկէր ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգի անցնելու հարցը:
Ուրբաթ,  3 Փետրուարին, լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Ռաֆֆի Յովհաննէսեան ըսաւ, որ չի ժխտեր, որ իրենց կողմէն համամասնական ընտրակարգի հարցը բարձրացնելը [...]]]></description>
2011ին Հայաստանի Մէջ Անձնասպան Եղած Է 9 Անչափահաս
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան պատասխանատուներէն, ոստիկանութեան գնդապետ Նելլի Դուրեան Փետրուար 3ին կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, թէ 2011ին Հայաստանի մէջ 45 անչափահասներ փորձած են անձնասպան ըլլալ, սակայն անոնցմէ ինն յաջողած է։
Ըստ Դուրեանի, թիւերը կը խօսին անձնասպանութեան փորձերու աւելնալուն մասին, սակայն մահուան պարագաները նուազած են. 2010ին արձանագրուած էր անձնասպանութեան 41 փորձ, որոնց 13ը՝ մահացած [...]]]></description>
«Նիւթեր ՀՅԴ Պատմութեան Համար»ի  8րդ Հատորի Ներկայացում
		<description><![CDATA[ԳԼԵՆԴԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախմբի եւ «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէնութեան համատեղ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Նիւթեր ՀՅԴ պատմութեան համար» շարքի 8րդ հատորի ներկայացումը՝  Յունուարի 18ի երեկոյեան ժամը 8ին, Գլենդէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից՝ «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կենտրոնում: Հատորը խմբագրել է քաղաքական վաստակաշատ գործիչ եւ պատմաբան՝ Երուանդ Փամպուքեանը:
Միջոցառման բացումը կատարեց Հանրային կապի [...]]]></description>
ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ- Սփիւռքահայ Ուսուցիչների Վերապատրաստում-2012
		<description><![CDATA[2012 թուականին ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը շարունակում է արտասահմանեան երկրներում գործող հայկական վարժարաններում, դպրոցներում, մանկապարտէզներում, միօրեայ եւ այլ տիպի կրթօճախներում դասաւանդող հայագիտական առարկաների ուսուցիչներին, տնօրէններին, ուսումնական մասի տեսուչներին վերապատրաստման ծրագիրը:
Վերապատրաստումն ընթանալու է Հայաստանում՝ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան կողմից հաստատուած տարբերակուած հետեւեալ 6 մէկամսեայ ծրագրերով.
- Ուսուցում մանկապարտէզում
- Ուսուցում կիրակնօրեայ դպրոցում
- Տարրական ուսուցում
- Հայոց լեզուի [...]]]></description>
ՀՕՄի Եռօրեայ Դաստիարակչական Սեմինարը Աշխատանքային  Նոր Հորիզոններ Բացաւ
		<description><![CDATA[ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
20-22 Յունուար 2012ի շաբաթավերջին, Տեզըրթ Հաթ Սփրինկզ շրջանի «Ագուա Սոլէյ» պանդոկէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Շրջ. վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած եռօրեայ սեմինարը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 60 ՀՕՄուհիներու:
Ուրբաթ, 20 Յունուարի երեկոյեան, մասնակիցները իրենց սենեակները տեղաւորուելէ ետք եւ խմբային իրենց հաճելի ընթրիքը կատարելէ ետք համախմբուեցան պանդոկին սրահը, ուր զուարճալի մթնոլորտի մը մէջ վեց խումբերու բաժնուելով՝ մասնակցեցան յանձնախումբին [...]]]></description>
«Ազգանուիրում»ի Յունուար Ամսուան Հանդիպումը
		<description><![CDATA[Աւանդական գիտելիքներով լեցուն, ուսանողական օգտաշատ կարծիքներու փոխանակում, ազգանուէր գործունէութեամբ բեղուն հաւաք մը իրականացուցինք ՀԲԸՄ Փասատինայի կեդրոնէն ներս, Շաբաթ, Յունուար 14ին, շուրջ 40 աշակերտի եւ ուսանողի ներկայութեամբ։ Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ դոկտ. եւ տիկին Միհրան եւ Էլիզապէթ Աղպապեանները։
Դոկտ. Աղպապեան գնահատեց ՀԲԸՄ «Երուանդ Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկի «Ազգանուիրում» ծրագիրի ղեկավարութիւնը, որ ձեռնարկած է նման շինիչ ու օգտաշատ [...]]]></description>
Ֆրեզնօ Կ՛ուզէ Հայաստանի Պատուոյ Հիւպատոսարան Մը Բանալ
		<description><![CDATA[ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Անտրէաս Պորկասի առաջնորդութեամբ, եւ գլխաւորութեամբ քաղաքապետին ու քաղաքապետական խորհուրդի միւս անդամներուն, Ուրբաթ, Յունուար 20ին նամակ մը յղուած է Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանին՝ կոչ ընելով անոր, որ Ֆրեզնոյի համար Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսի պաշտօն մը ապահովելու աշխատանքին նեցուկ կանգնի:
Նամակին տակ ստորագրած են նաեւ Ֆրեզնոյի հայկական եկեղեցիներու եւ կազմակերպութեանց [...]]]></description>
Առաջնորդը Ընդունեց Հայկական Ոսկրածուծի Հիմնադրամի Ներկայացուցիչները
		<description><![CDATA[Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Երեքշաբթի, Յունուար 24ի երեկոյեան, Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական ոսկրածուծի հիմնադրամի վարչութեան ներկայացուցիչներուն՝ գլխաւորութեամբ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի։ Հանդիպումին ներկայ եղան կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան։
Հիմնադրամի վարչութեան ներկայացուցիչները եկած էին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ փոխանցելու առաջնորդին ու ժողովականութեան [...]]]></description>
Առաջնորդ Տէրտէրեանի Հանդիպումը  Հայերէնի Ուսուցիչներուն Հետ
«Դանիէլ Վարուժան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 30ամեակի Հաւաք
		<description><![CDATA[ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Համազգայինի շրջանային վարչութեան կազմակերպած ժողովին անմիջապէս յաջորդեց Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30ամեակի մտերմիկ հաւաքը:
Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցած էր շրջանային այս ժողովէն ետք, բոլոր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, մտերմիկ շրջանակի մը մէջ կատարել մասնաճիւղի հիմնադրութեան 30ամեակի հաւաքը. վարչութիւնը այս առիթով հրաւիրած էր շրջանիս մէջ գործող «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէն, շրջանիս միութիւններու ներկայացուցիչներ, ընկերներ եւ բարեկամներ:
«Դանիէլ Վարուժան» [...]]]></description>
Փառահեղ Տօնակատարութիւն՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 121ամեակի Առթիւ
		<description><![CDATA[ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ» նշանաբանով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Սան Ֆրանսիսքոյի «Քրիստափոր» եւ Սանթա Քլարայի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնները, 28 Յունուար 2012ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տօնակատարեցին ՀՅ Դաշնակցութեան 121ամեակը՝ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին:
Հանդիսութեան ներկայ էին գաղութիս հոգեւոր հովիւ Խորէն քհնյ. Հապէշեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կ. կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, շրջանի Ս. [...]]]></description>
Նիսի Մէջ Կը Հիմնուի  Կրօնական Նոր Ընկերակցութիւն
		<description><![CDATA[ՆԻՍ, «Նոր Յառաջ».- Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Նիսի ծուխէն ներս վերջին տարիներուն ստեղծուած տագնապը լուծելու համար արդէն աւելի քան 3 տարի թեմակալ առաջնորդն ու Թեմական խորհուրդը ամէն ճիգ թափեցին, առանց արդիւնքի հասնելու: Նախկին Ծխական խորհուրդին հետ լեզու գտնելու համար բանակցութեանց դիմելը արդէն կարծէք ի սկզբանէ փակուղի մտնել կը նշանակէր:
Թեմական խորհուրդին հետ նախկին Ծխական խորհուրդի անդամները համաձայնած [...]]]></description>
Աբխազիաոյ Խորհրդարանի Անդամ Ըլլալու Դիմում Ներկայացուցած Են 10 Հայ Թեկնածուներ
		<description><![CDATA[ՍՈՒԽՈՒՄԻ.– Աբխազիոյ նախագահ Ալեքսանդր Անկուաբի հրամանագիրով՝ Մարտ 12ին երկրին մէջ պիտի կայանան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց համար հայկական համայնքը ներկայացնող պատգամաւորներուն թիւը քուէարկուած է:
Նշենք, որ Աբխազիոյ խորհրդարանը ունի 35 պատգամաւոր, որոնցմէ երեքը մնայուն կերպով կը ներկայացնեն հայ համայնքը, իսկ ուրիշ երեք մը՝ ռուսականը։ Մնացեալ պատգամաւորները կ՛ընտրուին աբխազական համայնքէն: Նոյն ձեւը նաեւ կը պահպանուի գործադիր իշխանութեան մէջ: [...]]]></description>
«Սի.Էն.Էն.»ը՝ Պէյրութի  «Փոքրիկ Հայաստան»ի Մասին
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը փոքրիկ Հայաստան է: «Սի.Էն.Էն.»ը այսպէս կը սկսի հայ բեմադրիչ Նիկոլ Պեզճեանի մասին իր տեսագրութիւնը (ռեփորթաժ):
«Պուրճ Համուտը հիմնադրուած է 1930ականներուն՝ հայ գաղթականներուն կողմէ, որոնք Օսմանեան կայսրութեան կործանման շրջանին՝ 1915ին, ջարդերու ենթարկուած էին», կ՛ըսէ «Սի.Էն.Էն.»ի լրագրող Շամս Էլուազեր՝ աւելցնելով, որ հայերը եւ բազմաթիւ պատմաբաններ այդ իրադարձութիւնները «ցեղասպանութիւն» կը նկատեն, սակայն Թուրքիա [...]]]></description>
Վահան Յովհաննիսեան. «ՀՅԴ Առաւելագոյնին Կը Ձգտի»
Հայաստանի Բանակին Մէջ Կրկին Մահ Արձանագրուած Է
		<description><![CDATA[ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Ղարաբաղեան-ատրպեճանական հակամարտութեան զօրքերու սահմանին  հարաւային (Հորադիզ) պաշտպանական ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն մէջ Փետրուար 2ին ժամը 17:00ի շուրջ՝ մահացու վէրք ստացած է Ստեփանակերտի զինուորական զօրամասերէն զօրակոչուած պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայող, 1992ին ծնած Կարլեն Բաղդասարեան:
Դէպքէն անմիջապէս ետք՝ զինուորական հիւանդանոց տեղափոխելու ճամբուն վրայ վիրաւորը մահացած է:  Մանրամասնութիւնները ճշդելու համար հետաքննութիւն կը կատարուի։
Տորք Անգեղի Արձանը Կը Գտնուի Խեղճ Վիճակի Մէջ
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ. «Առաւօտ».- Նորքի մէջ գտնուող Տորք Անգեղի արձանը խեղճ վիճակի մէջ է: Թերթի ընթերցողներէն Վահագն Գրիգորեանի ուղարկած լուսանկարները ցոյց կու տան քանդակի լուրջ վնասուածքները:
Հայ առասպելաբանութեան մէջ հողմն ու ամպրոպը մարմնաւորող աստուած ու գերմարդկային ուժով օժտուած դիւցազուն Տորքի քանդակի հեղինակը Կարլեն Նուրիջանեանն է. արձանը տեղադրուած է 1982ին:
Արձանին վիճակին մասին տարբեր անդրադարձներ կատարուած են, սակայն անուշադրութեան մատնուելով՝ [...]]]></description>
Երեւանի Բժշկական Համալսարանին Մէջ Կ՛ուսանի 1135 Օտար
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ.– Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի Կառավարման խորհուրդի նիստին ժամանակ՝ ԵՊԲՀ ղեկավար Դերենիկ Դումանեան յայտնեց, թէ համալսարանը ունի 6365 ուսանող, որոնց 1135ը օտար քաղաքացիներ են։
Ըստ համալսարանի ղեկավարին, համալսարանին մէջ կ՛աշխատին 171 դոկտորներ, 504 գիտութիւններու թեկնածուներ, իսկ 180 դիմողներ շուտով պիտի համալրեն գիտական աստիճան ունեցողներուն շարքերը:
«2011ին ԵՊԲՀ ՊՈԱԿի ֆինանսական մուտքերը կազմել են 8 միլիառ [...]]]></description>
Պատերազմի Անխուսափելիութեան, Դաւոսի Եւ Նուրիէլ Ռուբինիի Մարգարէութիւնների Մասին
		<description><![CDATA[ԽԱՉԻԿ ՄԵԼԵՔԵԱՆ
Շատերին է յուզում Պարսկաստանի շուրջ նեղացող օղակը: Սրա համար բազմաթիւ պատճառներ կան:   Ահա դրանցից մի քանիսը.
Պատերազմական որեւէ գործողութեան հետեւանքներն այսօր հնարաւոր չէ հաշուարկել, այսինքն ցանկացած ռազմական հակամարտութեան արդիւնքում աշխարհը կարող է «նաւարկել» նախկինում անյայտ մի ուղղութեամբ: Պատերազմը կարող է վերջնականապէս սնանկացնել հազիւ «շնչող» պետութիւններին, իսկ աղքատ պետութիւններին վերջնականապէս ստրկական կախման մէջ գցել ոչ պետական [...]]]></description>
Ո՞վ Է Ճիշդ, Եւ Ի՞նչ Է Ճիշդը
		<description><![CDATA[ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Մարդոց սեփականութիւնը եղող ժամանակին «սուղ» ըլլալը ինքնին չ՛արտօներ, որ անոնք ժամավաճառ ըլլան: Ամէն մարդ ալ կ՛ափսոսայ կորսուած ժամանակին համար, եւ մանաւանդ չուզեր որ ուրիշներ «գողնան» իր ժամանակը:
Ճշմարտութիւնը փնտռելու համար տրամադրուած ժամանակը, առաջին հայեացքով, բնաւ «ժամանակի վատնում» պէտք չէ՛ նկատուի: Որովհետեւ անոր հետեւող վիճակը, ծագող արեւուն պէս յստակութիւն կը բերէ, միաժամանակ արժեւորելով այն [...]]]></description>
Սուրիոյ Հարցով ՄԱԿի Բանաձեւին Շուրջ Բանակցութիւններ
		<description><![CDATA[ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամները Ուրբաթ, Փետրուար 3ին, Սուրիոյ հարցով բանաձեւին շուրջ չորսժամեայ դռնփակ բանակցութիւններէ ետք՝ չյաջողեցան համաձայնութիւն գոյացնել։ ՄԱԿի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սուզըն Ռայս, նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց, թէ «քննարկումները որոշ պահերու դժուար էին, եւ հարցը տակաւին չէ աւարտած»։
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի յայտնեց, որ ՄԱԿի «որոշումը, նոյնիսկ եթէ մեղմացած [...]]]></description>
Գահիրէի Մէջ Բախումները Կը Շարունակուին
		<description><![CDATA[ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Փետրուար 3ին, եգիպտացի ցուցարարներ, յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով Գահիրէի մէջ բախում ունեցան ապահովական ուժերու հետ։ Բախումները խլեցին առնուազն 3 զոհ եւ 800 վիրաւոր։ Ոստիկանութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան մօտ հաւաքուած եւ քարեր արձակող ցուցարարները ցրուելու համար արցունքաբեր ռումբեր արձակեց։
Ցուցարարները իրենց զայրոյթը կ՛արտայայտէին Փոր Սայիտի մէջ ֆութպոլի մրցումի ընթացքին ապահովական ուժերու թերացումին պատճառով արձանագրուած [...]]]></description>
Ըստ Փընեթայի՝ Իսրայէլ Քանի Մը Ամիսէն Կրնայ Հարուածել Իրանին
Տեմիրթաշ Դատ Կը Բանայ Թուրքիոյ Սպայակոյտի Պետին Դէմ
		<description><![CDATA[ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 35 պատգամաւորներ ունեցող քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Սալահետտին Տեմիրթաշ, դատական հայց ներկայացուցած է սպայակոյտի պետ զօր. Նեճտեթ Էօզելի դէմ՝ զայն մեղադրելով քաղաքականութեան ու արդարադատութեան վերաբերող հարցերուն միջամAուխ ըլլալու յանցանքով:
Ան նշած է, որ Էօզել ոտնահարած է Թուրքիոյ սահմանադրութիւնը եւ հանդէս եկած է իր լիազօրութիւններէն դուրս քաղաքական յայտարարութեամբ՝ միջամտելով երկրի [...]]]></description>
Քանի Մը Տողով
		<description><![CDATA[- Թուրք պաշտօնատարներ այս անգամ որոշած են իրենց վրէժը լուծել ֆրանսական ինքնաշարժներէն: Արդարեւ, թրքական «ՀապերԹիւրք» կայանը հաղորդած է, որ վարչապետին համար վարձակալուած «Ռենօ» ինքնաշարժները այսուհետեւ պիտի փոխարինուին ամերիկեան «Ֆորտ» ինքնաշարժներով: Նման քայլերու դիմած են նաեւ թուրք նախարարներ:
- Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնի ազատութեան յանձնախումբը Փետրուար 2ին Սէուտական իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց անմիջապէս ազատ արձակելու 35 եթովպիացի քրիստոնեաներ, [...]]]></description>
Գլխու Եւ Մազի Խնամք
		<description><![CDATA[(ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ)
1.-Թեփի պարագային, գաւաթին կէսը աղ լեցնել, աւելցնել նոյն չափով գաղջ ջուր, խառնել, քսել գլխուն, փաթթել անձեռոցով եւ պահել 15 վայրկեան: Սունկերը եւ մանրէները ջրազրկուելով՝ կը չորնան եւ կը վերանան:
2.- Մազերը զօրացնելու նպատակով գլուխը լուալ ստեպղինի կա՛մ ընկոյզի տերեւներու եփուկով:
3.- Մազերուն թափիլը կանխելու համար, գլուխը լուալ առանց օճառի, 10-15 վայրկեան շփել կերակուրի աղով, ապա նորէն [...]]]></description>
Հայ Դատեան Յանդգնութիւն
		<description><![CDATA[ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հինգշաբթի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Հիլթըն»ին մէջ հաւաքուածներուն համար բնական կրնար ըլլալ այն, ինչ դուրսէն դիտողի մը համար կրնար խիստ արտասովոր նկատուիլ:
Արդարեւ, ինչպէ՞ս կարելի էր դուրսէն նայողին համար բնական երեւէր այս մարդոց՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատասխանատուներուն յանդգնութիւնը՝ այս օրերուն ոտքի ելլելու եւ չորս ամիսէն իսկ նուազ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին կազմակերպելու թելեթոն-հանգանակութիւն մը՝ ի նպաստ Հայ [...]]]></description>
Հայ Դատի Թելեթոնը՝ Մայիս 20ին
		<description><![CDATA[ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հինգշաբթի, Փետրուար 2ի յետմիջօրէին, Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ կայացած
մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, թէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յառաջիկայ Մայիս 20ին պիտի իրականացնէ իր պատկերասփիւռային դրամահաւաքը:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի նախագահ Քեն Խաչիկեան, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ինչպէս նաեւ թելեթոնի յանձնախումբի անդամներ Սթիւ Արթինեան, Վանա Կիտցինեան-Տէր Օհաննէսեան եւ դոկտ. [...]]]></description>
Ֆրանսահայերը Անաչառ Կեցուածք Կը Պահանջեն Սահմանադրական Խորհուրդէն
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը յայտարարութիւն մը տարածած է երկրի Սահմանադրական խորհուրդին հասած Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծի քննարկումին կապակցութեամբ՝ կոչ ընելով խորհուրդին, որ անաչառ մօտեցում ցուցաբերէ, իսկ ֆրանսահայերուն՝ որ կարելի եղածին չափ կեդրոնացնեն իրենց ուժերը:
«Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի վաւերացումը համաշխարհային մակարդակի յաղթանակ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ժխտողականութեան քաղաքականութեան դէմ, որ այս ճակատումին մէջ [...]]]></description>
Քոնկրեսականներ Սահակաշվիլիի Հետ Քննարկած Են Ջաւախքի Հարցը
Տաւութօղլու Քոնկրեսականներուն Հետ Ցեղասպանութեան Հարցը Պիտի Քննարկէ
		<description><![CDATA[ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».-  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Փետրուար 8-13  պիտի գտնուի Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ:
Տաւութօղլու նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ քոնկրեսականներու հետ եւ պիտի քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը, որ հաւանաբար մինչեւ Ապրիլ կրկին ներկայացուի Քոնկրեսին՝ առ ի քննարկում։
Թուրքիոյ Մէջ Վերակառուցուող Հայկական Մատուռը Քանդած Են
		<description><![CDATA[ՊՈԼԻՍ.– Թուրքերը քանդած են Մալաթիա քաղաքի հայկական գերեզմանատան մէջ գտնուող մատուռը:
«Սի.Էն.Էն. Թուրք»ին համաձայն, ճանապարհային աշխատանքներու ժամանակ մասամբ քանդուած էր հայկական գերեզմանատան մէջ գտնուող մատուռը:
Մալաթիացի հայերու միութիւնը (ՀԱՅՏԵՐ) որոշած էր վերականգնել զայն: Մալաթիոյ քաղաքապետը բանաւոր թոյլատուութիւն տուած էր կատարելու վերակառուցման աշխատանքներ, որոնք սկսած էին երեք ամիս առաջ՝ Թուրքիոյ մէջ յայտնի ճարտարապետ Գէորգ Օզքարակէօզի կողմէ։ Գործը վերջինիս [...]]]></description>
Անգործութեան Համեմատութիւնը 8.3 Տոկոսի Կ՛իջնէ
Յարգելու Համար Հերոսները
Շրջանիս Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը 2012ը հռչակած է «Ազատամարտիկներու Տարի», եւ այս առթիւ հրապարակած է բացիկներ, որոնց վրայ նկարուած են ազատամարտիկներ՝ «Յարգա՛նք ազգին ծառայած հերոսներուն» մակագրութեամբ:
Երիտասարդ դաշնակցականները այս տարուան ընթացքին կը ծրագրեն կազմակերպել շարք մը ձեռնարկներ՝ նախ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու Արցախի Ազատագրական պայքարը յաղթական աւարտին հասցուցած տղոց ներկայ իրավիճակը, ապա դրամ հանգանակելու՝ նեղ վիճակի մէջ գտնուողներուն [...]]]></description>
ԳԻՐ ՈՒ ԳԻԾ
Հայերի Ամէնէն Սիրելի Սուրբերից՝  Սուրբ Սարգիսը
		<description><![CDATA[ՎԱՀԷ ԱՆԹԱՆԷՍԵԱՆ
Սա շարժական տօն է եւ նշւում է Յունուարի 18ից Փետրուարի 23ը, Զատիկից 63 օր առաջ: Տօնի ակունքները հեթանոսական են: Այն կապւում է գիտութեան հովանաւոր Տիր աստծոյ անուան հետ: Տիրը միաժամանակ ցորենի, հացազգիների պահապան եւ հովանաւոր աստուածութիւնն է եղել, ուստի այս տօնի կերակրատեսակները հիմնականում հացազգիներից են:
Հեթանոսական ժամանակներից է գալիս նաեւ գուշակութիւն անելը: Աղի բլիթ ուտելով՝ [...]]]></description>
Սուգ Կը Հռչակուի Եգիպտոսի Մէջ Մօտ 80 Զոհ Խլած Միջադէպէն Ետք
		<description><![CDATA[ԳԱՀԻՐԷ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 2ին, Եգիպտոսի իշխանութիւնները եռօրեայ սուգ հռչակեցին երկրին մէջ, մէկ օր առաջ Փոր Սայիտ քաղաքին մէջ, «Ահլի» եւ «Մասրի» ֆութպոլի խումբերուն միջեւ կայացած մրցումին յաջորդած բռնարարքներուն ընթացքին մահացած մօտաւորապէս 80 համակիրներուն յիշատակին: Հարիւրաւոր ուրիշներ նաեւ վիրաւորուած էին: Այս պատճառաւ, իշխանութիւնները նշեալ քաղաքէն եւ Եգիպտոսի ֆութպոլի դաշնակցութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ պաշտօնազրկեցին։
Ատրպէյճանի Երիտասարդներուն  74 Տոկոսը Ալիեւի Նկատմամբ Վստահութիւն Չունի
Պարզանի Կը Պատրաստուի Անկախ Քիւրտիստան Հռչակելու
Քանի Մը Տողով
		<description><![CDATA[- Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Հինգշաբթի, Փետրուար 2ին հաղորդեց, թէ անգործութեան ապահովագրութենէն առաջին անգամ ըլլալով նպաստ պահանջող ամերիկացիներուն թիւը շարունակած է նուազիլ՝ հասնելով 366,000ի: Դրական է նաեւ այն տուեալը, թէ յաջորդական երրորդ շաբաթն ըլլալով, այս թիւին չորս շաբաթեայ միջինը եւս նուազած է:
- Կ՛ակնկալուի, որ Հոկտեմբեր 2013էն սկսեալ, Ճափոնի անցեալ տարուան երկրաշարժին հետեւանքով ծով ինկած [...]]]></description>
Էրտողանի Գիտակցութեան Մակարդակը
		<description><![CDATA[ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Չորեքշաբթի, Փետրուար 1ին դարձեալ երկար ու տարբեր մարդոց հասցէին յարձակողական ճառախօսութիւն մը ըրաւ իր կուսակցութեան ընդլայնուած ժողովներէն մէկուն մէջ։ Վարչապետը մասնաւոր կերպով կանգ առաւ ամերիկացի գրագէտ Փօլ Օսթերի վրայ, որուն մէկ գիրքը՝ «Ձմեռնային Օրագիր», վերջերս թրքերէնով հրատարակուեցաւ։
Օսթեր անցեալ շաբաթ «Հիւրրիյէ»չի մէջ իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, [...]]]></description>
Լեւոն Արոնեան Կը Մերժէ Մասնակցիլ Ատրպէյճանի Մրցաշարքին
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի առաջնակարգ ճատրակի վարպետ Լեւոն Արոնեան Փետրուար 2ին հրապարակած է ՖԻԴԷի նախագահ Գիրսան Իլիւմժինովին եւ ՖԻԴԷի նախագահական կառոյցի անդամներուն ուղղուած յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած է.
«Լրատուամիջոցներից տեղեկացայ, որ աշխարհի չեմպիոնի կոչման յաւակնորդների մրցումների անցկացման յայտ են ներկայացրել Ատրպէյճանի եւ Պուլկարիայի շախմատային ֆետերացիաները:
«Ուզում եմ տեղեկացնել ձեզ, որ Ատրպէյճանում տիրող ընդհանուր մթնոլորտը եւ մեր երկրների [...]]]></description>
«Նոյեան Տապան» Կառուցելու Ծրագիր «Յաղթանակ» Զբօսայգիի Մէջ
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիանաու».- Հայաստանի հանրային խորհուրդի մշակոյթի ենթայանձնաժողովը պիտի քննարկէ Երեւանի «Յաղթանակ» զբօսայգիին մօտ աստուածաշնչեան իրական չափերուն համապատասխանող «Նոյեան տապան» կառուցելու աննախընթաց գաղափարը։
Կառոյցի հեղինակները՝ «Յաղթանակ» զբօսայգիի «Ուրախ ժամանց» ընկերութեան տնօրէն Թորոս Ումրիկեան, «Գեղարուեստի կոմբինատ»ի տնօրէն ու «Արմարէ» ընկերութեան նախագահ Մարտուն Յարութիւնեան ըսած են, որ անիկա պիտի ըլլայ գիտակրթական, պատմամշակութային համալիր: Կը նախատեսուի զայն տեղադրել Արարատ լերան [...]]]></description>
Հայաստանի Կառավարութիւնը Զօրացրուած Երիտասարդներուն Համար Նոր Ծրագիրի Պիտի Սկսի
		<description><![CDATA[ԵՐԵՒԱՆ.– Հայաստանի կառավարութեան Փետրուար 2ի նիստին ընթացքին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը՝ կրթութեան եւ գիտութեան ու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն համագործակցութեամբ, պիտի սկսի նոր ծրագիրի, որմով պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ զօրացրուած բանակայիններուն աշխատանքային եւ կրթական գործունէութեան համար:
Հայաստանի վարչապետին համաձայն, իւրաքանչիւր զինուորական ծառայողի հետ աշխատանք պիտի տարուի՝ ճշդելու անոր կարողութիւնը եւ փափաքը: Եթէ զինուորականը կը փափաքի զօրացրուելէ ետք [...]]]></description>